Վատ լուրերը երթալով կ’աւելնան
ՆՇՄԱՐԱ՞Ծ էք որ վատ լուրերու խորագիրներ շատ աւելի մարդոց հետաքրքրութիւնը կ’արթնցնեն քան՝ լաւ լուրերու։ Բնական աղետի մը մասին օրաթերթի մը խորագիրը ըլլայ, թէ շողշողուն տարաձայնութիւն մը՝ որ աչքառու կերպով գրաւած ըլլայ փայլուն պարբերաթերթի մը կողքը, երեւութապէս վատ լուրեր պարունակողները աւելի լաւ կը ծախուին քան լաւ լուրեր պարունակողները։
Այսօր, վատ լուրերէ զրկուած չենք։ Բայց երբեմն հարց կու տանք որ արդեօք տեղեկագրողներն եւ լրագրողները փոխանակ լաւի, աւելի վատ լուրեր փնտռելու եւ պրպտելո՞ւ համար մարզուած են։
Պատմութիւնը Միշտ Անով Լեցուն Եղած է
Արդարեւ, բոլոր դարերու մէջ, վատ լուրերը միշտ աւելի եղած են, գերազանցելով լաւերը։ Պատմական արձանագրութիւններուն մէջ, մարդկային տառապանքը, յուսախաբութիւնը եւ յուսալքումը շատ աւելի ծանր կշռած են, մարդոց անբաժան մէկ մասը ըլլալով։
Միայն քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։ Ժագ Լէօկրանի կողմէ պատրաստուած գիրք մը (Chronicle of the World) տարբեր դէպքերու շարք մը կը ներկայացնէ, պատահած իւրաքանչիւր դէպք որոշ թուականի մը գրուած, բայց կարծես թէ արդի լրագրող մը այդ դէպքը կը տեղեկագրէ։ Այս կերպով, համատարած վատ լուրերու ընդհանուր պատկեր մը կ’ունենանք, զորս մարդը լսած է երկրի վրայ իր տագնապալի գոյութեան ամբողջ տեւողութեան։
Նախ, նկատի առէք Հ.Դ.Ա. 429–ին, Յունաստանէն եկած սա տեղեկագրութիւնը։ Անիկա այն ատեն Աթէնացիներու եւ Սպարտացիներու միջեւ մղուած պատերազմ մը կը նկարագրէ։ «Փոթիտիայի պետական քաղաքը պարտադրուեցաւ անձնատուր ըլլալ պաշարող Աթենացիներուն, քանի որ ա՛յն աստիճան անօթի էին որ մարդիկ իրենց մեռելներուն մարմինները կ’ուտէին»։ Ի՜նչ ահաւոր վատ լուր մը, արդարեւ։
Մեր Հասարակ Դարաշրջանէն առաջ առաջին դար երթալով, 15 Մարտ 44 թուին կատարուած Յուլիոս Կայսրի մահուան նկարագրականը կը գտնենք, որ կ’ըսէ. «Յուլիոս Կայսր սպաննուեցաւ։ Մարտի Իդոսին, երբ Ծերակոյտի մէջ իր տեղը կը գրաւէր, ան դաշունահարուեցաւ խումբ մը դաւադիրներու կողմէ, որոնց մէջ կային իր ամենէն մտերիմ բարեկամները»։
Յաջորդ դարերու ընթացքին, վատ լուրերը շարունակեցին վխտալ։ Ցնցիչ լուրերու մէկ օրինակն է 1487–ին Մեկսիկոյէն եկած հետեւեալ լուրը. «Թէնոգթիթլանի՝ Ազթէգի մայրաքաղաքին մէջ, ցարդ չտեսնուած զոհագործական շատ տպաւորիչ արարողութեամբ մը, 20,000 անհատներու սրտերը պոկեցին, Հուիցիլօփոգթլի՝ պատերազմի աստուծոյն, զոհ մատուցանելու համար»։
Մարդուն անգթութիւնը ո՛չ միայն վատ լուրերու պատճառ եղած է, այլ անոր անհոգութիւնը այս ցանկը երկարելուն նպաստած է։ Լոնտոնի մէջ պատահած մեծ հրդեհը այսպիսի աղէտ մըն էր։ 5 Սեպտեմբեր 1666–ին Լոնտոնէն (Անգլիա) եկած տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէր. «Չորս ցորեկ ու գիշեր ետք, վերջապէս Լոնտոնի հրդեհը կասեցուեցաւ Եորքի դուքսին կողմէ, որ ծովային թնդանօթաձիգեր բերաւ, որպէսզի հրդեհին ճամբուն վրայ գտնուող շէնքերը պայթեցնեն։ Շուրջ 160 հեկտար շրջան, գետնի հաւասար եղաւ, մէջը ըլլալով 87 եկեղեցիներ եւ աւելի քան 13,000 տուներ։ Հրաշքով, միայն ինը կեանքեր խլուեցան»։
Այս վատ լուրերու օրինակին վրայ պէտք է աւելցնենք այն համաճարակները, որոնք շատ մը հողամասերու մէջ աւերներ գործեցին. զոր օրինակ, 1830–ի սկիզբները ժանտախտի համաճարակը։ Այս մասին թերթի մը խորագիրը կ’ըսէր. «Ժանտախտի ուրուականը կը սաւառնի Եւրոպայի վրայ»։ Անոր ընկերակցող տեղեկագրութիւնը սարսռազդեցիկ կերպով կը նկարագրէր այս վատ լուրը. «Մինչեւ 1817–ը Եւրոպայի անծանօթ եղող ժանտախտը, Ասիայէն դէպի արեւմուտք կը տարածուի։ Արդէն Մոսկուայի եւ Սբ. Բէթէրզպուրկի նման Ռուսական քաղաքներու բնակիչները զանգուածային բնաջնջումի ենթարկուած են. զոհերու մեծամասնութիւնը աղքատ դասակարգէն են»։
Վերջին Տարիներու Յաւելումը
Ամբողջ պատմութեան ընթացքին վատ լուրերը որքան ալ կեանքի իրողութիւն մը եղած ըլլան, այս քսաներորդ դարուն վերջին տասնամեակներուն վատ լուրերը երթալով աւելի արագ յաւելում կ’արձանագրեն։
Անկասկած, մեր դարուն լսուած ամենէն վատ լուրերը, պատերազմի լուրերն են։ Պատմութեան երկու մեծագոյն պատերազմները՝ տեղին ըլլալով կոչուած Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտ՝ սարսռազդեցիկ աստիճանի հասցուցած են վատ լուրերը։ Բայց անիկա այս դժբախտ դարուն տրուած վատ լուրերուն միայն պզտիկ մէկ մասնիկը եղած է։
Ահաւասիկ ըստ բախտի առնուած խորագիրներէն քանի մը հատը.
1 Սեպտեմբեր 1923, երկրաշարժ մը հիմնայատակ կ’ընէ Թոքյոն՝ 300,000 մեռեալ. 20 Սեպտեմբեր 1931, տագնապ՝ Բրիտանիան կ’արժէքազրկէ սթէրլինը. 25 Յունիս 1950, Հիւսիսային Գորէա Հարաւի վրայ կ’արշաւէ. 26 Հոկտեմբեր 1956, Հունգարացիները կ’ըմբոստանան Սովետական իշխանութեան դէմ. 22 Նոյեմբեր 1963, Ճոն Գէնէտի Տալլասի մէջ կը սպաննուի. 21 Օգոստոս 1968, Ռուսական հրասայլերը կը մտնեն Չէխոսլավագիա, ճզմելու համար Բրակիոյ Գարունը կոչուող ապստամբութիւնը։ 12 Սեպտեմբեր 1970, առեւանգուած օդանաւներ անապատին մէջ կը պայթեցուին. 25 Դեկտեմբեր 1974, Տէյսի կիկլոնը Աւստարլիոյ Տարվին քաղաքը հարթ հաւասար կը դարձնէ՝ 66 մեռեալ. 17 Ապրիլ 1975, Գամպոտիան Համայնավարներու ձեռքը կ’անցնի. 18 Նոյեմբեր 1978, Կուիյանայի մէջ՝ զանգուածային սպանութիւն. 31 Հոկտեմբեր 1984, Ինտիրա Կանտի կը սպաննուի. 28 Յունուար 1986, Անջրպետանաւը բարձրանալու ժամանակ կը պայթի. 26 Ապրիլ 1986, Չէրնոպիլի կորիզային բարդը կրակ կ’առնէ. 19 Հոկտեմբեր 1987, արժէթուղթերու շուկայի անկում. 25 Մարտ 1989, Ալասգայի ջուրերուն մէջ նաւթ կը թափուի. 4 Յունիս 1989, Թիանանմէնի Հրապարակին վրայ, բանակը կը ջարդէ այլախոհները։
Այո, պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ վատ լուրերը միշտ շատ եղած են, իսկ լաւ լուրերը՝ բաղդատաբար հազուագիւտ։ Մինչ վերջին տասնամեակներուն վատ լուրերը աւելցած են, սակայն, լաւ լուրերը տարուէ տարի կը նուազին։
Ինչո՞ւ արդեօք։ Միշտ այսպէ՞ս պիտի ըլլայ։
Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս երկու հարցումներուն։