Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 7/1 էջ 5-7
  • Լաւ լուրեր կը սպասեն մեզ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Լաւ լուրեր կը սպասեն մեզ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բոլոր Վատ Լուրերուն Պատճառը
  • Վատ Լուրերը Ինչո՛ւ Կ’աւելնան
  • Վիճակը Այսպէս Պիտի Չշարունակուի
  • Վատ լուրերը երթալով կ’աւելնան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Հոգեւոր ծիրին մէջ իշխաններ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 7/1 էջ 5-7

Լաւ լուրեր կը սպասեն մեզ

ԲՈԼՈՐՍ ալ կը յուզուինք երբ մեզ ազդող վատ լուր մը ստանանք։ Իսկ կ’ուրախանանք, երբ մեզի կամ մեր սիրելիներուն վերաբերող լաւ լուրեր հասնին մեզի։ Բայց երբ վատ լուրերը ուրիշներուն վերաբերին, անոնք յաճախ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն. ոմանք նոյնիսկ հաճոյք կը զգան ուրիշներուն դժբախտութիւնները գիտնալով։ Ասիկա մասամբ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ վատ լուրերը աւելի լաւ կը ծախուին։

Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը, օրինակ մը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս ոմանք հիւանդագին հետաքրքրութիւն մը ունին ուրիշները հարուածող չարիքներու նկատմամբ։ 1939–ին, 10,000 թոն զրահանաւ մը (Graf Spee), Գերմանական նաւատորմղին հպարտութիւնն էր։ Այս զրահանաւը շաբաթներով վնաս կը հասցնէր Հարաւային Ատլանտեանի եւ Հնդկական Ովկիանոսի մէջ գտնուող Դաշնակիցներու առեւտրական նաւերուն։ Վերջապէս, Բրիտանական երեք յածանաւեր, այս զրահանաւուն (Graf Spee) տեղը գտան ու անոր վրայ յարձակեցան, կեանքեր կորսնցնելով եւ պարտադրելով որ նաւը մտնէ Մոնթէվիտիոյի նաւահանգիստը՝ նորոգուութեան համար։ Ուրուկուէյի կառավարութիւնը հրամայեց անմիջապէս ռազմանաւը հեռացնել իր ջուրերէն, ապա թէ ոչ պիտի արգելափակէր զայն։ Ուստի, երեւութապէս միակողմանի պատերազմ մը անխուսափելի էր։

Ասիկա լսելով, Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը հարուստ առեւտրականներ օդանաւ մը վարձեցին, իւրաքանչիւր ճամբորդ 2,500 տոլար վճարելով, Ուրուկուէյի այս ահաւոր պատերազմին ականատես ըլլալու համար։ Անոնք յուսախաբ եղան, քանի որ այդ պատերազմը տեղի չունեցաւ։ Ատոլֆ Հիթլէր հրամայեց զրահանաւը ընկղմել՝ յատակէն ծակելով։ Նաւահանգիստ խռնուած հազարաւոր հանդիսատեսները, որոնք եկած էին բուռն պատերազմի մը ակնատես ըլլալու, միայն լսեցին ու տեսան խլացնող պայթում մը, որ զրահանաւը ծովուն յատակը իջեցուց, գործողութիւնը կատարուելով իր իսկ նաւազներու կողմէ։ Նաւապետը գլխուն փամփուշտի հարուած մը տալով՝ անձնասպան եղաւ

Հակառակ անոր որ ոմանք այսպիսի շատ տհաճ յատկանիշ մը ունին, շատեր պիտի համաձայնին որ կը նախընտրեն լաւ լուրերը։ Ձեր պարագան ալ ա՞յս է։ Արդ, ինչո՞ւ պատմութիւնը այսքան շատ վատ լուրեր եւ շատ քիչ լաւ լուրերու արձանագրութիւնը ունի։ Արդեօք կացութիւնը կրնա՞յ յեղաշրջուիլ օր մը։

Բոլոր Վատ Լուրերուն Պատճառը

Աստուածաշունչը կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ միայն բարի լուրերը օրակարգին մաս կը կազմէին։ Վատ լուրերը անծանօթ էին, լսուած չէին։ Երբ Եհովա Աստուած իր արարչական գործերը ամբողջացուց, երկիր մոլորակը հաճելի կերպով պատրաստ էր մարդոց եւ անասուններու համար։ Ծննդոցի պատմութիւնը կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։—Ծննդոց 1։31

Մարդուն ստեղծուելէն ետք, վատ լուրերու բացակայութիւնը երկար չտեւեց։ Ադամն ու Եւա սերունդ ունենալէ առաջ իսկ, Աստուծոյ դէմ եւ տիեզերական կարգ ու կանոնի բարի կարգադրութեան դէմ ըմբոստութեան վատ լուրը տարածուեցաւ։ Բարձրաստիճան հոգեղէն որդիներէն մէկը դաւաճանեց իրեն վստահուած դիրքին եւ յաջողեցաւ մարդկային առաջին զոյգը միացնել իր ըմբոստ, դաւաճան ընթացքին։—Ծննդոց 3։1–6

Մարդկութեան բաժինը եղած վատ լուրերը այդ ժամանակ սկսան։ Զարմանալի չէ որ անկէ ի վեր աշխարհը ողողած վատ լուրերուն մաս կը կազմեն դաւադրութիւնը, խաբկանքը, սուտերը, հակա–ճշմարտութիւնները եւ կէս ճշմարտութիւնները։ Յիսուս Քրիստոս ուղղակիօրէն Սատանան մեղադրեց որպէս վատ լուրերու ծագում տուողը, իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն ըսելով. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասնզի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։—Յովհաննու 8։44

Բնակչութեան աճով, վատ լուրերն ալ աւելցան։ Անշուշտ, չի նշանակեր որ հաճոյքի եւ ուրախութեան ժամանակներ չեղան, քանի որ կեանքի մէջ շատ բաներ կային, որոնք ուրախութեան պատճառներ էին։ Սակայն, դժուարութեան եւ տխրութեան ամպերը միշտ պատած են մարդկային սերունդները, մինչեւ օրս։

Այս ողորմելի վիճակին նպաստող ուրիշ պատճառ մը, սխալին եւ չարութեան հանդէպ մեր բնածին հակումն է։ Եհովա անձամբ իր մատը դրաւ վատ լուրերու այս անխուսափելի պատճառին վրայ, ըսելով. «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։—Ծննդոց 8։21

Վատ Լուրերը Ինչո՛ւ Կ’աւելնան

Այս Ի. դարուն մէջ վատ լուրերուն աւելնալը պատճառ մը ունի։ Այս պատճառը յստակօրէն նշուած է Աստուածաշունչին մէջ, ուր գուշակաուծ էր որ մարդկութիւնը Ի. դարուն մասնայատուկ ժամանակաշրջան մը պիտի թեւակոխէր, որ պիտի ճանչցուէր որպէս «վերջին օրեր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Դանիէլ 12։4) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը եւ ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տան որ այս «վերջին ժամանակը» սկսաւ 1914–ին։ Այս մասին սուրբ գրային մանրամասն փաստերու համար, հաճեցէք կարդալ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի Կ’առաջնորդէ գրքին 11–րդ գլուխը, որ հրատարակուած է Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Վերջին օրերը պիտի սկսէին դէպքով մը որ ինքնաբերաբար պատճառ պիտի ըլլար որ երկրի վրայ վատ լուրերը աւելնան։ Ի՞նչ էր այդ դէպքը։ Անիկա երկինքէն Բանսարկու Սատանայի եւ իր դեւերուն վար նետուիլն էր։ Վատ լուրերու անխուսափելի աւելնալուն նպաստող այս դէպքին վառ նկարագրութիւնը կրնաք կարդալ Յայտնութիւն 12։9, 12–ին մէջ. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։ ... Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։

Ուստի, վերջին օրերը իրենց ամբողջական աւարտին հասնելու համար տակաւին որքան ժամանակ որ մնացած է, կրնանք ակնկալել որ վատ լուրերը յարատեւեն եւ նոյնիսկ աւելի շատնան եւ սաստկանան։

Վիճակը Այսպէս Պիտի Չշարունակուի

Բարեբախտաբար, երկրի բնակչութեան ողորմելի վիճակը, որ ներկայ վատ լուրերու յառաջացման կը նպաստէ, միշտ այսպէս պիտի չմնայ։ Արդարեւ, անվարան կրնանք ըսել որ վատ լուրերու օրերը համրուած են։ Հակառակ երեւոյթին, կացութիւնը անյոյս չէ։ Բոլոր վատ լուրերու վախճանը մօտ է եւ Աստուծոյ յարմար ժամանակին, անոնք վերջ պիտի գտնեն։

Կրնանք վստահ ըլլալ ասոր, քանի որ մարգարէացուած է որ վերջին օրերը իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին կամ պիտի վերջանան, երբ Աստուած վատ լուրերու ամէն պատճառ բնաջնջէ։ Ան մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր կռիւ հրահրողները, որոնք չեն ուզեր իրենց սխալ ընթացքին համար զղջալ եւ փոխուիլ։ Ասիկա իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմին, որ սովորաբար կը կոչուի Արմագեդոն։ (Յայտնութիւն 16։16) Անկէ անմիջապէս ետք, Բանսարկու Սատանան եւ իր դեւերու բանակը անգործութեան պիտի մատնուին։ Յայտնութիւն 20։1–3–ը կը նկարագրէ Սատանայի, բոլոր վատ լուրերու աղբիւրին կապուիլը. «Հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ»։

Այս շշմեցուցիչ դէպքերէն ետք, աննախընթաց լաւ լուրերու ժամանակ մը պիտի սկսի, երկրին ու անոր բնակիչներուն համար։ Այդ բնակիչներուն մաս պիտի կազմեն Արմագեդոնի պատերազմէն միլիոնաւոր վերապրողները եւ իրենց գերեզմաններէն արթնցող միլիառաւոր անհատները։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը այս լաւագոյն լուրը կը նկարագրէ, ըսելով. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։ Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Այդ ուրախ ժամանակը կրնա՞ք երեւակայել։ Արդարեւ, փառաւոր ապագայ մըն է ուր վատ լուրեր գոյութիւն պիտի չունենան։ Այո, բոլոր վատ լուրերը վերջացած պիտի ըլլան եւ անգամ մըն ալ պիտի չլսուին։ Այն ատեն լաւ լուրերը պիտի տիրապետեն եւ յաւիտեան պիտի շատնան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել