Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 10/1 էջ 5-11
  • ‘Աղօթքի տուն՝ բոլոր ազգերուն համար’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Աղօթքի տուն՝ բոլոր ազգերուն համար’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սրբութիւն Սրբութեանցը
  • Սրբութիւնը
  • Գաւիթը
  • Քաւութեան Օրը
  • Առաջին ու Երկրորդ Տաճարները
  • Աստուած Իր Երկրային Տունը Յաւիտեան կը Լքէ
  • Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • «Ցանկալի բաները» կը լեցնեն Եհովայի տունը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 10/1 էջ 5-11

‘Աղօթքի տուն՝ բոլոր ազգերուն համար’

«Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’»։—ՄԱՐԿՈՍ 11։17

1. Ադամն ու Եւան սկիզբը Աստուծոյ հետ ի՞նչպիսի յարաբերութիւն վայելեցին։

ԵՐԲ Ադամն ու Եւան ստեղծուեցան, անոնք իրենց երկնաւոր Հօրը հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը կը վայելէին։ Եհովա Աստուած անոնց հետ կը հաղորդակցէր եւ մարդկային ցեղին նկատմամբ իր սքանչելի նպատակը ուրուագծեց անոնց։ Վստահաբար, յաճախ անոնք սրտանց կը մղուէին Եհովան փառաբանել իր հոյակապ արարչագործութեան համար։ Եթէ Ադամ ու Եւա, որպէս մարդկային ընտանիքին ապագացու հայրն ու մայրը, առաջնորդութեան կարիքը ունենային, անոնք կրնային Աստուծոյ մօտենալ իրենց Դրախտային բնակարանին որեւէ անկիւնէն։ Անոնք տաճարի մը մէջ եղող քահանայի մը սպասարկութեան կարիքը չունէին։—Ծննդոց 1։28

2. Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։

2 Պարագան փոխուեցաւ, երբ ըմբոստ հրեշտակ մը Եւան խաբեց, իրեն մտածել տալով որ կեանքի մէջ իր դիրքը կրնայ բարելաւուիլ եթէ Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժէ, անոր ըսելով որ «աստուածներու [Աստուծոյ, ՆԱ] պէս» պիտի ըլլար։ Ուստի, Եւա Աստուծոյ արգիլած ծառին պտուղէն կերաւ։ Ապա Սատանան Եւան գործածեց որ իր ամուսինը փորձէ։ Դժբախտաբար, Ադամ իր մեղաւոր կնոջ մտիկ ըրաւ, ցոյց տալով որ իր կնոջ հետ ունեցած իր յարաբերութիւնը աւելի կ’արժեւորէր քան՝ Աստուծոյ հետ։ (Ծննդոց 3։4–7) Արդարեւ, Ադամն ու Եւան Սատանան ընտրեցին որպէս իրենց աստուածը։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 4։4։

3. Ադամի ու Եւայի ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները ի՞նչ եղան։

3 Այդպէս ընելով, մարդկային առաջին զոյգը կորսնցուց ո՛չ միայն Աստուծոյ հետ իր ունեցած թանկագին յարաբերութիւնը, այլեւ՝ երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։ (Ծննդոց 2։16, 17) Անոնց մեղաւոր մարմինները հիւծուեցան ու վերջապէս մեռան։ Անոնց սերունդը այս մեղաւոր վիճակը ժառանգեց։ «Այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը», կը բացատրէ Աստուածաշունչը։—Հռովմայեցիս 5։12

4. Աստուած մեղաւոր մարդկութեան առջեւ ի՞նչ յոյս դրաւ։

4 Մեղաւոր մարդկութիւնը իր սուրբ Ստեղծիչին հետ հաշտեցնելու համար, բանի մը կարիքը կար։ Երբ Ադամն ու Եւան կը դատապարտէր, Աստուած անոնց ապագայ զաւակներուն յոյս տուաւ, խոստանալով «սերունդ» մը, որ մարդկութիւնը Սատանայի ըմբոստութենէն առթած հետեւանքներէն պիտի փրկէր։ (Ծննդոց 3։15) Հետագային, Աստուած յայտնեց որ օրհնութիւն բերելիք Սերունդը Աբրահամէ պիտի սերէր։ (Ծննդոց 22։18) Այս սիրալիր նպատակը ի մտի ունենալով, Աստուած Աբրահամի սերունդը՝ Իսրայելացիները՝ ընտրեց որ իր ընտրեալ ազգը ըլլան։

5. Իսրայէլի հետ Աստուծոյ ըրած Օրէնքի ուխտին մանրամասնութիւններով ինչո՞ւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։

5 Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Իսրայելացիները Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ մտան եւ համաձայնեցան անոր օրէնքներուն հնազանդիլ։ Անոնք որոնք ներկայիս կ’ուզեն Աստուած պաշտել, պէտք է ի՛րապէս հետաքրքրուին Օրէնքի ուխտով, քանի որ անիկա խոստացեալ Սերունդին կը մատնանշէր։ Պօղոս ըսաւ որ անիկա «գալիք բարիքներուն շուք»ն էր։ (Եբրայեցիս 10։1) Այս ըսելով, ան նկատի ունէր փոխադրելի տաղաւարին՝ կամ պաշտամունքի վրանին մէջ Իսրայէլի քահանաներուն մատուցած ծառայութիւնը։ Անիկա կը կոչուէր «Տէրոջը տաճար»ը կամ «Տէրոջը տունը»։ (Ա. Թագաւորաց 1։9, 24) Եհովայի երկրային տան մէջ կատարուած սրբազան ծառայութիւնը քննելով, կրնանք ա՛լ աւելի գնահատել այն ողորմած կարգադրութիւնը, որով մեղաւոր մարդիկ այսօր կրնան Աստուծոյ հետ հաշտուիլ։

Սրբութիւն Սրբութեանցը

6. Սրբութիւն Սրբութեանցի մէջ ի՞նչ տեղաւորուած էր, եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը հոն ինչպէ՞ս պատկերացուած էր։

6 «Բարձրեալը ձեռքով շինուած տաճարներու մէջ չի բնակիր», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Գործք 7։48) Սակայն, իր երկրային տան՝ Սրբութիւն Սրբութեանց կոչուած ամենաներքին մասին մէջ, Աստուծոյ ներկայութիւնը ամպով մը ներկայացուած էր։ (Ղեւտացւոց 16։2) Բացայայտօրէն, այս ամպը կը փայլէր, Սրբութիւն Սրբութեանցը լուսաւորելով։ Անիկա կը գտնուէր «վկայութեան տապանակ» կոչուած սրբազան արկղի մը վրայ, որու մէջ քարէ տախտակներ կային, որոնց վրայ Իսրայէլի տուած Աստուծոյ պատուիրաններէն ոմանք փորագրուած էին։ Տապանակին կափարիչին վրայ տարածուած թեւերով ոսկիէ երկու քերովբէներ կային, որոնք Աստուծոյ երկնային կազմակերպութեան մէջ եղող բարձրաստիճան հոգեղէն արարածներ կը պատկերացնէին։ Լոյսի հրաշալի ամպը կը գտնուէր կափարիչին վրայ ու քերովբէներուն մէջտեղ։ (Ելից 25։22) Ասիկա կենդանի քերովբէներու կողմէ կրուած երկնային կառքի մը վրայ գահակալուած Ամենակալ Աստուածը կը պատկերացնէր։ (Ա. Մնացորդաց 28։18) Անոր համար Եզեկիա Թագաւոր աղօթեց. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս»։—Եսայեայ 37։16

Սրբութիւնը

7. Սրբութեան մէջ ի՞նչ սարք կար։

7 Տաղաւարին երկրորդ մասը կը կոչուէր Սրբութիւն։ Այս բաժինին մէջ, մուտքին ձախին կը գտնուէր եօթը ճիւղերով գեղեցիկ աշտանակ մը, իսկ աջին՝ առաջաւորութեան հացի սեղան մը։ Ճիշտ դիմացը դրուած էր սեղան մը, ուրկէ ծխուած խունկին հոտը կը բարձրանար։ Անիկա դրուած էր Սրբութիւնը՝ Սրբութիւն Սրբութեանցէն զատող վարագոյրին առջեւ։

8. Քահանաները Սրբութեան մէջ կանոնաւորաբար ի՞նչ պարտականութիւններ կը կատարէին։

8 Ամէն առտու ու իրիկուն, քահանայ մը պէտք էր տաղաւարը մտնէր ու խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէր։ (Ելից 30։7, 8) Առաւօտուն, խունկը ծխելու ատեն, ոսկիէ աշտանակին վրայ եղած եօթը ճրագները պէտք էր իւղով լեցուէին։ Իրիկունը ճրագները կը վարուէին Սրբութիւնը լուսաւորելու համար։ Ամէն Շաբաթ օր քահանայ մը 12 թարմ հացեր պէտք էր դնէր առաջաւորութեան հացի սեղանին վրայ։—Ղեւտացւոց 24։4–8

Գաւիթը

9. Աւազանը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէր, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։

9 Տաղաւարը նաեւ գաւիթ մը ունէր, որ շրջապատուած էր վարագոյրներով շինուած ցանկապատով մը։ Այս գաւիթին մէջ հսկայ աւազան մը կար, ուր քահանաները Սրբութիւնը մտնելէ առաջ իրենց ձեռքերն ու ոտքերը կը լուային։ Անոնք գաւիթին մէջ զետեղուած զոհասեղանին վրայ զոհեր մատուցանելէ առաջ ալ պէտք էր լուացուէին։ (Ելից 30։18–21) Մաքրութեան այս պահանջքը Աստուծոյ ծառաներուն կը վերյիշեցնէ ներկայիս, ֆիզիքական, բարոյական, մտային ու հոգեւոր մաքրութիւն պահելու անհրաժեշտութիւնը, եթէ կ’ուզեն որ իրենց պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլայ։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Ժամանակի ընթացքին, զոհասեղանի կրակին փայտերը եւ աւազանին ջուրը տաճարին մէջ ծառայող ոչ–Իսրայելացիները կը հայթայթէին։—Յեսուայ 9։27

10. Զոհի սեղանին վրայ մատուցանուած կարգ մը ընծաները ի՞նչ էին։

10 Ամէն առտու ու իրիկուն, զոհասեղանին վրայ գառ մը կ’այրէին, ցորենի ու ըմպելիի ընծային հետ։ (Ելից 29։38–41) Ուրիշ զոհեր ալ կը մատուցանուէին մասնաւոր առիթներով։ Երբեմն անհատական մասնայատուկ մեղքի մը համար պէտք էր զոհ մատուցանուէր։ (Ղեւտացւոց 5։5, 6) Ուրիշ առիթներով, Իսրայելացի մը կրնար խաղաղութեան կամաւոր զոհ մատուցանել, որու կարգ մը մասերը քահանաները կ’ուտէին, իսկ կարգ մը մասերը՝ զայն մատուցանողը։ Ասիկա ցոյց կու տար որ մեղաւոր մարդիկ կրնային Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալ, կարծես անոր հետ ճաշ մը ըմբոշխնելով։ Նոյնիսկ պանդխտացած օտարականը կրնար Եհովայի երկրպագու մը դառնալ եւ Անոր տան մէջ կամաւոր զոհեր ներկայացնելու առանձնաշնորհումը ունենալ։ Սակայն, Եհովան պատշաճօրէն պատուելու համար, քահանաները մի՛միայն բարձրորակ ընծաներ կ’ընդունէին։ Հացի ընծաներուն ալիւրը պէտք էր բծախնդրաբար աղացուած ըլլար, իսկ զոհ մատուցանուելիք անասունները պէտք էր անարատ ըլլային։—Ղեւտացւոց 2։1. 22։18–20. Մաղաքեայ 1։6–8

11. (ա) Անասնական զոհերու արիւնը ինչպէ՞ս կը գործածուէր, եւ ասիկա ի՞նչ բանի կը մատնանշէր։ (բ) Թէ՛ մարդոց եւ թէ անասուններու արեան հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է։

11 Այս զոհերուն արիւնը զոհասեղան կը բերուէր։ Ասիկա ամէն օր Իսրայելացիներուն կը վերյիշեցնէր որ մեղաւորներ էին ու փրկիչի մը կարիքը ունէին, որու թափուած արիւնը կրնար ընդմիշտ իրենց մեղքերը քաւել ու զիրենք մահուընէ փրկել։ (Հռովմայեցիս 7։24, 25. Գաղատացիս 3։24. բաղդատել Եբրայեցիս 10։3։) Արեան այս սրբազան գործածութիւնը նաեւ Իսրայելացիներուն կը վերյիշեցնէր որ արիւնը կեանք կը ներկայացնէ եւ թէ կեանքը Աստուծոյ կը պատկանի։ Աստուած միշտ արգիլած է որ մարդիկ ուրիշ որեւէ կերպով գործածեն արիւնը։—Ծննդոց 9։4. Ղեւտացւոց 17։10–12. Գործք 15։28, 29

Քաւութեան Օրը

12, 13. (ա) Քաւութեան Օրը ի՞նչ էր։ (բ) Քահանայապետը Սրբութիւն Սրբութեանցը արիւն բերելէն առաջ, ի՞նչ պէտք էր ընէր։

12 Տարին անգամ մը, Քաւութեան Օր կոչուած օրը, ամբողջ Իսրայէլ ազգը, Եհովան պաշտող պանդխտացած օտարականներն ալ, ամէն գործ պէտք էր դադրեցնէին ու ծոմ պահէին։ (Ղեւտացւոց 16։29, 30) Այս կարեւոր օրը, այլաբանօրէն խօսելով, ազգը մեղքէն կը մաքրէր որպէսզի տարի մը եւս Աստուծոյ հետ խաղաղ յարաբերութիւն վայելէր։ Տեսարանը երեւակայենք ու կարգ մը աչքառու երեսակներ նկատի առնենք։

13 Քահանայապետը տաղաւարին գաւիթին մէջ է։ Աւազանին ջրով լուացուելէ ետք, պատարագի համար զուարակ մը կը մորթէ։ Զուարակին արիւնը ամանի մը մէջ կը հաւաքուի. ասիկա մասնայատուկ կերպով պիտի գործածուի Ղեւիի քահանայական ցեղին մեղքերուն քաւութեան համար։ (Ղեւտացւոց 16։4, 6, 11) Սակայն, զոհագործութիւնը շարունակելէ առաջ, քահանայապետը պէտք է բան մը ընէ։ Ան անուշահոտ խունկ կ’առնէ (հաւանաբար շերեփի մը մէջ դնելով) եւ սեղանէն կրակի կայծեր կը դնէ կրակարանին մէջ։ Ապա կը մտնէ Սրբութիւնը ու կ’ուղղուի դէպի Սրբութիւն Սրբութեանցին վարագոյրը։ Ան դանդաղօրէն կ’անցնի վարագոյրին ետին ու կանգ կ’առնէ ուխտի տապանակին առջեւ։ Անկէ ետք, մարդոց տեսողութենէն հեռու, ան խունկ կը դնէ կրակի կայծերուն վրայ, իսկ Սրբութիւն Սրբութեանցը անուշահոտ ամպով կը լեցուի։—Ղեւտացւոց 16։12, 13

14. Քահանայապետը ինչո՞ւ Սրբութիւն Սրբութեանցը պէտք էր մտնէր երկու տարբեր անասուններու արիւնով։

14 Արդ, Աստուած կը յօժարի ողորմութիւն ցոյց տալ եւ քաւել, պատկերալից կերպով մը։ Այս պատճառով, Տապանակին կափարիչը կոչուած էր «ողորմութեան աթոռ» կամ «քաւութեան [կափարիչ]»։ (Եբրայեցիս 9։5, ՆԱ, ստորանշում) Քահանայապետը Սրբութիւն Սրբութեանցէն դուրս կու գայ, զուարակին արիւնը կ’առնէ ու դարձեալ Սրբութիւն Սրբութեանցը կը մտնէ։ Օրէնքին պատուիրածին համաձայն, ան իր մատը արեան մէջ կը թաթխէ ու Տապանակին կափարիչին առջեւ արիւնը եօթը անգամ կը սրսկէ։ (Ղեւտացւոց 16։14) Անկէ ետք, ան կը վերադառնայ գաւիթը ու կը մորթէ նոխազ մը, «ժողովուրդին համար» որպէս մեղքի պատարագ։ Ան նոխազին արիւնէն մաս մը Սրբութիւն Սրբութեանցը կը բերէ ու նոյն արարողութիւնը կը կատարէ, ինչպէս ըրած էր զուարակին արեան հետ։ (Ղեւտացւոց 16։15) Քաւութեան Օրը ուրիշ կարեւոր սպասարկութիւններ ալ տեղի կ’ունենային։ Օրինակի համար, քահանայապետը իր ձեռքերը երկրորդ նոխազի մը գլխուն վրայ պէտք էր դնէր ու անոր վրայ խոստովանէր «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները»։ Ապա այս ողջ նոխազը անապատ կը ղրկուէր, այլաբանօրէն ազգին մեղքերը հեռացնելու համար։ Այս կերպով, ամէն տարի «քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին համար» քաւութիւն կ’ըլլար։—Ղեւտացւոց 16։16, 21, 22, 33

15. (ա) Սողոմոնի տաճարը ի՞նչ կերպով տաղաւարին նման էր։ (բ) Թէ՛ տաղաւարին եւ թէ տաճարին մէջ կատարուած սրբազան ծառայութեան մասին, Եբրայեցիս գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ։

15 Որպէս Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդը, Իսրայէլի պատմութեան առաջին 486 տարիներուն, դիւրատար տաղաւարը իրենց Աստուածը՝ Եհովան՝ պաշտելու վայր ծառայեց անոնց։ Ապա, Իսրայելացի Սողոմոնին առանձնաշնորհում տրուեցաւ որ մնայուն կառոյց մը շինէ։ Թէեւ այս տաճարը աւելի մեծ ու փառաւոր պիտի ըլլար, սակայն, Աստուծմէ հայթայթուած յատակագիծը կը հետեւէր տաղաւարին օրինակին։ Տաղաւարին նման, անիկա կը պատկերացնէր պաշտամունքի համար աւելի մեծ, աւելի ազդու կարգադրութիւն մը, զոր Եհովա պիտի ‘կանգնէր եւ ո՛չ թէ մարդը’։—Եբրայեցիս 8։2, 5. 9։9, 11

Առաջին ու Երկրորդ Տաճարները

16. (ա) Տաճարին նաւակատիքը կատարելու ատեն, Սողոմոն ի՞նչ սիրալիր խնդրանք մը ներկայացուց։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Սողոմոնի աղօթքը ընդունած էր։

16 Այդ փառաւոր տաճարին նաւակատիքը կատարելու ատեն, Սողոմոն հետեւեալ ներշնչուած խնդրանքը պարփակեց. «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար . . . եկող օտարականն ալ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրանքը կատարէ՛, որպէսզի երկրին բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է»։ (Բ. Մնացորդաց 6։32, 33) Բացայայտօրէն, Աստուած Սողոմոնի նաւակատիքի աղօթքը ընդունեց։ Երկնքէն կրակ իջաւ ու զոհասեղանին վրայ գտնուած անասնական զոհերը լափեց, իսկ Եհովայի փառքը տաճարը լեցուց։—Բ. Մնացորդաց 7։1–3

17. Սողոմոնի շինած տաճարին վերջապէս ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

17 Դժբախտաբար, Իսրայելացիները Եհովայի հանդէպ իրենց ունեցած առողջ վախը կորսնցուցին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք իր մեծ անունը պղծեցին արիւնահեղութեամբ, կռապաշտութեամբ, շնութեամբ, ազգապղծութեամբ, եւ որբերուն, որբեւայրիներուն ու օտարականներուն հանդէպ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերելով։ (Եզեկիէլ 22։2, 3, 7, 11, 12, 26, 29) Ուստի, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Աստուած դատաստան ի գործ դրաւ Բաբելոնական բանակները բերել տալով որ տաճարը կործանեն։ Այն Իսրայելացիները որ վերապրեցան, Բաբելոն գերի քշուեցան։

18. Երկրորդ տաճարին մէջ, Եհովայի պաշտամունքին սրտանց նեցուկ կանգնող կարգ մը ոչ–Իսրայելացի մարդոց ի՞նչ առանձնաշնորհումներ մատչելի եղան։

18 70 տարի ետք, զղջացած Հրեայ մնացորդ մը Երուսաղէմ վերադարձաւ ու Եհովայի տաճարը վերաշինելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։ Նկատողութեան արժանի է որ բաւարար քահանաներ ու Ղեւտացիներ չկային այս երկրորդ տաճարին մէջ ծառայելու համար։ Հետեւաբար, տաճարին մէջ ծառայող ոչ–Իսրայելացիներէն սերած Նաթանայիմներուն աւելի մեծ առանձնաշնորհումներ տրուեցան, որպէս Աստուծոյ տան սպասաւորներ։ Սակայն, անոնք բնաւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն հաւասար չնկատուեցան։—Եզրասայ 7։24. 8։17, 20

19. Երկրորդ տաճարին նկատմամբ Աստուած ի՞նչ խոստացաւ, եւ այս խօսքերը ինչպէ՞ս իրականացան։

19 Սկիզբը այնպէս թուեցաւ որ կարելի պիտի չըլլար երկրորդ տաճարը առաջինին հետ բաղդատել։ (Անգեայ 2։3) Սակայն Եհովա խոստացած էր. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։ . . . Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ»։ (Անգեայ 2։7, 9) Ինչպէս նախագուշակուած էր, երկրորդ տաճարը աւելի մեծ փառքի արժանացաւ։ Անիկա 164 տարի աւելի երկար մնաց ու անոր գաւիթներուն մէջ շատ աւելի երկիրներէ եկող, աւելի մեծ թիւով երկրպագուներ խմբուեցան։ (Բաղդատել Գործք 2։5–11։) Հերովդէս Թագաւորին օրերուն երկրորդ տաճարը սկսաւ նորոգուիլ ու անոր գաւիթները ընդարձակուեցան։ Բարձր սալայատակի մը վրայ հաստատուած ու գեղեցիկ սիւնաշարքերով շրջապատուած ըլլալով, տաճարը իր շքեղութեամբ կը մրցէր Սողոմոնի շինած առաջին տաճարին հետ։ Անիկա կը պարփակէր հսկայ, արտաքին գաւիթ մը Եհովան պաշտել ուզող հեթանոսներուն համար։ Քարէ պատ մը կը բաժնէր այս Հեթանոսաց Գաւիթը ներքին գաւիթներէն, որոնք միայն Իսրայելացիներուն վերապահուած էին։

20. (ա) Ի՞նչ ուշագրաւ պատիւ յատկանշեց վերաշինուած տաճարը։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց տուաւ որ Հրեաները տաճարին հանդէպ սխալ տեսակէտ ունէին, եւ Յիսուս ասոր հակազդելով ի՞նչ ըրաւ։

20 Այս երկրորդ տաճարը մեծ պատիւի արժանացաւ, քանի որ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ անոր գաւիթներուն մէջ ուսուցանեց։ Բայց ինչպէս առաջին տաճարին պարագային, Հրեաները ընդհանուր առմամբ Աստուծոյ տան խնամակալները ըլլալու իրենց առանձնաշնորհումը չարժեւորեցին։ Անոնք նոյնիսկ թոյլ տուին որ վաճառականները առեւտուր ընեն Հեթանոսաց գաւիթին մէջ։ Ասկէ զատ, ժողովուրդին թոյլ տրուած էր որ տաճարի գաւիթէն անցնէին որպէս կտրուկ ճամբայ Երուսաղէմի ուրիշ մէկ մասը իրեր փոխադրելու համար։ Իր մահուընէ չորս օր առաջ, Յիսուս տաճարը մաքրեց այսպիսի աշխարհային գործունէութիւններէ, ըսելով. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։—Մարկոս 11։15–17

Աստուած Իր Երկրային Տունը Յաւիտեան կը Լքէ

21. Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին նկատմամբ ի՞նչ ցոյց տուաւ։

21 Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքը պաշտպանելու Յիսուսի քաջարի արարքին պատճառաւ, Հրեայ կրօնական առաջնորդները վճռեցին զինք սպաննել։ (Մարկոս 11։18) Գիտնալով որ շուտով պիտի սպաննուէր, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։ (Մատթէոս 23։37, 38) Ասով ան ցոյց տուաւ որ շուտով Աստուած Երուսաղէմի բառացի տաճարին մէջ կատարուած պաշտամունքը այլեւս պիտի չընդունէր։ Անիկա այլեւս ‘բոլոր ազգերուն աղօթքի տուն’ պիտի չըլլար։ Երբ Յիսուսի աշակերտները իրեն ցոյց տուին տաճարին հոյակապ շէնքերը, ան ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. . . . քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։—Մատթէոս 24։1, 2

22. (ա) Տաճարին առնչութեամբ Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս կատարուեցան։ (բ) Իրենց յոյսերը փոխանակ երկրային քաղաքի մը վրայ կեդրոնացնելու, առաջին Քրիստոնեաները ի՞նչ կը փնտռէին։

22 Յիսուսի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ 37 տարիներ ետք, Հ.Դ. 70–ին, երբ Հռովմէական բանակները Երուսաղէմը ու անոր տաճարը կործանեցին։ Ասիկա զօրաւոր ապացոյց մը եղաւ որ Աստուած արդարեւ իր տիպական տունը լքած էր։ Յիսուս բնաւ չնախագուշակեց Երուսաղէմի մէջ ուրիշ տաճարի մը վերաշինութիւնը։ Այդ երկրային քաղաքին նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Մենք հոս մնայուն քաղաք չունինք, հապա հանդերձեալը կը փնտռենք»։ (Եբրայեցիս 13։14) Առաջին Քրիստոնեաները կը յուսային «երկնաւոր Երուսաղէմի»՝ Աստուծոյ քաղաքանման Թագաւորութեան՝ մէկ մասը ըլլալ։ (Եբրայեցիս 12։22) Արդ, Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքը այլեւս երկրի վրայ բառացի տաճարի մը մէջ կեդրոնացած չէ։ Մեր յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք այն գերադաս կարգադրութիւնը զոր Աստուած հաստատած է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» զինք պաշտել։—Յովհաննու 4։21, 24

Վերաքաղի հարցումներ

◻ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ հետ ի՞նչ յարաբերութիւն կորսնցուցին։

◻ Տաղաւարին երեսակները ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրեն մեզ։

◻ Տաղաւարի գաւիթին մէջ տեղի ունեցած գործունէութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք։

◻ Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրեց որ իր տաճարը կործանուի։

[Նկարներ՝ էջ 8, 9]

Հերովդէսի վերաշինած տաճարը

1. Սրբութիւն Սրբութեանց

2. Սրբութիւն

3. Ողջակէզներու Զոհասեղան

4. Ձուլածոյ Ծով

5. Քահանաներու Գաւիթ

6. Իսրայէլի Գաւիթ

7. Կիներու Գաւիթ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել