Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 10/1 էջ 11-16
  • Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երկնային Սրբութիւն Սրբութեանցը
  • Աստուծոյ Հոգեւոր Տաճարին Ուրիշ Երեսակները
  • Սրբութիւնը
  • Աստուծոյ Հոգեւոր Տաճարին Աւելի Մեծ Փառքը
  • Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • ‘Աղօթքի տուն՝ բոլոր ազգերուն համար’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովա շատ որդիներ փառքի մէջ կը մտցնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 10/1 էջ 11-16

Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը

«Այնպիսի քահանայապետ մը ունինք մենք՝ որ . . . սրբարանին պաշտօնեայ [է], ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8։1, 2

1. Աստուած մեղաւոր մարդկութեան համար ի՞նչ սիրալիր կարգադրութիւն ըրաւ։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ, մարդկութեան հանդէպ իր ունեցած մեծ սէրէն մղուած, աշխարհի մեղքերը վերցնելու համար զոհ մը հայթայթեց։ (Յովհաննու 1։29. 3։16) Ասիկա պահանջեց որ իր անդրանիկ Որդւոյն կեանքը երկնքէն փոխադրէ Մարիամ կոչուած Հրեայ կոյսի մը արգանդը։ Եհովայի հրեշտակը յստակօրէն Մարիամի բացատրեց որ իրմէ ծնանելու մանուկը սուրբ, «Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի»։ (Ղուկաս 1։34, 35) Յովսէփ, որ Մարիամի հետ նշանուած էր, Յիսուսի հրաշալի յղացման մասին տեղեկացաւ ու իմացաւ որ Յիսուս «իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։—Մատթէոս 1։20, 21

2. Երբ շուրջ 30 տարեկան էր, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ ինչո՞ւ։

2 Յիսուս մեծնալով, իր հրաշալի ծնունդին մասին կարգ մը իրողութիւններ հասկցած ըլլալու էր։ Ան գիտցաւ որ իր երկնաւոր Հայրը երկրի վրայ իրեն փրկարար գործ մը յանձնած էր։ Ուստի, երբ շուրջ 30 տարեկան չափահաս մը դարձաւ, Յիսուս Աստուծոյ մարգարէին՝ Յովհաննէսին՝ քով եկաւ, որպէսզի Յորդանան Գետին մէջ մկրտուի։—Մարկոս 1։9. Ղուկաս 3։23

3. (ա) Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր»։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ բոլոր անոնց համար որոնք կ’ուզեն իր աշակերտները ըլլալ։

3 Յիսուս իր մկրտութեան ատեն կ’աղօթէր։ (Ղուկաս 3։21) Բացայայտօրէն, իր կեանքին այս պահէն սկսեալ, ան կատարեց Սաղմոս 40։6–8–ի խօսքերը, ինչպէս հետագային Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր»։ (Եբրայեցիս 10։5) Ուստի Յիսուս ցոյց տուաւ որ ինք գիտէր թէ Աստուած այլեւս ‘չէր ուզեր’ որ Երուսաղէմի տաճարին մէջ անասնական զոհեր մատուցանուէին։ Ան հասկցաւ որ Աստուած իրեն համար մարդկային կատարեալ մարմին մը պատրաստած է, որպէսզի զայն զոհ մատուցանէ։ Ասիկա այլեւս անասնական զոհերը մէջտեղէն կը վերցնէր։ Աստուծոյ կամքին հպատակելու իր սրտաբուխ փափաքը ցոյց տալով, Յիսուս շարունակեց աղօթել. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ (Եբրայեցիս 10։7) Յիսուս այդ օրը քաջութեան ու անձնուիրութեան ի՜նչ սքանչելի օրինակ մը հանդիսացաւ բոլոր անոնց, որոնք հետագային իր աշակերտները պիտի ըլլային։—Մարկոս 8։34

4. Երբ Յիսուս իր անձը ներկայացուց, Աստուած իր հաւանութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։

4 Աստուած Յիսուսի մկրտութեան աղօթքը ընդունե՞ց։ Թոյլ տանք որ Յիսուսի ընտրած առաքեալներէն մէկը պատասխանէ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’»։—Մատթէոս 3։16, 17. Ղուկաս 3։21, 22

5. Տաճարին բառացի զոհասեղանը ի՞նչ կը պատկերացնէր։

5 Որպէս ապագացու զոհ մը Աստուած Յիսուսի ներկայացուցած մարմինը ընդունելով, կ’ապացուցանուէր որ հոգեւոր առումով, Երուսաղէմի տաճարին մէջ եղող զոհասեղանէն աւելի մեծ զոհասեղան մը մէջտեղ եկած էր։ Բառացի զոհասեղանը, ուր անասունները կը բերուէին զոհ մատուցանուելու համար, այդ հոգեւոր զոհասեղանին նախաշուքն էր, որ արդարեւ Աստուծոյ «կամք»ը կամ Յիսուսի մարդկային կեանքը որպէս զոհ ընդունելու կարգադրութիւնն էր։ (Եբրայեցիս 10։10) Ասոր համար Պօղոս առաքեալ կրնար Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրել. «Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին [կամ՝ տաճարին] ծառայութիւն կ’ընեն»։ (Եբրայեցիս 13։10) Ուրիշ խօսքով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կ’օգտուին մեղք քաւող գերադաս զոհէ մը, զոր Հրեայ քահանաները ընդհանրապէս մերժեցին։

6. (ա) Յիսուսի մկրտութեան ատեն ի՞նչ բան յառաջ եկաւ։ (բ) Մեսիա՝ կամ Քրիստոս՝ տիտղոսը ի՞նչ կը նշանակէ։

6 Յիսուսի սուրբ հոգիով օծուիլը կը նշանակէր որ այլեւս Աստուած ամբողջութեամբ իր հոգեւոր տաճարի կարգադրութիւնը կատարած էր եւ Յիսուս որպէս Քահանայապետ կը ծառայէր։ (Գործք 10։38. Եբրայեցիս 5։5) Ներշնչման ներքեւ, Ղուկաս աշակերտ այս ծանրակշիռ դէպքին տարին մատնանշեց, որպէս «Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին»։ (Ղուկաս 3։1–3) Ասիկա կը համապատասխանէ Հ.Դ. 29 թուականին. Արտաշէս Թագաւորը Երուսաղէմի պարիսպը վերաշինելու հրամանը հանելէն ճիշդ 69 եօթնեակ, կամ 483 տարիներ, ետք։ (Նէեմեայ 2։1, 5–8) Մարգարէութեան համաձայն, «Օծեալ իշխան»ը այդ նշուած տարուան մէջ պիտի յայտնուէր։ (Դանիէլ 9։25) Բացայայտօրէն շատ մը Հրեաներ այս մասին տեղեակ էին։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ որ «ժողովուրդը կը սպասէր» յայտնուիլը Մեսիային՝ կամ Քրիստոսին. տիտղոսներ, որոնք Եբրայերէն եւ Յունարէն բառերէ ծագում կ’առնեն եւ միեւնոյն իմաստը ունին՝ «օծեալ»։—Ղուկաս 3։15

7. (ա) Աստուած ե՞րբ օծեց «Սրբութիւն Սրբութեանցը», եւ ասիկա ի՞նչ նշանակեց։ (բ) Ուրիշ ի՞նչ պատահեցաւ Յիսուսի իր մկրտութեան ատեն։

7 Յիսուսի մկրտութեան ատեն, Աստուծոյ երկնային բնակարանը օծուեցաւ, կամ ջոկուեցաւ որպէս հոգեւոր մեծ տաճարի կարգադրութեան «Սրբութիւն Սրբութեանցը»։ (Դանիէլ 9։24, ՆԱ) «Ճշմարիտ խորան[ը] [կամ՝ տաճարը] որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը», ի զօրու եղաւ։ (Եբրայեցիս 8։2) Նաեւ, ջուրով ու սուրբ հոգիով մկրտուելով, Յիսուս Քրիստոս մարդը նորէն ծնաւ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր Որդի մը։ (Բաղդատել Յովհաննու 3։3։) Ասիկա կը նշանակէր որ Աստուած յարմար ատենին իր Որդին ետ երկնային կեանքի պիտի կանչէր, ուր ան իր Հօր աջ կողմը յաւիտեան պիտի ծառայէր որպէս Թագաւոր եւ Քահանայապետ՝ «Մելքիսեդեկին կարգին պէս»։—Եբրայեցիս 6։20. Սաղմոս 110։1, 4

Երկնային Սրբութիւն Սրբութեանցը

8. Երկնքի մէջ Աստուծոյ գահը ի՞նչ նոր երեսակներ ստացաւ։

8 Յիսուսի մկրտութեան օրը, Աստուծոյ երկնային գահը նոր երեսակներ ստացաւ։ Աշխարհի մեղքերը քաւելու համար մարդկային կատարեալ զոհին բնորոշումը շեշտեց Աստուծոյ սրբութիւնը, հակադրելով մարդուն մեղաւորութեան հետ։ Աստուծոյ ողորմութիւնն ալ աչքառու դարձաւ, քանի որ մեղմանալու, կամ քաւելու, իր կամեցողութիւնը ցուցաբերեց։ Այսպիսով Աստուծոյ երկնային գահը նմանեցաւ տաճարին ամենաներքին մասին, ուր քահանայապետը տարին անգամ մը անասնական արիւնով կը մտնէր, այլաբանօրէն մեղքեր քաւելու համար։

9. (ա) Սրբութեան ու Սրբութիւն Սրբութեանցին միջեւ եղած վարագոյրը ի՞նչ կը պատկերացնէր։ (բ) Յիսուս ի՞նչ կերպով Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին վարագոյրին ետին անցաւ։

9 Սրբութիւնը՝ Սրբութիւն Սրբութեանցէն բաժնող վարագոյրը կը պատկերացնէր Յիսուսի մսեղէն մարմինը։ (Եբրայեցիս 10։19, 20) Այնքան ատեն որ երկրի վրայ որպէս մարդ կ’ապրէր, ասիկա արգելք կը հանդիսանար որ Յիսուս իր Հօր ներկայութիւնը մտնէր։ (Ա. Կորնթացիս 15։50) Յիսուսի մահուան ժամանակ, «տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ»։ (Մատթէոս 27։51) Ասիկա շշմեցուցիչ կերպով ցոյց տուաւ որ հիմա վերցուած էր այն խոչընդոտը որ Յիսուսի երկինք մտնելուն արգելք կը հանդիսանար։ Երեք օր ետք, Եհովա Աստուած ուշագրաւ հրաշք մը կատարեց։ Ան Յիսուսը մեռելներէն յարուց, ո՛չ թէ որպէս միսէ ու արիւնէ կազմուած մահկանացու մարդ մը, այլ որպէս փառաւոր հոգեղէն արարած մը, որ «յաւիտենական» է։ (Եբրայեցիս 7։24) Քառասուն օր ետք, Յիսուս երկինք բարձրացաւ ու բուն «Սրբութիւն Սրբութեանցը» մտաւ, որպէսզի «մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»։—Եբրայեցիս 9։24

10. (ա) Յիսուս իր զոհագործութեան արժէքը իր երկնաւոր Հօր ներկայացնելէ ետք, ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Սուրբ հոգիով օծուիլը ի՞նչ նշանակեց Քրիստոսի աշակերտներուն համար։

10 Արդեօք Աստուած Յիսուսի թափած արեան արժէքը աշխարհի մեղքերուն համար որպէս քաւութիւն ընդունե՞ց։ Ա՛րդարեւ։ Ասիկա փաստուեցաւ Յիսուսի յարութենէն ճիշդ 50 օր ետք, Պէնտէկոստէի տօնախմբութեան օրը։ Աստուծոյ սուրբ հոգին Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած Յիսուսի 120 աշակերտներուն վրայ թափուեցաւ։ (Գործք 2։1, 4, 33) Իրենց Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ նման, անոնք այլեւս օծուած էին որպէս «սուրբ քահանայութիւն մը, . . . հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու» Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարի կարգադրութեան ներքեւ։ (Ա. Պետրոս 2։5) Ասկէ զատ, այս օծեալները կազմեցին նոր ազգ մը, հոգեւոր Իսրայելացիներէ բաղկացած Աստուծոյ «սուրբ ազգ»ը։ Այսուհետեւ, Իսրայէլի բարիք խոստացող բոլոր մարգարէութիւնները՝ ինչպէս Երեմեայ 31։31–ի մէջ արձանագրուած «նոր ուխտ»ին խոստումը՝ պիտի կիրարկուէին օծեալ Քրիստոնեայ ժողովքին, իսկական «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին։—Ա. Պետրոս 2։9. Գաղատացիս 6։16

Աստուծոյ Հոգեւոր Տաճարին Ուրիշ Երեսակները

11, 12. (ա) Քահանաներուն յատկացուած գաւիթը Յիսուսի պարագային ի՞նչ պատկերացուց, եւ անիկա ի՞նչ է իր օծեալ հետեւորդներուն պարագային։ (բ) Աւազանը ի՞նչ կը պատկերացնէ, եւ անիկա ի՞նչ կերպով կը գործածուի։

11 Թէեւ Սրբութիւն Սրբութեանցը «բուն երկինքը» կը պատկերացներ, ուր Աստուած կը գահակալէր, Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին միւս բոլոր երեսակները կը վերաբերէին երկրի վրայ եղող բաներու։ (Եբրայեցիս 9։24) Երուսաղէմի տաճարին մէջ, քահանաներուն յատկացուած ներքին գաւիթ մը կար, ուր դրուած էին զոհի սեղան մը ու հսկայ աւազան մը, զոր քահանաները կը գործածէին սրբազան ծառայութիւն մատուցանելէ առաջ լուացուելու համար։ Աստուծոյ հոգեւոր տաճարի կարգադրութեան մէջ այս բաները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

12 Յիսուս Քրիստոսի պարագային, քահանաներուն ներքին գաւիթը կը պատկերացնէր իր անմեղ վիճակը, որպէս Աստուծոյ կատարեալ մարդկային Որդին։ Քանի որ Յիսուսի զոհագործութեան հաւատք կ’ընծայեն, Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն արդարութիւն վերագրուած է։ Հետեւաբար, Աստուած կրնայ իրաւացիօրէն անոնց հետ վարուիլ որպէս թէ անոնք մեղքէ զերծ ըլլան։ (Հռովմայեցիս 5։1. 8։1, 33) Ուստի, այս գաւիթը նաեւ կը պատկերացնէ մարդոց շնորհուած արդար վիճակ, որ սուրբ քահանայութեան պատկանող իւրաքանչիւր անդամ կը վայելէ Աստուծոյ առջեւ։ Այսուհանդերձ, օծեալ Քրիստոնեաները տակաւին անկատար ու մեղք գործելու ենթակայ են։ Գաւիթին մէջ գտնուող աւազանը կը պատկերացնէ Աստուծոյ Խօսքը, զոր Քահանայապետը կը գործածէ սուրբ քահանայութիւնը աստիճանաբար մաքրելու համար։ Մաքրելու այս գործողութեան ենթարկուելով, անոնք փառաւոր երեւոյթ մը ձեռք ձգած են, որ Աստուած կը պատուէ ու դրսեցիները իր մաքուր պաշտամունքին կը քաշէ։—Եփեսացիս 5։25, 26. բաղդատել Մաղաքեայ 3։1–3։

Սրբութիւնը

13, 14. (ա) Յիսուսի ու իր օծեալ հետեւորդներուն պարագային, տաճարին Սրբութիւնը ի՞նչ կը պատկերացնէ։ (բ) Ոսկիէ աշտանակը ի՞նչ կը պատկերացնէ։

13 Տաճարին առաջին մասը կը պատկերացնէ գաւիթին պատկերացուցած վիճակէն գերակայ վիճակ մը։ Յիսուս Քրիստոս կատարեալ մարդուն պարագային, անիկա կը պատկերացնէ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր Որդի անոր վերստին ծնունդը, որու վիճակուած է երկնային կեանքի վերադառնալ։ Քրիստոսի թափած արեան հաւատք ընծայելուն հիման վրայ արդար յայտարարուելէ ետք, օծեալ հետեւորդներն ալ Աստուծոյ հոգիին այս մասնաւոր գործընթացին փորձառութիւնը կ’ունենան։ (Հռովմայեցիս 8։14–17) Անոնք «ջուրէն [իրենց մկրտութիւնը] ու հոգիէն» ‘նորէն կը ծնանին’ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ։ Այս հանգամանքով, անոնք որպէս Աստուծոյ հոգեղէն որդիներ, երկնային կեանքի յարուցանուելու յոյսը ունին, պայմանաւ որ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնան։—Յովհաննու 3։5, 7. Յայտնութիւն 2։10

14 Երկրային տաճարին Սրբութեան մէջ ծառայող քահանաները չէին տեսնուեր դուրսը գտնուող երկրպագուներուն կողմէ։ Նմանապէս, օծեալ Քրիստոնեաները հոգեւոր վիճակ մը կը վայելեն, որու չեն մասնակցիր կամ լիովին չեն ըմբռներ Աստուծոյ երկրպագուներէն շատեր, որոնց յոյսն է դրախտային երկրի մը մէջ յաւիտեան ապրիլ։ Տաղաւարին ոսկիէ աշտանակը կը պատկերացնէ օծեալ Քրիստոնեաներուն լուսաւորուած վիճակը։ Ճրագներուն մէջ եղած իւղին նման, Աստուծոյ սուրբ հոգին Աստուածաշունչին վրայ լոյս կը սփռէ։ Որպէս հետեւանք Քրիստոնեաները իրենց ձեռք ձգած հասկացողութիւնը իրենց չեն պահեր։ Այլ, անոնք Յիսուսի կը հնազանդին, որ ըսաւ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը. . . . թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։—Մատթէոս 5։14, 16

15. Առաջաւորութեան հացի սեղանին հացը ի՞նչ կը պատկերացնէ։

15 Այս լուաւորուած վիճակին մէջ մնալու համար, օծեալ Քրիստոնեաները կանոնաւորաբար պէտք է կերակրուին այն բանով որ առաջաւորութեան հացի սեղանին հացով պատկերացուած է։ Անոնց հոգեւոր կերակուրի գլխաւոր աղբիւրը Աստուծոյ Խօսքն է, զոր կը ջանան ամէն օր կարդալ ու անոր վրայ խոկալ։ Յիսուս նաեւ խոստացաւ «ատենին անոնց կերակուր» հայթայթել իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45) Այս «ծառան» երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներու ամբողջ մարմինն է, որեւէ տուեալ ժամանակի մէջ։ Քրիստոս այս օծեալ մարմինը գործածած է Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարման վերաբերեալ տեղեկութիւններ հրատարակելու եւ արդի կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելու նկատմամբ ժամանակայարմար ուղղութիւն տալու համար։ Հետեւաբար, օծեալ Քրիստոնեաները գնահատութեամբ կը կերակրուին այս հոգեւոր հայթայթումներով։ Սակայն անոնց հոգեւոր կեանքին պահպանութիւնը միմիայն Աստուծոյ գիտութիւնը իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ տեղաւորելէն կախեալ չէ։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ (Յովհաննու 4։34) Նոյնպէս, օծեալ Քրիստոնեաները գոհունակութիւն կը վայելեն, Աստուծոյ յայտնուած կամքը ամէն օր ջանադրութեամբ կատարելով։

16. Խունկի սեղանին վրայ մատուցուած ծառայութիւնը ի՞նչ կը պատկերացնէ։

16 Առտու եւ իրիկուն, քահանայ մը Աստուծոյ խունկ կը մատուցանէր Սրբութեան մէջ գտնուող խունկի սեղանին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, քահանայ չեղող երկրպագուներ տաճարին արտաքին գաւիթներուն մէջ կայնած՝ Աստուծոյ կ’աղօթէին։ (Ղուկաս 1։8–10) Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ «Խունկ»ը՝ «սուրբերուն աղօթքներն» է։ (Յայտնութիւն 5։8) «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ», գրեց սաղմոսերգու Դաւիթ։ (Սաղմոս 141։2) Օծեալ Քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ աղօթքով Եհովայի մօտենալու իրենց առանձնաշնորհումին վրայ ալ կը գուրգուրան։ Սրտէն բխած ջերմեռանդ աղօթքները անուշահոտ խունկի նման են։ Օծեալ Քրիստոնեաները ուրիշներու սորվեցնելու համար իրենց շրթները գործածելով ալ Աստուած կը փառաբանեն։ Դժուարութիւններու դիմաց անոնց համբերութիւնը եւ փորձութեանց ներքեւ անոնց ուղղամտութիւնը յատկապէս հաճելի են Աստուծոյ։—Ա. Պետրոս 2։20, 21

17. Քաւութեան Օրը, քահանայապետին առաջին անգամ Սրբութիւն Սրբութեանց մտնելը մարգարէական ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէր։

17 Քաւութեան Օրը, Իսրայէլի քահանայապետը պէտք էր Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնէր ու խունկ ծխէր կրակի կայծեր պարունակող ոսկիէ բուրվառի մը վրայ։ Ասիկա պէտք էր ընէր մեղքի պատարագին արիւնը ներս բերելէ առաջ։ Այս մարգարէական պատկերին առ ի կատարում, Յիսուս մարդը Եհովայի հանդէպ բացարձակ ուղղամտութիւն պահեց, իր կեանքը մեր մեղքերուն համար մշտատեւ մէկ զոհ մատուցանելէ առաջ։ Այսպիսով ան ցոյց տուաւ որ կատարեալ մարդ մը կրնայ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահել, Սատանան ի՛նչ ճնշում ալ բերէ իր վրայ։ (Առակաց 27։11) Երբ փորձութեան ենթարկուեցաւ, Յիսուս «սաստիկ գոչումով ու արցունքով» աղօթեց եւ «լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 5։7) Այս կերպով ան Եհովան փառաւորեց որպէս տիեզերքի արդար ու իրաւացի Գերիշխանը։ Աստուած վարձատրեց Յիսուսը, զինք մեռելներէն յարուցանելով երկնային անմահ կեանքի համար։ Այս բարձրացեալ դիրքով, Յիսուս այժմ իր երկիր գալուն երկրորդ պատճառին, ուշադրութիւն կ’ընծայէ որ է՝ զղջացած մարդիկը Աստուծոյ հետ հաշտեցնել։—Եբրայեցիս 4։14–16

Աստուծոյ Հոգեւոր Տաճարին Աւելի Մեծ Փառքը

18. Եհովա իր հոգեւոր տաճարը ինչպէ՞ս ուշագրաւ կերպով փառաւորած է։

18 Եհովա նախագուշակեց. «Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ»։ (Անգեայ 2։9) Յիսուսը որպէս անմահ Թագաւոր ու Քահանայապետ յարուցանելով, Եհովա իր հոգեւոր տաճարը արտակարգ կերպով փառաւորեց։ Հիմա Յիսուս ի վիճակի է «բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ» ըլլալու։ (Եբրայեցիս 5։9) Առաջին անհատները որոնք այսպիսի հնազանդութիւն ցուցաբերեցին, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին ստացող 120 աշակերտներն էին։ Յայտնութիւն գիրքը կը նախագուշակէր որ Իսրայէլի այս հոգեւոր որդիներուն թիւը ի վերջոյ 144,000 պիտի ըլլար։ (Յայտնութիւն 7։4) Մեռնելէ ետք, անոնցմէ շատեր մարդկութեան հասարակ գերեզմանին մէջ, անգիտակից վիճակի մէջ պիտի մնային, թագաւորական հեղինակութեամբ Յիսուսի ներկայութեան ժամանակին սպասելով։ Դանիէլ 4։10–17, 20–27–ի մարգարէական ժամանակագրութիւնը կը մատնանշէ 1914–ին, որպէս այն ժամանակը, երբ Յիսուս պիտի սկսէր իշխել իր թշնամիներուն մէջտեղ։ (Սաղմոս 110։2) Տասնամեակներ առաջ, օծեալ Քրիստոնեաներ անձկագին սպասեցին այդ թուականին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ մարդկութեան վրայ անոր ընկերակցող վայերը փաստեցին որ Յիսուս արդարեւ 1914–ին որպէս Թագաւոր գահակալուած էր։ (Մատթէոս 24։3, 7, 8) Անկէ քիչ ետք, ժամանակը հասած ըլլալով որ «դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի», Յիսուս մահուան մէջ քնացող իր օծեալ աշակերտներուն տուած իր հետեւեալ խոստումը պիտի կատարէր. «Նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ»։—Ա. Պետրոս 4։17. Յովհաննու 14։3

19. 144,000–ին մնացորդը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ երկնային Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնել։

19 Սուրբ քահանայութեան 144,000 բոլոր անդամները վերջնականապէս չեն կնքուած ու հաւաքուած իրենց երկնային բնակարանին մէջ։ Անոնցմէ մնացորդ մը տակաւին երկրի վրայ կ’ապրի Սրբութիւնով պատկերացուած հոգեւոր վիճակին մէջ, Աստուծոյ սրբազան ներկայութենէն զատուած ըլլալով «վարագոյր»ով կամ արգելքով մը, որ է իրենց մսեղէն մարմինը։ Երբ հաւատարմօրէն մեռնին, անոնք իսկոյն կը յարուցանուին որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ, միանալով արդէն երկինք գտնուող 144,000–ի մնացեալ անդամներուն։—Ա. Կորնթացիս 15։51–53

20. Ներկայիս սուրբ քահանայութեան մնացեալ անդամները ի՞նչ կենսական գործ կը կատարեն, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

20 Այսքան շատ քահանաներ երկնքի մէջ մեծ Քահանայապետին կողքին ծառայելով, Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը յաւելեալ փառք ստացած է։ Մինչ այդ, սուրբ քահանայութեան մնացեալ անդամները արժէքաւոր գործ մը կը կատարեն երկրի վրայ։ Անոնց քարոզչութեամբ, Աստուած ‘բոլոր ազգերը կը շարժէ’ իր դատաստանական արտայայտութիւններով, ինչպէս նախագուշակուած է Անգեայ 2։7–ին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, միլիոնաւոր երկրպագուներ, որոնք նկարագրուած են որպէս «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները», Եհովայի տաճարին երկրային գաւիթները կը խուժեն։ Ասոնք ինչպէ՞ս կը յարմարին պաշտամունքի համար Աստուծոյ ըրած կարգադրութեան, եւ իր հոգեւոր մեծ տաճարին համար ապագայ ի՞նչ փառք կրնանք ակնկալել։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

Վերաքաղի հարցումներ

◻ Հ.Դ. 29–ին, Յիսուս ի՞նչ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։

◻ Հ.Դ. 29–ին, ի՞նչ կարգադրութիւն ի զօրու եղաւ։

◻ Սրբութիւնը եւ Սրբութիւն Սրբութեանցը ի՞նչ կը պատկերացնեն։

◻ Հոգեւոր մեծ տաճարը ինչպէ՞ս փառաւորուած է։

[Նկար՝ էջ 15]

Հ.Դ. 29–ին, երբ Յիսուս սուրբ հոգիով օծուեցաւ, Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարը սկսաւ ի զօրու ըլլալ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել