Յիսուսի գալո՞ւստը՝ թէ ներկայութիւնը
«Քու գալուստիդ [ներկայութեանդ, ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3
1. Յիսուսի ծառայութեան մէջ հարցումները ի՞նչ տեղ կը գրաւէին։
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ուղղելու Յիսուսի ճարտար կերպը, կը մղէր որ իր ունկնդիրները մտածեն, նոյնիսկ նոր աչքով նային խնդրին։ (Մարկոս 12։35–37. Ղուկաս 6։9. 9։20. 20։3, 4) Երախտապարտ ենք որ ան հարցումներուն ալ կը պատասխանէր։ Իր պատասխանները կարգ մը ճշմարտութիւններ կը լուսաբանեն, որ ուրիշ կերպով կարելի չէր հասկնալ։—Մարկոս 7։17–23. 9։11–13. 10։10–12. 12։18–27
2. Հիմա մեր ուշադրութիւնը ո՞ր հարցումին պիտի դարձնենք։
2 Մատթէոս 24։3–ի մէջ, կարեւորագոյն հարցումներէն մէկը կը գտնենք, որու Յիսուս պատասխանեց։ Յիսուսի երկրային կեանքը իր աւարտին կը մօտենար եւ ան տակաւին նոր խօսած էր Երուսաղէմի տաճարին կործանման մասին, որով Հրէական դրութիւնը վերջ պիտի գտնէր։ Մատթէոսի տեղեկութիւնը կ’աւելցնէ. «Երբոր անիկա Ձիթենեաց լեռը նստեր էր, աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. ‘Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայուսթեանդ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։
3, 4. Յատկանշական ի՞նչ տարբերութիւն կայ Մատթէոս 24։3–ի գլխաւոր բառին ի՛նչպէս թարգմանուած ըլլալուն մէջ։
3 Աստուածաշունչ կարդացող միլիոնաւոր անհատներ հարց տուած են թէ աշակերտները ի՛նչու ուղղեցին այդ հարցումը եւ Յիսուսի պատասխանը ի՛նչ ազդեցութիւն ունի իրենց վրայ։ Իր պատասխանին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ տերեւներուն ցցուիլը կր նշէր որ ամառը «մօտ է»։ (Մատթէոս 24։32, 33) Ուստի, շատ եկեղեցիներ կը սորվեցնեն որ առաքեալները Յիսուսի «գալուստ»ը, իր վերադարձը ապացուցանող նշան մը կ’ուզէին։ Անոնք կը հաւատան որ իր «գալուստ»ին, Յիսուս Քրիստոնեաները երկինք պիտի առնէ եւ ապա աշխարհի վախճանը պիտի բերէ։ Կը խորհի՞ք որ այս բացատրութիւնը շիտակ է։
4 Փոխանակ «գալուստ» թարգմանելու, Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ, մէջը ըլլալով Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, կը գործածեն «ներկայութիւն» բառը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ աշակերտներուն հարցումը եւ Յիսուսի տուած պատասխանը եկեղեցիներուն սորվեցուցածէն տարբեր էր։ Յիսուսի պատասխանը ի՞նչ էր։
Անոնք Ի՞նչ կը Հարցնէին
5, 6. Երբ առաքեալները Մատթէոս 24։3–ի հարցումը ուղղեցին, իրենց մտքին մէջ ի՞նչ ունենալու էին։
5 Տաճարին մասին Յիսուսի ըսածը նկատի ունենալով, աշակերտները հաւանաբար տաճարին շուրջ կեդրոնացած Հրէական դրութեան մասին կը մտածէին, երբ ‘իր ներկայութեան [կամ, «գալուստին»] եւ իրերու դրութեան [բառացիօրէն, «դարաշրջան»] վախճանին մասին նշան մը’ ուզեցին։—Համեմատել Գաղատացիս 1։4–ի «Աշխարհ» բառին հետ։
6 Առաքեալները այդ ժամանակ Յիսուսի ուսուցումին մասին շատ սահմանափակ հասկացողութիւն մը ունէին։ Անոնք տակաւին քիչ առաջ երեւակայած էին որ «շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի»։ (Ղուկաս 19։11. Մատթէոս 16։21–23. Մարկոս 10։35–40) Նոյնիսկ, Ձիթենեաց Լերան վրայի խօսակցութենէն ետք՝ բայց սուրբ հոգիով օծուելէն առաջ՝ անոնք հարցուցին որ Յիսուս Իսրայէլի Թագաւորութիւնը նորէ՞ն պիտի հաստատէր։—Գործք 1։6
7. Առաքեալները Յիսուսի ապագայ դերին մասին ի՞նչու հարցումներ ուղղեցին։
7 Անոնք գիտէին որ Յիսուս պիտի մեկնէր, քանի որ տակաւին վերջերս անոնց ըսած էր. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք»։ (Յովհաննու 12։35. Ղուկաս 19։12–27) Շատ հաւանաբար, անոնք իրենք իրենց հարց տուած ըլլալու էին. ‘Եթէ Յիսուս պիտի երթայ, ի՞նչպէս պիտի գիտնանք իր վերադարձը’։ Երբ ան որպէս Մեսիա յայտնուեցաւ, շատեր չընդունեցին զինք։ Իսկ անկէ աւելի քան տարի մը ետք, հարց կու տային թէ արդեօք ան Մեսիայի ընելիք բոլոր բաները պիտի ընէ՞ր։ (Մատթէոս 11։2, 3) Ուստի, առաքեալները պատճառ ունէին ապագայի մասին մտահոգուելու։ Բայց դարձեալ, արդեօք անոնք իր շուտով գալուն մասի՞ն նշան կ’ուզէին, թէ ոչ ուրիշ բան կը հարցնէին։
8. Առաքեալները հաւանաբար ի՞նչ լեզուով կը խօսէին Յիսուսի հետ։
8 Երեւակայեցէք որ դուք Ձիթենեաց Լերան վրայի խօսակցութիւնը լսող թռչուն մըն էք։ (Բաղդատել Ժողովողի 10։20։) Հաւանաբար պիտի լսէիք որ Յիսուս եւ առաքեալները Եբրայերէն կը խօսէին։ (Մարկոս 14։70. Յովհաննու 5։2. 19։17, 20. Գործք 21։40) Բայց հաւանաբար Յունարէն ալ գիտէին։
Մատթէոս Ի՛նչ Գրեց Յունարէնով
9. Մատթէոսի Աւետարանին արդի թարգմանութիւններէն շատերը ի՞նչի վրայ հիմնուած են։
9 Հ.Դ. երկրորդ դարու աղբիւրներ կը նշեն որ Մատթէոս նախ իր Աւետարանը Եբրայերէն գրեց եւ ըստ երեւոյթին հետագային Յունարէնով ալ գրեց։ Յունարէն բազմաթիւ ձեռագիրներ հասած են մեզի եւ որոնք իր Աւետարանը արդի լեզուներու թարգմանելու հիմ ծառայած են։ Մատթէոս Ձիթենեաց Լերան վրայի այդ խօսակցութիւնը Յունարէնով ի՞նչպէս գրեց։ Ան ի՞նչ գրեց աշակերտներուն հարցուցած «գալուստ»ին կամ «ներկայութեան» եւ Յիսուսի տուած պատասխանին մասին։
10. (ա) Մատթէոս յաճախ ի՞նչ բառ կը գործածէ «գալ» բառին համար եւ անիկա ի՞նչ նշանակութիւններ կրնայ ունենալ։ (բ) Յունարէն ո՞ր բառն ալ մեզ կը հետաքրքրէ։
10 Մատթէոսի առաջին 23 գլուխներուն մէջ, աւելի քան 80 անգամ կը գտնենք «գալ» Յունարէն սովորական բայը, որ է՝ էրխոմէ (er’kho·mai)։ Անիկա յաճախ մերձենալու կամ մօտենալու գաղափարը կը հաղորդէ, ինչպէս Յովհաննու 1։47–ին մէջ. «Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար»։ Էրխոմէ բայը գործածութեան համաձայն կը նշանակէ «գալ» «երթալ» «ժամանել» «հասնիլ» կամ «ճամբայ ելլել»։ (Մատթէոս 2։8, 11. 8։28. Յովհաննու 4։25, 27, 45. 20։4, 8. Գործք 8։40. 13։51) Բայց Մատթէոս 24։3, 27, 37, 39–ի մէջ, Մատթէոս կը գործածէ տարբեր բառ մը. գոյական մը որ ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ կը գտնուի, որ է՝ բարուսիա (pa·rou·si’a)։ Քանի որ Աստուած ներշնչեց Աստուածաշունչի գրութիւնը, Ան ի՞նչու մղեց որ Մատթէոս այս համարներուն մէջ այս բառը գործածէ, երբ իր Աւետարանը կը գրէր Յունարէնով։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ի՛նչու պէտք է փորձենք գիտնալ զայն։
11. (ա) Բարուսիա բառին իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Յովսեփոսի գրութիւններէն կարգ մը օրինակներ, բարուսիա բառին մասին մեր հասկացողութիւնը ի՞նչպէս կ‘ընդլայնեն։ (Տես ստորանիշը։)
11 Բարուսիա ուղղակիօրէն կը նշանակէ «ներկայութիւն»։ Բառարան մը (Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words) կ’ըսէ. «ԲԱՐՈՒՍԻԱ, . . . բառացիօրէն՝ ներկայութիւն. բարա՝ հետ եւ ուսիա՝ գոյութիւն (էիմի, ըլլալ բառէն), որ կը նշէ թէ՛ հասնելու եւ թէ որպէս հետեւանք՝ ներկայութեան։ Օրինակ, պապիրոսի վրայ գրուած նամակի մը մէջ, տիկին մը կը խօսի վայրի մը մէջ իր բարուսիա–ին մասին, որպէսզի իր ստացուածքին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու ներկայ գտնուի։ Ուրիշ բառարաններ կը բացատրեն որ բարուսիա–ն կը նշէ ‘կառավարիչի մը այցելութեան’։ Ուստի, հարցը պարզապէս հասնելու պահը չէ, այլ հասնելէ ետք որոշ ժամանակ երկարող ներկայութիւնն է։ Շահեկան է գիտնալ թէ Հրեայ պատմաբան Յովսեփոս, որ առաքեալներու ժամանակակից էր, այս ձեւով գործածած է բարուսիան։a
12. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը հաստատէ բարուսիա–ի իմաստը։
12 Հին գրականութիւնը իրապէս կ’արդարացնէ «ներկայութիւն» իմաստը, սակայն Քրիստոնեաները մասնաւորաբար հետաքրքրուած են թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչպէս կը գործածէ բարուսիա–ն։ Կրնանք ըսել որ գործածութիւնը նոյնն է՝ ներկայութիւն։ Ասիկա կը տեսնենք Պօղոսի նամակներուն մէջ տրուած օրինակներով։ Ան Փիլիպպեցիներուն գրեց. «Ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»։ Ան նաեւ խօսեցաւ անոնց հետ մնալու մասին, որպէսզի ուրախանային ‘իր նորէն գալուն [բարուսիա] պատճառով’։ (Փիլիպպեցիս 1։25, 26. Փիլիպպեցիս 2։12) Ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն՝ «վերստին գամ ձեր մօտ» (Արեւելահայերէն նոր թարգ.). «Երբ անգամ մը եւս ձեր հետ ըլլամ» (Jerusalem Bible; New English Bible). եւ՝ «Երբ անգամ մը եւս զիս ձեր մէջ ունենաք» (Twentieth Century New Testament)։ Բ. Կորնթացիս 10։10, 11–ի մէջ (ՆԱ), Պօղոս «իր անձով ներկայութիւնը» կը հակադրէ իր «բացակայութեան» հետ։ Այս օրինակներուն մէջ, յստակ է որ ան չէր խօսեր իր մօտենալուն կամ հասնելուն մասին, քանի որ բարուսիա բառը կը գործածէ՝ ներկայ ըլլալու իմաստով։b (Տես՝ Ա. Կորնթացիս 16։17։) Իսկ երբ Յիսուսի բարուսիա–ին ակնարկութիւններ եղած են, անոնց մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Արդեօք անոնք իր «գալո՞ւն» կ’ակնարկեն, թէ ոչ երկարատեւ ներկայութիւն կը նշեն։
13, 14. (ա) Ի՞նչու պէտք է եզրակացնենք որ բարուսիա–ն որոշ ժամանակ մը տեւէ։ (բ) Յիսուսի բարուսիա–ի երկարութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
13 Պօղոսի օրերուն հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները հետաքրքրուած էին Յիսուսի բարուսիա–ով։ Բայց Պօղոս անոնց գրեց որ ‘շուտ մը չխախտին իրենց մտքէն’։ Նախ «անօրէնութեան մարդը» պէտք էր յայտնուէր, ինչ որ փաստուեցաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ըլլալ։ Պօղոս գրեց որ «անօրէնին գալը [ներկայութիւնը] Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2, 3, 9) Բացայայտ էր որ «անօրէնութեան մարդ»ուն բարուսիա–ն կամ ներկայութիւնը միայն որոշ ժամու մը հասնիլ պիտի չըլլար. անիկա ժամանակ մը պիտի երկարէր, որու ընթացքին սուտ նշաններ պիտի կատարուէին։ Ասիկա ի՞նչու իմաստալից է։
14 Ճիշդ անկէ առաջուան համարը նկատի առէք. «Պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը Յիսուս իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին [ներկայութեան] յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ»։ Ճիշդ ինչպէս որ «անօրէնութեան մարդ»ուն ներկայութիւնը ժամանակաշրջան մը պիտի տեւէր, Յիսուսի ներկայութիւնն ալ որոշ ժամանակ պիտի երկարէր եւ այդ անօրէն «կորստեան որդի»ին կործանումով իր յանգումին պիտի հասնէր։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։8
Եբրայերէն Լեզուին Երեւոյթները
15, 16. (ա) Մասնայատուկ ի՞նչ բառ գործածուած է Մատթէոսի Եբրայերէն բազմաթիւ թարգմանութիւններու մէջ։
15 Ինչպէս նշուեցաւ, բացայայտ է որ Մատթէոս իր Աւետարանը գրեց նախ Եբրայերէնով։ Արդ, ան Մատթէոս 24։3, 27, 37, 39–ի մէջ ի՞նչ բառ գործածեց։ Արդի Եբրայերէնով եղած թարգմանութիւնները կը գործածեն բայի կերպ մը՝ պոհ՝ թէ առաքեալներուն հարցումին եւ թէ Յիսուսի պատասխանին մէջ։ Ուրեմն հետեւեալ կերպով կը կարդացուի. «Քու [պոհ–իդ] եւ աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ». եւ «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ [պոհ–ն] ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ Արդ, ի՞նչ կը նշանակէ պոհ։
16 Թէեւ շատ իմաստներ ունի, սակայն Եբրայերէն պոհ բայը հիմնականօրէն կը նշանակէ «գալ»։ Բառարան մը (The Theological Dictionary of the Old Testament) կ’ըսէ. ‘Պոհը՝ որ 2,532 անգամ կ’անցնի՝ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ամենէն յաճախ գործածուած բայն է եւ շարժում արտայայտող բայերուն գլխաւորն է’։ (Ծննդոց 7։1, 13. Ելից 12։25. 28։35. Բ. Թագաւորաց 19։30. Դ. Թագաւորաց 10։21. Սաղմոս 65։2. Եսայեայ 1։23. Եզեկիէլ 11։16. Դանիէլ 9։13. Ամովս 8։11) Եթէ Յիսուս եւ առաքեալները ա՛յսքան տարբեր իմաստներ ունեցող բառ գործածած ըլլային, անոր իմաստը վիճելի կրնար ըլլալ։ Բայց արդեօք անոնք պոհ բա՞ռը գործածեցին։
17. (ա) Մատթէոսի արդի Եբրայերէն թարգմանութիւններ ի՞նչու անպայմանօրէն չեն արտայայտեր Յիսուսի եւ առաքեալներուն միտքը։ (բ) Ուրիշ ի՞նչ աղբիւրէ կրնանք գիտնալ թէ Յիսուս եւ Առաքեալները ի՞նչ բառ գործածած ըլլալու էին, իսկ ուրիշ ի՞նչ պատճառով այս աղբիւրը մեզ կը հետաքրքրէ։ (Տես ստորանիշը։)
17 Մի՛ մոռնաք որ արդի Եբրայերէն Աստուածաշունչերը թարգմանութիւններ են եւ կրնան Եբրայերէնով Մատթէոսի արտայայտած ճիշդ միտքը չարտայայտել։ Իրողութիւնը այդ է որ Յիսուս պոհ–էն զատ ուրիշ բառ մը գործածած ըլլալու էր, բառ մը որ բարուսիա–ի միտքը կ’արտայայտէ։ Ասիկա կը տեսնենք Ուսուցչապետ Ճորճ Հոուըրտի կողմէ պատրաստուած եւ 1995–ին հրատարակուած՝ Մատթէոսի Աւետարանը Եբրայերէնով՝ գրքին մէջ։ Անիկա կը խօսի ԺԴ. դարու Հրեայ բժիշկ Շէմ–Թոպ պէն Իսաակ Իպն Շափրութի Քրիստոնեայ Աշխարհի դէմ կատարած բանակռիւի մը մասին։ Այդ արձանագարութիւնը կը ներկայացնէր Մատթէոսի Աւետարանի Եբրայերէն բնագիր մը։ Լաւ պատճառներ ունինք խորհելու որ Մատթէոսի այս գրութիւնը Շէմ–Թոպի ժամանակ լատիներէնէն կամ Յունարէնէն թարգմանուած ըլլալու չէր, այլ անիկա շատ աւելի հին ըլլալու էր եւ սկիզբէն Եբրայերէնով գրուած ըլլալու էր։c Հետեւաբար, անիկա Ձիթենեաց Լերան վրայ ըսուածին շատ աւելի մօտ էր։
18. Շէմ–Թոպը ուրիշ ի՞նչ հետաքրքրական բառ մը գործածած է եւ անիկա ի՞նչ իմաստ ունի։
18 Շէմ–Թոպի գրութիւնը, Մատթէոս 24։3, 27, 39–ի մէջ պոհ բայը չի գործածեր, հապա, անոր հետ առնչութիւն ունեցող պիահ գոյականը կը գործածէ։ Այս գոյականը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ կը գտնուի միայն Եզեկիէլ 8։5–ի մէջ, ուր կը նշանակէ «մուտք»։ Ուրեմն պիահը փոխանակ գալ իմաստը կրելու, կ’ակնարկէ շէնքի մը մուտքին։ Երբ մուտքի մը մէջ կամ սեմի մը առջեւ էք, ուրեմն այդ շէնքին մէջ կը գտնուիք։ Մեռեալ Ծովու մագաղաթներու մէջ գտնուող ոչ–սուրբ գրային կրօնական արձանագրութիւններն ալ յաճախ կը գործածեն պիահ բառը, երբ հասնելու, կամ քահանայական սպասարկութիւններու սկսելու կ’ակնարկեն։ (Տես Ա. Մնացորդաց 24։3–19. Ղուկաս 1։5, 8, 23։) Իսկ 1986–ին լոյս տեսած, հին Սիրիագ (կամ՝ Արամերէն) Փէշիթա–ի Եբրայերէն թարգմանութիւնը, Մատթէոս 24։3, 27, 37, 39–ին մէջ կը գործածէ պիահ բառը։ Ուստի, կ’ապացուցուի որ անցեալին՝ պիահ գոյականին իմաստը քիչ մը տարբեր էր Աստուածաշունչին մէջ գործածուած պոհ բայէն։ Ասիկա ի՞նչու հետաքրքրական է։
19. Եթէ Յիսուս եւ առաքեալները գործածած են պիահ բառը, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։
19 Առաքեալները իրենց հարցումին ու Յիսուս իր պատասխանին մէջ գործածած ըլլալու էր պիահ գոյականը։ Եթէ նոյնիսկ առաքեալները պարզապէս Յիսուսի ապագայ գալուն մասին կը մտածէին, Քրիստոս պիահ բառը գործածած ըլլալու է անոնց խորհուրդներէն անդին անցնելով, իր նոր պաշտօնը կատարելու, կամ նոր դերը ստանձնելու համար իր գալուն մատնանշելու համար։ Ասիկա ներդաշնակ է հետագային Մատթէոսի գործածած բարուսիա–ի իմաստին հետ։ Պիահ բառին այս գործածութիւնը Եհովայի Վկաներու սկզբնական ուսուցումին թիկունք կը կագնի, թէ՝ Յիսուսի տուած բաղադրեալ «նշան»ը պիտի նշէր որ ինք ներկայ էր։
Իր Ներկայութեան Յանգումը Սպասենք
20, 21. Նոյի օրերուն մասին Յիսուսի տուած բացատրութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
20 Յիսուսի ներկայութեան մասին մեր ուսումնասիրութիւնը ուղղակի ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր կեանքին եւ մեր ակնկալութիւններուն վրայ։ Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց որ արթուն մնան։ Ան նշան մը տուաւ, որպէսզի իր ներկայութիւնը գիտցուի՝ թէեւ շատերու կողմէ անիկա աննկատ պիտի մնար. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն [ներկայութիւնն] ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։37–39
21 Նոյի օրերուն, այդ սերունդէն շատեր իրենց բնականոն կեանքը շարունակեցին։ Յիսուս նախագուշակեց որ «Որդի մարդոյ [ներկայութիւնն] ալ այնպէս պիտի ըլլա»ր։ Նոյի ժամանակակիցները թերեւս չխորհեցան որ բան մը պիտի պատահէր։ Բայց գիտէք որ պարագան այդ չէր։ Այդ օրերը՝ որ շրջան մը տեւեց՝ գագաթնակէտի մը հասան, երբ «ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։ Ղուկաս նոյն տեղեկութիւնը կը ներկայացնէ, ուր Յիսուս «Նոյին օրերը» կը բաղդատէ «Որդի մարդոյ օրեր»ուն հետ եւ հետեւեալ ազդարարութիւնը կու տայ. «Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի»։—Ղուկաս 17։26–30
22. Ի՞նչու Մատթէոս 24–ի մէջ Յիսուսի տուած մարգարէութիւնով մասնաւորաբար հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։
22 Այս բոլորը մասնայատուկ նշանակութիւն մը ունին մեզի համար, քանի որ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ Յիսուսի ներկայութեան նշող դէպքերը կը տեսնենք. պատերազմներ, երկրաշարժներ, համաճարակներ, սովեր եւ իր աշակերտներուն դէմ հալածանք։ (Մատթէոս 24։7–9. Ղուկաս 21։10–12) Այսպիսի վիճակներ բացայայտ եղած են պատմութիւնը յեղաշրջող պատերազմով մը, որ իմաստալից կերպով կոչուեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ։ Թէեւ շատեր ասոնք մարդկային պատմութեան մէջ բնական երեւոյթներ կը նկատեն, սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս դէպքերուն իմաստը կ’ըմբռնեն, ճիշդ ինչպէս արթուն անհատներ թզենիին բողբոջիլը տեսնելով կը հասկնան որ ամառը մօտ է։ Յիսուս խրատեց. «Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։—Ղուկաս 21։31
23. Մատթէոս 24–րդ գլուխի խօսքերը որո՞նց համար մասնաւոր նշանակութիւն մը ունին եւ ի՛նչու։
23 Ձիթենեաց Լերան վրայ Յիսուսի տուած պատասխանը գլխաւորաբար ուղղուած էր իր հետեւորդներուն։ Քանի որ անոնք էին որ վախճանը գալէն առաջ համայն աշխարհի մէջ բարի լուրի փրկարար քարոզչութեան պիտի մասնակցէին։ Անոնք էին որ պիտի նկատէին «աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ . . . սուրբ տեղը կը կենայ»։ Դարձեալ անոնք էին որ մեծ նեղութենէն առաջ ընդառաջելով՝ պիտի ‘փախչէին’։ Մասնաւորաբար անոնց կը կիրարկուի հետեւեալ խօսքերը. «Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան»։ (Մատթէոս 24։9, 14–22) Սակայն այս իմաստալից խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն եւ ի՛նչու կրնանք ըսել որ անոնք ներկայիս մեր ուրախութիւնը, վստահութիւնը եւ եռանդը կ’աւելցնեն։ Մատթէոս 24։22–ը շօշափող յաջորդ յօդուածին ուսումնասիրութիւնը պիտի պատասխանէ այս հարցումին։
[Ստորանիշներ]
a Յովսեփոսի գրութիւններէն օրինակներ. Սինա Լերան վրայ կայծակը եւ ոռոտումը «ծանուցանեցին հոն Աստուծոյ ներկայութիւնը [բարուսիա]»։ Տաղաւարին մէջ հրաշալի յայտնութիւնը «ցոյց կու տար Աստուծոյ ներկայութիւնը [բարուսիան]»։ Եղիսէի ծառային տեսցնել տալով շրջապատող կառքերը, Աստուած «իր ծառային ցոյց տուաւ իր զօրութիւնը եւ ներկայութիւնը [բարուսիան]»։ Երբ Հռովմէացի Պետրոնիոս փորձեց հանդարտեցնել Հրեաները, Յովսեփոս կը դաւանի որ ‘Աստուած Պետրոնիոսի ցոյց տուաւ իր ներկայութիւնը [բարուսիան]»՝ անձրեւ ղրկելով։ Յովսեփոս բարուսիա բառը պարզ մօտենալու կամ պատահական հասնելու համար չգործածեց, այլ՝ շարունակուող, նոյնիսկ, անտեսանելի ներկայութեան ակնարկելու համար։ (Ելից 20։18–21. 25։22. Ղեւտացւոց 16։2. Դ. Թագաւորաց 6։15–17)—Բաղդատել Antiquities of the Jews, Մատեան Գ. Գլուխ Ե. պարբերութիւն 2 [80]. գուխ Ը. պարբերութիւն 5 [202]. Մատեան Թ. գլուխ Դ. պարբերութիւն 3. [55]. Մատեան ԺԸ. գլուխ Ը. պարբերութիւն 6 [284]
b Պուլինկըրի բառարանը (A Critical Lexicon and Concordance to the English and Greek New Testament) կը նշէ որ բարուսիա կը նշանակէ ‘գալ, կամ ներկայ ըլլալ, հետեւաբար՝ ներկայութիւն, հասնիլ. գալէն ետք մնայուն կերպով բնակելու գաղափարը պարունակելով»։
c Ապացոյցներէն մէկը այդ է որ անիկա 19 անգամ կը պարունակէ Եբրայերէն «Անունը» արտայայտութիւնը, ամբողջութեամբ կամ կրճատուած։ Ուսուցչապետ Հոուըրտ կը գրէ. «Հրեայ վիճասէրի մը կողմէ աստուածային անուան մէջբերումը Քրիստոնէական արձանագրութեան մը մէջ, շատ յատկանշական է։ Եթէ անիկա Լատիներէն կամ Յունարէն Քրիստոնէական արձանագրութենէն Եբրայերէնի թարգմանուած ըլլար, կ’ակնկալուէր հոն գտնել ատոնայ [Տէր] բառը եւ ոչ թէ աստուածային աննկարագրելի անունը խորհրդանշող ԵՀՎՀ–ն։ . . . Անհասկնալի պիտի ըլլար որ ի՛նք աւելցուցած ըլլար այդ աննկարագրելի անունը։ Շատ հաւանական է որ Շէմ–Թոպի ունեցած Մատթէոսի արձանագրութեան մէջ արդէն ըլլալու էր Աստուածային Անունը եւ զայն հանելու յանցանքին մէջ չիյնալու համար զայն պահած ըլլալու էր»։ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Վերագրեալ Թարգմանութիւնը կը գործածէ Շէմ–Թոպի Մատթէոսը, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութեանց մէջ աստուածային անունը գործածելու համար։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Ի՞նչու կարեւոր է տեսնել թէ Մատթէոս 24։3–ը ինչպէս տարբեր կերպերով թարգմանուած է։
◻ Բարուսիա–ին իմաստը ի՞նչ է եւ ասիկա ի՞նչու կը հետաքրքրէ մեզ։
◻ Մատթէոս 24։3–ի մէջ, ի՞նչ զուգահեռ կարելի է տեսնել Լատիներէնին եւ Յունարէնին մէջ։
◻ Մատթէոս 24–ը հասկնալու համար ժամանակի նկատմամբ ի՞նչ հիմնական բան մը պէտք է գիտնանք։