Հարցումներ ընթերցողներէն
Քանի մը տարիէ տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան որ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն թիւը քիչ մը բարձրացած է։ Ասիկա կը թելադրէ՞ թէ նոր անհատներ սուրբ հոգիով կ’օծուին։
Լաւ պատճառ ունինք հաւատալու որ 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներուն թիւը ամբողջացած է տասնեակ տարիներէ ի վեր։
Գործք 2։1–4–ի մէջ այդ սահմանափակ խումբին առաջին անդամներուն մասին կը կարդանք. «Երբ Պէտնէկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան մէկտեղ էին։ Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստակշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ սուրբ հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս հոգին իրենց խօսիլ կու տար»։
Ասկէ ետք, Եհովա ուրիշներ ալ ընտրեց եւ զանոնք օծեց իր սուրբ հոգիով։ Քրիստոնէութեան սկիզբի տարիներուն, հազարաւորներ աւելցան։ Մեր օրերուն, Յիշատակատօնի ընթացքին, դասախօսը յաճախ ներկաներուն ուշադրութեան կը յանձնէ Հռովմայեցիս 8։15–17–ի Պօղոս առաքեալի խօսքերը, ուր կ’ըսուի որ օծեալները ‘որդեգրութեան հոգին առին’։ Պօղոս հոն կ’աւելցնէ նաեւ որ անոնց ստացած սուրբ հոգին ‘վկայութիւն կու տայ իրենց հոգիին թէ իրենք Աստուծոյ որդիներ եւ Քրիստոսի ժառանգակցիներ են’։ Անոնք որոնք ի՛րապէս հոգիին օծութիւնը ունին, կասկած չունին այս մասին։ Անիկա պարզ իղձ մը կամ իրենց անձին մասին զգացական եւ անիրապաշտ տեսակէտ մը չէ։
Գիտենք որ երկնային այս կոչումը շարունակուեցաւ դարերու ընթացքին, թէեւ այդպէս կոչուած՝ Խաւար Դարի ընթացքին, հաւանաբար եղան ժամանակներ, երբ օծեալներուն թիւը շատ քիչ էր։a Անցեալ դարու վերջաւորութեան, ճշմարիտ Քրիստոնէութեան վերահաստատումով, շատ աւելի անհատներ կանչուեցան եւ ընտրուեցան։ Բայց այդպէս կը թուի որ 144,000 լման թիւը հիմնականօրէն ամբողջացած էր 1930–ական թուականներուն կիսուն։ Այն ատեն էր որ երկրային յոյս ունեցող հաւատարիմ Քրիստոնեաներու խումբ մը երեւան եկաւ։ Յիսուս զանոնք կոչեց «ուրիշ ոչխարներ», որոնք օծեալներուն հետ պաշտամունքի մէջ միացած՝ մէկ հօտ կը կազմեն։—Յովհաննու 10։14–16
Անցեալ տասնամեակներու իրողութիւնները կ’ապացուցանեն որ երկնային կոչումը ամբողջացած է եւ միեւնոյն ատեն Եհովա օրհնած է երթալով աւելցող «մեծ բազմութիւն»ը, որ կը յուսայ վերապրիլ ‘մեծ նեղութենէն’։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Օրինակ, 1935–ի Յիշատակատօնին, ուր 63,146 ներկաներ կային, իրենց օծեալ ըլլալը դաւանելու համար խորհրդանիշներուն մասնակցեցան 52,465 հոգի։ Երեսուն տարի ետք՝ 1965–ին՝ ներկաներուն թիւն էր 1,933,089, մինչ խորհրդանիշերուն մասնակցողներուն թիւը եղած էր 11,550։ Տակաւին 30 տարի ետք, 1995–ին, ներկաներուն թիւը բարձրացաւ 13,147,201–ի, բայց միայն 8,645 հոգի մասնակցեաւ հացին ու գինիին։ (Ա. Կորնթացիս 11։23–26) Բացայայտօրէն, տարիներու ընթացքին մնացորդէն ըլլալ դաւանողներուն թիւը մեծապէս նուազած է. 1935–ին՝ շուրջ 52,400, 1965–ին՝ 11,500, իսկ 1995–ին՝ 8,600 հոգի։ Սակայն երկրային յոյս ունեցողները օրհնուած են եւ անոնց թիւը մեծապէս աւելցած է։
Հրատարակուած վերջնագոյն տեղեկագրութիւնը՝ 1995–ին՝ ցոյց կու տայ որ նախկին տարուընէ 28 աւելի մասնակցողներ եղած են, թէեւ ներկայ եղողներուն հետ բաղդատած, մասնակցողներուն թիւը նուազած է։ Ամենայն դէպս քանի մը հոգի աւելի խորհրդանիշներուն մասնակցած ըլլալը մեզ պէտք չէ մտահոգէ։ Տարիներու ընթացքին ոմանք, երբեմն նոյնիսկ նոր մկրտուածներ սկսած են յանկարծ մասնակցիլ։ Շատ մը պարագաներուն, ատեն մը ետք անոնք գիտակցած են որ սխալած են։ Ոմանք ընդունած են որ թերեւս մարմնաւոր կամ մտային դժուարութիւններու ազդեցութեան տակ զգացականօրէն վարուած են։ Բայց վերջապէս անդրադարձած են որ իրապէս երկնային կեանքի կանչուած չեն։ Անոնք Աստուծմէ խնդրած են որ ողորմած հասկացողութիւն ցոյց տայ եւ շարունակած են իրեն ծառայել որպէս լաւ, հաւատարիմ Քրիստոնեաներ, երկրի վրայ յաւիտենական յոյսը մշակելով։
Ոեւէ մէկս մտահոգուելու կարիքը չունինք, երբ անհատ մը սկսի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ, կամ դադրի մասնակցելէ։ Իրապէս մեզի չի վերաբերիր թէ անհատ մը սուրբ հոգիով օծուած եւ երկնային կեանքի կանչուած է թէ ոչ։ Մի մոռնաք Յիսուսի տուած անխախտելի երաշխիքը. «Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս»։ Ճիշդ նոյնքան վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովան գիտէ թէ որոնց ընտրած է իր հոգեւոր որդիները ըլլալու համար։ Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու որ օծեալներուն թիւը երթալով պիտի նուազի, յառաջացած տարիքը եւ աննախատեսելի դիպուածներ իրենց երկրային կեանքին վերջ մը դնելով։ Սակայն, մինչ իրապէս օծուածները մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով կեանքի պսակը պիտի ստանան, միւս կողմէն, Գառնուկին արիւնով իրենց հանդերձները լուացած ուրիշ ոչխարները կ’ակնկալեն մօտալուտ մեծ նեղութենէն վերապրիլ։—Բ. Տիմոթէոս 4։6–8. Յայտնութիւն 2։10
[Ստորանիշ]
a Տես 15 Մարտ 1965–ի Դիտարանը, էջ 191–192 (Անգլ.)