Աւերակներու մէջ օգնութիւն հայթայթել
ԱՂԷՏԷՆ անմիջապէս ետք հայթայթուած օգնութեան համար մարդուն թափած ջանքերը արդարեւ գովելի են։ Օգնութեան ծրագիրներէն շատեր նպաստած են բնակարաններու վերաշինութեան, ընտանիքներու վերամիացման եւ մանաւանդ՝ կեանքերու փրկութեան։
Երբ աղէտ մը հարուածէ, Եհովայի Վկաները աշխարհային աղբիւրներու կողմէ մատակարարուած որեւէ օգնութիւն կ’օգտագործեն եւ ասոր համար երախտապարտ են։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք սուրբ գրային պարտաւորութիւնը ունին ‘բարիք ընելու ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն’։ (Գաղատացիս 6։10) Այո, Վկաները այնպէս մը կը զգան որպէս թէ ազգականական կապով իրարու միացած են, քանի որ անոնք զիրար կը նկատեն որպէս «ընտանիք»։ Անոր համար զիրար կը կոչեն «եղբայր» կամ՝ «քոյր»։—Բաղդատել՝ Մարկոս 3։31–35. Փիլիմոն 1, 2։
Ուստի, երբ աղէտ մը հարուածէ, շրջակայքի Եհովայի Վկաներու երէցները ճգնաջան կ’աշխատին, գիտնալու համար թէ ժողովքի իւրաքանչիւր անդամ ո՛ւր է եւ ի՛նչ բանի կարիքը ունի, հարկ եղած օգնութեան համար կարգադրութիւններ ընելով։ Նկատի առէք որ Կանայի՝ Ագգրա, Ա.Մ.Ն.ու՝ Սէն Էնճըլօ եւ Ճափոնի՝ Գոպէ քաղաքներուն մէջ ասիկա ի՛նչպէս փաստուեցաւ։
Ագգրա—«Նոյի Օրը՝ Պզտիկ Չափով»
Անձրեւը իրիկուան ժամը 11–ին սկսաւ տեղալ եւ առանց դադարելու ժամերով թափուեցաւ։ «Ա՛յնքան զօրաւոր կ’անձրեւէր որ ամբողջ ընտանիքս չկրցաւ քնանալ», կ’ըսէ Ճոն Թուիմասի՝ Ագգրայի Եհովայի Վկաներէն մէկը։ Տէյլի Կրէֆիքը զայն կոչեց՝ «Նոյի Օրը՝ Պզտիկ Չափով»։ Ճոն կը շարունակէ. «Փորձեցինք կարգ մը արժէքաւոր բաներ վերի յարկը՝ դրացիին տունը, բարձրացնել, բայց երբ սանդուխները տանող դուռը բացինք, ջուրը ներս խուժեց»։
Հեղինակութիւնները տուներէն հեռանալու ազդարարութիւն տուին, բայց շատեր վարանեցան, խորհելով որ պարապ տուն մը՝ որքան ալ ջուրով լեցուած ըլլայ՝ աւազակներու հրաւէր կու տայ։ Ուրիշներ եթէ ուզէին իսկ՝ չէին կրնար դուրս ելլել։ Փոլինա կոչուած աղջնակ մը կ’ըսէ. «Մայրս եւ ես չկրցանք դուռը բանալ։ Ջուրը երթալով կը բարձրանար, ուստի տախտակէ տակառներու վրայ կայնեցանք եւ առաստաղի գերաններէն մէկը բռնեցինք։ Վերջապէս առտուան ժամը հինգի ատենները, դրացիները մեզ ազատեցին»։
Անմիջապէս որ կարելի եղաւ, Եհովայի Վկաները գործի լծուեցան։ Պէաթրիս անունով Քրիստոնեայ քոյր մը կը պատմէ. «Ժողովքի երէցները մեզ կը փնտռէին, եւ մեզ գտան ուրիշ Վկայի մը տունը, ուր ապաստանած էինք։ Հեղեղէն միայն երեք օր ետք, երէցները եւ ժողովքի երիտասարդ անդամները մեր կողքին սկսան տան ներսի ու դուրսի ցեխերը քերել։ Դիտարանի Ընկերութիւնը մաքրադեղեր, հականեխիչներ, ներկ, անկողիններ, վերմակներ, եւ երախաներու համար հագուստեղէն հայթայթեց։ Եղբայրներ օրերով մեզի կերակուր ղրկեցին։ Ասիկա խորապէս յուզեց զիս»։
Վերը նշուած Ճոն Թուիմասին կը տեղեկագրէ. «Միւս վարձակալներուն ըսի որ մեր Ընկերութիւնը մեզի ամբողջ տունը մաքրելու բաւարար մաքրադեղեր եւ հականեխիչներ ղրկեց։ Շուրջ 40 վարձակալներ մաքրութեան մասնակցեցան։ Մաքրադեղերէն մաս մը դրացիներուս տուի, մէջը ըլլալով մարդու մը, որ շրջանի եկեղեցիին քահանան էր։ Գործակիցներս սխալ կերպով կը խորհէին որ Եհովայի Վկաները միայն իրենցմէ եղողներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տան»։
Եղբայրները եւ քոյրերը մեծապէս գնահատեցին իրենց տրուած օգնութիւնը։ Եղբայր Թուիմասին եզրակացուց. «Թէեւ հեղեղէն կորսնցուցածներս դրամական գետնի վրայ աւելի մեծ արժէք ունէին քան ինչ որ ստացայ, սակայն, Ընկերութեան կողմէ եղած այս յուզիչ կարգադրութեամբ, ընտանիքս եւ ես զգացինք որ մեր կորսնցուցածէն շա՜տ աւելին շահեցանք»։
Սէն Էնճըլօ—«Կարծես Աշխարհին Վերջն Էր»
1995 Մայիս 28–ին Սէն Էնճըլօն քանդող փոթորկահովերը ծառերը արմատախիլ ըրին, ելեկտրական ցիցերը տապալեցին եւ հոսանքով լեցուն գիծերը ճամբուն մէջ նետեցին։ Հովը ժամական 160 քմ. կը սուրար, քանդելով հանրային սարքաւորումները։ Աւելի քան 20,000 տուներ խաւարի մէջ մնացին։ Ապա սկսաւ կարկուտ տեղալ։ Ազգային Օդերեւութաբանական Սպասարկութիւնը տեղեկագրեց որ նախ «կոլֆի գնդակի չափով կարկուտ», ապա՝ «թէնիսի գնդակի չափով կարկուտ» եւ վերջապէս՝ «կրիֆոնի չափով կարկուտ» տեղաց։ Թափուող կարկուտներուն ձայնը խլացուցիչ էր։ Բնակիչներէն մէկը ըսաւ. «Կարծես աշխարհին վերջն էր»։
Ապա փոթորիկին յաջորդեց չարագուշակ հանդարտութիւն մը։ Մարդիկ կամացուկ մը իրենց տուներէն դուրս եկան՝ կատարուած վնասները քննելու։ Այն ծառերը որոնք կանգուն մնացած էին՝ իրենց տերեւներէն մերկացած էին։ Տակաւին կանգուն մնացած տուները՝ կարծէք քերթուած էին։ Կարգ մը շրջաններու մէջ կարկուտը մէկ մեթր բարձրութեամբ թումբեր կազմած էր։ Տուներու եւ ինքնաշարժներու հազարաւոր պատուհաններու ապակիներ փշրուած էին փոթորիկէն, այնպէս որ կարկուտներու կողքին ապակիի կտորուանքներով ծածկուած էր գետինը։ Կին մը կ’ըսէ. «Երբ տուն եկայ, մուտքին ինքնաշարժիս մէջ նստեցայ ու լացի։ Վնասը ա՛յնքան մեծ էր որ ջախջախուած զգացի»։
Օգնութեան ծրագիրները եւ հիւանդանոցները անյապաղ նիւթական նպաստ, շինարարական նիւթեր, բժշկական դարմաններ եւ հարկ եղած խորհուրդներ հայթայթեցին։ Փոթորիկէն անհատապէս վնասուած բազմաթիւ անհատներ իրենց կարելին ըրին՝ ուրիշներու օգնութեան փութալու համար, ինչ որ գովելի էր։
Եհովայի Վկաներու ժողովքներն ալ գործի լծուեցան։ Սէն Էնճըլոյէն երէց մը՝ Օպրէ Գոննըր՝ կը տեղեկագրէ. «Փոթորիկը հազիւ վերջացած, հեռաձայնին գլուխըանցանք եւ սկսանք զիրար փնտռել։ Իրարու եւ Վկայ չեղող մեր դրացիներուն օգնեցինք, պատուհանները փայտով գոցեցինք, տանիքներու վրայ բլասթիքներ քաշեցինք եւ կարելի եղածին չափ տուները պահպանեցինք ջուրին դէմ։ Ապա ցանկը պատրաստեցինք ժողովքի բոլոր անդամներուն, որոնց տուները վնասուած էին։ Մօտաւորապէս հարիւր տուներ վերանորոգութեան կը կարօտէին եւ օգնութեան գործակալներուն հայթայթած նիւթերը բաւարար չէին։ Ուստի մնացած ապրանքները գնեցինք եւ գործը կազմակերպեցինք։ Ընդամէնը, շուրջ 1,000 Վկաներ որպէս կամաւոր ներկայացան, իւրաքանչիւր շաբաթավերջ գրեթէ 250 անհատներ ներկայ էին։ Անոնք մինչեւ 740 քմ. հեռաւորութենէն եկած էին։ Բոլորն ալ ճգնաջան աշխատեցան, յաճախ գրեթէ 40°C աստիճան տաքութեան ներքեւ։ Նոյնիսկ 70 տարեկան քոյր մը ամէն շաբաթավերջ մեզի հետ աշխատեցաւ, ի բացառեալ մէկէն՝ երբ իր անձնական տունը կը նորոգուէր։ Այդ շաբաթավերջին, ան իր տանիքին վրայ ելա՛ծ՝ նորոգութեան կ’օգնէր։
«Յաճախ մեզ դիտողներէն հետեւեալին նման արտայայտութիւններ կը լսէինք. ‘Լաւ չէ՞ր ըլլար եթէ ուրիշ կրօնքներ ալ այսպէս ընէին իրենց անդամներուն համար’։ Մեր դրացիները մեծապէս տպաւորուեցան, երբ Ուրբաթ առաւօտ Վկայի մը տան մէջ տեսան 10–12 կամաւորներէ բաղկացած խումբ մը (քոյրեր ալ նեռարեալ), որոնք պատրաստ էին ձրիաբար վերանորոգելու կամ նոյնիսկ վերաշինելու ամբողջ տանիք մը։ Շատ պարագաներու, գործը մէկ շաբաթավերջուան ընթացքին կ’ամբողջանար։ Կը պատահէր որ աշխարհային արհեստավարժ շինարարներ տան մը տանիքին վրայ կ’աշխատէին, եւ մեր անձնակազմը կու գար քովի տունը նորոգելու։ Մենք հին տանիքը կը քակէինք, նորը կը շինէինք եւ բակն ալ կը մաքրէինք, եւ տակաւին անոնք վերջացած չէին ըլլար։ Երբեմն անոնք իրենց գործը կը դադրեցնէին պարզապէս մեզ դիտելու համար»։
Եղբայր Գոննըր կ’եզրափակէ ըսելով. «Բոլորս ալ պիտի փնտռենք միասնաբար անցուցած այդ պահերը։ Բոլորովին տարբեր տեսանկիւնէ մը իրար աւելի լաւ ճանչցանք, որեւէ ժամանակէ աւելի իրար հանդէպ եղբայրական սէր ցոյց տալով։ Կը խորհինք որ ասիկա պարզապէս նմոյշ մըն է Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ տեղի ունենալիք բանին, ուր եղբայրներ եւ քոյրեր իրարու պիտի օգնեն, քանի որ ի՛րապէս պիտի փափաքին ասիկա ընել»։—Բ. Պետրոս 3։13
Գոպէ—«Փայտի, Գաճի եւ Մարդկային Մարմիններու Կոյտ»
Իբրեւ թէ Գոպէի բնակիչները պատրաստուած էին։ Արդարեւ, ամէն տարի Սեպտեմբեր 1–ը անոնց համար՝ Աղէտարգել Օր նշանակուած է։ Դպրոցականները երկրաշարժի համար կը մարզուին, զինուորականութիւնը ուղղաթիռով ազատելու փորձարկումներ կ’ընէ եւ հրշէջները կեղծ–երկրաշարժի իրենց գործիքները կը հանեն, որոնց մէջ կամաւորներ վերապրումի իրենց հմտութիւնները կը գործածեն սենեակի մը մէջ, որ իրական երկրաշարժի նման կը շարժի եւ կը ցնցուի։ Բայց երբ իրականը տեղի ունեցաւ 17 Յունուար 1995–ին, բոլոր պատրաստութիւնները ապարդիւն եղան։ Տասնեակ հազարաւոր տանիքներ փլան՝ բան մը որ փորձի ժամանակ բնաւ չէր պատահած։ Գնացքներ մէկ կողմի վրայ շրջեցան. մայրուղիին որոշ մէկ մասը տարանջատուեցաւ. կազի եւ ջուրի խողովակներ պայթեցան, իսկ տուները փուլ եկան, որպէս թէ խաւաքարտէ ըլլային։ Թայմ պարբերաթերթը տեսարանը նկարագրեց որպէս՝ «փայտի, գաճի եւ մարդկային մարմիններու կոյտ մը»։
Ապա հրդեհներ ծայր տուին։ Շէնքեր հրոյ ճարակ դարձան, մինչ շփոթած հրշէջներ քիլոմեթրներով խճողումի մէջ անշարժացած էին։ Իսկ անոնք որ հրդեհին վայրը հասան, յաճախ տեսան որ կարելի չէր ջուր ունենալ, ջրատար դրութեան քանդուած ըլլալուն պատճառաւ։ Հրշէջ մը ըսաւ. «Առաջին օրը ամէն մարդ խուճապի մատնուած էր։ Կեանքիս մէջ ա՛յսքան անզօր չէի զգացած, գիտնալով որ բոցի մէջ եղող այդ տուներուն մէջ թաղուած բազմաթիւ անհատներ կային եւ գիտէի որ իրենց համար բան մը չէի կրնար ընել»։
Ընդամէնը 5,000 անհատներ սպաննուեցան եւ մօտաւորապէս 50,000 շէնքեր աւերակ դարձան։ Գոպէի մէջ հարկ եղող ուտեստեղէնին միայն մէկ երրորդը կար։ Ջուր ունենալու համար, ոմանք ջուրի ջարդուած խողովակներուն մէջի աղտոտ ջուրերը քերելով կը հաւաքէին։ Տնազուրկներէն շատեր ապաստանարաններ գացին, ուր ուտելիքը չափով կու տային, իւրաքանչիւր անձի համար օրական աման մը բրինձ։ Դժգոհութիւնը շուտով գլուխ ցցեց։ Մարդ մը գանգատեցաւ. «Հեղինակութիւնները բա՛ն մը չեն ըներ։ Եթէ իրենց վստահինք, անօթութենէ պիտի մեռնինք»։
Գոպէի եւ շրջակայքի Եհովայի Վկաներու ժողովքները անմիջապէս կազմակերպուեցան։ Ուղղաթիռի օդաչու մը, որ ուղղակի տեսաւ իրենց գործունէութիւնը, ըսաւ. «Երկրաշարժի օրը աղիտեալ գօտին այցելեցի եւ շաբաթ մը հոն մնացի։ Երբ ապաստանարան մը հասայ, քաոսային վիճակ կը տիրէր։ Ո՛չ մէկ օգնութիւն կազմակերպուած էր։ Միմիայն Եհովայի Վկաներն էին որ խուժած էին վայրը եւ մէկը միւսին ետեւէ հարցերը ձեռք կ’առնէին»։
Արդարեւ, շատ բան կար ընելիք։ Թագաւորութեան Սրահներէն տասն անգործածելի դարձած էին եւ աւելի քան 430 Վկաներ առանց տունի մնացած էին։ Ասկէ զատ, 1,206 բնակարաններ նորոգուելու կարիքը ունէին։ Ոչ միայն այսքան, այլ, աղէտէն մահացած 15 Վկաներուն ընտանիքները մխիթարութեան շատ մեծ կարիք ունէին։
Շուրջ 1,000 Վկաներ եկան երկրին չորս մասերէն, որպէսզի նորոգութեան գործին կամաւորապէս օգնեն։ Եղբայր մը նշեց. «Երբ տակաւին չմկրտուած Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներու տուներուն վրայ կ’աշխատէինք, միշտ մեզի կը հարցնէին՝ ‘Ո՞րքան պիտի վճարենք այս բոլորին համար’։ Երբ իրենց ըսէինք թէ ժողովքներն էին որ հոգ կը տանէին բոլոր բաներուն, շնորհակալութիւն կը յայտնէին, ըսելով. ‘Մեր ուսումնասիրած բաները հի՛մա իրականութիւն դարձան մեզի համար’»։
Աղէտի ընթացքին Վկաներուն արագ եւ լիակատար ընդառաջումէն շատեր տպաւորուեցան։ Վերոյիշեալ օդաչուն կ’ըսէ. «Խորապէս տպաւորուեցայ։ Դուք իրար ‘եղբայր’ ‘քոյր’ կը կոչէք։ Տեսայ ի՛նչպէս իրարու կ’օգնէիք. դուք իրապէս ընտանիք մըն էք»։
Վկաները իրենք ալ այս երկրաշարժէն արժէքաւոր դասեր սորվեցան։ Քոյր մը ընդունեց. «Միշտ կը խորհէի որ կազմակերպութիւն մը որքան մեծ ըլլայ, անհատական հետաքրքրութիւն ցոյց տալը աւելի կը դժուարանայ»։ Բայց իր ստացած գորովալից հոգածութիւնը իր տեսակէտը փոխելու նպաստեց։ «Հիմա գիտեմ որ Եհովա մեզի հոգ կը տանի, ո՛չ միայն որպէս կազմակերպութիւն, այլ նաեւ՝ անհատապէս»։ Սակայն, աղէտներէ մնայուն ամոքում գտնելու համար տակաւին քիչ մը եւս պէտք է սպասենք։
[Նկար՝ էջ 5]
Պէաթրիս Ճոնզ (ձախին) ցոյց կու տայ թէ ինչպէս ինք եւ ուրիշներ, ձեռք ձեռքի բռնած, ջուրերէն կ’անցնէին
[Նկար՝ էջ 6]
Փոթորկահովերէն ետք, օգնութեան աշխատանքներ