Եհովայի փրկարար արարքները ներկայիս
ԵՀՈՎԱՅԻ մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա», նաեւ՝ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։—Սաղմոս 34։19. Բ. Պետրոս 2։9
Եհովա ինչպէ՞ս իր ժողովուրդին օգնութեան կը փութայ, երբ անոնք նեղութեան մէջ ըլլան։ Ան ասիկա կ’ընէ ոչ թէ բնութեան ուժերը հրաշքով մը յեղաշրջելով կամ գերբնական ուրիշ արարք մը կատարելով, ինչպէս շատեր կը խորհին որ պէտք է ընէ ան, այլ՝ ուրիշ ոյժով մը զոր շատեր չեն կրնար իրապէս ըմբռնել, որ է՝ սէրը։ Այո, Եհովա կը սիրէ իր ժողովուրդը եւ անոնց մէջ իրար հանդէպ այնքան զօրաւոր սէր մը պատուաստած է, որով ան կրնայ անոնց ի նպաստ գրեթէ հրաշագործութիւններ ընել։—Ա. Յովհաննու 4։10–12, 21
Ոմանք կ’առարկեն որ այսպիսի ստիպողական ժամանակի մը պարագային, ուտելիքի, դեղի եւ կազմածքի կարիքը կայ, ոչ թէ՝ սիրոյ։ Անշուշտ, ասոնք կարեւոր են, սակայն Պօղոս առաքեալ սա կերպով կը տրամաբանէ. «Եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար»։—Ա. Կորնթացիս 13։2, 3
Յաճախ կը կարդանք որ ղրկուած նպաստը, քարափներու վրայ մնալով, նեխած կամ կրծողներու կեր դարձած է, մինչ կարօտեալ մարդիկ հիւանդութենէ եւ սովէ կը մահանան։ Տակաւին աւելի գէշ, այդ նիւթերը կրնան ընչաքաղց եւ անխիղճ մարդոց ձեռքը իյնալ եւ անոնցմէ անձնապէս իրենք օգտուիլ։ Ուստի, նպաստ հայթայթելը եւ աղետեալները անկէ օգտուիլը երկու տարբեր բաներ են։ Անկեղծ սէրն ու հետաքրքրութիւնը իրապէս կը յաջողին այս պարագային։
Գործօն Սէր
Սեպտեմբեր 1992–ին, Ինիգի Ոլորամրրիկը հարուածեց 55,000 բնակչութիւն ունեցող Հաւայիի Գուէյ կղզին։ Հովը, որ ժամական 210 քմ. եւ նոյնիսկ մինչեւ ժամական 260 քմ. կը փչէր, 2 հոգի սպաննեց ու 98 հոգի վիրաւորեց, բնակարաններու 75 առ հարիւրին վնաս պատճառեց, 8,000 անհատներ անտուն ձգելով եւ մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլարի հասնող վնաս պատճառեց։ Այդ պզտիկ կղզիին բնակիչներուն մաս կը կազմէին շուրջ 800 Եհովայի Վկաներ, ցրուած՝ վեց ժողովքներու մէջ։ Անոնք ի՞նչ վիճակի մէջ էին։
Ինիգին հարուածելէն առաջ, ժողովքի երէցները, ճամբորդող տեսուչին առաջնորդութեան ներքեւ, արդէն ժողովքի բոլոր անդամներուն հետ շփման մէջ եկած էին, վստահ ըլլալու համար որ անոնք ապահով վիճակի մէջ էին եւ պատրաստ՝ աղէտը դիմագրաւելու։ Այս սիրալիր հոգածութեան շնորհիւ, Վկաներուն մէջ լուրջ վիրաւորներ եւ մահեր չեղան։—Բաղդատել Եսայեայ 32։1, 2։
Թէեւ հաղորդակցութեան ու փոխադրական միջոցները մեծապէս վնասուած էին, Հոնոլուլուի մէջ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան մասնաճիւղէն երեք ներկայացուցիչներ, ոլորամրրիկէն ետք, արկածին վայրը հասնող առաջին անհատներուն մէջ կը գտնուէին։ Օդանաւով Գուէյ երթալու համար, անոնց մասնաւոր արտօնութիւն շնորհուած էր քաղաքացիական ապահովութեան սպասարկութեան կողմէ։ Անոնք անմիջապէս տեղւոյն Վկաներուն հետ շփման մէջ մտան եւ յաջորդ առաւօտ, ժողով մը գումարեցին օգնութիւն մատակարարելու ծրագիր մը կազմելու համար։ Օգնութեան յանձնախումբ մը հաստատուեցաւ կարիքները չափելու եւ Հոնոլուլուի մէջ մասնաճիւղէն պէտք եղած նիւթերը ստանալու համար։ Անդադար աշխատելով, անոնք կարիքի մէջ եղողներուն պէտք եղած բաները հասցնելու եւ վնասուած տուները մաքրելու ու նորոգելու աշխատանքը հովանաւորեցին։
Միւս կղզիներու Վկաները անմիջապէս օգնութեան փութացին կարիքի մէջ եղող իրենց եղբայրներուն։ Գուէյի օդակայանը հազիւ բացուած, 70 Վկաներ օգնութեան փութացին։ 100,000 տոլար արժող ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաներ, վառարաններ, լապտերներ եւ ուտեստեղէն ղրկուեցան նաւով։ Կղզիին վրայ գտնուող Թագաւորութեան Սրահներէն մէկը գործածուեցաւ որպէս մթերանոց. սակայն վախ կար որ անոնք կողոպտուէին։ Արդ, զինուորական քանի մը բեռնակարգեր եկան Թագաւորութեան սրահի ինքնաշարժը կեցնելու տեղը (parking) եւ վարիչները հարցուցին թէ կրնայի՞ն իրենց բեռնակառքերը հոն կանգնեցնել։ Բեռնակառքերուն հսկող զինուորները միեւնոյն ժամանակ կողոպուտի վտանգին առաջքը առին։
Եղբայրները ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաները տունէ տուն կը տանէին, իւրաքանչիւր տան մէջ երկու կամ երեք ժամ աշխատցնելով, որպէսզի մարդիկ կարենային իրենց սառնարանները գործածել։ Եղբայրները խումբով ղրկուեցան տուներու մաքրութեան օգնելու եւ վնասուած մասերը նորոգելու համար։ Երբ անոնք քրոջ մը տան վրայ կ’աշխատէին, որուն ամուսինը անցեալին վայրագօրէն հակառակած էր իրեն, ամուսինը այնքան ազդուեցաւ որ ան միայն դիտեց զանոնք ու լացաւ։ Հաւայիէն եկած այցելու մը, որ տեսաւ խումբ մը ուրիշ Վկաներու աշխատիլը, այնքան տպաւորուեցաւ անոնց վարքէն եւ կազմակերպութենէն որ ան մօտեցաւ անոնց ու հարցուց թէ ի՛նչ բան զիրենք այսքան տարբեր դարձուցած էր։ Երբ եղբայր մը բացատրեց որ Աստուծոյ եւ իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ սէրն էր, մարդը պատասխանեց. «Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուած ճանչնալ»։ (Մատթէոս 22։37–40) Ապա ան աւելցուց. «Դուք այնքան կազմակերպուած անհատներ էք որ երբ Ֆլորիտա վերադառնամ, հաւանաբար պիտի գտնեմ մէկը որ ինծի կը սպասէ»։
Եհովայի Վկաները Գուէյի մէջ ընդհանուր 295 տուն մաքրեցին եւ նորոգեցին, որոնցմէ 207–ն պզտիկ նորոգութիւններ էին, բայց 54–ն լրջօրէն վնասուած էին, իսկ 19–ն ամբողջովին քանդուած էին։ Անոնք նաեւ կղզիին վրայ գտնուող բոլոր Վկաներուն այցելեցին, վստահ ըլլալու համար որ բոլորին ալ խնամք կը տարուէր։ Երբ անոնք քրոջ մը օգնութիւն հասցուցին, Պուտտայական դրացի մը դիտել տուաւ որ ինք իր դաւանանքէն տոպրակ մը թէյ իսկ չէր ստացած։ Ուրիշ տիկին մը, որու տունը խումբ մը Վկաներ մաքրեցին, ըսաւ. «Երկար ատենէ ի վեր իմ դուռս կու գաք եւ ես ձեր մասին կը խորհէին որպէս լաւ դրացիներ, բայց դրացիական սիրոյ այս արտայայտութիւնը ինծի ցոյց տուաւ որ դուք ինչպի՛սի կազմակերպութիւն մը ունիք։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլոր ժրաջան աշխատանքին համար»։
Նպաստը կազմակերպող պատասխանատուները, իրենց հաւատակիցներուն նիւթական կարիքները հայթայթելէ զատ, նոյնքան հետաքրքրուեցան անոնց հոգեւոր բարօրութեամբ։ Ոլորամրրիկէն հազիւ երկու օր ետք, շատ մը ժողովքներ արդէն իրենց ժողովները կ’ունենային։ Անմիջապէս գրքի ուսումնասիրութեան պզտիկ խումբեր կազմուեցան։ Ուրիշ կղզիներէն տասը երէցներ եկան Գուէյ, տեղւոյն երէցներուն օգնելու, որպէսզի հովուական այցելութիւններ տրուին կղզիին վրայ գտնուող իւրաքանչիւր Վկայի։ Յաջորդ Կիրակի, վեց ժողովքներն ալ իրենց Դիտարանի ուսումնասիրութիւնը ունեցան, ինչպէս նաեւ Նպաստի Յանձնախումբի մէկ ներկայացուցիչի մը կողմէ, նպաստի գործառնութեան մասին 30 վայրկեան տեւող դասախօսութիւն մը, իսկ վերջին 30 վայրկեանին, դասախօսութիւն մը տրուեցաւ Հոնոլուլուի Մասնաճիւղի Յանձնախումին մէկ անդամի մը կողմէ, որ մասնաւորաբար այս առիթով եկած էր։ Հոն ներկայ եղող մը կը նշէ. «Բոլորն ալ հանգստացան տրուած լաւ ուղղութիւններով եւ հոգեւորապէս պատրաստ զգացին իրենց մնացեալ խնդիրները դիմագրաւելու։ Յայտագրի աւարտին, գրեթէ բոլոր ներկաներուն աչքերը թաց էին եւ ինքնաբուխ ծափահարութիւն մը թնթաց»։
Համաշխարհային Եղբայրակցութիւն մը
Այսպիսի սէր եւ հետաքրքրութիւն կը յատկորոշեն Եհովայ ժողովուրդը համայն աշխարհի մէջ։ Երբ ասկէ տարի մը առաջ, Վալ Կիկլոնը անցաւ Արեւմտեան Սամոայի վրայէն, անիկա բաւական մեծ վնասներ հասցուց։ Բայց ուրիշ երկիրներէն Եհովայի Վկաներ անմիջապէս հոն գտնուող իրենց եղբայրներուն օգնութեան փութացին։ Հետագային, երբ կառավարութիւնը բոլոր կրօնքներուն, Եհովայի Վկաներուն ալ, հիմնադրամ յատկացուց իրենց հիմնարկները նորոգելու համար, Վկաները այդ դրամը վերադարձուցին, նամակով մը տեղեկացնելով որ իրենք արդէն պէտք եղած նորոգութիւնները ըրած էին եւ թէ այդ դրամը կարելի էր գործածել կառավարական կարգ մը կառոյցները նորոգելու համար։ Տեղւոյն թերթերը գրեցին այս մասին։ Ասիկա նկատելով, կառավարական պաշտօնեայ մը Վկայի մը ըսաւ որ ինք ուղղակի կ’ամչնար իր եկեղեցիէն, քանի որ անիկա կառավարութեան տուած դրամը ընդունած էր, հակառակ անոր որ կիկլոնին կողմէ վնասուած բոլոր շէնքերը վնասի դէմ ապահովագրուած էին։
Դարձեալ, Սեպտեմբեր 1992–ին, երբ Ֆրանսայի հարաւ արեւելքը գտնուող Ուվէզ Գետը յորդեցաւ եւ Վէզոն–լա–Ռոմէնը եւ շրջակայ 15 համայնքները աւերեց, Վկաները անմիջապէս գործի լծուեցան։ Մէկ գիշերուայ մէջ, հեղեղը 40 հոգի սպաննած, 400 տուն քանդած ու հարիւրաւոր ուրիշներ վնասած եւ հազարաւոր ընտանիքներ առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան ձգած էր։ Յաջորդ առաւօտ կանուխ, տեղւոյն ժողովքի եղբայրները առաջինները եղան ողողումի զոհերուն օգնութեան փութալու։ Անոնք որ պատսպարանի կարիքը ունէին, այդ շրջանի Վկաները սիրալիր կերպով զանոնք իրենց տուները ընդունեցին։ Ֆրանսայի բոլոր կողմերէ հարիւրաւոր Վկաներ եկան օգնութիւն մատուցանելու համար։ Մօտակայ Օրանժ քաղաքին մէջ, նպաստի յանձնախումբ մը կազմուեցաւ կամաւորներու չորս խումբին ջանքերը համակարգելու համար, որոնք ցեխերը հանեցին, տուները մաքրեցին, ցեխերու մէկ թաթխուած լեռնակուտակ հագուստներ լուացին, ճաշեր պատրաստեցին եւ ըմպելի ջուր հասցուցին բոլոր աղետեալ շրջաններուն։ Անոնք նոյնիսկ կամաւորապէս մաքրեցին դպրոց մը եւ քաղաքապետական քանի մը շէնքեր։ Թէ՛ եղբայրները եւ թէ համայնքի մարդիկը գնահատեցին անոնց անխոնջ աշխատանքը։
Ուրիշ վայրերու մէջ ալ Եհովայի Վկաները աղէտներու՝ ողողումներու, փոթորիկներու եւ երկրաշարժներու՝ հանդիպած են, ինչպէս ուրիշներ։ Հասկնալով որ ասոնք աննախատեսելի կամ անխափանելի պատահարներ են, անոնք ո՛չ Աստուած կ’այպանեն, ոչ ալ ուրիշ մէկը։ (Ժողովողի 9։11) Անոնք վստահ են որ իրենց հաւատակիցներուն անձնազոհ սէրը անոնց օգնութեան պիտի հասնի, նոյնիսկ ամենէն դժուարին պարագաներուն։ Այսպիսի սիրալիր արարքները անոնց ունեցած հասարակաց հաւատքին արդիւնքն է։ Յակոբոս աշակերտ կը բացատրէ. «Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. ‘Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք’, բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է»։—Յակոբու 2։15–17
Իրական Պաշտպանութեան Աղբիւրը
Փոխանակ կերպով մը աստուածային հրաշալի մէկ միջամտութիւնը ակնկալելու, Եհովայի Վկաները կը գիտակցին որ կրնան իրենց համաշխարհային Քրիստոնէական եղբայրակցութեան մէջ ապահովութիւն գտնել։ Իրականութեան մէջ, նեղութեան ժամանակ այդ եղբայրակցութեան իրագործածը հրաշքէն նուազ չէ։ Անոնք կը յիշեն Յիսուսի խօսքերը որոնք արձանագրուած են Մատթէոս 17։19–ին մէջ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի»։ Այո, լեռնանման արգելքները մէջտեղէն կը վերցուին, երբ ճշմարիտ Քրիստոնէական հաւատքը, սիրով շաղախուած, գործի լծուի։
Այս անկայուն եւ վտանգաւոր ժամանակներուն, Եհովայի ծառաները կը զգան իրենց Աստուծոյ պահպանիչ ձեռքը իրենց վրայ։ Անոնք սաղմոսերգուին զգացումը կը բաժնեն, որ ըսաւ. «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասնզի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես»։ (Սաղմոս 4։8) Ապահով զգալով, անոնք իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն իրենց ստանձնած պաշտօնին. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Իսկ անոնք վստահութեամբ կը սպասեն խաղաղ, արդար նոր աշխարհի մը մասին Եհովայի տուած խոստումին իրականացման, ուր այլեւս աղէտներ պիտի չպատահին, ըլլայ մարդուն կողմէ պատճառուած, թէ՝ բնութեան։—Միքիա 4։4
[Նկարներ՝ էջ 10]
Բոլոր կողմերէ Վկաներ եկան հեղեղի զոհերուն օգնելու համար