Եհովայի կամքը կատարել սորվինք
«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս»։—ՍԱՂՄՈՍ 143։10
1, 2. (ա) Ե՞րբ պէտք է սորվինք եւ իրապաշտ ի՞նչ հայեացք ունենալով։ (բ) Եհովայէ սորվիլը ինչո՞ւ այդքան կենսական է։
ԱՅՆՔԱՆ ատեն որ անհատ մը ողջ է եւ կը գործէ, միշտ կրնայ արժէքաւոր բան մը սորվիլ։ Ասիկա ճշմարիտ է ձեր պարագային, ճշմարիտ է նաեւ ուրիշներու պարագային։ Բայց ի՞նչ կը պատահի մահուան ատեն։ Այդ վիճակի մէջ կարելի չէ բան մը սորվիլ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ որ «մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ Մարդկային հասարակաց գերեզմանին՝ Շէօլին մէջ, գիտութիւն չկայ։ (Ժողովողի 9։5, 10) Ասիկա կը նշանակէ՞ որ մեր սորվիլը կամ գիտութիւն մթերելը պարապ է։ Ասիկա կախեալ է թէ ի՛նչ կը սորվինք եւ այդ գիտութիւնը ինչպէ՛ս կը գործածենք։
2 Եթէ միայն աշխարհային բաներ կը սորվինք՝ ուրեմն մեր ապագան փայլուն չէ։ Սակայն, բարեբախտաբար, բոլոր ազգերէն միլիոնաւոր անհատներ աստուածային կամքին ինչ ըլլալը կը սորվին, յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը սնուցանելով։ Կենսատու գիտութեան Աղբիւրէն՝ Եհովայէ սորվելով, այս յոյսը կրնանք ձեռք ձգել։—Սաղմոս 94։9–12
3. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուս Աստուծոյ առաջին աշակերտն էր։ (բ) Ի՞նչ երաշխիք ունինք որ մարդիկ Եհովայէ պիտի սորվէին եւ ի՞նչ արդիւնքով։
3 Աստուծոյ անդրանիկ Որդին, որպէս Իր առաջին աշակերտը, սորվեցաւ իր Հօրը կամքը կատարել։ (Առակաց 8։22–30. Յովհաննու 8։28) Իր կարգին, Յիսուս նշեց որ բիւրաւոր անհատներ իր Հօրը կողմէ պիտի ուսուցանուէին։ Մենք որ Աստուծմէ կը սորվինք, ի՞նչ է մեր ակնկալութիւնը։ Յիսուս ըսաւ. «Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ . . . Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’»։—Յովհաննու 6։45–47
4. Աստուածային ուսուցումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է միլիոնաւոր անհատներու վրայ եւ անոնք ի՞նչ հեռանկար ունին։
4 Յիսուս մէջբերում կ’ընէր Եսայեայ 54։13–էն, որ ուղղուած էր Աստուծոյ այլաբանական կնոջ՝ երկնային Սիօնի։ Այդ մարգարէութիւնը մասնայատուկ կերպով կը կիրարկուի անոր որդիներուն, Յիսուս Քրիստոսի 144,000 հոգիէն ծնած աշակերտներուն։ Այդ հոգեւոր որդիներէն մնացորդ մը ներկայիս գործունեայ է եւ ուսուցումի համերկրային յայտագրի մը գլուխը անցած է։ Որպէս հետեւանք, «մեծ բազմութիւն»ը կազմող միլիոնաւոր ուրիշներ ալ Եհովայի կողմէ ուսուցանուելու առիթը կը վայելեն։ Անոնք անզուգական առիթ մը ունին սորվելու՝ առանց մահուան կողմէ ընդհատուելու։ Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ։ Այո, քանի որ անոնք արագօրէն մօտեցող «մեծ նեղութենէն» վերապրելով, դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու ընթացքին մէջ կը գտնուին։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 13–17
Աստուծոյ Կամքը Կատարելը Կրկնակիօրէն Շեշտուած
5. (ա) 1997–ի տարուան համարը ի՞նչ է։ (բ) Քրիստոնէական ժողովներու յաճախելը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
5 1997–ի տարեշրջանին, համայն աշխարհի աւելի քան 80,000 ժողովքներուն մէջ, Եհովայի Վկաները միշտ իրենց մտքին մէջ պիտի ունենան Սաղմոս 143։10–ի առաջին խօսքերը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։ Ասիկա պիտի ըլլայ 1997–ի տարուան համարը։ Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ երեւելի կերպով ցուցադրուած այս խօսքերը, որպէս յուշարար պիտի ծառայեն, թէ աստուածային ուսուցում ստանալու գլխաւոր վայրը ժողովներն են, ուր կրնանք ուսուցումի շարունակական յայտագրի մը մասնակից ըլլալ։ Երբ ժողովներու ընթացքին մեր եղբայրներուն կը միանանք մեր Մեծ Ուսուցիչէն սորվելու համար, սաղմոսերգուին զգացումը կը բաժնենք որ գրեց. «Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. ‘Տէրոջը տունը երթանք’»։—Սաղմոս 122։1. Եսայեայ 30։20, ՆԱ։
6. Դաւիթի խօսքերուն համաձայն ի՞նչ կ’ընդունինք։
6 Այո, մենք կը փափաքինք Աստուծոյ կամքը կատարել սորվիլ, քան թէ՝ մեր հակառակորդին, Բանսարկուին, կամ անկատար մարդոց կամքը։ Ուստի, Դաւիթի նման մենք ալ կ’ընդունինք այն Աստուածը, զոր կը պաշտենք եւ որու կը ծառայենք, ըսելով. «Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ»։ (Սաղմոս 143։10) Փոխանակ ստախօս մարդոց հետ ընկերակցելու, Դաւիթ կը նախընտրէր գտնուիլ հո՛ն, ուր Եհովայի պաշտամունքը յառաջ կը տարուէր։ (Սաղմոս 26։4–6) Իր քայլերուն ուղղութիւն տուող Աստուծոյ հոգիով, Դաւիթ կրնար արդարութեան ճամբաներուն մէջ քալել։—Սաղմոս 17։5. 23։3
7. Աստուծոյ հոգին ինչպէ՞ս կը ներգործէր քրիստոնէական ժողովքին վրայ։
7 Մեծագոյն Դաւիթը՝ Յիսուս Քրիստոս, առաքեալները վստահեցուց թէ սուրբ հոգին իրենց պիտի սորվեցնէր եւ իր ըսած բոլորը բաները ետ իրենց միտքը պիտի բերէր։ (Յովհաննու 14։26) Պէնտէկոստէէն ի վեր, Եհովա աստիճանաբար յայտնած է իր գրաւոր Խօսքին մէջ եղած «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը։ (Ա. Կորնթացիս 2։10–13) Ասիկա կատարած է տեսանելի խողովակի մը միջոցաւ, զոր Յիսուս կոչեց՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Ան հոգեւոր կերակուր կը հայթայթէ, ինչ որ նկատի կ’առնուի համայն աշխարհի Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներու ուսուցումի յայտագրին մէջ։—Մատթէոս 24։45–47
Մեր Ժողովներուն մէջ Եհովայի Կամքը կը Սորվինք
8. Դիտարանի ուսումնասիրութեան մասնակցիլը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է։
8 Ժողովքի շաբաթական Դիտարանի ուսումնասիրութեան նիւթերը յաճախ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու հետ կապ կ’ունենան։ Ասիկա անշուշտ կ’օգնէ մեզի որ կեանքի մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։ Ուրիշ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, հոգեւոր խորունկ ճշմարտութիւններ կամ սուրբ գրային մարգարէութիւններ նկատի կ’առնուին։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին ինչե՜ր կը սորվինք։ Շատ երկիրներու մէջ, այս ժողովներուն, Թագաւորութեան Սրահները բերնէ բերան լեցուն կ’ըլլան։ Սակայն, ուրիշ կարգ մը երկիրներու մէջ, ժողովներու յաճախողներուն թիւը նուազած է։ Ըստ ձեզի, ի՞նչ է պատճառը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ոմանք թոյլ կու տան որ իրենց աշխարհային գործը արգելք հանդիսանայ ‘սիրոյ ու բարեգործութեան մղելու’ նպատակաւ կանոնաւորաբար իրար հետ հաւաքուելու։ Թէ ոչ ընկերային գործունէութիւններու կամ հեռատեսիլ դիտելու համար ա՛յնքան ժամանակ կը վատնուի, որ բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար յայտագիր մը շինելու ժամանակ չի մնար։ Յիշեցէք Եբրայեցիս 10։23–25–ի ներշնչեալ հրամանը։ Մէկտեղ հաւաքուելու մասին աստուածային հրահանգը հիմա աւելի կարեւոր չէ՞, մինչ ‘այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։
9. (ա) Ծառայութեան Ժողովը ինչպէ՞ս կը զինէ մեզ ծառայութեան համար։ (բ) Վկայելու նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը։
9 Մեր առաջնակարգ պատասխանատուութիւններէն մէկն է ծառայել որպէս Աստուծոյ քարոզիչներ։ Ծառայութեան Ժողովը ծրագրուած է, որպէսզի ասիկա ատակ կերպով իրագործելը սորվեցնէ մեզի։ Կը սորվինք ի՛նչպէս մարդոց մօտենալ, ի՛նչ ըսել, երբ դրական ընդառաջում ըլլայ՝ ի՛նչպէս հակազդել, եւ նոյնիսկ ի՛նչ ընել, երբ մարդիկ մերժեն մեր պատգամը։ (Ղուկաս 10։1–11) Երբ այս շաբաթական ժողովին ազդու կերպերու մասին կը խօսուի եւ կը ցուցադրուի, աւելի պատրաստուած կ’ըլլանք մարդոց հասնելու ո՛չ միայն երբ տունէ–տուն կը քարոզենք, այլ նաեւ, երբ կը քարոզենք փողոցը, կառատուները, հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ, օդակայանները, առեւտրական վայրերը կամ դպրոցներու մէջ։ «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ» մեր խնդրանքին հետ ներդաշնակ գործելով, պիտի ուզենք ամէն առիթ օգտագործել, որպէսզի մեր Տիրոջ յորդորին ընդառաջենք. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ . . . փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։—Մատթէոս 5։16
10. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘արժանի եղողներուն’ իրապէս օգնել։
10 Ժողովքային այս հանդիպումներուն կը սորվինք նաեւ որ պէտք է աշակերտենք։ Անգամ մը որ հետաքրքրութիւն տեսնուի կամ գրականութիւն մը տեղաւորուի, երբ կը վերայցելենք, մեր նպատակը կ’ըլլայ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Կերպով մը ասիկա կը նմանի աշակերտներուն ‘արժանի եղողներուն քով մնալուն’, անոնց սորվեցնելու համար Յիսուսի պատուիրած բաները։ (Մատթէոս 10։11. 28։19, 20) Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին նման հոյակապ գործիքներ ունինք, որոնք կը սատարեն որ մեր ծառայութիւնը լիակատար կերպով ընենք։ (Բ. Տիմոթէոս 4։5) Ամէն շաբաթ, երբ Ծառայութեան Ժողովին եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին ներկայ գտնուիք, ջանացէք ըմբռնել եւ ապա գործածել այն օգտակար կէտերը, որոնք ձեզ պիտի յանձնարարեն որպէս Աստուծոյ կամքը կատարող բաւարար չափով որակելի քարոզիչներ։—Բ. Կորնթացիս 3։3, 5. 4։1, 2
11. Ոմանք ինչպէ՞ս Մատթէոս 6։33–ի խօսքերուն վրայ իրենց հաւատքը ցոյց տուած են։
11 Աստուծոյ կամքն է որ շարունակենք ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’։ (Մատթէոս 6։33) Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս սկզբունքը ի՞նչպէս կրնամ գործադրել, երբ իմ [կամ կողակիցիս] աշխարհային գործս արգելք հանդիսանայ ժողովներու յաճախելու’։ Հոգեւոր հասունութիւն ունեցողներէն շատեր այս մասին իրենց գործատիրոջ հետ խօսելու նախաքայլը կ’առնեն։ Լիաժամ քարոզիչ քոյր մը իր գործատիրոջ յայտնեց որ ամէն շաբաթ ազատ ժամերու պէտք ունէր, ժողովներու յաճախելու համար։ Իր խնդրանքին ընդառաջում տրուեցաւ։ Բայց այդ ժողովներու նկատմամբ հետաքրքրութենէ մղուած, ան ուզեց ներկայ գտնուիլ։ Հոն ան լսեց գալիք նահանգային համաժողովի մը ծանուցումը։ Հետեւաբար, գործատէրը կարգադրեց որ այդ համաժողովին լման օր մը ներկայ գտնուի։ Այս օրինակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
Աստուածավախ Ծնողներէն Սորվիլ Եհովայի Կամքը
12. Ծնողներ համբերութեամբ եւ հաստատամտութեամբ ի՞նչ պէտք է ընեն իրենց զաւակներուն Եհովայի կամքը սորվեցնելու համար։
12 Սակայն, ժողովները եւ համաժողովները աստուածային կամքը կատարել սորվելու միակ կարգադրութիւնները չեն։ Աստուածավախ ծնողներու պատուէր տրուած է որ իրենց զաւակները մարզեն ու կրթեն եւ զանոնք այնպէս մը մեծցնեն որ անոնք Եհովան փառաբանեն եւ իր կամքը կատարեն։ (Սաղմոս 148։12, 13. Առակաց 22։6, 15) Ասիկա ընելու համար պահանջուած է որ մեր ‘մանուկները’ ժողովի տանինք, ուր անոնք կրնան ‘լսել եւ սորվիլ’. բայց տան մէջ անոնց Սուրբ Գրութիւնները սորվեցնելու մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ (Բ. Օրինաց 31։12. Բ. Տիմոթէոս 3։15) Շատ ընտանիքներ խղճմտօրէն սուրբ գրային ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութեան յայտագիր մը կը սկսին, բայց անիկա շատ շուտով մոռացութեան կը մատնուի կամ կ’անտեսուի։ Ձեզի ծանօ՞թ է այս փորձառութիւնը։ Կը խորհի՞ք որ այսպիսի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ունենալու յանձնարարութիւնը շատ տեղին չէ, կամ ձեր ընտանիքը ա՛յնքան տարբեր է որ ձեր պարագային անիկա պիտի չյաջողի։ Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր կացութիւնը, ո՛վ ծնողներ, հաճեցէք վերաքաղ ընել՝ «Մեր Հոգեւոր Ճոխ Ժառանգութիւնը» եւ, «Յարատեւութեան Վարձատրութիւններ» յօդուածները, Դիտարան 1 Օգոստոս 1995 թիւին մէջ, Անգլերէնով։
13. Ընտանիք մը ինչպէ՞ս կ’օգտուի օրուան համարը նկատի առնելով։
13 Ընտանիքներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ՝ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկէն, օրուան համարը նկատի առնելը սովորութիւն դարձնեն։ Համարը եւ բացատրութիւնը պարզապէս կարդալը լաւ է, բայց համարին եւ անոր կիրառման մասին խօսիլը աւելի օգտակար է։ Օրինակ, երբ Եփեսացիս 5։15–17–ն նկատի կ’առնուի, ընտանիքի անդամները կրնան խօսիլ թէ անձնական ուսումնասիրութեան, լիաժամ ծառայութեան որեւէ տեսակի, կամ աստուածպետական ուրիշ նշանակումներու համար ինչպէ՛ս կրնան ‘ժամանակը ծախու առնել’։ Այո, օրուան համարը ընտանիօք նկատի առնելը կրնայ մղել որ ընտանիքէն մէկ կամ աւելի անհատներ աւելի լման կերպով ‘իմանան թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’։
14. Ծնողներ ի՞նչպիսի ուսուցիչներ պէտք է ըլլան, ըստ Բ. Օրինաց 6։6, 7–ի, եւ ասիկա ի՛նչ կը պահանջէ։
14 Ծնողներ իրենց զաւակներուն պէտք է ջանադրութեամբ սորվեցնեն։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Բայց լաւ ուսուցիչ մը ըլլալ չի նշանակեր պարզապէս զաւակներուն քարոզ կարդալ, կամ պատուէրներ տալ։ Հայրն ու մայրը մտիկ ալ պէտք է ընեն եւ այդ կերպով միայն կրնան աւելի լաւ գիտնալ թէ ի՛նչ բաներ պէտք է բացատրեն, յստակացնեն, կամ կրկնեն։ Քրիստոնեայ ծնողք մը սովորութիւն ունի իր զաւակները քաջալերելու որ ազատօրէն արտայայտուին, հարցումներ հարցնելով իրենց չհասկցած կամ զիրենք մտահոգող հարցերու շուրջ։ Այս կերպով անոնք տեղեկացան որ իրենց պատանի զաւակը դժուարութիւն ունի հասկնալու որ Եհովան սկիզբ չունի։ Ծնողքը կրցաւ Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւններու մէջ գտնուած տեղեկութիւնները գործածելով ցոյց տալ, որ ժամանակին ու անջրպետին անվերջ ըլլալը ընդունուած իրողութիւն մըն է։ Ասիկա բաւարար եղաւ լուսաբանելու այս կէտը եւ տղան գոհացում ստացաւ։ Ուստի, ժամանակ տրամադրեցէք ձեր զաւակներուն հարցումներուն յստակ եւ սուրբ գրային պատասխաններ տալու, անոնց օգնելով տեսնելու որ Աստուծոյ կամքը կատարել սորվիլը շատ գոհունակութիւն կրնայ տալ։ Աստուծոյ ծառաները՝ երիտասարդ թէ տարեց՝ տակաւին ուրիշ ի՞նչ բաներ կը սորվին։
Սիրել եւ Պայքարիլ կը Սորվին
15. Մեր եղբայրասիրութեան հարազատութիւնը ե՞րբ կրնայ փորձի ենթարկուիլ։
15 Յիսուսի տուած նոր պատուէրին համաձայն, «սորված [ենք] մէկզմէկ սիրել»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) Երբ ամէն բան հանդարտ է եւ լաւ կ’ընթանայ, կրնանք խորհիլ որ մեր բոլոր եղբայրները կը սիրենք։ Բայց երբ անձնական տարակարծութիւններ ծագին, կամ ուրիշ Քրիստոնեայի մը ըսած կամ ըրած բանին համար վիրաւորուած զգանք. . .։ Այս պարագային, մեր սիրոյ հարազատութիւնը կրնայ փորձի ենթարկուիլ։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 8։8։) Ըստ Աստուածաշունչին, ի՞նչպէս պէտք է վարուինք այսպիսի պարագաներու։ Ամէն բանէ առաջ, պէտք է ջանանք լիարժէք սէր ցոյց տալ։ (Ա. Պետրոս 4։8) Փոխանակ մեր շահը փնտռելու, չնչին թերութիւններու համար ջղայնանալու, կամ ոխ պահելու, ջանք պէտք է թափենք որ սէրը մեղքերու բազմութիւնը ծածկէ։ (Ա. Կորնթացիս 13։5) Գիտենք որ ասիկա է Աստուծոյ կամքը, քանի որ իր Խօսքը ա՛յս է որ կը սորվեցնէ։
16. (ա) Քրիստոնեաները սորված են ի՞նչպիսի պատերազմ մղել։ (բ) Ինչպէ՞ս զինուած ենք։
16 Թէեւ շատեր սիրոյ եւ պատերազմի միջեւ կապը չեն տեսներ, բայց այս վերջինը տարբեր բան մըն է, զոր կը սորվինք. սակայն ասիկա մասնայատուկ պատերազմ մըն է։ Դաւիթ կը գիտակցէր որ Եհովան իրեն պատերազմիլ պիտի սորվեցնէր, թէեւ իր օրերուն անոր մէջ կ’իյնար Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ բառացի պատերազմ մղելը։ (Ա. Թագաւորաց 17։45–51. 19։8. Գ. Թագաւորաց 5։3. Սաղմոս 144։1) Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ներկայ պատերազմին մասին։ Մեր զէնքերը մարմնաւոր չեն։ (Բ. Կորնթացիս 10։4) Մեր կռիւը հոգեւոր է, որու համար հոգեւոր զէնքերով պէտք է զինուինք։ (Եփեսացիս 6։10–13) Իր Խօսքին եւ իր հաւաքուած ժողովուրդին միջոցաւ, Եհովա մեզի կը սորվեցնէ հոգեւոր յաջող պատերազմ մը մղել։
17. (ա) Սատանան ի՞նչ ռազմավարութիւն կը գործածէ մեզ մոլորեցնելու համար։ (բ) Իմաստուն կերպով ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք։
17 Նենգ ու խորամանկ կերպերով, Սատանան յաճախ կը գործածէ աշխարհային տարրեր՝ հաւատուրացներ եւ ճշմարտութեան ուրիշ հակառակորդներ, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը դարձնէ երկրորդական բաներու վրայ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։3–5, 11. Տիտոս 3։9–11) Կարծես ան կը տեսնէ որ ուղղակի, ճակատային յարձակումով չի կրնար մեզ նուաճել, ուստի կը փորձէ մեզ գայթակղեցնել, մեզ մղելով որ դժգոհութիւն յայտնենք եւ հոգեւորականութենէ զուրկ եղող յիմարական հարցումներ ուղղենք։ Որպէս զգաստ ռազմիկներ, այսպիսի վտանգներու դէմ նոյնքան արթուն պէտք է ըլլանք, որքան որ ենք ճակատային յարձակումներու դէմ։—Ա. Տիմոթէոս 1։3, 4
18. Իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ այլեւս մեր անձին համար չապրիլ։
18 Մենք մարդոց փափաքները կամ ազգերուն ուզածը չէ որ կը քաջալերենք։ Յիսուսի օրինակով, Եհովա մեզի սորվեցուցած է որ այլեւս մենք մեր անձին համար պէտք չէ ապրինք, այլ Յիսուս Քրիստոսի մտավիճակը պէտք է ունենանք եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար ապրինք։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Թերեւս անցեալին անժուժկալ, զեխ կեանք մը կը վարէինք, մեր թանկագին ժամանակը մսխելով։ Այս չար աշխարհը յատկանշուած է անառակութիւններով, գինեմոլութեան մրցանքներով եւ անբարոյութեամբ։ Հիմա որ կը սորվինք Աստուծոյ կամքը կատարել, երախտապարտ չե՞նք որ այս ապականած աշխարհէն անջատուած ենք։ Ուստի, հոգեւոր ծանր պայքար մը մղենք, որպէսզի աշխարհային պիղծ սովորութիւններու մասնակից ըլլալէ խուսափինք։—Ա. Պետրոս 4։1–3
Մենք Մեզի Օգնել կը Սորվինք
19. Եհովայի կամքը սորվելէն ու ապա զայն կատարելէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։
19 Պարտադիր է գիտակցիլ որ Եհովայի կամքը կատարել սորվելով մեծապէս կ’օգտուինք։ Շատ պարզ է որ մենք ալ մեր կարելին պէտք է ընենք որպէսզի ուշադրութեամբ սորվինք, հետեւելով այն հրահանգներուն, որոնք մեզի կը հասնին Իր Որդւոյն, ինչպէս նաեւ Իր Խօսքին եւ հաւաքուած ժողովուրդին միջոցաւ։ (Եսայեայ 48։17, 18. Եբրայեցիս 2։1) Այսպէս ընելով, ոյժ պիտի ստանանք հաստատ մնալու այս չարաղէտ ժամանակներուն եւ որեւէ գալիք փոթորիկի՝ ընդդիմանալու։ (Մատթէոս 7։24–27) Հիմակուընէ իսկ կրնանք Աստուած հաճեցնել իր կամքը կատարելով եւ վստահ ըլլալով որ մեր աղօթքները պիտի պատասխանուին։ (Յովհաննու 9։31. Ա. Յովհաննու 3։22) Այսպիսով, իրական ուրախութիւն պիտի վայելենք։—Յովհաննու 13։17
20. Երբ 1997–ի տարուան համարը տեսնենք, լաւ կ’ըլլայ որ ի՞նչ բանի մասին մտածենք։
20 1997–ի տարեշրջանին, յաճախ առիթը պիտի ունենանք կարդալու ու նկատի առնելու տարուան համարը, որ Սաղմոս 143։10–էն առնուած է. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, երբեմն խորհինք թէ Աստուած ի՛նչ կարգադրութիւններ ըրած է մեզի սորվեցնելու համար, ինչպէս վերը տեսանք։ Իսկ այդ խօսքերուն մասին խոկալու պահերը որպէս խթաններ թող ծառայեն մեզի, որպէսզի այդ խնդրանքին համաձայն գործենք, գիտնալով որ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ներկայիս որո՞նք Եհովայի կամքը կատարել կը սորվին։
◻ 1997–ի տարեշրջանին, Սաղմոս 143։10–ն ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
◻ Եհովայի կամքը կատարելը ինչպէ՞ս կը սորվինք։
◻ Իրենց զաւակներուն սորվեցնող Քրիստոնեայ ծնողներէն ի՞նչ պահանջուած է։