Ծառայենք՝ որպէս աստուածային խաղաղութեան պատգամաբերներ
«Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ . . . խաղաղութիւն կը քարոզէ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 52։7
1, 2. (ա) Ինչպէս նախագուշակուած էր Եսայեայ 52։7–ի մէջ, ի՞նչ բարի լուր պիտի ծանուցանուէր։ (բ) Եսայիի մարգարէական խօսքերը ի՞նչ իմաստ կը կրէին վաղեմի Իսրայէլի համար։
ԲԱՐԻ լուր մը կայ որ պէ՛տք է ծանուցանուի։ Անիկա խաղաղութեան՝ իրական խաղաղութեան, լուր մըն է։ Անիկա փրկութեան պատգամ մըն է, որ առնչութիւն ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ։ Դարեր առաջ, Եսայի մարգարէն գրած էր այս մասին եւ անիկա մեզի համար պահպանուած է Եսայեայ 52։7–ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ ու Սիօնին կ’ըսէ՝ ‘Քու Աստուածդ կը թագաւորէ’»։
2 Եհովա ներշնչեց իր Եսայի մարգարէն որ այս խօսքերը գրէ, անցեալին Իսրայէլի, իսկ ներկայիս՝ մեր օգտին համար։ Ի՞նչ է այս խօսքերուն իմաստը։ Երբ Եսային գրեց այս խօսքերը, այդ ժամանակ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը հաւանաբար արդէն Ասորեստանցիներու կողմէ գերութեան քշուած էր։ Հետագային, Յուդայի հարաւային թագաւորութեան բնակիչները, Բաբելոն պիտի աքսորուէին։ Ասոնք ազգին համար վշտի ու տուայտանքի օրեր պիտի ըլլային, քանի որ ժողովուրդը Եհովայի Օրէնքին անհնազանդ ըլլալով, Անոր հետ խաղաղութեան մէջ չէր։ Ինչպէս Եհովա ըսաւ անոնց, իրենց մեղաւոր վարքը իրենց ու Աստուծոյ միջեւ բաժանում կը դնէր։ (Եսայեայ 42։24. 59։2–4) Բայց Եսայիի միջոցով Եհովա նախագուշակեց որ յարմար ժամանակին Բաբելոնի դռները պիտի բացուէին։ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատ պիտի ըլլար իրենց հայրենիքը վերադառնալու եւ Եհովայի տաճարը վերաշինելու։ Սիօն պիտի վերահաստատուէր եւ Երուսաղէմի մէջ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը դարձեալ պիտի շարունակուէր։—Եսայեայ 44։28. 52։1, 2
3. Իսրայէլի վերահաստատման խոստումը ի՞նչպէս խաղաղութեան խոստում մըն ալ էր։
3 Ազատագրութեան այս խոստումը միեւնոյն ատեն խաղաղութեան մարգարէութիւն մըն էր։ Եհովայի տուած երկրին մէջ Իսրայելացիներուն վերահաստատուիլը, Աստուծոյ ողորմութեան եւ իրենց զղջումին ապացոյցն էր։ Ատիկա պիտի նշէր որ Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ էին։—Եսայեայ 14։1. 48։17, 18
«Քու Աստուածդ կը Թագաւորէ»
4. (ա) Ի՞նչ առումով կարելի էր ըսել Հ.Դ.Ա. 537–ին, թէ ‘Եհովա կը թագաւորէ’։ (բ) Հետագայ տարիներուն, Եհովա ի՞նչպէս հարցերը վարեց իր ժողովուրդին օգտին համար։
4 Երբ Եհովա այս ազատագրումը կատարեց Հ.Դ.Ա. 537–ին, շատ տեղին էր Սիօնի հետեւեալ ծանուցումը ընել. «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։ Այո, Եհովան «յաւիտենական Թագաւոր» է։ (Յայտնութիւն 15։3, ՆԱ) Բայց իր ժողովուրդին այս ազատագրութիւնը իր գերիշխանութեան նոր յայտնաբերումն էր։ Ապշեցուցիչ կերպով, անիկա այդ ժամանակուան մարդկային ամենահզօր կայսրութեան վրայ իր զօրութեան ու հեղինակութեան գերակայութիւնը ցոյց տուաւ։ (Երեմեայ 51։56, 57) Եհովայի հոգիին ներգործութեան որպէս արդիւնք, իր ժողովուրդին դէմ եղած ուրիշ դաւադրութիւններ ի դերեւ ելան։ (Եսթերայ 9։24, 25) Եհովա կրկին անգամ զանազան կերպերով միջամտեց, պատճառ դառնալով որ Մարա–Պարսիկ թագաւորներ իր գերակայ կամքին իրագործման մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն։ (Զաքարեայ 4։6) Այդ օրերուն պատահած հոյակապ դէպքերը արձանագրուած են Աստուածաշունչի Եզրասայ, Նէեմեայ, Եսթերայ, Անգեայ եւ Զաքարեայ գրքերուն մէջ, մեր օգտին համար։ Զանոնք աչքէ անցընելը որքա՜ն հաւատք կը զօրացնէ։
5. Եսայեայ 52։13–53։12–ը ո՞ր իմաստալից իրադարձութիւններու կը նշէ։
5 Սակայն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին եւ անկէ ետք, միմիայն սկիզբ մըն էր։ 52–րդ գլուխին մէջ վերահաստատման մասին մարգարէանալէ անմիջապէս ետք, Եսային գրեց Մեսիայի գալուն մասին։ (Եսայեայ 52։13–53։12) Մեսիայի, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսի, միջոցով, Եհովա ազատագրութեան եւ խաղաղութեան պատգամ մը պիտի տար, որ Հ.Դ.Ա. 537–ին պատահածէն շա՜տ աւելի իմաստալից պիտի ըլլար։
Եհովայի՝ Խաղաղութեան Մեծագոյն Պատգամաբերը
6. Ո՞վ է Եհովայի՝ խաղաղութեան մեծագոյն պատգամաբերը, եւ ան ո՞ր յանձնարարութիւնը ինք իրեն վերագրեց։
6 Եհովայի՝ խաղաղութեան մեծագոյն պատգամաբերն է, Յիսուս Քրիստոս։ Ան Աստուծոյ Բանն է, Եհովայի անձնական Խօսնակը։ (Յովհաննու 1։14) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յորդանան Գետին մէջ մկրտուելէ քիչ ետք, Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ ոտքի ելաւ ու բարձրաձայն Եսայեայ 61–րդ գլուխէն կարդաց իրեն տրուած յանձնարարութիւնը։ Այդ յանձնարարութիւնը կը պարզէր որ իր քարոզչութիւնը՝ «ազատութիւն» եւ ‘բժշկութիւն’, ինչպէս նաեւ Եհովայի կողմէ ընդունելի ըլլալու պատեհութիւնը կը պարփակէր։ Սակայն, Յիսուս խաղաղութեան պատգամ մը քարոզելէն աւելին ըրաւ։ Աստուած զինք ղրկած էր որպէսզի մնայուն խաղաղութիւն հայթայթելու միջոց ըլլար։—Ղուկաս 4։16–21
7. Յիսուս Քրիստոսի միջոցով կարելի եղած Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալուն հետեւանքը ի՞նչ եղած է։
7 Յիսուսի ծնունդին, Բեթլէհէմի մօտերը գտնուող հովիւներուն՝ հրեշտակներու բազմութիւն մը երեւցաւ, որոնք Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ բարեացակամ մարդոց մէջ խաղաղութիւն»։ (Ղուկաս 2։8, 13, 14, ՆԱ) Այո, Աստուծոյ բարեացակամութիւնը վայելողները խաղաղութիւն պիտի ունենային, քանի որ իր Որդւոյն միջոցաւ իր ըրած կարգադրութեան հաւատք ընծայած էին։ Ատիկա ի՞նչ պիտի նշանակէր։ Պիտի նշանակէր որ մարդիկ մեղաւոր ծնած ըլլալով հանդերձ, պիտի կարենային դարձեալ Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք մը եւ իր հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ։ (Հռովմայեցիս 5։1) Անոնք պիտի կարենային ներքին հանդարտութիւն, խաղաղութիւն մը վայելել, որ ուրիշ կերպով կարելի չէր։ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, ադամական մեղքին բոլոր հետեւանքներէն պիտի ազատագրուէին, մէջը ըլլալով հիւանդութենէն ու մահէն։ Այլեւս ոչ ոք կոյր, խուլ կամ կաղ պիտի ըլլար։ Ընդվզեցուցիչ տկարութիւնները եւ սրտաճմլիկ մտային խանգարումները վերջնականապէս վերցուած պիտի ըլլային։ Այս կերպով կարելի պիտի ըլլար կատարեալ կեանք մը վայելել յաւիտեան։—Եսայեայ 33։24. Մատթէոս 9։35. Յովհաննու 3։16
8. Աստուածային խաղաղութիւնը որո՞նց հրամցուած է։
8 Աստուածային այս խաղաղութիւնը որո՞ւ հրամցուած է։ Անիկա հրամցուած է բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի։ Պօղոս առաքեալ գրեց որ ‘Աստուած հաճեցաւ որ Քրիստոսով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի թափուած արիւնովը’։ Առաքեալը աւելցուց որ այս հաշտութիւնը պիտի բովանդակէր «երկնքի մէջ եղողները», այսինքն, երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ ըլլալիքները։ Անիկա նաեւ պիտի բովանդակէր ‘երկրի վրայ եղողները’, այսինքն, անոնք որոնք այս երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւն պիտի ունենային, երբ այս երկիրը լիովին դրախտային վիճակի մէջ բերուէր։ (Կողոսացիս 1։19, 20) Այո, Յիսուսի զոհին արժէքէն օգտուելով եւ սրտանց Աստուծոյ հնազանդելով, այս բոլորը Աստուծոյ հետ ջերմ բարեկամութիւն կրնան վայելել։—Բաղդատել՝ Յակոբու 2։22, 23։
9. (ա) Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը ուրիշ ո՞ր յարաբերութեանց ալ կը նպաստէ։ (բ) Ամէնուրեք մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար, Եհովա ի՞նչ հեղինակութիւն վստահած է իր Որդւոյն։
9 Աստուծոյ հետ այսպիսի խաղաղութիւն մը ունենալը որքա՜ն կենսական է։ Եթէ մէկը Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն չունի, ուրիշ որեւէ յարաբերութեան մէջ մնայուն կամ իմաստալից խաղաղութիւն չի կրնար ունենալ։ Եհովայի հետ խաղաղութիւնը, երկրի վրայ իրական խաղաղութեան հիմը կը կազմէ։ (Եսայեայ 57։19–21) Շատ տեղին ըլլալով, Յիսուս Քրիստոս է Խաղաղութեան Իշխանը։ (Եսայեայ 9։6) Մարդիկ անով կրնան Աստուծոյ հետ հաշտուիլ, բայց Եհովա իրեն տուած է նաեւ Թագաւորութեան մէջ իշխելու հեղինակութիւնը։ (Դանիէլ 7։13, 14) Իսկ մարդկութեան վրայ Յիսուսի իշխանութեան հետեւանքին առնչութեամբ, Եհովա կը խոստանայ. «Խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։7. Սաղմոս 72։7
10. Աստուծոյ խաղաղութեան պատգամը հրատարակելու մէջ Յիսուս ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացած է։
10 Ամբողջ մարդկութիւնը Աստուծոյ խաղաղութեան պատգամին կարիքը ունի։ Յիսուս անձամբ օրինակ հանդիսացաւ՝ զայն նախանձախնդրաբար քարոզելով։ Ան Երուսաղէմի տաճարին մէջ, լեռներու լանջին, ճամբուն մէջ, ջրհորի մը քով Սամարացի կնոջ մը եւ մարդոց տուներուն մէջ քարոզեց։ Ուր որ մարդ տեսնէր, Յիսուս առիթը կ’օգտագործէր խաղաղութեան ու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար։—Մատթէոս 4։18, 19. 5։1, 2. 9։9. 26։55. Մարկոս 6։34. Ղուկաս 19։1–10. Յովհաննու 4։5–26
Յիսուսի Քայլերուն Հետեւելու Համար Մարզուած
11. Յիսուս իր աշակերտները ի՞նչ գործի համար մարզեց։
11 Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ խաղաղութեան պատգամը քարոզեն։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս Եհովայի «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» էր, անոնք գիտակցեցան որ իրենք ալ վկայելու պատասխանատուութիւնը ունէին։ (Յայտնութիւն 3։14. Եսայեայ 43։10–12) Անոնք Քրիստոսի նայեցան որպէս իրենց Առաջնորդը։
12. Պօղոս քարոզչութեան կարեւորութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։
12 Պօղոս առաքեալ այս գործունէութեան կարեւորութիւնը բացատրեց, ըսելով. «Գիրքը կ’ըսէ. ‘Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ’»։ Ուրիշ խօսքով, ոեւէ մէկը որ Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայէ, որպէս փրկութիւն հայթայթող Եհովայի Գլխաւոր Գործակալը՝ յուսախաբ պիտի չըլլայ։ Իսկ անհատի մը ցեղային ծագումը զինք անորակելի չի դարձներ, քանի որ Պօղոս աւելցուց. «Խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ Քանզի, ‘Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի’»։ (Հռովմայեցիս 10։11–13) Բայց մարդիկ ինչպէ՞ս տեղեակ պիտի ըլլային այդ պատեհութենէն։
13. Որպէսզի մարդիկ բարի լուրը լսէին, ի՞նչ բանի կարիքը կար, եւ առաջին դարու Քրիստոնեաները այդ կարիքը ի՞նչպէս լեցուցին։
13 Պօղոս այդ կարիքին մասին խօսեցաւ, Եհովայի իւրաքանչիւր ծառային մտածելու մղող հարցումներ ուղղելով։ Առաքեալը ըսաւ. «Ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին»։ (Հռովմայեցիս 10։14, 15) Առաջին դարու Քրիստոնէութեան մասին եղած արձանագրութիւնը անառարկելի կերպով կը վկայէ որ այր թէ կին, երիտասարդ թէ տարեց, Քրիստոսի եւ իր առաքեալներուն ձգած օրինակին հետեւեցան։ Անոնք բարի լուրի եռանդուն քարոզիչներ եղան։ Յիսուսը ընդօրինակելով, անոնք ամէնուրեք մարդոց քարոզեցին։ Ոեւէ մէկը չանտեսելու փափաքով մղուած, անոնք թէ՛ հանրային վայրերու մէջ եւ թէ տունէ–տուն քարոզեցին։—Գործք 17։17. 20։20
14. Ի՞նչպէս փաստուեցաւ որ բարի լուրը ծանուցանողներուն «ոտքերը» «գեղեցիկ» էին։
14 Անշուշտ, ամէն մարդ բարի գալուստ չմաղթեց Քրիստոնեայ քարոզիչներուն։ Սակայն, Եսայեայ 52։7–էն Պօղոսի ըրած մէջբերումը շիտակ ելաւ։ Հարցնելէ ետք թէ «Ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին», ան աւելցուց. «Ինչպէս գրուած է. ‘Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը’»։ Ներկայիս, շատերս չենք խորհիր որ մեր ոտքերը գեղեցիկ են։ Ուստի, ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ անհատ մը ուրիշներուն քարոզելու համար կ’երթայ, իր ոտքերն են որ զինք կը տանին։ Այսպիսի ոտքեր իրապէս կը ներկայացնեն անհատը։ Իսկ կրնանք վստահ ըլլալ, որ բարի լուրը առաքեալներէն կամ Յիսուս Քրիստոսի առաջին դարու ոեւէ աշակերտէ լսած շատերուն համար, այդ Քրիստոնեաները իրապէս գեղեցիկ երեւոյթ մը ունէին։ (Գործք 16։13–15) Անկէ աւելին, անոնք թանկագին էին Աստո՛ւծոյ աչքին։
15, 16. (ա) Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ցոյց տուին որ ի՛րապէս խաղաղութեան պատգամաբերներ էին։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ մենք ալ մեր ծառայութիւնը կատարենք առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման։
15 Յիսուսի հետեւորդները խաղաղութեան պատգամ մը ունէին եւ զայն խաղաղ կերպով ներկայացուցին։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետեւեալ հրահանգը տուաւ. «Ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ»։ (Ղուկաս 10։5, 6) Հրէական աւանդական բարեւն է՝ Շա·լոմ կամ «խաղաղութիւն»։ Բայց Յիսուսի հրահանգը ասկէ աւելին կը բովանդակէր։ Որպէս ‘Քրիստոսի կողմանէ դեսպանութիւն ընողներ’, իր օծեալ աշակերտները մարդիկը կը յորդորէին, ըսելով՝ «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Յիսուսի հրահանգներուն ենթարկուելով, անոնք մարդոց հետ խօսեցան Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անով անհատապէս իրենց ստանալիք օրհնութիւններուն մասին։ Մտիկ ընողները՝ օրհնուեցան, իսկ պատգամը մերժողները՝ տուժեցին։
16 Ներկայիս, Եհովայի Վկաները նոյն կերպով կը կատարեն իրենց ծառայութիւնը։ Բարի լուրը զոր մարդոց կը տանին՝ իրենց չի պատկանիր, այլ՝ զիրենք ղրկողին։ Անոնց պաշտօնն է զայն ուրիշին հաղորդել։ Եթէ մարդիկ զայն ընդունին, իրենք ալ հոյակապ օրհնութիւններ ստացողներուն մէջ պիտի գտնուին։ Իսկ եթէ զայն մերժեն, անոնք Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի, հետ խաղաղութիւնը մերժած կ’ըլլան։—Ղուկաս 10։16
Խառնաշփոթ Աշխարհի մէջ Խաղաղութիւն
17. Նոյնիսկ երբ մեզ նախատող անհատներու դիմաց գտնուինք, ի՞նչ ընթացք պէտք է ունենաք եւ ի՛նչու։
17 Մարդոց հակազդեցութիւնը ի՛նչ ալ ըլլայ, Եհովայի ծառաները պէտք չէ մոռնան որ իրենք աստուածային խաղաղութեան պատգամաբերներ են։ Աշխարհային մարդիկ բուռն վէճերու մէջ կրնան մտնել եւ իրենց բարկութիւնը կը թափեն սուր նշմարներ ընելով, կամ զիրենք բարկացնողներուն վարկաբեկիչ խօսքեր ըսելով։ Թերեւս մեզմէ ոմանք անցեալին այսպիսի բաներ կ’ընէին։ Բայց եթէ նոր անձնաւորութիւնը հագած ենք ու այլեւս աշխարհի մէկ մասը չենք, չենք ուզեր անոնց կերպերը ընդօրինակել։ (Եփեսացիս 4։23, 24, 31. Յակոբու 1։19, 20) Ուրիշները ինչպէ՛ս կ’ուզեն թող վարուին, մենք հետեւեալ խրատը պիտի կիրարկենք. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։—Հռովմայեցիս 12։18
18. Եթէ կառավարական պաշտօնեայ մը կոշտութեամբ վարուի մեր հետ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ընդառաջումը եւ ի՛նչու։
18 Մեր ծառայութիւնը երբեմն մեզ հեղինակութիւններու առջեւ կը բերէ։ Անոնք իրենց հեղինակութիւնը հաստատել ուզելով, կրնան ‘մեզմէ պահանջել’ որ բացատրենք թէ ի՛նչու որոշ բաներ կ’ընենք, կամ ի՛նչու կարգ մը գործունէութիւններէ ետ կը կենանք։ Անոնք թերեւս ուզեն գիտնալ թէ ինչո՛ւ այսպիսի պատգամ մը կը քարոզենք. պատգամ մը որ սուտ կրօնքները կը քօղազերծէ եւ կ’ըսէ որ ներկայ իրերու դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ Քրիստոսի ձգած օրինակին հանդէպ մեր ունեցած յարգանքը մեզ պիտի մղէ որ հեզութիւն ու երկիւղածութիւն ցոյց տանք։ (Ա. Պետրոս 2։23. 3։15) Յաճախ, այսպիսի պաշտօնեաներ կղերներու կամ իրենց վերակացուներուն կողմէ ճնշումի տակ են։ Մեղմ պատասխան մը կրնայ անոնց օգնել տեսնելու որ մեր գործունէութիւնը ո՛չ իրենց եւ ոչ ալ համայնքի խաղաղութեան սպառնալիք մըն է։ Այսպիսի պատասխան մը յարգանքի, համագործակցութեան եւ խաղաղութեան հոգի մը կը յառաջացնէ զայն ընդունողներուն մէջ։—Տիտոս 3։1, 2
19. Եհովայի Վկաները ո՞ր գործունէութիւններու բնա՛ւ չեն մասնակցիր։
19 Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած են որպէս աշխարհի պայքարներուն մաս չկազմող ժողովուրդ մը։ Անոնք ցեղի, կրօնքի կամ քաղաքականութեան շուրջ աշխարհի պայքարներուն միջամուխ չեն ըլլար։ (Յովհաննու 17։14) Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կ’ուղղէ որ ‘մեր վրայ եղած իշխանութիւններուն հնազանդ ըլլանք’, մեր մտքէն իսկ պէտք չէ անցնի կառավարութիւններու գործելակերպին դէմ բողոքելու համար քաղաքացիական ցոյցերու մասնակցիլ։ (Հռովմայեցիս 13։1) Եհովայի Վկաները որեւէ կերպով չեն միանար շարժումի մը, որու նպատակն է կառավարութիւն մը տապալել։ Իր Քրիստոնեայ ծառաներուն տուած՝ ‘իշխանութիւններու եւ պետութիւններուն հնազանդելու եւ հպատակ ըլլալու’ Եհովայի պատուէրին քաջածանօթ ըլլալով՝ անոնց մտքէն իսկ չանցնիր որեւէ արիւնահեղութեան կամ բռնարարքի մասնակից ըլլալ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները խաղաղութեան մասին ո՛չ միայն կը խօսին, այլ, իրենց քարոզչութեան համաձայն կեանք մը կը վարեն։
20. Խաղաղութեան նկատմամբ, Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ արձանագրութիւն շինած է։
20 Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հակառակը, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացնողները խաղաղութեան պատգամաբերներ չեն եղած։ Մեծն Բաբելոնի բոլոր կրօնքներն ալ՝ ըլլան Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները թէ ոչ–Քրիստոնեայ կրօնքները՝ ազգերու պատերազմներուն թիկունք կանգնած, զանոնք արդարացուցած եւ նոյնիսկ անոնց մէջ առաջնորդութիւն ստանձնած են։ Դարձեալ իրենք են որ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն դէմ հալածանք, նոյնիսկ սպանութիւն հրահրած են։ Մեծն Բաբելոնի առնչութեամբ, Յայտնութիւն 18։24–ը կ’ըսէ. «Մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։
21. Երբ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ Եհովայի Վկաներու եւ կեղծ կրօնքի պատկանողներուն միջեւ տարբերութիւնը տեսնեն, ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։
21 Քրիստոնեայ Աշխարհի ու Մեծն Բաբելոնի մնացեալ կրօնքներուն հակառակը, ճշմարիտ կրօնքը միացնող, դրական ոյժ մըն է։ Իր ճշմարիտ հետեւորդներուն Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Ասիկա սէր մըն է որ հիմա մնացեալ մարդկութիւնը պառակտող ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ ցեղային սահմաններէն գերիվեր է։ Ասիկա նշմարելով, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ Եհովայի օծեալ ծառաներուն կ’ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։—Զաքարեայ 8։23
22. Տակաւին մեր դիմաց եղող վկայութեան գործը ի՞նչպէս կը նկատենք։
22 Որպէս Եհովայի ժողովուրդը, մեծապէս կ’ուրախանանք իրագործուած բաներով, սակայն մեր գործը տակաւին աւարտած չէ։ Հողագործ մը սերմերը ցանելէ եւ արտը մշակելէ ետք, ձեռնթափ չըլլար։ Ան կը շարունակէ աշխատիլ, մանաւանդ երբ հունձքը հասունցած է։ Հունձքի ժամանակը յարատեւ եւ հսկայ ջանք կը պահանջէ։ Իսկ հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի, ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուներու շատ մեծ հունձք մը տեղի կ’ունենայ։ Ասիկա ուրախութեան ժամանակ մըն է։ (Եսայեայ 9։3) Ճիշդ է որ հակառակութեան եւ անտարբերութեան կը հանդիպինք։ Թերեւս անհատապէս լուրջ հիւանդութեան, ընտանեկան դժուար կացութիւններու, կամ տնտեսական դժուարութեան դէմ կը պայքարինք։ Բայց Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ որ յարատեւենք։ Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած պատգամը մարդիկ պէ՛տք է լսեն։ Անիկա խաղաղութեան պատգամ մըն է, արդարեւ, անիկա պատգամ մըն է որ Յիսուս ի՛նք քարոզեց, ուրիշ խօսքով՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։
Ի՞նչ Է Ձեր Պատասխանը
◻ Եսայեայ 52։7–ն ի՞նչ կատարում ունեցաւ վաղեմի Իսրայէլի վրայ։
◻ Յիսուս ի՞նչպէս խաղաղութեան մեծագոյն պատգամաբերը եղաւ։
◻ Պօղոս առաքեալ Եսայեայ 52։7–ն ի՞նչպէս կապեց Քրիստոնեաներուն կատարած գործին հետ։
◻ Մեր օրերուն, խաղաղութեան պատգամաբերներ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։