Հոգեփոխութեան կը հաւատա՞ք
«ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս դրացիին աղջիկը, որու սիրահարած էիր, երբ հոս՝ Հնդկաստանի մէջ տակաւին պատանի էիր», գրեց Մուգանտպայը իր տղուն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ համալսարանական մըն էր։ «Քանի մը շաբաթէն պիտի ամուսնանայ։ Մտածեցի որ պէտք է գիտնաս ասիկա»։
Հայրը ինչո՞ւ ուզեց այս լուրը իր տղուն հետ բաժնեկցիլ։ Տարիներ առաջ Մուգանտպայը ի՛նք վերջ դրած էր պատանեկան այս սիրահարութեան։ Ասկէ զատ, տղան վեց տարիէ Միացեալ Նահանգներ գացած էր բարձր ուսում ստանալու համար։ Այդ ընթացքին ան աղջկան հետ կապ չէր պահած եւ Մուգանտպայը ասկէ տեղեակ էր։
Հետեւաբար, ինչո՞ւ այս հոգատարութիւնը։ Քանի որ Մուգանտպայ կը հաւատար հոգեփոխութեան, կամ վերածնունդի։a Եթէ պատահէր որ երկու պատանիներու միջեւ սիրահարութիւնը իրենց նախկին կեանքի մէջ կողակիցներ ըլլալուն պատճառաւ էր, անգթութիւն պիտի ըլլար հիմա զանոնք իրարմէ զատել, երբ ամուսնանալու տարիքի մէջ էին։ Մուգանտպայը պարզապէս ուզեց որ տղան տեղեակ ըլլար կացութենէն, աղջիկը այս կեանքին մէջ ուրիշի մը կինը ըլլալէն առաջ։
Ուրիշ պարագայ մը նկատի առէք։ Հնդկաստանի մէջ, չորս տարեկան աղջնակ մը քանի մը անգամ Մումպայի հիւանդանոցը մնացած էր շատ մեծ ցաւերու մէջ։ Ան սրտի փականի անատակութեան խնդիր ունէր։ Աղջնակին բարեկեցիկ ծնողքը մեծապէս կը տառապէր իրենց զաւկին տառապանքը տեսնելով։ Բայց անոնք տրամաբանեցին. «Պէտք է ընդունինք իրողութիւնը։ Հաւանաբար իր նախկին կեանքին մէջ բան մը ըրած է որ ասոր արժանացաւ»։
Հոգեփոխութեան հաւատալիքը կարեւոր դեր մը կը խաղայ Պրահմանականութեան, Պուտտայականութեան, Ճէնականութեան, Սիխականութեան եւ Հնդկաստանի մնացեալ կրօնքներուն հետեւող միլիոնաւոր անհատներու կեանքին մէջ։ Կեանքի փորձառութիւնները՝ սիրահարուելէն մինչեւ ուժգին տառապանքը՝ նախկին կեանքին կամ կեանքերուն մէջ կատարուած արարքներուն հետեւանքները նկատուած են։
Հոգեփոխութեան վարդապետութիւնը Արեւմտեան երկիրներու մէջ գտնուողներէն շատերուն համար ալ հրապուրիչ է։ Ամերիկացի դերասանուհի Շըրլի Մըգլէյն կը դաւանի որ կը հաւատայ անոր։ Պրիթիշ Գոլումպիայի Վէնգուվըրէն (Գանատա) գրող մը՝ Լորէլ Ֆէլան՝ կը դաւանի որ անցեալ 50 կեանքերէն յիշատակներ ունի։ 1994–ին, CNN/USA Today–ի ի նպաստ վարուած Կէլըփի փորձագիտանքին համաձայն, 1,016 չափահասներէն աւելի քան 270–ը դաւանեցան որ հոգեփոխութեան կը հաւատային։ Հոգեփոխութեան հաւատալը Նոր Դարաշրջանի շարժումին ալ մէկ մասն է։ Բայց ի՞նչ իրողութիւն թիկունք կը կանգնի այս հաւատալիքին։
Հոգեփոխութեան հաւատացողները կը պատասխանեն. «Նախորդ կեանքին յիշատակները»։ Հետեւաբար, երբ Պանգոկի մէջ երեք տարեկան Ռաթնան սկսաւ «իր անցեալէն յիշատակներ ունենալ, որպէս թէ 60–ական տարիքի մէջ մահացած կրօնասէր կին մը ըլլար», շատեր իր պարագան ընդունեցին որպէս հոգեփոխութեան վաւերական ապացոյց մը։
Այսուհանդերձ, այս մասին կասկածները շատ են։ Իսկ նախկին կեանքի վերագրուած յիշատակներուն ալ կարելի է տարբեր բացատրութիւններ տալ։b Պրահմանական իմաստասէր մը՝ Նիգիլանընտան, Պրահմանականութիւն. Անոր Նշանակութիւնը Հոգիի Ազատագրման Մէջ խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), կ’ըսէ որ ‘մահուընէ ետքի փորձառութիւնները կարելի չէ ապացուցանել տրամաբանութեամբ’։ Սակայն կը պնդէ որ «վերածնունդի վարդապետութիւնը աւելի հաւանական է, քան թէ՝ անհաւանական»։
Բայց Աստուածաշունչը թիկունք կը կանգնի՞ այս ուսուցումին։ Իսկ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը ի՞նչ յոյս կը մատուցանէ մեռելներուն։
[Ստորանիշներ]
a Ըստ Տը Նիու Ինսայգլոբիտիա Պրիթանիքայի (Անգլերէն)՝ «հոգեփոխութիւն» կը նշանակէ «հոգիին վերածնունդը մէկ՝ կամ յաջորդական գոյութիւններու մէջ, որոնք կրնան ըլլալ մարդ, անասուն կամ՝ կարգ մը պարագաներու՝ բոյս»։ Թէեւ «վերածնունդ» արտայայտութիւնն ալ կարելի է գործածել այս խորհրդաւոր եղելութեան, բայց «հոգեփոխութիւն»ը աւելի ընդհանրացած է։ Հնդկական լեզուի շատ մը բառարաններ փոփոխակիօրէն կը գործածեն այս բառերը։
b Տես՝ Զարթի՛ր 8 Յունիս 1994, էջ 5-7։
[Նկարներ՝ էջ 3]
Իր նախկին կեանքին մէջ գործած մեղքերո՞ւն համար կը տառապի