Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 8/1 էջ 4-7
  • Հոգեփոխութեան պէ՞տք է հաւատաք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգեփոխութեան պէ՞տք է հաւատաք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անոր Աղբիւրը եւ Հիմը Բնորոշել
  • Հոգին Անմա՞հ Է
  • Մարդիկ Ինչո՞ւ կը Տառապին
  • Խաղաղ Ապագայ մը
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Յարութեան վրայ ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ինչո՞ւ բարի մարդոց գէշ բաներ կը պատահին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Հոգեփոխութեան կը հաւատա՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 8/1 էջ 4-7

Հոգեփոխութեան պէ՞տք է հաւատաք

ՊՂԱՏՈՆ յոյն իմաստասէրը սիրահարիլը կապեց հոգեփոխութեան գաղափարին հետ։ Ան կը հաւատար որ մարմինը մեռնելէն ետք, հոգին անմահ ըլլալով կը գաղթէ այդպէս կոչուած «անարատ կերպարներու ծիրը»։ Մարմինէ զուրկ, ան ժամանակ մը հոն կը մնայ, կերպարներու մասին մտածելով։ Երբ հետագային հոգեփոխութեան ենթարկուի, հոգին իր ենթագիտակցութեան մէջ կը յիշէ կերպարներու ծիրը եւ անոր կը տենչայ։ Պղատոնին համաձայն, մարդիկ կը սիրահարին, քանի որ իրենց սիրած անհատին մէջ կը տեսնեն իրենց տարտամօրէն յիշած ու փնտռած գեղեցկութեան իտէալ կերպարը։

Անոր Աղբիւրը եւ Հիմը Բնորոշել

Հոգեփոխութեան ուսուցումը կը պահանջէ որ հոգին անմահ ըլլայ։ Ուստի, հոգեփոխութեան ծագումը պէտք է փնտռել այն ժողովուրդներուն կամ ազգերուն մէջ, որոնք այսպիսի հաւատալիք մը ունին։ Այս հիման վրայ, ոմանք կը խորհին որ անիկա ծագում առած ըլլալու է վաղեմի Եգիպտոսէն։ Իսկ ուրիշներ կը հաւատան, որ անիկա սկսած ըլլալու է հին Բաբելոնէն։ Բաբելոնական կրօնքին վարկ մը տալու համար, անոր քահանայութիւնը հոգիի այլագաղթումի վարդապետութիւնը առաջ քշեց։ Այս կերպով, անոնք կրցան դաւանիլ որ իրենց կրօնական հերոսները, համբաւաւոր՝ բայց մեռած՝ նախնիքներու հոգեփոխութիւններն էին։

Սակայն, Հնդկաստանի մէջ էր որ հոգեփոխութեան հաւատալիքը իրապէս ծաղկեցաւ։ Պրահմանական իմաստուններ չարութեան եւ մարդկային տառապանքի տիեզերական հարցերով կը մաքառէին։ ‘Ասոնք ի՞նչպէս կարելի էր ներդաշնակել արդար Ստեղծիչի մը գաղափարին հետ’, հարց կու տային անոնք։ Ուստի, փորձեցին Աստուծոյ արդարութեան եւ աննախատեսելի չարիքներուն եւ աշխարհի անհաւասարութիւններուն միջեւ եղող պայքարին վերջ դնել։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք «գարմայի օրէնքը»՝ պատճառի եւ հետեւանքի օրէնքը, հնարեցին. ‘մարդ ի՛նչ որ ցանէ՝ անիկա պիտի հնձէ’։ Անոնք մանրամասնուած ‘հաշուեցոյց’ մը պատրաստեցին, որով մէկու մը կեանքին մէջի արժանիքներն ու յանցանքները կը վարձատրուին կամ կը պատժուին հետագայ կեանքին մէջ։

«Գարմա» պարզապէս կը նշանակէ՝ «արարք»։ Պրահմանի մը համար կ’ըսուի որ լաւ գարմա ունի, եթէ անիկա ընկերային ու կրօնական չափանիշներու կը համակերպի, իսկ գէշ գարմա ունի, եթէ հակառակը ընէ։ Իր արարքէն կամ գարմայէն կախեալ է իր ապագայ յաջորդական վերածնունդը։ «Ամէն մարդ բնաւորութեան նախագծով մը կը ծնի, որ մեծապէս պատրաստուած կ’ըլլայ նախկին կեանքերու մէջ իր կատարած արարքներէն, թէեւ անոնց ֆիզիքական գծերը ժառանգականութեամբ կ’որոշուին», կ’ըսէ իմաստասէր Նիգիլանընտան։ «[Ուստի], մարդ մը իր իսկ ճակատագրին ճարտարապետը՝ զայն շինողն է»։ Սակայն, վերջնագոյն նպատակակէտն է այլագաղթումի այս շրջանէն ազատագրուիլ եւ Պրահմային՝ գերագոյն իրողութեան՝ միանալ։ Կը հաւատան որ ասիկա կ’իրագործուի, ընկերային գետնի վրայ ընդունելի վարք մը եւ պրահմանական մասնաւոր գիտութիւնը ունենալու ջանք թափելով։

Այս կերպով, հոգեփոխութեան ուսուցումը որպէս հիմ կը գործածէ հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը եւ անոր վրայ կը կառուցանէ՝ գարմայի օրէնքը գործածելով։ Տեսնենք թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս գաղափարներուն մասին։

Հոգին Անմա՞հ Է

Այս հարցումին պատասխանելու համար, այս նիւթին շուրջ բարձրագոյն հեղինակութեան՝ Ստեղծիչին ներշնչեալ Խօսքին, երթանք։ Աստուածաշունչի առաջին գրքէն՝ Ծննդոցէն՝ կը սորվինք «հոգի» բառին ճշգրիտ իմաստը։ Առաջին մարդուն՝ Ադամին՝ ստեղծագործութեան մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ (Ծննդոց 2։7) Ուստի, հոգին բան մը չէ որ մարդը ունի, այլ՝ ինչ որ է ինք։ Հոս հոգիի համար գործածուած Եբրայերէն բառը նէֆէշ է։ Անիկա Աստուածաշունչին մէջ շուրջ 700 անգամ կը տեսնուի եւ որեւէ տեղ մարդէն անջատ եւ եթերային բանի մը չ’ակնարկեր, այլ միշտ՝ շօշափելի եւ ֆիզիքական բանի մը։—Յոբայ 6։7. Սաղմոս 35։13. 107։9. 119։28

Մահուան ատեն հոգիին ի՞նչ կը պատահի։ Նկատի առէք թէ մահուան ժամանակ Ադամի ի՛նչ պատահեցաւ։ Երբ ան մեղանչեց, Աստուած անոր ըսաւ. «Գետինը [պիտի դառնաս] ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Խորհեցէք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Աստուած հողէն Ադամը ստեղծելէն առաջ, Ադամ գոյութիւն չունէր։ Իր մահուընէ ետք, Ադամ չգոյութեան նոյն վիճակին վերադարձաւ։

Պարզօրէն խօսելով, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ մահը կեանքին հակառակն է։ Ժողովողի 9։5, 10–ի մէջ կը կարդանք. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։ Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։

Ասիկա կը նշանակէ որ մեռելները ո՛չ բան մը կրնան ընել եւ ոչ ալ՝ բան մը զգալ։ Անոնք այլեւս որեւէ խորհուրդ չունին, ոչ ալ կրնան բան յիշել։ Սաղմոսերգուն կը նշէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։ Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։—Սաղմոս 146։3, 4

Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ մահուան ատեն հոգին ուրիշ մարմնի մը մէջ չի մտներ, հապա՝ կը մեռնի։ «Այն անձը [«հոգին», ՆԱ], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի», կը շեշտէ Աստուածաշունչը։ (Եզեկիէլ 18։4, 20. Գործք 3։23, ՆԱ. Յայտնութիւն 16։3, ՆԱ) Հետեւաբար, Աստուածաշունչը նեցուկ չի կանգնիր հոգեփոխութեան տեսութեան բուն հիմը կազմող հոգիի անմահութեան վարդապետութեան։ Առանց անոր, այդ տեսութիւնը փուլ կու գայ։ Ուստի, ի՞նչպէս կարելի է բացատրել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքը։

Մարդիկ Ինչո՞ւ կը Տառապին

Մարդկային տառապանքին բուն պատճառը մեղաւոր Ադամէն մեր ժառանգած անկատարութիւնն է։ «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ադամէն սերած ըլլալով, բոլորս ալ կը հիւանդանանք, կը ծերանանք ու կը մեռնինք։—Սաղմոս 41։1, 3. Փիլիպպեցիս 2։25-27

Ասկէ զատ, Ստեղծիչին անփոփոխ բարոյական օրէնքը կը նշէ. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Ուստի, խառնակեաց կենցաղ մը կրնայ առաջնորդել զգացական յուսալքման, անփափաքելի յղութիւններու եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններու։ «[Միացեալ Նահանգներու] մէջ, մահաբեր խլիրդներուն 30 տոկոսը ապշեցուցիչ կերպով կարելի է վերագրել գլխաւորաբար ծխելուն եւ նոյնքան՝ մարդոց ապրելակերպին, մասնաւորաբար սնանելու սովորութիւններու եւ մարզանքի պակասի», կ’ըսէ Սայէնթիֆիք Էմէրիգըն պարբերաթերթը (Անգլերէն)։ Տառապանք պատճառող կարգ մը աղէտներ, մարդուն կողմէ երկրի աղբիւրներու սխալ տնօրինութեան արդիւնքն են։—Բաղդատել՝ Յայտնութիւն 11։18։

Այո, մարդ արարածը ի՛նք այպանելի է իր վրայ եկած շատ մը թշուառութիւններուն համար։ Սակայն, քանի որ հոգին անմահ չէ, ‘ինչ որ ցանես՝ ա՛յն պիտի հնձես’–ի գաղափարը կարելի չէ գործածել, մարդկային տառապանքը գարմայի՝ ենթադրեալ նախկին կեանքի մը արարքներուն՝ հետ կապելու համար։ «Ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է», կը նշէ Աստուածաշունչը։ (Հռովմայեցիս 6։7, 23) Հետեւաբար, մեղքին արդիւնքը, մահուընէ ետք հետագայ կեանքի չի փոխադրուիր։

Բանսարկու Սատանան ալ շատ մը տառապանքներ կը պատճառէ։ Արդարեւ, Սատանան կը տիրապետէ այս աշխարհին։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Իսկ ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, իր աշակերտները ‘իր անուան համար ամենուն ատելի պիտի ըլլային’։ (Մատթէոս 10։22) Որպէս հետեւանք, արդարները յաճախ աւելի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, քան՝ ամբարիշտները։

Այս աշխարհին մէջ, կարգ մը դէպքեր կը պատահին, որոնց պատճառները դիւրաւ բացայայտ չեն։ Վազքի մէջ ամենէն արագ եղողն անգամ կրնայ իյնալ եւ մրցումը կորսնցնել։ Հզօր բանակ մը կրնայ նուազ կարեւոր ուժերու կողմէ պարտուիլ։ Իմաստուն մարդ մը թերեւս չկարենայ լաւ գործ մը գտնել եւ՝ անօթութենէ տառապի։ Գործի տնօրինումէն լաւատեղեակ անհատներ, պարագաներու բերմամբ թերեւս չկարենան իրենց գիտութիւնը օգտագործել եւ՝ աղքատութեան մէջ իյնալ։ Գիտակից անհատներ կրնան հեղինակութեան տէր անհատներու զայրոյթ պատճառել եւ՝ չսիրուիլ։ Ինչո՞ւ այսպէս է։ «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն», կը պատասխանէ իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը։—Ժողովողի 9։11

Պրահմանական իմաստունները տառապանքին գոյութիւնը բացատրել ջանալէն առաջ, մարդիկ այդ վիճակի մէջ էին։ Բայց աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը կա՞յ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ յոյս, կամ խոստում, վերապահած է մեռեալներուն համար։

Խաղաղ Ապագայ մը

Ստեղծիչը խոստացած է որ շուտով վերջ պիտի դնէ, Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ եղող ներկայ աշխարհի ընկերութեան։ (Առակաց 2։21, 22. Դանիէլ 2։44) Այն ատեն, «նոր երկիր»ը՝ մարդկային արդար նոր ընկերութիւնը, իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այդ ժամանակ, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Նոյնիսկ մահուան ցաւերը չքացած պիտի ըլլան, քանի որ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4

Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհի բնակիչներուն առնչութեամբ, սաղմոսերգուն նախագուշակեց. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Ասկէ զատ, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11

Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Մուգանտպայը մահացաւ, առանց գիտնալու Աստուծոյ հոյակապ խոստումները։ Բայց առանց Աստուած ճանչնալու մահացող միլիոնաւորներ, ակնկալութիւնը ունին այսպիսի խաղաղ նոր աշխարհի մը մէջ զարթնելու, քանի որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ, «թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—Գործք 24։15. Ղուկաս 23։43

Հոս «յարութիւն» թարգմանուած բառը Յունարէն ա·նասթա·սիս բառն է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «վերականգնում»։ Հետեւաբար, յարութիւնը, անհատին կեանքի տիպարը վերստին գործօն դարձնելու գործողութիւնն է։

Երկնքի ու երկրի Ստեղծիչին իմաստութիւնը անհուն է։ (Յոբայ 12։13) Իրեն համար խնդիր չէ մեռած անհատներու կեանքի տիպարը յիշել։ (Բաղդատել՝ Եսայեայ 40։26։) Եհովա Աստուած նաեւ անսահման սէր ունի։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Հետեւաբար, ան իր կատարեալ յիշողութիւնը կրնայ գործածել ո՛չ թէ իրենց կատարած գէշ բաներուն համար մեռեալները պատժելու՝ այլ, դրախտ երկրի մը վրայ զանոնք ետ կեանքի բերելու համար, մահանալէ առաջ իրենց ունեցած նոյն անձնաւորութեամբ։

Մուգանտպայի նման միլիոնաւորներու համար, յարութիւնը պիտի նշանակէ անգամ մը եւս իրենց սիրելիներուն միանալ։ Բայց երեւակայեցէք որ անիկա ի՛նչ կրնայ նշանակել հիմա ապրողներուն համար։ Որպէս օրինակ, առէք Մուգանտպայի տղան, որ Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին հոյակապ ճշմարտութիւնը գիտցաւ։ Իրեն համար որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ իր հայրը չարութեամբ ու տառապանքով շրջապատուած վերածնունդներու անվերջ շրջանին մէջ բռնուած չէ։ Ան պարզապէս մահուան մէջ քնացած է ու յարութեան կը սպասէ։ Որքա՜ն խայտալի է իրեն համար մտածել այն կարելիութեան մասին, որ օր մը Աստուածաշունչէն իր սորված բաները պիտի կարենայ իր հօրը հետ բաժնել։

Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Հիմա է ժամանակը գիտնալու թէ դուք, Աստուծոյ կամքը արդէն կատարող միլիոնաւոր ուրիշներու հետ կրնաք յաւիտեան ապրիլ դրախտ երկրի մը վրայ։—Յովհաննու 17։3

[Մէջբերում՝ էջ 7]

«Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։—Ժողովողի 9։11

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Աստուծոյ անձնաւորութիւնը եւ գարմայի օրէնքը

Մոհանտէս Գ. Կանտին բացատրեց, որ «Գարմայի օրէնքը անողոք է եւ կարելի չէ անկէ խոյս տալ։ Հետեւաբար, կարիք չկայ որ Աստուած միջամտէ։ Ան օրէնքը հաստատեց եւ՝ այդպէս ըսած՝ ետ քաշուեցաւ»։ Կանտին այս բացատրութիւնը շփոթեցուցիչ գտաւ։

Միւս կողմէ, յարութեան խոստումը կը յայտնէ թէ Աստուած խորապէս հետաքրքրուած է իր ստեղծագործութիւնով։ Մահացած անհատ մը ետ կեանքի բերելու համար, Աստուած պէտք է այդ անհատը ճանչնայ եւ իր մասին ամէն բան յիշէ։ Արդարեւ, Աստուած, իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է։—Ա. Պետրոս 5։6, 7

[Նկար՝ էջ 5]

Պրահմանական կեանքի անիւը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել