‘Եհովա իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ’
«Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։—ՍԱՂՄՈՍ 34։19
1, 2. (ա) Եհովա ներկայիս ի՞նչպէս կ’օրհնէ իր ծառաները։ (բ) Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ ի՞նչ կը դիմագրաւեն եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ մարգարէութեան առ ի կատարում, Եհովան պաշտողները հոգեւոր դրախտի մը մէջ կ’ապրին։ (Բ. Կորնթացիս 12։1-4) Եհովայի Վկաները սիրով ու միութեամբ յատկորոշուած միջազգային ընկերակցութեան մը կը պատկանին։ (Յովհաննու 13։35) Անոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին խորունկ եւ ընդարձակ գիտութիւն մը ունին։ (Եսայեայ 54։13) Անոնք որքա՜ն երախտապարտ են Եհովայի, որ իր հոգեւոր վրանին ներքեւ հիւրեր ըլլալու մենաշնորհումը տուած է իրենց։—Սաղմոս 15։1
2 Մինչ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ եղողներուն բոլորն ալ հոգեւոր բարգաւաճութիւն կը վայելեն, բայց այնպէս կը թուի որ ոմանք որոշ չափով խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը ունին, իսկ ուրիշներ՝ այլ կերպերով կը տառապին։ Քրիստոնեաներէն շատեր, երկար ժամանակէ ողորմելի վիճակի մէջ են, անմիջական ապագայի համար յոյսի նշոյլ մը չունենալով։ Այսպիսի իրավիճակներու դիմաց, բնական է յուսահատիլ։ (Առակաց 13։12) Արդեօք դժբախտութիւնները Աստուծոյ տհաճութեան մէկ ապացո՞յցն են։ Եհովա կարգ մը Քրիստոնեաներու մասնաւոր պաշտպանութիւն կը մատուցանէ, իսկ միւսները կ’անտեսէ՞։
3. (ա) Եհովա՞ն է պատասխանատուն իր ծառաներուն կրած դժբախտութիւններուն։ (բ) Ինչո՞ւ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներն իսկ մարդկային տառապանքներ կը կրեն։
3 Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (Յակոբու 1։13) Եհովա իր ժողովուրդին Պահպանիչը եւ Հայթայթիչն է։ (Սաղմոս 91։2-6) «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ»։ (Սաղմոս 94։14) Սակայն ասիկա չի նշանակեր որ հաւատարիմ երկրպագուները պիտի չտառապին։ Աշխարհի ներկայ իրերու դրութիւնը կը կառավարուի այնպիսի անհատներու կողմէ, որոնք ժառանգած են անկատարութիւնը։ Անոնցմէ շատեր եղծանուած են, իսկ ոմանք ուղղակիօրէն չար են։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը Եհովայի կը նայի իմաստութեան համար եւ մարդկային տառապանքին մեծ մասը ասոր արդիւնքն է։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ որ Եհովայի ծառաները չեն կրնար մարդկային անկատարութեան եւ չարութեան գէշ հետեւանքներէն միշտ խուսափիլ։—Գործք 14։21
Հաւատարիմ Քրիստոնեաները կ’Ակնկալեն Տառապիլ
4. Այնքան ատեն որ այս ամբարիշտ իրերու դրութեան մէջ կ’ապրին, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ի՞նչ կրնան ակնկալել եւ ինչո՛ւ։
4 Թէեւ աշխարհին մաս չեն կազմեր, բայց Յիսուսի հետեւորդները իրերու այս դրութեան մէջ կ’ապրին։ (Յովհաննու 17։15, 16) Ըստ Աստուածաշունչին, Սատանան է որ կը տիրէ այս աշխարհին։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Հետեւաբար, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ուշ կամ կանուխ կրնան լուրջ խնդիրներ ակնկալել։ Ասիկա ի մտի ունենալով, Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9) Այո, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ կրնան տառապանքներ ակնկալել։
5. Յիսուս ինչպէ՞ս յստակօրէն բացատրեց որ հաւատարիմ Քրիստոնեաները կեանքի մէջ տխուր վիճակներու պիտի ենթարկուէին։
5 Կեանքի մէջ տխուր բաներ կրնան պատահիլ, նոյնիսկ երբ խորապէս կը սիրենք Եհովան եւ հաւատարմաբար կը կառչինք իր սկզբունքներուն։ Յիսուս ասիկա պարզօրէն ցոյց տուաւ Մատթէոս 7։24-27–ի մէջ արձանագրուած իր օրինակին մէջ, ուր իր խօսքերուն հնազանդող ու չհնազանդող անհատներու միջեւ հակադրութիւն մը ըրաւ։ Ան հնազանդ աշակերտները նմանցուց խելացի մարդու մը, որ իր տունը վէմի վրայ կը շինէ։ Իսկ իր խօսքերուն չհնազանդող անհատներն ալ նմանցուց անխելք մարդու մը, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ։ Զօրաւոր փոթորիկէ մը ետք, միայն վէմի վրայ շինուած տունն է որ իր գոյութիւնը կը պահպանէ։ Նկատի առէք որ խելացի մարդուն տան պարագային, «անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ»։ Յիսուս չխոստացաւ որ խելացի մարդը միշտ խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն պիտի ունենար։ Այլ, այդ մարդուն խելացութիւնը զինք պիտի պատրաստէր փոթորիկին տոկալու։ Նոյն միտքը հաղորդուած է սերմնացանի առակին մէջ։ Անոր մէջ Յիսուս կը բացատրէ որ նոյնիսկ ‘բարի եւ յօժար սիրտ’ ունեցող հնազանդ երկրպագուները, «համբերութիւնով պտուղ կու տան»։—Ղուկաս 8։4-15
6. Կրակի դիմացող նիւթերու մասին Պօղոսի տուած օրինակին մէջ, որո՞նք կրակի փորձութեան կ’ենթարկուին։
6 Կորնթացիներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ փոխաբերական լեզու մը գործածեց, փորձութիւններ դիմագրաւելու մէջ մեզի օգնող տոկուն յատկութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը ցոյց տալու համար։ Ոսկիի, արծաթի ու թանկագին քարերու նման կրակի դիմացող նիւթեր կը համապատասխանեն աստուածային յատկութիւններու։ (Բաղդատել՝ Առակաց 3։13-15. Ա. Պետրոս 1։6, 7։) Միւս կողմէ, նկարագրի մարմնաւոր գծերը նմանցուած են դիւրավառ նիւթերու։ Ապա Պօղոս կ’ըսէ. «Ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ։ Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ»։ (Ա. Կորնթացիս 3։10-14) Հոս անգամ մը եւս Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ բոլորս ալ անխուսափելիօրէն որոշ տեսակի կրակոտ փորձութենէ պիտի անցնինք։
7. Հռովմայեցիս 15։4–ի համաձայն, Սուրբ Գրութիւնները մեզի ի՞նչպէս կ’օգնեն որ փորձութիւններու տոկանք։
7 Աստուածաշունչին մէջ շատ են Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներու պատմութիւնները, որոնք չարիքներու հանդիպեցան եւ երբեմն երկար ժամանակ անոնց տոկացին։ Սակայն, Եհովա զանոնք երեսի վրայ չձգեց։ Հաւանաբար, Պօղոս առաքեալ այսպիսի օրինակներ ի մտի ունէր, երբ ըսաւ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Նկատի առնենք երեք մարդոց պարագաներ, որոնք Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալով հանդերձ, շատ դժբախտութիւններու հանդիպեցան։
Աստուածաշունչի Պատմութիւններէն Ի՛նչ կը Սորվինք
8. Յովսէփի պարագային, Եհովա ի՞նչ բան թոյլատրեց եւ ո՛րքան ժամանակ։
8 Յակոբի որդին՝ Յովսէփ՝ իր վաղ հասակէն Եհովայի հաճութեան արժանացած էր։ Այսուհանդերձ, շարք մը դժբախտութիւններու հանդիպեցաւ, որոնց մէջ ինք յանցանք չունէր։ Ան իր իսկ եղբայրներուն կողմէ առեւանգուեցաւ եւ բրտութիւն տեսաւ։ Որպէս գերի օտար երկիր ծախուեցաւ, ուր զրպարտութեամբ «գուբը» նետուեցաւ։ (Ծննդոց 40։15) Հոն, «անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ»։ (Սաղմոս 105։17, 18) Իր գերութեան եւ բանտարկութեան ընթացքին, Յովսէփ անկասկած կրկնակիօրէն Եհովայի պաղատեցաւ որ զինք ազատէր։ Սակայն, շատ մը կերպերով Եհովայի կողմէ զօրանալով հանդերձ, շուրջ 13 տարի ամէն օր զարթնեցաւ եւ ինքզինք գերի կամ բանտի մէջ գտաւ։—Ծննդոց 37։2. 41։46
9. Դաւիթ երկար ժամանակ ի՞նչ բաներու տոկաց։
9 Դաւիթի պարագան ալ նոյնն էր։ Երբ Եհովա Իսրայէլի վրայ իշխելու համար որակելի մէկը կը փնտռէր, ան ըսաւ. «Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ»։ (Գործք 13։22) Հակառակ որ Եհովայի աչքին շնորհք գտած էր, Դաւիթ շատ բաներ քաշեց։ Մահուան սպառնալիքի դիմաց, ան տարիներ անապատի, քարայրներու, խոռոչներու եւ օտարութեան մէջ պահուըտեցաւ։ Գազանի մը պէս հալածուած, ան յուսահատեցաւ ու վախցաւ։ Այսուհանդերձ, ան տոկաց Եհովայի զօրութեամբ։ Դաւիթ իր անձնական փորձառութենէն, տեղին ըլլալով կրնար ըսել. «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։—Սաղմոս 34։19
10. Նաբովթի եւ անոր ընտանիքին վրայ ի՞նչ մեծ դժբախտութիւն մը եկաւ։
10 Եղիա մարգարէին օրերուն, Իսրայէլի մէջ միայն 7,000 անհատներ կային, որոնք Բահաղ չաստուծոյ չէին ծնրադրած։ (Գ. Թագաւորաց 19։18. Հռովմայեցիս 11։4) Նաբովթ, որ հաւանաբար անոնցմէ մէկն էր, ահաւոր անարդարութեան զոհ գնաց։ Ան որպէս հայհոյիչ մը ամբաստանուելու նուաստացումին ենթարկուեցաւ։ Յանցաւոր նկատուելով, արքայական հրովարտակով մը ան քարկոծուելով մեռնելու դատապարտուեցաւ եւ շուները լափեցին անոր արիւնը։ Անոր որդիներն անգամ սպաննուեցան։ Սակայն, ան անպարտ էր։ Անոր դէմ վկայ կեցողները ստախօսներ էին։ Այս բոլորը Յեզաբէլ Թագուհիին կողմէ յերիւրուած էին, որպէսզի թագաւորը կարենար ձեռք դնել Նաբովթի այգիին վրայ։—Գ. Թագաւորաց 21։1-19. Դ. Թագաւորաց 9։26
11. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսաւ Աստուածաշունչի ժամանակներու հաւատարիմ այրերու ու կիներու մասին։
11 Յովսէփ, Դաւիթ եւ Նաբովթ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած հաւատարիմ այրերէն ու կիներէն միայն երեք հատն են, որոնք չարիքներու հանդիպեցան։ Պօղոս առաքեալ, Եհովայի ծառաներուն դարերու տեւողութեան պատմութիւնը վերաքաղ մը ըրաւ։ Հոն խօսեցաւ անոնց մասին որոնք «նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին. քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով, (որոնց արժանի չէր աշխարհս,) անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ մոլորելով»։ (Եբրայեցիս 11։36-38) Բայց Եհովա երեսի վրայ չձգեց զիրենք։
Եհովա Հոգ կը Տանի Տառապեալներուն
12. Ներկայիս Եհովայի Վկաներուն կրած կարգ մը տառապանքները ի՞նչ են։
12 Ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայիս Եհովայի ծառաներուն մասին։ Որպէս կազմակերպութիւն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի պաշտպանէ մեզ եւ վերջին օրերու ու մեծ նեղութեան մէջէն ապահով պիտի անցնինք։ (Եսայեայ 54։17. Յայտնութիւն 7։9-17) Սակայն, որպէս անհատներ, կ’ընդունինք որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին» բոլոր մարդոց։ (Ժողովողի 9։11) Ներկայիս բազմաթիւ հաւատարիմ Քրիստոնեաներ կան, որոնք դժբախտութիւններու մէջ են։ Ոմանք չափէ դուրս աղքատ են։ Աստուածաշունչը կը խօսի նեղութեան մէջ եղող քրիստոնեայ «որբերուն ու որբեւարիներուն» մասին։ (Յակոբու 1։27) Ուրիշներ բնական աղէտներու, պատերազմներու, ոճիրի, հարստահարութեան, հիւանդութեան եւ մահուան պատճառաւ կը տառապին։
13. Վերջերս ի՞նչ դժուար պարագաներ տեղեկագրուած են։
13 Օրինակ, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմնին 1996 տարուան տեղեկագրութիւններուն մէջ, Դիտարանի մասնաճիւղերը նշած են որ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք շատ խղճալի վիճակի մէջ բանտարկուած են, քանի որ Աստուածաշունչի սկզբունքներու կառչած են։ Հարաւային ամերիկեան երկրի մը մէջ, երեք ժողովքներ լուծուեցան, երբ ֆէտայական խումբեր պարտադրեցին հարիւրաւոր Վկաներու որ այդ շրջանէն հեռանան։ Արեւմտեան ափրիկեան երկրի մը մէջ, կարգ մը Վկաներ քաղաքացիական պատերազմի բախումներու ընթացքին սպաննուեցան։ Կեդրոնական ամերիկեան երկրի մը մէջ, ոլորամրրիկ մը կարգ մը եղբայրներու նիւթական արդէն իսկ դժուար կացութիւնը աւելի վատթարացուց։ Այլ տեղեր, ուր թերեւս աղքատութիւնը եւ ուտելիքի պակասը լուրջ խնդիրներ չեն, բայց ոմանք իրենց ուրախութիւնը կրնան կորսնցնել բացասական ազդեցութիւններու պատճառաւ։ Ուրիշներ արդի ապրուստի ճնշումներուն ներքեւ ծանրաբեռնուած կը զգան։ Հանրային անտարբերութեան պատճառաւ, ոմանք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու նկատմամբ յուսալքուած կը զգան։
14. (ա) Յոբի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ (բ) Երբ նեղութիւններու կ’ենթարկուինք, փոխանակ բացասական խորհուրդներ ունենալու, ի՞նչ պէտք է ընենք։
14 Այս իրավիճակները պէտք չէ մեկնուին որպէս Աստուծոյ տհաճութեան ապացոյց։ Յոբի պարագան եւ անոր հանդիպած ձախորդութիւնները մտաբերեցէք։ Ան «կատարեալ եւ արդար» էր։ (Յոբայ 1։8) Յոբ որքա՜ն վհատած ըլլալու էր, երբ Եղիփազ յանցագործութեամբ ամբաստանեց զինք։ (Յոբայ, գլուխներ 4, 5, 22) Հապճեպով պէտք չէ եզրակացնենք որ ձախորդութիւններու կը հանդիպինք, քանի որ կերպով մը Եհովան յուսախաբ ըրած ենք, կամ քանի որ Եհովա մեր վրայէն իր օրհնութիւնը վերցուցած է։ Նեղութեան դիմաց բացասական մտածումներ ունենալը կրնայ մեր հաւատքը տկարացնել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-3, 5) Երբ նեղութեան մէջ ըլլանք, լաւագոյն բանն է խորհիլ այն իրողութեան վրայ թէ ի՛նչ որ ալ պատահի, Եհովա եւ Յիսուս արդարին հետն են։
15. Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովա խորապէս հետաքրքրուած է իր ծառաներուն տառապած չարիքներով։
15 Պօղոս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ, երբ կ’ըսէ. «Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. . . . ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է»։ (Հռովմայեցիս 8։35, 38, 39) Եհովա խոր կերպով հետաքրքրուած է մեզմով եւ մեր տառապանքէն տեղեակ է։ Մինչ տակաւին փախստական մըն էր, Դաւիթ գրեց. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին. Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է»։ (Սաղմոս 34։15, 18. Մատթէոս 18։6, 14) Մեր երկնաւոր Հայրը հոգ կը տանի մեզի եւ տառապեալներուն կը խղճայ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Ի՛նչպիսի տառապանքի ալ ենթարկուինք, տոկալու համար ի՛նչ բանի որ պէտքը ունենանք՝ զայն կը հայթայթէ։
Եհովայի Պարգեւները Մեզի Նեցուկ Են
16. Եհովայէ եկած ո՞ր կարգադրութիւնը տոկալու կը նպաստէ եւ ի՛նչպէս։
16 Թէեւ հակառակութենէ զերծ կեանք մը չենք ակնկալեր իրերու այս հին դրութեան մէջ, սակայն՝ «երեսէ ձգուած չենք»։ (Բ. Կորնթացիս 4։8, 9) Յիսուս խոստացաւ որ իր հետեւորդներուն օգնական մը պիտի տար։ Ան ըսաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. ճշմարտութեան Հոգին»։ (Յովհաննու 14։16, 17) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ իր ունկնդիրներուն ըսաւ որ կրնային ‘Սուրբ Հոգիին պարգեւը ընդունիլ’։ (Գործք 2։38) Այսօր, սուրբ հոգին մեզի ալ կ’օգնէ՞։ Այո՛, Եհովայի գործօն ոյժը հոյակապ պտուղներ կու տայ մեզի. «Սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ասոնք թանկագին յատկութիւններ են, որոնք տոկալու կը նպաստեն։
17. Սուրբ գրային ո՞ր ճշմարտութիւնները մեր հաւատքը եւ վճռակամութիւնը կը զօրացնեն որ համբերութեամբ Եհովայի սպասենք։
17 Սուրբ հոգին նաեւ կ’օգնէ հասկնալու որ ներկայ նեղութիւնները «վայրկենական թեթեւ» բաներ են, յաւիտենական կեանքի վարձատրութեան հետ բաղդատած։ (Բ. Կորնթացիս 4։16-18) Համոզուած ենք որ Աստուած պիտի չմոռնայ մեր գործը եւ իրեն հանդէպ մեր ցուցաբերած սէրը։ (Եբրայեցիս 6։9-12) Աստուածաշունչի ներշնչեալ խօսքերը կարդալով, կը մխիթարուինք վաղեմի հաւատարիմ ծառաներու օրինակներով, որոնք ձախորդութիւններու տոկացին բայց երանելի կոչուած են։ Յակոբոս գրեց. «Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան։ Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք»։ (Յակոբու 5։10, 11) Աստուածաշունչը կը խոստանայ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւն» մը, որ մեզի պիտի օգնէ փորձութիւններու տոկալու։ (Բ. Կորնթացիս 1։8-10. Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ) Ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալով եւ այս խոստումներուն մասին մտածելով, համբերութեամբ Աստուծոյ սպասելու համար մեր հաւատքը եւ մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնենք։—Սաղմոս 42։5
18. (ա) Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ը ի՞նչ ընելու կը քաջալերէ մեզ։ (բ) Քրիստոնեայ տեսուչներ ի՞նչպէս մխիթարութեան եւ հանգստութեան աղբիւր մը կրնան ըլլալ։
18 Աւելին ըլլալով, Եհովա մեզի հոգեւոր դրախտ մը տուած է, ուր մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հարազատ սէրը կը վայելենք։ Իրար մխիթարելու մէջ բոլորս ալ խաղալիք դեր մը ունինք։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Մա՛նաւանդ քրիստոնեայ տեսուչները կրնան մխիթարութեան ու հանգստութեան գլխաւոր աղբիւր մը ըլլալ։ (Եսայեայ 32։2) «Տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» ըլլալով, անոնց յանձնարարութիւն տրուած է որ տառապեալները կերտեն, ‘վատասիրտները մխիթարեն’ եւ ‘տկարներուն ձեռնտու ըլլան’։ (Եփեսացիս 4։8, 11, 12, ՆԱ. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Երէցներուն քաջալերութիւն տրուած է որ Դիտարան–ն ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած ուրիշ գրականութիւնները լաւ կերպով գործածեն։ (Մատթէոս 24։45-47) Անոնք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ճոխ խրատներ կը պարունակեն, որոնք մեզի կ’օգնեն որ մեզ մտատանջող խնդիրներէն ոմանք լուծենք, կամ նոյնիսկ, անոնց առաջքը առնենք։ Թող որ Եհովան ընդօրինակենք, դժուար ժամանակներուն իրար մխիթարելով եւ քաջալերելով։
19. (ա) Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ կարգ մը ձախորդութիւններէն խուսափինք։ (բ) Մա՛նաւանդ որո՞ւ պէտք է յուսանք եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ փորձութիւններու տոկանք։
19 Մինչ այս վերջին օրերուն մէջ աւելի կը յառաջանանք եւ իրերու ներկայ դրութեան կացութիւնը կը վատթարանայ, Քրիստոնեաները իրենց կարելին կ’ընեն չարիքներէ խուսափելու համար։ (Առակաց 22։3) Լաւ դատողութիւնը, ողջախոհութիւնը եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներէն տեղեակ ըլլալը կրնան մեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներու յանգինք։ (Առակաց 3։21, 22) Անհարկի սխալներէ խուսափելու համար, Եհովայի Խօսքին մտիկ կ’ընենք ու անոր կը հնազանդինք։ (Սաղմոս 38։4) Այսուհանդերձ, կը գիտակցինք որ որքան ջանք ալ թափենք, մեր կեանքէն ամբողջովին չենք կրնար վանել տառապանքը։ Իրերու այս դրութեան մէջ, բազմաթիւ արդար անհատներ խիստ դժբախտութիւններ կը դիմագրաւեն։ Սակայն մեր փորձութիւնները կրնանք դիմակալել, կատարելապէս վստահ ըլլալով որ ‘Եհովա իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ’։ (Սաղմոս 94։14) Իսկ գիտենք որ իրերու այս դրութիւնը եւ անոր ցաւերը շուտով չքացած պիտի ըլլան։ Հետեւաբար, վճռենք «բարիք գործելէն չձանձրանա[լ], քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Գաղատացիս 6։9
Ի՞նչ սորվեցանք
◻ Քրիստոնեաներու ամբողջ ընկերակցութիւնը ի՞նչ փորձութիւններու ենթակայ է։
◻ Սուրբ գրային ո՞ր օրինակները մեզի կ’օգնեն հասկնալու որ ձախորդութիւնները Եհովայի տհաճութեան ապացոյցը չեն։
◻ Եհովա ի՞նչ կը զգայ իր ծառաներուն կրած ձախորդութիւններուն նկատմամբ։
◻ Փորձութիւններու տոկալու համար Եհովայի մատուցանած պարգեւներէն ոմանք ի՞նչ են։
[Նկարներ՝ էջ 10]
Դաւիթ, Նաբովթ եւ Յովսէփ չարիքներու հանդիպած երեք անհատներ են