Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 2/1 էջ 27-31
  • Շարունակեցէք Աստուծոյ հետ քալել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակեցէք Աստուծոյ հետ քալել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կեանքի Յարատեւ Ընթացք մը
  • Ինքնավստահութեան Որոգայթէն Խուսափեցէ՛ք
  • Մի՛ Ձգէք որ Մարդու Վախը Ձեր Վրայ Տիրապետէ
  • Խրատը Թեթեւի Առնելէ Խուսափեցէք
  • Կեանքի Հոգերուն Հետ Յաջողութեամբ Գլուխ Ելլել
  • Հաւատքո՛վ ընթացիր, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Աստուծոյ հետ քալելուն առաջին քայլերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն անունով պիտի քալենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 2/1 էջ 27-31

Շարունակեցէք Աստուծոյ հետ քալել

«Հոգիով գացէք [«շարունակեցէք քալել», ՆԱ] ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5։16

1. (ա) Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց ի՞նչ պայմաններու ներքեւ ու ո՛րքան ժամանակ։ (բ) Նոյ ո՞րքան ժամանակ Աստուծոյ հետ քալեց, եւ ան ի՞նչ ծանր պատասխանատուութիւններ ունէր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կ’ըսէ թէ Ենովք «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Հակառակ իր շուրջը գտնուող մարդոց անպարկեշտ խօսքերուն ու անբարեպաշտ վարքին, ան շարունակեց Աստուծոյ հետ քալել մինչեւ իր մահը, 365 տարեկանին։ (Ծննդոց 5։23, 24. Յուդա 14, 15) Նոյ ալ «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Ան ասիկա ըրաւ մինչ իր ընտանիքը կը մեծցնէր, ըմբոստ հրեշտակներով ու անոնց վայրագ զաւակներով լեցուած աշխարհին հետ գլուխ կ’ելլէր, եւ վաղեմի բոլոր նաւերէն աւելի հսկայ տապան մը շինելու մանրամասնութեանց հոգ կը տանէր։ Ան շարունակեց Աստուծոյ հետ քալել Ջրհեղեղէն ետքն ալ, նոյնիսկ երբ Եհովայի դէմ ըմբոստութիւնը դարձեալ գլուխ ցցեց Բաբելոնի մէջ։ Արդարեւ, Նոյ շարունակեց Աստուծոյ հետ քալել մինչեւ իր մահը, 950 տարեկանին։—Ծննդոց 6։9. 9։29

2. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Աստուծոյ հետ քալել’։

2 Աստուածաշունչը փոխաբերական լեզու մը կը գործածէ, երբ կ’ըսէ թէ այս մարդիկը Աստուծոյ հետ «քալեց»ին։ Անիկա ըսել կ’ուզէ թէ Ենովք ու Նոյ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունեցողներու պէս վարուեցան։ Անոնք Եհովայի հրամանները կատարեցին ու մարդկութեան հետ Իր ունեցած գործառնութեանց մասին իրենց ունեցած տեղեկութեան համաձայն կեանքեր վարեցին։ (Բաղդատել՝ Բ. Մնացորդաց 7։17։) Անոնք ոչ միայն միտքով համաձայնեցան Աստուծոյ ըսածներուն ու ըրածներուն հետ, այլ, անոր պահանջած բոլոր բաներուն համաձայն գործեցին. միայն քանի մը հատին չէ, այլ՝ բոլորին, որպէս անկատար մարդիկ իրենց կարելին ընելով։ Օրինակի համար, Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։ (Ծննդոց 6։22) Նոյ իրեն տրուած ուղղութիւններէն անդին չգնաց, ոչ ալ անոնց նկատմամբ զանցառու գտնուեցաւ։ Որպէս Եհովայի հետ մտերմութիւն վայելող մը, Աստուծոյ աղօթելու ազատ զգալով ու աստուածային առաջնորդութեան վրայ գուրգուրալով, ան Աստուծոյ հետ կը քալէր։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք

Կեանքի Յարատեւ Ընթացք մը

3. Աստուծոյ նուիրուած ու մկրտուած բոլոր ծառաներուն համար ի՞նչ բան շատ կարեւոր է։

3 Սրտապնդիչ է տեսնել մարդիկ, որոնք կը սկսին Աստուծոյ հետ քալել։ Երբ անոնք Եհովայի կամքին համաձայն դրական քայլեր առնեն, իրենց հաւատքը կ’ապացուցանեն, առանց որուն անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ։ (Եբրայեցիս 11։6) Որքա՜ն կ’ուրախանանք որ վերջին հինգ տարիներուն, իւրաքանչիւր տարի միջին հաշուով աւելի քան 330,000 անհատներ Եհովայի նուիրուելով ջուրի մէջ մկրտուած են։ Սակայն, կարեւոր է որ անոնք, ինչպէս նաեւ մենք շարունակենք Աստուծոյ հետ քալել։—Մատթէոս 24։13. Յայտնութիւն 2։10

4. Թէեւ որոշ հաւատք մը ցուցաբերեցին, Եգիպտոսէն ելած Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ Աւետեաց Երկիրը չմտաւ։

4 Մովսէսի օրերուն, Եգիպտոսի մէջ Պասեքը տօնելը եւ արիւնը իրենց տան դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ սրսկելը հաւատք կը պահանջէր Իսրայելացի ընտանիքէ մը։ (Ելից 12։1-28) Բայց անոնցմէ շատերուն հաւատքը սասանեցաւ, երբ Կարմիր Ծովու ափին Փարաւոնի բանակին իրենց ետեւէն գալը տեսան։ (Ելից 14։9-12) Սաղմոս 106։12–ը ցոյց կու տայ որ երբ անոնք չոր հունէն ապահով անցան եւ եգիպտական բանակին վրայ ջուրերուն գոցուիլը տեսան, անոնք դարձեալ «հաւատացին [Եհովայի] խօսքին»։ Բայց քիչ ժամանակ ետք, անապատին մէջ անոնք սկսան ջուրի, ուտելիքի եւ վերատեսչութեան շուրջ գանգատ յայտնել։ Աւետեաց Երկրէն վերադարձած 12 լրտեսներէն 10–ին բերած աննպաստ տեղեկութիւնը զանոնք վախցուց։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, Սաղմոս 106։24–ի համաձայն, անոնք «անոր խօսքին չհաւատացին»։ Անոնք ուզեցին Եգիպտոս վերադառնալ։ (Թուոց 14։1-4) Երբ աստուածային զօրութեան որոշ հրաշալի ցուցադրութիւնը տեսնէին, այն ատեն էր որ անոնց հաւատքը կը կենդանանար։ Անոնք չշարունակեցին Աստուծոյ հետ քալել։ Որպէս հետեւանք, այդ Իսրայելացիները Աւետեաց Երկիրը չմտան։—Սաղմոս 95։10, 11

5. Բ. Կորնթացիս 13։5–ը եւ Առակաց 3։5, 6–ը ի՞նչպէս առնչութիւն ունին Աստուծոյ հետ քալելուն հետ։

5 Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) «Հաւատքին մէջ» ըլլալը կը նշանակէ քրիստոնէական ամբողջ հաւատալիքներուն կառչիլ։ Ասիկա կենսական է, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հետ քալելու մէջ յաջողութիւն գտնել, մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։ Աստուծոյ հետ քալելու համար, հաւատքի յատկութիւնը բացայայտ պէտք է ըլլայ՝ լիովին Եհովայի ապաւինելով։ (Առակաց 3։5, 6) Անոնք որ կը թերանան ասոր մէջ, բազմաթիւ թակարդներու եւ որոգայթներու մէջ կրնան իյնալ։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։

Ինքնավստահութեան Որոգայթէն Խուսափեցէ՛ք

6. Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ի՞նչ գիտեն պոռնկութեան եւ շնութեան մասին, եւ այս մեղքերուն նկատմամբ անոնք ի՞նչպէս կը զգան։

6 Աստուածաշունչը ուսումնասիրած, իր կեանքը Եհովայի նուիրած ու մկրտուած իւրաքանչիւր անհատ գիտէ որ Աստուծոյ Խօսքը կը դատապարտէ պոռնկութիւնը եւ շնութիւնը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1-3. Եբրայեցիս 13։4) Անոնք համաձայն են որ ասիկա շիտակ է եւ կ’որոշեն անոր համաձայն ապրիլ։ Սակայն, ասով հանդերձ պոռնկութիւնը կը շարունակէ Սատանայի ամենէն ազդու որոգայթներէն մէկը ըլլալ։ Ինչո՞ւ։

7. Մովաբի դաշտերուն մէջ, Իսրայելացի տղամարդիկը ի՞նչպէս միջամուխ եղան ընթացքի մը, զոր գիտէին թէ սխալ էր։

7 Անբարոյ վարմունքի միջամուխ եղողները, սկիզբը այնպէս ընել ծրագրած չեն ըլլար։ Թերեւս պարագան նոյնն էր Մովաբի դաշտերուն մէջ եղող Իսրայելացիներուն համար։ Անապատին մէջ թափառելէն յոգնած Իսրայելացի տղամարդոց համար, զիրենք հրապուրող Մովաբացի ու Մադիանացի կիները թերեւս սկիզբը բարեկամական ու հիւրասէր թուեցան։ Սակայն, ի՞նչ պատահեցաւ երբ Իսրայելացիները Բահաղը եւ ոչ թէ Եհովան պաշտող ժողովուրդի մը ընկերակցելու հրաւէրներ ընդունեցին, ժողովուրդ մը՝ որ կը թոյլատրէր որ իր աղջիկները (նոյնիսկ երեւելի ընտանիքներու) սեռային յարաբերութիւններ ունենային իրենց ամուսինը չեղող տղամարդոց հետ։ Երբ Իսրայէլի բանակավայրի տղամարդիկը այսպիսի ընկերակցութիւններու ցանկացին, անոնք հրապուրուեցան ընելու բաներ զորս գիտէին որ սխալ էին, իրենց կեանքին գնով։—Թուոց 22։1. 25։1-15. 31։16. Յայտնութիւն 2։14

8. Մեր օրերուն, ի՞նչ բան կրնայ Քրիստոնեայ մը սեռային անբարոյութեան առաջնորդել։

8 Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ ներկայիս անհատ մը նոյնանման որոգայթի մը մէջ իյնայ։ Սեռային անբարոյութեան լրջութիւնը գիտնալով հանդերձ, եթէ ան ինքնավստահութեան վտանգը անտեսէ, կրնայ իր անձին թոյլ տալ որ այնպիսի վիճակներու մէջ գտնուի, ուր յանցագործութեան հրապոյրը իր տրամաբանութիւնը բթացնէ։—Առակաց 7։6-9, 21, 22. 14։16

9. Սուրբ գրային ո՞ր ազդարարութիւնները կրնան մեզ պաշտպանել անբարոյութեան դէմ։

9 Ուրիշ խօսքով, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը զգուշացնէ որ չխաբուինք, խորհելով թէ մենք ա՛յնքան զօրաւոր ենք որ չար ընկերակցութիւնները չեն կրնար մեզ ապականել։ Ասիկա կը պարփակէ անբարոյ կենցաղ վարող անհատներու մասին հեռատեսիլի յայտագիրներ դիտելը, ինչպէս նաեւ անբարոյ ցանկութիւններ հրահրող պարբերաթերթեր թերթատելը։ (Ա. Կորնթացիս 10։11, 12. 15։33) Անպատշաճ պարագաներու ներքեւ հաւատակիցներու հետ ընկերակցիլն անգամ, կրնայ լուրջ խնդիրներու առաջնորդել։ Սեռերու միջեւ եղող քաշողականութիւնը զօրաւոր է։ Հետեւաբար, սէրէ մղուած, Եհովայի կազմակերպութիւնը զգուշացուցած է որ չմեկուսանանք հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ, որ ո՛չ մեր կողակիցն է, ո՛չ ալ՝ մեր ընտանիքի մէկ անդամը։ Աստուծոյ հետ շարունակաբար քալելու համար, ինքնավստահութեան որոգայթէն պէտք է խուսափինք եւ մեզի տուած ազդարարական խրատներուն ականջ տանք։—Սաղմոս 85։8

Մի՛ Ձգէք որ Մարդու Վախը Ձեր Վրայ Տիրապետէ

10. «Մարդու վախը» ի՞նչպէս որոգայթ մըն է։

10 Առակաց 29։25–ի մէջ ուրիշ վտանգ մը կը բնորոշուի. հոն կը կարդանք. «[«Մարդու», ՆԱ] վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ»։ Որսորդի մը լարած որոգայթը կրնայ անասուն մը ամուր կերպով վզէն բռնել, կամ, պարաններով անոր ոտքերը անշարժութեան մատնել։ (Յոբայ 18։8-11) Մարդու վախն ալ նոյնպէս կրնայ անհատի մը ազատօրէն խօսելու, կամ Աստուծոյ հաճելի եղած կերպով վարուելու կարողութիւնը խեղդել։ Ուրիշները հաճեցնելու փափաքը բնական է եւ ուրիշներուն տեսակէտը անկարեկցաբար անտեսելը քրիստոնէավայել չէ։ Սակայն հաւասարակշռութեան կարիքը կայ։ Ուրիշներու հաւանական հակազդեցութենէն վախնալով երբ անհատ մը Աստուծոյ արգիլածը ընէ կամ Անոր Խօսքին պատուիրածը զանց ընէ, այդ անհատը որոգայթի մէջ բռնուած կ’ըլլայ։

11. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ մեզ պաշտպանել մարդու վախի դէմ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս օգնած է մարդու վախի դէմ պայքարող իր ծառաներուն։

11 Այսպիսի որոգայթէ մը պաշտպանուիլը անհատին բնածին խառնուածքէն կախեալ չէ, այլ ‘Տէրոջը ապաւինելէն’։ (Առակաց 29։25բ) Աստուծոյ ապաւինելով, նոյնիսկ բնաւորութեամբ ամչկոտ անհատ մը կրնայ խիզախ եւ անսասան ըլլալ։ Այնքան ատեն որ իրերու այս սատանայական դրութեան ճնշումներով շրջապատուած ենք, պէտք է զգոյշ ըլլանք մարդու վախի որոգայթէն։ Թէեւ Եղիա մարգարէն խիզախ ծառայութեան արձանագրութիւն մը ունէր, բայց երբ Յեզաբէլ սպառնաց զինք սպաննել, ան վախնալով փախուստ տուաւ։ (Գ. Թագաւորաց 19։2-18) Ճնշումի ներքեւ, Պետրոս առաքեալ երկչոտութեամբ ուրացաւ որ կը ճանչնար Յիսուս Քրիստոսը, իսկ տարիներ ետք թոյլ տուաւ որ վախի պատճառաւ հաւատքի վայել չեղող վարմունք մը ունենայ։ (Մարկոս 14։66-71. Գաղատացիս 2։11, 12) Սակայն, Եղիա ու Պետրոս իրենց տրուած հոգեւոր օգնութիւնը ընդունեցին ու Եհովայի ապաւինելով, շարունակեցին Աստուծոյ ընդունելի ծառայութիւն մատուցանել։

12. Արդի ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան թէ անհատներ թոյլ չեն տուած որ վախը պատճառ ըլլայ որ անոնք Աստուած հաճեցնելէ ետ կենան։

12 Մեր օրերուն ալ, Եհովայի ծառաներէն շատեր սորված են նուաճել որոգայթի մէջ ձգող վախը։ Կույանայի մէջ, պատանուհի Վկայ մը ըսաւ. «Դպրոցին մէջ շրջապատի ճնշումին դէմ պայքարը զօրաւոր է», ապա աւելցուց. «Նոյնպէս ալ՝ Եհովայի վրայ իմ հաւատքս»։ Երբ իր ուսուցիչը բոլոր դասարանին առջեւ ծաղրանքի առարկայ դարձուց զինք իր հաւատքին պատճառաւ, ան լռելեայն Եհովայի աղօթեց։ Յետոյ երբ ուսուցիչը առանձին էր, ան փափկանկատութեամբ վկայեց անոր։ Եհովայի պահանջները սորվող երիտասարդ մը, իր ծննդավայրը՝ Պենին՝ տուած իր այցելութեան ընթացքին, վճռեց իր հօրը իրեն համար քանդակած կուռքէն ձերբազատուիլ։ Այս երիտասարդը գիտէր թէ այդ կուռքը անկենդան էր ու անկէ չէր վախնար, սակայն գիտէր որ զայրացած գիւղացիները կրնային զինք սպաննել։ Ան Եհովայի աղօթեց, ապա գիշերով կուռքը անտառ տանելով զայն բնաջնջեց։ (Բաղդատել Դատաւորաց 6։27-31։) Երբ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ կին մը սկսաւ Եհովայի ծառայել, անոր ամուսինը իրմէ պահանջեց որ իրեն եւ Եհովայի միջեւ ընտրութիւն մը ընէր։ Ան սպառնաց ամուսնալուծուիլ։ Վախը պատճառ պիտի ըլլա՞ր որ ան իր հաւատքը լքէր։ Կինը պատասխանեց. «Եթէ հարցը անհաւատարմութիւն ըլլար, ամօթ պիտի զգայի, բայց Եհովա Աստուծոյ ծառայելուս համար ամօթ չեմ զգար»։ Ան շարունակեց Աստուծոյ հետ քալել ու ժամանակի ընթացքին ամուսինն ալ իրեն միացաւ Եհովայի կամքը կատարելու մէջ։ Մեր երկնաւոր Հօր լիովին ապաւինելով, մենք ալ մարդու վախի պատճառաւ Եհովան հաճեցնող բաները ընելէ ետ չենք կենար։

Խրատը Թեթեւի Առնելէ Խուսափեցէք

13. Ա. Տիմոթէոս 6։9–ին մէջ, ո՞ր որոգայթին մասին ազդարարութիւն տրուած է մեզի։

13 Թէեւ կարգ մը որսորդներու գործածած որոգայթները դիպուածով որոշ տեղէ մը անցնող որեւէ անասուն բռնելու համար ծրագրուած են, բայց ուրիշ թակարդներ անասունները կը հրապուրեն կեղծ գրաւիչ խայծով մը։ Բազմաթիւ մարդոց համար, հարստութիւնը ասոր կը նմանի։ (Մատթէոս 13։22) Ա. Տիմոթէոս 6։8, 9–ի մէջ, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։ Ապա մեզ կը զգուշացնէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։

14. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ անհատ մը չհնազանդի կերակուրով ու հանդերձով բաւականանալու խրատին։ (բ) Հարստութեան սխալ սահմանում մը տալը ի՞նչպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատ մը թեթեւի առնէ Ա. Տիմոթէոս 6։9–ի մէջ արձանագրուած ազդարարութիւնը։ (գ) Ի՞նչ կերպերով «աչքերու ցանկութիւնը» ոմանց կրնայ կուրցնել որ չտեսնեն իրենց սպասող որոգայթը։

14 Հակառակ այս ազդարարութեան, շատեր ծուղակը կ’իյնան, քանի որ այս խրատը իրենց անձերուն չեն կիրարկեր։ Ինչո՞ւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք հպարտութեան պատճառաւ կը շարունակեն կառչիլ կենցաղի մը, որ Աստուածաշունչի յորդորած ‘կերակուրով ու հանդերձով’ բաւարարուելէն աւելին կը պահանջէ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք Աստուածաշունչի ազդարարութիւնը թեթեւի կ’առնեն, քանի որ հարստութիւնը կը սահմանեն մեծահարուստներուն ստացուածքներով։ Աստուածաշունչը հարստանալու որոշումը պարզապէս կերակուրով ու հանդերձով բաւականանալուն հետ կը հակադրէ։ (Բաղդատել՝ Եբրայեցիս 13։5։) Կրնա՞յ ըլլալ որ «աչքերու ցանկութիւնը», այսինքն՝ իրենց տեսածը ունենալու փափաքը, նոյնիսկ հոգեւոր հետապնդումները զոհելու գնով, պատճառ կ’ըլլայ որ ճշմարիտ պաշտամունքի շահերը երկրորդական տեղ դրուին։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17. Անգեայ 1։2-8) Որքա՜ն աւելի ուրախ են անոնք որոնք Աստուածաշունչի խրատներուն իրապէս կ’անսան ու Աստուծոյ հետ կը քալեն, Եհովայի ծառայութիւնը իրենց կեանքին գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձնելով։

Կեանքի Հոգերուն Հետ Յաջողութեամբ Գլուխ Ելլել

15. Ո՞ր պարագաները հասկնալիօրէն Եհովայի ժողովուրդին նեղութիւն կը պատճառեն, իսկ ո՞ր թակարդէն պէտք է զգուշանանք երբ այսպիսի ճնշումներու ներքեւ ըլլանք։

15 Կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու մտահոգութիւնը աւելի հասարակաց է քան հարստանալու փափաքը։ Եհովայի ծառաներէն շատեր շատ քիչ եկամուտով մը կ’ապրին։ Անոնք երկար ժամեր ծանր կ’աշխատին, որպէսզի առնուազն հիմնական հագուելիք, գիշերը իրենց ընտանիքին համար պառկելիք տեղ մը ու օրուան համար քիչ մը ուտելիք ունենան։ Ուրիշներ իրենց կամ իրենց ընտանիքի անդամներուն հիւանդ կամ ծեր վիճակին պատճառած խնդիրներու հետ կը պայքարին։ Որքա՜ն դիւրին է թոյլ տալ, որ այսպիսի պարագաներ իրենց կեանքէն վանեն հոգեւոր շահերը խեղդեն։—Մատթէոս 13։22

16. Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելու։

16 Եհովա սիրալիր կերպով մեզ տեղեակ կը պահէ մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ մեր վայելելիք ամոքումին մասին։ (Սաղմոս 72։1-4, 16. Եսայեայ 25։7, 8) Ան նաեւ հիմա կ’օգնէ մեզի որ կեանքի ճնշումներու հետ գլուխ ելլենք, մեր նախապատուութիւնները պատշաճ կերպով դասաւորելու մասին խրատներ տալով։ (Մատթէոս 4։4. 6։25-34) Անցեալին իր ծառաներուն ինչպէս օգնութեան փութացած ըլլալուն մասին եղած արձանագրութեամբ, Եհովա կը հաւաստիացնէ մեզ։ (Երեմեայ 37։21. Յակոբու 5։11) Ան մեզ կը զօրացնէ այն գիտութեամբ, թէ ի՛նչ հակառակութեան ալ հանդիպինք, իր հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ իր սէրը հաստատ կը մնայ։ (Հռովմայեցիս 8։35-39) Եհովայի ապաւինողներուն ուղղելով իր խօսքը, ան կ’ըսէ. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։—Եբրայեցիս 13։5

17. Օրինակներ տուէք թէ ի՛նչպէս խիստ նեղութիւններէ տառապողներ կրցած են շարունակել Աստուծոյ հետ քալել։

17 Այս գիտակցութեամբ զօրացած, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը շարունակեն Աստուծոյ հետ քալել, փոխանակ աշխարհային կերպերու դիմելու։ Շատ մը երկիրներու մէջ, աղքատ դասակարգին մէջ ընդհանրացած աշխարհային փիլիսոփայութիւն մը կայ, որ հետեւեալն է. ընտանիքդ կերակրելու համար ունեւորի մը ունեցածէն առնելը՝ գողութիւն չէ։ Սակայն հաւատքով քալողները կը մերժեն այս տեսակէտը։ Անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալը ամէն բանէ աւելի կ’արժեւորեն եւ կ’ակնկալեն որ ան իրենց պարկեշտ ընթացքին համար զիրենք վարձատրէ։ (Առակաց 30։8, 9. Ա. Կորնթացիս 10։13. Եբրայեցիս 13։18) Հնդկաստանի մէջ, որբեւայրի մը գիտակցեցաւ թէ աշխատելու կամեցողութիւնը ու արդիւնաբեր ըլլալը իրեն օգնեցին որ գլուխ ելլէ կացութեան հետ։ Փոխանակ իր վիճակին վրայ ողբալու, ան հասկցաւ որ եթէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէ, Եհովա պիտի օրհնէ՝ իրեն ու իր տղուն անհրաժեշտ եղած բաները ձեռք ձգելու համար իր թափած ջանքերը։ (Մատթէոս 6։33, 34) Համայն աշխարհի մէջ, հազարաւորներ կ’ապացուցանեն որ հակառակ իրենց նեղութիւններուն, Եհովա իրենց ապաւէնն ու ամրոցն է։ (Սաղմոս 91։2) Ձեր մասին ալ նոյնը կրնա՞յ ըսուիլ։

18. Սատանայի աշխարհին որոգայթներէն խուսափելու բանալին ի՞նչ է։

18 Այնքան ատեն որ իրերու ներկայ դրութեան մէջ կ’ապրինք, պիտի ըլլան որոգայթներ որոնցմէ պէտք է խուսափինք։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Աստուածաշունչը կը բնորոշէ զանոնք ու ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք անոնցմէ խուսափիլ։ Եհովան իրապէս սիրողները ու զինք տհաճեցնելու առողջ վախ ունեցողները, կրնան յաջողութեամբ դիմագրաւել այսպիսի որոգայթներ։ Եթէ «շարունակեն հոգիով քալել», աշխարհային կերպերու զոհ պիտի չերթան։ (Գաղատացիս 5։16-25, ՆԱ) Իրենց կեանքերը Եհովայի հետ իրենց յարաբերութեան շուրջ կերտող բոլոր անհատներուն, յաւիտեան Աստուծոյ հետ քալելու ու իր հետ մտերմանալու հոյակապ հեռանկարը կը սպասէ։—Սաղմոս 25։14

Ի՞նչ Է Ձեր Պատասխանը

◻ Ինքնավստահութիւնը ի՞նչպէս կրնայ որոգայթ մը ըլլալ։

◻ Ի՞նչ բան կրնայ պաշտպանել մեզ որ մարդու վախի զոհ չերթանք։

◻ Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ հարստութիւն հետապնդելու վտանգին դէմ տրուած խրատները չկիրարկենք։

◻ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ խուսափինք կեանքի մտահոգութիւններու որոգայթին մէջ իյնալէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել