Նուիրում եւ ընտրելու ազատութիւն
«Այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5։1
1. «Նուիրում», «նաւակատիք» կամ «նուիրագործութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն ու Յունարէն բառերը գլխաւորաբար ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ գրողները Եբրայերէն ու Յունարէն քանի մը բառեր գործածեցին, սրբազան նպատակի մը համար զատուած կամ անջատուած ըլլալու գաղափարը փոխանցելու համար։ Անգլերէն Աստուածաշունչերու մէջ, այս բառերը թարգմանուած են հետեւեալ ձեւերով՝ «նուիրում», «նաւակատիք» կամ «նուիրագործութիւն»։ Երբեմն, այս բառերը գործածուած են կառոյցի մը՝ ընդհանուր առմամբ վաղեմի Երուսաղէմի մէջ գտնուած Աստուծոյ տաճարին եւ հոն կատարուած պաշտամունքին՝ առնչութեամբ։ Այս բառերը շատ քիչ անգամներ գործածուած են աշխարհիկ բաներու ակնարկելու։
‘Իսրայէլի Աստուծոյն’ Նուիրուած
2. Եհովա իրաւացիօրէն ինչո՞ւ կրնայ ‘Իսրայէլի Աստուածը’ կոչուիլ։
2 Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Աստուած Իսրայելացիները եգիպտական լուծէն ազատագրեց։ Անկէ քիչ ետք, զանոնք ընտրեց որպէս իր սեպհական ժողովուրդը, անոնց հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ մտնելով։ Անոնց ըսուեցաւ. «Հիմա եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է»։ (Ելից 19։5. Սաղմոս 135։4) Իսրայելացիները իր սեպհական ժողովուրդը ընելով, Եհովա իրաւացիօրէն կրնար կոչուիլ ‘Իսրայէլի Աստուածը’։—Յեսուայ 24։23
3. Իսրայէլը որպէս իր ժողովուրդը ընտրելով, Եհովա ինչո՞ւ աչառութիւն չէր ըներ։
3 Իսրայելացիները իր նուիրեալ ժողովուրդը ընելով, Եհովա աչառութիւն չէր ըներ, քանի որ ան սիրալիր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ նաեւ Իսրայելացի չեղողներուն հանդէպ։ Ան իր ժողովուրդին պատուիրեց. «Եթէ օտարական մը ձեր երկրին մէջ ձեր քով պանդխտանալու ըլլայ, մի՛ նեղէք զանիկա։ Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ (Ղեւտացւոց 19։33, 34) Դարեր ետք, Պետրոս առաքեալ Աստուծոյ տեսակէտէն զօրաւոր կերպով տպաւորուած, ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35
4. Աստուծոյ եւ Իսրայէլի փոխյարաբերութեան պայմանները ի՞նչ էին, իսկ Իսրայելացիները այս պայմանները լեցուցի՞ն։
4 Նկատի առէք նաեւ, թէ Աստուծոյ նուիրուած ժողովուրդը ըլլալը պայմանաւոր էր։ Մի՛միայն բծախնդրութեամբ Աստուծոյ ձայնին հնազանդելով ու իր ուխտը պահելով, իր «սեպհական ժողովուրդ»ը պիտի ըլլային։ Դժբախտաբար, Իսրայելացիները չկրցան այս պահանջները գոհացնել։ Հ.Դ. առաջին դարուն Աստուծոյ ղրկած Մեսիան մերժելէ ետք, իրենց առանձնաշնորհեալ դիրքը կորսնցուցին։ Այլեւս Եհովա ‘Իսրայէլի Աստուածը’ չէր, եւ բնական Իսրայելացիներն ալ Աստուծոյ նուիրեալ ժողովուրդը չէին։—Բաղդատել՝ Մատթէոս 23։23։
«Աստուծոյ Իսրայէլին» Նուիրումը
5, 6. (ա) Մատթէոս 21։42, 43–ի մէջ արձանագրուած իր մարգարէական խօսքերով, Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ (բ) «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս գոյացաւ։
5 Ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ Եհովա ասկէ ետք նուիրեալ ժողովուրդ մը պիտի չունենար։ Ո՛չ. Յիսուս Քրիստոս սաղմոսերգուին խօսքերէն մէջբերելով նախագուշակեց. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։ Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։—Մատթէոս 21։42, 43
6 Քրիստոնեայ ժողովքը փաստեց այդ ‘պտուղ բերող ազգը’ ըլլալ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս անոր առաջին ապագացու անդամները ընտրեց։ Սակայն, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովա Աստուած անձամբ հաստատեց քրիստոնէական ժողովքը, անոր առաջին շուրջ 120 անդամներուն վրայ իր սուրբ հոգին թափելով։ (Գործք 1։15. 2։1-4) Ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ հետագային գրեց, այն ժամանակ այս նոր կազմուած ժողովքը ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը’ եղաւ։ Ինչո՞ւ ընտրուեցաւ։ Որպէսզի ‘հռչակեն անոր առաքինութիւնները, որ իրենց խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’։ (Ա. Պետրոս 2։9) Աստուծոյ հոգիով օծուած Քրիստոսի հետեւորդները, այժմ նուիրուած ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը եղաւ։—Գաղատացիս 6։16
7. Աստուծոյ Իսրայէլին անդամները ի՞նչ պիտի վայելէին, հետեւաբար անոնց ըսուեցաւ որ ի՞նչ բանէ խուսափէին։
7 Թէեւ այս սուրբ ազգին անդամները «սեպհական ժողովուրդ» մըն էին, սակայն անոնք ստրուկներ պիտի չըլլային։ Ընդհակառակը, անոնք աւելի մեծ ազատութիւն պիտի վայելէին, քան՝ բնական Իսրայէլի նուիրուած ազգը։ Յիսուս այս նոր ազգին ապագացու անդամներուն խոստացաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Պօղոս առաքեալ նշեց որ Քրիստոնեաները Օրէնքի ուխտին պահանջներէն ազատ արձակուած էին։ Այս առնչութեամբ, ան Գաղատացի հաւատակիցներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք»։—Գաղատացիս 5։1
8. Քրիստոնէական կարգադրութիւնը ի՞նչ ձեւով Օրէնքի ուխտին ներքեւ անհատներուն վայելած ազատութենէն աւելի մեծ ազատութիւն կը մատուցանէ։
8 Վաղեմի բնական Իսրայէլին հակառակը, Աստուծոյ Իսրայէլը մինչեւ այսօր իր նուիրումի պահանջներուն բծախնդրութեամբ հնազանդած է։ Ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ, քանի որ անոր անդամները յօժարակամօրէն կ’ընտրեն հնազանդիլ։ Մինչ բնական Իսրայէլի անդամները ծնունդով նուիրուած կ’ըլլային, Աստուծոյ Իսրայէլին անդամները՝ անձնական ընտրութեամբ։ Ուստի, քրիստոնէական կարգադրութեան հակառակը, հրէական Օրէնքի ուխտը անհատներուն կը պարտադրէր նուիրումը, առանց անոնց ընտրելու ազատութիւն տալու։
9, 10. (ա) Երեմիա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ նուիրումի առնչութեամբ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենար։ (բ) Ինչո՞ւ պիտի ըսէիք որ ներկայիս բոլոր նուիրուած Քրիստոնեաները Աստուծոյ Իսրայէլի անդամներն չեն։
9 Երեմիա մարգարէն նուիրումի նկատմամբ ըլլալիք փոփոխութեան մասին նախագուշակելով գրեց. «‘Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ, ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին, ես ալ զանոնք մերժեցի’, կ’ըսէ Տէրը. բայց այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. ‘Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան’»։—Երեմեայ 31։31-33
10 Աստուծոյ օրէնքը իրենց «ներսիդին»՝ իրենց «սրտին վրայ»՝ գրուած ըլլալով, Աստուծոյ Իսրայէլին անդամները իրենց նուիրումին համաձայն ապրելու կը մղուին։ Անոնց շարժառիթը բնական Իսրայելացիներու շարժառիթէն աւելի զօրաւոր է, որոնք ծնունդով նուիրուած էին եւ ոչ թէ ընտրութեամբ։ Այսօր, Աստուծոյ կամքը կատարելու Աստուծոյ Իսրայէլին ունեցած զօրաւոր շարժառիթը կը բաժնեն համայն աշխարհի մէջ աւելի քան հինգ միլիոն երկրպագուներ։ Անոնք ալ իրենց կեանքը Եհովա Աստուծոյ նուիրած են, իր կամքը կատարելու համար։ Թէեւ այս անհատները Աստուծոյ Իսրայէլին նման երկնային կեանքի յոյսը չունին, սակայն Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներքեւ, երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով կ’ուրախանան։ Անոնք հոգեւոր Իսրայէլին հանդէպ գնահատութիւն կը ցուցաբերեն, գործնականօրէն թիկունք կանգնելով անոր մնացած սակաւաթիւ անդամներուն, որպէսզի կատարեն իրենց նշանակումը, որ է՝ ‘հռչակել անոր առաքինութիւնները, որ իրենց խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’։
Աստուածատուր Ազատութիւնը Իմաստութեամբ Ի Գործ Դնենք
11. Մարդը ո՞ր կարողութեամբ ստեղծուեցաւ, եւ զայն ի՞նչպէս պէտք է գործածէ։
11 Աստուած մարդ արարածը այնպէս մը ստեղծեց որ իր ազատութեան վրայ գուրգուրայ։ Անոր շնորհեց ազատ կամքի կարողութիւնը։ Առաջին մարդկային զոյգը ընտրելու իրենց ազատութիւնը գործածեցին։ Սակայն, անոնք անմիտ ու անսիրալիր ընտրութիւն մը ըրին, որ զիրենք ու իրենց սերունդը աղէտի առաջնորդեց։ Այսուհանդերձ, ասիկա բացայայտօրէն ցոյց կու տայ որ Եհովա մտացի արարածները երբեք չի ստիպեր որ իրենց ներքին շարժառիթներուն կամ ցանկութիւններուն հակառակ ընթացքի մը հետեւին։ Իսկ քանի որ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ», իրեն համար միակ ընդունելի նուիրումը հիմնուած է սիրոյ եւ ընտրելու ազատութեան վրայ, եւ կը կատարուի յօժարութեամբ եւ ուրախութեամբ։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Ուրիշ որեւէ տեսակ նուիրում ընդունելի չէ։
12, 13. Տիմոթէոս ի՞նչպէս զաւակները պատշաճօրէն մարզելու օրինակ կը ծառայէ, իսկ իր օրինակը պատանիներէն շատերը ի՞նչ ընելու մղած է։
12 Լիովին գիտակցելով այս պահանջքին, Եհովայի Վկաները Աստուծոյ նուիրուելու գաղափարը կը ջատագովեն, բայց երբեք չեն ստիպեր որ ոեւէ անհատ, նոյնիսկ իրենց զաւակները, այսպիսի նուիրում մը ընեն։ Շատ մը եկեղեցիներու հակառակը, Վկաները իրենց զաւակները մանկութենէն չեն մկրտեր, իբրեւ թէ կարելի ըլլար զանոնք ստիպել որ նուիրուին, առանց ընտրելու ազատութենէն օգտուելու։ Երիտասարդ Տիմոթէոս հանդիսացաւ այն սուրբ գրային օրինակը, որու պէտք է հետեւինք։ Երբ ան չափահաս էր, Պօղոս առաքեալ անոր ըսաւ. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց [«համոզումով», ՆԱ] հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը»։—Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15
13 Նկատողութեան արժանի է, որ Տիմոթէոս սուրբ գրքերը գիտէր, որովհետեւ իր մանկութենէն սորված էր զանոնք։ Ան համոզումով, եւ ոչ թէ ստիպմամբ, հաւատաց քրիստոնէական ուսուցումներուն, զորս իրեն սորվեցուցին իր մայրն ու մեծ մայրը։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5) Որպէս հետեւանք, Տիմոթէոս Քրիստոսի հետեւորդ մը ըլլալու իմաստութեան գիտակցելով, քրիստոնէական նուիրումի անձնական ընտրութիւնը ըրաւ։ Արդի ժամանակներուն, Եհովայի Վկայ ծնողներ ունեցող տասնեակ հազարաւոր պատանի ու պատանուհիներ այս օրինակին հետեւած են։ (Սաղմոս 110։3) Բայց ուրիշներ չեն հետեւած։ Ասիկա անձնական ընտրութեան հարց է։
Որո՞ւ Ծառան Ըլլալ կ’Ընտրէք
14. Հռովմայեցիս 6։16–ը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ ամբողջական ազատութեան մասին։
14 Ոչ մէկ մարդկային արարած ամբողջովին ազատ է։ Ամէն ոքի ազատութիւնը ֆիզիքական օրէնքներով սահմանափակուած է, օրինակ՝ քաշողականութեան օրէնքը, որ կարելի չէ զանց ընել առանց պատժուելու։ Պարագան նոյնն է հոգեւոր առումով. ոչ ոք ամբողջովին ազատ է։ Պօղոս պատճառաբանեց. «Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ՝ արդարութեան»։—Հռովմայեցիս 6։16
15. (ա) Մարդիկ ի՞նչպէս կ’ընդունին ծառաներ ըլլալու գաղափարը, սակայն շատեր ի վերջոյ ի՞նչ կ’ընեն։ (բ) Մենք մեզի ո՞ր պատշաճ հարցումները կրնանք հարցնել։
15 Մէկու մը ծառան ըլլալու գաղափարը շատերուն անհաճելի կը թուի։ Սակայն, այսօրուան աշխարհին մէջ, իրականութիւնը այն է թէ մարդիկ յաճախ առիթ կու տան որ բազմաթիւ խորամանկ կերպերով ղեկավարուին եւ անոնցմէ ազդուին, որ ի վերջոյ ուրիշներու ուզած բաները ակամայ կ’ընեն։ Օրինակի համար, ծանուցումներու ճարտարարուեստը եւ զբօսանքի աշխարհը կը ջանան մարդիկը կաղապարի մը մէջ դնել, անոնց համար չափանիշներ հաստատելով, որպէսզի անոնց հետեւին։ Քաղաքական ու կրօնական կազմակերպութիւններ մարդոց կը մղեն, որ իրենց գաղափարներուն ու նպատակակէտերուն թիկունք կանգնին, ոչ թէ միշտ համոզիչ պատճառաբանութիւններ տալով, այլ, յաճախ աջակցութեան կամ հաւատարմութեան զգացումին կոչ ընելով։ Քանի որ Պօղոս յիշեց թէ ‘ծառայ կ’ըլլանք անոր՝ որուն կը հնազանդինք’, իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ես որո՞ւն ծառան եմ։ Ո՞վ իմ որոշումներուս եւ ապրելակերպիս վրայ մեծագոյն ազդեցութիւնը կ’ունենայ։ Կրօնական կամ քաղաքական առաջնորդնե՞ր, աւագ առեւտրականնե՞ր թէ ոչ զբօսցնող անձեր։ Որո՞ւ կը հնազանդիմ, Աստուծո՛յ՝ թէ մարդոց’։
16. Քրիստոնեաները ի՞նչ առումով Աստուծոյ ծառաներ են, իսկ այսպիսի ծառայութեան նկատմամբ ի՞նչ է պատշաճ տեսակէտը։
16 Քրիստոնեաները Աստուծոյ հնազանդիլը, իրենց անձնական ազատութեան անտրամաբանական բռնաբարում չեն նկատեր։ Անոնք յօժարակամօրէն իրենց ազատութիւնը կը գործածեն իրենց Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ օրինակին հետեւելով, անհատական ցանկութիւնները եւ նախասիրութիւնները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակելով։ (Յովհաննու 5։30. 6։38) Անոնք «Քրիստոսին միտքը» կը մշակեն, իրենք զիրենք անոր հպատակեցնելով, որպէս ժողովքին Գլուխը։ (Ա. Կորնթացիս 2։14-16. Կողոսացիս 1։15-18) Ասիկա կրնանք նմանցնել կնկայ մը, որ կ’ամուսնանայ եւ յօժարակամօրէն կը համագործակցի իր սիրած մարդուն հետ։ Արդարեւ, օծեալ Քրիստոնեաներու մարմինին ակնարկուած է որպէս՝ Քրիստոսի խոստացուած մաքուր կոյս մը։—Բ. Կորնթացիս 11։2. Եփեսացիս 5։23, 24. Յայտնութիւն 19։7, 8
17. Եհովայի բոլոր Վկաները ընտրած են ի՞նչ ըլլալ։
17 Իւրաքանչիւր Եհովայի Վկայ, անոր յոյսը ըլլա՛յ երկնային՝ թէ երկրային, անձնապէս Աստուծոյ նուիրուած է, անոր կամքը ընելու եւ անոր հնազանդելու՝ որպէս Իշխան։ Իւրաքանչիւր Վկայի համար, նուիրումը անձնական ընտրութիւն մըն է Աստուծոյ ծառան դառնալու, փոխանակ՝ մարդոց ծառայ մնալու։ Ասիկա Պօղոս առաքեալի խրատին հետ ներդաշնակ է. «Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք»։—Ա. Կորնթացիս 7։23
Սորվինք Օգտուիլ
18. Հաւանական Վկայ մը ե՞րբ մկրտուելու որակելի կ’ըլլայ։
18 Անհատ մը Եհովայի Վկայ ըլլալու որակելի ըլլալէ առաջ, ան սուրբ գրային որակումներուն գոհացում պէտք է տայ։ Երէցները շատ զգոյշ կ’ըլլան որ հաւանական Վկայ մը իրապէս հասկցած ըլլայ քրիստոնէական նուիրումին իմաստը։ Ան իրապէ՞ս կը փափաքի Եհովայի Վկայ մը ըլլալ։ Ան կ’ուզէ՞ անոր իմաստին համաձայն ապրիլ։ Եթէ ոչ՝ ան մկրտուելու որակելի չէ։
19. Ինչո՞ւ պատճառ չկայ քննադատելու անհատ մը, որ որոշած է Աստուծոյ նուիրուած ծառայ մը ըլլալ։
19 Սակայն, անհատ մը բոլոր պահանջներուն գոհացում տալէ ետք, ինչո՞ւ պէտք է քննադատուի երբ յօժարակամօրէն անձնական որոշում կու տայ, որ Աստուած եւ Իր ներշնչեալ Խօսքը ազդեցութիւն բանեցնեն իր վրայ։ Արդեօք աւելի նուա՞զ ընդունելի է, թոյլ տալ որ Աստուած անհատին վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ քան՝ մարդիկ։ Կամ, ասիկա աւելի նուա՞զ օգտակար է։ Եհովայի Վկաները այնպէս չեն խորհիր։ Անոնք Եսայիի միջոցաւ գրուած Աստուծոյ խօսքերուն սրտանց կը համաձայնին. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—Եսայեայ 48։17
20. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ի՞նչ կերպերով մարդիկը կ’ազատագրէ։
20 Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մարդիկը կ’ազատէ կրակոտ դժոխքի մէջ յաւիտենական տանջանքի ուսուցումին նման կրօնական սխալ վարդապետութիւններու հաւատալէ։ (Ժողովողի 9։5, 10) Փոխարէն, անիկա մարդոց սիրտը երախտագիտութեամբ կը լեցնէ, մեռելներու յարութեան ճշմարիտ յոյսին հանդէպ, որ կարելի դարձաւ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ (Մատթէոս 20։28. Գործք 24։15. Հռովմայեցիս 6։23) Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մարդիկը կը ձերբազատէ յարատեւ ձախողող քաղաքական խոստումներուն ապաւինելու յուսախաբութիւններէն։ Փոխարէն, անոնց սիրտը ուրախութեամբ կը լեցնէ, գիտնալով թէ Եհովայի Թագաւորութիւնը արդէն իսկ երկնքի մէջ կ’իշխէ եւ շուտով իր իշխանութիւնը պիտի տարածէ համայն երկրի վրայ։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մարդիկը կ’ազատագրէ այնպիսի սովորութիւններէ, որոնք թէեւ ինկած մարմնին համար գրաւիչ են, բայց Աստուած կ’անպատուեն եւ լուրջ հետեւանքներ կ’ունենան, ինչպէս՝ ձախող փոխյարաբերութիւններ, հիւանդութիւններ եւ կանխահաս մահ։ Մէկ խօսքով, Աստուծոյ ծառայ մը ըլլալը շատ աւելի օգտակար է քան՝ մարդոց։ Արդարեւ, Աստուծոյ նուիրուիլը օգուտներ կը խոստանայ «այս ատենս . . . եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը»։—Մարկոս 10։29, 30
21. Եհովայի Վկաները Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչ աչքով կը դիտեն, եւ ի՞նչ է իրենց փափաքը։
21 Ներկայիս, Եհովայի Վկաները վաղեմի Իսրայելացիներուն նման ծնունդով նուիրուած ազգի մը մաս չեն կազմեր։ Վկաները նուիրուած Քրիստոնեաներէ բաղկացած ժողովքի մը մաս կը կազմեն։ Իւրաքանչիւրը մկրտուած Վկայ մը եղած է, նուիրում մը ընելու համար անհատապէս ընտրելու իր ազատութիւնը ի գործ դնելով։ Արդարեւ, Եհովայի Վկաներուն համար, նուիրումով Աստուծոյ հետ անձնական ջերմ յարաբերութիւն մը կ’ունենան, որու դրոշմն է յօժարակամօրէն իրեն ծառայել։ Անոնք սրտանց կը փափաքին այս ուրախ յարաբերութիւնը պահպանել, յաւիտեան հաստատ կառչելով ա՛յն ազատութեան, որու համար Յիսուս Քրիստոս զիրենք ազատեց։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Իսրայէլը որպէս իր «սեպհական ժողովուրդ»ը ընտրելով, Աստուած ինչո՞ւ աչառութիւն չէր ըրած։
◻ Ըստ ձեզի, քրիստոնէական նուիրումը ինչո՞ւ մեր ազատութիւնը չի կաշկանդեր։
◻ Եհովա Աստուծոյ նուիրուելուն օգուտները ի՞նչ են։
◻ Ինչո՞ւ աւելի լաւ է Եհովայի ծառայ մը ըլլալ քան՝ մարդոց։