Ձեր խղճին կրնա՞ք վստահիլ
ԲՆԱԿԱՆ պայմաններու ներքեւ, կողմնացոյցը վստահելի գործիք մըն է։ Անոր սլաքը երկրին մագնիսական ազդեցութեան շրջանակին կողմէ միշտ հիւսիսը կը նշէ։ Ուստի, ուղեւորները կողմնացոյցին կը վստահին, երբ զիրենք առաջնորդող սահմանաքարեր չկան։ Բայց երբ մագնիսահաղորդ առարկայ մը դրուի կողմնացոյցին մօտ, ի՞նչ կը պատահի։ Սլաքը փոխանակ հիւսիսը ցոյց տալու, դէպի մագնիսը պիտի դառնայ։ Անիկա այլեւս վստահելի առաջնորդ մը ըլլալէ կը դադրի։
Նոյնը կրնայ պատահիլ մարդկային խղճին։ Ստեղծիչը զայն մեր մէջ զետեղած է, որպէս վստահելի առաջնորդ մը։ Քանի որ Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուած ենք, մեր խիղճը յարատեւաբար մեզի շիտակ ուղղութիւն պէտք է տայ՝ երբ որոշումներ տալու կարիքը ունենանք։ Անիկա պէտք է մեզ մղէ որ Աստուծոյ բարոյական չափանիշները արտացոլացնենք։ (Ծննդոց 1։27) Անիկա յաճախ այս բանը կ’ընէ։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց, զոր օրինակ, որ նոյնիսկ Աստուծոյ բացայայտ օրէնքը չունեցող կարգ մը անհատներ «բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ‘իրենց խղճմտանքը կը վկայէ իրենց’։—Հռովմայեցիս 2։14, 15
Այսուհանդերձ, խիղճը միշտ չ’ազդարարեր՝ երբ պէ՛տք է։ Մարդկային անկատարութեան պատճառաւ, հակումը ունինք ընելու բաներ, որոնք գիտենք թէ սխալ են։ Պօղոս ընդունեց. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։ (Հռովմայեցիս 7։22, 23) Եթէ շատ յաճախ սխալ հակումներու տեղի տանք, մեր խիղճը կրնայ աստիճանաբար բթանալ եւ վերջապէս դադրիլ սխալ վարքի մը դէմ մեզ զգուշացնելէ։
Սակայն, հակառակ անկատարութեան, կրնանք մեր խիղճը ներդաշնակութեան մէջ բերել Աստուծոյ չափանիշներուն հետ։ Արդարեւ, կենսական է որ ասիկա ընենք։ Մաքուր, լաւ մարզուած խիղճ մը ոչ միայն Աստուծոյ հետ ջերմ ու անձնական յարաբերութեան կ’առաջնորդէ, այլ մեր փրկութեան համար ալ կենսական է։ (Եբրայեցիս 10։22. Ա. Պետրոս 1։15, 16) Ասկէ զատ, լաւ խիղճ մը մեզի կ’օգնէ որ կեանքի մէջ իմաստուն որոշումներ տանք, որոնք մեր խաղաղութեան եւ ուրախութեան պիտի առաջնորդեն։ Սաղմոսերգուն այսպիսի խիղճ ունեցող անհատի մը մասին ըսաւ. «Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է եւ անոր քայլերը պիտի չսահին»։—Սաղմոս 37։31
Խիղճը Մարզել
Խիղճը մարզել՝ պարզապէս օրէնքներու շարք մը գոց սորվելէն, ապա ամուր կերպով անոնց կառչելէն աւելին կը պահանջէ։ Յիսուսի օրուան Փարիսեցիները ասիկա է որ կ’ընէին։ Կրօնական այդ առաջնորդները Օրէնքը գիտէին եւ մանրամասնուած աւանդութիւն մը զարգացուցած էին, իբրեւ թէ մարդոց օգնելու համար որ Օրէնքը չբեկանեն։ Անոր համար անոնք շուտով բողոքեցին, երբ Յիսուսի աշակերտները Շաբաթ օրով ցորեն փրցուցին ու հատիկները կերան։ Իսկ Յիսուսի սպառնացին, երբ ան Շաբաթ օրով մարդու մը չորցած ձեռքը բժշկեց։ (Մատթէոս 12։1, 2, 9, 10) Փարիսեցիներու աւանդութեան համաձայն, այս երկու արարքներն ալ չորրորդ պատուիրանի խախտումն էին։—Ելից 20։8-11
Անշուշտ, Փարիսեցիները Օրէնքը ուսումնասիրած էին։ Բայց անոնց խիղճը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակութեան մէ՞ջ էր։ Բնա՜ւ։ Անոնք հաւկիթի մէջ մազ փնտռելով, այս բաները Շաբաթի օրէնքի ցնցիչ խախտում նկատելէն անմիջապէս ետք խորհուրդ ըրին որ Յիսուսը «կորսնցնեն»։ (Մատթէոս 12։14) Երեւակայեցէ՜ք պահ մը. Շաբաթ օրով նոր փրցուած ցորեն ուտելու կամ բուժելու գաղափարը անհանգստացուցած էր այս ինքնարդար կրօնական առաջնորդները, բայց առանց խղճահարուելու Յիսուսի մահը կը դաւադրէին։
Քահանայապետներն ալ նոյնքան խեղաթիւրուած միտք մը յայտնեցին։ Այս ապականած տղամարդիկը ոչ մէկ խղճի խայթ զգացին երբ Յիսուսը մատնելու համար Յուդայի 30 կտոր արծաթ տուին տաճարի գանձանակէն։ Բայց երբ Յուդան զիրենք անակնկալի բերելով դրամը վերադարձուց ու զայն տաճարին մէջ նետեց, քահանայապետներուն խիղճը դժուար կացութեան մը առջեւ գտնուեցաւ։ Անոնք ըսին. «Արժան չէ ատիկա [դրամը] կորբանին մէջ դնել, վասն զի արեան գին է»։ (Մատթէոս 27։3-6) Բացայայտ է որ քահանայապետները մտահոգուեցան, քանի որ Յուդայի դրամը այլեւս պիղծ եղած էր։ (Բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 23։18։) Սակայն, այս նո՛յն մարդիկը Աստուծոյ Որդւոյն դաւաճանութիւնը գնելու համար դրամ յատկացնելը սխալ չտեսան։
Աստուծոյ Մտածելակերպին Հետ Ներդաշնակ Եղէք
Վերոյիշեալ օրինակները ցոյց կու տան որ խիղճը մարզելը՝ ‘կրնաս ու չես կրնարներով’ միտքը լեցնելէն աւելին կը պահանջէ։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ օրէնքները գիտնալը եւ անոնց հնազանդիլը անհրաժեշտ է փրկութեան համար։ (Սաղմոս 19։7-11) Սակայն, Աստուծոյ օրէնքները սորվելէն զատ, պէտք է սիրտ մը զարգացնենք որ Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակ գործէ։ Այդ պարագային, Եսայիի միջոցաւ Եհովայի տուած մարգարէութեան կատարումին փորձառութիւնը պիտի ունենանք. «Քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն։ Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։—Եսայեայ 30։20, 21. 48։17
Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ երբ ծանրակշիռ որոշումի մը դիմաց գտնուինք, բառացի ձայն մը մեզի պիտի ըսէ թէ ի՛նչ ընենք։ Սակայն, երբ մեր մտածելակերպը ամէն բանի մէջ ներդաշնակենք Աստուծոյ մտածելակերպին հետ, մեր խիղճը աւելի լաւ զինուած պիտի ըլլայ Իրեն հաճելի եղող որոշումներու յանգելու։—Առակաց 27։11
Նկատի առէք Յովսէփը, որ Հ.Դ.Ա. տասնութերորդ դարուն կ’ապրէր։ Երբ Պետափրէսի կինը զինք պարտադրեց որ իրեն հետ պոռնկութիւն ընէ, Յովսէփ մերժեց, ըսելով. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ (Ծննդոց 39։9) Յովսէփի օրերուն, պոռնկութիւնը արգիլող աստուածային օրէնք մը չկար։ Ասկէ զատ, Յովսէփ Եգիպտոսի մէջ կ’ապրէր, ընտանեկան կրթութենէ կամ նահապետական իշխանութենէ հեռու։ Արդ, ի՞նչ բան օգնեց որ Յովսէփ փորձութեան ընդդիմանայ։ Պարզապէս՝ լաւ մարզուած խիղճը։ Յովսէփ Աստուծոյ տեսակէտը որդեգրած էր թէ ամուսին ու կին «մէկ մարմին» պէտք էր ըլլային։ (Ծննդոց 2։24) Ուստի, ան հասկցաւ որ սխալ էր ուրիշի մը կինը առնել։ Այս հարցին շուրջ Յովսէփի մտածելակերպը ներդաշնակ էր Աստուծոյ մտածելակերպին հետ։ Պոռնկութիւնը իր բարոյական զգացումը կը բռնաբարէր։
Ներկայիս Յովսէփի նմանները քիչ են։ Սեռային անբարոյութիւնը վերելքի մէջ է, իսկ շատեր բարոյապէս մաքուր մնալու շուրջ իրենց Ստեղծիչին, իրենց անձին կամ նոյնիսկ իրենց կողակիցին հանդէպ ո՛չ մէկ պատասխանատուութիւն կը զգան։ Կացութիւնը ճիշդ կը նմանի Երեմիայի նկարագրութեան. «Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայ ու ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’. ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝ պատերազմի վազող ձիու պէս»։ (Երեմեայ 8։6) Ուստի, որեւէ ժամանակէ աւելի հարկաւոր է Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակ ըլլալ։ Ասիկա ընելու կարող ըլլալու համար հոյակապ հայթայթում մը ունինք։
Խիղճը Մարզելու Համար Տրուած Օգնութիւն
Ներշնչեալ Սուրբ Գիրքը «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ շիտակը սխալէն զանազանելու համար Աստուածաշունչի կոչած մեր «ըմբռնելու կարողութիւնը» մարզենք։ (Եբրայեցիս 5։14, ՆԱ) Անիկա մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ սիրած բաներուն հանդէպ սէր եւ իր ատած բաներուն հանդէպ զզուանք զարգացնենք։—Սաղմոս 97։10. 139։21
Ուստի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նպատակն է, ճշմարտութեան միտք բանին հասկնալ, քան թէ պարզապէս մանրամասնուած տեղեկութիւն մը առնել։ 1 Սեպտեմբեր 1976–ի համարին մէջ (Անգլերէն), Դիտարան–ը կը նշէր. «Երբ Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրենք, պէտք է ջանանք Աստուծոյ արդարութիւնը, սէրը եւ իրաւունքը ըմբռնել եւ մեր սրտին խորը զետեղել, որպէսզի մեր մէկ մասը ըլլան, ինչպէս ուտելը եւ շնչելը։ Շիտակի ու սխալի նկատմամբ սուր գիտակցութիւն մը զարգացնելով, պէտք է ջանանք աւելի լման կերպով բարոյական պատասխանատուութեան զգացում մը արթնցնել մեր մէջ։ Ասկէ աւելին, այնպէս մը պէտք է ընենք որ մեր խիղճը զօրաւոր կերպով պատասխանատու զգայ կատարեալ Օրէնսդիրին ու Դատաւորին հանդէպ։ (Եսայ. 33։22) Ուստի, մինչ Աստուծոյ մասին բաներ կը սորվինք, պէտք է ջանանք կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ զինք ընդօրինակել»։
«Քրիստոսին Միտքը» Ունենանք
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը նաեւ պիտի օգնէ մեզի որ «Քրիստոսին միտքը»՝ Յիսուսով յայտնաբերուած հնազանդութեան ու խոնարհութեան մտավիճակը ունենանք։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Իրեն համար իր Հօրը կամքը կատարելը հաճոյք էր եւ ոչ թէ ինքնամուղ, առանց մտածելու կատարուած սովորութիւն մը։ Սաղմոսերգու Դաւիթ իր կեցուածքը մարգարէաբար կը նկարագրէ ըսելով. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։a —Սաղմոս 40։8
«Քրիստոսին միտքը» ունենալը կենսական է մեր խիղճը մարզելու համար։ Երբ երկրի վրայ էր որպէս կատարեալ մարդ, Յիսուս մարդկային սահմաններուն ներած չափով իր Հօրը յատկութիւններն ու անձնաւորութիւնը արտացոլացուց։ Հետեւաբար կրնար ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ (Յովհաննու 14։9) Երկրի վրայ ի՛նչ որ դիմագրաւեց, Յիսուս ըրաւ ճիշդ այն ինչ որ Հայրը ուզեց որ ընէ։ Ուստի, երբ Յիսուսի կեանքը կ’ուսումնասիրենք, Եհովա Աստուծոյ ո՛վ ըլլալուն շուրջ յստակ պատկեր մը կ’ունենանք։
Կը կարդանք որ Եհովա «ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով»։ (Ելից 34։6) Առաքեալներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ, Յիսուս բազմիցս այս յատկութիւնները յայտնաբերեց։ Երբ անոնք կրկին անգամ վիճաբանեցան թէ իրենց մէջէն ո՛վ մեծ պիտի ըլլար, Յիսուս համբերութեամբ խօսքով եւ իր անձնական օրինակով անոնց սորվեցուց, թէ «ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։ (Մատթէոս 20։26, 27) Ասիկա միայն մէկ օրինակ է ցոյց տալու համար թէ Յիսուսի կեանքը քննելով, Աստուծոյ խորհուրդներուն հետ ներդաշնակութեան մէջ կու գանք։
Որքան աւելի սորվինք Յիսուսի մասին, այդքան աւելի զինուած պիտի ըլլանք մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան՝ ընդօրինակելու։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Աստուծոյ խորհուրդներուն հետ ներդաշնակ եղող խիղճ մը մեզի շիտակ ուղղութիւն պիտի տայ։ Իրեն վստահողներուն Եհովա հետեւեալ խոստումը կու տայ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։—Սաղմոս 32։8
Մարզուած Խղճին Օգուտը
Գիտնալով որ անկատար մարդիկ անօրէն են, Մովսէս Իսրայելացիները զգուշացուց. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն»։ (Բ. Օրինաց 32։46) Մենք ալ Աստուծոյ օրէնքը մեր սրտին մէջ պէտք է գրենք։ Եթէ ասիկա ընենք, շատ մեծ հաւանականութիւն կայ որ մեր խիղճը մեր քայլերը առաջնորդէ եւ մեզի օգնէ որ շիտակ որոշումներ տանք։
Անշուշտ, ուշադիր պէտք է ըլլանք։ Աստուածաշունչի առակը կ’ըսէ. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»։ (Առակաց 14։12) Ինչո՞ւ յաճախ այս է պարագան։ Քանի որ ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ»։ (Երեմեայ 17։9) Հետեւաբար, հարկ է որ բոլորս ալ Առակաց 3։5, 6–ի խրատին հետեւինք. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։
[Ստորանիշ]
a Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ 40–րդ Սաղմոսին բառերը Յիսուս Քրիստոսի կիրարկեց։—Եբրայեցիս 10։5-10
[Նկար՝ էջ 7]
Կողմնացոյցի նման, Աստուածաշունչով մարզուած խիղճ մը կրնայ մեզի շիտակ ուղղութիւն ցոյց տալ
[Նկարին աղբիւրը]
Compass։ Courtesy, Peabody Essex Museum, Salem, Mass.