Մեր ժամանակներու լրջութեան նկատմամբ արթո՞ւն էք
ՎՏԱՆԳԻ մը նկատմամբ արթուն ըլլալը մահու եւ կենաց խնդիր է։ Ասիկա կարելի է բացատրել հրաբխային երկու կղզիներու մէջ պատահած դէպքերով։
Ի. դարու ամենէն մահացու հրաբուխը՝ Փէլէ լեռը, ժայթքեցաւ 8 Մայիս 1902–ին, Ղարիպեան կղզիին՝ Մարթինիքի՝ վրայ։ Անիկա սպաննեց հրաբուխին ստորոտը գտնուող Սէնթ Բիէր քաղաքին 30,000 բնակիչներուն գրեթէ բոլորը։
Յունիս 1991–ին, Փինաթուպօ լերան ժայթքումը հաւանաբար այս դարուս մեծագոյն ժայթքումն էր։ Անիկա տեղի ունեցաւ Ֆիլիպեան Կղզիներու խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջանի մը մէջ եւ շուրջ 900 հոգիներու մահուան պատճառ եղաւ։ Սակայն, այս անգամ երկու ազդակներ հազարաւոր կեանքեր փրկելու նպաստեցին. (1) վտանգին նկատմամբ արթուն ըլլալը եւ (2) ազդարարութեանց հետ ներդաշնակ գործելու յօժարակամութիւնը։
Առնուած Քայլերը Կեանքեր Փրկեցին
Փինաթուպօ լեռը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր քնացած հրաբուխ մըն էր, բայց Ապրիլ 1991–ին, անիկա սկսաւ վերահաս ժայթքումի մը նշանները ցոյց տալ։ Գոլորշի եւ ծծումբի երկթթուակ սկսան դուրս գալ հրաբուխի գագաթէն։ Տեղացիները շարք մը ցնցումներ զգացին, իսկ կարծրացած լաւայէ բաղկացած չարաշուք գմբէթ մը սկսաւ լեռնէն դուրս գալ։ Ֆիլիպեան Կղզիներու Հրաբխագիտական ու Երկրաշարժաբանական Հաստատութենէն գիտնականներ, աչալուրջ հսկեցին եւ ճիշդ ժամանակին իշխանութիւններուն համոզեցին թէ իմաստութիւն պիտի ըլլար մօտակայ քաղաքներու ու գիւղերու 35,000 բնակչութիւնը պարպել։
Հասկնալիօրէն, մարդիկ առանց պատճառի իրենց տուները լքելու կը տատամսին, բայց այս վերապահութիւնը յաղթահարուեցաւ, երբ պատկերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որ վառ կերպով նկարագրեց հրաբխային ժայթքումի մը վտանգները։ Ամբոխային գաղթը ժամանակին եղաւ։ Երկու օր ետք, հսկայ պայթում մը ութ խորանարդ քիլոմեթր մոխիր արձակեց մթնոլորտին մէջ։ Հոսող ցեխը կամ լահար–ը, հետագային հարիւրաւորներ սպաննեց։ Սակայն, հաւանաբար հազարաւորներ մահէ ազատեցան, քանի որ վտանգին նկատմամբ տեղեակ պահուած եւ ազդարարութեանց հետ ներդաշնակ գործած էին։
Մարդակերտ Աղէտէ մը Ազատիլ
Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, Երուսաղէմի մէջ բնակող Քրիստոնեաներն ալ որոշումի մը դիմաց կը գտնուէին. իրենց տուները լքելով հեռանա՞ն, թէ մնան։ Հ.Դ. 66–ին այդ քաղաքէն փախչիլը, զանոնք ազատեց այն կործանումէն որ քաղաքի միւս բնակիչներուն եւ Հ.Դ. 70–ին Պասեքը տօնելու համար Երուսաղէմ եկած հազարաւոր Հրեաներուն գլխուն եկաւ։ Պասեքի տօնակատարութեան առթիւ աւելի քան մէկ միլիոն ժողովուրդ հաւաքուած էր այդ պարսպապատ քաղաքին մէջ, երբ հռովմէական բանակները փախչելու ամէն պատեհութիւն խափանեցին։ Աւելի քան մէկ միլիոն հոգի մեռաւ՝ սովի, իշխանութեան պայքարներու եւ Հռովմէացիներու անգութ յարձակումներուն պատճառաւ։
Հռովմի դէմ հրէական ապստամբութեան վերջ դնող այս աղէտը առանց կանխազգուշացումի չեղաւ։ Տասնեակ տարիներ առաջ, Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմի պաշարումը նախագուշակեց, ըսելով. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ (Ղուկաս 21։20, 21) Այս հրահանգները յստակ էին, եւ Յիսուսի հետեւորդները զանոնք լուրջի առին։
Չորրորդ դարու պատմաբան Եւսեբիոս Կեսարացին կը տեղեկագրէ թէ Հրէաստանի բոլոր Քրիստոնեաները Յիսուսի ազդարարութեան համաձայն գործեցին։ Երբ Հռովմէացիները Հ.Դ. 66–ին Երուսաղէմի պաշարումը քակեցին, ծագումով Հրեայ բազմաթիւ Քրիստոնեաներ, հռովմէական Բերիա նահանգին մէջ գտնուող հեթանոս Բէլլա քաղաքը փախան։ Իրենց ապրած ժամանակներուն նկատմամբ արթուն ըլլալով եւ Յիսուսի ազդարարութեան համաձայն գործելով, անոնք ազատեցան այն բանէն որ կոչուած է «պատմութեան ամենէն ահռելի պաշարումներէն մէկը»։
Ներկայիս ալ նոյնանման արթնութեան եւ որոշ քայլ մը առնելու հարկը կայ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ թէ ինչո՛ւ։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
Godo-Foto, West Stock