Երուսաղէմ՝ «մեծ Թագաւորին քաղաք»ը
«Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, . . . Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 5։34, 35
1, 2. Ինչո՞ւ ոմանք Երուսաղէմի նկատմամբ կրնան կարգ մը հարցեր տալ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ անունն իսկ տարբեր կրօնքի պատկանող անհատներու մէջ զօրաւոր զգացումներ կը յառաջացնէ։ Արդարեւ, ոեւէ մէկս չենք կրնար անտեսել այս դարաւոր քաղաքը, քանի որ յաճախ անոր մասին ակնարկութիւն կ’ըլլայ լուրերուն մէջ։ Դժբախտաբար, շատ մը տեղեկագրութիւններ կը յայտնեն որ Երուսաղէմը միշտ ալ խաղաղ վայր մը չէ։
2 Աստուածաշունչի կարգ մը ընթերցողներու մտքին մէջ ասիկա հարցումներ կրնայ յառաջացնել։ Անցեալին, Երուսաղէմի կրճատուած անունն էր Սաղէմ, որ կը նշանակէ «խաղաղութիւն»։ (Ծննդոց 14։18. Սաղմոս 76։2. Եբրայեցիս 7։1, 2) Հետեւաբար կրնաք հարց տալ. ‘Այսպիսի անուն մը կրող քաղաք մը ինչո՞ւ խաղաղութենէ զրկուած է այս վերջին տասնամեակներուն’։
3. Ո՞ւր կրնանք վստահելի տեղեկութիւն գտնել Երուսաղէմի մասին։
3 Այդ հարցումին պատասխանելու համար պէտք է պատմութեան մէջ բաւական ետ երթանք եւ այդ վաղեմի Երուսաղէմին մասին կարգ մը բաներ սորվինք։ Բայց ոմանք կրնան խորհիլ. ‘Հին պատմութիւն մը ուսումնասիրելու ժամանակ չունինք’։ Այսուհանդերձ, Երուսաղէմի նախկին պատմութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալը արժէքաւոր է բոլորիս համար։ Աստուածաշունչը պատճառը կու տայ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Երուսաղէմի մասին Աստուածաշունչի գիտութիւնը կրնայ մեզ մխիթարել, այո, խաղաղութեան յոյս մըն ալ կու տայ, ո՛չ միայն այդ քաղաքին, հապա համայն երկրի համար։
«Եհովայի Աթոռ»ին Վայրը
4, 5. Աստուծոյ նպատակին կատարման մէջ Երուսաղէմի խաղցած կարեւոր դերին մէջ Դաւիթ ի՞նչ նպաստ բերաւ։
4 Հ.Դ.Ա. ԺԱ. դարուն, Երուսաղէմը ապահով եւ խաղաղ ազգի մը մայրաքաղաքը ըլլալու համբաւը կը վայելէր։ Եհովա Աստուած երիտասարդ Դաւիթը այդ վաղեմի ազգին՝ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեց։ Կառավարութեան աթոռանիստ քաղաքը Երուսաղէմը ըլլալով, Դաւիթ եւ իր արքայական շառաւիղը՝ «Եհովայի թագաւորութեան աթոռ»ին, կամ «Եհովայի աթոռ»ին, վրայ նստան։—Ա. Մնացորդաց 28։5. 29։23, ՆԱ։
5 Յուդայի ցեղէն աստուածավախ Իսրայելացի Դաւիթը, Երուսաղէմը գրաւեց կռապաշտ Յեբուսացիներու ձեռքէն։ Այն ատեն քաղաքին մէջ կար միայն Սիօն կոչուած բլուրը, բայց այդ անունը Երուսաղէմի որպէս հոմանիշ դարձաւ։ Ժամանակ մը ետք, Դաւիթ Իսրայէլի հետ Աստուծոյ ըրած ուխտի տապանակը Երուսաղէմ բերել տուաւ, ուր վրանի մը տակ տեղաւորուեցաւ։ Տարիներ առաջ, Աստուած ամպի մը մէջէն իր Մովսէս մարգարէին հետ խօսած էր այդ սրբազան Տապանակին վերեւէն։ (Ելից 25։1, 21, 22. Ղեւտացւոց 16։2. Ա. Մնացորդաց 15։1-3) Տապանակը Աստուծոյ ներկայութիւնը կը խորհրդանշէր, քանի որ Իսրայէլի իսկական Թագաւորը Եհովան էր։ Արդ, կրկին առումով կրնար ըսուիլ որ Եհովա Աստուած Երուսաղէմէն կ’իշխէր։
6. Եհովա Դաւիթի ու Երուսաղէմի նկատմամբ ի՞նչ խոստացաւ։
6 Եհովա խոստացաւ Դաւիթի որ Սիօնով կամ Երուսաղէմով ներկայացուած իր արքայական տան թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենար։ Ասիկա կը նշանակէր որ Դաւիթի սերունդէն մէկը յաւիտեան իշխելու իրաւունքը պիտի ունենար որպէս Աստուծոյ Օծեալը՝ Մեսիան, կամ Քրիստոսը։a (Սաղմոս 132։11-14. Ղուկաս 1։31-33) Աստուածաշունչը նաեւ կը յայտնէ որ «Եհովայի աթոռ»ին այս մնայուն ժառանգորդը միայն Երուսաղէմի վրայ պիտի չիշխէր, հապա՝ բոլոր ազգերուն։—Սաղմոս 2։6-8. Դանիէլ 7։13, 14
7. Դաւիթ Թագաւոր ի՞նչպէս մաքուր պաշտամունքը յառաջացուց։
7 Աստուծոյ օծեալը՝ Դաւիթ Թագաւորը՝ գահընկէց ընելու ջանքերը ի դերեւ ելան։ Ընդհակառակը, թշնամի ազգերը նուաճուեցան եւ Աւետեաց Երկրին սահմանները ընդլայնուեցան Աստուծոյ նշանակած չափով։ Դաւիթ այս առիթը օգտագործեց, մաքուր պաշտամունքը յառաջացնելու համար։ Դաւիթի սաղմոսներէն շատեր Եհովան կը գովաբանեն, որպէս Սիօնի իսկական Թագաւորը։—Բ. Թագաւորաց 8։1-15. Սաղմոս 9։1, 11. 24։1, 3, 7-10. 65։1, 2. 68։1, 24, 29. 110։1, 2. 122։1-4
8, 9. Սողոմոն Թագաւորի իշխանութեան ներքեւ ճշմարիտ պաշտամունքը ի՞նչպէս ծաղկեցաւ Երուսաղէմի մէջ։
8 Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի՝ իշխանութեան ընթացքին, Եհովայի պաշտամունքը նոր բարձունքներու հասաւ։ Սողոմոն Երուսաղէմը դէպի հիւսիս ընդլայնեց, Մօրիայի բլուրը (ներկայիս Ժայռի Գմբէթ կոչուած շրջանը) մէջը առնելով։ Այս բարձունքին վրայ, ան Եհովայի փառաբանութեան վեհաշուք տաճար մը շինելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։ Ուխտի տապանակը այդ տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ տեղաւորուեցաւ։—Գ. Թագաւորաց 6։1-38
9 Իսրայէլ ազգը երբ Երուսաղէմի մէջ կեդրոնացած Եհովայի պաշտամունքին թիկունք կանգնէր՝ խաղաղութիւն կը վայելէր։ Այս կացութիւնը գեղեցիկ կերպով նկարագրելով, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։ . . . [Սողոմոն] իր բոլորտիքը եղողներուն հետ խաղաղութեամբ կ’ապրէր։ . . . Իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր»։—Գ. Թագաւորաց 4։20, 24, 25
10, 11. Հնախուզութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատէ Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ Երուսաղէմի մասին Աստուածաշունչի ըսածը։
10 Հնախուզական յայտնաբերումները նեցուկ կը կանգնին Սողոմոնի բարգաւաճ իշխանութեան այս պատմութեան։ Ուսուցչապետ Եոհանան Ահարոնի, Իսրայէլի Երկրին Հնախուզութիւնը խորագրով իր գրքին մէջ հետեւեալը կ’ըսէ. «Ամէն ուղղութիւններէ արքունիքին մէջ հոսող հարստութիւնը եւ ծաղկող առեւտուրը . . . նիւթական մշակոյթի բոլոր երեսակներուն մէջ արագ եւ ուշագրաւ յեղափոխութիւն մը բերին։ . . . Նիւթական մշակոյթին փոփոխութիւնը . . . նկատելի է ոչ միայն փարթամ իրերով, այլ նաեւ մասնաւորաբար խեցեգործութեան մէջ։ . . . Խեցեգործութեան եւ անոր թրծումի որակը անհաւատալիօրէն բարելաւուեցաւ»։
11 Նոյն գծով, Ճէրի Մ. Լանտէյ գրեց. «Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ, Իսրայելացիներու նիւթական մշակոյթը շատ աւելի յառաջդիմեց երեք տասնամեակներու ընթացքին, քան անոր կանխող երկու հարիւր տարուան ընթացքին։ Սողոմոնական շրջանին կը գտնենք փառահեղ շինարարութիւններու, հսկայական պարիսպներով մեծ քաղաքներու աւերակներ, ունեւոր անհատներու լաւ կառուցուած բնակարաններով կազմուած թաղերու ուռճացումներ, խեցեգործութեան եւ անոր մշակումի արուեստագիտութեան ճարտարութեան մէջ շատ մեծ յառաջացում։ Նաեւ կը գտնենք հեռաւոր վայրերու մէջ շինուած իրեր ներկայացնող արուեստի գործերու բեկորներ, որոնք ազգամիջեան զօրաւոր առեւտուրի եւ վաճառականութեան կը մատնանշեն»։—Դաւիթի Տունը (Անգլերէն)։
Խաղաղութենէն՝ Աւերում
12, 13. Ինչո՞ւ ճշմարիտ պաշտամունքը չշարունակուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։
12 Երուսաղէմի՝ Եհովայի սրբարանին գտնուած քաղաքին՝ խաղաղութիւնն ու բարգաւաճութիւնը, աղօթքի պատշաճ նիւթ մըն էր։ Դաւիթ գրեց. «Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։ Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։ Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։ Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար հիմա պիտի ըսեմ. ‘Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ’»։ (Սաղմոս 122։6-8) Թէեւ Սողոմոն այդ խաղաղ քաղաքին մէջ փառաշուք տաճար մը շինելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ, բայց ան վերջաւորութեան բազմաթիւ հեթանոս կիներու հետ ամուսնացաւ։ Իր ծերութեան, այդ կիները զինք մոլորեցնելով, այդ ժամանակուան չաստուածները պաշտելու մղեցին։ Այս հաւատուրացութիւնը ապականեց ամբողջ ազգը, անոր ու անոր բնակիչներէն իրական խաղաղութիւնը խլելով։—Գ. Թագաւորաց 11։1-8. 14։21-24
13 Սողոմոնի որդւոյն՝ Ռոբովամի՝ իշխանութեան սկիզբը, տասը ցեղը ըմբոստանալով Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը կազմեց։ Իրենց կռապաշտութեան պատճառաւ, Աստուած թոյլ տուաւ որ Ասորեստան տապալէ այդ թագաւորութիւնը։ (Գ. Թագաւորաց 12։16-30) Երուսաղէմ շարունակեց Յուդայի երկու–ցեղեան հարաւային թագաւորութեան կեդրոնը ըլլալ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, անոնք ալ հեռացան մաքուր պաշտամունքէն, ուստի Աստուած թոյլ տուաւ որ այդ մոլորած քաղաքը կործանի Բաբելոնացիներու կողմէ, Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Հրեայ աքսորեալները 70 տարի Բաբելոնի մէջ որպէս գերիներ հիւծուեցան։ Ապա, Աստուած ողորմած գտնուելով, թոյլ տուաւ որ անոնք Երուսաղէմ վերադառնան եւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատեն։—Բ. Մնացորդաց 36։15-21
14, 15. Բաբելոնական աքսորումէն ետք, Երուսաղէմ ի՞նչպէս անգամ մը եւս կարեւոր դեր մը ունեցաւ, բայց ի՞նչ տարբերութեամբ։
14 70 տարուան ամայութենէ ետք, աւերուած շինարարութիւններուն վրայ մոլախոտեր բուսած էին։ Երուսաղէմի պարիսպները քանդուած էին, անոր վաղեմի դռներուն եւ անոր վրայ կանգնած աշտարակներուն վրայ մեծ բացուածքներ գոյացած էին։ Այսուհանդերձ, վերադարձած Հրեաները քաջալերուեցան։ Անոնք սեղան մը կանգնեցին նախկին տաճարի վայրին վրայ եւ սկսան Եհովայի առօրեայ զոհեր մատուցանել։
15 Ասիկա խոստմնալից սկիզբ մըն էր, բայց այդ վերահաստատուած Երուսաղէմը անգամ մը եւս Դաւիթ Թագաւորի շառաւիղէն աթոռի վրայ նստած թագաւորութեան մը մայրաքաղաքը պիտի չըլլար։ Հապա, Բաբելոնը նուաճողներու կողմէ նշանակուած կառավարիչ մը պիտի տիրէր Հրեաներուն վրայ եւ անոնք հարկ պիտի վճարէին իրենց Պարսիկ տէրերուն։ (Նէեմեայ 9։34-37) «Ոտքի կոխան» ըլլալով հանդերձ, Երուսաղէմ տակաւին երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ, Եհովա Աստուծոյ հաճութեան արժանացող միակ քաղաքն էր։ (Ղուկաս 21։24) Որպէս մաքուր պաշտամունքի կեդրոնը, այդ քաղաքը՝ Դաւիթ Թագաւորի շառաւիղի մը միջոցաւ համայն երկրի վրայ իր գերիշխանութիւնը ի գործ դնելու Աստուծոյ իրաւունքն ալ կը ներկայացնէր։
Կեղծ Կրօնքի Պատկանող Դրացիներուն Կողմէ Հակառակութիւն
16. Բաբելոնէն վերադարձած Հրեաները ինչո՞ւ լքեցին Երուսաղէմի վերաշինութիւնը։
16 Գերութենէ Երուսաղէմ վերադարձած Հրեաները շուտով նոր տաճարին հիմերը նետեցին։ Սակայն սուտ կրօնքի անձնատուր եղած դրացիները Պարսիկ Արտաշէս Թագաւորին զրպարտիչ նամակ մը յղեցին, ըսելով որ Հրեաները ըմբոստութիւն մը կը դաւէին։ Որպէս հետեւանք, Արտաշէս Երուսաղէմի մէջ շինարարութեան շարունակուելուն արգելք հանդիսացաւ։ Եթէ այդ ժամանակ այդ քաղաքին մէջ ապրած ըլլայիք, հաւանաբար դուք ձեզի հարց պիտի տայիք թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէր Երուսաղէմի համար։ Արդիւնքը այն եղաւ որ Հրեաները դադրեցուցին տաճարի շինութիւնը եւ իրենց նիւթական հետապնդումներու մէջ թաղուեցան։—Եզրասայ 4։11-24. Անգեայ 1։2-6
17, 18. Եհովա ի՞նչ կերպով հոգ տարաւ որ Երուսաղէմ վերաշինուի։
17 Անոնց վերադարձէն շուրջ 17 տարիներ ետք, Աստուած Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէները հանեց իր ժողովուրդին մտածելակերպը սրբագրելու համար։ Հրեաները զղջացին եւ տաճարի վերակառուցման ձեռնարկեցին։ Մինչ այդ, Պարսկաստանի գահին վրայ Դարեհ Թագաւորը բարձրացած էր։ Ան Երուսաղէմի տաճարը վերաշինելու Կիւրոս Թագաւորին հրամանը ստուգեց։ Դարեհ նամակ մը ղրկեց Հրեաներու դրացի ազգերուն, զանոնք զգուշացնելով որ ‘Երուսաղէմի չդպչին’ եւ թագաւորին հարկերէն անոնց նիւթական օգնութիւն տան, որպէսզի շինարարութիւնը աւարտի։—Եզրասայ 6։1-13
18 Հրեաները իրենց վերադարձի 22–րդ տարին տաճարի վերաշինութիւնը աւարտեցին։ Հասկնալի է որ յատկանշական դէպքը մեծ ուրախութեամբ տօնուելու արժանի բան մըն էր։ Սակայն, տակաւին Երուսաղէմը եւ անոր պարիսպները որոշ չափով աւերուած վիճակ մը ունէին։ Քաղաքը հարկ եղած ուշադրութեան արժանացաւ «Նէեմիա կառավարիչին ու Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերուն մէջ»։ (Նէեմեայ 12։26, 27) Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարու վերջաւորութեան, Երուսաղէմ ամբողջովին վերաշինուած էր որպէս վաղեմի աշխարհին գլխաւոր մէկ քաղաքը։
Մեսիան կը Յայտնուի
19. Մեսիան ի՞նչպէս ընդունեց Երուսաղէմի ունեցած մասնայատուկ դիրքը։
19 Սակայն հիմա քանի մը դար առաջ ցատկենք, տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող դէպքի մը՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդին՝ համար։ Եհովա Աստուծոյ հրեշտակը Յիսուսի կոյս մօրը ըսած էր. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը . . .։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ (Ղուկաս 1։32, 33) Տարիներ ետք, Յիսուս իր հռչակաւոր Լերան Քարոզը տուաւ։ Անոր մէջ, ան քաջալերութիւն եւ խրատներ տուաւ շատ մը նիւթերու շուրջ։ Օրինակ, ան իր ունկնդիրները յորդորեց որ Աստուծոյ ըրած իրենց ուխտերը կատարեն բայց ուխտ ընելը թեթեւի չառնեն։ Ան ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է’»։ (Մատթէոս 5։33-35) Ուշագրաւ է որ Յիսուս ընդունեց Երուսաղէմի ունեցած մասնայատուկ դիրքը, զոր ան դարեր վայելած էր։ Այո, անիկա Եհովա Աստուծոյ՝ «մեծ Թագաւորին քաղաքն է»։
20, 21. Երուսաղէմի մէջ ապրողներուն կեցուածքին մէջ ի՞նչ հսկայական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։
20 Իր երկրային կեանքի վերջաւորութեան, Յիսուս Երուսաղէմի բնակիչներուն ներկայացաւ որպէս պատշաճօրէն օծուած Թագաւորը։ Այդ ուրախ դէպքին ընդառաջելով, շատեր ցնծութեամբ աղաղակեցին. «Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ»։—Մարկոս 11։1-10. Յովհաննու 12։12-15
21 Շաբաթէ մը նուազ ժամանակի մը մէջ սակայն, ամբոխը թոյլ տուաւ որ Երուսաղէմի կրօնական առաջնորդները զիրենք Յիսուսի դէմ հանեն։ Յիսուս զգուշացուց որ Երուսաղէմ քաղաքը եւ ամբողջ ազգը Աստուծոյ առջեւ իրենց վայելած նպաստաւոր դիրքը պիտի կորսնցնէին։ (Մատթէոս 21։23, 33-45. 22։1-7) Ի միջի այլոց, Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։ (Մատթէոս 23։37, 38) Հ.Դ. 33–ի Պասեքին, Յիսուսի հակառակորդները անիրաւօրէն զինք սպաննեցին Երուսաղէմէն դուրս։ Սակայն Եհովա յարուցանեց իր Օծեալը եւ երկնային Սիօնի մէջ անոր հոգեղէն անմահ կեանք մը տուաւ, կարգադրութիւն մը որմէ կրնանք օգտուիլ բոլորս։—Գործք 2։32-36
22. Յիսուսի մահուընէ ետք, Երուսաղէմի մասին եղած ակնարկումները ի՞նչ կիրարկում ունին։
22 Անկէ ի վեր, պէտք է հասկնանք որ Սիօնի կամ Երուսաղէմի մասին տակաւին չկատարուած մարգարէութիւնները կը կիրարկուին երկնային կարգադրութիւններուն, կամ Յիսուսի օծեալ հետեւորդներուն։ (Սաղմոս 2։6-8. 110։1-4. Եսայեայ 2։2-4. 65։17, 18. Զաքարեայ 12։3. 14։12, 16, 17) Յիսուսի մահուընէ ետք «Երուսաղէմ»ի կամ «Սիօն»ի մասին եղած շատ մը ակնարկումները որոշապէս պատկերալից իմաստ մը ունին եւ բառացի քաղաքին կամ անոր վայրին հետ առնչութիւն չունին։ (Գաղատացիս 4։26. Եբրայեցիս 12։22. Ա. Պետրոս 2։6. Յայտնութիւն 3։12. 14։1. 21։2, 10) Երուսաղէմը այլեւս «մեծ Թագաւորին քաղաք»ը չըլլալուն վերջին ապացոյցը տրուեցաւ Հ.Դ. 70–ին, երբ հռովմէական բանակները զայն կործանեցին, ինչպէս մարգարէացած էին Դանիէլ եւ Յիսուս Քրիստոս։ (Դանիէլ 9։26. Ղուկաս 19։41-44) Ո՛չ Աստուածաշունչը գրողները եւ ոչ ալ Յիսուս նախագուշակեցին որ հետագային երկրային Երուսաղէմը Եհովա Աստուծոյ մասնաւոր հաճութեան պիտի արժանանար, զոր կը վայելէր ժամանակ մը։—Գաղատացիս 4։25. Եբրայեցիս 13։14
Մնայուն Խաղաղութեան Նախաշողը
23. Երուսաղէմը ինչո՞ւ տակաւին մեզ պէտք է հետաքրքրէ։
23 Երկրային Երուսաղէմի նախկին պատմութիւնը վերաքաղ ընելէ ետք անհատ մը չի կրնար ուրանալ որ Սողոմոն Թագաւորի իշխանութեան ընթացքին քաղաքը իր անուան համաձայն ապրեցաւ՝ «Կրկնակի Խաղաղութեան Տիրապետում [կամ, Հիմնարկութիւն]»։ Բայց անիկա պարզապէս նախաշողն էր այն խաղաղութեան ու բարգաւաճութեան զոր Աստուած սիրողները շուտով պիտի վայելեն դրախտի վերածուած երկրին վրայ։—Ղուկաս 23։43
24. Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ տիրող վիճակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
24 72–րդ Սաղմոսը կ’անդրադառնայ այն վիճակներուն, որոնք տիրական էին Սողոմոն Թագաւորի իշխանութեան ընթացքին։ Բայց այդ գեղեցիկ երգը Մեսիայի՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ երկնային իշխանութեան ներքեւ մարդկութեան վրայ տեղալիք օրհնութիւններուն մարգարէական նկարագրութիւնն էր։ Անոր մասին սաղմոսերգուն երգեց. «Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։ . . . Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։ Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։—Սաղմոս 72։7, 8, 12-14, 16
25. Ինչո՞ւ Երուսաղէմի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պէտք է առնենք։
25 Այս խօսքերը որքա՛ն մխիթարութիւն ու յոյս կու տան Երուսաղէմի կամ երկրի ուրիշ մասին մէջ ապրող աստուածասէր անհատներու։ Դուք ալ կրնաք անոնց մէջ գտնուիլ, որոնք համերկրային խաղաղութիւն պիտի վայելեն Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ։ Երուսաղէմի անցեալին մասին գիտութիւն ունենալը կրնայ մեզի օգնել որ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ նպատակը հասկնանք։ Յաջորդ յօդուածները պիտի կեդրոնանան այն դէպքերուն վրայ, որոնք եօթներորդ եւ ութերորդ տասնամեակներուն տեղի ունեցան, Հրեաներու բաբելոնական աքսորութենէ վերադառնալէ ետք։ Ասիկա կը մխիթարէ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Եհովա Աստուծոյ՝ Մեծ Թագաւորին՝ ընդունելի պաշտամունք մատուցանել։
[Ստորանիշ]
a «Մեսիա» (Եբրայերէն բառէն առնուած) եւ «Քրիստոս» (Յունարէն բառէն) երկուքն ալ կը նշանակեն «Օծեալ»։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ինչո՞ւ Երուսաղէմը «Եհովայի աթոռ»ին վայրը եղաւ։
◻ Մաքուր պաշտամունքի յառաջացման մէջ Սողոմոն ի՞նչ բաժին ունեցաւ։
◻ Ի՞նչպէս գիտենք թէ Երուսաղէմ դադրեցաւ Եհովայի պաշտամունքի կեդրոնը ըլլալէ։
◻ Երուսաղէմի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններով ինչո՞ւ հետաքրքրուած ենք։
[Նկար՝ էջ 10]
Դաւիթի Քաղաքը հարաւային ծայրն էր, բայց Սողոմոն քաղաքը ընդլայնեց դէպի հիւսիս եւ տաճարը կառուցանեց
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]
Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.