Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 11/1 էջ 18-22
  • Իր անուան արժանի եղող Երուսաղէմ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իր անուան արժանի եղող Երուսաղէմ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համախմբումի Հոյակապ Օր մը
  • Ուրիշ Ուրախ Համախմբում մը
  • Աստուծոյ Տունը Պէտք Չէ Անտեսենք
  • Ցնծալի Նաւակատիք մը
  • Յաւիտենական Ուրախութեան Պատճառ մը
  • Երուսաղէմը ‘ձեր գլխաւոր ուրախութենէն աւելի մեծ կը համարէ՞ք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Նէեմեայ գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Երուսաղէմի պարիսպները
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • «Բարիով յաղթէ՛ չարին»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 11/1 էջ 18-22

Իր անուան արժանի եղող Երուսաղէմ մը

«Դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար . . . կը ստեղծեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 65։18

1. Եզրասի զգացումը ի՞նչ էր Աստուծոյ ընտրեալ քաղաքին հանդէպ։

ՈՐՊԷՍ Աստուծոյ Խօսքին ջանադիր աշակերտը, Հրեայ քահանայ Եզրասի համար, Եհովայի մաքուր պաշտամունքի հետ անցեալին Երուսաղէմի ունեցած առնչութիւնը շատ նուիրական էր։ (Բ. Օրինաց 12։5. Եզրասայ 7։27) Աստուծոյ քաղաքին հանդէպ իր սէրը կը տեսնուի Աստուածաշունչի այդ մասերէն, զորս ինք գրեց ներշնչման ներքեւ՝ Առաջին եւ Երկրորդ Մնացորդացը եւ Եզրասայ գիրքը։ Երուսաղէմ անունը ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ աւելի քան 800 անգամ կ’երեւի, որու գրեթէ մէկ չորրորդը այս պատմական արձանագրութիւններուն մէջ կը գտնուի։

2. Երուսաղէմ անուան նշանակութեան մէջ մարգարէական ի՞նչ իմաստ կրնանք տեսնել։

2 Սուրբ գրային Եբրայերէնի մէջ, «Երուսաղէմ» բառը Եբրայերէն լեզուին մէջ երկեակ իմաստով կը տրուի։ Երկեակը յաճախ կը գործածուի այն բաներուն համար, որոնք զոյգ են, ինչպէս՝ աչք, ականջ, ձեռք կամ ոտք։ Այս երկեակ իմաստով, Երուսաղէմ անունը կրնայ մարգարէականօրէն ակնարկել այն խաղաղութեան որ Աստուծոյ ժողովուրդը կրկնակի իմաստով պիտի վայելէ. հոգեւորապէս եւ մարմնաւորապէս։ Աստուածաշունչը չի նշեր թէ Եզրաս ասիկա լիովին հասկցած էր թէ ոչ։ Սակայն, որպէս քահանայ, ան իր լաւագոյնը ըրաւ, Հրեաներուն օգնելով որ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն վայելեն։ Իսկ վստահաբար ան ծանր աշխատեցաւ, որպէսզի Երուսաղէմը իր անուան արժանի կերպով ապրի, որ է՝ «Կրկնակի Խաղաղութեան Տիրապետում [կամ, Հիմնարկութիւն]»։—Եզրասայ 7։6

3. Քանի՞ տարի ետք Եզրասի գործունէութիւններուն կը վերադառնանք, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ կը գտնենք զինք։

3 Աստուածաշունչը չի նշեր թէ Եզրաս ո՛ւր կը գտնուէր, Երուսաղէմ իր այցելութեան եւ այդ քաղաքին մէջ Նէեմիայի գալուն միջեւ եղող 12 տարիներու ընթացքին։ Այդ շրջանին Հրեայ ազգին հոգեւոր խեղճ վիճակը կը թելադրէ որ Եզրաս հոն ըլլալու չէր։ Սակայն, կը տեսնենք որ Եզրաս անգամ մը եւս այդ քաղաքին մէջ որպէս հաւատարիմ քահանայ կը ծառայէ, Երուսաղէմի պարիսպի շինութենէն անմիջապէս ետք։

Համախմբումի Հոյակապ Օր մը

4. Իսրայէլի եօթներորդ ամսուն առաջին օրը ի՞նչ բանով յատկանշական էր։

4 Երուսաղէմի պարիսպը ճիշդ ժամանակին վերջացաւ, Իսրայելացիներու կրօնական օրացոյցին եօթներորդ ամսուան՝ Թիշրի ամսուան՝ կարեւոր տօնին համար։ Թիշրիի առաջին օրը նոր լուսնի մասնաւոր օր մըն էր, որ կը կոչուէր Փող Հնչեցնելու Տօն։ Այդ օրը, Եհովայի զոհեր մատուցուելու ընթացքին քահանաները փողեր կը հնչեցնէին։ (Թուոց 10։10. 29։1) Այս օրը Իսրայելացիները կը պատրաստէր Թիշրի 10–ին տեղի ունեցող տարեկան Քաւութեան Օրուան եւ նոյն ամսուն 15-21–ին՝ Հաւաքելու Տօնի ուրախ առիթին համար։

5. (ա) Եզրաս եւ Նէեմիա ի՞նչպէս լաւ կերպով գործածեցին «եօթներորդ ամսուն առաջին օրը»։ (բ) Իսրայելացիները ինչո՞ւ լացին։

5 «Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը», «բոլոր ժողովուրդը» հաւաքուեցաւ, հաւանաբար Նէեմիայի եւ Եզրասի կողմէ քաջալերուած։ Այրեր, կիներ ու «լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն ունեցողներ» հաւաքուած էին։ Հետեւաբար, մանուկներ ալ ներկայ էին եւ ուշադիր կը լսէին, երբ Եզրաս բեմ բարձրացաւ եւ Օրէնքը կարդաց «առտուընէ մինչեւ կէսօր»։ (Նէեմեայ 8։1-4) Ղեւտացիները պարբերաբար ժողովուրդին կը բացատրէին կարդացուածը։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Իսրայելացիները արցունք թափէին, նկատելով որ իրենք եւ իրենց հայրերը որքա՜ն թերացած էին Աստուծոյ Օրէնքին հնազանդելու մէջ։—Նէեմեայ 8։5-9

6, 7. Իսրայելացիներուն լացը դադրեցնելու համար Նէեմիայի ըրածէն ի՞նչ կրնան սորվիլ Քրիստոնեաները։

6 Բայց ասիկա ողբալից լացի ժամանակ չէր։ Անոնք տօնախմբութեան մէջ էին եւ ժողովուրդը տակաւին նոր ամբողջացուցած էր Երուսաղէմի պարիսպը վերաշինելու աշխատանքը։ Հետեւաբար, Նէեմիա անոնց օգնեց որ շիտակ մտավիճակ ունենան, անոնց ըսելով. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։ Հնազանդելով «բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան»։—Նէեմեայ 8։10-12

7 Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը կրնայ շատ բան հասկնալ այս դրուագէն։ Անոնք որոնք ժողովներու եւ համաժողովներու ընթացքին մասնակցութիւններ ունին, վերոյիշեալը իրենց միտքը պէտք է պահեն։ Սրբագրիչ խրատներ տալէ զատ, այսպիսի առիթներ կարելի է օգտագործել, շեշտելու համար թէ Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալը օգուտներ եւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Լաւ կատարուած գործին համար գովասանք եւ համբերելու համար քաջալերութիւն պէտք է տրուի։ Աստուծոյ ծառաները այսպիսի հաւաքոյթներէն սրտի ուրախութեամբ պէտք է մեկնին, հասկնալով Աստուծոյ Խօսքէն իրենց ստացած կերտիչ հրահանգները։—Եբրայեցիս 10։24, 25

Ուրիշ Ուրախ Համախմբում մը

8, 9. Եօթներորդ ամսուան երկրորդ օրը ի՞նչ մասնայատուկ ժողով մը գումարուեցաւ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ի՛նչ արդիւնքով։

8 Այդ մասնաւոր ամսուան երկրորդ օրը «բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան»։ (Նէեմեայ 8։13) Եզրաս լաւ որակելի էր այս ժողովը վարելու, քանի որ ան ‘իր սիրտը պատրաստած էր, որպէս զի Եհովայի օրէնքը փնտռէր ու կատարէր ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէր Իսրայէլին’։ (Եզրասայ 7։10) Անկասկած, այս ժողովը ընդգծեց այն մարզերը, որոնց մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը աւելի սերտօրէն պէտք էր կառչէր Օրէնքի ուխտին։ Անմիջական մտահոգութիւններէն մէկն էր պատրաստութիւններ տեսնել, մօտալուտ Տաղաւարահարաց Տօնին համար։

9 Մէկ շաբաթ տեւող այս տօնը ճշգրիտ կերպով կատարուեցաւ, ամբողջ ժողովուրդը տարբեր ծառերու ճիւղերէ ու տերեւներէ շինուած առժամեայ պատսպարաններու մէջ բնակելով։ Անոնք այս տաղաւարները շինեցին իրենց տանիքներուն վրայ, տան գաւիթներուն ու տաճարի գաւիթներուն, եւ Երուսաղէմի հանրային հրապարակներուն մէջ։ (Նէեմեայ 8։15, 16) Ժողովուրդը հաւաքելու եւ անոնց Աստուծոյ Խօսքէն կարդալու համար ի՜նչ լաւ առիթ մըն էր ասիկա։ (Բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 31։10-13։) Ասիկա ամէն օր ըրին, տօնին «առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը», որու հետեւանքով «խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ» ժողովուրդին մէջ։—Նէեմեայ 8։17, 18

Աստուծոյ Տունը Պէտք Չէ Անտեսենք

10. Եօթներորդ ամսուն 24–րդ օրը ի՞նչ մասնայատուկ համախմբում մը կազմակերպուեցաւ։

10 Աստուծոյ ծառաներուն լուրջ թերութիւնները սրբագրելու համար յարմար ժամանակը եւ վայրը կայ։ Այնպէս կը թուի թէ Եզրաս եւ Նէեմիա նկատելով որ ասիկա յարմար առիթ մըն է, կարգադրութիւն ըրին որ Թիշրի ամսուն 24–ին ծոմապահութեան օր ընեն։ Դարձեալ Աստուծոյ Խօսքը կարդացուեցաւ եւ ժողովուրդը իր մեղքերը խոստովանեցաւ։ Ապա Ղեւտացիները աչքէ անցուցին իր մոլորած ժողովուրդին հետ Աստուծոյ ունեցած ողորմած վերաբերմունքը, Եհովայի փառաբանութեան գեղեցիկ արտայայտութիւններ ունեցան ու «հաստատ ուխտ մը» ըրին ու զանիկա իրենց իշխաններուն, Ղեւտացիներուն եւ քահանաներուն կողմէ վաւերացուցին։—Նէեմեայ 9։1-38

11. Հրեաները ի՞նչ «հաստատ ուխտ» մը ըրին։

11 Ընդհանուր ժողովուրդը երդում ըրաւ որ գրուած «հաստատ ուխտ»ը կատարէ։ Անոնք ‘Աստուծոյ օրէնքին մէջ պիտի քալէին’։ Նաեւ համաձայն գտնուեցան որ «երկրին ժողովուրդներուն» հետ ամուսնական ուխտեր չկնքեն։ (Նէեմեայ 10։28-30) Ասկէ զատ, Հրեաները խոստացան Շաբաթը պահել, մաքուր պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար տարեկան նիւթական նուիրատուութիւն ընել, զոհի սեղանին համար փայտ հայթայթել, զոհի համար իրենց հօտերուն ու արջառներուն երախայրին տալ, եւ իրենց ցանքերուն առաջին պտուղները տաճարին ճաշասենեակները բերել։ Շատ յստակօրէն անոնք վճռած էին ‘իրենց Աստուծոյն տան վրայով անհոգ չըլլալ’։—Նէեմեայ 10։32-39

12. Ներկայիս Աստուծոյ տունը չանտեսելը ի՞նչ կը պարփակէ։

12 Ներկայիս ալ Աստուծոյ ծառաները ուշադիր պէտք է ըլլան, որպէսզի Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին գաւիթներուն մէջ ‘սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու’ իրենց առանձնաշնորհումը չանտեսեն։ (Յայտնութիւն 7։15, ՆԱ) Ասիկա իր մէջ կը պարփակէ Եհովայի պաշտամունքի յառաջացման համար կանոնաւոր սրտանց աղօթքներ մատուցանել։ Այսպիսի աղօթքներու համաձայն ապրիլը կը պահանջէ որ քրիստոնէական ժողովներու համար կանոնաւորաբար պատրաստուինք եւ անոնց մասնակցինք, բարի լուրի քարոզչութեան համար եղած կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնինք եւ հետաքրքրուած մարդոց օգնենք, անոնց վերայցելելով եւ եթէ կարելի է, անոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով։ Աստուծոյ տունը անտեսել չուզողներէն շատեր քարոզչութեան եւ մաքուր պաշտամունքի վայրերուն խնամատարութեան համար նիւթական նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ Նաեւ ժողովի վայրերու անհրաժեշտ շինարարութիւններուն մասնակցելու եւ զանոնք մաքուր ու կոկիկ պահելու համար ալ պէտք է աշխատինք։ Աստուծոյ հոգեւոր տան հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու կարեւոր կերպերէն մէկն է, հաւատակիցներու մէջ խաղաղութիւն զարգացնելու համար աշխատիլ եւ նիւթական ու հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունեցողներուն՝ աջակցիլ։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Եբրայեցիս 13։15, 16

Ցնծալի Նաւակատիք մը

13. Երուսաղէմի պարիսպներուն նաւակատիքը կատարելէն առաջ, ո՞ր կարեւոր հարցին ուշադրութիւն պէտք էր ընծայուէր, եւ ասոր մէջ շատեր ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացան։

13 Նէեմիայի օրերուն կնքուած «հաստատ ուխտ»ը Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը պատրաստեց Երուսաղէմի պարիսպի նաւակատիքի օրուան համար։ Սակայն տակաւին ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ կար, որ ուշադրութեան կը կարօտէր։ 12 դռներ ունեցող լայն պարիսպներով շրջապատուած ըլլալով, Երուսաղէմ աւելի ընդարձակ բնակչութեան կարիքը ունէր։ Թէեւ շատ մը Իսրայելացիներ կը բնակէին հոն, բայց «քաղաքը ընդարձակ ու մեծ էր, բայց մէջի ժողովուրդը քիչ էր»։ (Նէեմեայ 7։4) Այս խնդիրը լուծելու համար, «վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու» համար։ Այս կարգադրութեան յօժարակամ ընդառաջումը պատճառ եղաւ որ ժողովուրդը օրհնէ «այն մարդիկը, որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու»։ (Նէեմեայ 11։1, 2) Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ներկայ ճշմարիտ երկրպագուներու համար, որոնց պարագաները կը թոյլատրեն որ փոխադրուին հո՛ն, ուր հասուն Քրիստոնեաներու օգնութեան աւելի մեծ կարիք մը կայ։

14. Երուսաղէմի պարիսպի նաւակատիքին օրը ի՞նչ պատահեցաւ։

14 Երուսաղէմի պարիսպի նաւակատիքին օրուան համար կարեւոր պատրաստութիւններ սկսան տեսնուիլ։ Յուդայի մօտակայ քաղաքներէն երաժիշտներ եւ երգիչներ հաւաքուեցան։ Անոնք գոհութիւն տուող երկու մեծ դասի բաժնուեցան, որոնց պիտի հետեւէր շքերթ մը։ (Նէեմեայ 12։27-31, 36, 38) Երգչախումբերը եւ շքերթը ճամբայ ելան տաճարէն ամենահեռուն գտնուող պարիսպին մէկ կէտէն, հաւանաբար Հովիտի Դռնէն, եւ հակառակ ուղղութեամբ քալեցին, մինչեւ որ դէմ դիմաց եկան Աստուծոյ տան մէջ։ «Այն օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախութիւն ըրին, վասն զի Աստուած մեծ ուրախութիւնով ուրախացուց զանոնք։ Կիները եւ տղաքներն ալ ուրախութիւն ըրին ու Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր լսուեցաւ»։—Նէեմեայ 12։43

15. Երուսաղէմի պարիսպի նաւակատիքը ինչո՞ւ մնայուն ուրախութեան պատճառ մը չեղաւ։

15 Աստուածաշունչը այս ցնծալի տօնակատարութեան թուականը չի տար։ Անկասկած, անիկա Երուսաղէմի վերականգնումին կարեւոր պահերէն մէկն էր, չըսելու համար բարձրակէտը։ Անշուշտ, քաղաքին ներսի կողմն ալ շատ շինարարութիւն կը պահանջէր։ Ժամանակի ընթացքին, Երուսաղէմի բնակիչները իրենց հոգեւոր լաւ դիրքը կորսնցուցին։ Երբ Նէեմիա երկրորդ անգամ քաղաքը այցելեց, ան տեսաւ որ Աստուծոյ տունը դարձեալ անտեսուած էր եւ Իսրայելացիներ դարձեալ հեթանոս կիներու հետ ամուսնացած էին։ (Նէեմեայ 13։6-11, 15, 23) Մաղաքիա մարգարէին գրութիւնները կը հաստատեն այս գէշ վիճակները։ (Մաղաքեայ 1։6-8. 2։11. 3։8) Ուստի, Երուսաղէմի պարիսպի նաւակատիքը մնայուն ուրախութեան պատճառ մը չեղաւ։

Յաւիտենական Ուրախութեան Պատճառ մը

16. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ կարեւոր դէպք մը կը սպասեն։

16 Ներկայիս, Եհովայի ծառաները կարօտով կը սպասեն այն ժամանակին, երբ Աստուած իր բոլոր թշնամիներուն վրայ յաղթանակ պիտի տանի։ Ասիկա պիտի սկսի սուտ կրօնքի բոլոր տեսակները պարփակող այլաբանական քաղաքին՝ «մեծ Բաբելոն»ի՝ կործանումով։ (Յայտնութիւն 18։2, 8) Սուտ կրօնքին կործանումը մօտալուտ մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ։ (Մատթէոս 24։21, 22) Մեր դիմաց կը գտնուի նաեւ շատ կարեւոր դէպք մը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկնային ամուսնութիւնը, «Նոր Երուսաղէմ»ի 144,000 քաղաքացիներու իր հարսին հետ։ (Յայտնութիւն 19։7. 21։2) Ճշգրիտ կերպով չենք կրնար ըսել թէ այդ վերջնական միացումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ, բայց վստահաբար անիկա ուրախ դէպք մը պիտի ըլլայ։—Տես՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1990, էջ 30-31։

17. Նոր Երուսաղէմի ամբողջացման մասին ի՞նչ գիտենք։

17 Գիտենք որ Նոր Երուսաղէմին ամբողջացումը շատ մօտ է։ (Մատթէոս 24։3, 7-14. Յայտնութիւն 12։12) Երկրային Երուսաղէմի հակառակը, անիկա բնաւ յուսախաբութեան պատճառ մը պիտի չըլլայ, քանի որ անոր բոլոր բնակիչները հոգիէն–ծնած, փորձուած եւ Յիսուս Քրիստոսի զտուած հետեւորդներն են։ Մինչեւ մահ իրենց ուղղամտութիւնը պահելով, անոնք պիտի ապացուցանեն որ Տիեզերքի Գերիշխան Եհովա Աստուծոյ յաւիտենապէս հաւատարիմ են։ Ասիկա նշանակալից իմաստ մը ունի մնացեալ մարդկութեան՝ թէ՛ ապրողներուն եւ թէ մեռածներուն համար։

18. Ինչո՞ւ պէտք է ‘յաւիտեան ցնծանք եւ ուրախանանք’։

18 Նկատի առէք թէ ի՛նչ պիտի պատահի, երբ Նոր Երուսաղէմը իր ուշադրութիւնը դարձնէ Յիսուսի քաւիչ զոհին հաւատք ընծայող մարդկութեան վրայ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։ Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։2-4) Աւելին ըլլալով, Աստուած քաղաքանման այս կարգադրութիւնը պիտի գործածէ, մարդկութիւնը մարդկային կատարելութեան հասցնելու համար։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) ‘Աստուծոյ ստեղծագործութիւնով յաւիտեան ուրախանալու ու ցնծալու’ ի՜նչ հոյակապ պատճառներ են ասոնք։—Եսայեայ 65։18

19. Ի՞նչ է այն հոգեւոր դրախտը որու մէջ հաւաքուած են Քրիստոնեաները։

19 Սակայն, զղջացող մարդիկ մինչեւ այն ատեն սպասելու կարիքը չունին Աստուծմէ օգնութիւն ստանալու համար։ 1919–ին, Եհովա 144,000–ի վերջին անդամները հոգեւոր դրախտի մը մէջ սկսաւ հաւաքել, ուր սիրոյ, ուրախութեան ու խաղաղութեան նման Աստուծոյ հոգիին պտուղները կը ծաղկին։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս հոգեւոր դրախտի աչքառու երեսակներէն մէկը եղած է անոր օծեալ բնակիչներուն հաւատքը, որոնք սքանչելի կերպով արդիւնաբեր եղած են համայն երկրի մէջ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան գլուխը անցնելով։ (Մատթէոս 21։43. 24։14) Որպէս արդիւնք, շուրջ վեց միլիոն երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ու ալ թոյլատրուած է որ հոգեւոր դրախտին մէջ մտնեն եւ այս արդիւնաբեր գործը վայելեն։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք ասոր համար որակելի եղած են, իրենք զիրենք Եհովա Աստուծոյ նուիրելով, իր որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ քաւիչ զոհին հաւատք ընծայելով։ Նոր Երուսաղէմի ապագացու անդամներուն հետ անոնց ընկերակցութիւնը արդարեւ օրհնութիւն մը եղած է։ Արդ, օծեալ Քրիստոնեաներու հետ իր գործառնութեամբ, Եհովա հիմը դրած է «նոր երկրի»ն՝ երկնային Թագաւորութեան երկրային ոլորտը ժառանգելիք աստուածավախ մարդոց ընկերութեան մը։—Եսայեայ 65։17. Բ. Պետրոս 3։13

20. Նոր Երուսաղէմը ի՞նչպէս իր անուան արժանի կերպով պիտի ապրի։

20 Հոգեւոր դրախտին մէջ Եհովայի ծառաներուն ներկայիս վայելած խաղաղ վիճակները շուտով երկրային դրախտի մէջ ալ պիտի վայելեն։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ, երբ Նոր Երուսաղէմը երկինքէն իջնէ, մարդկութիւնը օրհնելու համար։ Աստուծոյ ժողովուրդը Եսայեայ 65։21-25–ի մէջ խոստացուած խաղաղ պայմանները կրկնակի կերպով պիտի վայելէ։ Հոգեւոր դրախտին մէջ որպէս Եհովայի միաբան երկրպագուներ, օծեալները տակաւին երկնային Նոր Երուսաղէմին մէջ իրենց տեղը պէտք է գրաւեն, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»էն եղողները հիմա աստուածատուր խաղաղութիւն կը վայելեն։ Այս խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ ֆիզիքական Դրախտին մէջ, երբ ‘Աստուծոյ կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’։ (Մատթէոս 6։10) Այո, Աստուծոյ փառաւոր երկնային քաղաքը իր անուան արժանի ըլլալը պիտի փաստէ, որպէս ‘Կրկնակի Խաղաղութեան Հիմնարկութիւն’։ Անիկա յաւիտեան իր Մեծ Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ, եւ անոր Փեսային՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ արժանի գովաբանութիւն մը պիտի ըլլայ։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Երբ Նէեմիա ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, ի՞նչ իրագործուեցաւ։

◻ Վաղեմի Հրեաները ի՞նչ պէտք էր ընէին Աստուծոյ տունը չանտեսելու համար, իսկ մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։

◻ Մնայուն ուրախութիւն ու խաղաղութիւն բերելու մէջ «Երուսաղէմ» ի՞նչ դեր կը խաղայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել