Ինչո՛ւ կը դիմեն վայրագութեան
ՏԵՆՎԸՐԻ մէջ, Գոլորատօ (Ա.Մ.Ն.), 27 շաբթու թերաճ մանուկ մը ծնաւ։ Ան վերապրեցաւ եւ երեք ամիս հիւանդանոց մնալէն ետք, իր ծնողքին յանձնուեցաւ։ Երեք շաբաթ ետք, երախան դարձեալ հիւանդանոց բերուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Հայրը երախային լացին չդիմանալով, զայն վայրագօրէն ցնցած էր, մեծ վնաս հասցնելով անոր ուղեղին։ Մանուկը կոյր եւ անկարող մնաց։ Արդի բժշկութիւնը կրցաւ զինք փրկել ծննդեան բարդութիւններէն, սակայն չկրցաւ ազատել իր հօրը վայրագութենէն։
Անհաշիւ երախաներ գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուին, կը ծեծուին, կամ կը սպաննուին երկրագունդի ամենէն վայրագ վայրերէն մէկուն՝ տան մէջ։ Ոմանք կ’ենթադրեն թէ մի՛միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան գրեթէ 5,000 երախաներ կը մահանան իրենց ծնողներուն ձեռքով։ Իսկ զոհերը միայն երախաներ չեն։ Համաշխարհային Առողջապահութիւն պարբերաթերթին համաձայն (Անգլերէն), Միացեալ Նահանգներու մէջ «վերարտադրական տարիքի մէջ եղող կիներու հասցուած վնասին գլխաւոր պատճառը, անոնց հանդէպ գէշ վերաբերմունքն է»։ Ի՞նչ կարելի է ըսել ուրիշ երկիրներու մասին։ «Փորձագիտանքի մը ընթացքին, [զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ] կիներուն մէկ երրորդէն մինչեւ կէսը տեղեկագրեցին թէ իրենց կողակիցներուն կողմէ ծեծուած են»։ Այո, վայրագութիւնը լուրջ վնասներ կը հասցնէ, մասնաւորաբար տան մէջ։
Բազմաթիւ այրեր ու կիներ կը փորձեն իրենց անհամաձայնութիւնները վայրագութեամբ լուծել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ վայրագութեան կը դիմեն, երախաներուն վրայ իրենց բարկութիւնը պարպելու համար։ Կռուազան անհատներ պարզապէս հաճոյքի համար կը նեղեն տկարները, անոնց հետ վայրագօրէն վարուելով։ Մարդիկ ինչո՞ւ այսքան վայրագ կը դառնան։
Մարդիկ Ինչո՛ւ Վայրագ կը Դառնան
Ոմանք կ’ըսեն թէ մարդիկ բնութեամբ վայրագ են։ Թէեւ վայրագ ոճիրները ընդհանուր առմամբ նուազած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն պատանիներուն մէջ անոնք աւելցած են։ Իսկ վայրագութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնն ալ աւելցած է։ Հեռատեսիլի գլխաւոր երեք ցանցեր ոճիր պարփակող պատմութիւններու թիւը բազմապատկեցին եւ ոճրագործութիւններու սփռումը եռապատկեցին։ Այո, ոճիրը շահաբեր է։ Հոգեբոյժ Գարլ Մենինկըր ըսաւ. «Մենք ոչ թէ միայն կը հանդուրժենք վայրագութիւնը, այլ զայն մեր լրագիրներուն առաջին էջին վրայ կը դնենք։ Հեռատեսիլի մեր յայտագիրներուն մէկ երրորդը կամ մէկ չորրորդը զայն կը գործածէ մեր զաւակները զբօսնելու համար։ Սիրելի բարեկամներ, մենք ոչ միայն զայն կը հանդուրժենք, այլ նաեւ՝ կը սիրենք»։
Վերջերս եղած գիտական ուսումնասիրութիւններ կը թելադրեն թէ ուղեղին կենսաբանութիւնը եւ միջավայրը մեծապէս առնչուած են մարդկային վայրագութեան հետ։ Իլլինոյի Անչափահասներու Հետազօտութեան Հիմնարկի Համալսարանէն Տոքթ. Մարքըս Ճ. Գրիւսի կ’ըսէ. «Բոլորս ալ սկսած ենք եզրակացնել թէ այն վնասակար միջավայրերը, որու երախաները հետզհետէ աւելի կ’ենթարկուին, արդարեւ, վայրագութեան համաճարակ մը կը ստեղծեն։ . . . Միջավայրային իրադարձութիւնները իրապէս ուղեղին մէջ մասնիկային փոփոխութիւններ կը պատճառեն, որոնք մարդիկը աւելի դիւրագրգիռ կը դարձնեն»։ Ուղեղէն Ներս գիրքը (Անգլերէն) կ’ըսէ թէ կարգ մը ազդակներ, ինչպէս՝ «ընտանեկան կեանքի կառոյցին փլուզումը, առանձին ծնողներու թիւին աճումը, յարատեւող աղքատութիւնը եւ թմրեցուցիչի երկարատեւ գործածութիւնը, կրնան ուղեղին քիմիաբանութիւնը վայրագ վերաբերմունքի ուղղել. հետեւանք մը, որ ժամանակին անկարելի կը կարծուէր»։
Կը կարծուի թէ ուղեղին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն մաս կը կազմէ սերոթոնինի նուազումը՝ ուղեղի մէկ տարրը, որ կը կարծուի թէ վայրագութիւնը ետ կը պահէ։ Ուսումնասիրութիւններ երեւան կը հանեն թէ ալքոլը կրնայ ուղեղի սերոթոնինին քանակը իջեցնել, այսպիսով գիտականօրէն հաստատելով երկար ատենէ գիտցուած վայրագութեան ու ալքոլի չարաչար գործածութեան միջեւ յարակցութիւնը։
Վայրագութեան ներկայ յաւելումին նպաստող ուրիշ ազդակ մըն ալ գոյութիւն ունի։ Մարգարէական վստահելի գիրք մը՝ Աստուածաշունչը, կը զգուշացնէ ըսելով. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, . . . անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, . . . դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այո, ներկայիս մեր տեսած վայրագութիւնը «վերջին օրեր»ու մասին Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումն է։
Ուրիշ բան մըն ալ մեր ժամանակը յատկապէս վայրագ կը դարձնէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12) Բանսարկուն ու իր դեւերու բանակը երկնքէն դուրս վտարուելով, ներկայիս իրենց չարամտութիւնները կեդրոնացուցած են մարդոց վրայ։ Որպէս «այս օդին իշխանութեանը իշխան»ը՝ Բանսարկուն, կը ղեկավարէ ‘այն ոգին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’, երկիրը հետզհետէ աւելի վայրագ վայր մը դարձնելով։—Եփեսացիս 2։2
Ուստի, ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք աշխարհի վայրագ «օդ»ին հետ գլուխ ելլել։ Նաեւ, ի՞նչպէս կրնանք մեր անհամաձայնութիւնները լուծել առանց վայրագութեան դիմելու։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
Անհաշիւ երախաներ գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուին, կը ծեծուին, կամ կը սպաննուին երկրագունդի ամենէն վայրագ վայրերէն մէկուն՝ տան մէջ