Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 1/1 էջ 14-18
  • Հի՛մա է փրկութեան օրը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հի՛մա է փրկութեան օրը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Կը Ջանանք Համոզել Մարդերը»
  • Քրիստոսի Սէրը Ձեզ կը Ստիպէ՞
  • «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ Հետ»
  • «Ընդունելի Ժամանակը»
  • ‘Մեր Անձը Ընծայենք Աստուծոյ Սպասաւորներու Պէս’
  • Եհովայի Փրկութեան Վստահեցէք
  • «Հիմա է ընդունելի ժամանակը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Ձեր «փրկութեան յոյս»ը վառ պահեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը տարածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 1/1 էջ 14-18

Հի՛մա է փրկութեան օրը

«Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6։2

1. Աստուծոյ եւ Քրիստոսի առջեւ ընդունելի կեցուածք մը ունենալու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։

ԵՀՈՎԱ մարդկութեան դատաստանին համար օր մը որոշած է։ (Գործք 17։31) Եթէ կ’ուզենք որ այդ օրը մեզի համար փրկութիւն ըլլայ, պէտք է իր եւ իր նշանակած Դատաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ առջեւ ընդունելի կեցուածք մը ունենանք։ (Յովհաննու 5։22) Այսպիսի կեցուածք մը կը պահանջէ որ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն վարուինք եւ ունենանք հաւատք մը, որ մեզ կը մղէ ուրիշներուն օգնելու որ Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները ըլլան։

2. Մարդկային աշխարհը ինչո՞ւ Աստուծմէ օտարացած է։

2 Ժառանգուած մեղքին պատճառաւ, մարդկային աշխարհը Աստուծմէ օտարացած է։ (Հռովմայեցիս 5։12. Եփեսացիս 4։17, 18) Հետեւաբար, անոնք, որոնց կը քարոզենք, կրնան փրկութիւն շահիլ միմիայն եթէ իր հետ հաշտուին։ Պօղոս առաքեալ ասիկա պարզեց, երբ Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն կը գրէր։ Միասնաբար քննենք Բ. Կորնթացիս 5։10–6։10–ն, տեսնելու համար թէ Պօղոս ի՛նչ ըսաւ դատաստանի, Աստուծոյ հետ հաշտուելու եւ փրկութեան մասին։

«Կը Ջանանք Համոզել Մարդերը»

3. Պօղոս ի՞նչպէս շարունակեց «համոզել մարդերը», եւ ինչո՞ւ մենք ալ այսօր նոյնը պէտք է ընենք։

3 Պօղոս դատաստանը կապեց քարոզչութեան հետ, երբ գրեց. «Պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Ուստի Տէրոջը վախը գիտնալով՝ մարդոց միտքը հաճեցնենք [«կը ջանանք համոզել մարդերը», Երուսաղէմ]»։ (Բ. Կորնթացիս 5։10, 11) Առաքեալը շարունակեց մարդիկը համոզել, բարի լուրը քարոզելով։ Մեր մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Մինչ իրերու այս չար դրութեան վախճանը կը դիմագրաւենք, պէտք է մեր ձեռքէն եկածը ընենք, մարդոց համոզելով որ հարկ եղած քայլերը առնեն, Յիսուսի նպաստաւոր դատաստանին, եւ փրկութեան Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ, հաճութեան արժանանալու համար։

4, 5. (ա) Ինչո՞ւ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր իրագործումներուն վրայ պէտք չէ պարծենանք։ (բ) Պօղոս ի՞նչպէս «Աստուծոյ համար» կը պարծենար։

4 Եթէ Աստուած մեր ծառայութիւնը օրհնած է, պէտք չէ պարծենանք անոր համար։ Կորնթոսի մէջ, ոմանք իրենց անձով կամ ուրիշներով հպարտացան, բաժանումներ յառաջացնելով ժողովքին մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 1։10-13. 3։3, 4) Այս կացութեան ակնարկելով, Պօղոս գրեց. «Ոչ թէ նորէն անձերնիս ձեզի կ’ընծայենք. հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէս զի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ աչքի երեւցածով կը պարծենան ու ո՛չ թէ սրտով։ Վասն զի եթէ խենդեցած ենք՝ այն Աստուծոյ համար է եւ եթէ զգաստ ենք՝ այն ձեզի համար է»։ (Բ. Կորնթացիս 5։12, 13) Պարծենկոտները ժողովքին միութեամբ եւ հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուած չէին։ Անոնք կ’ուզէին երեւոյթներով պարծենալ, փոխանակ իրենց հաւատակիցներուն օգնելու որ Աստուծոյ առջեւ լաւ սիրտ մը զարգացնեն։ Ուստի, Պօղոս յանդիմանեց ժողովքը եւ հետագային նշեց. «Ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ»։—Բ. Կորնթացիս 10։17

5 Պօղոս ինքն ալ չպարծեցա՞ւ։ Թերեւս ոմանք այսպէս կը խորհին, առաքեալ ըլլալու մասին իր ըսածէն դատելով։ Բայց ան «Աստուծոյ համար» կը պարծենար։ Ան իր առաքեալ ըլլալու վարկին համար պարծեցաւ, որպէսզի Կորնթացիները Եհովայէ չհեռանային։ Պօղոս ասիկա ըրաւ, զիրենք ետ Եհովայի դարձնելու համար, քանի որ սուտ առաքեալները անոնց սխալ ուղղութիւն կու տային։ (Բ. Կորնթացիս 11։16-21. 12։11, 12, 19-21. 13։10) Սակայն, Պօղոս չէր ջանար միշտ ուրիշները տպաւորել իր իրագործումներով։—Առակաց 21։4

Քրիստոսի Սէրը Ձեզ կը Ստիպէ՞

6. Քրիստոսի սէրը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

6 Որպէս իրական առաքեալ, Պօղոս ուրիշներուն Յիսուսի փրկանքի զոհին մասին կը սորվեցնէր։ Անիկա մեծ ազդեցութիւն ձգած էր Պօղոսի կեանքին վրայ, քանի որ ան գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Յիսուս իր կեանքը մեզի համար տալով ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուաւ։ Վստահաբար, անիկա մեր կեանքին մէջ մեզ դրդող ոյժ մը պէտք է ըլլայ։ Մեզի ի նպաստ իր կեանքը տուած ըլլալուն համար Յիսուսի հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը պէտք է մեզ մղէ, իր սիրելի Որդւոյն միջոցաւ Եհովայի կողմէ հայթայթուած փրկութեան բարի լուրը ծանուցանելու եռանդուն գործունէութեան։ (Յովհաննու 3։16. բաղդատել՝ Սաղմոս 96։2։) «Քրիստոսին սէրը» ձեզ կը ստիպէ՞ որ եռանդուն կերպով մասնակցիք Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին։—Մատթէոս 28։19, 20

7. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մէկը մարմնով չճանչնալ’։

7 Երբ օծեալները իրենց ապրելակերպով ցոյց տան որ իրենց ի նպաստ Քրիստոսի ըրածին հանդէպ երախտագիտութիւն ունին, անոնք ‘այլեւս իրենց անձերուն համար չեն ապրիր, հապա՝ Քրիստոսի’։ Հետեւաբար, Պօղոս ըսաւ. «Ասկէ յետոյ մենք մէկը մարմնով չենք ճանչնար, թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար»։ (Բ. Կորնթացիս 5։16) Քրիստոնեաները պէտք չէ մարդիկը մարմնաւոր աչքով դիտեն, թերեւս Հեթանոսներուն փոխարէն Հրեաները նախընտրելով, կամ աղքատներու փոխարէն՝ հարուստները։ Օծեալները ‘մէկը մարմնով չեն ճանչնար’, քանի որ հաւատակիցներու հետ իրենց ունեցած հոգեւոր յարաբերութիւնն է որ կարեւոր է։ Յիսուս երկրի վրայ եղած ժամանակ զինք բառացիօրէն տեսնողները չէին միայն որ ‘Քրիստոսը մարմնով ճանչցած’ էին։ Եթէ նոյնիսկ Մեսիայի յուսացողներէն ոմանք նախապէս մարմնաւոր կերպով կը նայէին իրեն, այլեւս նոյն կերպով պիտի չնկատէին զինք։ Ան իր մարմինը որպէս փրկանք տուաւ եւ որպէս կենսատու հոգի յարուցուեցաւ։ Երկնային կեանքի յարուցուող ուրիշներ իրենց մսեղէն մարմիններէն պիտի ձերբազատուէին, առանց Յիսուս Քրիստոսը մարմնով տեսած ըլլալու։—Ա. Կորնթացիս 15։45, 50. Բ. Կորնթացիս 5։1-5

8. Անհատներ ի՞նչպէս «Քրիստոսին մէջ» եղած են։

8 Տակաւին իր խօսքը օծեալներուն ուղղելով, Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։17) «Քրիստոսին մէջ» ըլլալ կը նշանակէ իր հետ միութեան մէջ ըլլալ։ (Յովհաննու 17։21) Այս յարաբերութիւնը գոյացաւ, այն անհատին համար զոր Եհովա դէպի իր Որդին քաշեց եւ իր սուրբ հոգիով ծնաւ զինք։ Որպէս Աստուծոյ հոգիէն–ծնած որդին, ան «նոր ստեղծուած» մը եղաւ, երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ ըլլալու ակնկալութեամբ։ (Յովհաննու 3։3-8. 6։44. Գաղատացիս 4։6, 7) Այսպիսի օծեալ Քրիստոնեաներու, ծառայութեան հոյակապ առանձնաշնորհում մը տրուած է։

«Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ Հետ»

9. Աստուած ի՞նչ ըրած է իր հետ հաշտութիւնը կարելի դարձնելու համար։

9 Եհովա ի՜նչ մեծ շնորհք ըրած է «նոր ստեղծուած»ներուն։ Պօղոս կ’ըսէ. «Ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը. այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը»։ (Բ. Կորնթացիս 5։18, 19) Ադամի մեղանչելէն ի վեր, մարդկութիւնը Աստուծմէ օտարացած է։ Բայց Եհովա սիրալիր կերպով նախաքայլը առաւ, Յիսուսի զոհագործութեան միջոցաւ հաշտութեան ճամբան բանալով։—Հռովմայեցիս 5։6-12

10. Եհովա հաշտութեան սպասարկութիւնը որո՞նց յանձնած է, եւ անոնք ասիկա կատարելու համար ի՞նչ ըրած են։

10 Եհովա հաշտութեան սպասարկութիւնը օծեալներուն վստահած է, հետեւաբար, Պօղոս կրցաւ ըսել. «Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Անցեալին, դեսպանները գլխաւորաբար կը ղրկուէին լարուած ժամանակներուն, տեսնելու համար որ կարելի՞ էր պատերազմէ մը խոյս տալ։ (Ղուկաս 14։31, 32) Քանի որ մեղաւոր մարդկութիւնը Աստուծմէ օտարացած է, ան իր օծեալ դեսպանները ղրկած է, անոնց տեղեկացնելու համար հաշտութեան պայմանները։ Որպէս Քրիստոսի փոխանորդները, օծեալները կ’աղաչեն՝ «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ»։ Այս պաղատանքը բարեգութ յորդոր մըն է Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ընելու եւ Քրիստոսի միջոցաւ իր ըրած փրկութեան կարգադրութիւնը ընդունելու։

11. Փրկանքին հաւատալով, վերջապէս որո՞նք Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը կ’ունենան։

11 Փրկանքին հաւատք ընծայող բոլոր մարդիկը կրնան Աստուծոյ հետ հաշտուիլ։ (Յովհաննու 3։36) Պօղոս կ’ըսէ. «Զանիկա [Յիսուսը] որ մեղք չէր գիտեր, [Եհովա] մեզի համար մեղաւոր սեպեց, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք»։ (Բ. Կորնթացիս 5։21) Կատարեալ մարդ Յիսուս մեղքի պատարագ մը եղաւ, ժառանգուած մեղքէն ազատագրուած Ադամի ամբողջ սերունդին համար։ Անոնք Յիսուսի միջոցաւ «Աստուծոյ արդարներ»ը եղան։ Այս արդարութիւնը, կամ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ունենալը, նախ Քրիստոսի 144,000 ժառանգակիցներուն կը կիրարկուի։ Իր Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, որպէս կատարեալ մարդիկ արդար կեցուածք մը պիտի ունենան նաեւ Յաւիտենական Հօր՝ Յիսուս Քրիստոսի, երկրային զաւակները։ Ան կատարելութեան մէջ զանոնք արդար վիճակի պիտի հասցնէ, որպէսզի Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցանեն եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանան։—Եսայեայ 9։6. Յայտնութիւն 14։1. 20։4-6, 11-15

«Ընդունելի Ժամանակը»

12. Եհովայի դեսպաններն ու պատուիրակները ի՞նչ կարեւոր ծառայութիւն մը կը մատուցանեն։

12 Փրկուելու համար, պէտք է Պօղոսի խօսքերուն համաձայն գործենք. «Ուստի մենք ալ [Եհովայի] գործակից ըլլալով՝ կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։ Վասն զի ‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի’։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։ (Բ. Կորնթացիս 6։1, 2) Եհովայի օծեալ դեսպաններն ու իր պատուիրակները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը, իրենց երկնաւոր Հօր շնորհքը պարապ տեղ չեն ընդունիր։ (Յովհաննու 10։16) Այս «ընդունելի ժամանակ»ին մէջ իրենց ուղիղ վարքով եւ նախանձախնդիր ծառայութեամբ, անոնք աստուածային հաճութիւնը կը փնտռեն եւ երկրի բնակիչներուն կը տեղեկացնեն որ հիմա է «փրկութեան օրը»։

13. Եսայեայ 49։8–ի ոգին ի՞նչ է, եւ անիկա առաջին անգամ ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

13 Պօղոս Եսայեայ 49։8–ը կը մէջբերէ, ուր կ’ըսէ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի, փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի, քեզ պահեցի եւ ժողովուրդին նախապէս ուխտ ըրի, որպէս զի երկիրը հաստատես, աւերուած ժառանգութիւնները՝ բաժնես’»։ Այս մարգարէութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ, երբ Իսրայէլ ժողովուրդը բաբելոնական գերութենէն ազատագրուեցաւ եւ իր քանդուած հայրենիքը վերադարձաւ։—Եսայեայ 49։3, 9

14. Եսայեայ 49։8–ը ի՞նչպէս Յիսուսի պարագային կատարուեցաւ։

14 Եսայիի մարգարէութեան որպէս յաւելեալ կատարում, Եհովա իր ‘ծառան’՝ Յիսուսը՝ տուաւ ‘ազգերուն լոյս ըլլալու, որպէս զի Աստուծոյ փրկութիւնը մինչեւ երկրին ծայրերը ըլլայ’։ (Եսայեայ 49։6, 8. բաղդատել՝ Եսայեայ 42։1-4, 6, 7. Մատթէոս 12։18-21։) «Բարեհաճութեան ժամանակ»ը կամ «ընդունելի ժամանակ»ը բացայայտօրէն կը կիրարկուէր Յիսուսի, երբ ան երկրի վրայ էր։ Ան աղօթեց, եւ Աստուած ‘լսեց’ իրեն։ Ատիկա «փրկութեան օր» մը եղաւ Յիսուսի համար, քանի որ կատարեալ ուղղամտութիւն պահեց եւ այս կերպով «բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ»։—Եբրայեցիս 5։7, 9. Յովհաննու 12։27, 28

15. Ե՞րբէն ի վեր հոգեւոր Իսրայելացիները ջանացած են Աստուծոյ շնորհքին արժանի ըլլալնին փաստել, եւ ի՞նչ նպատակակէտով։

15 Պօղոս Եսայեայ 49։8–ը կիրարկեց օծեալ Քրիստոնեաներուն, անոնց աղաչելով որ ‘Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլան’, թերանալով իր բարեհաճութիւնը փնտռել «ընդունելի ժամանակ»ին եւ իր հայթայթած «փրկութեան օր»ուան ընթացքին։ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։ (Բ. Կորնթացիս 6։2) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, հոգեւոր Իսրայելացիները ջանացած են ապացուցանել որ Աստուծոյ շնորհքին արժանի են, որպէսզի «ընդունելի ժամանակ»ը՝ «փրկութեան օր» մը ըլլայ իրենց համար։

‘Մեր Անձը Ընծայենք Աստուծոյ Սպասաւորներու Պէս’

16. Ո՞ր փորձիչ պարագաներու ներքեւ, Պօղոս ինքզինք յանձնարարեց որպէս Աստուծոյ սպասաւորը։

16 Կորնթոսի ժողովքին հետ ընկերակցողներէն ոմանք Աստուծոյ շնորհքին արժանի չէին։ Անոնք Պօղոսի վրայ զրպարտութիւններ կ’ընէին, իր առաքելական հեղինակութիւնը կործանելու համար, հակառակ անոր որ ան ‘ոեւէ մէկուն գայթակղութեան պատճառ չէր տար’։ Ան վստահաբար ինքզինք կը յանձնարարէր որպէս Աստուծոյ սպասաւորը, «շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու, ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ»։ (Բ. Կորնթացիս 6։3-5) Ապա, Պօղոս պատճառաբանեց որ եթէ իր հակառակորդները սպասաւորներ են, «ա՛լ աւելի» ինք, քանի որ անոնցմէ շատ աւելի բանտարկութիւններու, ծեծերու, վտանգներու եւ զրկումներու ենթարկուած էր։—Բ. Կորնթացիս 11։23-27

17. (ա) Ո՞ր յատկութիւնները ցոյց տալով կրնանք մենք մեզ յանձնարարել որպէս Աստուծոյ սպասաւորները։ (բ) Ի՞նչ են «արդարութեան զէնքեր»ը։

17 Պօղոսի եւ իր ընկերակիցներուն նման, մենք ալ կրնանք մենք մեզ յանձնարարել որպէս Աստուծոյ սպասաւորները։ Ի՞նչպէս։ «Մաքրութիւնով» կամ սրբութիւնով, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան հետ ներդաշնակ գործելով։ Կրնանք մենք մեզ յանձնարարել «երկայնմտութիւնով», համբերութեամբ տոկալով սխալ կամ գրգռիչ ընթացքներու, իսկ «քաղցրութիւնով»՝ ուրիշներուն համար օգտակար բաներ ընելով։ Ասկէ զատ, կրնանք մենք մեզ յանձնարարել որպէս Աստուծոյ սպասաւորները, հոգիին կողմէ եկած առաջնորդութիւնը ընդունելով, ‘անկեղծ սէր’ ցոյց տալով, ճշմարտութիւնը խօսելով, եւ այս ծառայութիւնը կատարելու մէջ զօրանալու համար իրեն ապաւինելով։ Հետաքրքրականօրէն, Պօղոս ալ իր քարոզչական հանգամանքը ապացուցանեց «արդարութեան զէնքերով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է»։ Անցեալին, սովորաբար աջ ձեռքը կը գործածուէր սուրը ճօճելու, իսկ ձախ ձեռքը՝ վահանը բռնելու համար։ Սուտ ուսուցիչներու դէմ հոգեւոր պատերազմ մղելու համար, Պօղոս մեղաւոր մարմնին զէնքերը չգործածեց, որպիսին են խարդախութիւնը, նենգութիւնը եւ խաբկանքը։ (Բ. Կորնթացիս 6։6, 7. 11։12-14. Առակաց 3։32) Ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար ան շիտակ «զէնքեր», կամ կերպեր, գործածեց։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։

18. Եթէ Աստուծոյ սպասաւորներն ենք, ի՞նչպէս պիտի վարուինք։

18 Եթէ Աստուծոյ սպասաւորներն ենք, Պօղոսի եւ իր աշխատակիցներուն նման պիտի վարուինք։ Մենք ալ Քրիստոնեաներու նման պիտի գործենք, յարգուած ըլլանք կամ ոչ։ Մեր մասին աննպաստ տեղեկագրութիւններ մեր քարոզչութիւնը պիտի չդադրեցնեն, ոչ ալ պիտի պարծենանք, երբ մեր մասին նպաստաւոր տեղեկութիւններ տրուին։ Մենք ճշմարտութիւնը պիտի խօսինք, եւ բարեպաշտ գործերու համար թերեւս գնահատուինք։ Երբ թշնամիներու յարձակման ներքեւ մահուան վտանգին դիմաց գտնուինք, Եհովայի պիտի վստահինք։ Իսկ կրթութիւնը երախտագիտութեամբ պէտք է ընդունինք։—Բ. Կորնթացիս 6։8, 9

19. Ի՞նչպէս կարելի է հոգեւորապէս ‘շատերը հարստացնել’։

19 Հաշտութեան սպասաւորութեան մասին իր զրոյցը աւարտելէ ետք, Պօղոս իր եւ իր ընկերակիցներուն մասին ըսաւ. «Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք»։ (Բ. Կորնթացիս 6։10) Թէեւ այդ քարոզիչները իրենց տառապանքներուն համար ցաւելու իրաւացի պատճառ ունէին, բայց անոնք ներքին ուրախութիւն մը ունէին։ Անոնք նիւթական գետնի վրայ աղքատ էին, բայց քարոզչութեամբ ‘շատերը կը հարստացնէին’։ Արդարեւ, անոնք «ամէն բան ստացած» էին, քանի որ իրենց հաւատքը հոգեւոր հարստութիւն տուած էր իրենց. նոյնիսկ ապագային Աստուծոյ երկնային որդիները ըլլալու ակնկալութիւնը ունէին։ Իսկ որպէս Քրիստոնեայ քարոզիչներ, անոնք հարուստ եւ ուրախ կեանք մը ունէին։ (Գործք 20։35) Անոնց նման մենք ալ «շատերը կը հարստացնենք» հիմա՝ փրկութեան այս օրուան ընթացքին, հաշտութեան քարոզչութեան մասնակցելով։

Եհովայի Փրկութեան Վստահեցէք

20. (ա) Ի՞նչ էր Պօղոսի ջերմ փափաքը, եւ ինչո՞ւ կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։ (բ) Ի՞նչ բան կը նշէ որ հիմա է փրկութեան օրը։

20 Երբ Պօղոս Կորնթացիներուն իր երկրորդ նամակը գրեց Հ.Դ. 55–ի ատենները, հրէական դրութեան համար միայն 15 տարի մնացած էր։ Առաքեալը սրտանց փափաքեցաւ որ Հրեաներ եւ Հեթանոսներ Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ հետ հաշտուին։ Ատիկա փրկութեան օր մըն էր եւ կորսնցնելիք ժամանակ չկար։ Մենք ալ նոյն կերպով 1914–էն ի վեր իրերու դրութեան մը վախճանին մէջ կը գտնուինք։ Ներկայիս ի զօրու եղած Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կը նշէ որ հի՛մա է փրկութեան օրը։

21. (ա) 1999–ի տարուան համարը ի՞նչ է։ (բ) Փրկութեան այս օրուան ընթացքին, ի՞նչ պէտք է ընենք։

21 Ամէն ազգի պատկանողներ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ փրկութեան կարգադրութեան մասին պէտք է լսեն։ Պէտք չէ ուշանանք։ Պօղոս գրեց. «Ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։ Բ. Կորնթացիս 6։2–ի այս խօսքերը Եհովայի Վկաներու 1999–ի տարուան համարը պիտի ըլլան։ Ասիկա որքա՜ն յարմար է, քանի որ Երուսաղէմի եւ անոր տաճարին կործանումէն շատ աւելի վատ կործանում մը պիտի դիմագրաւենք։ Այս համայն իրերու դրութեան, մէջը ըլլալով երկրի վրայ ամէն անհատի կործանումը, մեր դիմաց է։ Հի՛մա է ժամանակը գործի լծուելու եւ ոչ թէ՝ վաղը։ Եթէ հաւատանք որ փրկութիւնը Եհովայի կը պատկանի, եթէ զինք սիրենք եւ եթէ յաւիտենական կեանքը արժեւորենք, Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չենք ըլլար։ Եհովան պատուելու սրտագին փափաք մը ունենալով, մեր խօսքերով եւ արարքներով պիտի փաստենք որ ի՛րապէս կը հասկնանք թէ ինչ կը նշանակէ՝ «Ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

◻ Աստուծոյ հետ հաշտուիլը ինչո՞ւ կենսական է։

◻ Հաշտութեան ծառայութեան ձեռնարկող դեսպաններն ու պատուիրակները որո՞նք են։

◻ Մենք մեզ ի՞նչպէս կրնանք յանձնարարել որպէս Աստուծոյ սպասաւորները։

◻ Եհովայի Վկաներու 1999–ի տարուան համարը ի՞նչ իմաստ կը կրէ ձեզի համար։

[Նկարներ՝ էջ 17]

Պօղոսի նման, եռանդուն կերպով կը քարոզէք եւ ուրիշներուն կ’օգնէ՞ք որ Աստուծոյ հետ հաշտուին

Միացեալ Նահանգներ

Ֆրանսա

Գոթ Տիվուար

[Նկար՝ էջ 18]

Փրկութեան այս օրուան մէջ, դուք ալ Եհովա Աստուծոյ հետ հաշտուող բազմութեան մէջ կը գտնուի՞ք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել