Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը տարածէ
«Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ [եղէք]» (ԳՈՐԾՔ 20։24)։
1, 2. Պօղոս ինչպէ՞ս ցուցուց թէ երախտապարտ էր Աստուծոյ շնորհքին համար։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ անկեղծօրէն կրնար ըսել. «[Աստուծոյ] շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։9, 10)։ Ան նախապէս քրիստոնեաները կը հալածէր։ Ասոր համար, ան շատ լաւ գիտէր թէ ինք արժանի չէր Աստուծոյ մեծ ողորմութեան, ոչ ալ բան մը ըրած էր որ զայն շահէր։
2 Պօղոս իր կեանքին վերջաւորութեան Տիմոթէոսին գրեց. «Շնորհակալ եմ անոր՝ որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ» (Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Ի՞նչ էր այդ սպասաւորութիւնը կամ ծառայութիւնը։ Ան Եփեսոսի ժողովքի երէցներուն ըսաւ. «Իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու» (Գործք 20։24)։
3. Պօղոս ի՞նչ մասնայատուկ ծառայութիւն ունէր (տե՛ս բացման պատկերը)։
3 Պօղոս ի՞նչ «աւետարան» կամ բարի լուր քարոզեց, եւ ատիկա ինչպէ՞ս աչքառու դարձուց Եհովայի շնորհքը կամ անզուգական բարութիւնը։ Ան եփեսացի քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Անշուշտ լսած էք. . . Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութիւնը, որ ինծի տրուած է ձեզի համար» (Եփ. 3։1, 2)։ Յիսուս Պօղոսին ըսած էր որ բարի լուրը քարոզէ հրեայ չեղողներուն։ Այլեւս ուրիշ ազգերէ մարդիկ ալ կրնային իշխել Մեսիային հետ իր Թագաւորութեան մէջ (կարդա՛ Եփեսացիս 3։5-8)։ Պօղոս նախանձախնդրութեամբ քարոզեց եւ լաւ օրինակ ձգեց հիմակուան քրիստոնեաներուն։ Ան փաստեց թէ Եհովայէն «պարապ» տեղ շնորհք չստացաւ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔԻՆ Կ’ԸՆԴԱՌԱՋԵ՞Ս
4, 5. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Թագաւորութեան բարի լուրը նաեւ Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրն է։
4 Եհովայի ժողովուրդը այս վերջին օրերուն մէջ պարտականութիւն ունի, որ քարոզէ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ. . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Թագաւորութեան այս բարի լուրը նաեւ Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ շնորհքին շնորհիւ է որ պիտի ստանանք բոլոր այն օրհնութիւնները որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի տայ (Եփ. 1։3)։ Մենք ալ Պօղոսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզելով կը ցուցնե՞նք թէ երախտապարտ ենք Եհովայի շնորհքին համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։14-16)։
5 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք թէ ինչպէ՛ս զանազան կերպերով կ’օգտուինք Եհովայի շնորհքէն, մենք որ մեղաւոր ենք։ Ուրեմն, մարդոց պարտական ենք որ իրենց սորվեցնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը յայտնէ իր սէրը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնան ատկէ օգտուիլ։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք ուրիշներուն օգնել որ երախտապարտ ըլլան Աստուծոյ շնորհքին համար։
ՓՐԿԱՆՔԻՆ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՏԱՐԱԾԷ
6, 7. Երբ ուրիշներուն բացատրենք փրկանքին մասին, ինչպէ՞ս տարածած կ’ըլլանք Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը։
6 Այսօր շատեր յանցաւոր չեն զգար երբ մեղք գործեն, եւ ասոր համար չեն հասկնար որ մարդիկ ինչո՛ւ փրկանքին պէտք ունին։ Նոյն ատեն, երթալէն աւելի մարդիկ կ’անդրադառնան որ իրենց ապրելակերպը ուրախութիւն չի բերեր։ Եւ շատեր մինչեւ որ Եհովայի վկաներու հանդիպին, չեն գիտեր թէ մեղքը ի՛նչ է, ինչպէ՛ս մեզի կ’ազդէ եւ ի՛նչ պէտք է ընենք որպէսզի այլեւս ատոր գերի չըլլանք։ Անկեղծ անհատներուն միտքը կը հանգչի, երբ գիտնան թէ Եհովան իր Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքէն եւ մահէն։ Ան ասիկա ըրաւ իր շնորհքին շնորհիւ եւ քանի որ մարդկութիւնը շատ կը սիրէ (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։
7 Խօսելով Եհովայի սիրելի Որդիին մասին, Պօղոս գրեց. «[Յիսուսով] փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր [Եհովայի] շնորհքին ճոխութեան չափովը» (Եփ. 1։7)։ Եհովան ամէնէն շատ փաստեց թէ մեզ կը սիրէ եւ որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, երբ Յիսուսը զոհեց մեզի համար։ Որքա՜ն կը հանգչինք գիտնալով որ եթէ Յիսուսի զոհին հաւատանք, մեր մեղքերը պիտի ներուին եւ մաքուր խիղճ պիտի ունենանք (Եբ. 9։14)։ Ասիկա իրապէս բարի լուր մըն է. պէտք է մարդոց խօսինք ատոր մասին։
ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆԷ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԴԱՌՆԱՆ
8. Մեղաւոր մարդիկը ինչո՞ւ պէտք ունին Աստուծոյ հետ հաշտուելու։
8 Այնքան ատեն որ մարդիկ Յիսուսի փրկանքին չեն հաւատար, Աստուծոյ թշնամիներ կը մնան։ Ուրեմն, պատասխանատուութիւն ունինք որ անոնց ըսենք, թէ կրնա՛ն Աստուծոյ բարեկամը դառնալ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (Յովհ. 3։36)։ Ուրախ ենք որ Յիսուսի զոհին միջոցաւ կրնանք Աստուծոյ հետ հաշտուիլ։ Պօղոս այս մէկը բացատրեց. «[Դուք] որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը, հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ» (Կող. 1։21, 22)։
9, 10. ա) Քրիստոս իր օծեալ եղբայրներուն ի՞նչ պատասխանատուութիւն տուաւ։ բ) «Ուրիշ ոչխարներ»ը ինչպէ՞ս կ’օգնեն օծեալներուն։
9 Քրիստոս երկրի վրայ իր օծեալ եղբայրներուն տուած է «հաշտութեան պաշտօնը»։ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը. այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը։ Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ» (Բ. Կոր. 5։18-20)։
10 «Ուրիշ ոչխարներ»ուն համար առանձնաշնորհում է, որ օծեալներուն օգնեն այս ծառայութեան մէջ (Յովհ. 10։16)։ Անոնք Քրիստոսին պատուիրակները կամ պատգամաւորներն են եւ քարոզչութեան մեծ մասը իրենք կ’ընեն, ճշմարտութիւնը մարդոց սորվեցնելով եւ օգնելով որ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Ասիկա Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը քարոզելուն կարեւոր մէկ մասն է։
ՄԱՐԴՈՑ ԼՈՒՐ ՏՈՒՐ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ԿԸ ԼՍԷ
11, 12. Երբ մարդիկ գիտնան որ կրնա՛ն Եհովային աղօթել, ասիկա իրենց համար ինչո՞ւ բարի լուր մըն է։
11 Շատեր կ’աղօթեն քանի որ աղօթելով հանգիստ կը զգան, բայց չեն հաւատար որ Աստուած զիրենք կը լսէ։ Անոնք պէտք է գիտնան թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է։ Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։ Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։ Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես» (Սաղ. 65։2, 3)։
12 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ» (Յովհ. 14։14)։ «Բան մը» կը նշանակէ՝ որեւէ բան որ Եհովայի կամքին համաձայն է։ Յովհաննէս գրեց. «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։ Ի՜նչ լաւ է որ ուրիշներուն սորվեցնենք, թէ աղօթքը հոգեկան հանգստութենէն աւելին է. ատիկա հոյակապ կերպ մըն է որ Եհովայի «շնորհաց աթոռ»ին մօտենանք (Եբ. 4։16)։ Երբ մարդոց կը սորվեցնենք աղօթել՝ ճի՛շդ կերպով, ճի՛շդ Անձին եւ ճի՛շդ բաներու մասին, անոնց կ’օգնենք որ Աստուծոյ մօտենան եւ նեղութեան ատեն մխիթարուին (Սաղ. 4։1. 145։18)։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀՔԸ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ
13, 14. ա) Օծեալները ապագային ի՞նչ հոյակապ առանձնաշնորհումներ պիտի ունենան։ բ) Օծեալները ի՞նչ հոյակապ բաներ պիտի ընեն մարդոց համար։
13 Եհովան «գալու դարերուն մէջ», այսինքն՝ նոր աշխարհին մէջ, իր շնորհքը ա՛լ աւելի պիտի ցուցնէ։ Ինչպէ՞ս։ Աստուած հոյակապ առանձնաշնորհում մը պիտի տայ 144,000–ին, որոնք Քրիստոսին հետ պիտի թագաւորեն երկնքին մէջ։ Պօղոս բացատրեց այդ առանձնաշնորհումը, ըսելով. «Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, (դուք շնորհքով փրկուած էք,) անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով, որպէս զի գալու դարերուն մէջ ցուցնէ իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսով մեզի ցուցուցած քաղցրութիւնովը» (Եփ. 2։4-7)։
14 Չենք կրնար երեւակայել թէ Եհովան ի՜նչ հոյակապ բաներ պատրաստած է օծեալներուն համար, երբ երկնքի մէջ Քրիստոսին հետ իշխեն (Ղուկ. 22։28-30. Փլպ. 3։20, 21. Ա. Յովհ. 3։2)։ Եհովան մասնաւորաբար օծեալներուն պիտի ցուցնէ «իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը»։ Անոնք պիտի ըլլան «նոր Երուսաղէմը»՝ Քրիստոսին հարսը (Յայտ. 3։12. 17։14. 21։2, 9, 10)։ Անոնք Յիսուսին հետ «հեթանոսներուն բժշկութիւն» պիտի ընեն։ Անոնք մարդոց պիտի օգնեն որ մեղքէն եւ մահէն ազատին ու կատարեալ դառնան (կարդա՛ Յայտնութիւն 22։1, 2, 17)։
15, 16. Ապագային Եհովան ինչպէ՞ս «ուրիշ ոչխարներ»ուն պիտի ցուցնէ իր շնորհքը։
15 Եփեսացիս 2։7–ն կ’ըսէ որ Աստուած «գալու դարերուն մէջ» պիտի ցուցնէ իր շնորհքը։ Նոր աշխարհին մէջ, վստահաբար ամէն մարդ պիտի տեսնէ «իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը» (Ղուկ. 18։29, 30)։ Եհովան մարդիկը «գերեզման»էն պիտի յարուցանէ։ Ասիկա շատ մեծ կերպով պիտի ցուցնէ իր շնորհքը (Յոբ 14։13-15. Յովհ. 5։28, 29)։ Որո՞նք յարութիւն պիտի առնեն։ Այն հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները, որոնք Քրիստոսի մահուընէ առաջ մեռան, ինչպէս նաեւ՝ «ուրիշ ոչխարներ»ուն պատկանող այն անհատները, որոնք վերջին օրերուն ընթացքին հաւատարիմ կը մեռնին։ Ասոնք յարութիւն առնելով պիտի շարունակեն Եհովային ծառայել։
16 Նաեւ յարութիւն պիտի առնեն միլիոնաւոր անհատներ, որոնք մեռան առաջ որ Աստուած ճանչնան։ Անոնք առիթ պիտի ունենան որ Աստուծոյ մասին սորվին եւ իր իշխանութիւնը ընդունին։ Յովհաննէս գրեց. «Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։ Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ» (Յայտ. 20։12, 13)։ Անշուշտ, ան որ յարութիւն պիտի առնէ, պէտք է սորվի եւ կիրարկէ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները, ինչպէս նաեւ՝ նոր «գրքեր»ուն մէջի ցուցմունքները, որոնք պիտի յայտնեն թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ ապրինք նոր աշխարհին մէջ։ Եհովան այս ցուցմունքներով անգամ մը եւս պիտի ցուցնէ իր շնորհքը։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՏԱՐԱԾԵԼ
17. Երբ կը քարոզենք, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։
17 Որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք, քանի որ վերջը մօտ է (Մար. 13։10)։ Երբ կը քարոզենք, մեր միտքը պէտք է պահենք որ բարի լուրը աչքառու կը դարձնէ Եհովայի շնորհքը, ինչպէս նաեւ պէտք է մեր նպատակը ըլլայ Եհովան պատուել։ Ասոր համար, կարեւոր է որ մարդոց ըսենք թէ այն բոլոր օրհնութիւնները որ նոր աշխարհին մէջ պիտի վայելենք, Եհովայի շնորհքին շնորհիւ են։
Նախանձախնդրօրէն քարոզէ ‘Աստուծոյ շնորհքին’ մասին (Ա. Պետ. 4։10) (տե՛ս պարբերութիւն 17-19)
18, 19. Ինչպէ՞ս կը պատուենք Եհովայի շնորհքը։
18 Երբ մարդոց կը քարոզենք, կրնանք անոնց բացատրել որ երբ Քրիստոսին Թագաւորութիւնը իշխէ, մարդիկ փրկանքին բոլոր օգուտները պիտի ստանան եւ աստիճանաբար կատարեալ դառնան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։21)։ Ասիկա պիտի ըլլայ միա՛յն Եհովայի շնորհքին շնորհիւ։
19 Առանձնաշնորհումը ունինք որ բոլոր մարդոց լուր տանք Յայտնութիւն 21։4, 5–ի մէջ գտնուող հոյակապ խոստումին մասին. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Եւ Եհովան, որ գահին վրայ նստած է, կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Երբ այս բարի լուրը նախանձախնդրօրէն կը քարոզենք մարդոց, իրապէ՛ս կը պատուենք Եհովայի շնորհքը։