Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Դեկտեմբեր էջ 8-12
  • Շնորհքով ազատուած էք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շնորհքով ազատուած էք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՆԵՐԵԼ
  • ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
  • ՄԵՂՔԻՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՅԱՂԹԵԼ
  • Երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ շնորհքը կը ստանանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը տարածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • «Քաղցրութեան օրէնք»ով առաջնորդուէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Դեկտեմբեր էջ 8-12
Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ կը քարոզէ

Շնորհքով ազատուած էք

«Մեղքը ձեր վրայ պիտի չիշխէ. վասն զի. . . շնորհքի տակ [էք]» (ՀՌՈՎ. 6։14)։

ԵՐԳԵՐ. 2, 61

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Փրկանքը ինչո՞ւ Աստուծոյ կողմէ շնորհք մըն է։

  • Մենք ինչպէ՞ս ‘մեռած ենք մեղքին հանդէպ’։

  • Երբ Աստուծոյ շնորհքը կ’արժեւորենք, ինչո՞ւ կը մղուինք ամէն տեսակ մեղքերէ հեռու մնալու։

1, 2. Հռովմայեցիս 5։12–ը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի։

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5։12–ը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ Ասիկա այն համարներէն է որ մենք շատ լաւ գիտենք եւ շատ կը գործածենք, երբ մարդոց կը սորվեցնենք Սուրբ Գիրքին մասին։

2 Այդ համարը շատ անգամներ գործածուած է Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին մէջ։ Երբ այս գրքին 3–րդ, 5–րդ եւ 6–րդ գլուխները կը սերտես պզտիկներուդ կամ ուրիշներու հետ, շատ հաւանաբար կարդաս Հռովմայեցիս 5։12–ը, որպէսզի անոնց օգնես որ հասկնան թէ երկիրը ինչո՛ւ դրախտ չէ հիմա, ինչո՛ւ պէտք ունինք փրկանքին եւ ինչո՛ւ կը մեռնինք։ Բայց այս համարը նաեւ կ’օգնէ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ աւելի արժեւորես, աւելի ջանաս զինք ուրախացնել եւ իր խոստացած բաներուն յոյսով ապրիս։

3. Պէտք է յիշենք որ ի՞նչ վիճակի մէջ ենք։

3 Ցաւօք սրտի, բոլորս մեղաւոր ենք եւ ամէն օր սխալներ կ’ընենք։ Բայց Եհովան ողորմած է ու գիտէ թէ անկատար ենք եւ կ’ուզէ մեզի ներել (Սաղ. 103։13, 14)։ Յիսուս մեզի ըսաւ որ Աստուծմէ խնդրենք որ մեր մեղքերը ներէ (Ղուկ. 11։2-4)։ Երբ Եհովան մեր գործած մեղքերը կը ներէ, պէտք չունինք շարունակ ատոնց մասին մտածելու։ Բայց կ’օգտուինք երբ նկատի առնենք թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ ներել մեզի։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՆԵՐԵԼ

4, 5. ա) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ Հռովմայեցիս 5։12–ը հասկնանք։ բ) «Շնորհք» ի՞նչ կը նշանակէ։

4 Հռովմայեցիս գիրքը, մանաւանդ 6–րդ գլուխը, մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրնայ մեր մեղքերը ներել։ 3–րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք թէ «ամէնքը մեղք գործեցին»։ Ետքը, Պօղոս կը բացատրէ. «Անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան» (Հռով. 3։23, 24)։ «Շնորհք» թարգմանուած յունարէն բառը կու տայ այն գաղափարը, որ մէկը ուզելով լաւութիւն մը կ’ընէ, առանց փոխարէնը բան մը ակնկալելու կամ առանց որ ստացողը իրաւունք կամ արժանիք ունենայ։

5 Ուսումնական Ճոն Փարքհըրսդ բացատրեց թէ երբ Սուրբ Գիրքը կը խօսի Աստուծոյ կամ Քրիստոսին շնորհքին մասին, ատիկա յաճախ կ’ակնարկէ այն բանին որ անոնք ըրած են, որպէսզի մարդկութիւնը ազատեն մեղքէն ու մահէն։ Լաւ, տեսնենք թէ Աստուած ի՛նչ ըրած է մեզի համար եւ թէ իր շնորհքը հիմա ի՛նչ օգուտ ունի մեզի եւ ի՛նչ յոյս կու տայ ապագային նկատմամբ։

6. Մարդիկ ո՞ր աստիճան կրնան օգտուիլ Աստուծոյ շնորհքէն։

6 Քանի որ Ադամ մեղք գործեց, մեղքն ու մահը ազդած են բոլոր անկատար մարդոց։ Ասոր համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց»։ Բայց Աստուած իր ‘շնորհքի առատութիւնով’ կարգադրեց միջոց մը որ ամբողջ մարդկութիւնը փրկէ, այսինքն՝ «Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն» ձեռքով (Հռով. 5։12, 15, 17)։ «Մէկուն [Յիսուսին] հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան»։ Անոնք նաեւ կրնան ձեռք ձգել «յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին» միջոցաւ (Հռով. 5։19, 21)։

7. Փրկանքի պարգեւը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ թէ Աստուած ազնիւ է եւ թէ մենք ատոր արժանի չենք։

7 Պահ մը մտածէ. Եհովան ստիպուած չէր իր Որդին որպէս փրկանք տալ։ Բայց Ան շատ ազնիւ գտնուելով մեզի ապահովեց միջոց մը որ մեղքէն ու մահէն ազատինք։ Ասկէ զատ, անկատար եւ մեղաւոր ըլլալով՝ մեզմէ ո՛չ մէկը արժանի է Աստուծոյ եւ Յիսուսին ըրածին։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք անոնցմէ որ մեզի առիթը տուած են որ ներուինք ու յաւիտեան ապրինք։ Ասոր համար, թող որ մեր ապրած կերպով ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք։

ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

8. Ոմանք ի՞նչ սխալ կարծիք կրնան ունենալ իրենց մեղքերուն նկատմամբ։

8 Անկատար ըլլալով, սխալներ կ’ընենք եւ մեղք կը գործենք։ Բայց շատ կը սխալինք երբ Աստուծոյ շնորհքը չարաչար գործածելով ըսենք. ‘Նոյնիսկ եթէ սխալ մը ընեմ եւ Աստուծոյ աչքին մեղք գործեմ, պէտք չունիմ հոգ ընելու. ան պիտի ներէ ինծի’։ Առաջին դարուն, կարգ մը քրիստոնեաներ այսպէս կը մտածէին, նոյնիսկ երբ առաքեալներէն ոմանք ողջ էին (կարդա՛ Յուդա 4)։ Թերեւս այսպիսի բան մը բնա՛ւ չըսենք, բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք որ ուրիշներէ ազդուելով կամաց–կամաց չսկսինք այսպէս մտածել։

9, 10. Պօղոս եւ ուրիշներ ինչպէ՞ս մեղքէն եւ մահէն ազատեցան։

9 Պօղոս շեշտեց որ պէտք չէ մտածենք՝ ‘Աստուած կը հասկնայ։ Ան աչք պիտի գոցէ ըրած սխալներուս’։ Ինչո՞ւ։ Պօղոս գրեց որ քրիստոնեաները ‘մեռած են մեղքին հանդէպ’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 6։1, 2)։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըսուիլ որ անոնք ‘մեղքին մեռած էին’, երբ տակաւին ողջ էին։

10 Աստուած փրկանքին միջոցաւ ներեց Պօղոսի եւ ուրիշներու մեղքերը առաջին դարուն։ Ան սուրբ հոգիով օծեց զիրենք որպէսզի իր որդիները ըլլան։ Եթէ հաւատարիմ մնային, երկնքին մէջ պիտի ապրէին եւ Քրիստոսին հետ թագաւորէին։ Բայց անոնք ինչպէ՞ս ‘մեղքին մեռած էին’, երբ տակաւին ողջ էին։ Պօղոս գործածեց Յիսուսի օրինակը, որպէսզի ցուցնէ թէ իրենց ապրելակերպը լման փոխուած էր։ Ան ըսաւ որ Յիսուս իր մահէն ետք յարութիւն առաւ որպէս անմահ հոգի։ Այս պատճառով, «ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն չուն[էր]»։ Նմանապէս, կարծես թէ քրիստոնեաներն ալ մեռած էին։ Անոնց կեանքը լման փոխուած էր, քանի որ այլեւս չէին ձգեր որ իրենց մեղաւոր ցանկութիւնները իրենց վրայ իշխեն։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընէին որ Աստուծոյ ուզած կերպով ապրին։ Անոնք ‘կը սեպէին իրենց անձերը մեղքի մեռած, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով’ (Հռով. 6։9, 11)։

11. Մենք որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունինք, ինչպէ՞ս «մեղքին մեռանք»։

11 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Մե՛նք ինչպէ՞ս «մեղքին մեռանք»։ Թերեւս անցեալին շատ սխալներ ըրած ենք, առանց գիտնալու որ մեր ըրածները որքա՜ն գէշ են Աստուծոյ աչքին։ Մենք «պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ» էինք, այսինքն՝ «մեղքի ծառաներ» կամ ստրուկներ (Հռով. 6։19, 20)։ Բայց երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ճանչցանք, մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրինք, Աստուծոյ նուիրուեցանք եւ մկրտուեցանք։ Ատկէ ի վեր, փափաքած ենք Եհովային ‘սրտանց հնազանդիլ’ եւ իր ուզած կերպով ապրիլ։ Մենք ‘մեղքէ ազատուեցանք’ եւ ‘արդարութեան ծառայ եղանք’ (Հռով. 6։17, 18)։

12. Ամէն մէկս ի՞նչ ընտրութիւն ունի։

12 Բայց տակաւին ընտրութիւն մը ունինք մեր առջեւ։ Պօղոս ըսաւ. «Ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք» (Հռով. 6։12)։ Կա՛մ մեր մեղաւոր մտածումներուն եւ ցանկութիւններուն տեղի կու տանք, կամ ալ զանոնք կը զսպենք։ Մեր սրտին մէջ իրապէս ի՞նչ կ’ուզենք։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կը ձգե՞մ որ անպատշաճ ցանկութիւններս այնքան զօրանան որ սխալը ընեմ, թէ ոչ անմիջապէս կը մերժեմ զանոնք’։ Եթէ Աստուծոյ շնորհքը շատ կ’արժեւորենք, մեր լաւագոյնը պիտի ընենք որ զինք ուրախացնենք։

ՄԵՂՔԻՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՅԱՂԹԵԼ

13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ կրնանք ճիշդը ընել։

13 Առաջին դարուն, Կորնթոսի մէջ ոմանք գող էին, միասեռական էին, կռապաշտ էին կամ կը գինովնային։ Բայց երբ անոնք Եհովան ճանչցան ու սիրեցին, փոխուեցան եւ իրենց ըրածներուն վրայ ամչցան (Հռով. 6։21. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Հռոմի քրիստոնեաներն ալ նոյնանման փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին։ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ» (Հռով. 6։13)։ Պօղոս վստահ էր որ անոնք կրնային հոգեւորապէս մաքուր մնալ եւ շարունակել օգուտ քաղել Աստուծոյ շնորհքէն։

14, 15. Ի՞նչ պէտք է հարցնենք մենք մեզի։

14 Այսօր ալ նոյնն է պարագան։ Թերեւս կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր կորնթացիներուն պէս ապրած են ժամանակին, բայց անոնք փոխուեցան։ Անոնք իրենց մեղաւոր անցեալը ձգեցին ու ‘լուացուեցան’։ Բոլորս մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրած ենք որպէսզի Եհովան ուրախացնենք։ Նոյնիսկ հիմա կ’ուզենք ցուցնել թէ երախտապարտ ենք Եհովայի շնորհքին համար։ Այս պատճառով, որոշած ենք մեր սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել եւ մեր կեանքը գործածել Եհովայի ծառայութեան մէջ։

15 Անշուշտ, պէտք չէ սովորութիւն դարձնենք այն լուրջ մեղքերը գործելը, որ կարգ մը կորնթացիներ գործած էին։ Չենք կրնար շարունակել այսպիսի բաներ ընել եւ միեւնոյն ատեն ակնկալել որ Աստուած իր շնորհքը մեզի ցոյց տայ եւ մեզի ներէ։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն մեղքերուն մասին, որ ոմանց քով այդքան ալ լուրջ չեն։ Որոշա՞ծ ենք Եհովային հնազանդիլ ամէն բանի մէջ (Հռով. 6։14, 17)։

16. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ չի բաւեր որ քրիստոնեան լուրջ մեղքեր գործելու սովորութիւնը ձգէ։

16 Մտածէ Պօղոս առաքեալին մասին։ Ան գրեց. «Ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։ Քանզի ինչ որ կ’ընեմ՝ չեմ ճանչնար։ Չէ թէ ինչ որ կ’ուզեմ զայն կ’ընեմ, հապա ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ» (Հռով. 7։14, 15)։ Թէեւ Պօղոս չէր ըներ այն բաները որ Ա. Կորնթացիս 6։9-11–ին մէջ նշուած են, բայց ան խոստովանեցաւ թէ տակաւին մեղք կը գործէր։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ կային ուրիշ բաներ որ Պօղոս մեղք կը սեպէր, եւ թէ ան այդ սխալներուն դէմ ալ կը պայքարէր (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-23)։ Թող որ իրեն նմանինք ու ջանանք ‘սրտանց հնազանդիլ’ Եհովային։

17. Ինչո՞ւ կ’ուզես պարկեշտ ըլլալ։

17 Օրինակ՝ մենք գիտենք թէ պէտք է պարկեշտ ըլլանք որպէսզի կարենանք Եհովային ծառայել (կարդա՛ Առակաց 14։5. Եփեսացիս 4։25)։ Չենք ուզեր Սատանային պէս ըլլալ, որ ‘ստութեան հայրն է’։ Եւ կը յիշենք որ Անանիան եւ իր կինը մեռան քանի որ սուտ խօսեցան։ Ասոր համար, սուտ չենք խօսիր (Յովհ. 8։44. Գործք 5։1-11)։ Բայց պարկեշտ ըլլալը չի նշանակեր միայն սուտ չխօսիլ։ Եթէ իրապէս երախտապարտ ենք Եհովային շնորհքին համար, ուրիշ բաներու մէջ ալ պարկեշտ պիտի ըլլանք։

18, 19. Ի՞նչ կը նշանակէ պարկեշտ ըլլալ։

18 Մէկը կրնայ անպարկեշտ ըլլալ առանց սուտ խօսելու։ Օրինակ՝ Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Գողութիւն մի՛ ընէք. . . իրար մի՛ խաբէք»։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ» (Ղեւ. 19։2, 11)։ Եթէ ուրիշը խաբենք՝ անպարկեշտ կ’ըլլանք, նոյնիսկ երբ սուտ չխօսինք։

Եղբայր մը իր գործատիրոջ հետ կը խօսի, մինչ իր գործակիցները մտիկ կ’ընեն

Մտքերնիս դրա՞ծ ենք որ ո՛չ սուտ խօսինք ոչ ալ խաբենք (տե՛ս պարբերութիւն 19)

19 Օրինակ՝ մէկը իր գործատիրոջ կամ գործընկերներուն կ’ըսէ որ պէտք է գործը կանուխ ձգէ կամ յաջորդ օրը չի կրնար գործի գալ, քանի որ բժշկական ժամադրութիւն ունի։ Բայց ասիկա բուն պատճառը չէ։ Ան կ’ուզէ կանուխէն սկսիլ իր արձակուրդը կամ ալ իր ընտանիքը ծով տանիլ։ Իրականութեան մէջ, իր ըսած բժշկական ժամադրութիւնը պարզապէս դեղարան երթալ է կամ ալ բժիշկին երթալ որպէսզի դրամ վճարէ։ Ասիկա պարկեշտութի՞ւն է, թէ՞՝ խաբեբայութիւն։ Այս մարդը ձգեց որ միւսները կարծեն բան մը որ ճիշդ չէ։ Ատեններ, մարդիկ ուրիշը կը խաբեն որպէսզի շահ ընեն կամ պատիժէն փախչին։ Բայց մենք Եհովային կը հնազանդինք, որ ըսաւ. «Իրար մի՛ խաբէք»։ Կ’ուզենք ընել ինչ որ իր աչքին ճիշդ եւ սուրբ է (Հռով. 6։19)։

20, 21. Եթէ կը գնահատենք Աստուծոյ շնորհքը, ուրիշ ի՞նչ պէտք է մերժենք։

20 Անշուշտ, մենք հեռու կը մնանք շնութենէն, գինովութենէն եւ ուրիշ լուրջ մեղքերէ։ Բայց ասկէ աւելին, մենք կ’ուզենք հեռու մնալ որեւէ բանէ որ Աստուած կը նեղացնէ։ Օրինակ՝ մենք ոչ միայն սեռային անբարոյութիւն չենք գործեր, այլեւ՝ կը մերժենք անբարոյ ժամանցները։ Մենք ոչ միայն չենք գինովնար, այլեւ՝ չենք խմեր այն աստիճան որ գինովնալու սահմանին կը մօտենանք։ Թերեւս պէտք ունենանք որ շատ ջանք թափենք որ այսպիսի փորձութիւններու դէմ դնենք, բայց կրնա՛նք յաջողիլ։

21 Մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ որ մերժենք թէ՛ մեծ մեղքերը թէ ալ աւելի թեթեւ մեղքերը։ Անշուշտ, ասիկա կատարեալ կերպով չենք կրնար ընել, բայց ամէն ջանքերնիս պէտք է թափենք ասոր մէջ, ինչպէս որ Պօղոս ըրաւ։ Ան եղբայրները քաջալերեց. «Ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք» (Հռով. 6։12. 7։18-20)։ Երբ ամէն տեսակ մեղքի դէմ կը պայքարինք, կը ցուցնենք որ իսկապէս կը գնահատենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Քրիստոսին միջոցաւ յայտնեց։

22. Ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ մեզի, եթէ իրապէս կը գնահատենք Աստուծոյ շնորհքը։

22 Եհովան իր շնորհքին միջոցաւ մեր մեղքերը ներած է եւ կրնայ շարունակել ներել։ Որքա՜ն կը գնահատենք իր շնորհքը։ Ասոր համար, թող որ ջանք թափենք որ տեղի չտանք այն մեղքերուն որ ուրիշները թեթեւի կ’առնեն։ Մեզի ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ։ Պօղոս ըսաւ. «Հիմա մեղքէ ազատուած եւ Աստուծոյ ծառաներ եղած՝ ձեր պտուղը ունիք սրբութիւնով ու վերջը յաւիտենական կեանք» (Հռով. 6։22)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել