Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աս գլ. 5 էջ 47-56
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
  • Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ Է ՓՐԿԱՆՔԸ
  • ԵՀՈՎԱ ՓՐԿԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀԱՅԹԱՅԹԵՑ
  • ՓՐԿԱՆՔԸ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԴ ՑՈՅՑ ՏԱԼ
  • Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Շարունակէ փրկանքը գնահատել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
աս գլ. 5 էջ 47-56

ԳԼՈՒԽ 5

Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը

  • Ի՞նչ է փրկանքը

  • Անիկա ինչպէ՞ս հայթայթուեցաւ

  • Անիկա քեզի համար ի՞նչ կրնայ նշանակել

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ կը գնահատես զայն

1, 2. ա) Նուէր մը ե՞րբ քեզի համար իսկական արժէք կ’ունենայ։ բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ փրկանքը ամէնէն թանկարժէք նուէրն է որ կրնաս ստանալ։

Ի՞ՆՉ է լաւագոյն նուէրը որ ստացած ես։ Նուէր մը կարեւոր ըլլալու համար, պայման չէ որ սուղ ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, նուէրի մը իսկական արժէքը անպայման դրամով չի չափուիր։ Ընդհակառակը, երբ նուէր մը քեզ ուրախացնէ կամ կեանքիդ մէջ իսկական կարիք մը լեցնէ, անիկա է մեծարժէք նուէրը քեզի համար։

2 Այն շատ մը նուէրներէն, որ կը յուսաս ստանալ, կայ հատ մը որ միւս բոլորը կը գերազանցէ։ Անիկա Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած նուէր մըն է։ Ան մեզի շատ բաներ պարգեւած է, բայց մեծագոյն նուէրը որ մեզի տուած է՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհն է,– փրկանքը (կարդա՛ Մատթէոս 20։28)։ Ինչպէս այս գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, փրկանքը ամէնէն թանկարժէք նուէրն է որ կրնաս ստանալ, քանի որ կրնայ անսահման երջանկութիւն պատճառել եւ ամենակարեւոր կարիքներդ լեցնել։ Փրկանքը արդարեւ քեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնն է։

Ի՞ՆՉ Է ՓՐԿԱՆՔԸ

3. Ի՞նչ է փրկանքը, եւ այս թանկարժէք նուէրը գնահատելու համար, նախ ի՞նչ պէտք է հասկնանք։

3 Պարզ խօսքով, փրկանքը՝ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատագրելու կամ փրկելու Եհովայի միջոցն է (Եփեսացիս 1։7)։ Աստուածաշունչի այս ուսուցումին իմաստը ըմբռնելու համար, պէտք է մտաբերենք Եդեմի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած դէպքը։ Եթէ հասկնանք թէ Ադամ մեղանչելով ի՛նչ կորսնցուց, միայն այն ատեն կրնանք գնահատել թէ փրկանքը ինչո՛ւ այսքան թանկարժէք նուէր մըն է մեզի համար։

4. Ադամի համար ի՞նչ կը նշանակէր՝ կատարեալ մարդկային կեանք։

4 Երբ Աստուած Ադամը ստեղծեց, իրապէս թանկարժէք բան մը տուաւ անոր,– կատարեալ մարդկային կեանք։ Նկատի առ թէ ասիկա Ադամի համար ի՛նչ նշանակեց։ Կատարեալ մարմնով ու մտքով ստեղծուած ըլլալով, ան բնա՛ւ պիտի չհիւանդանար, ոչ ալ պիտի ծերանար կամ մահանար։ Որպէս կատարեալ մարդ, ան Եհովայի հետ մասնայատուկ փոխյարաբերութիւն մը ունէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Ադամ «Աստուծոյ որդին» էր (Ղուկաս 3։38, ԱԾ)։ Ուստի Ադամ Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը վայելեց, որ նման է՝ սիրալիր հօր մը եւ իր որդիին միջեւ եղած փոխյարաբերութեան։ Եհովա իր երկրային որդւոյն՝ Ադամի հետ հաղորդակցեցաւ, իրեն տալով գոհացուցիչ պարտականութիւններ եւ իմացնելով թէ իրմէ ի՛նչ կ’ակնկալուէր (Ծննդոց 1։28-30. 2։16, 17)։

5. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ Ադամ «Աստուծոյ պատկերով» ստեղծուած էր։

5 Ադամ «Աստուծոյ պատկերով» ստեղծուած էր (Ծննդոց 1։27)։ Ասիկա չէր նշանակեր թէ ան դրսերեւոյթով Աստուծոյ կը նմանէր։ Ինչպէս այս գրքին առաջին գլուխին մէջ սորվեցանք, Եհովա անտեսանելի Հոգի է (Յովհաննէս 4։24)։ Ուստի Եհովա մեզի պէս մարդկային մարմին չունի։ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալը նշանակեց, թէ Ադամ Աստուծոյ յատկութիւններով ստեղծուած էր, ներառեալ՝ սէր, իմաստութիւն, արդարութիւն ու զօրութիւն։ Ադամ իր Հօր նման էր այլ կարեւոր առումով մըն ալ. ազատ կամք ունենալը։ Ուստի Ադամ նման չէր մարդամեքենայի մը, որ կրնայ ընել միա՛յն այն ինչ որ ծրագրուած կամ յայտագրուած է ընելու։ Ընդհակառակը, ան կրնար անձնական որոշումներ կայացնել՝ ճիշդի ու սխալի միջեւ ընտրելով։ Եթէ Ադամ ընտրէր Աստուծոյ հնազանդիլ, ան դրախտային երկրին վրայ յաւիտեան պիտի ապրէր։

6. Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալով Ադամ ի՞նչ կորսնցուց, եւ իր սերունդը ինչպէ՞ս ազդուեցաւ։

6 Յստակ է ուրեմն, որ երբ Ադամ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, ան շատ սուղ գին մը վճարեց։ Ան իր գործած մեղքին համար կորսնցուց կատարեալ մարդկային կեանքը, իր բոլոր օրհնութիւններով միասին (Ծննդոց 3։17-19)։ Ցաւօք սրտի, Ադամ ա՛յս թանկարժէք կեանքը կորսնցուց ոչ միայն իրեն համար, այլ նաեւ՝ իր ապագայ սերունդին համար։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Մարդէ մը [Ադամէ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Այո, բոլորս ալ Ադամէն մեղք ժառանգած ենք։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Ադամ իր անձը եւ իր սերունդը ‘ծախեց’՝ մեղքի ու մահուան գերի ըլլալու (Հռովմայեցիս 7։14)։ Ադամի ու Եւայի համար այլեւս յաւիտենական կեանքի յոյս չկար, քանի որ կամովին ընտրեցին Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալ։ Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել իրենց սերունդին մասին։

7, 8. Հիմնականօրէն փրկանք մը ի՞նչ երկու բան կը պարփակէ։

7 Եհովա փութաց մարդկութիւնը ազատելու՝ փրկանքին միջոցաւ։ Ի՞նչ կը նշանակէ փրկանք։ Փրկանքի գաղափարը հիմնականօրէն երկու բան կը պարփակէ։ Առաջին, փրկանքը այն գինն է, որ կը վճարուի բան մը ազատագրելու կամ բան մը վերստին գնելու համար։ Անիկա կարելի է համեմատել՝ առեւանգուած անհատ մը ազատելու համար վճարուած գինին հետ։ Երկրորդ, փրկանքը այն գինն է՝ որ կը ծածկէ կամ կը վճարէ բանի մը ծախսը։ Անիկա նման է որպէս վնասի մը հատուցման համար վճարուած գումարին։ Օրինակ՝ եթէ անհատ մը արկած մը պատճառէ, ան պէտք է վճարէ գումար մը, որ լիովին կը համապատասխանէ կամ հաւասար է վնասուած բանին արժէքին։

8 Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար հատուցանել այդ մեծ վնասը, որ Ադամ մեր բոլորին պատճառեց, եւ մեզ ազատագրել մեղքի ու մահուան գերութենէն։ Այժմ նկատի առնենք Եհովայի հայթայթած փրկանքը եւ թէ ասիկա քեզի համար ի՛նչ կրնայ նշանակել։

ԵՀՈՎԱ ՓՐԿԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀԱՅԹԱՅԹԵՑ

9. Պահանջուածը ի՞նչ տեսակ փրկանք մըն էր։

9 Քանի որ կորսուածը կատարեալ մարդկային կեանք մըն էր, ո՛չ մէկ անկատար մարդկային կեանք կրնար զայն երբեւիցէ վերստին գնել (Սաղմոս 49։7, 8)։ Պահանջուածը կորսուածին համարժէք փրկանք մըն էր։ Ասիկա ներդաշնակ է Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող արդարութեան կատարեալ սկզբունքին հետ, որ կ’ըսէ. «Անձի տեղ՝ անձ» (Բ. Օրինաց 19։21)։ Ուստի ի՞նչ բան կրնար հատուցանել Ադամի կորսնցուցած կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը։ Պահանջուած էր ուրի՛շ կատարեալ մարդկային կեանք՝ որպէս «համապատասխան փրկանք» (Ա. Տիմոթէոս 2։6, ՆԱ)։

10. Եհովա ինչպէ՞ս հայթայթեց փրկանքը։

10 Եհովա ինչպէ՞ս հայթայթեց փրկանքը։ Ան իր կատարեալ հոգեղէն որդիներէն մէկը երկիր ղրկեց։ Բայց Եհովա պարզապէս ոեւէ հոգեղէն արարած չղրկեց։ Ան իրեն համար ամէնէն արժէքաւորը՝ իր միածին Որդին ղրկեց (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։ Այս Որդին սիրայօժար ձգեց իր երկնային բնակարանը (Փիլիպպեցիս 2։7)։ Ինչպէս այս գրքին նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, Եհովա հրաշք մը կատարելով՝ Իր այս Որդւոյն կեանքը Մարիամի արգանդը փոխադրեց։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին միջոցաւ, Յիսուս ծնաւ որպէս կատարեալ մարդ, որ մեղքի դատապարտութեան ներքեւ չէր (Ղուկաս 1։35)։

Յիսուսի մահը տանջանքի ցիցին վրայ

Եհովա իր միածին Որդին մեզի համար որպէս փրկանք տուաւ

11. Ինչպէ՞ս կրնար մէ՛կ մարդ իբրեւ փրկանք ծառայել միլիոնաւորներու համար։

11 Ինչպէ՞ս կրնար մէ՛կ մարդ իբրեւ փրկանք ծառայել շատերու, իրականութեան մէջ, միլիոնաւորներու համար։ Նախ եւ առաջ, միլիոնաւոր մարդիկ ինչպէ՞ս մեղաւորներ դարձան։ Մտաբերէ թէ Ադամ մեղանչելով կորսնցուց իր թանկարժէք կատարեալ մարդկային կեանքը։ Ուստի ան չէր կրնար զայն իր զաւակներուն փոխանցել։ Փոխարէն, ան միայն մեղքն ու մահը կրնար փոխանցել։ Յիսուս, որ «վերջին Ադամը» կը կոչուի, ունէր կատարեալ մարդկային կեանք եւ բնաւ մեղք չգործեց (Ա. Կորնթացիս 15։45)։ Առումով մը, Յիսուս Ադամի տեղը առաւ մե՛զ փրկելու համար։ Աստուծոյ հանդէպ ամբողջական հնազանդութեամբ՝ իր կատարեալ կեանքը զոհելով կամ տալով, Յիսուս Ադամի մեղքին գինը վճարեց։ Այսպէս Յիսուս Ադամի սերունդին յոյս պարգեւեց (Հռովմայեցիս 5։19. Ա. Կորնթացիս 15։21, 22)։

12. Յիսուս տառապանքին տոկալով ի՞նչ փաստեց։

12 Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ մահէն առաջ Յիսուսի կրած տառապանքը։ Ան խարազանուեցաւ, տանջանքի ցիցին գամուեցաւ եւ չարչարուելով մահացաւ (Յովհաննէս 19։1, 16-18, 30. Յաւելուած՝ «Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր»)։ Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր որ Յիսուս ա՛յսքան տառապէր։ Այս գրքին յետագայ մէկ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, որ Սատանան հարցականի տակ դրած է, թէ արդեօք Եհովա ունի՞ մարդկային ծառաներ, որոնք փորձութեան ներքեւ հաւատարիմ պիտի մնան։ Հակառակ կրած ծանր տառապանքին, Յիսուս հաւատարմօրէն տոկալով՝ Սատանայի մարտահրաւէրին լաւագոյն պատասխանը տուաւ։ Յիսուս փաստեց թէ ազատ կամք ունեցող կատարեալ մարդ մը կրնա՛ր Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ ուղղամտութիւն պահել, ի՛նչ որ ալ ընէր Բանսարկուն։ Եհովա մեծապէս ուրախ ըլլալու էր իր սիրելի Որդիին հաւատարմութեան համար (Առակաց 27։11)։

13. Փրկանքը ինչպէ՞ս վճարուեցաւ։

13 Փրկանքը ինչպէ՞ս վճարուեցաւ։ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին, Աստուած թոյլ տուաւ որ իր կատարեալ ու անմեղ Որդին մահապատիժի ենթարկուի։ Այսպիսով, Յիսուս իր կատարեալ մարդկային կեանքը «մէ՛կ անգամ ընդմիշտ» զոհեց (Եբրայեցիս 10։10, ԱԾ)։ Յիսուսի մահէն երեք օր ետք, Աստուած զինք հոգեղէն կեանքի յարուցանեց։ Յետագային՝ երկնքի մէջ, Յիսուս Աստուծոյ ներկայացուց իր զոհած կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը, որպէս փրկանք Ադամի սերունդին (Եբրայեցիս 9։24)։ Աստուած Յիսուսի զոհին արժէքը ընդունեց որպէս հարկ եղած փրկանքը՝ մարդկութիւնը ազատելու մեղքի ու մահուան գերութենէն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 3։23, 24)։

ՓՐԿԱՆՔԸ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ

14, 15. Մեր ‘մեղքերուն թողութիւն’ ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

14 Հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին, կրնանք փրկանքին շնորհիւ անգին օրհնութիւններ վայելել։ Այժմ նկատի առնենք Աստուծոյ այս մեծագոյն նուէրին ներկայ ու ապագայ օգուտներէն քանի մը հատը։

15 Մեղքերու թողութիւն։ Ժառանգուած անկատարութեան պատճառաւ, ճիշդը ընելու իսկական պայքար մը կը մղենք։ Բոլորս ալ խօսքով կամ գործով կը մեղանչենք։ Բայց Յիսուսի զոհին միջոցաւ, կրնանք մեր ‘մեղքերուն թողութիւն’ ստանալ (Կողոսացիս 1։13, 14)։ Սակայն այս ներումը ստանալու համար, պէտք է իրապէս զղջանք։ Նաեւ, փրկանքին հաւատք ընծայելով՝ պէտք է խոնարհաբար Եհովայէ ներում խնդրենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 1։8, 9)։

16. Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ որ մաքուր խղճմտանքով Եհովան պաշտենք, եւ այսպիսի խղճմտանքի մը արժէքը ի՞նչ է։

16 Աստուծոյ առջեւ մաքուր խղճմտանք մը։ Յանցաւոր խղճմտանքը կրնայ դիւրաւ յուսահատեցնել մեզ եւ անարժէք ըլլալու զգացումը տալ։ Սակայն փրկանքին կարելի դարձուցած ներումին շնորհիւ, Եհովա քաղցրօրէն կարող կը դարձնէ մեզ որ զինք մաքուր խղճմտանքով պաշտենք, հակառակ մեր անկատարութեան (Եբրայեցիս 9։13, 14)։ Ասիկա հնարաւորութիւն կու տայ, որ Եհովայի հետ համարձակօրէն խօսինք։ Հետեւաբար կրնանք աղօթքով համարձակօրէն իրեն մօտենալ (Եբրայեցիս 4։14-16)։ Մաքուր խղճմտանք մը պահելը՝ մտքի խաղաղութիւն կու տայ, արժանապատուութիւնը բարձր կը պահէ եւ երջանկութեան կը նպաստէ։

17. Որովհետեւ Յիսուս մեզի համար մեռաւ, ի՞նչ օրհնութիւններ կարելի դարձան։

17 Դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ «Մեղքին վարձքը մահ է», կ’ըսէ Հռովմայեցիս 6։23–ը։ Նոյն համարը կ’աւելցնէ. «Բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Այս գրքին 3–րդ գլուխին մէջ նկատի առինք մօտալուտ երկրային Դրախտին օրհնութիւնները (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այդ բոլոր ապագայ օրհնութիւնները, ներառեալ՝ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտենական կեանքը, կարելի դարձան՝ որովհետեւ Յիսուս մեզի համար մեռաւ։ Այս օրհնութիւնները ստանալու համար պէտք է ցոյց տանք, թէ փրկանքի նուէրը կը գնահատենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԴ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

18. Ինչո՞ւ փրկանքի հայթայթումին համար պէտք է Եհովայի երախտապարտ ըլլանք։

18 Ինչո՞ւ փրկանքին համար Եհովայի խորապէս երախտապարտ պէտք է ըլլանք։ Նուէր մը յատկապէս թանկարժէք կը համարուի, երբ զայն նուիրողը՝ ժամանակ, ջանք կամ նիւթական զոհած է։ Մեր սիրտը խորապէս կ’ազդուի, երբ նուէր մը կը դրսեւորէ նուիրատուին մեզի հանդէպ ունեցած անկեղծ սէրը։ Փրկանքը ամէնէն թանկարժէք նուէրն է, քանի որ Աստուած զայն հայթայթելու համար մեծագոյն զոհողութիւնը ըրաւ։ Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ»։ Փրկանքը Եհովայի մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն ամէնէն աչքառու ապացոյցն է։ Անիկա նաեւ Յիսուսի սիրոյն փաստն է, քանի որ իր կեանքը կամովին մեզի համար տուաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։13)։ Հետեւաբար, փրկանքի հայթայթումը պէտք է մեզ համոզէ, թէ Եհովա ու իր Որդին մեզ անհատապէ՛ս կը սիրեն (Գաղատացիս 2։20)։

Կին մը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ

Եհովայի մասին աւելին սորվիլը կերպերէն մէկն է, որով ցոյց կու տաս թէ փրկանքի իր հայթայթումը կը գնահատես

19, 20. Ի՞նչ կերպերով կրնաս ցոյց տալ թէ Աստուծոյ նուէրը՝ փրկանքը, կը գնահատես։

19 Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ Աստուծոյ նուէրը՝ փրկանքը, կը գնահատես։ Նախ եւ առաջ, Մեծագոյն Տուողին՝ Եհովային մասին աւելի սորվէ (Յովհաննէս 17։3)։ Այս հրատարակութեան օգնութեամբ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը քեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։ Մինչ Եհովան կը ճանչնաս, իրեն հանդէպ սէրդ պիտի խորանայ եւ այս սէրը քեզ պիտի մղէ որ ուզես զինք հաճեցնել (Ա. Յովհաննէս 5։3)։

20 Յիսուսի զոհին հաւատք ընծայէ։ Յիսուսի մասին ըսուած է. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի» (Յովհաննէս 3։36)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի հաւատալ։ Այսպիսի հաւատք միայն խօսքերով չի ցուցաբերուիր։ Յակոբոս 2։26–ը կ’ըսէ. «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ Արդարեւ, իսկական հաւատքը «գործեր»ով կը փաստուի, այսինքն՝ մեր արարքներով։ Կերպերէն մէկը՝ որով ցոյց կու տանք թէ Յիսուսի կը հաւատանք, այն է՝ որ մեր լաւագոյնը ընենք զինք ընդօրինակելու համար, ոչ միայն մեր խօսքերով, այլեւ՝ մեր արարքներով (Յովհաննէս 13։15)։

21, 22. ա) Ինչո՞ւ Տէրունական ընթրիքի տարեկան տօնակատարութեան ներկայ պէտք է գտնուինք։ բ) 6–րդ եւ 7–րդ գլուխներուն մէջ ի՞նչ պիտի բացատրուի։

21 Տէրունական ընթրիքի տարեկան տօնակատարութեան ներկայ գտնուէ։ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ի երեկոյեան, Յիսուս հաստատեց մասնայատուկ տօնակատարութիւն մը, որ Աստուածաշունչը կը կոչէ՝ «Տէրունական ընթրիքը» (Ա. Կորնթացիս 11։20. Մատթէոս 26։26-28)։ Այս տօնակատարութիւնը կը կոչուի նաեւ՝ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը։ Յիսուս զայն հաստատեց, իր առաքեալներուն եւ անոնցմէ ետք բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն օգնելու, որ չմոռնան թէ որպէս կատարեալ մարդ իր մահով՝ իր կեանքը իբրեւ փրկանք տուաւ։ Այս տօնակատարութեան համար, Յիսուս պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Յիշատակատօնը պահելը մեզի կը յիշեցնէ թէ՛ Եհովայի եւ թէ Յիսուսի ցուցաբերած մեծ սէրը, փրկանքին կապակցաբար։ Փրկանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը կրնանք ցուցաբերել, Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելովa։

22 Եհովայի հայթայթած փրկանքը արդարեւ անգին նուէր մըն է (Բ. Կորնթացիս 9։14, 15)։ Այս անգին պարգեւը կրնայ օգտակար ըլլալ նոյնիսկ անոնց՝ որոնք մահացած են։ Ինչպէ՞ս։ 6–րդ եւ 7–րդ գլուխները պիտի բացատրեն։

a Տէրունական ընթրիքին նշանակութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Տէրունական ընթրիքը՝ Աստուած պատուող տօնակատարութիւն մը» յաւելուածը։

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

  • Փրկանքը՝ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատագրելու Եհովայի միջոցն է (Եփեսացիս 1։7)։

  • Եհովա փրկանքը հայթայթեց երկիր ղրկելով իր միածին Որդին, որպէսզի մեզի համար մեռնի (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։

  • Փրկանքին միջոցաւ՝ մեղքերու թողութիւն, մաքուր խղճմտանք ու յաւիտենական կեանքի յոյսը կը ստանանք (Ա. Յովհաննէս 1։8, 9)։

  • Փրկանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք՝ Եհովայի մասին աւելի սորվելով, Յիսուսի զոհին հաւատք ընծայելով եւ Տէրունական ընթրիքին ներկայ գտնուելով (Յովհաննէս 3։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել