Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 1/1 էջ 10-23
  • Աբրահամի նման հաւատք ունի՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աբրահամի նման հաւատք ունի՞ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Առաջնորդութեան Հնազանդութիւն
  • Աբրահամի Նման Հաւատք մը՝ Այսօր
  • Հաւատարիմ՝ Հակառակ Փորձութիւններու
  • Համբերել՝ Ներկայիս
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ո՞վ էր Աբրահամ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աբրահամ՝ Աստուծոյ բարեկամը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • «Սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 1/1 էջ 10-23

Աբրահամի նման հաւատք ունի՞ք

«Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։—ՂՈՒԿԱՍ 18։8

1. Ներկայիս ինչո՞ւ դժուար է զօրաւոր հաւատք մը պահել։

ԱՅՍ օրերուն զօրաւոր հաւատք մը պահելը դիւրին չէ։ Աշխարհը Քրիստոնեաներուն վրայ ծանր ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի անոնց ուշադրութիւնը հոգեւոր բաներէն շեղեցնէ։ (Ղուկաս 21։34. Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Շատեր վերապրումի պայքար պէտք է մղեն պատերազմներու, աղէտներու, հիւանդութիւններու կամ անօթութեան դիմաց։ (Ղուկաս 21։10, 11) Շատ մը ազգեր աշխարհիկ զօրաւոր մշակոյթ մը ունին, ուր իրենց հաւատքին համաձայն ապրող անհատներ անտրամաբանական, նոյնիսկ մոլեռանդներ կը նկատուին։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ Քրիստոնեաներ իրենց հաւատքին համար կը հալածուին։ (Մատթէոս 24։9) Շուրջ 2,000 տարիներ առաջ Յիսուսի յարուցած հարցումը, վստահաբար տեղին է. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։—Ղուկաս 18։8

2. (ա) Քրիստոնեային համար զօրաւոր հաւատքը ինչո՞ւ կենսական է։ (բ) Որո՞ւ հաւատքի օրինակը նկատի առնելը օգտակար է։

2 Սակայն, իրողութիւնը այն է, որ զօրաւոր հաւատքը կենսական է, եթէ կ’ուզենք յաջող կեանք մը ունենալ հիմա, եւ խոստացուած յաւիտենական կեանքը՝ ապագային։ Ամբակումի ուղղուած Եհովայի խօսքերը մէջբերելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «‘Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի’։ . . . Առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։ (Եբրայեցիս 10։38–11։6. Ամբակումայ 2։4) Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ. «Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12) Ուստի, ի՞նչպէս կարելի է անխախտ հաւատք ունենալ։ Այս հարցումը նկատի առնելու համար, օգտակար կ’ըլլայ որ 4,000 տարիներ առաջ ապրող մարդու մը նայինք, որու հաւատքը տակաւին մեծարանքով կը դիտուի երեք գլխաւոր կրօնքներու՝ Իսլամութեան, Հրէականութեան եւ Քրիստոնէութեան կողմէ։ Այդ մարդը Աբրահամն է։ Անոր հաւատքը ինչո՞ւ այդքան արտակարգ էր։ Կրնա՞նք զինք ընդօրինակել ներկայիս։

Աստուծոյ Առաջնորդութեան Հնազանդութիւն

3, 4. Թարա իր ընտանիքը Ուրէն ինչո՞ւ Խառան փոխադրեց։

3 Աբրահամ (որ նախապէս Աբրամ կը կոչուէր) առաջին անգամ Աստուածաշունչի սկիզբի էջերուն մէջ յիշուած է։ Ծննդոց 11։26–ին մէջ կը կարդանք. «Թարա . . . ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը»։ Թարա եւ իր ընտանիքը Քաղդէացիներու Ուր քաղաքին մէջ ապրեցան, բարգաւաճ քաղաք մը հարաւային Միջագետքի մէջ։ Սակայն անոնք հոն չմնացին։ «Թարան իր որդին Աբրամը ու իր թոռը Առանի որդին Ղովտը եւ իր որդիին Աբրամին կինը, իր հարսը Սարան [Սառան] առաւ ու անոնց հետ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն ելաւ դէպի Քանանի երկիրը երթալու համար։ Գացին մինչեւ Խառան եւ հոն բնակեցան»։ (Ծննդոց 11։31) Աբրահամի եղբայրը Նաքովրն ալ իր ընտանիքը Խառան փոխադրեց։ (Ծննդոց 24։10, 15. 28։1, 2. 29։4) Սակայն, Թարա բարգաւաճ Ուրէն ինչո՞ւ հեռաւոր Խառան փոխադրուեցաւ։

4 Աբրահամէն շուրջ 2,000 տարիներ ետք, հաւատարիմ Ստեփանոսը, հրէական Սենետրիոնին առջեւ խօսելով բացատրեց Թարայի ընտանիքին արտասովոր փոխադրութիւնը։ Ան ըսաւ. «Փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ, քանի որ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած եւ ըսաւ անոր. ‘Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։ Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ»։ (Գործք 7։2-4) Թարա Աբրահամի առնչութեամբ Եհովայի կամքին ենթարկուեցաւ, երբ իր անմիջական ընտանիքը Խառան փոխադրեց։

5. Աբրահամ ո՞ւր գնաց իր հօրը մահուընէ ետք, եւ ինչո՛ւ։

5 Թարայի ընտանիքը իրենց նոր քաղաքին մէջ տեղաւորուեցան։ Տարիներ ետք, երբ Աբրահամ «իմ երկիրս» արտայայտութիւնը ըրաւ, ան Խառանի կ’ակնարկէր եւ ոչ թէ Ուրի։ Այսուհանդերձ, Խառանը Աբրահամի մնայուն տունը պիտի չըլլար։ (Ծննդոց 24։4) Ըստ Ստեփանոսի, «Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ եւ անոր հօրը մեռնելէն յետոյ անկէ փոխադրեց զանիկա այս երկիրը, ուր դուք հիմա կը բնակիք»։ (Գործք 7։4) Եհովայի առաջնորդութեան հնազանդելով, Աբրահամ, Ղովտի ընկերակցութեամբ, Եփրատը կտրելով Քանանու երկիրը մտաւ։a

6. Եհովա Աբրահամի ի՞նչ խոստում տուաւ։

6 Եհովա ինչո՞ւ պատճառ եղաւ որ Աբրահամ Քանանու երկիրը փոխադրուի։ Անիկա այդ հաւատարիմ մարդուն առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակներուն հետ կապ ունէր։ Եհովա Աբրահամին ըսած էր. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։ (Ծննդոց 12։1-3) Աբրահամ հայրը պիտի ըլլար Եհովայի պաշտպանութիւնը ունեցող մեծ ազգի մը, որ Քանանու երկիրը պիտի ժառանգէր։ Արդարեւ հոյակապ խոստում մը։ Սակայն այդ երկիրը ժառանգելու համար Աբրահամ իր կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ պէտք էր մտցնէր։

7. Եհովայի խոստումները ժառանգելու համար Աբրահամ ի՞նչ փոփոխութիւններ ընելու պատրաստ պէտք էր ըլլար։

7 Երբ Աբրահամ Ուրէն հեռացաւ, ան իր ետին ձգեց բարգաւաճ քաղաք մը եւ հաւանաբար իր հօրը գերդաստանը, որոնք նահապետական այդ ժամանակներուն ապահովութեան կարեւոր աղբիւրներ էին։ Երբ ան Խառանը ձգեց, ան իր հօրը ընտանիքէն, մէջը ըլլալով իր եղբօրը Նաքովրի ընտանիքէն, զատուեցաւ եւ իրեն անծանօթ եղող երկիր մը փոխադրուեցաւ։ Քանանու երկրին մէջ, ան պարսպաւոր քաղաքի մը մէջ ապահովութիւն չփնտռեց։ Ինչո՞ւ։ Աբրահամ երկիրը մտնելէն քիչ ետք, Եհովա անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։ (Ծննդոց 13։17) 75 ամեայ Աբրահամ ու իր 65 ամեայ կինը Սառա, հնազանդեցան այդ հրահանգներուն։ «Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ»։—Եբրայեցիս 11։9. Ծննդոց 12։4

Աբրահամի Նման Հաւատք մը՝ Այսօր

8. Աբրահամի եւ վաղեմի ուրիշ վկաներու օրինակին ի տես, ի՞նչ պէտք է մշակենք։

8 Աբրահամ ու իր ընտանիքը յիշուած են Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին նախա–քրիստոնէական ‘վկաներու բազմութեան’ մէջ։ Աստուծոյ այդ վաղեմի ծառաներուն հաւատքին ի տես, Պօղոս Քրիստոնեաները կը քաջալերէ որ «ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը [թերահաւատութիւնը]»։ (Եբրայեցիս 12։1) Այո, թերահաւատութիւնը ‘կրնայ դիւրաւ մեզ պաշարել’։ Սակայն, Պօղոսի օրերուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս, անկեղծ Քրիստոնեաներ կրցած են Աբրահամի եւ վաղեմի ժամանակներու ուրիշ անհատներու նման զօրաւոր հաւատք մշակել։ Իր ու հաւատակից Քրիստոնեաներու մասին խօսելով, Պօղոս կ’ըսէ. «Մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ’երկմտին կորստեան մատնուելու համար, այլ հաւատքի մարդիկ՝ մեր հոգիներու փրկութեան համար»։—Եբրայեցիս 10։39, Երուսաղէմ։

9, 10. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ ներկայիս շատեր Աբրահամի նման հաւատք ունին։

9 Արդարեւ, Աբրահամէն ասդին աշխարհ փոխուած է։ Բայց եւ այնպէս տակաւին նոյն ‘Աբրահամին Աստուծոյն’ կը ծառայենք, եւ ան չի փոխուիր։ (Գործք 3։13. Մաղաքեայ 3։6) Ինչպէս Աբրահամի ժամանակ, ներկայիս ալ Եհովա արժանի է պաշտուելու։ (Յայտնութիւն 4։10) Շատեր իրենց անձերը լիովին Եհովայի կը նուիրեն եւ Աբրահամի նման իրենց կեանքերուն մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնները կը մտցնեն, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարեն։ Անցեալ տարի, 316,092 անհատներ իրենց նուիրումը հանրապէս ապացուցանեցին, ջուրի մկրտութեան ենթարկուելով՝ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։—Մատթէոս 28։19

10 Այս նոր Քրիստոնեաներէն շատեր պէտք չունին հեռու, օտար երկիր մը ճամբորդելու, իրենց նուիրումը կատարելու համար։ Սակայն, հոգեւոր առումով, անոնցմէ շատեր բաւական երկար ճամբայ կտրած են։ Օրինակի համար, Էլսի, Մորիշըսի մէջ ապրող կախարդուհի մըն էր։ Ամէն ոք անկէ կը վախնար։ Մասնաւոր ռահվիրայ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատեց Էլսիի դուստրին հետ, եւ ասիկա պատեհութեան դուռ բացաւ որ Էլսի ‘խաւարէն լոյսի դառնայ’։ (Գործք 26։18) Իր դուստրին ցուցաբերած հետաքրքրութեան ի տես, Էլսի համաձայնեցաւ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը ուսումնասիրել։ Անոր ուսումնասիրութիւնը շաբաթը երեք անգամ կը վարուէր, քանի որ ան յարատեւ քաջալերութեան կարիքը ունէր։ Անոր կախարդական սովորութիւնները իրեն ուրախութիւն չէին տար, եւ ան բազմաթիւ անձնական խնդիրներ ունէր։ Սակայն ի վերջոյ, ան կարող եղաւ դիւապաշտութենէ դէպի ճշմարիտ պաշտամունք տանող երկար ճամբորդութիւնը կատարել։ Երբ մարդիկ կու գային իրմէ ծառայութիւններ խնդրելու, ան կը բացատրէր թէ միայն Եհովա կրնայ զիրենք չարէն պաշտպանել։ Ներկայիս Էլսին մկրտուած Վկայ մըն է, իսկ իր ընտանիքէն ու ծանօթներէն 14 հոգի ճշմարտութիւնը ընդունած են։

11. Իրենց անձերը Եհովայի նուիրողները ի՞նչ փոփոխութիւններ ընելու պատրաստ են։

11 Անցեալ տարի, Աստուծոյ ծառայելու համար նուիրուածներուն մեծամասնութիւնը այսպիսի արմատական փոփոխութիւններ ընելու հարկը չունէր։ Սակայն բոլորն ալ հոգեւորապէս մեռած վիճակէն հոգեւորապէս կենդանացան։ (Եփեսացիս 2։1) Թէեւ ֆիզիքապէս տակաւին աշխարհի մէջ են, սակայն անոնք անոր մէկ մասը չեն։ (Յովհաննու 17։15, 16) Օծեալ Քրիստոնեաներուն նման, որոնց «քաղաքացիութիւնը երկնքի մէջ է», անոնք «պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս» են։ (Փիլիպպեցիս 3։20, Երուսաղէմ. Ա. Պետրոս 2։11) Անոնք իրենց կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակած են, ամէն բանէ աւելի Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ սէրէ մղուած ըլլալով։ (Մատթէոս 22։37-39) Անոնք անձնասէր, նիւթապաշտ նպատակներ չեն հետապնդեր, ոչ ալ այս աշխարհի մէջ անձնական իրագործումներ ընելու կարիքը կը զգան։ Ընդհակառակը, անոնք իրենց աչքերը սեւեռած են խոստացեալ ‘նոր երկնքի ու նոր երկրի մը վրայ, որոնց մէջ արդարութիւն կը բնակի’։—Բ. Պետրոս 3։13. Բ. Կորնթացիս 4։18

12. Անցեալ տարուան ո՞ր գործունէութեան տեղեկագրութիւնը կը փաստէ թէ Յիսուս իր ներկայութեան ընթացքին ‘երկրի վրայ հաւատք’ կը գտնէ։

12 Երբ Աբրահամ Քանանու երկիրը փոխադրուեցաւ, ինք եւ իր ընտանիքը հոն առանձին էին, միայն Եհովան էր իրենց նեցուկը ու պաշտպանը։ Սակայն, այս նոր մկրտուած 316,092 Քրիստոնեաները վստահաբար առանձին չեն։ Ճիշդ է որ Եհովա անոնց նեցուկ կը կանգնի ու կը պաշտպանէ զանոնք իր հոգիին միջոցաւ, ինչպէս Աբրահամին ըրաւ։ (Առակաց 18։10) Սակայն, ասկէ զատ անոնց թիկունք կը կանգնի կենսունակ, միջազգային «ազգ»ի մը միջոցաւ, որ աշխարհի ներկայ կարգ մը ազգերէն աւելի շատ է թիւով։ (Եսայեայ 66։8) Անցեալ տարի, այս ազգին 5,888,650 քաղաքացիները գործօն հաւատք մը ցոյց տուին, իրենց դրացիներուն Աստուծոյ նպատակներուն մասին խօսելով։ (Մարկոս 13։10) Անոնք այս գործին հոյակապօրէն 1,186,666,708 ժամ յատկացուցին, հետաքրքրուած անհատներ փնտռելով։ Որպէս հետեւանք, 4,302,852 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան անհատներու հետ, որոնք կը փափաքին իրենց հաւատքը մշակել։ Անոնց նախանձախնդրութեան որպէս յաւելեալ ապացոյց, այս ‘ազգէն’ 698,781 հոգիներ ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցեցան՝ լիաժամօրէն, կամ՝ մէկ, կամ աւելի ամիսներ։ (Եհովայի Վկաներու անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասնութիւնները կը գտնուին 28-31–րդ էջերուն վրայ։) Այս արտակարգ արձանագրութիւնը՝ «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» Յիսուսի հարցումին դրական եւ խօսուն պատասխան մըն է։

Հաւատարիմ՝ Հակառակ Փորձութիւններու

13, 14. Քանանու երկրին մէջ Աբրահամի ու իր ընտանիքին դիմագրաւած դժուարութիւններէն ոմանք նկարագրեցէք։

13 Քանանու երկրին մէջ, յաճախ պայմանները դիւրին չէին Աբրահամի ու իր ընտանիքին համար։ Առնուազն առիթով մը, սաստիկ սով մը եղաւ, որ զինք Քանանու երկրէն Եգիպտոս տարաւ։ Ասկէ զատ, Եգիպտոսի եւ Գերարայի (Գազայի մօտ) կառավարիչները փորձեցին Աբրահամի կինը՝ Սառան՝ իր ձեռքէն առնել։ (Ծննդոց 12։10-20. 20։1-18) Նաեւ, Աբրահամի անասուններու հովիւներուն ու Ղովտի անասուններու հովիւներուն միջեւ վէճեր կային, եւ ասիկա երկու ընտանիքներուն բաժնուելուն պատճառ եղաւ։ Անձնուրացօրէն, Աբրահամ Ղովտին տուաւ ընտրելու նախապատուութիւնը եւ Ղովտ ընտրեց Յորդանանի Նահանգին մէջ բնակիլ, որ իր բարեբերութեամբ ու գեղեցկութեամբ եդեմական թուեցաւ։—Ծննդոց 13։5-13

14 Հետագային, Ղովտ Սիդդէմի ձորին մէջ հեռաւոր Եղամի թագաւորին ու իր դաշնակիցներուն եւ հինգ քաղաքներու թագաւորներուն միջեւ տեղի ունեցող պատերազմի մը բռնուեցաւ։ Օտար թագաւորները տեղացի թագաւորներուն նուաճեցին ու բաւական աւար ձեռք ձգեցին, մէջը ըլլալով Ղովտը ու իր ստացուածքները։ Երբ Աբրահամ լսեց պատահածը, ան խիզախօրէն հալածեց օտար թագաւորները եւ կրցաւ Ղովտը ու իր ընտանիքը ինչպէս նաեւ տեղացի թագաւորներուն ստացուածքները ետ բերել։ (Ծննդոց 14։1-16) Սակայն, ասիկա Քանանու երկրին մէջ Ղովտի հետ պատահած յոռեգոյն փորձառութիւնը չէր։ Որոշ պատճառով, ան Սոդոմի մէջ բնակեցաւ, այդ քաղաքը անբարոյ համբաւ մը ունենալով հանդերձ։b (Բ. Պետրոս 2։6-8) Երբ երկու հրեշտակներ ազդարարեցին թէ քաղաքը պիտի կործանուէր, Ղովտ իր կնոջ ու աղջիկներուն հետ փախաւ։ Սակայն, Ղովտի կինը հրեշտակներուն տուած որոշ հրահանգները անտեսեց, որու հետեւանքով ան աղի մէջ թաղուեցաւ։ Ղովտ ժամանակ մը ստիպուեցաւ իր երկու աղջիկներուն հետ Սեգովրի մէջ քարայրի մը մէջ բնակիլ։ (Ծննդոց 19։1-30) Այս իրադարձութիւնները Աբրահամին շատ նեղացուցած ըլլալու էին, մանաւանդ որ Ղովտ Քանանու երկիրը եկած էր որպէս Աբրահամի ընտանիքին մէկ անդամը։

15. Հակառակ օտար երկրի մը մէջ վրանաբնակ եղած ժամանակ Աբրահամի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ան ո՞ր բացասական մտածելակերպէն բացայայտօրէն խուսափեցաւ։

15 Աբրահամ բնաւ խորհեցա՞ւ որ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ ինք ու Ղովտ Ուր քաղաքի մէջ մնացած ըլլային, որ աւելի ապահով էր, իր հօր մօտիկ ազգականներուն հետ, կամ, Խառանի մէջ՝ իր եղբօրը Նաքովրի հետ։ Ան որեւէ ատեն փափաքեցա՞ւ պարսպապատ քաղաքի մը մէջ ապահովութեամբ հաստատուիլ, փոխանակ վրաններու տակ բնակելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ան իր ըրած զոհողութիւններուն՝ օտար երկրի մը մէջ թափառական ըլլալուն, իմաստուն ընթացք մը ըլլալը հարցի տակ դրաւ։ Աբրահամի ու իր ընտանիքին մասին խօսելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յիրաւի եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու»։ (Եբրայեցիս 11։15) Սակայն, անոնք չվերադարձան։ Հակառակ դժուարութիւններուն, անոնք մնացին հո՛ն, ուր Եհովա կ’ուզէր որ ըլլային։

Համբերել՝ Ներկայիս

16, 17. (ա) Քրիստոնեաներէն շատեր ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն այսօր։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ դրական տեսակէտ ունին, եւ ինչո՛ւ։

16 Ներկայիս Քրիստոնեաներն ալ նոյնանման համբերութիւն մը ունին։ Թէեւ Աստուծոյ ծառայելը անոնց համար ուրախութեան մեծ աղբիւր մըն է, սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար կեանքը դիւրին չէ այս վերջին օրերուն։ Հոգեւոր դրախտի մը մէջ ապրելով հանդերձ, անոնք իրենց դրացիներուն նման տնտեսական միեւնոյն ճնշումներէն կը տառապին։ (Եսայեայ 11։6-9) Շատեր ազգերու պատերազմներուն անմեղ զոհը դարձած են, իսկ ոմանք չափազանց աղքատացած են, որու համար իրենք այպանելի չեն։ Ասկէ զատ, անոնք անժողովրդական փոքրամասնութեան պատճառած խնդիրներուն կը տոկան։ Շատ մը երկիրներու մէջ անոնք բարի լուրը կը քարոզեն չափազանց անտարբերութեան դիմաց։ Ուրիշ երկիրներու մէջ անոնք կը տառապին ‘օրէնքով չարիք պատրաստողներուն’ հնարամիտ յարձակումներէն, որոնք «անմեղ արիւնը կը դատապարտեն»։ (Սաղմոս 94։20, 21) Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր Քրիստոնեաներ յարձակման ներքեւ չեն եւ ուր իրենց բարձր չափանիշներուն համար ոմանց կողմէ փառաբանուած են, անոնք կը գիտակցին որ իրենց դասընկերներէն ու աշխատակիցներէն տարբեր են, Աբրահամին նման, որ վրաններու տակ բնակեցաւ, երբ իր շուրջը գտնուող մարդոց մեծամասնութիւնը քաղաքներու մէջ կը բնակէր։ Այո՛, դիւրին չէ աշխարհի մէջ ապրիլ եւ սակայն անոր ‘մէկ մասը չըլլալ’։—Յովհաննու 17։14

17 Հետեւաբար, կը զղջա՞նք որ Աստուծոյ նուիրուեցանք։ Կը նախընտրէի՞նք աշխարհի մէկ մասը մնալ, ուրիշներու նման ըլլալով։ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ըրած զոհողութիւններուն համար կ’ողբա՞նք։ Բնաւ երբեք։ Փոխանակ կարօտով ետ նայելու, կը գիտակցինք որ մեր զոհածը ի՛նչ որ ալ էր, իսկական արժէք մը չէր ներկայացներ, բաղդատած ներկայիս մեր վայելած եւ ապագային վայելելիք օրհնութիւններուն։ (Ղուկաս 9։62. Փիլիպպեցիս 3։8) Ասկէ զատ, աշխարհի մէջ եղող մարդիկը ուրա՞խ են։ Իրականութեան մէջ, անոնցմէ շատեր տակաւին կը փնտռեն պատասխաններ զորս մենք արդէն ստացած ենք։ Անոնք կը տառապին, քանի որ մեզի նման Աստուածաշունչի էջերուն միջոցաւ Աստուծոյ տուած առաջնորդութեան չեն հետեւիր։ (Սաղմոս 119։105) Անոնցմէ շատեր հաւատակիցներու հետ մեր վայելած քրիստոնէական բարեկամութեան եւ հաճելի ընկերակցութեան կարօտը կը քաշեն։—Սաղմոս 133։1. Կողոսացիս 3։14

18. Երբ Քրիստոնեաներ Աբրահամի նման քաջութիւն ցուցաբերեն, վերջնական արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

18 Շիտակ է որ երբեմն Աբրահամի նման քաջասիրտ պէտք է ըլլանք, երբ ինչպէս Ղովտը գերեվարողները հալածեց։ Իսկ երբ այդպէս ըլլանք, Եհովա արդիւնքը կ’օրհնէ։ Օրինակի համար, Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ, ուր ատելութիւնը խոր արմատ կապած է կրօնական վայրագութեան պատճառով, չէզոք դիրք բռնելը քաջութիւն կը պահանջէ։ Սակայն, հաւատարիմ Քրիստոնեաներ Յեսուի ուղղած Եհովայի խօսքերուն հետեւած են. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։ (Յեսուայ 1։9. Սաղմոս 27։14) Տարիներու ընթացքին անոնք իրենց խիզախ կեցուածքով յարգանք շահած են եւ այսօր անոնք այդ երկրին բոլոր համայնքներուն մէջ ազատօրէն կրնան քարոզել։

19. Քրիստոնեաներ ո՞ւր գտնուելով ուրախ են, եւ երբ Եհովայի առաջնորդութեան կը հետեւին, վստահօրէն ի՞նչ արդիւնք կ’ակնկալեն։

19 Վստահ պէտք է ըլլանք որ ինչեւիցէ պարագայ ալ դիմագրաւենք, եթէ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւինք, վերջնական արդիւնքը իր փառքին ու մեր մնայուն օգտին պիտի ծառայէ։ Հակառակ մարտահրաւէրներու ու զոհողութիւններու, չենք նախընտրեր Եհովայի ծառայութենէն զատ ուրիշ տեղ մը գտնուիլ, ուր մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ընկերակցութիւնը կը վայելենք եւ վստահութեամբ Աստուծոյ խոստացած յաւիտենական ապագան կը սպասենք։

[Ստորանիշներ]

a Հաւանաբար, Աբրահամ իր եղբօրորդին՝ Ղովտը՝ որդեգրեց, երբ Ղովտին հայրը՝ Աբրահամի եղբայրը՝ մահացաւ։—Ծննդոց 11։27, 28. 12։5

b Ոմանք ենթադրած են որ Ղովտ քաղաքի մը մէջ բնակեցաւ, որպէսզի աւելի ապահովութիւն գտնէ, չորս թագաւորներուն կողմէ որպէս աւար տարուելէն ետք։

Կը յիշէ՞ք

◻ Զօրաւոր հաւատքը ինչո՞ւ կենսական է։

◻ Աբրահամ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ զօրաւոր հաւատք ունէր։

◻ Անհատի մը կեանքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ կ’ընկերակցին նուիրումին։

◻ Աստուծոյ ծառայութիւնը ինչո՞ւ կ’ուրախացնէ մեզ, նոյնիսկ երբ խնդիրներ դիմագրաւենք։

[Նկար՝ էջ 21]

Աբրահամ պատրաստ էր իր կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնելու, խոստումը ժառանգելու համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել