«Սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք»
«Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։36
1, 2. (ա) Առաջին դարու կարգ մը Քրիստոնեաներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Ինչո՞ւ հաւատքը կրնայ դիւրաւ տկարանալ։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ Աստուածաշունչի միւս բոլոր գրողներէն աւելի յաճախ յիշած է հաւատքի մասին։ Ան շատ յաճախ խօսեցաւ անոնց մասին, որոնց հաւատքը տկարացած կամ մեռած էր։ Օրինակի համար, Հիմենոսն ու Աղեքսանդրոսը «նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19, 20) Դեմաս Պօղոսը լքեց, որովհետեւ «աշխարհը սիրեց»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։10) Ոմանք իրենց քրիստոնէավայել չեղող, անպատասխանատու արարքներով ‘հաւատքը ուրացան’։ Ուրիշներ սուտանուն իմաստութեամբ խաբուելով ‘հաւատքէն մոլորեցան’։—Ա. Տիմոթէոս 5։8. 6։20, 21
2 Այդ օծեալ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ այս կերպերով ընկրկեցան։ Քանի որ «հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է»։ (Եբրայեցիս 11։1) Հաւատք կ’ընծայենք այն բաներուն, զորս չենք կրնար տեսնել։ Տեսնուած բաներուն համար հաւատքի պէտք չունինք։ Աւելի դիւրին է աշխատիլ տեսանելի հարստութեան համար, քան՝ անտեսանելի հոգեւոր հարստութեան համար։ (Մատթէոս 19։21, 22) Բազմաթիւ տեսանելի բաներ, ինչպէս՝ «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը», մեր անկատար մարմնին զօրաւոր կերպով կոչ կ’ընեն եւ կրնան մեր հաւատքը տկարացնել։—Ա. Յովհաննու 2։16
3. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպիսի հաւատք պէտք է մշակէ։
3 Սակայն, Պօղոս կ’ըսէ թէ «ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Մովսէս այսպիսի հաւատք ունէր։ Ան «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին» եւ «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։6, 24, 26, 27) Քրիստոնեայ մը այսպիսի հաւատքի կարիքը ունի։ Ինչպէս տեսանք նախորդ յօդուածին մէջ, Աբրահամ այս մարզին մէջ հոյակապ տիպար մըն էր։
Աբրահամ՝ Հաւատքի Տիպար մը
4. Աբրահամի կեանքի ընթացքը ի՞նչպէս ազդուեցաւ իր հաւատքէն։
4 Աբրահամ Ուրի մէջ էր երբ Աստուծոյ խոստումը ստացաւ, թէ ինք սերունդի մը հայրը պիտի ըլլար, որ բոլոր ազգերէն եղող մարդոց օրհնութիւն մը պիտի ըլլար։ (Ծննդոց 12։1-3. Գործք 7։2, 3) Այդ խոստումին հիման վրայ, Աբրահամ Եհովայի հնազանդեցաւ, նախ՝ Խառան, ապա Քանանու երկիրը փոխադրուելով։ Հոն Եհովա խոստացաւ երկիրը Աբրահամի սերունդին տալ։ (Ծննդոց 12։7. Նէեմեայ 9։7, 8) Սակայն, Եհովայի խոստումներուն մեծամասնութիւնը Աբրահամի մահէն ետք պիտի կատարուէր։ Զոր օրինակ, Աբրահամ Քանանու երկրին մէջ երբեք բաժին չունեցաւ, բացի Մաքփելայի քարայրէն, զոր ան որպէս գերեզմանատուն գնեց։ (Ծննդոց 23։1-20) Բայց ան Եհովայի խօսքին վրայ հաւատք ունէր։ Մանաւանդ, ան կը հաւատար «հիմերով հաստատուած [ապագայ] քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 11։10) Այսպիսի հաւատք մը անոր նեցուկ կանգնեցաւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան։
5, 6. Աբրահամի հաւատքը ի՞նչ կերպով փորձուեցաւ, Եհովայի խոստումին առնչութեամբ։
5 Ասիկա յատկապէս կը տեսնուի այն խոստումին կապակցաբար թէ Աբրահամի սերունդը մեծ ազգ մը պիտի ըլլար։ Ասիկա տեղի ունենալու համար, Աբրահամ որդի մը պէտք էր ունենար, եւ ան այդ օրհնութիւնը վայելելու համար երկար սպասեց։ Չենք գիտեր թէ ան քանի տարեկան էր երբ առաջին անգամ այդ խոստումը լսեց, սակայն երբ դէպի Խառան երկար ճամբորդութիւնը ըրաւ, Եհովա տակաւին անոր զաւակ մը չէր տուած։ (Ծննդոց 11։30) Ան Խառանի մէջ բաւական ժամանակ մնաց, ‘ստացուածքներ եւ ստացուած ծառաներ’ ունենալու չափ, եւ երբ Քանանու երկիրը փոխադրուեցաւ, 75 տարեկան էր, իսկ Սառա՝ 65։ Սակայն տակաւին որդի մը չունէին։ (Ծննդոց 12։4, 5) Երբ Սառա 70–ական տարիքի կիսուն հասաւ, ան եզրակացուց թէ ինք այլեւս ծերացած էր եւ չէր կրնար Աբրահամի զաւակ մը տալ։ Ուստի, այն ատենուան սովորութեան հետեւելով, ան իր աղախինը՝ Հագարը, Աբրահամի տուաւ, որմէ ան որդի մը ունեցաւ։ Բայց ասիկա խոստացեալ զաւակը չէր։ Հագար ու իր զաւակը՝ Իսմայէլ, ի վերջոյ վռնտուեցան։ Սակայն, երբ Աբրահամ անոնց համար աղերսեց, Եհովա խոստացաւ Իսմայէլը օրհնել։—Ծննդոց 16։1-4, 10. 17։15, 16, 18-20. 21։8-21
6 Աստուծոյ յարմար ժամանակին, առաջին անգամ խոստումը լսելէն շա՜տ երկար ժամանակ յետոյ, 100 տարեկան Աբրահամ ու 90 տարեկան Սառա մանչ մը ունեցան՝ Իսահակը։ Ի՜նչ սքանչելի եղած ըլլալու էր ասիկա։ Այս տարեց զոյգին համար, անիկա գրեթէ յարութեան մը նման էր, երբ անոնց «մեռած» մարմինները նոր կեանքի մը ծնունդ տուին։ (Հռովմայեցիս 4։19-21) Սպասման ժամանակը երկար էր, բայց երբ վերջապէս խոստումը կատարուեցաւ, տեսան որ կ’արժէր սպասել։
7. Հաւատքը ի՞նչպէս համբերութեան հետ առնչուած է։
7 Աբրահամի օրինակը մեզի կը յիշեցնէ թէ հաւատքը պէտք չէ կարճատեւ ըլլայ։ Պօղոս հաւատքը համբերութեան հետ առնչեց, երբ ըսաւ. «Ձեզի համբերութիւն պէտք է, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ հասնիք խոստումին. . . . մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ’երկմտին կորստեան մատնուելու համար, այլ հաւատքի մարդիկ՝ մեր հոգիներու փրկութեան համար»։ (Եբրայեցիս 10։36-39, Երուսաղէմ) Շատեր շատ երկար սպասած են խոստումին կատարման համար։ Ոմանք իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան սպասած են։ Անոնց զօրաւոր հաւատքը իրենց նեցուկ կանգնած է։ Իսկ Աբրահամի նման, անոնք պիտի վարձատրուին Եհովայի յարմար ժամանակին։—Ամբակումայ 2։3
Աստուծոյ Մտիկ Ընել
8. Ներկայիս, Եհովայի ի՞նչպէս մտիկ կ’ընենք, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։
8 Առնուազն չորս բաներ զօրացուցին Աբրահամի հաւատքը եւ նոյն բաները կրնան մեզի ալ օգնել։ Նախ եւ առաջ, ան ապացուցանեց որ կը հաւատար թէ «Աստուած կայ», ուշադրութիւն ընծայելով երբ Եհովա կը խօսէր։ Հետեւաբար, ան Երեմիայի օրուան Հրեաներէն տարբեր էր, որոնք Եհովայի կը հաւատային, բայց իր խօսքերուն հաւատք չէին ընծայեր։ (Երեմեայ 44։15-19) Ներկայիս, Եհովա մեզի կը խօսի Աստուածաշունչի՝ իր ներշնչեալ Խօսքին, էջերուն ընդմէջէն, որ ըստ Պետրոսի խօսքերուն, «սրտերնուդ մէջ» «մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը» պէս է։ (Բ. Պետրոս 1։19) Երբ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ կարդանք, ‘հաւատքին խօսքերովը կը սնանինք’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։6. Հռովմայեցիս 10։17) Ասկէ զատ, այս վերջին օրերուն, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր’՝ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու նկատմամբ ուղղութիւն եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու հասկացողութիւն կը հայթայթէ։ (Մատթէոս 24։45-47) Այս խողովակներուն միջոցաւ Եհովայի մտիկ ընելը, զօրաւոր հաւատք ունենալու համար կենսական է։
9. Եթէ քրիստոնէական յոյսին իրապէս հաւատանք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
9 Աբրահամի հաւատքը սերտօրէն առնչուած էր իր յոյսին հետ։ Ան «չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ»։ (Հռովմայեցիս 4։18) Ասիկա երկրորդ բանն է, որ կրնայ մեզի օգնել։ Բնաւ պէտք չէ մոռնանք թէ Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։10) Եթէ իրապէս քրիստոնէական յոյսին կը հաւատանք, մեր կեանքի ամբողջ ընթացքով մեր հաւատքը պիտի ցուցադրենք, Աբրահամին նման։
Աստուծոյ Հետ Խօսիլ
10. Ի՞նչպիսի աղօթք մը մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։
10 Աբրահամ Աստուծոյ հետ խօսեցաւ, եւ ասիկա երրորդ բանն է որ անոր հաւատքը զօրացուց։ Ներկայիս, մենք ալ կրնանք Եհովայի հետ խօսիլ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ աղօթքի պարգեւը գործածելով։ (Յովհաննու 14։6. Եփեսացիս 6։18) Յարատեւ աղօթք ընելու կարիքը շեշտելու համար առակ մը պատմելէն ետքն էր, որ Յիսուս հետեւեալ հարցումը հարցուց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ (Ղուկաս 18։8) Հաւատք կերտող աղօթքը առանց մտածելու կամ ինքնաբերաբար չըլլար։ Անիկա խորապէս իմաստալից է։ Զոր օրինակ, սրտանց աղօթելը կենսական է երբ կարեւոր որոշումներու դիմաց կը գտնուինք, կամ երբ զօրաւոր ճնշումի տակ ենք։—Ղուկաս 6։12, 13. 22։41-44
11. (ա) Երբ Աբրահամ իր սիրտը Աստուծոյ բացաւ, ան ի՞նչպէս զօրացաւ։ (բ) Աբրահամի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
11 Երբ Աբրահամ կը ծերանար ու Եհովա տակաւին անոր խոստացուած սերունդը չէր տուած, ան Աստուծոյ հետ խօսեցաւ այս մտահոգութեան մասին։ Եհովա զինք հաւաստիացուց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աբրահամ «հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ»։ Ապա Եհովա նշան մը տուաւ իր հաւաստիացուցիչ խօսքերը հաստատելու համար։ (Ծննդոց 15։1-18) Եթէ մեր սրտերը աղօթքով Եհովայի բանանք, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ արձանագրուած Եհովայի հաւաստիացուցիչ խօսքերը ընդունինք եւ լման հաւատքով անոր հնազանդինք, այն ատեն Եհովա մեր հաւատքն ալ պիտի զօրացնէ։—Մատթէոս 21։22. Յուդա 20, 21
12, 13. (ա) Երբ Աբրահամ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւեցաւ, ան ի՞նչպէս օրհնուեցաւ։ (բ) Ի՞նչպիսի փորձառութիւններ մեր հաւատքը պիտի զօրացնեն։
12 Չորրորդ բանը որ Աբրահամի հաւատքը զօրացուց, Եհովայի տուած օգնութիւնն էր, երբ ան Աստուծոյ առաջնորդութեան կը հետեւէր։ Երբ Աբրահամ գնաց Ղովտը ազատելու ներխուժած թագաւորներուն ձեռքէն, Եհովա իրեն յաղթանակ տուաւ։ (Ծննդոց 14։16, 20) Մինչ Աբրահամ իր սերունդին ժառանգելիք երկրին մէջ որպէս պանդուխտ կ’ապրէր, Եհովա զինք նիւթապէս օրհնեց։ (Բաղդատել՝ Ծննդոց 14։21-23։) Եհովա Իսահակի յարմար կին մը գտնելու իր ծառային ջանքերը առաջնորդեց։ (Ծննդոց 24։10-27) Այո՛, Եհովա «ամէն բանի մէջ օրհնեց Աբրահամը»։ (Ծննդոց 24։1) Որպէս հետեւանք, անոր հաւատքը այնքա՛ն զօրացաւ ու Եհովա Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը այնքա՛ն սերտացաւ որ Եհովա զինք կոչեց՝ «իմ բարեկամս»։—Եսայեայ 41։8, ՆԱ. Յակոբու 2։23
13 Ներկայիս կրնա՞նք այսպիսի զօրաւոր հաւատք ունենալ։ Այո՛։ Եթէ մենք ալ Աբրահամի նման, Եհովան փորձի ենթարկենք իր պատուիրանքներուն հնազանդելով, ան մեզ ալ պիտի օրհնէ եւ ասիկա մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։ Զոր օրինակ, 1998–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութեան ակնարկ մը նետելը, ցոյց պիտի տայ թէ շատեր հոյակապ կերպով օրհնուեցան, երբ բարի լուրը քարոզելու անոր պատուէրին հնազանդեցան։—Մարկոս 13։10
Հաւատքի Արձանագրութիւն մը՝ Այսօր
14. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35–ը ցրուելու արշաւը ի՞նչպէս օրհնեց Եհովա։
14 Հոկտեմբեր 1997–ին, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35–ի համաշխարհային արշաւը յատկանշական յաջողութիւն մը եղաւ, միլիոնաւոր Վկաներու անհատական նախանձախնդրութեան ու խանդավառութեան շնորհիւ։ Կանայի մէջ պատահածը գեղեցիկ էր։ Շուրջ 2,5 միլիոն օրինակներ բաշխուեցաւ, չորս լեզուներով, եւ որպէս արդիւնք մօտաւորապէս 2,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խնդրանքներ եղան։ Կիպրոսի մէջ, Թագաւորութեան Լուրեր բաշխող երկու Վկաներ նկատեցին թէ քահանայ մը զիրենք կը հետապնդէր։ Քիչ ետք, անոնք Թագաւորութեան Լուրեր թերթիկէն օրինակ մը ներկայացուցին անոր։ Ան արդէն իսկ օրինակ մը ստացած էր եւ ըսաւ. «Անոր պատգամը զիս ա՛յնքան տպաւորեց որ փափաքեցայ զայն պատրաստող անհատները շնորհաւորել»։ Տանըմարքայի մէջ, Թագաւորութեան Լուրեր–էն 1,5 միլիոն օրինակներ բաշխուեցան, եւ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգուեցան։ Հանրային յարաբերութիւններու հաստատութեան մէջ աշխատող կին մը ըսաւ. «Թերթիկը բոլորին համար պատգամ մը ունի։ Զայն հասկնալը դիւրին է, կը մղէ անհատը, աւելին գիտնալու փափաք մը կ’արթնցնէ իր մէջ։ Անիկա իրապէս ճի՛շդ գլուխէն կը զարնէ»։
15. Ի՞նչ փորձառութիւններ ցոյց կու տան թէ Եհովա օրհնեց ամէնուրեք մարդոց հասնելու ջանքերը։
15 1998–ին ջանք թափուեցաւ որ մարդոց քարոզուի ոչ միայն իրենց տուներուն մէջ այլ նաեւ՝ ամէնուրեք։ Գոթ Տիվուարի մէջ, միսիոնար զոյգ մը նաւահանգիստը հանգչող 322 նաւեր այցելեց։ Անոնք տեղաւորեցին 247 գրքեր, 2,284 պարբերաթերթեր, 500 գրքոյկներ եւ հարիւրաւոր թերթիկներ, ինչպէս նաեւ՝ պատկերիզներ, որպէսզի նաւաստիները զանոնք դիտեն երբ ծովուն վրայ ըլլան։ Գանատայի մէջ, Վկայ մը ինքնաշարժներ նորոգելու խանութ մը գնաց։ Գործատէրը հետաքրքրուած էր ու եղբայրը չորս ու կէս ժամ մնաց, թէեւ վկայելու համար յատկացուած ժամանակը յաճախորդներու պատճառաւ գրեթէ ժամ մըն էր միայն։ Ի վերջոյ, ուսումնասիրութիւն մը որոշուեցաւ իրիկուան ժամը 10։00–ին։ Սակայն, երբեմն, կէս գիշեր կ’ըլլար մինչեւ ուսումնասիրութիւնը սկսուէր, եւ կը տեւէր մինչեւ առտուան երկուքը։ Ժամադրութիւնը արդարեւ մարտահրաւէր մըն էր, սակայն լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգուեցան։ Մարդը որոշեց Կիրակի օրերը իր խանութը գոցել որպէսզի ժողովներուն ներկայ գտնուի։ Շուտով ինք ու իր ընտանիքը սկսան լաւ կերպով յառաջդիմել։
16. Ո՞ր փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը, քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ զօրաւոր գործիքներ են։
16 Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը եւ Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը կը շարունակեն զօրաւոր գործիքներ ըլլալ քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ։ Իտալիոյ մէջ օթոպիւս սպասող մայրապետ մը Թագաւորութեան Լուրեր թերթիկէն օրինակ մը ընդունեց։ Յաջորդ օրը, դարձեալ անոր մօտեցան ու ներկայացուցին Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, զոր ան ընդունեց։ Անկէ ետք, ամէն օր, օթոպիւսի կայարանը 10–էն 15 վայրկեան իրեն հետ կ’ուսումնասիրէին։ Մէկուկէս ամիս ետք, ան որոշեց վանքը ձգել ու իր երկիրը՝ Կուաթեմալա վերադառնալ, հոն իր ուսումնասիրութիւնը շարունակելու համար։ Մալաուիի մէջ, Լօպինա կոչուած բուռն եկեղեցասէր մը, նեղուեցաւ երբ իր դուստրները սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի Վկաներուն հետ։ Այսուհանդերձ, երբ առիթը ներկայանար, աղջիկները Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրենց մօրը հետ կը բաժնէին։ Յունիս 1997–ին Լօպինա Գիտութիւն գիրքը տեսաւ եւ անոր հետաքրքրութիւնը շարժեցաւ հետեւեալ արտայայտութենէն՝ «Գիտութիւնը Որ . . . կ’Առաջնորդէ»։ Յուլիսին ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Օգոստոսին նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուեցաւ եւ ուշի ուշով լման յայտագրին հետեւեցաւ։ Այդ ամսուան վերջաւորութեան, ան իր եկեղեցին ձգեց եւ որակելի եղաւ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու եւ Նոյեմբեր 1997–ին մկրտուեցաւ։
17, 18. Ընկերութեան պատկերիզները ի՞նչպէս փաստած են օգտակար ըլլալ, որպէսզի անհատներ հոգեւոր բաները «տեսնեն»։
17 Ընկերութեան պատկերիզները շատերուն օգնած են որ հոգեւոր բաները «տեսնեն»։ Մորիշըսի մէջ, մարդ մը իր եկեղեցին լքեց հոն եղած անմիաբանութեան պատճառաւ։ Միսիոնար մը անոր ցոյց տուաւ Եհովայի Վկաներու միացած ըլլալը, գործածելով Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով պատկերիզը։ Մարդը տպաւորուած ըսաւ. «Դուք՝ Եհովայի Վկաներդ արդէն իսկ Դրախտին մէջն էք»։ Ան համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ճափոնի մէջ քոյր մը իր անհաւատ ամուսնոյն ցոյց տուաւ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը խորագրով պատկերիզը, եւ ան մղուեցաւ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը սերտել։ Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով պատկերիզը դիտելէն ետք, ան ուզեց Եհովայի Վկաներէն մէկը ըլլալ։ Աստուածաշունչը՝ Իրողութեան ու Մարգարէութեան Գիրք մը, երեք մասերէ բաղկացած պատկերիզներու շարքը, անոր օգնեց որ իր կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկէ։ Ի վերջոյ, Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց պատկերիզը անոր ցոյց տուաւ թէ Եհովա կը զօրացնէ Իր ժողովուրդը Սատանայի յարձակումներուն դիմաց։ Այս մարդը մկրտուեցաւ Հոկտեմբեր 1997–ին։
18 Ասոնք միայն քանի մը հատն են այն բազմաթիւ փորձառութիւններէն զորս վայելեցինք ծառայութեան անցեալ տարուան ընթացքին։ Անոնք ցոյց կու տան թէ Եհովայի Վկաները գործունեայ հաւատք մը ունին եւ թէ Եհովա կը զօրացնէ այդ հաւատքը, անոնց գործունէութիւնը օրհնելով։—Յակոբու 2։17
Հաւատք Մշակել՝ Ներկայիս
19. (ա) Մենք ի՞նչպէս Աբրահամէ աւելի լաւ դիրքի մէջ ենք։ (բ) Անցեալ տարի Յիսուսի զոհագործական մահը յիշատակելու համար, քանի՞ հոգիներ հաւաքուեցան։ (գ) Անցեալ տարի ո՞ր երկիրները Յիշատակատօնի ներկաներու աչքառու թիւ մը ունեցան։ (Տես՝ 28-31–րդ էջերուն վրայ գտնուող ցանկը։)
19 Բազմաթիւ կերպերով, այսօր մենք Աբրահամէ աւելի լաւ դիրքի մէջ ենք։ Գիտենք որ Աբրահամի տուած իր բոլոր խոստումները կատարած է Եհովա։ Աբրահամի սերունդը Քանանու երկիրը ժառանգեց եւ մեծ ազգ մը դարձաւ։ (Գ. Թագաւորաց 4։20. Եբրայեցիս 11։12) Ասկէ զատ, Աբրահամ Խառանը ձգելէն շուրջ 1,971 տարիներ ետք, անոր շառաւիղէն մէկը՝ Յիսուս, նախ ջուրի մէջ մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ եւ ապա սուրբ հոգիով՝ Եհովայի կողմէ, որպէսզի ըլլայ Մեսիան՝ Աբրահամի Սերունդը, լման ու հոգեւոր առումով։ (Մատթէոս 3։16, 17. Գաղատացիս 3։16) Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, Յիսուս իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ, իրեն հանդէպ հաւատք ընծայողներուն համար։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Հիմա, միլիոնաւորներ կրնան իրենք զիրենք օրհնել անոր միջոցաւ։ Անցեալ տարի, Նիսան 14–ին 13,896,312 հոգի հաւաքուեցաւ, սիրոյ այս սքանչելի արարքը յիշատակելու համար։ Ասիկա ի՜նչ ջատագովութիւն մըն էր Եհովայի՝ Մեծ Խոստմնապահին։
20, 21. Առաջին դարուն, բոլոր ազգերէն անհատներ իրենք զիրենք ի՞նչպէս օրհնեցին Աբրահամի Սերունդին միջոցաւ, եւ անոնք ի՞նչպէս իրենք զիրենք կ’օրհնեն ներկայիս։
20 Առաջին դարուն, բոլոր ազգերէն շատեր, սկսելով մարմնաւոր Իսրայէլէն, Աբրահամի այս Սերունդին վրայ հաւատք ընծայեցին եւ Աստուծոյ օծեալ որդիները՝ «Աստուծոյ [նոր, հոգեւոր] Իսրայէլ»ին անդամները եղան։ (Գաղատացիս 3։26-29. 6։16. Գործք 3։25, 26) Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ որպէս իշխանակիցներ, երկնային անմահ կեանքի վստահ ակնկալութիւնը ունէին։ Միայն 144,000 հոգի այս կերպով պիտի օրհնուէին, եւ անոնցմէ շատ քիչեր մնացած են։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 7։4) Անցեալ տարի, 8,756 անհատներ այս թիւին մէկ մասը ըլլալ դաւանեցան, Յիշատակատօնի տօնակատարութեան ընթացքին խորհրդանիշերուն մասնակցելով։
21 Ներկայիս, գրեթէ բոլոր Եհովայի Վկաները Յայտնութիւն 7։9-17–ի մէջ մարգարէացուած ‘մեծ բազմութենէն’ են։ Քանի որ անոնք իրենք զիրենք Յիսուսի միջոցաւ կ’օրհնեն, դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունին։ (Յայտնութիւն 21։3-5) 1998–ի ընթացքին 5,888,650 անհատներ քարոզչութեան մասնակցեցան. ապացոյց մը թէ այս բազմութիւնը իրապէս «մեծ» է։ Մասնաւորաբար խայտալի էր տեսնել որ Ռուսաստան եւ Ուգրանիա առաջին անգամ ըլլալով 100,000–է աւելի հրատարակիչներ տեղեկագրեցին։ Միացեալ Նահանգներէն եկած տեղեկագրութիւնն ալ ուշագրաւ էր՝ Օգոստոսին 1,040,283 հրատարակիչներ։ Ասոնք 19 երկիրներէն միայն երեքն են, որոնք անցեալ տարի 100,000–է աւելի հրատարակիչներ տեղեկագրեցին։
Շուտով Իրականանալիք Յոյսը
22, 23. (ա) Ներկայիս մեր սրտերը ինչո՞ւ պէտք է հաստատ բռնենք։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Աբրահամի նման ըլլալ, եւ ոչ թէ՝ Պօղոսի յիշած անհաւատներուն նման։
22 Յիշատակատօնի ներկաներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ թէ Եհովայի խոստումներուն կատարման ժամանակին մէջ որքա՜ն յառաջացած ենք։ 1914–ին, Յիսուս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան որպէս Թագաւոր գահակալուեցաւ՝ թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութիւնը սկսելով։ (Մատթէոս 24։3. Յայտնութիւն 11։15) Այո՛, Աբրահամի Սերունդը ներկայիս երկինքի մէջ կ’իշխէ։ Յակոբոս իր օրուան Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ] մօտ է»։ (Յակոբու 5։8) Այդ ներկայութիւնը հիմա իրողութիւն մըն է։ Ասիկա մեր սրտերը հաստատելու որքա՜ն զօրաւոր պատճառ մըն է։
23 Կը մաղթենք որ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը շարունակաբար թարմանայ, Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ եւ իմաստալից աղօթքներով։ Մինչ իր Խօսքին կը հնազանդինք, թող որ միշտ Եհովայի օրհնութիւնը վայելենք։ Այն ժամանակ Աբրահամի նման պիտի ըլլանք, եւ ոչ թէ՝ Պօղոսի յիշած անհատներուն նման, որոնց հաւատքը տկարացաւ ու մեռաւ։ Ոչինչ պիտի զատէ մեզ մեր ամենասուրբ հաւատքէն։ (Յուդա 20) Կ’աղօթենք որ ա՛յս ըլլայ պարագան Եհովայի բոլոր ծառաներուն համար, 1999–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին եւ անկէ ետք մինչեւ յաւիտենական ապագան։
Կը յիշէ՞ք
◻ Ներկայիս, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ մտիկ ընել։
◻ Աստուծոյ իմաստալից կերպով աղօթելը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։
◻ Եթէ հնազանդութեամբ հետեւինք Եհովայի առաջնորդութեան, մեր հաւատքը ի՞նչպէս պիտի զօրանայ։
◻ Տարեկան տեղեկագրութեան (էջ 28-31) ո՞ր երեսակները յատկապէս հետաքրքրական գտաք։
[Ցուցակ՝ էջ 28-31]
1998–Ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(Տե՛ս կազմուած հատորը)
[Նկար՝ էջ 24]
Եթէ Եհովայի Խօսքին ականջ տանք, իր խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը պիտի թարմանայ
[Նկար՝ էջ 26]
Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, մեր հաւատքը կը զօրանայ