Աղօթելու համար՝ հաւատարմութեամբ բարձրացնենք մեր ձեռքերը
«Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով [«հաւատարմութեամբ բարձրացնելով իրենց ձեռքերը», ՆԱ]՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2։8
1, 2. (ա) Ա. Տիմոթէոս 2։8–ը ի՞նչպէս կը կիրարկուի Եհովայի ծառաներուն՝ աղօթքի պարագային։ (բ) Հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ԵՀՈՎԱ կ’ակնկալէ որ իր ծառաները հաւատարիմ ըլլան իրեն եւ իրարու հանդէպ։ Պօղոս առաքեալ հաւատարմութիւնը աղօթքի հետ կապեց, երբ գրեց. «Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով [«հաւատարմութեամբ բարձրացնելով իրենց ձեռքերը», ՆԱ]՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։8) Երեւութապէս, Պօղոս կ’ակնարկէր հանրային աղօթքներու, «ամէն տեղ» ուր Քրիստոնեաները կը հաւաքուէին։ Ժողովքային հանդիպումներուն որո՞նք Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթքով պիտի ներկայացնէին։ Միայն սուրբ, արդար, յարգարժան տղամարդիկ, որոնք Աստուծոյ հանդէպ իրենց սուրբ գրային պարտականութիւնները ուշադիր կերպով կը պահէին։ (Ժողովողի 12։13, 14) Անոնք հոգեւորապէս եւ բարոյապէս մաքուր պէտք էր ըլլային եւ աներկբայելիօրէն նուիրուած՝ Եհովա Աստուծոյ։
2 Մանաւանդ ժողովքի երէցները ‘աղօթելու համար հաւատարմութեամբ պէտք է բարձրացնեն իրենց ձեռքերը’։ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ անոնց մատուցած սրտանց աղօթքները Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց կու տան եւ իրենց կ’օգնեն որ վիճաբանութիւններէ ու բարկութեան պոռթկումներէ խուսափին։ Արդարեւ, հանրային աղօթքով քրիստոնէական ժողովքը ներկայացնելու մենաշնորհը ունեցող ոեւէ մարդ բարկութենէ, ատելութենէ եւ Եհովայի ու իր կազմակերպութեան հանդէպ անհաւատարիմ ըլլալէ զերծ պէտք է ըլլայ։ (Յակոբու 1։19, 20) Տակաւին սուրբ գրային ի՞նչ ուղեգծեր կան անոնց համար, որոնք ուրիշներու ի նպաստ հանրային աղօթքներ մատուցանելու մենաշնորհը ունին։ Իսկ ի՞նչ են սուրբ գրային կարգ մը սկզբունքներ, զորս պէտք է կիրարկենք մեր անձնական ու ընտանեկան աղօթքներուն մէջ։
Նախապէս Մտածեցէք Աղօթքի Մասին
3, 4. (ա) Ինչո՞ւ օգտակար է հանրային աղօթք մատուցանելէ առաջ նախապէս մտածել։ (բ) Աղօթքի երկարութեան մասին Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։
3 Եթէ մեզմէ խնդրուի որ հանրութեան դիմաց աղօթենք, հաւանաբար նախապէս առնուազն քիչ մը կը մտածենք մեր աղօթքին մասին։ Ասիկա ընելը կրնայ օգնել մեզի որ կարեւոր նիւթեր շօշափենք, փոխանակ երկար ու անկապ աղօթք մը ընելու։ Անշուշտ, մեր անձնական աղօթքներն ալ կրնանք լսելի ձայնով ընել։ Անոնք կրնան մեր ուզած երկարութեամբ ըլլալ։ Յիսուս իր 12 առաքեալները ընտրելէն առաջ, ամբողջ գիշերը աղօթելով անցուց։ Երբ իր մահուան Յիշատակատօնը կը հաստատէր, սակայն, երեւութապէս հացին ու գինիին համար իր ըրած աղօթքները աւելի կարճ էին։ (Մարկոս 14։22-24. Ղուկաս 6։12-16) Իսկ գիտենք որ Յիսուսի նոյնիսկ կարճ աղօթքները բոլորովին ընդունելի էին Աստուծոյ։
4 Ենթադրենք որ ճաշէ մը առաջ առանձնաշնորհումը ունեցանք ընտանիքի մը համար աղօթք մատուցանելու։ Այսպիսի աղօթք մը կարճ կ’ըլլայ, բայց ի՛նչ որ ըսուի, ուտելիքին համար երախտագիտութիւն պէտք է արտայայտուի։ Եթէ քրիստոնէական ժողովէ մը առաջ կամ վերջ հանրային աղօթք մը ընելու ըլլանք, շատ կէտեր պարփակող երկար աղօթք մը պէտք չէ մատուցանենք։ Յիսուս քննադատեց դպիրները, որոնք «երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն»։ (Ղուկաս 20։46, 47) Բարեպաշտ անհատ մը բնաւ պիտի չուզէր այսպէս աղօթել։ Բայց երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ հանրային աղօթք մը աւելի երկար ըլլայ։ Օրինակ, համաժողովի վերջաւորութեան աղօթելու համար ընտրուած եղբայրը նախապէս պէտք է պատրաստուի եւ թերեւս փափաքի կարգ մը կէտեր յիշել։ Բայց անոնք անգամ չափազանց երկար պէտք չէ ըլլան։
Յարգարժան Կերպով Աստուծոյ Մօտեցէք
5. (ա) Երբ հանրութեան դիմաց կ’աղօթենք, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։ (բ) Ինչո՞ւ մեծարանքով ու յարգալից կերպով պէտք է աղօթենք։
5 Երբ հանրութեան դիմաց կ’աղօթենք, պէտք է յիշենք որ մեր խօսքերը մարդոց ուղղուած չեն։ Այլ, մեղաւոր արարածներ ըլլալով Գերիշխան Եհովա Աստուծոյ կը պաղատինք։ (Սաղմոս 8։3-5, 9. 73։28) Հետեւաբար, մեր ըսած բաներով եւ ըսելու կերպով զինք տհաճեցնելու յարգալից վախ պէտք է յայտնաբերենք։ (Առակաց 1։7) Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ. քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ»։ (Սաղմոս 5։7) Եթէ այս կեցուածքը ունինք, ի՞նչպէս պիտի արտայայտուինք, երբ մեզմէ խնդրուի որ Եհովայի Վկաներու ժողովին մէջ հանրային աղօթք մը մատուցանենք։ Եթէ մարդկային թագաւորի մը խօսելու ըլլայինք, յարգանքով ու պատիւով պիտի խօսէինք։ Արդեօք մեր աղօթքները աւելի մեծարանքով ու յարգալից պէտք չէ՞ ըլլան, քանի որ Եհովայի՝ «յաւիտենականութեան Թագաւոր»ին՝ կ’աղօթենք։ (Յայտնութիւն 15։3, ՆԱ) Ուստի, աղօթքի մէջ պէտք է խուսափինք հետեւեալին նման արտայայտութիւններէ. «Բարի լոյս, Եհովա», «Մեր սէրը կ’ուղարկենք քեզի», կամ՝ «Յաջողութիւն»։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, երբեք այդպէս չխօսեցաւ իր Հօրը հետ։
6. Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, երբ ‘շնորհաց աթոռին կը մօտենանք’։
6 Պօղոս ըսաւ. «Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին»։ (Եբրայեցիս 4։16) Մեղաւոր ըլլալով հանդերձ, կրնանք «համարձակութիւնով» մօտենալ Եհովայի, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին պատճառաւ։ (Գործք 10։42, 43. 20։20, 21) Բայց, այսպիսի «համարձակութիւն» չի նշանակեր որ մենք սարէն ձորէն, կամ անյարգալից կերպով պիտի խօսինք Աստուծոյ հետ։ Մեր հանրային աղօթքները Եհովայի հաճելի ըլլալու համար, պատշաճ յարգանքով ու մեծարանքով պէտք է մատուցանուին, եւ անտեղի պիտի ըլլար աղօթքը գործածել ծանուցումներ ընելու, անհատներ խրատելու կամ ունկնդիրներու խօսք հասկցնելու համար։
Խոնարհ Հոգիով Աղօթեցէք
7. Երբ Սողոմոն Եհովայի տաճարին նաւակատիքին առթիւ կ’աղօթէր, ի՞նչպէս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։
7 Երբ կ’աղօթենք՝ հանրապէս թէ անձնապէս՝ մեր մտքին մէջ պէտք է ունենանք սուրբ գրային այն կարեւոր սկզբունքը թէ մեր աղօթքներուն մէջ խոնարհութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ (Բ. Մնացորդաց 7։13, 14) Սողոմոն Թագաւոր Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին մատուցած իր հանրային աղօթքին մէջ խոնարհութիւն յայտնաբերեց։ Սողոմոն տակաւին նոր աւարտած էր երկրի վրայ ցարդ կառուցուած ամենաշքեղ շինարարութիւնը։ Սակայն ան խոնարհաբար աղօթեց. «Միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս»։—Գ. Թագաւորաց 8։27
8. Հանրութեան դիմաց մատուցուած աղօթքներուն մէջ խոնարհութիւն ցոյց տալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
8 Սողոմոնի նման մենք ալ խոնարհ պէտք է ըլլանք, երբ ուրիշները կը ներկայացնենք հանրային աղօթքի մը մէջ։ Թէեւ կեղծ սրբութեան երեւոյթէ պէտք է խուսափինք, բայց խոնարհութիւնը մեր ձայնի թոնին մէջ կը զգացուի։ Խոնարհ աղօթքները բարձրահնչիւն կամ թատերական չեն։ Անոնք ուշադրութիւնը ոչ թէ անհատին, հապա աղօթքը ուղղուած Էակին կը դարձնեն։ (Մատթէոս 6։5) Աղօթքի մէջ մեր ըսած բաներով ալ խոնարհութիւն ցոյց կու տանք։ Եթէ խոնարհութեամբ աղօթենք, մեր խօսքերը այնպէս մը պէտք չէ հնչեն, որպէս թէ Աստուծմէ կը պահանջենք որ կարգ մը բաներ ընէ մեր ուզած կերպով։ Հապա, Եհովայի պիտի աղաչենք որ իր սրբազան կամքին համաձայն գործի անցնի։ Սաղմոսերգուն պատշաճ կեցուածքի մէջ օրինակ հանդիսացաւ, երբ խնդրեց. «Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր»։—Սաղմոս 118։25. Ղուկաս 18։9-14
Սրտանց Աղօթեցէք
9. Յիսուսի տուած ո՞ր լաւ խրատը կը գտնուի Մատթէոս 6։7–ի մէջ, եւ անիկա ի՞նչպէս կրնայ կիրարկուիլ։
9 Ձեր հանրային կամ անձնական աղօթքները Եհովայի հաճելի ըլլալու համար, անոնք պէտք է ձեր սրտէն գան։ Ուստի, աղօթքի բանաձեւ մը կրկին ու կրկին պէտք չէ կրկնենք, առանց մտածելու մեր ըսածին մասին։ Իր Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս խրատեց. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին»։ Ուրիշ խօսքով, Յիսուս ըսաւ. «Բառեր մի՛ մրթմրթաք. պարապ կրկնումներ մի՛ ընէք»։—Մատթէոս 6։7
10. Նոյն նիւթին մասին կրկին աղօթելը ինչո՞ւ կրնայ պատշաճ ըլլալ։
10 Անշուշտ, երբեմն հարկ կը տեսնենք նոյն նիւթին մասին կրկին ու կրկին աղօթել։ Ատիկա սխալ չէ, քանի որ Յիսուս մեզ յորդորեց. «Շարունակեցէք խնդրել եւ պիտի տրուի ձեզի. շարունակեցէք փնտռել եւ պիտի գտնէք. շարունակեցէք դուռը զարնել եւ պիտի բացուի ձեզի»։ (Մատթէոս 7։7, ՆԱ) Եհովա քարոզչութեան գործը որոշ շրջանի մը մէջ բարգաւաճեցնելուն պատճառաւ, թերեւս նոր Թագաւորութեան Սրահի մը կարիքը կայ։ (Եսայեայ 60։22) Պատշաճ պիտի ըլլայ շարունակաբար ասիկա յիշել մեր անձնական աղօթքներուն մէջ, կամ երբ Եհովայի ծառաներուն ժողովներուն հանրային աղօթքներ կը մատուցանենք։ Այսպիսի կրկնութիւն չի նշանակեր որ մենք ‘պարապ կրկնութիւններ կ’ընենք’։
Երախտագիտութիւնը եւ Փառաբանութիւնը Մի՛ Մոռնաք
11. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն ի՞նչպէս կը կիրարկուի անձնական եւ հանրային աղօթքներուն։
11 Շատեր միա՛յն բան մը խնդրելու համար կ’աղօթեն, բայց Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեզ պէտք է մղէ որ իրեն շնորհակալութիւն յայտնենք ու զինք փառաբանենք մեր անձնական կամ հանրային աղօթքներուն մէջ։ «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Այո, աղաչանքէ ու պաղատանքէ զատ, Եհովայի շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք հոգեւոր եւ նիւթական օրհնութիւններու համար։ (Առակաց 10։22) Սաղմոսերգուն երգեց. «Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ, ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն»։ (Սաղմոս 50։14) Դաւիթի քաղցր երգերէն մէկը հետեւեալ սրտայոյզ բառերը կը պարունակէր. «Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով»։ (Սաղմոս 69։30) Հանրային եւ անձնական աղօթքներու մէջ ալ նոյնը պէտք չէ՞ ընենք։
12. Սաղմոս 100։4, 5–ը ի՞նչպէս կը կատարուի ներկայիս, եւ ի՞նչ բանի համար ուրեմն կրնանք գոհութիւն եւ փառաբանութիւն յայտնել Աստուծոյ։
12 Աստուծոյ մասին սաղմոսերգուն երգեց. «Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Վասն զի Տէրը բարի է. անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ»։ (Սաղմոս 100։4, 5) Ներկայիս, բոլոր ազգերէն մարդիկ կը մտնեն Եհովայի սրբարանին գաւիթները եւ ասոր համար զինք պէտք է փառաբանենք ու իրեն գոհութիւն տանք։ Եհովա Աստուծոյ երախտագիտութիւն կը յայտնէ՞ք ձեր Թագաւորութեան Սրահին համար եւ ձեր գնահատութիւնը ցոյց կու տա՞ք կանոնաւորաբար հոն հաւաքուելով՝ զինք սիրողներուն հետ։ Երբ Սրահ կ’երթաք, ձեր ձայները կը բարձրացնէ՞ք մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը փառաբանութեան ու գոհութեան երգերը սրտանց երգելու համար։
Աղօթելու Համար Բնաւ Մի՛ Ամչնաք
13. Սուրբ գրային ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ թէ պէտք է Եհովայի պաղատինք, նոյնիսկ երբ յանցագործութեան պատճառաւ մենք մեզ անարժան կը զգանք։
13 Ջերմագին պաղատանքով Աստուծոյ պէտք է մօտենանք, նոյնիսկ երբ յանցապարտութեան պատճառաւ աղօթելու արժանի չենք զգար։ Երբ Հրեաները օտար կիներ առնելով մեղանչեցին, Եզրաս ծնրադրեց, իր հաւատարիմ ձեռքերը Աստուծոյ տարածեց ու խոնարհութեամբ աղօթեց. «Ո՛վ Աստուած իմ, կ’ամչնամ ու իմ երեսս քեզի վերցնելու չեմ համարձակիր։ Ո՛վ Աստուած իմ, վասն զի մեր անօրէնութիւնները մեր գլխէն վեր բարձրացան ու մեր յանցանքը մինչեւ երկինք ելաւ։ Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչեւ այսօր . . . Ու մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ գալէն ետքը (թէպէտեւ դուն, ո՛վ Աստուած մեր, մեզ չպատժեցիր մեր մեղքերուն չափ, հապա մեզի այսպէս փրկութիւն տուիր), պէ՞տք էր որ նորէն քու պատուիրանքներդ զանց ընէինք եւ այս գարշելի ազգերուն հետ խնամութիւն ընէինք. միթէ դուն մեզի պիտի չսրդողէի՞ր ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչեւ որ մեզմէ մնացորդ ու ազատուած չմնար։ Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, դուն արդար ես, ատոր համար մենք մինչեւ այսօր ազատ մնացինք. ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջեւդ ենք, թէպէտեւ այս պատճառով քու առջեւդ համարձակ չենք կրնար կենալ»։—Եզրասայ 9։1-15. Բ. Օրինաց 7։3, 4
14. Ինչպէս ցոյց տրուեցաւ Եզրասի օրերուն, Աստուծմէ թողութիւն ստանալու համար ի՞նչ պահանջուած է։
14 Աստուծմէ թողութիւն ստանալու համար, մեր խոստովանութեան պէտք է ընկերակցին զղջում եւ «ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ»ներ։ (Ղուկաս 3։8. Յոբայ 42։1-6. Եսայեայ 66։2) Եզրասի օրերուն մարդիկ իրենց զղջումը յայտնեցին իրենց օտար կիները ետ ղրկելով. անոնք սխալը շտկելու ջանք մը ցոյց տուին։ (Եզրասայ 10։44. համեմատել՝ Բ. Կորնթացիս 7։8-13։) Եթէ լուրջ յանցանքի համար Աստուծմէ թողութիւն կը փնտռենք, թող որ մեր յանցանքը խոստովանինք խոնարհութեամբ մատուցուած աղօթքով եւ զղջումի արժանի գործեր ընենք։ Զղջացող հոգի մը եւ սխալը շտկելու փափաքը մեզ պիտի մղեն որ Քրիստոնեայ երէցներու հոգեւոր օգնութիւնը փնտռենք։—Յակոբու 5։13-15
Աղօթքով Մխիթարուեցէք
15. Աննայի փորձառութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ աղօթքի մէջ մխիթարութիւն կրնանք գտնել։
15 Եթէ պատճառով մը մեր սիրտը վշտի մէջ է, կրնանք աղօթքի մէջ մխիթարութիւն գտնել։ (Սաղմոս 51։17. Առակաց 15։13) Հաւատարիմ Աննա մխիթարութիւն գտաւ։ Ան կ’ապրէր այն ժամանակ երբ Իսրայէլի մէջ սովորական էր բազմանդամ ընտանիք մը ունենալ, բայց ինք անզաւակ էր։ Իր ամուսինը՝ Եղկանան, իր միւս կնոջմէն՝ Փենանայէն, տղաք ու աղջիկներ ունէր եւ Փենանան ծաղր կ’ընէր Աննան իր ամլութեան համար։ Աննա ջերմագին աղօթեց եւ խոստացաւ որ եթէ որդիով մը օրհնուէր, ‘զայն Եհովայի պիտի նուիրէր իր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ’։ Իր աղօթքը ու Հեղի Քահանայապետին խօսքերը զինք մխիթարեցին ու ան ‘երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցուց’։ Աննա մանչ մը ունեցաւ, որու անունը Սամուէլ դրաւ։ Հետագային, զայն Եհովայի սրբարանի ծառայութեան յանձնեց։ (Ա. Թագաւորաց 1։9-28) Իրեն նկատմամբ ցոյց տրուած Աստուծոյ բարութեան հանդէպ երախտապարտ ըլլալով, ան շնորհակալութեան աղօթք մը մատուցանեց, որու մէջ Եհովայի գովքը հիւսեց, որպէս անզուգական։ (Ա. Թագաւորաց 2։1-10) Աննայի նման աղօթքով կրնանք մխիթարուիլ, վստահ ըլլալով որ Աստուած իր կամքին հետ ներդաշնակ եղող բոլոր խնդրանքներուն կը պատասխանէ։ Երբ մեր սիրտը իր առջեւ կը թափենք, այլեւս «հոգ» չընենք, քանի որ ինք մեր բեռը պիտի կրէ կամ մեզի պիտի օգնէ որ զայն կրելու կարող ըլլանք։—Սաղմոս 55։22
16. Ինչպէս ցոյց կու տայ Յակոբի պարագան, ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք երբ կը վախնանք, կամ մտավախութիւն ունինք։
16 Եթէ կացութիւն մը վախ, սրտցաւ կամ մտահոգութիւն կը պատճառէ, անմիջապէս աղօթքով Աստուծոյ մօտենանք մխիթարուելու համար։ (Սաղմոս 55։1-4) Յակոբ վախցաւ, երբ իրմէ պաղած եղբօր՝ Եսաւի պիտի հանդիպէր։ Բայց Յակոբ աղօթեց. «Ո՛վ իմ հօրս Աբրահամին Աստուածը ու իմ հօրս Իսահակին Աստուածը, ո՛վ Տէր, որ ըսիր ինծի՝ ‘Քու երկիրդ ու քու հայրենիքդ դարձիր ու քեզի բարիք ընեմ’. արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ։ Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։ Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չհամրուիր’»։ (Ծննդոց 32։9-12) Եսաւ յարձակում չգործեց Յակոբի ու անոր շրջապատին վրայ։ Հետեւաբար, այդ առիթով Եհովա ‘բարիք ըրաւ’ Յակոբի։
17. Սաղմոս 119։52–ի համաձայն վարուելով, աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ մեզ մխիթարել խիստ փորձութեանց դիմաց։
17 Մեր պաղատանքներուն ընթացքին, կրնանք մխիթարութիւն գտնել, վերյիշելով Աստուծոյ Խօսքին մէջ ըսուած բաները։ Երաժշտութեան վերածուած գեղեցիկ աղօթքի մը մէջ՝ որ ամենէն երկար սաղմոսն է՝ հաւանաբար Եզեկիա Իշխանն էր որ երգեց. «Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի ու մխիթարուեցայ»։ (Սաղմոս 119։52) Երբ խիստ փորձութեան ենթարկուած ենք, խոնարհ աղօթքի մը մէջ կրնանք Աստուածաշունչէն սկզբունք մը կամ օրէնք մը վերյիշել, որ մեզի կրնայ օգնել ընթացքի մը հետեւելու, որու հետեւանքով կը մխիթարուինք, վստահ ըլլալով որ մեր երկնաւոր Հօր հաճելի ենք։
Հաւատարիմները Աղօթքի Մէջ կը Յարատեւեն
18. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ ‘ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ Աստուծոյ’։
18 Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ եղողները ‘ստէպ աղօթքի կը կենան’։ (Հռովմայեցիս 12։12) 32–րդ Սաղմոսին մէջ, որ հաւանաբար Բերսաբէի հետ մեղանչելէն ետք յօրինեց Դաւիթ, ան կը նկարագրէ թողութիւն խնդրելու մէջ թերանալուն պատճառաւ իր զգացած տառապանքը, եւ զղջալէ ու Աստուծոյ խոստովանելէն ետք իր զգացած հանգստութիւնը։ Այն ատեն Դաւիթ երգեց. «Ասոր համար [քանի որ Եհովայի թողութիւնը մատչելի է իրապէս զղջացողներուն] ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի քու գտնուելու ժամանակդ»։—Սաղմոս 32։6
19. Ինչո՞ւ պէտք է աղօթելու համար հաւատարմութեամբ մեր ձեռքերը բարձրացնենք։
19 Եթէ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ կը գուրգուրանք, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ ողորմութիւն ստանալու համար պիտի աղօթենք։ Հաւատքով կրնանք մօտենալ շնորհաց աթոռին, ողորմութիւն եւ ժամանակայարմար օգնութիւն ստանալու համար համարձակութիւն ունենալով։ (Եբրայեցիս 4։16) Բայց աղօթելու շա՜տ պատճառներ ունինք։ Ուստի, ‘անդադար աղօթք ընենք’, շատ յաճախ Աստուծոյ մատուցուած փառաբանութեան եւ երախտագիտութեան սրտանց խօսքերով։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Թող որ ցերեկ ու գիշեր հաւատարմութեամբ մեր ձեռքերը բարձրացնենք աղօթելու համար։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Հանրային աղօթքներուն մասին նախապէս մտածելուն օգուտը ի՞նչ է։
◻ Ինչո՞ւ մեծարանքով ու յարգալից կերպով պէտք է աղօթենք։
◻ Աղօթելու ժամանակ ի՞նչպիսի հոգի պէտք է յայտնաբերենք։
◻ Աղօթելու ժամանակ գոհութիւնը եւ փառաբանութիւնը ինչո՞ւ պէտք չէ մոռնանք։
◻ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ աղօթքները կրնան մխիթարութեան աղբիւր մը ըլլալ մեզի համար։
[Նկար՝ էջ 15]
Սողոմոն Թագաւոր խոնարհութիւն յայտնաբերեց, երբ Եհովայի տաճարի նաւակատիքին համար հանրային աղօթք մը կը մատուցանէր
[Նկարներ՝ էջ 16]
Աննայի նման, կրնաք ձեր աղօթքներէն մխիթարութիւն ստանալ