«Տղամարդիկ որպէս պարգեւներ»՝ Եհովայի ոչխարներուն հոգ տանելու համար
«Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։8, ՆԱ։
1. Քրիստոնեայ քոյր մը իր ժողովքի երէցներուն մասին ի՞նչպէս արտայայտուեցաւ։
«ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ եմ, որ ա՛յսքան հոգ կը տանիք մեզի։ Ձեր ժպիտը, ջերմութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը ա՛յնքան հարազատ են։ Միշտ պատրաստ էք լսող ականջ մը տալու եւ Աստուածաշունչի խօսքերը մեզի հետ բաժնելու՝ մեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար։ Կ’աղօթեմ որ բնա՛ւ չթերագնահատեմ ձեզ»։ Այսպէս գրեց Քրիստոնեայ քոյր մը իր ժողովքի երէցներուն։ Արդարեւ, Քրիստոնեայ հոգածու հովիւներուն սէրը իր սրտին դպած էր։—Ա. Պետրոս 5։2, 3
2, 3. (ա) Եսայեայ 32։1, 2–ի համաձայն, կարեկից երէցներ ի՞նչպէս հոգ կը տանին Եհովայի ոչխարներուն։ (բ) Երէց մը ե՞րբ կրնայ պարգեւ մը նկատուիլ։
2 Երէցները Եհովայի կողմէ հայթայթում մըն են, իր ոչխարներուն հոգ տանելու համար։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Եհովայի ոչխարները սիրելի են իրեն. ա՛յնքան սիրելի՝ որ զանոնք գնեց Յիսուսի թանկագին արիւնովը։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Եհովա կը հաճի, երբ երէցները իր հօտը քնքշութեամբ հովուեն։ (Գործք 20։28, 29) Այս երէցներուն կամ «իշխաններ»ուն մասին տրուած մարգարէական նկարագրութիւն մը նկատի առէք. «Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ»։ (Եսայեայ 32։1, 2, ստորանիշ) Այո, անոնք պէտք է պաշտպանեն, թարմացնեն եւ հանգստացնեն իր ոչխարները։ Այն երէցները, որոնք կարեկցութեամբ կը հովուեն հօտը, Աստուած իրենցմէ ակնկալածին համաձայն ապրելու ջանք թափած կ’ըլլան։
3 Աստուածաշունչը այսպիսի երէցներու ակնարկութիւն կ’ընէ, զանոնք կոչելով «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ»։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ) Երբ պարգեւի մը մասին մտածէք, կը խորհիք բանի մը մասին որ տրուած է կարիք մը լեցնելու, կամ ստացողին ուրախութիւն պատճառելու համար։ Երէց մը պարգեւ կը նկատուի, երբ իր կարողութիւնները գործածէ հարկ եղած օգնութիւնը տալու եւ հօտին ուրախութեան նպաստելու համար։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ ընել։ Պատասխանը, որ կը գտնուի Եփեսացիս 4։7-16–ի Պօղոսի խօսքերուն մէջ, իր ոչխարներուն հանդէպ Եհովայի սիրազեղ հետաքրքրութիւնը կը պանծացնէ։
«Տղամարդիկ Որպէս Պարգեւներ»՝ Ուրկէ՞
4. Սաղմոս 68։18–ի առ ի կատարում, Եհովա ե՞րբ ‘բարձր տեղը ելաւ’, եւ որո՞նք էին «մարդոց կերպով պարգեւներ»ը։
4 Երբ Պօղոս «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» արտայայտութիւնը գործածեց, ան Դաւիթ Թագաւորի խօսքերը կը մէջբերէր, որ Եհովայի մասին ըսած էր. «Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր, պարգեւներ առիր մարդոց համար [«մարդոց կերպով պարգեւներ առիր», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 68։18) Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելէն քանի մը տարի ետք, Եհովա փոխաբերական առումով Սիօն Լերան վրայ, ‘բարձր տեղը ելաւ’ եւ Երուսաղէմը՝ Իսրայէլի թագաւորութեան մայրաքաղաքը ըրաւ, իսկ Դաւիթը՝ անոր թագաւորը։ Սակայն «մարդոց կերպով պարգեւներ»ը որո՞նք էին։ Անոնք երկրին նուաճման ընթացքին գերի առնուած մարդիկն էին։ Այդ գերիներէն ոմանք հետագային Ղեւտացիներուն օգտակար եղան, տաղաւարի գործերուն մէջ անոնց օգնելով։—Եզրասայ 8։20
5. (ա) Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Սաղմոս 68։18–ը կատարում մը ունի քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ կերպով ‘բարձրերը ելաւ’։
5 Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս կը նշէ որ սաղմոսերգուին խօսքերը աւելի մեծ կատարում մը ունին քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Սաղմոս 68։18–ը յարասելով, Պօղոս կը գրէ. «Բայց մեր ամէն մէկուն ալ շնորհք տրուած է Քրիստոսին պարգեւին չափովը։ Անոր համար կ’ըսէ. ‘Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց պարգեւներ [«տղամարդիկ որպէս պարգեւներ», ՆԱ] տուաւ’»։ (Եփեսացիս 4։7, 8) Հոս Պօղոս այս սաղմոսը կը կիրարկէ Յիսուսի, որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչը։ Յիսուս իր հաւատարիմ ընթացքով «աշխարհին յաղթեց»։ (Յովհաննու 16։33) Աստուած զինք մեռելներէն յարուցանելով, ան մահուան ու Սատանային վրայ ալ յաղթանակ տարաւ։ (Գործք 2։24. Եբրայեցիս 2։14) Հ.Դ. 33–ին, յարուցեալ Յիսուս «բոլոր երկինքներէն վեր ելաւ». երկնային միւս բոլոր արարածներէն բարձր։ (Եփեսացիս 4։9, 10. Փիլիպպեցիս 2։9-11) Որպէս յաղթող, Յիսուս «գերիներ» առաւ թշնամիներէն։ Ի՞նչպէս։
6. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, բարձրացած Յիսուսը ի՞նչպէս սկսաւ Սատանայի տունը յափշտակել, եւ ի՞նչ ըրաւ «գերիներ»ուն։
6 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Սատանայի վրայ ունեցած իր զօրութիւնը ցոյց տուաւ, դեւերու կողմէ կապուածները ազատագրելով։ Որպէս թէ Յիսուս Սատանայի տունը մտաւ, զինք կապեց եւ իր կարասիները գրաւեց։ (Մատթէոս 12։22-29) Պահ մը խորհեցէք. յարուցուելէ եւ ‘երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն իշխանութիւն’ ստանալէ ետք, Յիսուս ո՛րքան աւար կրնար հաւաքել։ (Մատթէոս 28։18) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, բարձրացած Յիսուս, որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչը, սկսաւ յափշտակել Սատանայի տունը, ‘գերիներ առնելով’՝ մարդիկ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր մեղքի ու մահուան գերութեան մէջ, ու Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ էին։ Այս «գերիներ»ը իրենց յօժար կամքով ‘Քրիստոսի ծառաներ եղան, սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով’։ (Եփեսացիս 6։6) Իրականութեան մէջ, Յիսուս զանոնք ազատեց Սատանայի իշխանութենէն եւ Եհովայի կողմէ, զանոնք ժողովքին տուաւ՝ «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ»։ Երեւակայեցէք Սատանայի կատաղութիւնը, երբ անոնք իր քթին տակէն յափշտակուեցան եւ ինք չկարողացաւ բան մը ընել։
7. (ա) ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ ի՞նչ հանգամանքով կը ծառայեն ժողովքներուն մէջ։ (բ) Եհովա ի՞նչ պատեհութիւն տուած է որպէս երէց ծառայող իւրաքանչիւր տղամարդու։
7 Ներկայիս ժողովքին մէջ որպէս ‘պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ կը գտնե՞նք։ Անշո՛ւշտ։ Անոնք կը ծառայեն որպէս երէցներ, որոնք ծանր կ’աշխատին որպէս ‘աւետարանիչներ, հովիւներ ու վարդապետներ’, համայն երկրի վրայ Աստուծոյ ժողովուրդին աւելի քան 87,000 ժողովքներուն մէջ։ (Եփեսացիս 4։11) Սատանան չափազանց ուրախ պիտի ըլլար որ երէցները չարաչար վարուէին հօտին հետ։ Բայց Աստուած այս նպատակաւ չէ որ զանոնք Յիսուսի միջոցաւ տուած է ժողովքին։ Այլ, Եհովա այս մարդիկը հայթայթած է ժողովքին բարօրութեան համար, եւ անոնք իրենց վստահուած ոչխարներուն համար համարատու են իրեն։ (Եբրայեցիս 13։17) Եթէ որպէս երէց կը ծառայէք, Եհովա ձեզի հոյակապ պատեհութիւն մը տուած է, որպէսզի ապացուցանէք որ դուք ձեր եղբայրներուն համար պարգեւ մը, օրհնութիւն մըն էք։ Ասիկա կրնաք ընել, չորս կարեւոր պատասխանատուութիւններ կատարելով։
Երբ «Վերաճշդումի» Կարիքը Ըլլայ
8. Բոլորս ալ ժամանակ առ ժամանակ ի՞նչ կերպերով վերաճշդուելու կարիքը ունինք։
8 Նախ՝ «տղամարդիկ որպէս պարգեւ» տրուած են, «սուրբերուն կատարելութեանը [«վերաճշդումին», ՆԱ] համար», կ’ըսէ Պօղոս։ (Եփեսացիս 4։12) «Վերաճշդում» թարգմանուած Յունարէն գոյականը, բան մը «պատշաճ գծի վրայ» բերելու կ’ակնարկէ։ Անկատար արարածներ ըլլալով, բոլորս ալ ժամանակ առ ժամանակ կարիքը ունինք վերաճշդուելու՝ մեր մտածումը, կեցուածքը կամ վարմունքը, Աստուծոյ մտքին ու կամքին հետ «պատշաճ գծի վրայ» բերելու։ Եհովա սիրալիր կերպով հայթայթած է «տղամարդիկ որպէս պարգեւ», հարկ եղած վերաճշդումը ընելու մէջ մեզի օգնելու համար։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ընեն։
9. Երէց մը ի՞նչպէս կրնայ վերաճշդել մոլորած ոչխար մը։
9 Երբեմն, երէցէ մը կը խնդրուի, որ մոլորած ոչխարի մը օգնէ, որ թերեւս ‘յանկարծ ոեւէ յանցանքի մէջ բռնուած է’։ Երէց մը ի՞նչպէս կրնայ օգնել։ «Այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք», կ’ըսէ Գաղատացիս 6։1–ը։ Հետեւաբար, երէց մը երբ կը խրատէ, պէտք չէ մոլորածը կշտամբէ, կոշտ բառեր գործածելով։ Խրատը պէտք է խրախուսէ, եւ ոչ թէ զայն ստացողը ‘վախցնէ’։ (Բ. Կորնթացիս 10։9. համեմատել՝ Յոբայ 33։7։) Անհատը արդէն կ’ամչնայ իր ըրածին համար, ուստի սիրալիր հովիւ մը անոր հոգին ջախջախելէ պէտք է զգուշանայ։ Եթէ յստակ ըլլայ որ տրուած խրատի մը, կամ նոյնիսկ աւելի հաստատ յանդիմանութեան մը ետին սէր կայ, հաւանական է որ մոլորած անհատը իր մտածումը կամ վարմունքը վերաճշդէ, հետեւաբար վերահաստատուի։—Բ. Տիմոթէոս 4։2
10. Ուրիշները վերաճշդելը իր մէջ ի՞նչ կը ներփակէ։
10 Մեր վերաճշդումին համար «տղամարդիկ որպէս պարգեւ» հայթայթելով, Եհովա ի մտի ունէր որ երէցները հոգեւոր գետնի վրայ կազդուրիչ ըլլային եւ իր ծառաներուն կողմէ ընդօրինակուելու արժանի։ (Ա. Կորնթացիս 16։17, 18. Փիլիպպեցիս 3։17) Ուրիշները վերաճշդելը, ոչ միայն սխալ քայլեր առնողները սրբագրել կը ներփակէ, այլ նաեւ՝ հաւատարիմներուն օգնել, որ շիտակ ընթացքի կառչած մնան։a Ներկայ յուսալքիչ բազմաթիւ խնդիրներուն ի տես, շատեր քաջալերութեան պէտք ունին որ հաստատ մնան։ Ոմանք քնքուշ օգնութեան պէտք ունին, իրենց մտածումը Աստուծոյ մտածումին հետ նոյն գծի վրայ բերելու համար։ Օրինակ, կարգ մը հաւատարիմ Քրիստոնեաներ անատակ կամ անարժէք ըլլալու խոր զգացումին դէմ կը պայքարին։ Այսպիսի «վատասիրտներ» կրնան խորհիլ որ Եհովա բնաւ չի կրնար զիրենք սիրել, եւ թէ Աստուծոյ ծառայելու համար իրենց թափած լաւագոյն ջանքերն անգամ իր կողմէ անընդունելի են։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Բայց այս մտածելակերպը, իր երկրպագուներուն հանդէպ Աստուծոյ ունեցած իսկական զգացումին չի համապատասխաներ։
11. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել անարժէք ըլլալու զգացումին դէմ պայքարողներուն օգնելու համար։
11 Ո՛վ երէցներ, ի՞նչ կրնաք ընել այսպիսիներուն օգնելու համար։ Անոնց հետ ազնուութեամբ սուրբ գրային փաստեր նկատի առէք, որոնք կ’ապացուցանեն թէ Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառային հոգ կը տանի, եւ զանոնք վստահեցուցէք որ Աստուածաշունչի այս համարները անձնապէս իրենց կը կիրարկուին։ (Ղուկաս 12։6, 7, 24) Անոնց օգնեցէք որ տեսնեն թէ Եհովա զիրենք ‘քաշած’ է, որ իրեն ծառայեն. անշուշտ անոնց մէջ արժանիք մը տեսած է որ ասիկա ըրած է։ (Յովհաննու 6։44) Անոնց հաւաստիացուցէք որ իրենք առանձին չեն, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր նոյնանման զգացումներ ունեցած են։ Եղիա մարգարէն առիթով մը ա՛յնքան յուսալքուեցաւ որ ուզեց մեռնիլ։ (Գ. Թագաւորաց 19։1-4) Առաջին դարուն, կարգ մը օծեալ Քրիստոնեաներուն ‘սրտերը զիրենք կը մեղադրէին’։ (Ա. Յովհաննու 3։20) Մխիթարական է գիտնալ թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն հաւատարիմ անհատներ «մեզի պէս կրքերու ենթակայ» էին։ (Յակոբու 5։17) Կրնաք ընկճուածներու մասին Դիտարան–էն եւ Զարթի՛ր–էն քաջալերական յօդուածներ վերաքաղ ընել։ Այսպիսիներուն վստահութիւնը վերահաստատելու մէջ ձեր թափած սիրալիր ջանքերը աննկատ պիտի չմնան Աստուծոյ կողմէ, որ ձեզ տուած է ‘որպէս պարգեւներ’։—Եբրայեցիս 6։10
Հօտը ‘Շինել’
12. «Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշէ, եւ հօտը կերտելու բանալին ի՞նչ է։
12 Երկրորդ՝ «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» տրուած են, «Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ (Եփեսացիս 4։12) Հոս Պօղոս պատկերալից լեզու մը կը գործածէ։ ‘Շինել’ը մեզի շինարարութիւն կը յիշեցնէ, իսկ ‘Քրիստոսին մարմինը’ կ’ակնարկէ օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած ժողովքի անդամներուն։ (Ա. Կորնթացիս 12։27. Եփեսացիս 5։23, 29, 30) Երէցները պէ՛տք է օգնեն իրենց եղբայրներուն որ հոգեւորապէս զօրանան։ Անոնց նպատակակէտն է հօտը ‘շինել եւ ոչ թէ քակել’։ (Բ. Կորնթացիս 10։8) Հօտը կերտելու բանալին սէրն է, քանի որ «սէրը շինութիւն կ’ընէ»։—Ա. Կորնթացիս 8։1
13. Ի՞նչ կը նշանակէ կարեկից ըլլալ, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցները կարեկից ըլլան։
13 Կարեկցութիւնը, սիրոյ երեսակներէն մէկն է, որ երէցներուն կ’օգնէ հօտը կերտելու։ Կարեկից ըլլալ կը նշանակէ, ուրիշներուն տեղը զգալ. անոնց խորհուրդներն ու զգացումները ունենալ, անոնց սահմանափակումները նկատի առնել։ (Ա. Պետրոս 3։8) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցներ կարեկից ըլլան։ Ամէն բանէ առաջ, քանի որ Եհովան՝ որ «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» տուած է, կարեկից Աստուած մըն է։ Երբ իր ծառաները կը տառապին, կամ ցաւի մէջ են, ինք անոնց հետ կը զգայ։ (Ելից 3։7. Եսայեայ 63։9) Ան նկատի կ’ունենայ անոնց սահմանափակումները։ (Սաղմոս 103։14) Արդ, երէցները ի՞նչպէս կրնան կարեկցութիւն ցոյց տալ։
14. Երէցները ի՞նչ կերպերով կրնան կարեկցութիւն ցոյց տալ ուրիշներու հանդէպ։
14 Երբ յուսահատած անհատ մը անոնց քով գայ, անոնք մտիկ կ’ընեն, անոր զգացումները հասկնալով։ Անոնք իրենց եղբայրներուն ենթահողը, անձնաւորութիւնը եւ պարագաները կը ջանան հասկնալ։ Անկէ ետք, երբ երէցները կերտիչ սուրբ գրային օգնութիւն տան, ոչխարները աւելի դիւրութեամբ պիտի ընդառաջեն անոր, քանի որ անիկա կու գայ այնպիսի հովիւներէ, որոնք իրապէս հասկացող են եւ իրենց հոգ կը տանին։ (Առակաց 16։23) Կարեկցութիւնը նաեւ կը մղէ երէցները որ նկատի ունենան ուրիշներուն սահմանափակումները եւ անոնցմէ առթած զգացումները։ Օրինակ, կարգ մը խղճամիտ Քրիստոնեաներ կրնան յանցաւոր զգալ, քանի որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելին չեն կրնար ընել, թերեւս յառաջացած տարիքի կամ վատառողջութեան պատճառաւ։ Իսկ միւս կողմէ, ոմանք քաջալերութեան կարիքը կրնան ունենալ, իրենց ծառայութիւնը բարելաւելու համար։ (Եբրայեցիս 5։12. 6։1) Կարեկցութիւնը երէցները պիտի մղէ որ ուրիշները կերտող «ախորժելի խօսքեր» գտնեն։ (Ժողովողի 12։10) Երբ Եհովայի ոչխարները կերտուին եւ մղուին, Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը պիտի դրդէ զիրենք որ իրեն ծառայելու համար իրենց կարելին ընեն։
Միութիւն Յառաջացնող Տղամարդիկ
15. «Հաւատքի ամբողջական միութիւն» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
15 Երրորդ, «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» տրուած են որպէսզի «բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան»։ (Եփեսացիս 4։13, Անթիլիաս) «Հաւատքի ամբողջական միութիւն» կը նշանակէ ոչ միայն հաւատալիքներու մէկութիւն, այլ նաեւ՝ հաւատացեալներու։ Ահաւասիկ ուրիշ պատճառ մը թէ Աստուած ինչո՛ւ «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» տուած է. իր ժողովուրդին մէջ միութիւն յառաջացնելու համար։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ընեն։
16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցներ իրենց մէջ միութիւն ունենան։
16 Նախ՝ անոնք իրարու մէջ միութիւն պէտք է ունենան։ Եթէ հովիւները բաժնուած են, ոչխարները կ’անտեսուին։ Հօտը հովուելու համար տրամադրուելիք թանկագին ժամանակը կրնայ անպէտօրէն վատնուիլ, անկարեւոր նիւթերու շուրջ երկար ժողովներով եւ վէճերով։ (Ա. Տիմոթէոս 2։8) Պայման չէ որ երէցները ինքնաբերաբար համաձայն ըլլան նկատի առնուած բոլոր նիւթերուն հետ, քանի որ անոնք իրարմէ մեծապէս տարբերող անձնաւորութիւններու տէր տղամարդիկ են։ Միութիւնը արգելք չի հանդիսանար որ անոնք իրարմէ տարբեր կարծիքներ ունենան, կամ զանոնք հաւասարակշռուած կերպով արտայայտեն լայնամիտ զրոյցի մը ընթացքին։ Երէցները իրենց միութիւնը կը պահեն, յարգանքով մտիկ ընելով իրարու, առանց կանխադատողութեան։ Իսկ այնքան ատեն որ սուրբ գրային սկզբունք մը չի ոտնակոխուիր, ամէն մէկը պէտք է յօժարի երէցներու մարմինին որոշումին ենթարկուիլ եւ անոր նեցուկ կանգնիլ։ Զիջող հոգի մը ցոյց կու տայ որ անոնք «վերին իմաստութիւն»ով կ’առաջնորդուին, որ «խաղաղարար, հեզ [«բանաւոր», ՆԱ]» է։—Յակոբու 3։17, 18
17. Երէցները ի՞նչպէս կրնան ժողովքը միութեան մէջ պահել։
17 Երէցները ժողովքին մէջ ալ միութիւն յառաջացնելու համար արթուն են։ Երբ վնասակար բամբասանքի, սխալ մղումներ վերագրելու հակումի, կամ կռուազան հոգիի նման պառակտող ազդեցութիւններ խաղաղութեան սպառնան, անոնք անմիջապէս օգտակար խրատներ կու տան։ (Փիլիպպեցիս 2։2, 3) Օրինակի համար, երէցները կրնան տեղեակ ըլլալ որ կարգ մը անհատներ չափազանց քննադատող, կամ իրենց քիթը մտցնելով, ուրիշներուն գործերուն խառնուող են։ (Ա. Տիմոթէոս 5։13. Ա. Պետրոս 4։15) Երէցները պիտի փորձեն այսպիսիներուն օգնել որ անդրադառնան թէ այս ընթացքը Աստուծմէ մեր սորվածներուն հակառակ է եւ թէ «ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։5, 7. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9-12) Սուրբ Գիրքը գործածելով, անոնք պիտի բացատրեն թէ Եհովա շատ բաներ մեր խղճին կը ձգէ եւ թէ ո՛չ մէկս ուրիշները պէտք է դատենք այսպիսի հարցերու շուրջ։ (Մատթէոս 7։1, 2. Յակոբու 4։10-12) Միասնաբար միութեան մէջ ծառայելու համար, ժողովքին մէջ փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի մթնոլորտ մը պէտք է տիրէ։ Հարկ եղած ժամանակ սուրբ գրային խրատներ տալով, ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ մեզի պիտի օգնեն որ մեր խաղաղութիւնը եւ միութիւնը պահենք։—Հռովմայեցիս 14։19
Հօտը Պաշտպանել
18, 19. (ա) ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ որոնցմէ՞ կը պաշտպանեն մեզ։ (բ) Ոչխարները ուրիշ ի՞նչ վտանգներէ պէտք է պահպանուին, եւ երէցները ի՞նչպէս կը վարուին ոչխարները պատշպանելու համար։
18 Չորրորդ՝ Եհովա մեզի «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» կու տայ, որպէսզի չազդուինք ‘մարդոց խաբէութիւնովը եղած ամէն տեսակ վարդապետութենէ, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու’ համար։ (Եփեսացիս 4։14) Կ’ըսուի որ «խաբէութիւն» թարգմանուած բառը բնագրին մէջ կը նշանակէ «Նարտի մէջ խաբել», կամ «զառ նետելու մէջ հմտութիւն»։ Ասիկա մեզի չի՞ յիշեցներ թէ հաւատուրացները որքան ճարտարօրէն կը գործեն։ Խորամանկ պատճառաբանութիւններ գործածելով, անոնք համարներու հետ կը խաղան, փորձելով ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց հաւատքէն հեռացնել։ Երէցները արթուն պէտք է ըլլան այսպիսի «յափշտակող գայլեր»ու նկատմամբ։—Գործք 20։29, 30
19 Եհովայի ոչխարները ուրիշ վտանգներէ ալ պէտք է պաշտպանուին։ Երբեմնի հովիւ Դաւիթը անվախօրէն իր հօրը հօտը կը պաշտպանէր գիշատիչներէ։ (Ա. Թագաւորաց 17։34-36) Ներկայիս ալ, կրնան ըլլալ առիթներ, երբ հոգածու Քրիստոնեայ հովիւներ քաջութիւն պէտք է ցոյց տան հօտը, մասնաւորաբար աւելի տկարները, պաշտպանելու համար, Եհովայի ոչխարներուն հետ չարաչար վարուող կամ զանոնք հարստահարող ոեւէ անհատէ։ Երէցները արագ քայլեր պէտք է առնեն ժողովքէն վերցնելու համար ոեւէ մեղաւոր, որ գիտակցաբար խաբէութիւն, խարդախութիւն եւ բանսարկութիւն կը գործածէ, չարութիւն գործելու համար։b —Ա. Կորնթացիս 5։9-13. համեմատել՝ Սաղմոս 101։7։
20. ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ հոգածութեամբ ինչո՞ւ ապահով կը զգանք։
20 Որքա՜ն երախտապարտ ենք ‘որպէս պարգեւ տրուած այս տղամարդոց’ համար։ Անոնց սիրալիր հոգածութիւնը ապահովութեան զգացում մը կու տայ մեզի, քանի որ անոնք քնքշօրէն մեզ կը վերաճշդեն, սիրալիր կերպով մեզ կը կերտեն, մեր միութիւնը պահպանելու պատրաստակամ են եւ քաջութեամբ մեզ կը պաշտպանեն։ Բայց ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ ժողովքին մէջ իրենց դերը ի՞նչպէս պէտք է նկատեն։ Իսկ մենք ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ որ կը գնահատենք զիրենք։ Յաջորդ յօդուածով նկատի պիտի առնենք այս հարցումները։
[Ստորանիշներ]
a Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ, այս նոյն բայը՝ «վերաճշդել», գործածուած է Սաղմոս 17։5–ի (Արարատ) մէջ, ուր հաւատարիմ Դաւիթ կ’աղօթէ որ իր քայլերը Եհովայի ճամբաներուն մէջ հաստատուէին։
b Օրինակներու համար տես՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1979 (Անգլերէն), «Հարցումներ Ընթերցողներէն», էջ 31-32, եւ՝ 1 Յունուար 1997 (Անգլերէն), «Չարէն Զզուինք», էջ 26-29։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Որո՞նք են ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’, եւ Աստուած ինչո՞ւ Յիսուսի միջոցաւ զանոնք տուած է ժողովքին։
◻ Երէցները հօտը վերաճշդելու իրենց պատասխանատուութիւնը ի՞նչպէս կը կատարեն։
◻ Երէցները ի՞նչ կրնան ընել իրենց հաւատակիցները կերտելու համար։
◻ Երէցները ժողովքին միութիւնը ի՞նչպէս կը պահպանեն։
[Նկար՝ էջ 20]
Կարեկցութիւնը կ’օգնէ երէցներուն որ ընկճուածները քաջալերեն
[Նկար՝ էջ 20]
Երէցներուն միջեւ միութիւնը՝ ժողովքի մէջ միութիւն կը յառաջացնէ