Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 8/1 էջ 26-31
  • Ուրիշները պատուեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշները պատուեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա կը Պատուէ Մարդիկը
  • Յիսուս Պատուեց Ուրիշները
  • Պօղոս Պատուեց
  • Պատուել՝ Մեր Օրերուն
  • Եհովան Պատուել
  • Ով որ պէտք է պատուես՝ պատուէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Հաւատակիցներուն պատիւ տալու մէջ առաջինը կ’ըլլա՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Պատուելու մէջ առաջ կը նետուի՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Թող որ Բոլորս Եհովան եւ Իր Որդին Պատուենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 8/1 էջ 26-31

Ուրիշները պատուեցէք

«Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։10

1, 2. (ա) Մեր խոնարհութիւնը ցոյց տալու համար ի՞նչ վարժութիւն պէտք է մշակենք։ (բ) Աստուածաշունչը յաճախ ի՞նչպէս կը գործածէ «պատիւ» բառը, եւ որո՞նց համար աւելի դիւրին է ուրիշները պատուել։

ՄԵՐ նախորդ յօդուածը Աստուծոյ Խօսքին հետեւեալ խրատին վրայ շեշտ դրաւ. «Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Խոնարհութիւն հագնելու կերպերէն մէկն է ուրիշները պատուելու վարժութիւնը մշակել։

2 «Պատիւ» բառը յաճախ գործածուած է Աստուածաշունչին մէջ, նշելու համար թէ ուրիշներուն հանդէպ յարգանք, մեծարանք ու նկատողութիւն ցոյց պէտք է տանք։ Ուրիշները կը պատուենք անոնց հետ ազնուութեամբ վարուելով, անոնց արժանապատուութիւնը յարգելով, իրենց տեսակէտը մտիկ ընելով, մեզմէ խնդրուած տրամաբանական բաները ընելու պատրաստակամ ըլլալով։ Անոնք որոնք խոնարհ են, սովորաբար ասիկա ընելը դժուար չեն գտներ։ Սակայն անոնք որոնք հպարտ են, անոնց համար կրնայ դժուար ըլլալ անկեղծօրէն պատուել, եւ թերեւս փոխարէն կը ջանան կեղծ շողոքորթութեամբ համակրանք եւ առաւելութիւններ ձեռք ձգել։

Եհովա կը Պատուէ Մարդիկը

3, 4. Եհովա ի՞նչպէս պատուեց Աբրահամը եւ ինչո՛ւ։

3 Պատուելու մէջ Եհովա օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան մարդիկը ազատ կամքով ստեղծեց եւ զանոնք որպէս մարդամեքենաներ չի նկատեր։ (Ա. Պետրոս 2։16) Օրինակ, երբ Աբրահամի ըսաւ որ Սոդոմը պիտի կործանէր խիստ ամբարիշտ ըլլալուն համար, Աբրահամ հարցուց. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես. թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը»։ Եհովա պատասխանեց որ 50 արդարին սիրոյն քաղաքը պիտի խնայէր։ Աբրահամ շարունակեց հեզութեամբ պաղատիլ։ Եթէ՞ 45, 40, 30, 20, 10 հոգի ըլլար։ Եհովա ըսաւ Աբրահամի որ Սոդոմը պիտի չկործանէր եթէ միայն տասը արդար մարդ գտնուէր անոր մէջ։—Ծննդոց 18։20-33

4 Եհովա գիտէր որ Սոդոմի մէջ տասը արդար մարդ անգամ չկար, բայց ինք պատուեց Աբրահամը անոր տեսակէտը մտիկ ընելով եւ անոր հետ յարգալից կերպով վարուելով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ». Աբրահամ «Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ (Ծննդոց 15։6. Յակոբու 2։23) Ասկէ զատ, Եհովա տեսաւ որ Աբրահամ կը պատուէր ուրիշները։ Երբ հողամասի համար վէճ մը ծագեցաւ իր եւ իր զարմիկին՝ Ղովտի հովիւներուն միջեւ, Աբրահամ պատուեց Ղովտը, անոր ըսելով որ նախ ինք ընտրէր իր ուզած շրջանը։ Ղովտ իր աչքին լաւագոյն հողամասը ընտրեց եւ Աբրահամ ուրիշ տեղ գնաց։—Ծննդոց 13։5-11

5. Եհովա ի՞նչպէս պատուեց Ղովտը։

5 Եհովա արդար Ղովտն ալ պատուեց։ Սոդոմը կործանելէն առաջ, ան Ղովտի ըսաւ որ լեռնային շրջան մը փախչի։ Բայց Ղովտ ըսաւ որ չէր ուզեր հոն երթալ. ան կը նախընտրէր մօտակայ Սեգովր քաղաքը, հակառակ անոր որ այդ քաղաքը կործանուելիք շրջանին մաս կը կազմէր։ Եհովա Ղովտի ըսաւ. «Ահա այդ բանին մէջ ալ քու աղաչանքդ ընդունեցի, որ այդ քաղաքը չկորսնցնեմ՝ որուն համար խօսեցար»։ Եհովա պատուեց հաւատարիմ Ղովտը, անոր խնդրանքը կատարելով։—Ծննդոց 19։15-22. Բ. Պետրոս 2։6-9

6. Եհովա ի՞նչպէս պատուեց Մովսէսը։

6 Երբ Եհովա Մովսէսը ետ Եգիպտոս ղրկեց, որպէսզի Իր ժողովուրդը գերութենէ ազատագրէ ու Փարաւոնի ըսէ որ ձգէ ժողովուրդը որ երթայ, Մովսէս պատասխանեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ»։ Եհովա վստահեցուց Մովսէսը. «Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։ Բայց Մովսէս տակաւին կը վարանէր։ Այն ժամանակ, Եհովա հանգստացուց Մովսէսը եւ կարգադրեց որ իր եղբայրը՝ Ահարոնը իր հետ երթայ, որպէս իր բանբերը։—Ելից 4։10-16

7. Եհովա ինչո՞ւ կը պատուէր ուրիշները։

7 Նման պարագաներով, Եհովա ուրիշները՝ մանաւանդ իրեն ծառայողները պատուելու կամեցողութիւն ցոյց տուաւ։ Թէեւ ինչ որ անոնք կը խնդրէին, թերեւս Եհովայի մտադրածէն տարբեր էր, բայց ան նկատի առաւ անոնց խնդրանքները եւ հաշուի առաւ զանոնք, այնքան ատեն որ անոնք չէին խաչաձեւեր իր նպատակը։

Յիսուս Պատուեց Ուրիշները

8. Յիսուս ինչո՞ւ պատուեց շատ հիւանդ եղող կին մը։

8 Յիսուս ուրիշները պատուելու մէջ Եհովան ընդօրինակեց։ Անգամ մը, բազմութեան մէջ կին մը կար, որ 12 տարիէ արիւնահոսութենէ կը տառապէր։ Բժիշկները չէին կրցած բժշկել զինք։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ան արարողական գետնի վրայ անմաքուր էր եւ հոն պէտք չէր գտնուէր։ Ան Յիսուսի ետեւէն գնաց, իր հանդերձին դպաւ ու բժշկուեցաւ։ Յիսուս Օրէնքին առանձնայատկութիւններուն վրայ չկեդրոնացաւ, իր ըրածին համար յանդիմանելով զինք։ Ընդհակառակը, պարագաները գիտնալով, ան պատուեց զինք, ըսելով. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։—Մարկոս 5։25-34. Ղեւտացւոց 15։25-27

9. Յիսուս ի՞նչպէս պատուեց հեթանոս մը։

9 Ուրիշ առիթով մը, Քանանացի կին մը Յիսուսի ըսաւ. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։ Քաջ գիտնալով որ ինք Իսրայէլ ազգին ղրկուած էր եւ ոչ թէ հեթանոսներուն, Յիսուս ըսաւ. «Աղէկ չէ [Իսրայելացի] տղոց հացը առնել ու շուներուն [«շնիկներուն», ՆԱ] [հեթանոսներուն] ձգել»։ Կինը պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Ապա Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Աղջիկը բժշկուեցաւ։ Յիսուս պատուեց այս հեթանոսը, իր հաւատքին պատճառաւ։ Նոյնիսկ իր գործածած «շնիկներ» արտայայտութեամբ՝ փոխանակ վայրի շուներու՝ ան հարցը մեղմացուց եւ իր կարեկցութիւնը ցոյց տուաւ։—Մատթէոս 15։21-28

10. Յիսուս ի՞նչ ազդու դաս մը սորվեցուց իր աշակերտներուն, եւ անիկա ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր։

10 Յիսուս շարունակեց իր աշակերտներուն սորվեցնել որ խոնարհ ըլլան եւ ուրիշները պատուեն, քանի որ անոնք տակաւին եսասիրութեան խնդիր ունէին։ Անգամ մը այս մասին վիճաբանելէ ետք, Յիսուս հարցուց. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ»։ Անոնք լուռ կեցան, քանի որ «իրարու հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին թէ՝ ո՞վ մեծ է»։ (Մարկոս 9։32-34) Իր մահուընէ նոյնիսկ գիշեր մը առաջ, «վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։ (Ղուկաս 22։24) Ուստի, Պասեքի ընթրիքի ընթացքին, Յիսուս «կոնքին մէջ ջուր լեցուց ու սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ»։ Ի՜նչ ազդու դաս մը։ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, Եհովայէ ետք երկրորդ անձնաւորութիւնը ամբողջ տիեզերքին մէջ։ Սակայն, իր աշակերտներուն պատուական դաս մը սորվեցուց՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Ան ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։—Յովհաննու 13։5-15

Պօղոս Պատուեց

11, 12. Պօղոս Քրիստոնեայ մը ըլլալէն ետք ի՞նչ սորվեցաւ, եւ ան ի՞նչպէս այս դասը գործադրեց Փիլիմոնի կապակցաբար։

11 Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսը ընդօրինակելով՝ ինքն ալ ուրիշները պատուեց։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Ան ըսաւ. «Մարդոցմէ փառք չփնտռեցինք, . . . բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-8) Դիեցնող մայր մը հոգ կը տանի իր մանուկին։ Պօղոս Քրիստոնեայ ըլլալէն ետք, սորվեցաւ խոնարհ ըլլալ եւ իր հաւատակիցները պատուեց, անոնց հետ փափկութեամբ վարուելով։ Այսպէս ընելով, անոնց ազատ կամքն ալ յարգեց, ինչպէս կը տեսնուի դէպքէ մը, որ տեղի ունեցաւ, երբ ինք Հռովմի մէջ բանտարկեալ մըն էր։

12 Ոնեսիմոս անունով փախստական ծառայ մը մտիկ ըրաւ Պօղոսի ուսուցումին ու Քրիստոնեայ մը, ինչպէս նաեւ, Պօղոսի բարեկամը եղաւ։ Այս ծառային տէրը Փիլիմոնն էր, որ ինք ալ Քրիստոնեայ մըն էր ու Փոքր Ասիոյ մէջ կ’ապրէր։ Փիլիմոնի յղած նամակի մը մէջ, Պօղոս գրեց որ Ոնեսիմոս որքան օգտակար էր իրեն, ըսելով. «Կ’ուզէի իմ քովս պահել»։ Բայց, Պօղոս՝ Ոնեսիմոսը վերադարձուց Փիլիմոնի, քանի որ ան գրեց. «առանց քու կամքիդ չուզեցի բան մը ընել, որպէս զի քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ»։ Պօղոս իր առաքեալ ըլլալը չօգտագործեց, այլ ան պատուեց Փիլիմոնը, իրմէ չխնդրելով որ Ոնեսիմոսը Հռովմ մնայ։ Ասկէ զատ, ան Փիլիմոնը յորդորեց որ պատուէ Ոնեսիմոսը ու անոր հետ վարուի «ծառայէ վեր, սիրելի եղբօր պէս»։—Փիլիմոն 13-16

Պատուել՝ Մեր Օրերուն

13. Հռովմայեցիս 12։10–ն մեզի կ’ըսէ որ ի՞նչ ընենք։

13 Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք չէ սպասենք որ ուրիշներ առաջ մեզ պատուեն, այլ մենք նախաքայլը պէտք է առնենք։ «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։24. Ա. Պետրոս 3։8, 9) Ուստի, Եհովայի ծառաները առիթներ կը փնտռեն, որպէսզի պատուեն ընտանիքի անդամները, ժողովքի Քրիստոնեայ հաւատակիցները եւ նոյնիսկ ժողովքէն դուրս եղողները։

14. Ամուսին ու կին ի՞նչպէս կրնան զիրար պատուել։

14 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Եհովա կը պարտադրէ որ այրը իր կնոջ հետ վարուի այնպէս, ինչպէս Քրիստոս ժողովքին հետ կը վարուի։ Ա. Պետրոս 3։7–ի մէջ, ամուսինին խրատ տրուած է որ իր կինը ‘տկար անօթի պէս յարգէ’։ Ան կրնայ ասիկա ընել անոր մտիկ ընելու անկեղծ յօժարութիւն ցոյց տալով եւ իր կնոջ թելադրութիւնները նկատի առնելով։ (Ծննդոց 21։12) Ան կրնայ նախապատուութիւնը իր կնոջ նախասիրութիւններուն տալ, երբ սուրբ գրային սկզբունք մը խնդրոյ առարկայ չէ, նաեւ անոր համար բաներ կ’ընէ ու ազնուութեամբ կը վարուի իր հետ։ Իր կարգին, «կինը իր այրէն [պէտք է] ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։33) Կինը մտիկ կ’ընէ իր ամուսնոյն, չի ջանար ամէն բան իր ուզած կերպով ընել, եւ զինք չի պզտիկցներ կամ անընդհատ գանգատիր։ Ան խոնարհութիւն ցոյց կու տայ, չփորձելով իր ամուսնոյն տիրել, նոյնիսկ երբ կարգ մը մարզերու մէջ անկէ բարձր կարողութիւններ ունի։

15. Տարեցներուն ի՞նչ նկատողութիւն ցոյց կը տրուի, եւ անոնք ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջեն։

15 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, կան ոմանք, որոնք մասնաւորաբար պատուի արժանի են, ինչպէս տարեցները։ «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՛»։ (Ղեւտացւոց 19։32) Մասնաւորաբար այսպէս պէտք է վարուիլ անոնց հետ, որոնք երկար տարիներ հաւատարմօրէն ծառայած են Եհովայի, քանի որ «մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ (Առակաց 16։31) Տեսուչները իրենցմէ տարեց Քրիստոնեաները պատուելով օրինակ պէտք է հանդիսանան։ Անշուշտ, տարեցներն ալ պէտք է յարգալից կեցուածք մը ունենան երիտասարդներուն՝ մանաւանդ հօտը հովուելու պատասխանատուութիւնը ունեցողներուն, հանդէպ։—Ա. Պետրոս 5։2, 3

16. Ծնողներ եւ զաւակներ ի՞նչպէս զիրար կը պատուեն։

16 Երիտասարդները պէտք է պատուեն իրենց ծնողները. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։ Իրենց կարգին, ծնողներ պէտք է պատուեն երիտասարդները, քանի որ անոնց ըսուած է որ ‘իրենց զաւակները չբարկացնեն, հապա զանոնք մեծցնեն Եհովայի վարժութիւնովն ու խրատովը’։—Եփեսացիս 6։1-4, ՆԱ. Ելից 20։12

17. Որո՞նք «կրկին պատիւի արժանի» են։

17 Նաեւ, պէտք է պատուել ժողովքին ծառայելու համար ծանր աշխատողները. «Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17) Այս պատիւը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է, ընել ինչ որ ըսուած է Եբրայեցիս 13։17–ի մէջ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք»։

18. Ժողովքէն դուրս եղողներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։

18 Ժողովքէն դուրս գտնուողներն ալ պէ՞տք է պատուենք։ Այո. օրինակի համար, մեզի ըսուած է. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ (Հռովմայեցիս 13։1) Ասոնք աշխարհիկ կառավարիչներ են, որոնք Եհովա թոյլ կու տայ որ իշխանութիւն բանեցնեն, մինչեւ որ իր Թագաւորութիւնը զանոնք փոխարինէ։ (Դանիէլ 2։44) ‘Ուստի կը հատուցանենք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը’։ (Հռովմայեցիս 13։7) Պէտք է ‘ամէնքը պատուենք’։—Ա. Պետրոս 2։17

19. Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն ‘բարիք ընել’ եւ զանոնք պատուել։

19 Ճիշդ է որ ժողովքէն դուրս եղողներն ալ պէտք է պատուենք, բայց նկատի առէք ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը կը շեշտէ. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Անշուշտ, ուրիշներուն ‘բարիք ընելու’ լաւագոյն կերպն է անոնց հոգեւոր կարիքները մշակել ու գոհացնել։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Ասիկա կրնանք ընել Պօղոս առաքեալի վերյիշեցումին ականջ տալով. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ Երբ ամէն առիթ փափկանկատութեամբ կը գործածենք վկայութիւն տալու՝ ‘մեր պաշտօնը կատարելու’ համար, ո՛չ միայն բոլորին բարիք ըրած կ’ըլլանք, այլ զանոնք պատուած ալ կ’ըլլանք։—Բ. Տիմոթէոս 2։15. 4։5

Եհովան Պատուել

20. Ի՞նչ պատահեցաւ Փարաւոնին ու անոր բանակին եւ ինչո՛ւ։

20 Եհովա իր արարածները կը պատուէ։ Ուստի, տրամաբանական է որ մենք ալ մեր կարգին պատուենք զինք։ (Առակաց 3։9. Յայտնութիւն 4։10բ) Եհովայի Խօսքը նաեւ կը նշէ. «Զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ ու զիս արհամարհողները պիտի անարգուին»։ (Ա. Թագաւորաց 2։30) Երբ Եգիպտոսի Փարաւոնին ըսուեցաւ որ ձգէ որ Աստուծոյ ժողովուրդը երթայ, ան գոռոզաբար ըսաւ. ‘Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընեմ’։ (Ելից 5։2) Երբ Փարաւոն իր բանակները ղրկեց, որպէսզի Իսրայելացիները ջախջախեն, Եհովա Կարմիր Ծովուն ջուրերը բաժնեց Իսրայէլի համար։ Բայց երբ Եգիպտացիները անոնց ետեւէն եկան, Եհովա ջուրերը վերադարձուց։ «Ջուրերը ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը»։ (Ելից 14։26-28. 15։4) Ուստի, Եհովան պատուելու Փարաւոնի հպարտ մերժումը աղիտալի վախճանի մը հասցուց զինք։—Սաղմոս 136։15

21. Եհովա ինչո՞ւ Բաղտասարի դէմ էր, եւ ասիկա ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ։

21 Բաբելոնի Բաղտասար Թագաւորը մերժեց Եհովան պատուել։ Գինարբուքի մը ընթացքին, ան Եհովան ծաղրեց Երուսաղէմի տաճարէն բերուած ոսկիէ ու արծաթէ սրբազան անօթներով գինի խմելով, ու այս միջոցին իր հեթանոս չաստուածները գովաբանելով։ Բայց Եհովայի ծառան՝ Դանիէլ անոր ըսաւ. «Քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, . . . այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր»։ Նոյն գիշերը Բաղտասար սպաննուեցաւ, եւ իր թագաւորութիւնը իրմէ առնուեցաւ։—Դանիէլ 5։22-30

22. (ա) Եհովայի բարկութիւնը ինչո՞ւ եկաւ Իսրայէլի առաջնորդներուն եւ անոնց ժողովուրդին վրայ։ (բ) Եհովա որո՞նց հաճեցաւ եւ ի՛նչ արդիւնքով։

22 Հ.Դ. առաջին դարուն, Հերովդէս Թագաւոր ատենաբանութիւն կ’ընէր հանրութեան, եւ անոնք պոռացին. «Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու»։ Սնապարծ թագաւորը չառարկեց, այլ ընդունեց այս փառքը։ «Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար»։ (Գործք 12։21-23) Հերովդէս Եհովան պատուելու տեղ ինքզինք պատուեց եւ մահով զարնուեցաւ։ Այդ ժամանակուան կրօնական առաջնորդները Աստուած անպատուեցին դաւադրելով իր Որդին Յիսուսը սպաննել։ Կարգ մը կառավարիչներ գիտցան թէ Յիսուս ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր, բայց իրենք չէին ուզեր անոր հետեւիլ, «վասն զի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին»։ (Յովհաննու 11։47-53. 12։42, 43) Ազգը, որպէս ամբողջութիւն, Եհովան եւ իր նշանակած Ներկայացուցիչը՝ Յիսուսը չպատուեց։ Որպէս հետեւանք, Եհովա այլեւս չպատուեց զիրենք, թոյլ տալով որ իրենք եւ իրենց տաճարը կործանին։ Բայց ան ողջ պահեց՝ զինք ու իր Որդին պատուողները։—Մատթէոս 23։38. Ղուկաս 21։20-22

23. Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ (Սաղմոս 37։9-11. Մատթէոս 5։5)

23 Բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն ներկայ դրութիւնը կործանելէ ետք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրիլ, պէ՛տք է պատուեն Աստուած եւ իր Որդին՝ Քրիստոս Յիսուսը, եւ անոնց հնազանդին։ (Յովհաննու 5։22, 23. Փիլիպպեցիս 2։9-11) Անոնք որոնք այսպիսի պատիւ մը ցոյց չեն տար, «երկրէն պիտի կորսուին»։ Բայց Աստուած եւ Քրիստոսը պատուող եւ անոնց հնազանդող ուղիղները «երկրի վրայ պիտի բնակին»։—Առակաց 2։21, 22

Վերաքաղ

◻ Ի՞նչ կը նշանակէ ուրիշները պատուել, եւ Եհովա ասիկա ի՞նչպէս ըրաւ։

◻ Յիսուս եւ Պօղոս ուրիշները ի՞նչպէս պատուեցին։

◻ Մեր օրերուն, որո՞նք պատիւի արժանի են։

◻ Եհովան եւ Յիսուսը ինչո՞ւ պէտք է պատուենք։

[Նկար՝ էջ 27]

Եհովա պատուեց Աբրահամը՝ անոր խնդրանքը նկատի առնելով

[Նկար՝ էջ 28]

Յաջող ամուսնութեան մը մէջ, ամուսին ու կին զիրար կը յարգեն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել