Իրապէս հոգացող մէկը կա՞յ
‘Զրկուածներուն արցունքը’ հեղեղ դարձած է։ Ասոնք համայն աշխարհի մէջ անհամար «զրկանքներ» կրող զոհերու արցունքներն են։ Զոհ գացած անհատներ յաճախ կը զգան թէ «մխիթարութիւն տուող չկայ», թէ իրենց մասին իրապէս հոգ ընող մէկը չկայ։—Ժողովողի 4։1
ՀԱԿԱՌԱԿ այս արցունքներու հեղեղին, ոմանք չեն ազդուիր իրենց ընկեր արարածին տառապանքէն։ Անոնք աչք կը խփեն ուրիշ մարդոց վշտին վրայ, ինչպէս ըրին Յիսուս Քրիստոսի առակին մէջի քահանան եւ Ղեւտացին, յարձակումի ենթարկուած, կողոպտուած եւ ճամբուն եզերքը կիսամեռ թողուած մարդուն։ (Ղուկաս 10։30-32) Մինչեւ այն ատեն որ իրենք եւ իրենց ընտանիքները յարաբերաբար լաւ վիճակի մէջ են, անոնք ուրիշներով հետաքրքրուած չեն։ Ուրիշ խօսքով, անոնք կ’ըսեն՝ «Որո՞ւ հոգն է»։
Ասոր վրայ պէտք չէ զարմանանք։ Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց թէ «վերջին օրերը» մարդոցմէ շատեր «անգութ» պիտի ըլլային։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 3) Վիճակները դիտող անհատ մը, զարգացած անհոգ կեցուածքներուն համար ցաւ յայտնելով ըսաւ. «Հոգալու եւ բաժնեկցելու իրլանտական երբեմնի փիլիսոփայութիւնը եւ աւանդութիւնը կը փոխարինուի անձնակեդրոն ըլլալու նոր օրէնքով մը»։ Համայն աշխարհի մէջ, մարդիկ անձնակեդրոն դարձած են, գրեթէ ամբողջովին անտարբեր՝ ուրիշներու դժուարին կացութեան հանդէպ։
Հոգացող Անհատի մը Կարիքը Կայ
Հոգացող անհատի մը իսկական կարիքը կայ։ Զոր օրինակ, պահ մը խորհեցէք Գերմանիոյ մէջ ապրած այն առանձին մարդուն մասին, որ «Ծնունդի օրը իր հեռատեսիլին առջեւ նստած գտնուեցաւ, իր մահուընէ հինգ տարի ետք»։ Կեանքի մէջ իր ունեցած ցաւալի փորձառութիւններէն դառնացած այս «ամուսնալուծուած, անկարող մենակեացին» ոչ մէկը կարօտցած էր, մինչեւ որ լրացաւ դրամատան մէջ իր ունեցած հաշիւը, որմէ իր վարձքը կը վճարուէր։ Իրապէս անով հետաքրքրուող մը չկար։
Խորհեցէք նաեւ, զօրաւոր եւ ագահ հողատէրերու անօգնական զոհերուն մասին։ Շրջանի մը մէջ, շուրջ 200,000 հոգիներ (բնակչութեան մէկ չորրորդը) «ճնշումէ եւ սովէ մահացան», իրենց հողերը բռնագրաւուելէ ետք։ Կամ խորհեցէք այն մանուկներուն մասին, որոնք անհաւատալի բարբարոսութիւններու ականատես եղան։ Տեղեկագրութիւն մը ըսաւ. «[Երկրի մը] մէջ, գազանային բազմաթիւ արարքներու՝ յաճախ ուրիշ անչափահասներու կողմէ գործուած՝ մարդասպանութիւններու, ծեծերու, բռնաբարութիւններու ականատես եղող երախաներու տոկոսը շշմեցուցիչ է»։ Կրնաք հասկնալ թէ այսպիսի անարդարութիւններու զոհ գացած անհատ մը ինչո՛ւ կրնայ արտասուաթոր աչքերով հարց տալ. «Ինձմով իրապէս հետաքրքրուող մէկը կա՞յ»։
Միացեալ Ազգերու մէկ տեղեկագրութեան համաձայն, զարգացման ներքեւ եղող երկիրներու մէջ, 1.3 միլիառ անհատներ օրական մէկ ամերիկեան տոլարէն նուազ եկամուտով ստիպուած են ապրիլ։ Անոնք հարց տուած ըլլալու են թէ՝ իրենցմով հետաքրքրուող մէկը կա՞յ։ Այրիշ Թայմզ–ի մէջ (Անգլերէն) տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ թէ նոյնն է պարագան հազարաւոր գաղթականներու, որոնք «անախորժ երկընտրանքի դիմաց կը գտնուին. թշուառ ճամբարի մը, կամ անհիւրընկալ երկրի մը մէջ մնա՞լ, թէ վերադառնալ պատերազմով կամ ցեղային բաժանումներով պառակտուած հայրենիք մը»։ Նոյն տեղեկագրութիւնը հետեւեալ սարսռազդեցիկ թելադրութիւնը կը պարփակէր. «Ձեր աչքերը փակեցէք, մինչեւ երեք համրեցէք եւ արդէն երախայ մը մահացաւ։ Ասիկա այն 35,000 երախաներէն մէկն է, որ այսօր պիտի մեռնի սնունդի պակասէ կամ կանխարգելիչ հիւանդութենէ մը»։ Զարմանալի չէ որ շատեր յուսալքուած ու դառնացած կ’աղաղակեն։—Համեմատել՝ Յոբայ 7։11
Սկիզբէն ծրագրուած էր որ այսպէ՞ս ըլլար։ Իրապաշտօրէն խօսելով, կա՞յ մէկը որ ոչ միայն կը հոգայ, այլ նաեւ զօրութիւնը ունի տառապանքը դադրեցնելու եւ մարդոց բոլոր վիշտերը ամոքելու։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
A. Boulat/Sipa Press