Օտար դաշտի մը մէջ կրնա՞ք ծառայել
«ՄԻՇՏ կ’երազէի միսիոնար ըլլար։ Որպէս ամուրի երիտասարդ մը, Թէքսասի (Ա.Մ.Ն.) մէջ կը ծառայէի, ուր քարոզիչներու մեծ կարիք կար։ Մեր ամուսնութենէն ետք, կինս ալ միացաւ ինծի։ Երբ մեր աղջնակը ծնաւ, պահ մը խորհեցայ. ‘Երազներս ջուրը ինկան, պիտի չկարենամ միսիոնար ըլլալ’։ Սակայն, Եհովա երազները կ’իրականացնէ, մանաւանդ եթէ անոնք իր կամքին հետ համաձայն են»։—Ճեսսէ՝ ներկայիս իր կնոջ ու երեք զաւակներուն հետ կը ծառայէ Էքուատորի մէջ։
«Երբեք չէի երեւակայեր որ կրնայի այսպիսի բան մը ընել, առանց Գաղաադու միսիոնարական դպրոցին մէջ մարզում ստանալու։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտներէս մէկուն դասախօսութիւն տալը կամ քարոզելը տեսայ, անիկա ինծի մեծ ուրախութիւն պատճառեց, եւ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի որ ինծի այս պատեհութիւնը տուաւ»։—Գարէն՝ Հարաւային Ամերիկայի մէջ ութ տարի ռահվիրայութիւն ըրած ամուրի կին մը։
«Միացեալ Նահանգներու մէջ 13 տարի լիաժամ քարոզիչ մը ըլլալէ ետք, ես ու կինս զգացինք թէ նոր մարտահրաւէրի մը կարիքը ունինք։ Այժմ, որեւէ ժամանակէ աւելի ուրախ ենք. ասիկա հոյակապ ապրելակերպ մըն է»։—Թոմ՝ որ իր կնոջ Լինտային հետ Ամազոնի շրջանին մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընէ։
Այս գնահատական արտայայտութիւնները կու գան այն անհատներէն, որոնց պարագաները չթոյլատրեցին որ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին մէջ միսիոնարական մարզում ստանան։ Այսուհանդերձ, անոնք օտար երկրի մը մէջ ծառայելու ուրախութիւններն ու մարտահրաւէրները վայելեցին։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի եղաւ։ Այս տեսակ ծառայութիւն մը կրնա՞յ ձեզի համար ըլլալ։
Շիտակ Մղում Պէտք Է
Օտար դաշտի մէջ յաջողութիւն գտնելու համար, արկածախնդրութեան հոգի մը ունենալէն աւելին կը պահանջուի։ Անոր մէջ յարատեւողները, շիտակ մղումներով ըրած են զայն։ Պօղոս առաքեալի նման, անոնք իրենք զիրենք պարտական կը նկատեն ոչ միայն Աստուծոյ, այլ՝ նաեւ մարդոց հանդէպ։ (Հռովմայեցիս 1։14) Անոնք կրնային քարոզելու աստուածային պատուէրը կատարել, իրենց բնակած թաղամասին մէջ ծառայելով։ (Մատթէոս 24։14) Բայց պարտական զգալով, մղուեցան օգնութեան հասնիլ բարի լուրը յաճախ լսելու պատեհութիւնը չունեցողներուն։
Աւելի պտղաբեր թաղամասի մը մէջ աշխատելու փափաքը, յաճախ ուրիշ պատշաճ շարժառիթ մըն է։ Մեզմէ ո՞վ ուրիշ ձկնորսի մը յաջողութիւնը տեսնելով, լճակին այն կողմը չի փոխադրուիր։ Նմանապէս, ուրիշ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող բացառիկ յաւելումներու մասին սրտապնդիչ տեղեկագրութիւնները, շատերը քաջալերած են որ երթան հոն՝ ուր «խիստ շատ ձուկեր» կան։—Ղուկաս 5։4-10
Ծախսը Հաշիւ Ըրէք
Շատ մը երկիրներ չեն արտօներ որ կրօնական օտար կամաւորներ աշխարհային գործով մը զբաղին։ Ուստի օտար երկրի մը մէջ ծառայել փափաքողները, սովորաբար նիւթական գետնի վրայ մէկէ մը կախեալ պէտք չէ ըլլան։ Այս նիւթական մարտահրաւէրը ի՞նչպէս դիմակալուած է։ Ոմանք իրենց տունը ծախած կամ վարձու տուած են, հարկ եղած գումարը ձեռք ձգելու համար։ Ուրիշներ իրենց անձնական գործը ուրիշի մը ծախած են։ Ոմանք այդ նպատակը ունենալով, անոր համար դրամ շատցուցած են։ Իսկ ուրիշներ օտար երկրի մը մէջ մէկ կամ երկու տարի ծառայելէն ետք, տուն կը վերադառնան, կ’աշխատին, դրամ կը շատցնեն, ետքը նորէն կը վերադառնան հոն ծառայելու։
Զարգացումի վրայ եղող երկրի մը մէջ ապրելուն անհակաճառելի առաւելութիւնը այն է, որ հոն ապրուստի մակարդակը զարգացած երկրի մը մակարդակէն սովորաբար բաւական ցած է։ Ասիկա թոյլ տուած է որ ոմանք կարենան համեստ թոշակով մը բաւարարուիլ։ Անշուշտ, անհատի մը ծախսերը մեծաւ մասամբ կախեալ են իր ընտրած ապրելակերպի մակարդակէն։ Նոյնիսկ զարգացումի վրայ եղող երկիրներուն մէջ, կարելի է շատ հանգիստ բնակավայրեր գտնել, բայց շատ աւելի սուղ գինով։
Բացայայտօրէն, փոխադրութեան մը ձեռնարկելէ առաջ, պէտք է ծախսը հաշիւ ընէք։ Սակայն, միայն նիւթական ծախսերը հաշիւ ընելէն աւելին պարփակուած է։ Թերեւս, Հարաւային Ամերիկայի մէջ ծառայողներէն ոմանց խօսքերը կրնան լուսաբանել ձեզ։
Մեծագոյն Մարտահրաւէրը
Ֆինլանտայէն՝ Մարգուն կը յիշէ. «Ինծի համար Սպաներէն սորվիլը իսկական պայքար մըն էր։ Խորհեցայ թէ, քանի որ լեզուն չէի գիտեր, բաւական ժամանակ պիտի անցնէր մինչեւ որ կարենայի ծառայել որպէս օգնական ծառայ։ Ի՜նչ անակնկալի եկայ երբ միայն երկու ամիս ետք, ինծմէ խնդրուեցաւ որ գրքի ուսումնասիրութիւն մը վարեմ։ Անշուշտ, նեղի մատնող շատ պահեր եղան։ Մանաւանդ, անուններու հետ դժուարութիւն ունէի։ Օր մը Եղբայր Սանչոյին՝ ‘Եղբայր Չանչօ (խոզ)’ ըսի, եւ բնաւ չեմ մոռնար, երբ Քոյր Սալամաային ‘Մալասաա՝ (ամբարիշտ)’ ըսի։ Բարեբախտաբար, եղբայրներն ու քոյրերը շատ համբերող էին»։ Ի վերջոյ, Մարգուն ութը տարի այդ երկրին մէջ որպէս շրջանային տեսուչ ծառայեց, իր կնոջ Սելինի ընկերակցութեամբ։
Ճեսսէին կինը՝ Քրիս, որու խօսքերէն նախապէս մէջբերեցինք, կը պատմէ. «Կը յիշեմ մեր հոն ըլլալէն հազիւ երեք ամիս ետք, մեր շրջանային տեսուչին առաջին այցելութիւնը։ Կը զգայի որ եղբայրը օրինակներ կը գործածէր եւ գեղեցիկ բաներ կ’ըսէր, փորձելով մեր սրտին հասնիլ, բայց չէի կրնար զինք հասկնալ։ Հոն՝ սրահին մէջ, սկսայ լալ։ Ասոնք պարզ արցունքներ չէին. կը հեծկլտայի։ Ժողովէն ետք, փորձեցի շրջանային տեսուչին բացատրել վարմունքիս պատճառը։ Ան շատ ազնիւ էր եւ ըսաւ ինչ որ ուրիշներ ինծի շարունակ կ’ըսէին, ‘Թէն բասիէնսիա, երմանա’ (‘Համբերէ, քոյրս’)։ Երկու կամ երեք տարի ետք, դարձեալ իրարու հանդիպեցանք, բայց այս անգամ ուրախ էինք որ կրնայինք իրարու հետ հաղորդակցիլ»։
Ուրիշ եղբայր մը կը նշէ. «Սորվիլը կենսական է։ Լեզուն սորվելու համար որքա՛ն ջանք թափենք, այնքան աւելի հաղորդակցելու մեր հմտութիւնները կը բարելաւենք»։
Բոլորն ալ կը համաձայնին որ այսպիսի ջանքեր բազմաթիւ օգուտներ կը բերեն։ Երբ անհատ մը կը ջանայ նոր լեզու մը սորվիլ, խոնարհութիւն, համբերութիւն եւ յարատեւութիւն կը մշակէ։ Նաեւ, բարի լուրը ուրիշներու քարոզելու պատեհութեան հսկայ դուռ մը կը բացուի։ Զոր օրինակ, Սպաներէն սորվիլը անհատը կարող կը դարձնէ լեզու մը խօսելու՝ որ համայն աշխարհի մէջ 400 միլիոն անհատներու կողմէ կը խօսուի։ Շատեր, որոնք հետագային ստիպուեցան իրենց ծննդավայրը վերադառնալ, տակաւին կրնան իրենց իւրացուցած լեզուն գործածել, օգնելով անհատներու որոնց մայրենի լեզուն Սպաներէն է։
Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Տան Կարօտին Մասին
Իր ամուսնոյն հետ Ամազոնի շրջանին մէջ ծառայող Դեբօրա կը յիշէ. «Երբ 1989–ին Էքուատոր եկանք, շատ յաճախ տան կարօտէ կը տառապէի։ Սորվեցայ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ աւելի ապաւինիլ։ Անոնք ընտանիքիս պէս եղան»։
Գարէն, որու սկիզբը ակնարկեցինք, կ’ըսէ. «Տան կարօտին դէմ պայքարեցայ, ամէն օր ծառայութեան մասնակցելով։ Այս կերպով տունս չէի երազեր։ Նաեւ ի մտի ունեցայ, որ ծնողքս օտար դաշտին մէջ կատարած գործունէութիւնովս հպարտ էին։ Մայրս միշտ կը քաջալերէր զիս հետեւեալ խօսքերով. ‘Եհովա կրնայ ինծմէ՛ լաւ հոգ տանիլ քեզի’»։
Ճափոնէն, Մագիգօն կատակով կ’ըսէ. «Դաշտի ծառայութեան մէջ լման օր մը անցընելէ ետք, բաւական յոգնած կ’ըլլամ։ Ուստի, երբ տուն կու գամ ու կը սկսիմ տան կարօտէ տառապիլ, սովորաբար քունի կ’անցնիմ։ Հետեւաբար, այդ զգացումս երկար չի տեւեր»։
Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Զաւակներու Մասին
Երբ խնդրին մէջ զաւակներ պարփակուած են, անոնց կարիքները նկատի պէտք է առնուին, ինչպէս՝ ուսումը։ Այս առնչութեամբ, ոմանք նախընտրած են որ իրենց զաւակները տան մէջ ուսում առնեն, իսկ ուրիշներ զանոնք տեղական դպրոցներու մէջ դրած են։
Էլը՝ իր կնոջ, երկու մանչերով եւ իր մօրը հետ Հարաւային Ամերիկա փոխադրուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Նկատեցինք թէ զաւակները դպրոց դնելը օգնեց, որ անոնք արագօրէն լեզուն սորվին։ Երեք ամսուան մէջ բաւական սահուն կը խօսէին»։ Միւս կողմէ, Մայքի ու Քարիի երկու պատանի տղաքը թղթակցութեամբ դասընթացքներու կը հետեւին պաշտօնապէս ընդունուած դպրոցի մը կողմէ։ Ծնողքը կ’ըսեն. «Նկատեցինք թէ այս տեսակի ուսում, բոլորովին զաւակներուն պէտք չէ ձգուի։ Ստիպուեցանք մե՛նք ալ մասնակցիլ դասընթացքին եւ վստահ ըլլալ որ մանչերը քայլ կը պահեն իրենց նշանակուած ծրագրին հետ»։
Աւստրալիայէն, Տէյվիտ ու Ճանեթա, իրենց երկու մանչերուն մասին, իրենց զգացումները կ’արտայայտեն ըսելով. «Փափաքեցանք որ մեր տղաքը իրենց աչքերով տեսնեն թէ ուրիշները ի՛նչպէս կ’ապրին։ Դիւրին է ենթադրել թէ մեր ունեցած կենցաղը բնական է, բայց իրականութեան մէջ փոքրամասնութիւն մը մեր ապրելակերպը ունի։ Անոնք նաեւ տեսան թէ աստուածպետական սկզբունքները ինչպէս ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ գործնական են, որեւէ երկրի կամ մշակոյթի մէջ»։
Գէն կը յիշէ. «Չորս տարեկան էի երբ ընտանիքս 1969–ին Անգլիան ձգեցին։ Թէեւ յուսախաբ եղայ որ իմ երեւակայած խոտէ տանիքով ու ցեխով շինուած հիւղակի մը մէջ չապրեցանք, բայց զգացի թէ ամենէն հետաքրքրական մանկութիւնը ունեցայ։ Միշտ ուրիշ պզտիկներուն կը մեղքնայի, քանի որ նոյն պատեհութիւնը չունէին։ Միսիոնարներուն եւ մասնաւոր ռահվիրաներուն հետ սերտօրէն ընկերակցելուս պատճառաւ, ինը տարեկանիս օժանդակ ռահվիրայութեան սկսայ»։ Ներկայիս Գէն շրջուն տեսուչ մըն է։
Ճեսսէի դուստրը Կապրիէլլան կ’ըսէ. «Ներկայիս Էքուատորը իրա՛պէս մեր տունն է։ Շատ ուրախ եմ որ ծնողքս հոս գալու որոշում տուին»։
Միւս կողմէ, կարգ մը զաւակներ զանազան պատճառներով չկարողացան յարմարիլ եւ իրենց ընտանիքները ստիպուեցան տուն վերադառնալ։ Այս պատճառաւ, երկիր մը փոխադրուելէ առաջ, հոն այցելութիւն մը տալը տեղին է։ Այսպիսով, նախապէս քաղուած տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով որոշումներ կը տրուին։
Փոխադրութեան Օրհնութիւնները
Արդարեւ, օտար դաշտ մը փոխադրուիլը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ու զոհողութիւններ կը պարփակէ։ Այս փոխադրութիւնները շահաւէտ եղա՞ծ են։ Թոյլ տանք որ փոխադրուողներ իրենք խօսին։
Ճեսսէ. «Ամպաթօ քաղաքին մէջ մեր անցուցած տասը տարուան ընթացքին, ժողովքներուն թիւին 2–էն 11–ի բարձրանալը տեսանք։ Այդ ժողովքներէն հինգ հատին սկսելուն նպաստելու առանձնաշնորհումը ունեցանք, իսկ երկու Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման մասնակցեցանք։ Նաեւ ուրախութիւնը ունեցանք, տարեկան միջին հաշուով Աստուածաշունչի երկու աշակերտներու օգնելու, որ մկրտուելու համար որակելի ըլլան։ Միայն մէկ բանի համար կը զղջամ՝ որ տասը տարի առաջ չեմ եկած հոս»։
Լինտա. «Բարի լուրին եւ մեր ջանքերուն հանդէպ մարդոց գնահատութիւնը մեծապէս կը քաջալերէ մեզ։ Զոր օրինակ, մացառուտ գիւղաքաղաքի մը մէջ, Ալֆոնսօ անունով Աստուածաշունչի աշակերտ մը գիտակցեցաւ թէ որքա՛ն օգտակար պիտի ըլլար եթէ իր շրջանին մէջ հանրային դասախօսութիւններ տրուէին։ Ան տակաւին վերջերս փոխադրուած էր իր նոր կառուցուած փայտաշէն տունը, որու նման գիւղին մէջ միայն քանի մը հատ կային։ Եզրակացնելով թէ իր տունը գիւղաքաղաքին մէջ Եհովայի արժանավայել միակ տունն էր, ան ետ փոխադրուեցաւ իր խոտաշէն հիւղակը եւ իր տունը եղբայրներուն տուաւ որ զայն գործածեն որպէս Թագաւորութեան Սրահ»։
Ճիմ. «Այն ժամանակը զոր մարդոց հետ խօսելու կը տրամադրենք ծառայութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ տրամադրուած ժամանակէն տասը անգամ աւելի է։ Ասկէ զատ, հոս կեանքը աւելի դանդաղ կ’ընթանայ։ Անկասկած, ուսումնասիրութեան եւ դաշտի ծառայութեան համար աւելի ժամանակ կայ»։
Սանտրա. «Երբ տեսնեմ թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ի՛նչպէս անհատները կը բարեփոխէ, անիկա ինծի մեծ գոհունակութիւն կու տայ։ Ատեն մը 69 տարեկան Ամատայի հետ ճշմարտութիւնը ուսումնասիրեցի, որ նպարավաճառի պզտիկ խանութ մը ունէր։ Ան միշտ կաթին մէջ ջուր կը խառնէր, հինգէն մէկ համեմատութեամբ։ Ասկէ զատ ան իր յաճախորդները կը խաբէր, կաթը ծախելու ատեն անոր կշիռքին հետ խաղալով։ Սակայն, Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 13–րդ գլուխին մէջ, ‘Պարկեշտութիւնը Ուրախութիւն կու Տայ’ ենթագլուխը ուսումնասիրելէ ետք, Ամատան այս սխալ սովորութիւններէն հրաժարեցաւ։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր տեսնել անոր մկրտութիւնը, ատկէ ժամանակ մը ետք»։
Գարէն. «Երբե՛ք Եհովայի վրայ այսքան չէի ապաւինած, ոչ ալ իր կողմէ այսքան գործածուած էի, որքան՝ հոս։ Եհովայի հետ իմ բարեկամութիւնս աւելի խորացաւ ու զօրացաւ»։
Ի՞նչ Կրնայ Ըսուիլ Ձեր Մասին
Տարիներու ընթացքին, հազարաւոր Վկաներ ուրիշ երկիր փոխադրուած են, հոն ծառայելու համար։ Ոմանք մէկ կամ երկու տարի կը մնան, ոմանք անորոշ ժամանակ մը։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն իրենց փորձառութիւնը, հոգեւոր հասունութիւնը, եւ նիւթական ստացուածքները, օտար դաշտի մը մէջ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու նպատակաւ։ Անոնք կրցած են ծառայել շրջաններու մէջ, ուր տեղական հրատարակիչները չեն կրնար ծառայել, անգործութեան պատճառաւ։ Շատեր մագլցող ինքնաշարժներ գնած են աշխատելու համար այնպիսի թաղամասերու մէջ, ուր այլ կերպով կարելի չէ հասնիլ։ Քաղաքի կեանքը նախընտրող անհատներ, քիչ երէցներ ունեցող մեծ ժողովքներու կայունացման նպաստած են։ Սակայն, առանց բացառութեան, բոլորն ալ կը հաստատեն թէ իրենց ստացած հոգեւոր օրհնութիւնները շատ աւելի են, քան իրենց զոհած բաները։
Օտար դաշտի մը մէջ ծառայելու առանձնաշնորհումին կրնա՞ք մասնակցիլ։ Եթէ ձեր պարագաները կը թոյլատրեն, ինչո՞ւ այսպիսի քայլ մը առնելու համար ձեր կարելիութիւնները չքննէք։ Առաջին եւ կենսական քայլն է, ձեր ծառայել մտադրած երկրի Ընկերութեան մասնաճիւղին գրել։ Ձեր ստացած մասնայատուկ տեղեկութիւնները պիտի օգնեն ձեզի որ ձեր որոշումին մէջ աւելի յաջողիք։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ գործնական թելադրութիւններ կրնաք գտնել՝ «Քու Երկրէդ եւ Քու Ազգականներէդ Գնա՛» յօդուածին մէջ, Դիտարան 15 Օգոստոս 1988 (Անգլերէն) համարին մէջ։ Պատշաճօրէն ծրագրելով եւ Եհովայի օրհնութեամբ, թերեւս դո՛ւք ալ կրնաք օտար դաշտի մը մէջ ծառայելու ուրախութիւնը վայելել։
[Նկար՝ էջ 24]
ԹՈՄ ԵՒ ԼԻՆՏԱ ԵՐԿԱՐ ՃԱՄԲՈՒ ՄԸ ՎՐԱՅ՝ ՇՈՒԱՐ ՀՆԴԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
[Նկար՝ էջ 25]
ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ ԷՔՈՒԱՏՈՐԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ՝ ԳԻԹՈՅԻ՝ ՄԷՋ
[Նկար՝ էջ 25]
ՄԱԳԻԳՕ՝ ԱՆՏԵԱՆ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՔԱՐՈԶԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿ
[Նկար՝ էջ 26]
ՀԻՊԼԻԿ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՎԵՐՋԻՆ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ, ԷՔՈՒԱՏՈՐԻ ՄԷՋ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ