Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/11 էջ 4-6
  • Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օտար դաշտի մը մէջ կրնա՞ք ծառայել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Փոխադրուէ ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Հոգեւորապէս առողջ մնա, մինչ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • «Փոխադրուի՞մ»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
թծ 8/11 էջ 4-6

Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’

1. Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ Պօղոս եւ իր ընկերակիցները Մակեդոնիա անցնին։

1 Շուրջ մ.թ. 49–ին, Պօղոս առաքեալ Սուրիոյ Անտիոքը ձգեց, միսիոնարական իր երկրորդ ճամբորդութեան համար։ Իր նպատակն էր այցելել Եփեսոսը եւ Փոքր Ասիոյ միւս քաղաքները։ Սակայն, հոգիով–առաջնորդուած հրաւէր մը ստացաւ, որ փոխարէն ‘Մակեդոնիա անցնի’։ Պօղոս եւ իր ընկերակիցները ուրախութեամբ ընդունեցին եւ այդ շրջանին մէջ առաջին ժողովքը հաստատելու առանձնաշնորհումը ունեցան (Գործք 16։9, 10. 17։1, 2, 4)։ Ներկայիս, համաշխարհային դաշտին կարգ մը մասերը, իսկական կարիք ունին աւելի հնձուորներու (Մատ. 9։37, 38)։ Օգնելու ի վիճակի՞ ես։

2. Ոմանք ինչո՞ւ նկատի չեն առած օտար երկիր փոխադրուիլ։

2 Թերեւս Պօղոսի միսիոնարական հոգին ունիս, բայց լրջօրէն չես մտածած օտար երկիր փոխադրուիլ։ Կրնայ ըլլալ որ, զոր օրինակ, քեզի համար հնարաւոր չէ Գաղաադի դպրոցին մէջ մարզուիլ, տարիքիդ պատճառով կամ քանի որ ամուրի քոյր ես եւ կամ քանի որ փոքր երեխաներ ունիս։ Թերեւս չես մտածած օտար երկիր փոխադրուիլ, որովհետեւ ուրիշ լեզու սորվելու ինքնավստահութեան պակաս ունիս։ Կամ կրնայ ըլլալ որ տնտեսական խնդիրներու պատճառաւ, այժմ գաղթական մըն ես եւ կրկին փոխադրուելու կը վարանիս։ Սակայն, աղօթքով խորհրդածելէ ետք, հաւանաբար տեսնես թէ այսպիսի պարագաներ պէտք չէ քեզի արգելք հանդիսանան փոխադրուելու օտար երկիր մը՝ ուր կարիք կայ։

3. Օտար երկրի մէջ յաջողութեամբ քարոզելու համար, միսիոնարական մարզումը ինչո՞ւ պահանջ մը չէ։

3 Միսիոնարական մարզումը պահա՞նջ մըն է։ Ի՞նչ բան կարող դարձուց Պօղոսն ու իր ընկերակիցները որ յաջող ըլլան։ Անոնք Եհովային եւ իր սուրբ հոգիին ապաւինեցան (Բ. Կոր. 3։1-5)։ Ուստի, նոյնիսկ եթէ պարագաներդ չեն ներեր որ մասնաւոր մարզում ստանաս, տակաւին կրնա՛ս օտար երկրի մէջ յաջողութեամբ քարոզել։ Յիշէ նաեւ, թէ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին եւ Ծառայութեան ժողովին միջոցաւ՝ յարատեւ մարզում կը ստանաս։ Իսկ եթէ Գաղաադ կամ նման դպրոց մը յաճախելու նպատակակէտը ունիս, օտար երկիր փոխադրուիլդ՝ միսիոնարական ծառայութիւնը համտեսելու համար, քեզի արժէքաւոր փորձառութիւն պիտի տայ, զոր յետագային կրնաս գործածել՝ եթէ յաւելեալ մարզումի համար ընդունուիս։

4. Ինչո՞ւ տարեցները պէտք չէ ենթադրեն, որ քարոզելու համար չեն կրնար օտար երկիր փոխադրուիլ։

4 Տարեցներ։ Հոգեւորապէս հասուն տարեցները, որոնք որոշ չափով լաւ առողջութիւն ունին, կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ այն երկիրներուն մէջ, ուր կարիք կայ։ Աշխարհային աշխատանքէդ հանգստեան կոչուա՞ծ ես։ Որոշ երկիրներ փոխադրուող անհատներուն համար, նո՛յնիսկ համեստ կենսաթոշակը բաւարար է որ հանգիստ ապրին, քանի որ ապրանքները եւ որակաւոր բժշկական խնամքի գինը աւելի աժան են։

5. Պատմէ՛ հանգստեան կոչուած եղբօր մը փորձառութիւնը, որ օտար երկիր փոխադրուեցաւ։

5 Անգլիախօս երկրէ հանգստեան կոչուած եղբայր մը, որ երէց ու ռահվիրայ է, Ասիոյ հարաւ–արեւելքը գտնուող ժողովրդական զբօսաշրջիկային շրջան մը փոխադրուեցաւ, որպէսզի ինը հրատարակիչներէ բաղկացած անգլիախօս խումբի մը օգնէ։ Խումբը այդ շրջանին մէջ ապրող 30,000 օտարներու քարոզեց։ Երկու տարի չանցած, 50 անհատներ ժողովներուն ներկայ կը գտնուէին։ Եղբայրը գրեց. «Հոս փոխադրուիլս ինծի հոյակապ օրհնութիւններ բերած է։ Ժամանակը չի բաւեր որ նոյնիսկ անոնց մէկ մասը թուեմ»։

6. Պատմէ՛ ամուրի քրոջ մը փորձառութիւնը, որ փոխադրուեցաւ երկիր մը՝ ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կար։

6 Ամուրի քոյրեր։ Եհովա հզօր կերպով քոյրեր գործածած է, որպէսզի բարի լուրը տարածէ երկիրներու մէջ՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ (Սաղ. 68։11)։ Երիտասարդ ամուրի քոյր մը, օտար երկրի մէջ իր ծառայութիւնը ընդարձակելու նպատակակէտ ունէր, սակայն իր ծնողները հասկնալիօրէն իր ապահովութեան նկատմամբ մտահոգ էին։ Ուստի, ան ընտրեց երկիր մը որ քաղաքականօրէն եւ տնտեսականօրէն կայուն էր, մասնաճիւղին նամակ գրեց, եւ օգտակար ու մասնայատուկ տեղեկութիւններ ստացաւ։ Ան այդ երկրին մէջ վեց տարի անցուց, բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելելով։ Ան կը նշէ. «Երկրիս մէջ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու շատ քիչ պատեհութիւններ պիտի ունենայի։ Բայց ծառայելը հո՛ն՝ ուր աւելի կարիք կայ, զիս կարող դարձուց որ շատ մը ուսումնասիրութիւններ վարեմ եւ ի՛րապէս ուսուցանելու կարողութիւնս զարգացնեմ»։

7. Օտար երկիր փոխադրուող ընտանիքի մը փորձառութիւնը պատմէ՛։

7 Ընտանիքներ։ Եթէ զաւակներ ունիս, ատիկա անպայմանօրէն քեզի արգելք կը հանդիսանա՞յ օտար երկիր փոխադրուելու, որ բարի լուրը յառաջ մղես։ Ընտանիք մը՝ որ երկու զաւակներ ունի, ութ տարեկան եւ տասը տարեկան, որոշեց փորձել։ Մայրը իրենց փորձառութեան մասին կը գրէ. «Երախտապարտ ենք որ մեր զաւակները կրցանք հոս մեծցնել, քանի որ անոնք մասնաւոր ռահվիրաներու եւ միսիոնարներու հետ ընկերակցեցան։ Ծառայելով հո՛ն՝ ուր հրատարակիչներու կարիքը աւելի մեծ է, մեր կեանքը ճոխացած է»։

8. Կարելի՞ է օտար երկրի մէջ ծառայել, առանց նոր լեզու մը սորվելու. բացատրէ՛։

8 Լեզուի մտահոգութիւններ։ Օտար լեզու սորվելու գաղափարը քեզ ետ կը պահէ՞ ուրիշ երկիր փոխադրուելէ։ Հաւանաբար քու լեզուդ կը խօսուի ուրիշ երկիրներու մէջ, որոնք Թագաւորութեան յաւելեալ քարոզիչներու կարիք ունին։ Անգլիախօս զոյգ մը մտադրեց փոխադրուիլ սպանախօս երկիր մը, որ հսկայ թիւով անգլիախօս գաղթականներ ունի։ Անոնք մասնաճիւղէն տեղեկացան թէ ո՛ր անգլիախօս ժողովքները օգնութեան կարիք ունէին. ընտրեցին ժողովք մը եւ անոր երկու անգամ այցելեցին։ Ապա իրենց երկրին մէջ մէկ տարի դրամ խնայեցին, իրենց ամսական ծախսերը նուազեցնելով։ Երբ ի վերջոյ փոխադրուելու պատրաստ էին, այդ շրջանի եղբայրները օգնեցին, որ ծախսը–յարմար բնակարան գտնեն։

9, 10. Գաղթականները ի՞նչ բան կրնան նկատի առնել եւ ինչո՞ւ։

9 Գաղթականներ։ Ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ, երկիր մը գաղթա՞ծ ես։ Կրնայ ըլլալ որ հայրենիքիդ մէջ, հնձուորներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Կրնա՞ս նկատի առնել վերադառնալ, որպէսզի ձեռնտու ըլլաս։ Հաւանաբար քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ գործ եւ դիւրութիւններ գտնել, քան՝ օտարերկրացիին։ Դուն արդէն տեղական լեզուն կը խօսիս, եւ մարդիկ աւելի հակամէտ են Թագաւորութեան պատգամը լսելու տեղացիէ մը քան՝ օտարէն։

10 Անհատ մը Ալպանիայէն Իտալիա գաղթեց, լաւ գործ մը ապահովեց, եւ իր ընտանիքին դրամ կը ղրկէր։ Ճշմարտութիւնը ճանչնալէ ետք, ան սկսաւ ալպաներէն սորվեցնել իտալացի մասնաւոր ռահվիրաներու պզտիկ խումբի մը, որ Ալպանիա պիտի փոխադրուէր ծառայելու հո՛ն՝ ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Եղբայրը կը գրէ. «Անոնք կ’ուղղուէին ա՛յն շրջանը՝ որ ես ձգած էի։ Անոնք լեզուն չէին գիտեր եւ հոն երթալու հրճուած էին։ Իմ լեզուս եւ մշակոյթս ալպաներէն ըլլալով, ես ի՞նչ կ’ընէի Իտալիոյ մէջ»։ Եղբայրը որոշեց Ալպանիա վերադառնալ, որպէսզի բարի լուրի տարածման օգնէ։ Ան կ’ըսէ. «Կը զղջա՞մ որ Իտալիոյ մէջ գործն ու դրամ շահիլը ձգեցի։ Ո՛չ իսկ վայրկեան մը։ Ալպանիոյ մէջ, ես իսկական գործ գտայ։ Իմ կարծիքովս, բոլորանուէր կերպով Եհովային ծառայելը, մնայուն ուրախութիւն բերող իրական գործն է»։

11, 12. Օտար երկիր փոխադրուիլ մտադրողները ի՞նչ պէտք է ընեն։

11 Ինչպէ՛ս ընել։ Մակեդոնիա երթալէ առաջ, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները մտադրեցին դէպի արեւմուտք ճամբորդել, բայց «սուրբ հոգին արգիլեց» զանոնք, եւ անոնք դէպի հիւսիս ուղղուեցան (Գործք 16։6)։ Երբ Բիւթանիայի մօտեցան, Յիսուս զիրենք արգիլեց (Գործք 16։7)։ Եհովա Յիսուսի միջոցաւ կը շարունակէ քարոզչութեան վրայ վերահսկել (Մատ. 28։20)։ Հետեւաբար, եթէ կը մտածես օտար երկիր փոխադրուիլ, ջերմեռանդ աղօթքով Եհովայի ուղղութիւնը խնդրէ (Ղուկ. 14։28-30. Յակ. 1։5. տե՛ս «Ինչպէ՛ս գիտնալ թէ նկատի առած երկիրդ կարիք ունի»)։

12 Երէցներէ եւ ուրիշ հասուն քրիստոնեաներէ խնդրէ, որ կարողութիւններուդ մասին իրապաշտօրէն արտայայտուին (Առ. 11։14. 15։22)։ Օտար երկրի մէջ ծառայելու շուրջ մեր հրատարակած նիւթերը կարդա՛, եւ նկատի առած երկիրներուդ մասին պրպտում ըրէ։ Կրնա՞ս քեզ հետաքրքրող երկիրը որոշ ժամանակ մը այցելել։ Եթէ ուրիշ երկիր փոխադրուելու նկատմամբ լուրջ ես, կրնաս յաւելեալ տեղեկութեան համար այդ երկրի մասնաճիւղին գրել, ընթացիկ Տարեգիրք–ին նշած հասցէն գործածելով։ Սակայն, փոխանակ նամակդ ուղղակի մասնաճիւղին ղրկելու, զայն ժողովքիդ երէցներուն յանձնէ, որոնք իրենց ըսելիքները պիտի աւելցնեն, զայն ուղարկելէ առաջ (տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը, էջ 111-112)։

13. Մասնաճիւղը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, սակայն ո՞ր բաները դուն անձամբ պէտք է ընես։

13 Մասնաճիւղը ընտրած երկրիդ մասին օգտակար տեղեկութիւններ պիտի ղրկէ, որպէսզի որոշումներ կայացնելու մէջ քեզի օգնէ, սակայն ի վիճակի չէ երաշխագիր, մնալու թոյլտուութիւն, տեսագիր կամ օրինական այլ փաստաթուղթեր հայթայթելու կամ իջեւան ապահովելու։ Ասոնք անձնական հարցեր են, որոնց բծախնդիր ուշադրութիւն ընծայելու ես՝ փոխադրուելէ առաջ։ Ասկէ զատ, քո՛ւ պատասխանատուութիւնդ է դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն հետ կապի մէջ մնալ, որպէսզի տեսագրին պահանջներուն եւ գործի արտօնագրին մասին տեղեկութիւններ ձեռք ձգես։ Փոխադրուողները պէտք է ի վիճակի ըլլան իրենց անձնական կարիքներուն եւ օրինական պահանջներուն հոգ տանելու (Գաղ. 6։5)։

14. Ի՞նչ զգուշացումներ կան, երբ կ’այցելենք կամ կը փոխադրուինք երկիր մը, ուր մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած է։

14 Երկիրներ՝ ուր մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած է։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, տեղացի եղբայրներն ու քոյրերը իրենց պաշտամունքը զգուշութեամբ կը կատարեն (Մատ. 10։16)։ Այցելող կամ փոխադրուող հրատարակիչները կրնան անգիտակցաբար անտեղի ուշադրութիւն հրաւիրել մեր գործունէութեան վրայ եւ տեղացի եղբայրներուն ապահովութիւնը վտանգել։ Եթէ այսպիսի երկիր կը մտադրես փոխադրուիլ, հաճիս երէցներու մարմինին միջոցաւ տեղական մասնաճիւղին նամակ ուղարկէ, նախքան քայլ առնելը։

15. Անոնք որոնք փոխադրուելու անկարող են, ինչպէ՞ս կրնան տեղականօրէն իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել։

15 Եթէ չես կրնար փոխադրուիլ։ Եթէ ուրիշ երկիր փոխադրուելու ի վիճակի չես, մի՛ վհատիր։ Թերեւս այլ «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բաց է առջեւդ (Ա. Կոր. 16։8, 9)։ Տեղական կարիքները գիտնալով՝ շրջանային տեսուչը կրնայ քեզի օգտակար դառնալ։ Թերեւս կրնաս մօտակայ օտարախօս ժողովքի մը կամ խումբի մը օգնել։ Կամ՝ ներկայ ժողովքիդ մէջ կրնաս ծառայութիւնդ ընդարձակել։ Պարագաներդ ի՛նչ որ ալ ըլլան, կարեւոր բանը այն է՝ թէ պաշտամունքիդ մէջ բոլորանուէր ես (Կող. 3։23)։

16. Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք, երբ անհատ մը փափաքի օտար երկիր փոխադրուիլ։

16 Կը ճանչնա՞ս հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեայ մը, որ օտար երկրի մէջ ծառայելու նպատակակէտ դրած է։ Ուրեմն՝ իրեն աջակցէ՛ եւ քաջալերէ՛։ Երբ Պօղոս Սուրիոյ Անտիոքը ձգեց, ատիկա Հռոմէական կայսրութեան երրորդ մեծ քաղաքն էր (Հռոմէն եւ Աղեքսանդրիայէն ետք)։ Այսպիսի հսկայ թաղամաս ունենալով՝ Անտիոքի ժողովքը հաւանաբար Պօղոսի աջակցութեան կարիք ունէր եւ եթէ ան ճամբորդէր, անոր բացակայութիւնը շատ զգալի պիտի ըլլար։ Սակայն, Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ եղբայրները Պօղոսը վհատեցուցին։ Այնպէս կը թուի թէ կարճատես ըլլալու փոխարէն, անոնք յիշեցին թէ «արտը աշխարհս է» (Մատ. 13։38)։

17. Ի՞նչ պատճառներ կան՝ ‘Մակեդոնիա անցնիլը’ նկատի առնելու համար։

17 Մակեդոնիա անցնելու հրաւէրին ընդառաջելով, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները առատապէս օրհնուեցան։ Երբ անոնք Մակեդոնիոյ Փիլիպպէ քաղաքին մէջ էին, գտան Լիդիան՝ «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ» (Գործք 16։14)։ Երեւակայէ՛ Պօղոսի եւ իր միսիոնարական ընկերակիցներուն ուրախութիւնը, երբ Լիդիան եւ անոր ընտանիքը մկրտուեցան։ Շատ մը երկիրներու մէջ, Լիդիային նման պարկեշտամիտ անհատներ կան, որոնք տակաւին Թագաւորութեան պատգամը չեն լսած։ Եթէ ‘Մակեդոնիա անցնիս’, թերեւս զանոնք գտնելու եւ օգնելու ուրախութիւնը վայելես։

[Շրջանակ՝ էջ 5]

Ինչպէ՛ս գիտնալ թէ նկատի առած երկիրդ կարիք ունի

• Դիմէ՛ ընթացիկ Տարեգիրք–ին։ Մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայէ երկրին բնակչութեան թիւին եւ հրատարակիչներու թիւին։

• Գործածէ՛ ցանկ–ը, երկրին առնչութեամբ յօդուածներ եւ փորձառութիւններ պրպտելու համար։

• Խօսակցէ՛ հրատարակիչներու հետ՝ որոնք երկիրը այցելած կամ հոն ապրած են։

• Եթէ նկատի կ’առնես երկիր մը, ուր կրնաս մայրենի լեզուովդ քարոզել, դիմէ աշխարհիկ աղբիւրներու, զոր օրինակ՝ համացանցը, որպէսզի տեսնես թէ հոն քանի՛ հոգի քու լեզուդ կը խօսի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել