Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/00 էջ 4
  • «Փոխադրուի՞մ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Փոխադրուի՞մ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փոխադրուէ ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Մեծ ու Արդիւնաւոր Դուռը Բացուած Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Հարուստ երկիր մը փոխադրուելուն գինը հաշուեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 9/00 էջ 4

«Փոխադրուի՞մ»

1 Յիսուսի տուած «գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» պատուէրին ընդառաջելով, Եհովայի նուիրուած ծառաներէն շատեր փոխադրուած են շրջաններ, ուր ծառայութեան կարիքը աւելի մեծ է։ (Մատթ. 28։19) Անոնք Պօղոսը կ’ընդօրինակեն, որ ընդառաջեց՝ «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի» կոչին։ (Գործք 16։9) Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ կատարուիլ գործնական կերպով։

2 Քայլ Առ Քայլ Սկսեցէք. Ձեր ժողովքին մէջ հազուադէպօրէն աշխատցուած թաղամասեր կա՞ն։ Եթէ այդ է պարագան, կրնաք ձեր ջանքերը կեդրոնացնել այդ շրջաններուն վրայ։ Ուրիշ շրջան երթալու որոշումը տալէ առաջ, երէցներուն հետ խորհրդակցեցէք, տեսնելու համար թէ, ըստ իրենց, դուք փոխադրուելու պատրա՞ստ էք։ Կրնաք ձեր շրջանային տեսուչին ալ հարցնել, թէ մօտակայ ժողովք մը գիտէ՞ ուր կրնաք ձեր ծառայութիւնը ընդլայնել։ Միւս կողմէ, ծախսը ուշադրութեամբ հաշիւ ընելէ ետք, թերեւս ուզէք ձեր երկրին ուրիշ մէկ մասին, կամ օտար երկրի մը մէջ ծառայել։ Եթէ այս է ձեր փափաքը, դուք եւ ձեր երէցներու մարմինը պէտք է նամակ մը գրէք ձեր նախասիրած երկրին մասնաճիւղի գրասենեակին, ձեր աստուածպետական փորձառութիւնը ուրուագծելով։ Ձեր կողմէ խոհեմութիւն պիտի ըլլայ այդ շրջանը այցելել, մնայուն կերպով հոն փոխադրուիլ որոշելէ առաջ։

3 Գաղթելու Հարցին Մէջ Զգոյշ Եղէ՛ք. Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով եղբայրներ ուրիշ երկիրներ կը փոխադրուին, կա՛մ աւելի լաւ կենսամակարդակ, կա՛մ՝ հարստահարութենէ ազատութիւն որոնելով։ Այդ միջոցին, ոմանք զեղծարար անհատներու զոհ կը դառնան, որոնք կը խոստանան իրենց օգնել նոր երկրին մէջ հաստատուելու համար, սակայն անոնց դրամը կը շորթեն, ապա զանոնք կը լքեն։ Կարգ մը պարագաներու, այսպիսի անհատներ նոյնիսկ կը ջանան գաղթականները անբարոյ ծառայութիւններու մղել։ Երբ մերժեն համակերպիլ, անոնք իրենց իջեւանած երկրին ողորմութեան կը ձգուին։ Հետեւաբար, գաղթականներուն կացութիւնը աւելի կը վատթարանայ, քան ինչ որ էր իրենց ծննդավայրին մէջ։ Անոնք նոյնիսկ կրնան եղբայրներէն խնդրել որ իրենց համար բնակարան հայթայթեն եւ այլ կերպերով օգտակար ըլլան, ծանրաբեռնելով ուրիշ Քրիստոնեայ ընտանիքներ, որոնք իրենց անձնական խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն հետ կը մաքառին։ Կարգ մը ընտանիքի անդամներ ֆիզիքապէս իրարմէ զատուած են, իսկ ոմանք ալ հոգեւորապէս տկարացած են այսպիսի անխոհեմ փոխադրութեան մը պատաճառաւ։—Ա. Տիմ. 6։8-11

4 Եթէ կը փափաքիք անձնական շահու համար փոխադրուիլ, ի մտի ունեցէք թէ ո՛ւր որ ալ ապրիք, խնդիրներ կան զորս պիտի դիմագրաւէք։ Աւելի դիւրին է խնդիրները յաղթահարել հո՛ն ուր արդէն քաջածանօթ էք լեզուին եւ մշակոյթին, քան՝ անծանօթ շրջապատի մը մէջ սկիզբէն սկսիլ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել