Աստուածաշունչը մեր օրուան կենսական հարցումներուն կը պատասխանէ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ գործնակա՞ն է ներկայիս։ Որպէսզի պատասխանը այո ըլլայ, վստահաբար այս դարաւոր մատեանը իր ընթերցողներուն ուղղութիւն պէտք է ներկայացնէ, ընթացիկ եւ գործնական նիւթերու շուրջ։ Աստուածաշունչը ներկայ աշխարհին մէջ իսկական կարեւորութիւն ունեցող նիւթերու շուրջ օգտակար խրատներ կը հայթայթէ՞։
Նկատի առնենք երկու ընթացիկ հարցեր եւ քննենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս հարցերուն շուրջ։
Աստուած Տառապանքը Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ
Այժմ աշխարհի մէջ տիրող վիճակներուն ի տես, ամենէն շատ հարցուած հարցումներէն մէկն է. Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ որ անմեղ մարդիկ տառապին։ Այս հարցումը արդարացի է, քանի որ հետզհետէ աւելի շատ անհատներ կ’ազդուին վայրագ ոճիրէ, եղծանումէ, ջարդէ, ողբերգութենէ, եւ այլ բաներէ։
Օրինակ, 1998–ի Յունիսին հիւսիսային Գերմանիոյ մէջ, ճեպընթաց մը կամուրջի մը զարնուեցաւ, հարիւրէ աւելի ճամբորդներ սպաննելով։ Վիրաւորներուն ու մեռեալներուն հոգ տանող փորձառու բժշկական խնամակալներն ու հրշէջներն իսկ, պատահած կոտորածէն ընդվզեցան։ Աւետարանչական Եկեղեցիի եպիսկոպոս մը հարց տուաւ. «Սիրելի Աստուած, ասիկա ինչո՛ւ պէտք էր պատահէր»։ Եպիսկոպոսը պատասխան չունէր տալիք։
Փորձառութիւններ ցոյց կու տան որ երբ անմեղ մարդիկ չարիքի հանդիպին, առանց պատճառը գիտնալու, երբեմն կը դառնանան։ Հոս է որ Աստուածաշունչը օգնութեան կրնայ հասնիլ, քանի որ անիկա կը բացատրէ թէ անմեղ մարդիկ ինչո՛ւ չարութեան եւ տառապանքի կ’ենթարկուին։
Երբ Եհովա Աստուած երկիրը ու անոր վրայ բոլոր բաները ստեղծեց, ան չմտադրեց որ մարդկութիւնը չարութեամբ եւ տառապանքով տագնապէր։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։ Քանի որ իր ստեղծագործութիւնը աւարտելէն ետք, «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։ (Ծննդոց 1։31) Դուք ձեզի հարց տուէք, ‘Եթէ չար բան մը տեսնէի, զայն «շատ բարի» պիտի կոչէի՞’։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Նոյնպէս, երբ Աստուած ամէն բան «շատ բարի» կոչեց, երկրի վրայ չարութեան հետքն իսկ չկար։ Ուստի չարութիւնը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս սկսաւ։
Մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամի ու Եւայի՝ ստեղծագործութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, զօրաւոր հոգեղէն արարած մը կնոջ մօտեցաւ եւ Եհովայի ճշմարտախօս ըլլալուն եւ իր գերիշխանութեան իրաւունքին դէմ ասպարէզ կարդաց։ (Ծննդոց 3։1-5) Այս արարածը, Բանսարկու Սատանան, հետագային պնդեց թէ հակառակութեան դիմաց մարդիկ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնային։ (Յոբայ 2։1-5) Եհովա այս կացութեան ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան թոյլ տուաւ որ ժամանակ անցնէր, որպէսզի պարզուէր թէ մարդիկ իրմէ անկախ չեն կրնար իրենց քայլերը յաջողութեամբ ուղղել։ (Երեմեայ 10։23) Երբ արարածներ Աստուծոյ օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հակառակ գործեն, հետեւանքը մեղք կ’ըլլայ, որ իր կարգին վնասակար վիճակներ յառաջ կը բերէ։ (Ժողովողի 8։9. Ա. Յովհաննու 3։4) Սակայն, հակառակ այս անախորժ վիճակներուն, Եհովա գիտէր թէ մարդոցմէ ոմանք իրեն հաւատարիմ պիտի մնային։
Եդեմի մէջ պատահած այդ ցաւալի ըմբոստութենէն ի վեր, շուրջ 6,000 տարիներ անցած են։ Ասիկա երկա՞ր կը թուի։ Եհովա կրնար դարեր առաջ կործանել Սատանան եւ իրեն թիկունք կանգնողները։ Սակայն լաւ չեղա՞ւ որ Եհովա սպասեց մինչեւ որ իր գերիշխանութեան իրաւունքին եւ իրեն հանդէպ մարդոց ուղղամտութեան նկատմամբ ամէն կասկած փարատի։ Ճիշդ չէ՞ որ ներկայ դատական ատեաններու մէջ, անհատի մը շիտակ կամ սխալ ըլլալը փաստելու համար, դատ մը տարիներ կ’երկարի։
Տիեզերական գերիշխանութիւնը եւ մարդոց ուղղամտութիւնը պարփակող Եհովայի ու մարդկութեան դիմագրաւած հարցերուն կարեւորութեան ի տես, Աստուծոյ կողմէ որքա՜ն իմաստութիւն էր թոյլատրել որ ժամանակ անցնէր։ Հիմա, յստակօրէն կը տեսնենք թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մարդիկ Աստուծոյ օրէնքները անտեսեն եւ հարցերը իրենց ձեռքը առնեն։ Հետեւանքը կ’ըլլայ համատարած չարութիւն։ Այս պատճառաւ է որ այսքան անմեղ մարդիկ կը տառապին այսօր։
Բարեբախտաբար սակայն, Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ թէ չարութիւնը յաւիտեան պիտի չգոյատեւէ։ Իրականութեան մէջ, Եհովա շուտով չարութեան եւ զայն պատճառողներուն վերջ պիտի դնէ։ Առակաց 2։22–ը կ’ըսէ. «Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։ Իսկ, Աստուծոյ հաւատարիմ եղողները կրնան ակնկառոյց սպասել այն ժամանակին որ շատ մօտ է, երբ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։4
Հետեւաբար, Աստուածաշունչը յստակօրէն կը բացատրէ թէ անմեղները ինչո՛ւ կը տառապին։ Անիկա նաեւ կը հաւաստիացնէ մեզ թէ չարութիւնը եւ տառապանքը շուտով վերջ պիտի գտնեն։ Սակայն, մինչ կեանքի ներկայ դժուարութիւնները կը դիմագրաւենք, ուրիշ կենսական հարցում մըն ալ պատասխանի կը կարօտի։
Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը
Մարդկութեան պատմութեան մէջ, թերեւս որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա՛ է որ մարդիկ կը փորձեն գտնել թէ ի՛նչ է կեանքին նպատակը։ Շատեր իրենք իրենց հարց կու տան, ‘Ինչո՞ւ կ’ապրիմ։ Ի՞նչպէս կրնամ կեանքիս մէջ նպատակ մը գտնել’։ Այլ պարագաներ կը մղեն որ անոնք այսպիսի հարցեր տան։
Անհատի մը կեանքը կրնայ խորտակուիլ անձնական ողբերգութեան մը պատճառաւ։ Օրինակ, 1998–ի սկիզբը, Պավարիա, Գերմանիա, ապրող 12 տարեկան աղջնակ մը առեւանգուեցաւ ու սպաննուեցաւ։ Տարի մը ետք, անոր մայրը խոստովանեցաւ որ ամէն օր իր ժամանակը կ’անցընէր կեանքին մէջ նպատակ մը փնտռելով, բայց ի զուր։ Պատանիներէն ոմանք կեանքի իմաստին շուրջ հարց կու տան։ Անոնք ապահովութիւն, արդիւնաբերութիւն ու պատկանելիութեան զգացում կը փնտռեն, բայց համատարած կեղծաւորութիւնն ու եղծանումը զիրենք յուսախաբ կ’ընեն։ Ուրիշներ իրենց կեանքը կը կերտեն ասպարէզի մը շուրջ, սակայն կ’անդրադառնան որ հեղինակութիւնը, համբաւը ու ստացուածքը իրենց գոյութեան համար նպատակ գտնելու իրենց ներքին տենչին գոհացում չեն տար։
Կեանքի նպատակին շուրջ հարց տալու անհատի մը պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այս հարցումը լուրջ եւ գոհացուցիչ պատասխանի կը կարօտի։ Անգամ մը եւս, Աստուածաշունչը կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ այս առնչութեամբ։ Անիկա Եհովան կը բնորոշէ որպէս նպատակի տէր Աստուած մը, Աստուած մը որ իր ըրած բոլոր բաներուն համար լաւ պատճառներ ունի։ Հարց կու տանք. Առանց պատճառի տուն մը պիտի շինէի՞ք։ Հաւանաբար ոչ, քանի որ տուն մը շինելը մեծ ներդրումի կը կարօտի եւ ամիսներ կամ տարիներ կրնայ տեւել։ Տուն մը կը շինէք որպէսզի դուք կամ ուրիշ մէկը անոր մէջ բնակի։ Միեւնոյն տրամաբանութիւնը կրնայ կիրարկուիլ Եհովայի պարագային։ Ան երկիրը ու անոր վրայ ապրող բոլոր բաները չստեղծեց, առանց պատճառ մը, կամ նպատակ մը ունենալու։ (Համեմատել՝ Եբրայեցիս 3։4) Երկրի համար ի՞նչ է իր նպատակը։
Եսայիի մարգարէութիւնը Եհովան կը բնորոշէ որպէս «այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց»։ Արդարեւ, ան երկիրը «հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց»։ (Եսայեայ 45։18) Այո, երկիրը ստեղծուելէն ի վեր, Եհովայի նպատակը եղած է զայն բնակեցնել։ Սաղմոս 115։16–ն կ’ըսէ. «Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ»։ Ուստի, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Եհովա երկիրը ստեղծեց, որպէսզի հնազանդ մարդոցմով բնակուի, որոնք հոգ պիտի տանէին անոր։—Ծննդոց 1։27, 28
Ադամի ու Եւայի ըմբոստութիւնը պատճառ եղա՞ւ որ Եհովա իր նպատակը փոխէ։ Ո՛չ։ Ի՞նչպէս կրնանք այսքան վստահ ըլլալ։ Նկատի առէք հետեւեալ կէտը. Աստուածաշունչը գրուեցաւ Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն հազարաւոր տարիներ ետք։ Եթէ Աստուած իր սկզբնական նպատակէն հրաժարած է, ինչո՞ւ ասիկա յիշուած չէ Աստուածաշունչին մէջ։ Բացայայտ եզրակացութիւնը այն է թէ երկրի ու մարդկութեան համար իր նպատակը չէ փոխուած։
Ասկէ զատ, Եհովայի նպատակը երբեք չի ձախողիր։ Եսայիի միջոցաւ Եհովա հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։10, 11
Աստուած Ի՛նչ կ’Ակնկալէ Մեզմէ
Բացայայտօրէն ուրեմն, երկիրը հնազանդ մարդոցմով յաւիտեան բնակեցնելու Աստուծոյ նպատակին իրագործման կրնանք վստահիլ։ Եթէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու առանձնաշնորհումը ունեցողներէն մէկը պիտի ըլլանք, պէտք է իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին ըսածը ընենք. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13. Յովհաննու 17։3
Մարդկութեան համար Եհովայի ունեցած նպատակներուն հետ ներդաշնակ ապրիլ կը նշանակէ, ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալ եւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յիշուած անոր պահանջներուն համակերպիլ։ Եթէ հիմա՛ ասիկա ընենք, կրնանք դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը սնուցանել, ուր Աստուծոյ եւ իր սքանչելի ստեղծագործութեան մասին նոր բաներ սորվելէ պիտի չդադարինք։ (Ղուկաս 23։43) Ի՜նչ խայտալի հեռանկար մը։
Կեանքի մէջ նպատակ փնտռողներէն շատեր Աստուածաշունչին կը դիմեն ու հիմա իսկ մեծ ուրախութիւն կը գտնեն։ Ալֆրէտ կոչուած երիտասարդ մը, զոր օրինակ, կեանքին մէջ իմաստ մը չէր կրցած գտնել։ Պատերազմի մէջ կրօնքին միջամտութիւնը զինք զզուեցուցած էր, իսկ քաղաքականութեան մէջ եղած կեղծաւորութիւնը եւ ապականութիւնը զինք կ’անհանգստացնէին։ Ալֆրէտ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հնդիկներուն այցելեց կեանքի նպատակին մասին լուսաւորուելու յոյսով, բայց յուսախաբ եղած վերադարձաւ Եւրոպա։ Յուսահատութեան մատնուած, թմրեցուցիչի եւ անզուսպ երաժշտութեան դիմեց։ Սակայն հետագային, Աստուածաշունչի կանոնաւոր եւ ուշադիր հետազօտութիւն մը օգնեց Ալֆրէտին որ կեանքի իսկական նպատակը գիտնայ եւ գոհացում գտնէ։
Վստահելի Լոյս՝ Մեր Ճամբուն Համար
Հետեւաբար, Աստուածաշունչին մասին ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Անիկա ներկայիս գործնակա՞ն է։ Արդարեւ, այո՛, քանի որ ընթացիկ հարցերուն շուրջ առաջնորդութիւն կը մատուցանէ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ չարութիւնը Աստուծմէ չէ եւ մեզի կ’օգնէ որ կեանքի մէջ գոհացուցիչ նպատակ մը գտնենք։ Ասկէ զատ, ներկայիս մեզ մեծապէս հետաքրքրող ուրիշ հարցերու շուրջ ալ Աստուածաշունչը շատ բան ունի ըսելիք։ Աստուծոյ Խօսքը կը խօսի ամուսնութեան, զաւկի դաստիարակութեան, մարդկային յարաբերութիւններու եւ մեռելներուն համար յոյսի նման նիւթերու շուրջ։
Հաճեցէք Աստուածաշունչի բովանդակութիւնը մօտէն քննել, եթէ ասիկա ցարդ ըրած չէք։ Անգամ մը որ կեանքի համար անոր տուած ուղեգծերուն իսկական արժէքը ըմբռնէք, թերեւս դուք ալ սաղմոսերգուին նման զգաք, որ առաջնորդութեան համար Եհովայի դիմեց՝ երգելով. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։—Սաղմոս 119։105
[Նկար՝ էջ 6]
Գիտէ՞ք թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ անմեղ մարդոց տառապանքը
[Նկար՝ էջ 7]
Կրնա՛ք նպատակ ունեցող կեանք մը վայելել