Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 12/1 էջ 20-24
  • Մեր ծնողքը մեզի սորվեցուց աստուած սիրել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր ծնողքը մեզի սորվեցուց աստուած սիրել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անոնք Աստուածաշունչի Ճշմարտութիւնը կը Սորվին
  • Իրենց Սորվածին Համաձայն կը Գործեն
  • Մեզի Ճշմարտութիւնը կը Սորվեցնեն
  • Սելմայի Մէջ Խուժանային Յարձակում
  • Դէպի Գաղաադու Միսիոնարական Դպրոց
  • Ծնողքիս Հետ Միսիոնարական Ծառայութիւն
  • Մեր Ծնողներուն Հոգատարութիւնը
  • Աստուծոյ եւ մօրս հետ խաղաղութիւն ունեցայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 12/1 էջ 20-24

Մեր ծնողքը մեզի սորվեցուց աստուած սիրել

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԹՐԷՅՍԻԻ ԿՈՂՄԷ

Զինեալները՝ որոնք այդ առաւօտ մեր դէմ խուժան մը առաջնորդած էին, մօրս ու հօրս բռնի ուժով ինքնաշարժէն վար իջեցուցին։ Քոյրս եւ ես, ինքնաշարժին ետեւի նստարանին վրայ մինակ մնալով, հարց կու տայինք թէ անգամ մը եւս մեր ծնողքը պիտի տեսնէի՞նք։ Ի՞նչ բան առաջնորդեց այս վախազդու միջադէպին, որ պատահեցաւ 1941–ին Սելմայի մօտ, Ալապամա, Ա.Մ.Ն.։ Իսկ մեր ծնողքէն ստացած մեր ուսուցումները ի՞նչ կապ ունէին ասոր հետ։

ՀԱՅՐՍ՝ Տիուի Ֆաունթըն, մանուկ հասակէն իր ծնողքը կորսնցնելով, Թէքսասի մէջ, ազգականի մը քով ագարակի մը մէջ մեծցած էր։ Հետագային, ան գնաց քարիւղի հանքերուն մէջ աշխատելու։ 1922–ին, երբ 23 տարեկան էր, Թէքսասցի գեղեցիկ երիտասարդուհիի մը՝ Ուինիի՝ հետ ամուսնացաւ եւ ծրագրեց կայուն կեանք մը ունենալ եւ ընտանիք կազմել։

Արեւելեան Թէքսասի ծառաստաններուն մէջ, Կէրիսըն կոչուած պզտիկ գիւղաքաղաքին մօտերը, տուն մը շինեց։ Հոն այլազան ցանքեր մշակեց, մէջը ըլլալով բամպակ ու եգիպտացորեն։ Ան նաեւ ամէն տեսակի ընտանի անասուններ բուծանեց։ ժամանակի ընթացքին, մենք՝ երախաներս՝ ծնանք. 1924 Մայիսին՝ Տիուի կրտսերը, 1925 Դեկտեմբերին՝ Էտուինան, իսկ 1929 Յունիսին՝ ես աշխարհ եկայ։

Անոնք Աստուածաշունչի Ճշմարտութիւնը կը Սորվին

Մայրս ու հայրս կը խորհէին թէ Աստուածաշունչը կը հասկնային, քանի որ Քրիստոսի Եկեղեցիին կը պատկանէին։ Սակայն, 1932–ին, Ճ. Ու. Գուք հօրեղբօրս՝ Մոնրօ Ֆաունթընին Ազատագրութիւն եւ Կառավարութիւն գրքերը տուաւ, հրատարակուած՝ Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ։ Մոնրօ, իր սորվածը ծնողքիս հետ բաժնելու ցանկութեամբ, յաճախ մեզի կու գար նախաճաշի ժամանակ, Դիտարան–էն յօդուած մը կը կարդար, ապա զայն «պատահաբար» մեր տունը կը մոռնար։ Հետագային, մայրս ու հայրս զայն կը կարդային։

Կիրակի առաւօտ մը, Մոնրօ հօրեղբայրս հօրս հրաւիրեց դրացիի մը տունը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը համար։ Ան զինք վստահեցուց որ Պրն. Գուքը կրնար իր ունեցած բոլոր հարցումներուն պատասխանել Աստուածաշունչով։ Երբ հայրս վերադարձաւ ուսումնասիրութենէն, ան ոգեւորուած՝ իր ընտանիքին ըսաւ. «Բոլոր հարցումներս պատասխանուեցան եւ յաւելեա՛լ տեղեկութիւններ ալ ստացայ։ Կը խորհէի թէ ամէն բան գիտէի, բայց երբ Պրն. Գուք սկսաւ բացատրել դժոխքի, հոգիի, երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին, եւ թէ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ասիկա ի՛նչպէս պիտի իրագործէ, զգացի թէ խորքին մէջ Աստուածաշունչի մասին բան մը չէի գիտեր»։

Մեր տունը ընկերային հաւաքավայր մըն էր։ Ազգականներ ու բարեկամներ այցելութեան կու գային անուշեղէն ու բոված կորեկ կը պատրաստէին եւ միասնաբար կ’երգէին, մինչ մայրս դաշնամուրով անոնց կ’ընկերակցէր։ Աստիճանաբար այս զբաղումները փոխարինուեցան սուրբ գրային խօսակցութիւններով։ Թէեւ մենք՝ երախաներս՝ խօսուած բոլոր նիւթերը չէինք հասկնար, բայց Աստուծոյ ու Աստուածաշունչի հանդէպ մեր ծնողքին զօրաւոր սէրը այնքա՛ն բացայայտ էր, որ իւրաքանչիւրս Աստուծոյ եւ իր Խօսքին հանդէպ նոյնանման սէր մշակեցինք։

Ուրիշ ընտանիքներ ալ իրենց տուները բացին Աստուածաշունչի շաբաթական սերտողութեան համար, որ սովորաբար կեդրոնացած կ’ըլլար վերջին Դիտարան–էն առնուած նիւթի մը վրայ։ Երբ ժողովները մօտակայ Էփըլպի եւ Նաքոտոքէզ գիւղաքաղաքներուն մէջ բնակող ընտանիքներու տուներուն մէջ ըլլային, մեր Մոտէլ Էյ Ֆորտ ինքնաշարժին մէջ լեցուելով կ’երթայինք՝ արեւ ըլլար թէ անձրեւ։

Իրենց Սորվածին Համաձայն կը Գործեն

Շատ չանցած, ծնողներս անդրադարձան որ գործի պէտք էր լծուէին։ Աստուծոյ սէրը կը պահանջէր որ իրենց սորվածը ուրիշներու հետ բաժնէին։ (Գործք 20։35) Սակայն, հաւատքը հանրապէս յայտարարելու քայլը մարտահրաւէր մըն էր, մանաւանդ որ ծնողքս բնաւորութեամբ ամչկոտ ու հեզ էին։ Սակայն, Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը մղիչ ոյժ մը եղաւ եւ ասիկա իր կարգին անոնց օգնեց որ մեզի սորվեցնեն Եհովայի վրայ խոր վստահութիւն ունենալ։ Հայրս ասիկա հետեւեալ կերպով արտայայտեց. «Եհովա երկրագործներէ՛ն քարոզիչներ կը հանէ»։ 1933–ին, մայրս ու հայրս Եհովայի իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին լճակի մը մէջ մկրտուելով, Հենտըրսընի մօտ, Թէքսաս։

1935–ի սկիզբները, հայրս Դիտարանի Ընկերութեան նամակ մը գրեց եւ յաւիտենական կեանքի նկատմամբ քրիստոնէական յոյսին մասին կարգ մը հարցումներ հարցուց։ (Յովհաննու 14։2. Բ. Տիմոթէոս 2։11, 12. Յայտնութիւն 14։1, 3. 20։6) Պատասխանը ստացաւ ուղղակի Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտի կողմէ, որ այն ատեն Ընկերութեան նախագահն էր։ Փոխանակ իր հարցումներուն պատասխանելու, Եղբայր Ռատըրֆորտ հօրս հրաւիրեց որ Եհովայի Վկաներու նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուի, որ տեղի պիտի ունենար Մայիսին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ։

Հայրս խորհեցաւ. ‘Անկարելի է։ Մենք հողագործներ ենք, 26 հեկտարնոց հող ունինք որու մէջ բանջարեղէն ցանած ենք։ Ճի՛շդ համաժողովի ժամանակ անիկա պէտք է հնձուի եւ շուկայ տարուի’։ Սակայն, անկէ քիչ ետք, հեղեղ մը եղաւ եւ իր պատճառաբանութիւններուն հետ միասին հունձքը, ցանկապատները, կամուրջները քշեց տարաւ։ Ուստի, ուրիշ Վկաներու միացանք եւ վարձուած դպրոցական օթոպիւսով մը, 1,600 քմ. հիւսիս արեւելք գտնուող համաժողովի վայրը գացինք։

Նահանգային համաժողովին, հայրս ու մայրս «մեծ նեղութենէն» վերապրելիք «մեծ բազմութեան» ինքնութեան մասին տրուած յստակ բացատրութիւնը մտիկ ընելով հրճուեցան։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Իրենց կեանքի մնացեալ օրերուն, դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը մօրս ու հօրս մղիչ ոյժ մը դարձաւ. անոնք մեզ՝ երախաներս՝ քաջալերեցին որ ‘ճշմարիտ կեանքը ամուր բռնենք’, որ մեզի համար կը նշանակէր Եհովայի մատուցած երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19. Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4) Թէեւ այն ժամանակ միայն հինգ տարեկան էի, բայց իրապէս հաճոյք առի այս ուրախ առիթին ծնողքիս հետ ըլլալով։

Համաժողովէն վերադառնալէ ետք, ընտանիքս դարձեալ սերմանեց, որմէ ետք որեւէ ժամանակէ աւելի ճոխ բերք հնձեցինք։ Ասիկա վստահաբար օգնեց որ մայրս ու հայրս համոզուին թէ Եհովայի լիովին վստահիլը միշտ վարձահատոյց է։ Անոնք քարոզչութեան յատուկ ձեւ մը որդեգրեցին, որով իւրաքանչիւրը որոշեց ամէն ամիս ծառայութեան համար 52 ժամ տրամադրել։ Անկէ ետք, երբ սերմանելու յաջորդ եղանակը եկաւ, անոնք ամէն բան ծախեցին։ Հայրս 6 × 2.4 մեթր յետակառքը այնպէս մը շինեց որ հինգս ալ անոր մէջ բնակինք. իսկ երկու դուռով նոր Ֆորտ մը գնեց, յետակառքը քաշելու համար։ Մոնրօ հօրեղբայրս միեւնոյնը ըրաւ, եւ ինք ալ իր ընտանիքին հետ յետակառքի մը մէջ բնակեցաւ։

Մեզի Ճշմարտութիւնը կը Սորվեցնեն

Հայրս ու մայրս 1936 Հոկտեմբերին ռահվիրայութեան սկսան, ինչպէս որ լիաժամ ծառայութիւնը ներկայիս կը կոչուի։ Որպէս ընտանիք, սկսանք արեւելեան Թէքսասի գաւառներուն մէջ քարոզել, ուր Թագաւորութեան պատգամը հազուադէպօրէն քարոզուած էր։ Գրեթէ տարի մը, մէկ տեղէն միւսը փոխադրուեցանք, բայց ընդհանուր առմամբ իրապէս սիրեցինք այս տեսակի կեանքը։ Մայրս ու հայրս խօսքով ու օրինակով մեզի սորվեցուցին նախկին Քրիստոնեաներուն նման ըլլալ, որոնք ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու համար անձնուիրութիւն ցոյց տուին։

Մենք՝ երախաներս, յատկապէս հիացանք մեր մօրը վրայ, տուն–տեղ ձգելով իր կատարած զոհողութիւններուն համար։ Սակայն, բան մը կար, որմէ չկրցաւ բաժնուիլ, անիկա ալ իր կարի մեքենան էր։ Ասիկա իմաստուն որոշում մըն էր։ Որպէս հմուտ դերձակուհի մը, ան միշտ լաւ կերպով կը հագուեցնէր մեզ։ Իւրաքանչիւր համաժողովին նոր, սիրուն հագուստներ կը հագնէինք։

Շատ լաւ կը յիշեմ երբ Հերմըն Ճ. Հէնշըլ ընտանեօք մեր շրջանը եկաւ, Դիտարանի Ընկերութեան կառքով, որու վրայ բարձրախօս մը կար։ Անոնք կառքը կը կեցնէին հոծ բազմութիւն ունեցող թաղամասի մը մէջ, արձանագրուած հակիրճ դասախօսութիւն մը կը ձայնասփռէին, ապա անձնապէս մարդոց կ’այցելէին, յաւելեալ տեղեկութիւններ հայթայթելու համար։ Տիուի կրտսերը Հերմընի տղուն՝ Միլթընի՝ ընկերակցութիւնը վայելեց, որ այն ատեն դեռատի մըն էր։ Ներկայիս Միլթըն Դիտարանի Ընկերութեան նախագահն է։

Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, տեղի ունեցած 1937–ի համաժողովի ընթացքին, Էտուինան մկրտուեցաւ, իսկ մայրս ու հայրս որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայելու առանձնաշնորհումը ստացան։ Այդ ժամանակ, այս գործունէութիւնը կը պահանջէր ամէն ամիս քարոզչութեան համար առնուազն 200 ժամ տրամադրել։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ, կը գիտակցիմ թէ մօրս ընտիր օրինակը որքա՜ն օգնեց ինծի որ ամուսնոյս թիկունք կանգնիմ իր քրիստոնէական նշանակումներուն մէջ։

Երբ հայրս ընտանիքի մը հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսէր, մեզ իր հետ կը տանէր, անոնց զաւակներուն դրական օրինակ մը հանդիսանալու համար։ Ան մեզմէ կը խնդրէր որ Աստուածաշունչի համարներ բանայինք ու կարդայինք եւ հիմնական կարգ մը հարցումներու պատասխանէինք։ Ասոր առ ի հետեւանք, մեզի հետ ուսումնասիրած երախաներէն շատեր մինչեւ այսօր հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայեն։ Արդարեւ, մենք ալ հաստատ հիմ մը ունեցանք, որպէսզի շարունակենք Աստուած սիրել։

Մինչ Տիուի կրտսեր կը մեծնար, ան իր երկու փոքր քոյրերուն հետ խճողուած սենեակի մը մէջ ապրիլը դժուար գտաւ։ Ուստի 1940–ին, որոշեց տունը ձգել եւ ուրիշ Վկայի մը հետ ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկել։ Ի վերջոյ ան Օտրի Պէրրոնին հետ ամուսնացաւ։ Այս կերպով, Օտրին ալ մեր ծնողքէն շատ բաներ սորվեցաւ, եւ մօրս ու հօրս մեծապէս սիրեց։ 1944–ին, Տիուի կրտսեր քրիստոնէական չէզոքութեան համար բանտ երթալէն ետք, Օտրի եկաւ եւ մեր խճողուած յետակառքին մէջ մեր հետ բնակեցաւ։

1941–ին, Սէնթ Լուիզի մէջ, Միսուրի, տեղի ունեցող մեծ համաժողովին, Եղբայր Ռատըրֆորտ ուղղակիօրէն խօսեցաւ 5–էն 18 տարեկան եղող պատանիներուն, որոնք մասնաւորաբար իրենց յատկացուած առջեւի կարգերը նստած էին։ Էտուինան ու ես իր հանդարտ ու յստակ ձայնը մտիկ ըրինք. ան տան մէջ իր զաւակներուն սորվեցնող սիրալիր հօր մը կը նմանէր։ Ան ծնողները քաջալերեց, ըսելով. «Ներկայիս Քրիստոս Յիսուս իր ուխտեալ ժողովուրդը իր դիմաց հաւաքած է, եւ ամենայն ուժգնութեամբ անոնց կ’ըսէ որ իրենց զաւակները արդարութեան ճամբուն մէջ դաստիարակեն»։ Ան աւելցուց. «Զանոնք տունը պահեցէ՛ք եւ անոնց ճշմարտութիւնը սորվեցուցէ՛ք»։ Բարեբախտաբար, մեր ծնողքը ասիկա ըրաւ։

Այդ համաժողովին, Եհովայի Ծառաները Պաշտպանուած, խորագրով նոր գրքոյկը ստացանք, որ վերաքաղ կ’ընէր Եհովայի Վկաներուն շահած դատերը, մէջը ըլլալով՝ Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանին մէջ եղածները։ Հայրս զայն մեր ընտանիքին հետ ուսումնասիրեց։ Այն ժամանակ չանդրադարձանք որ քանի մը շաբաթ ետք Սելմայի մէջ, Ալապամա, տեղի ունենալիք միջադէպին համար կը պատրաստուէինք։

Սելմայի Մէջ Խուժանային Յարձակում

Այդ վախազդու փորձառութեան առաւօտը, հայրս՝ շէրիֆին, քաղաքապետին եւ Սելմայի ոստիկանապետին յանձնած էր նամակի մը պատճենը, որ կը խօսէր օրէնքի պաշտպանութեան ներքեւ մեր ծառայութիւնը շարունակելու սահմանադրական իրաւունքին մասին։ Այսուհանդերձ, անոնք որոշեցին մեզ քաղաքէն դուրս քշել։

Ուշ յետմիջօրէին, հինգ զինեալներ մեր յետակառքը մտան եւ մօրս, քրոջս ու ինծի պատանդ բռնեցին։ Անոնք սկսան մեր ամէն առարկաները խուզարկել, յուսալով վնասակար բան մը գտնել։ Հայրս դուրսն էր, անոր հրամայեցին որ յետակառքը ինքնաշարժին կապէր, մինչ ատրճանակները իրեն ուղղած էին։ Մինչեւ այս վայրկեանը, չէի վախցած։ Այն գաղափարը թէ այս մարդիկը մեզ վտանգաւոր կը նկատէին, քրոջս ու ինծի համար այնքան ծիծաղելի թուեցաւ որ մեզի խնդուք մը բռնեց։ Սակայն, շուտով լրջացանք երբ հայրս նայուածք մը նետեց մեր վրայ։

Երբ պատրաստ էինք մեկնելու, զինեալները ուզեցին որ ես ու Էտուինան իրենց ինքնաշարժը նստինք։ Հայրս դէմ կեցաւ, ըսելով. «Այնքան ատեն որ ողջ եմ, աղջիկներս չեմ ձգեր որ ձեր ինքնաշարժը բարձրանան»։ Քիչ մը խօսակցութենէ ետք, արտօնեցին որ մեր ընտանիքը միասնաբար մնար, մինչ զինեալները իրենց ինքնաշարժով մեզի պիտի հետեւէին։ Քաղաքէն 25 քմ. հեռանալէն ետք, անոնք նշան տուին որ մեր ինքնաշարժը մայրուղիին եզերքը կանգնի, ապա մօրս ու հօրս առին տարին։ Զինեալներէն իւրաքանչիւրը փորձեց համոզել ծնողքս, ըսելով. «Հրաժարեցէք այդ կրօնքէն։ Վերադարձէք ձեր ագարակը եւ ձեր աղջիկները ուղիղ կերպով մեծցուցէք»։ Հայրս փորձեց անոնց հետ տրամաբանել, բայց ի զուր։

Վերջապէս, անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Գացէ՛ք, եւ եթէ երբեք անգամ մը եւս վերադառնաք Տալաս Գաւառը, բոլորդ ալ պիտի սպաննե՛նք»։

Շունչ մը առած ու նորէն միասին, քանի մը ժամ ճամբորդեցինք ապա գիշերելու համար կանգ առինք։ Անոնց ինքնաշարժին թիւը առած էինք եւ հայրս իսկոյն ամէն բան Դիտարանի Ընկերութեան տեղեկացուց։ Քանի մը ամիս ետք զինեալներուն ինքնութիւնը ստուգուեցաւ եւ անոնք ձերբակալուեցան։

Դէպի Գաղաադու Միսիոնարական Դպրոց

1946–ին, Էտուինան Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը յաճախելու հրաւէր ստացաւ, որ կը գտնուէր Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Ալպըրթ Շրոտըր, ուսուցիչներէն մէկը, քրոջս լաւ յատկութիւններուն մասին խօսեցաւ իր ռահվիրայ ընկերակիցին՝ Պիլ Էլրոտի, որ այն ժամանակ կը ծառայէր Պէթէլի՝ Եհովայի Վկաներու կեդրոնատեղիին՝ մէջ, Պրուքլին, Նիւ Եորք։a Էտուինա եւ Պիլ իրարու ծանօթացան ու քրոջս Գաղաադու դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէն տարի մը ետք անոնք ամուսնացան։ Երկար տարիներ անոնք լիաժամ ծառայութեան մէջ մնացին, ի ներառեալ Պէթէլի ծառայութեան մէջ հինգ տարի։ Ապա օր մը 1959–ին, Եղբայր Շրոտըր Գաղաադու 34–րդ դասարանին ծանուցանեց որ իր սիրելի բարեկամը երկուորեակի՝ մանչ ու աղջկայ մը հայր եղած էր։

1947–ին, մինչ ծնողքիս հետ Մերիտյընի մէջ, Միսիսիփի, կը ծառայէի, երեքս ալ Գաղաադու 11–րդ դասարանը յաճախելու հրաւէր ստացանք։ Անակնկալի եկանք, քանի որ ըստ պահանջքներուն ես բաւական փոքր էի, իսկ մայրս ու հայրս՝ բաւական տարիքոտ։ Սակայն, բացառութիւն մը ըրին եւ Աստուածաշունչի բարձրագոյն կրթութեան այդ մենաշնորհը ստացանք։

Ծնողքիս Հետ Միսիոնարական Ծառայութիւն

Միսիոնարական մեր նշանակումն էր Գոլոմպիան, Հարաւային Ամերիկա։ Սակայն, 1949 Դեկտեմբերին, մեր շրջանաւարտ ըլլալէն աւելի քան տարի մը ետք, Պոկոթայի միսիոնարական տունը հասանք, ուր արդէն իսկ երեք անհատներ կ’ապրէին։ Սկիզբը հայրս գրեթէ եզրակացուց թէ աւելի դիւրին պիտի ըլլար մարդոց Անգլերէն սորվեցնել, քան թէ ինք՝ Սպաներէն սորվէր։ Այո, կային փորձութիւններ, բայց օրհնութիւնները շա՜տ աւելի էին։ 1949–ին, Գոլոմպիայի մէջ Վկաներուն թիւը հարիւրէն նուազ էր, իսկ ներկայիս 100,000–էն աւելի է։

Պոկոթայի մէջ հինգ տարի ծառայելէ ետք, մայրս ու հայրս Գալի քաղաքը ղրկուեցան։ Ի միջի այլոց, 1952–ին Գոլոմպիայի մէջ ընկերակից միսիոնարի մը՝ Ռոպէրթ Թրէյսիի հետ ամուսնացայ։b Մինչեւ 1982 Գոլոմպիա մնացինք, որմէ ետք Մեքսիկա նշանակուեցանք, ուր մինչեւ օրս կը ծառայենք։ Որոշ ժամանակ մը ետք, 1968–ին, ծնողքս ստիպուեցաւ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ, բժշկական խնամք ստանալու համար։ Իրենց առողջութիւնը վերագտնելէ ետք, անոնք շարունակեցին որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայել Մոպիլի մէջ, Ալապամա։

Մեր Ծնողներուն Հոգատարութիւնը

Մինչ տարիները կը սահէին, մայրս ու հայրս սկսան դանդաղիլ եւ յաւելեալ օգնութեան ու ուշադրութեան կարիքը ունեցան։ Իրենց խնդրանքին ընդառաջելով, անոնք նշանակուեցան որ ծառայեն Էտուինայի ու Պիլի մօտ, Աթէնքի մէջ, Ալապամա։ Հետագային, մեր եղբայրը՝ Տիուի կրտսերը, խորհեցաւ թէ աւելի իմաստութիւն պիտի ըլլար որ մեր ընտանիքը իրարու մօտ բնակէր Հարաւային Գարոլայնայի մէջ։ Ուստի, Պիլ, մօրս ու հօրս հետ, իր ընտանիքը Կրինուտ փոխադրեց։ Այս սիրալիր փոփոխութիւնը կարելի դարձուց որ ես ու Ռոպէրթը շարունակենք մեր միսիոնարական ծառայութիւնը Գոլոմպիայի մէջ, գիտնալով թէ մեր ծնողքը լաւ հոգատարութիւն կը ստանար։

Ապա, 1985–ին, հայրս կաթուածահար եղաւ, որու հետեւանքով չկրցաւ խօսիլ ու անկողինի դատապարտուեցաւ։ Ընտանեօք ժողով մը գումարեցինք, խորհրդակցելու համար թէ ի՛նչպէս կրնայինք մեր ծնողքին լաւագոյն հոգատարութիւն ապահովել։ Որոշուեցաւ որ հօրս գլխաւոր հոգատարը Օտրին ըլլար, իսկ ես ու Ռոպէրթը լաւագոյն օգնութիւնը պիտի տայինք ամէն շաբաթ քաջալերական փորձառութիւններ բովանդակող նամակ մը ղրկելով եւ կարելի եղածին չափ յաճախ այցելելով։

Հօրս տուած մեր վերջին այցելութիւնը տակաւին յիշողութեանս մէջ վառ է։ Ան բնական ու յստակ կերպով չէր կրնար արտայայտուիլ, բայց երբ անոր ըսինք թէ Մեքսիկա պիտի վերադառնայինք, ան մեծ ջանքով եւ զգացումով մը, բառ մը մռմռաց, «Մնա՜ք բարով»։ Ասով գիտցանք որ իր սրտին մէջ, ան մեր միսիոնարական նշանակումին մէջ յարատեւելու մեր որոշումին թիկունք կը կանգնէր։ Ան մահացաւ Յուլիս 1987–ին, իսկ մայրս՝ իրմէ ինը ամիս ետք։

Այրի քրոջմէս ստացուած նամակ մը, լաւ կերպով կ’ամփոփէ մեր ծնողքին հանդէպ իւրաքանչիւրիս ունեցած գնահատութիւնը։ «Կը գուրգուրամ քրիստոնէական ճոխ ժառանգութեանս վրայ եւ պահ մը իսկ չեմ խորհիր որ աւելի ուրախ պիտի ըլլայի եթէ մեր ծնողքը ընտրէր մեզ տարբեր կերպով մեծցնել։ Անոնց զօրաւոր հաւատքը, անձնազոհ հոգին եւ Եհովայի վրայ կատարեալ վստահութիւնը օրինակ հանդիսացան որ կարենամ տոկալ կեանքիս դժուար պահերուն»։ Էտուինա եզրափակեց ըսելով. «Շնորհակալ եմ Եհովայի, այսպիսի ծնողքի մը համար, որ խօսքով ու օրինակով մեզի ցոյց տուաւ այն երջանկութիւնը զոր կրնանք ունենալ, եթէ մեր կեանքը կերտենք մեր սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովայի ծառայելու շուրջ»։

[Ստորանիշ]

a Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1988, էջ 11-12, Անգլերէնով։

b Տես՝ Դիտարան 15 Մարտ 1960, էջ 189-191, Անգլերէնով։

[Նկարներ՝ էջ 22]

Ֆաունթըն Ընտանիքը՝ (ձախէն աջ) Տիուի, Էտուինա, Ուինի, Էլիզապէթ, Տուի կրտսեր. աջին՝ Էլիզապէթ ու Տիուի կրտսեր, Հէնշըլ ընտանիքին բարձրախօս կրող կառքին պահպանակին վրայ (1937). վարը աջին՝ Էլիզապէթ 16 տարեկանին, ազդաքարտով վկայելու գործի ընթացքին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել