Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 1/15 էջ 8
  • Դանիէլի գիրքը բացատրուած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դանիէլի գիրքը բացատրուած
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դանիէլ գիրքը եւ դո՛ւք
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Փորձուած՝ բայց Եհովայի հաւատարի՛մ
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Աստուծմէ ղրկուած պատգամաբերի մը կողմէ զօրացած
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 1/15 էջ 8

Դանիէլի գիրքը բացատրուած

ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ներկաները անհամբեր էին նոր լոյս տեսած՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան 320 էջնոց գիրքը ստանալու։ Գրքին մասին ի՞նչ էր իրենց զգացումը։ Կարգ մը անհատներու արտայայտութիւնները նկատի առնենք.

«Շատ մը պատանիներու նման, ես հին պատմութիւնը ուսումնասիրելէն չեմ ախորժիր։ Ուստի, երբ նոր գրքին՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան անձնական օրինակս ստացայ, իրականութեան մէջ զայն կարդալու մեծ փափաք չունէի, բայց փորձ մը ըրի։ Ո՜հ, ի՛նչ սխալ էր իմ կեցուածքս։ Մինչեւ հիմա տեսած գրքերուս լաւագոյնն է։ Ուղղակիօրէ՛ն կը կլանէ քեզ։ Այլեւս այն տպաւորութիւնը չունիմ որ հազարաւոր տարիներ առաջ պատահած պատմութիւն մը կը կարդամ։ Առաջին անգամ ըլլալով, կը զգամ որ ինքզինքս կրնամ Դանիէլին տեղը դնել։ Իրապէս կրնամ պատկերացնել թէ ի՛նչ նշանակելու է ընտանիքէդ հեռու ըլլալ, օտար երկիր մը ղրկուիս եւ ուղղամտութիւնդ կրկին անգամ փորձի ենթարկուի։ Շա՛տ շնորհակալ եմ այս գրքին համար»։—Անյա

«Ինծի ամենէն շատ օգնեց այն անվրէպ պատգամը, թէ իր ժողովուրդին ազդող հարցերը ամբողջովին Եհովայի հսկողութեան ներքեւ են։ Դանիէլի տեսիլքներուն եւ իր մեկնած ուրիշներու երազներուն ընդմէջէն պարզ է որ մեր Աստուածը բնաւ թոյլ պիտի չտայ որ իրադարձութիւնները իր նպատակադրածէն աւելի կամ նուազ ըլլան։ Ասիկա իր նոր աշխարհին նկատմամբ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող մարգարէական պատկերին հանդէպ մեր ունեցած յոյսը կը զօրացնէ»։—Չէսթըր

«Սիրեցի Դանիէլը վերակենդանացնելու ձեր կերպը։ Իր մտահոգութիւններն ու հետաքրքրութիւնները ցցուն ըրած ձեր կերպով զգացի որ աւելի լաւ ծանօթացայ իրեն։ Կրցայ աւելի լաւ հասկնալ թէ ան ինչո՛ւ սիրելի էր Եհովայի։ Իր բոլոր փորձութիւններուն ու հալածանքներուն մէջ, ան ինքն իր մասին բնաւ չխորհեցաւ։ Ան գլխաւորաբար Եհովայով ու անոր գեղեցիկ անունով հետաքրքրուած էր։ Շնորհակալ եմ որ այս կէտերը ցցուն ըրիք»։—Ճոյ

«Ճի՛շդ ասիկա կը սպասէինք։ Ասկէ առաջ բնաւ ցոյց չէր տրուած որ Դանիէլի գրքին մեծամասնութիւնը իրապէս իւրաքանչիւրիս կը կիրարկուի։ Ստացած օրս իսկ նոր գրքէն բաւական կարդալէս վերջ, պարզապէս կանգ առի եւ Եհովայի շնորհակալութեան աղօթք մը մատուցանեցի»։—Մարք

«Բան մը որ չէինք ակնկալեր, մեր զաւակներուն վրայ անոր ունենալիք տպաւորութիւնն էր։ Անոնք հինգ եւ երեք տարեկան են։ . . . Թէեւ Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի եւ Ազարիայի պատմութիւնները իրենց նախասիրածներն են Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին մէջ, սակայն Դանիէլի Մարգարէութիւնը գրքին մէջ ներկայացուածը իրենց վրայ այնպիսի ազդեցութիւն մը ունեցաւ որ չէինք ակնկալեր։ Նոյնիսկ իրենց մատղաշ տարիքին, այնպէս կը թուի որ այս արդար մարդոց հետ կապուած զգացին։ Մեր երախաներուն համար ընդօրինակուելու արժանի ի՜նչ գեղեցիկ տիպարներ։ Ի՜նչ հոյակապ գործիք մը տուիք մեզի։ Շա՛տ, շա՛տ շնորհակալ ենք»։—Պէթըլ

«Ինքզինքս Եբրայեցի երիտասարդներուն հետ զգացի, մինչ անոնք հաւատքի փորձէ կ’անցնէին. եւ ասիկա քաջալերեց զիս որ իմ անձնական հաւատքս քննեմ։ Վերաքաղի տուփը՝ «Ի՞նչ Ըմբռնեցիք», գլուխին բովանդակութիւնը սրտին կը հասցնէ։ Անգամ մը եւս կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս յաւելեալ գլուխ–գործոցին համար»։—Լիտիա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել