Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է
Աւելի քան 50 տարիներ առաջ, Պետեվի հովիւի մը քարայրէ մը ներս քար մը նետելը առաջնորդեց՝ շատերու կողմէ անուանուած 20–րդ դարու հնախուզական մեծագոյն գիւտին։ Պետեվին լսեց խեցեղէն կարասի մը ջախջախուելուն ձայնը։ Երբ խուզարկեց, ան գտաւ՝ հետագային որպէս Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներ ճանչցուած հաւաքածոյին առաջին մասը։
ԱՅՍ մագաղաթները ուշադրութեան եւ հակաճառութեանց առանցքը դարձած են թէ՛ ուսումնական շրջանակներու եւ թէ լրատուական սպասարկութեանց մէջ։ Հանրութեան մէջ ասոր մասին շփոթութիւն եւ սխալ տեղեկութիւններ տարածուած են։ Տարաձայնութիւններ շրջագայած են թէ մագաղաթները հանրութենէն գաղտնի պահելու համար խիստ միջոցառումներ առնուած են, վախնալով որ անոնք իրողութիւններ ի յայտ բերեն, որոնք թէ՛ Քրիստոնեաներու եւ թէ Հրեաներու հաւատքին հիմը կրնան խախտել։ Սակայն, այս մագաղաթներուն իսկական նշանակութիւնը ի՞նչ է։ Աւելի քան 50 տարիներ ետք, իրողութիւնները կարելի՞ է գիտնալ։
Ի՞նչ Են Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները
Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները հրէական հին ձեռագիրներ են, մեծ մասը գրուած Եբրայերէնով, մաս մը՝ Արամերէնով, իսկ քանի մը հատն ալ՝ Յունարէնով։ Այս մագաղաթներէն եւ բեկորներէն շատեր աւելի քան 2,000 տարուան հնութիւն ունին, որոնց թուականը կ’երթայ մինչեւ Յիսուսի ծնունդէն առաջ։ Պետեվիներէն ձեռք ձգուած առաջին մագաղաթներուն մէջ կային եօթը երկար ձեռագիրներ՝ իւրաքանչիւրը քայքայումի տարբեր հանգրուանի մէջ։ Երբ նոր քարայրներ խուզարկուեցան, ուրիշ մագաղաթներ եւ մագաղաթի հազարաւոր պատառիկներ գտնուեցան։ 1947-1956–ի միջեւ, Գումրանի մօտ, Մեռեալ Ծովուն եզերքը ընդհանուրը 11 քարայրներ գտնուեցան, որոնց մէջ մագաղաթներ կային։
Երբ բոլոր մագաղաթներն ու պատառիկները դասաւորուին, ընդհանուրը շուրջ 800 ձեռագիրներ կը կազմեն։ Գրեթէ մէկ չորրորդը, կամ աւելի քան 200 ձեռագիրներ, Եբրայերէն Աստուածաշունչի կարգ մը մասերուն ընդօրինակութիւններն են։ Այլ ձեռագիրներ կը ներկայացնեն ոչ–սուրբ գրային, վաղեմի հրէական գրութիւններ, թէ՛ Աբոքրիֆա եւ թէ Փսիւտէբիկրաֆա։a
Մագաղաթներէն ոմանք, որոնք ամենէն շատ ոգեւորեցին ուսումնականները, նախապէս անծանօթ գրութիւններ էին։ Անոնց մէջ կան հրէական օրէնքին վերաբերող հարցերու շուրջ մեկնաբանութիւններ, Գումրանի մէջ ապրած գաղութի աղանդին յատուկ օրէնքներ, ծիսական շարականներ եւ աղօթքներ, ինչպէս նաեւ վախճանաբանական երկեր, որոնք Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման եւ վերջին օրերու մասին տեսակէտներ կը յայտնեն։ Կան նաեւ Աստուածաշունչի մասնայատուկ մեկնաբանութիւններ՝ Աստուածաշունչը համար առ համար քննարկող արդի գրքերուն ամենահին նախօրինակները։
Որո՞նք Գրեցին Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները
Հին փաստաթուղթերը թուարկելու զանազան մեթոտներ ցոյց կու տան թէ մագաղաթները կա՛մ ընդօրինակուած էին եւ կամ՝ յօրինուած, Հ.Դ.Ա. երրորդ դարու եւ Հ.Դ. առաջին դարու միջեւ։ Կարգ մը ուսումնականներ առաջարկած են թէ մագաղաթները քարայրներու մէջ պահուած ըլլալու էին Երուսաղէմէն եկած Հրեաներու կողմէ՝ Հ.Դ. 70–ին տաճարի կործանումէն առաջ։ Սակայն, մագաղաթները հետազօտող ուսումնականներուն մեծամասնութիւնը, այս գաղափարը մագաղաթներու բովանդակութեան հետ ներդաշնակ չեն գտներ։ Շատ մը մագաղաթներ Երուսաղէմի կրօնական հեղինակութիւններուն հակառակ եղող տեսակէտներ եւ սովորութիւններ կ’արտացոլացնեն։ Այս մագաղաթները ի յայտ կը բերեն համայնք մը, որ կը հաւատար թէ Աստուած քահանաները եւ Երուսաղէմի տաճարին մէջի ծառայութիւնը մերժած էր, եւ թէ՝ ան անապատին մէջ իրենց աղանդին մատուցած պաշտամունքը կը նկատէր որպէս տաճարի ծառայութիւնը փոխարինող բան մը։ Անհաւանական է որ Երուսաղէմի տաճարին իշխանութիւնները այսպիսի մագաղաթներ պարունակող հաւաքածոյ մը պահած ըլլային։
Թէեւ հաւանաբար Գումրանի մէջ ընդօրինակողներու խումբ մը կար, սակայն մագաղաթներուն մեծ մասը հաւանաբար ուրիշ տեղ հաւաքուած եւ հաւատացեալներուն կողմէ հոն բերուած էր։ Կերպով մը, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները գրքերու ընդարձակ հաւաքածոյ մըն են։ Որեւէ գրադարանի նման, հաւաքածոն այլազան մտորումներ կրնայ պարփակել, որոնք բոլորն ալ անպայման զանոնք ընթերցողներուն կրօնական տեսակէտները չեն արտացոլացներ։ Սակայն, այն ձեռագիրները որոնցմէ քանի մը օրինակ կայ, շատ հաւանաբար աղանդին մասնայատուկ հետաքրքրութիւններն ու հաւատալիքները կ’արտացոլացնեն։
Գումրանի Բնակիչները Եսսենացինե՞ր Էին
Եթէ այս մագաղաթները Գումրանի գրադարանը կը կազմէին, որո՞նք էին Գումրանի բնակիչները։ Ուսուցչապետ Էլիազար Սուքենիք, որ 1947–ին Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանին համար երեք մագաղաթ ձեռք ձգեց, առաջին անհատն էր որ առաջարկեց թէ այս մագաղաթները Եսսենացիներու համայնքի մը կը պատկանէին։
Եսսենացիները հրէական աղանդ մըն էին, եւ Յովսեպոսին, Աղեքսանդրիոյ Փիլոնին եւ Պլինիոս Երէցին նման առաջին դարու գրողներ, զանոնք յիշած են։ Եսսենացիներուն ճշգրիտ ծագումը ենթադրական է, բայց այնպէս կը թուի թէ անոնք Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարու Մակաբայեցիներու ապստամբութեան յաջորդող տագնապալի ժամանակաշրջանին մէջտեղ եկած էին։b Յովսեպոս տեղեկագրած է թէ անոնք այդ շրջանին գոյութիւն ունեցած են, մանրամասնելով թէ անոնց կրօնական տեսակէտները ի՛նչպէս տարբեր էին Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու տեսակէտներէն։ Պլինիոս յիշած է եսսենական համայնքի մը գոյութիւնը Մեռեալ Ծովու մօտերը, Երիքովի եւ Ենգադդիի միջեւ։
Ուսուցչապետ Ճէյմս Վանտըրգամ, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներու ուսումնական մը, կը թելադրէ որ «Գումրանի մէջ ապրող Եսսենացիները, պարզապէս փոքր մէկ մասն էին Եսսենացւոց շարժումին աւելի մեծ խումբի մը», որ ըստ Յովսեպոսի, շուրջ չորս հազար էին։ Բոլոր տուեալները կատարելապէս անոնց չյարմարելով հանդերձ, Գումրանի ձեռագիրներէն երեւան եկող համայնապատկերը աւելի կը յարմարի Եսսենացւոց, քան՝ այդ շրջանին ճանչցուած հրէական որեւէ ուրիշ խումբի մը։
Ոմանք այն գաղափարը յայտնած են թէ Քրիստոնէութիւնը իր սկիզբը ունեցած է Գումրանի մէջ։ Սակայն, շատ մը աչքառու տարբերութիւններ կարելի է նկատել Գումրանի աղանդին եւ նախկին Քրիստոնեաներու կրօնական տեսակէտներուն միջեւ։ Գումրանի գրութիւնները ի յայտ կը բերեն Շաբաթի շատ խստապահանջ կանոններ եւ ծիսական մաքրութեան գրեթէ հիւանդագին մտավախութիւն մը։ (Մատթէոս 15։1-20. Ղուկաս 6։1-11) Գրեթէ նոյնը կրնայ ըսուիլ մարդկային ընկերութենէն մեկուսանալու, ճակատագրի եւ հոգիի անմահութեան նկատմամբ անոնց ունեցած հաւատալիքին, ինչպէս նաեւ կուսակրօնութեան եւ հրեշտակներուն հետ անոնց պաշտամունքին մասնակցելու խորհրդաւոր գաղափարներուն վրայ անոնց դրած շեշտին մասին։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ անոնք Յիսուսի եւ նախկին Քրիստոնեաներու ուսուցումներուն հետ տարակարծիք էին։—Մատթէոս 5։14-16. Յովհաննու 11։23, 24. Կողոսացիս 2։18. Ա. Տիմոթէոս 4։1-3
Ո՛չ Գաղտնի Պահելու Փորձեր, Ո՛չ ալ Պահուած Մագաղաթներ
Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներու յայտնաբերումին յաջորդող տարիներուն, զանազան հրատարակութիւններ լոյս տեսան, որոնք սկիզբի յայտնաբերումները աշխարհի չորս կողմը գտնուող ուսումնականներուն իսկոյն մատչելի դարձուցին։ Սակայն, որպէս Քարայր Դ. ճանչցուած քարայրին մէջ գտնուած հազարաւոր բեկորները, շատ աւելի վիճելի էին։ Ասոնք ուսումնականներու միջազգային խմբակի մը ձեռքն էին, որոնք՝ (այդ ժամանակ Յորդանանին մաս կազմող) Արեւելեան Երուսաղէմի՝ Պաղեստինի Հնախուզական Թանգարանին մէջ կը գործէին։ Այս խմբակին մէջ Հրեայ կամ Իսրայելացի ուսումնականներ չկային։
Այս խմբակը քաղաքականութեան մը հետեւեցաւ, թոյլ չտալով որ մագաղաթները ոեւէ մէկու ձեռքը անցնէին, մինչեւ որ իրենց հետազօտութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները հրատարակէին։ Խումբին մէջի ուսումնականներուն թիւը անփոփոխ կը պահուէր։ Եթէ խմբակին անդամներէն մէկը մեռնէր, զինք փոխարինելու համար միայն մէկ նոր ուսումնական կ’աւելնար։ Սակայն, այս հսկայ աշխատանքը աւելի մեծ խումբի մը կը կարօտէր, եւ կարգ մը պարագաներու՝ հին Եբրայերէնի եւ Արամերէնի մէջ աւելի մեծ փորձագէտի։ Ինչպէս Ճէյմս Վանտըրգամ ըսաւ. «Ո՛րքան ալ հմուտ ըլլային, ութ փորձագէտներ չէին կրնար տասնեակ հազարաւոր բեկորներ հետազօտել»։
1967–ի Վեց Օրուան Պատերազմով, Արեւելեան Երուսաղէմը եւ իր մագաղաթները Իսրայէլի իշխանութեան ներքեւ եկան, սակայն մագաղաթները հետազօտող խմբակին քաղաքականութիւնը փոփոխութեան չենթարկուեցաւ։ Երբ Քարայր Դ.–ի մագաղաթներուն հրատարակութեան ուշացումը տարիներէն՝ տասնամեակներու փոխուեցաւ, կարգ մը ուսումնականներ աղաղակ բարձրացուցին։ 1977–ին, Օքսֆորտի Համալսարանէն Փրոֆէսէօր Կէզա Վերմէշ, զայն կոչեց 20–րդ դարու ակադեմական գերագոյն խայտառակութիւնը։ Տարաձայնութիւններ սկսան տարածուիլ թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին դիտումնաւոր կերպով գաղտնի կը պահէր մագաղաթներուն բովանդակած տեղեկութիւնները, որոնք կրնային աւեր գործել Քրիստոնէութեան։
1980–ական թուականներուն, ի վերջոյ խմբակը հասաւ 20 ուսումնականներու։ Ապա 1990–ին, անոր նոր նշանակուած խմբագրապետին՝ Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանէն՝ Էմանուէլ Թովի առաջնորդութեան ներքեւ, խումբը աւելի մեծցաւ, հասնելով աւելի քան 50 ուսումնականներու։ Ճշգրիտ ժամանակացոյց մը հաստատուեցաւ, փորձագէտներու կողմէ խմբագրուած մնացեալ մագաղաթները հրատարակելու համար։
1991–ին անակնկալօրէն լռութիւնը իսկապէս խզուեցաւ։ Նախ՝ լոյս տեսաւ Մեռեալ Ծովու Չհրատարակուած Մագաղաթներու Նախնական Հրատարակութիւն մը (Անգլերէնով)։ Ասիկա համակարգիչի օժանդակութեամբ կազմուած էր, հիմնուելով խումբի համաբարբառին մէկ կրկնօրինակին վրայ։ Ապա, Սէն Մարինոյի, Գալիֆորնիա, Հանդինկթըն Գրադարանը ծանուցանեց թէ ոեւէ ուսումնական պիտի կարենայ ընձեռել մագաղաթներու լուսանկարներու իրենց լման հաւաքածոն։ Շատ չանցած, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն Նմանագիր Հրատարակութիւն մը գրքով (Անգլերէն), նախապէս չհրատարակուած մագաղաթներուն լուսանկարները դիւրամատչելի դարձան։
Հետեւաբար, վերջին տասնամեակի ընթացքին, Մեռեալ Ծովու բոլոր Մագաղաթները հետազօտութեան համար մատչելի դարձած են։ Հետազօտութիւնը կը յայտնէ թէ ո՛չ գաղտնի պահելու փորձեր կային, ո՛չ ալ՝ գաղտնի մագաղաթներ։ Մինչ մագաղաթներուն վերջնական ու պաշտօնական հրատարակութիւնները լոյս կը տեսնեն, միայն հիմա է որ ամբողջական վերլուծման մը կարելի է ձեռնարկել։ Մագաղաթներ հետազօտող ուսումնականներու նոր խումբ մը մէջտեղ եկած է։ Սակայն, այս հետազօտութիւնը ի՞նչ յատկանշական իմաստ ունի Աստուածաշունչի աշակերտներուն համար։
[Ստորանիշներ]
a Թէ՛ Աբոքրիֆա–ն (բառացիօրէն՝ «ծածկուած») եւ թէ Փսիւտէբիկրաֆա–ն (բառացիօրէն՝ «սխալ կերպով վերագրուած գրութիւններ») հրէական գրութիւններ են՝ Հ.Դ.Ա. երրորդ դարէն մինչեւ Հ.Դ. առաջին դար։ Աբոքրիֆա–ն Կաթողիկէ Եկեղեցիին կողմէ ընդունուած է որպէս Աստուածաշունչի ներշնչեալ կանոնին մէկ մասը, սակայն, անիկա Հրեաներուն եւ Բողոքականներուն կողմէ մերժուած է։ Իսկ Փսիւտէբիկրաֆա–ն յաճախ Աստուածաշունչի պատմութիւններու ընդլայնուած մէկ տեսակն է, վերագրուած՝ Աստուածաշունչի հանրածանօթ կարգ մը անձնաւորութիւններու։
b Տես՝ «Որո՞նք Էին Մակաբայեցիները» յօդուածը, Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1998, էջ 21-24 (Անգլերէն)։
[Նկար՝ էջ 3]
Ասոնք Մեռեալ Ծովուն մօտ գտնուող քարայրներուն մաս կը կազմեն, ուր հին մագաղաթները գտնուեցան
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
Scroll fragment։ Pages 3, 4, and 6։ Courtesy of Israel Antiquities Authority
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 5]
Courtesy of Shrine of the Book, Israel Museum, Jerusalem