Ասիկա կրնա՞յ լաւագոյն ասպարէզը ըլլալ ձեզի համար
ԵԹԷ մկրտուած Քրիստոնեայ մըն էք, անկասկած Աստուծոյ սէրը կը մղէ ձեզ որ իր կամքը կատարէք։ Բացի այդ, ծառայութիւնը վստահաբար ձեր կոչումը պէտք է ըլլայ։ Ամենայնդէպս, Յիսուս Քրիստոս իր բոլոր հետեւորդներուն պարտականութիւն տուաւ որ աշակերտեն։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այո, թերեւս ներկայիս աշխարհիկ գործ մը կ’ընէք, ձեր ապրուստը ճարելու համար։ Բայց որպէս Յիսուսի հետեւորդ եւ Եհովայի Վկայ մը, ամէն բանէ առաջ, դուք Քրիստոնեայ քարոզիչ մըն էք, մէկը՝ որ Թագաւորութեան քարոզչութեան նախապատուութիւն կու տայ իր կեանքին մէջ։—Մատթէոս 24։14
Թերեւս դուք պատանեկութենէն դուրս եկած, կամ քսանական տարիքը թեւակոխած էք։ Հաւանաբար, բաւական մտածած էք կեանքի մէջ ձեր բռնելիք ընթացքին մասին։ Ձեզի մատուցուած փոխընտրութիւնները կշռադատելով, հաւանաբար անձնական բաւարարութիւնը ձեզի համար կարեւոր ազդակ մըն է։
Ուստի, նկատի առէք թէ Տանըմարքայէն Եէօրըն իր ըրած ընտրութեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Եէօրըն զայն կը նկարագրէ որպէս՝ «իտէալ ապրելակերպ մը, որու ընթացքին կրնաս գոյութիւն ունեցող ամենէն կարեւոր գործին վրայ կեդրոնացնել քու ուշադրութիւնդ»։ Յունաստանէն 31 տարեկան կին մը՝ Էվան՝ կ’ըսէ. «Երբ իմ կեանքս բաղդատեմ իմ հասակակիցներուս կեանքին հետ, միշտ այն եզրակացութեան կու գամ որ անիկա աւելի ճոխ, իմաստալից եւ հետաքրքրաշարժ է»։ Ո՞ր ասպարէզը այսպիսի բաւարարութիւն կու տայ։ Ի՞նչպէս կրնաք այսպիսի ապրելակերպի մը հետեւիլ։
Աստուած Ճամբան Ցոյց կու Տա՞յ
Ասպարէզ մը ընտրելը բաւական դժուար հարց է։ Իրօք, ոմանք թերեւս փափաքին որ Աստուած իրենց ուղղակի ցոյց տայ թէ ի՛նչ կ’ուզէ որ ընեն։
Երբ Մովսէս Մադիամու մէջ էր, Եհովա անոր ըսաւ որ Եգիպտոս վերադառնայ եւ Իսրայելացիները գերութենէն դուրս հանէ։ (Ելից 3։1-10) Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ Գեդէօնի, եւ իրեն նշանակում տրուեցաւ որ Իսրայէլը փրկէ հարստահարութենէ։ (Դատաւորաց 6։11-14) Դաւիթ ոչխարներու հոգ կը տանէր, երբ Աստուած Սամուէլի ըսաւ որ զինք օծէ որպէս Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը։ (Ա. Թագաւորաց 16։1-13) Ներկայիս այս կերպով չենք առաջնորդուիր։ Հապա, պէտք է հարցերը կշռադատենք եւ որոշենք թէ մեր աստուածատուր կարողութիւնները ինչպէս կրնանք գործածել։
Եհովա երիտասարդ Քրիստոնեաներուն համար «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացած է»։ (Ա. Կորնթացիս 16։9) Ի՞նչպէս։ Անցեալ տասնամեակին, Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը համայն աշխարհի մէջ աւելի քան 2,125,000–էն եղած է 6,000,000–է աւելի։ Որո՞նք օգնութեան ձեռք կ’երկարեն, որպէսզի հոգեւոր սնունդի եւ բարի լուրի համերկրային քարոզչութեան համար հարկ եղող միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր, գիրքեր, գրքոյկներ, պարբերաթերթեր եւ թերթիկներ հայթայթուին։ Այս օրհնեալ առանձնաշնորհումը կը վայելեն համայն աշխարհի մէջ՝ Պէթէլի ընտանիքի անդամները։
Վարձահատոյց Կեանք մը
Պէթէլ կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ Տունը», եւ Պէթէլի տուները, Դիտարանի Ընկերութեան կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղերուն մէջ ծառայող Քրիստոնեայ կամաւորներու բնակավայրեր են։ (Ծննդոց 28։19, ստորանիշ) Ներկայ Պէթէլի ընտանիքները կարելի է նմանցնել Եհովայի սիրոյն վրայ հիմնուած, լաւ կազմակերպուած՝ ‘իմաստութեամբ շինուած տուներու’։—Առակաց 24։3
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Պէթէլի մէջ ընտանեկան մթնոլորտին մասին։ Էսթոնիայի Պէթէլի ընտանիքին 25ամեայ մէկ անդամը կը նշէ. «Միշտ Եհովայի բարեկամներուն մէջ ըլլալու զգացումը կը վայելեմ։ Ասիկա տակաւին ամենէն արժէքաւոր բանն է ինծի համար Պէթէլի մէջ»։—Սաղմոս 15։1, 2
Համայն աշխարհի մէջ, ներկայիս շուրջ 19,500 անհատներ Պէթէլի ծառայութեան առանձնաշնորհումը կը վայելեն։ (Սաղմոս 110։3) Միացեալ Նահանգներուն մէջ Պէթէլականներուն 46 տոկոսը՝ 19-29 տարեկանի միջեւ են։ Եսայիի նման, անոնք ըսած են՝ «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայեայ 6։8) Եսային՝ որ արդէն նուիրուած էր Եհովայի՝ սիրայօժար կերպով ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհում մը ընդունեց։ Ասիկա ակներեւաբար կը նշանակէր անձնական կարգ մը առաւելութիւններ զոհել։ Պէթէլի ծառայութեան մէջ եղողները կը ձգեն իրենց տունը եւ ընտանեկան շրջանակը, ինչպէս նաեւ իրենց մայրը, հայրը, եղբայրները, քոյրերը եւ բարեկամները։ Անոնք այս զոհողութիւնները սիրայօժար կերպով կ’ընեն՝ «աւետարանին համար»։—Մարկոս 10։29, 30
Ասոր փոխարէն, հոգեւոր ի՜նչ օրհնութիւններ կան Պէթէլի մէջ։ Ռուսաստանի Պէթէլի ընտանիքի երիտասարդ անդամներէն մէկը կը բացատրէ. «Անձնազոհ ըլլալով, շատ բան կրնանք սորվիլ, որոնք մեզի պիտի օգնեն նոր աշխարհին մէջ ապրելու։ Կրնամ ըսել որ իմ պարագայիս, Եհովայի օրհնութիւնները շա՛տ աւելի մեծ են քան ըրած զոհողութիւններս»։—Մաղաքեայ 3։10
Կեանքը՝ Պէթէլի Մէջ
Պէթէլի մէջ կեանքը ի՞նչպէս է։ Պէթէլի ընտանիքի անդամները համաձայն են որ անիկա օգտակար, գոհացուցիչ եւ նոյնիսկ հետաքրքրաշարժ է։ 43 տարեկան Եէնսը կը սիրէ Պէթէլի ծառայութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Կարեւոր գործ մը կատարելու համար թափուած մեծ ջանքին մաս կազմելուս պատճառաւ։ Եհովայի գործին տարողութիւնը եւ կարեւորութիւնը կը զգամ»։
Երկուշաբթիէն մինչեւ Շաբաթ, Պէթէլի մէջ օրը կը սկսի առաւօտեան պաշտամունքով։ Ասիկա սուրբ գրային քննարկութիւն մըն է, փորձառու երէցի մը հովանաւորութեամբ։ Երկուշաբթի երեկոյեան, մէկ ժամ կը յատկացուի Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան՝ Դիտարան–ի օգնութեամբ, որու երբեմն կը յաջորդէ մասնաւորաբար Պէթէլի ընտանիքին յարմարող սուրբ գրային դասախօսութիւն մը։
Երբ անհատ մը Պէթէլ կը մտնէ, ի՞նչ քայլեր կ’առնուին։ Նոր անդամները Պէթէլի կեանքին ծանօթացնելու համար, ընտանիքին հասուն եղբայրները բանախօսութիւններ կու տան Պէթէլի ծառայութեան տարբեր երեսակներուն մասին։ Առաջին տարուան ընթացքին, որոշ ժամանակ, Պէթէլի ընտանիքի նոր անդամ մը հոյակապ շաբաթական դպրոց մը կը յաճախէ, Սուրբ Գրքի իր հասկացողութիւնը ընդլայնելու համար։ Նորընծաները Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մասնաւոր յայտագիր մըն ալ կը վայելեն։ Պէթէլի ծառայութեան իրենց առաջին տարուան ընթացքին, ընտանիքին նոր անդամները Աստուածաշունչը լրիւ կը կարդան։
Այս ամբողջ մարզումը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ։ Հոնկ Քոնկի Պէթէլի ընտանիքին մէկ անդամը՝ Ճոշուա, որ 33 տարեկան է, կը պատասխանէ. «Պէթէլը իրապէս Եհովայի հանդէպ իմ գնահատութիւնս խորացուցած է։ Կրնամ ընկերակցիլ բազմաթիւ փորձառու եղբայրներու հետ, որոնք իրենց կեանքին մեծ մասը Եհովայի ծառայելով անցուցած են։ Մասնաւորաբար կը գնահատեմ հոգեւոր յայտագիրները, ինչպէս՝ առաւօտեան պաշտամունքը եւ ընտանեկան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը։ Ասկէ զատ, կը սիրեմ կարգ ու կանոնով ու պարզունակ ապրելակերպը։ Ասիկա զիս կ’ազատէ անհարկի մտահոգութիւններէ։ Նաեւ կը սորվիմ ի՛նչպէս հարցերը ձեռք առնել քրիստոնէական կերպով, եւ ասիկա միշտ օգտակար եղած է»։
Պէթէլի ընտանիքի անդամները իրենց ժամանակին մեծամասնութիւնը կ’անցընեն ընելով այն բանը՝ որու համար պատրաստակամութիւն յայտնած են։ Այսինքն, իրենց ֆիզիքական եւ մտային կարողութիւնները գլխաւորաբար կը գործածեն Պէթէլի մէջ իրենց տրուած նշանակումը կատարելու համար։ Ընելիք այլազան բաներ կան։ Ոմանք տպագրամեքենաներու կամ կազմիչ մեքենաներու վրայ կ’աշխատին, գրքեր պատրաստելով, որոնք բազմաթիւ ժողովքներու կ’ուղարկուին։ Ուրիշներ խոհանոցին, ճաշարանին կամ լուացարանին մէջ կը ծառայեն։ Նշանակումներուն մէջ կան մաքրութիւն, հողագործութիւն, շինարարութիւն եւ նման բաներ։ Ոմանց պատասխանատուութիւնն է այս բաժիններու կազմածքներուն հոգ տանիլ։ Ուրիշներ առողջապահութեան հոգ կը տանին, կամ գրասենեակի գործեր կ’ընեն։ Պէթէլի բոլոր գործի նշանակումները հաճելի պահանջներ են եւ՝ հոյակապօրէն վարձահատոյց։ Պէթէլի մէջ կատարուած գործը մասնաւորաբար գոհացուցիչ է, քանի որ անիկա Թագաւորութեան շահերը կը յառաջացնէ, եւ Աստուծոյ հանդէպ սէրէ մղուած կը կատարուի։
Պէթէլի ընտանիքի անդամներ տարբեր ժողովքներու կը նշանակուին, ու իրենց գործին օգուտները իսկոյն կը քաղեն։ Անոնք ժողովներու յաճախելով եւ քարոզչութեան մասնակցելով հաճոյք կը զգան։ Ասոր որպէս հետեւանք, Պէթէլի ընտանիքի անդամները իրենց պատկան ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ զօրաւոր կապեր հաստատած են։—Մարկոս 10։29, 30
Բրիտանիոյ Պէթէլի ընտանիքին անդամներէն մէկը՝ Ռիթա, կ’ըսէ. «Շա՛տ երախտապարտ եմ ժողովքին։ Երբ ժողովներու կամ ծառայութեան մէջ եմ, հաւատքս շա՛տ կը զօրանայ, հոն տեսնելով սիրելի եղբայրներ, քոյրեր, երախաներ եւ տարեցներ։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, անոնք հոն են։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ որ աւելի եռանդուն ըլլամ Պէթէլի ծառայութեանս մէջ»։
Պէթէլի մէջ կեանքը միայն գործ, ժողով, դաշտի ծառայութիւն եւ ուսումնասիրութիւն չէ։ Ընտանիքը ժամանցի պահեր ալ կը վայելէ։ Պարբերաբար, հաճելի եւ հոգեւորապէս վարձահատոյց «Ընտանեկան Երեկոյթ»ի յայտագիրներ կ’ունենան, որ պատեհութիւն կու տայ շատերու ունեցած տաղանդները վայելելու եւ Պէթէլի մէջ ծառայող ուրիշներու կեանքէն քաջալերական բաներ սորվելու։ Հաճելի են նաեւ իրարու տրուած օգտակար եւ շինիչ այցելութիւնները։ Թարմանալու համար կարգ մը հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ անձնական ընթերցանութեան եւ պրպտումի համար գրադարաններ ալ հայթայթուած են։ Իսկ պէտք չէ մոռնալ նաեւ ճաշի ժամանակ ճաշասեղանին շուրջ դարձող հաճելի խօսակցութիւնները։
Էսթոնիայի Պէթէլի ընտանիքի անդամ մը՝ Թոմ՝ կ’ըսէ. «Պէթէլէն թաղ մը անդին ծովն է եւ մօտակայքը՝ գեղեցիկ անտառ մը կայ, ուր կը սիրենք երթալ կինս եւ ես, կարճ պտոյտներ կատարելու համար։ Նաեւ երբեմն ժողովքի եւ Պէթէլի իմ բարեկամներուս հետ կոլֆ, հոքի եւ թէնիս կը խաղամ։ Իսկ երբ օդը լաւ ըլլայ, հեծանիւով պտոյտի կ’երթանք»։
Որակելի Ըլլալու Համար Ի՞նչ Կրնաք Ընել
Անշուշտ, Պէթէլը գլխաւորաբար վայր մըն է, ուր հասուն Քրիստոնեաներ Եհովայի սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն եւ համայն աշխարհի իրենց հաւատակիցներուն համար կ’աշխատին։ Պէթէլի ընտանիքի անդամ եղողները որոշ որակումներ պէտք է ունենան։ Ի՞նչ կրնաք ընել Պէթէլի ծառայութեան որակելի ըլլալու համար։
Տիմոթէոսի նման, որ Պօղոս առաքեալին հետ ծառայեց, Պէթէլի ծառայութեան ընդունուողները ժողովքին մէջ լաւ վարկ մը պէտք է ունենան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։1) Տիմոթէոս «Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր»։ (Գործք 16։2) Երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, Տիմոթէոս Սուրբ Գիրքը լաւ գիտէր ու ճշմարտութեան մէջ լաւ հաստատուած էր։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Նոյն կերպով, Պէթէլի ծառայութեան ընդունուելու համար, կ’ակնկալուի որ անհատ մը Աստուածաշունչի գիտութիւն ունենայ։
Պէթէլի ընտանիքի անդամները պէտք է անձնազոհ հոգի մը ունենան։ Տիմոթէոսի անձնազոհ հոգին, եւ Թագաւորութեան շահերը ամէն բանէ առաջ դնելու իր կամեցողութիւնը ա՛յնքան բացայայտ էր, որ Պօղոս իր մասին կրցաւ ըսել՝ «Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։ Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց»։—Փիլիպպեցիս 2։20-22
Պէթէլի ծառայութիւնը հոգեւոր տղամարդիկ ու կիներ կը պահանջէ։ Պէթէլի ընտանիքին համար եղած կարգադրութիւնները կարելի կը դարձնեն որ անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, քրիստոնէական ժողովներու ու դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլալու, եւ հասուն Քրիստոնեաներու հետ ընկերակցութեան շնորհիւ հոգեւորապէս աճին։ Ուստի, Պէթէլի մէջ եղողներուն օգնութիւն կը տրուի որ Պօղոսի խրատին հետեւին. «Այնպէս քալեցէք [Քրիստոսի հետ], արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով»։—Կողոսացիս 2։6, 7
Պէթէլի մէջ եղող գործի տեսակին պատճառաւ, ծառայութեան այս առանձնաշնորհումին ընդունուողները պէտք է ֆիզիքապէս զօրաւոր ու առողջ ըլլան։ Եթէ մեր յիշած որակումները ունիք, եւ եթէ 19 տարեկան կամ աւելի մեծ էք ու առնուազն մէկ տարիէ մկրտուած էք, ձեզ կը քաջալերենք որ նկատի առնէք Պէթէլի ծառայութիւնը։
Բոլորս ալ Մեր Բաժինը Ունինք
Որպէս Քրիստոնեաներ, վստահաբար բոլորիս ցանկութիւնն է Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել եւ բոլորանուէր ըլլալ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ (Մատթէոս 6։33. Կողոսացիս 3։23) Կրնանք նաեւ Պէթէլի մէջ ծառայողները քաջալերել որ շարունակեն հոն սրբազան ծառայութիւն մատուցանել։ Իսկ Պէթէլի ծառայութեան որակելի եղող, մասնաւորաբար երիտասարդ եղբայրներու յորդոր պէտք է տրուի որ այս օրհնեալ առանձնաշնորհումին ձգտին։
Պէթէլի ծառայութիւնը հոգեւորապէս գոհացուցիչ ապրելակերպ մըն է՝ ասպարէզ մը, որ արդարեւ լաւագոյնը կրնայ ըլլալ ձեզի համար։ Նիգի համար ա՛յս է պարագան, որ սկսաւ Պէթէլի մէջ ծառայել 20 տարեկանին։ Տասը տարի Պէթէլի ծառայութեան մէջ ըլլալէ ետք, ան կ’ըսէ. «Յաճախ Եհովայի կ’աղօթեմ, իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու իր անարժան ողորմութեան համար։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կրնայի խնդրել։ Հոս, շրջապատուած ենք հաւատարիմ Քրիստոնեաներով, որոնք իրենց լաւագո՛յնը կ’ընեն Եհովայի ծառայելու համար»։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 22]
ԵՐԷՑՆԵՐ ՈՒ ԾՆՈՂՆԵՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ԸՆԵԼ
Երէցներ եւ ճամբորդող տեսուչներ մասնաւորաբար պէտք է քաջալերեն երիտասարդները, որ Պէթէլի դիմում ներկայացնեն։ Վերջերս Պէթէլի ընտանիքի երիտասարդ անդամներուն մէջ կատարուած փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ, որ անոնց 34 տոկոսը գլխաւորաբար Քրիստոնեայ տեսուչներու կողմէ քաջալերութիւն ստացած է, Պէթէլի ծառայութիւնը իրենց ասպարէզը դարձնելու համար։ Ճիշդ է որ իրենց տեղական ժողովքները անոնց մատուցած ծառայութենէն թերեւս զրկուին։ Բայց լաւ է մտաբերել որ թէեւ Տիմոթէոս Լիւստրայի եւ Իկոնիայի երիտասարդներուն վրայ անկասկած լաւ ազդեցութիւն ունէր, բայց այդտեղի երէցները զինք ետ չպահեցին Պօղոսի հետ ծառայելէ։ Անոնք չեզրակացուցին որ իրենց ժողովքին համար շատ մեծ կորուստ պիտի ըլլար, եթէ թոյլ տային որ Տիմոթէոս առաքեալին ընկերակցէր։—Ա. Տիմոթէոս 4։14
Այս հարցին մէջ մասնաւորաբար Քրիստոնեայ ծնողներ պէտք է դրական ազդեցութիւն մը ունենան։ Վերոյիշեալ հետախուզման մէջ, հարցուփորձ եղածներուն 40 տոկոսը նշեց որ իրենց ծնողները զիրենք քաջալերած են Պէթէլի ծառայութեան համար։ Քոյր մը որ քանի մը տարիէ կը ծառայէ Պէթէլի մէջ, նշեց. «Եհովայի ծառայութեան մէջ ծնողներուս ունեցած կեանքը ինծի համար զօրաւոր խթանում մը եղաւ Պէթէլի ծառայութեան ձեռնարկելու մէջ։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ իրենց օրինակը տեսնելով, ես ուղղակի գիտակցեցայ որ ասիկա լաւագոյն եւ ամենէն գոհացուցիչ ապրելակերպը պէտք է ըլլայ»։
[Շրջանակ՝ էջ 24]
ԱՆՈՆՔ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆ ՊԷԹԷԼԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
«Պէթէլի մէջ իմ ծառայութեանս վրայ կը գուրգուրամ։ Գոհացուցիչ է գիտնալ որ ամբողջ օրուան ընթացքին Եհովայի ծառայեցի եւ թէ վաղը, յաջորդ օրը եւ անոր յաջորդը՝ նոյնը պիտի ընեմ։ Ասիկա ինծի լաւ խիղճ մը կու տայ եւ միտքս դրական խորհուրդներով կը լեցնէ»։
«Պէթէլը վայր մըն է ուր կրնաս քու բոլոր ժամանակդ ու կորովդ նուիրել Եհովայի ծառայութեան, առանց մտացիր ըլլալու։ Ասիկա ներքին ուրախութիւն կու տայ։ Բայց Եհովայի կազմակերպութիւնը տարբեր տեսանկիւնէ ալ կը դիտես։ Այդ կազմակերպութեան գործունէութեան ակունքին հետ շփում կ’ունենաս եւ ասիկա շատ խայտալի է»։
«Կեանքիս մէջ լաւագոյն բանը եղած է Պէթէլ գալս։ Հոս ուսումը բնաւ վերջ չունի։ Իսկ հոս ուսումը ոչ թէ իմ անձնական իրագործումներուս համար է, այլ՝ Եհովայի համար։ Հոս իմ գործս բնա՛ւ պարապի պիտի չերթայ»։
«Իմ տաղանդներս Պէթէլի մէջ գործածելը ինծի գոհունակութիւն եւ խաղաղութիւն կու տայ, քանի որ անոնք Եհովայի եւ եղբայրներուն համար կը գործածուին»։
«Իմ նախկին գործի ասպարէզիս մէջ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն չունէի։ Տարիներ երազս եղած էր եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ՝ ու անոնց համար՝ ծառայել։ Ասոր համար Պէթէլ եկայ։ Իրական գոհունակութիւն կը զգամ, գիտնալով որ բոլոր ջանքերս ուրիշներուն հոգեւոր բարօրութեան, եւ Եհովայի փառքին համար պիտի ըլլան»։