Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/01 էջ 3-6
  • Կրնա՞ք Դուք Ձեզ Մատչելի Դարձնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞ք Դուք Ձեզ Մատչելի Դարձնել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ասիկա կրնա՞յ լաւագոյն ասպարէզը ըլլալ ձեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Պէթէլի Ծառայութիւնը—Յաւելեալ Կամաւորներու Կարիքը Կայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Անմոռանալի լաւ գործեր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Ի՞նչ է Բեթէլը
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 6/01 էջ 3-6

Կրնա՞ք Դուք Ձեզ Մատչելի Դարձնել

1 Հ.Դ.Ա. 778–ին արտակարգ դէպք մը տեղի կ’ունենայ։ Տեսիլքի մը մէջ, Եսայի մարգարէն կը տեսնէ Եհովան «որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր»։ Ապա Եսայի կը լսէ սերովբէները, որոնք Եհովայի փառքին վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը»։ Ասիկա ի՜նչ պատկառալից բան մը ըլլալու էր։ Այդ տեսիլքին մէջ, Եհովա ասպարէզ կարդացող հարցում մը կը հարցնէ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Նշանակումի բնոյթին եւ կամաւորին քաղելիք օգուտին մասին ո՛չ մէկ բացատրութիւն կը տրուի։ Այսուհանդերձ, Եսայի անվարանօրէն կը պատասխանէ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։—Եսայ. 6։1, 3, 8

2 Եհովայի խնդրած որեւէ մէկ բանը ընելու այս պատրաստակամութիւնը կը յատկորոշէ իր ժողովուրդը։ (Սաղմ. 110։3) Այժմ մասնայատուկ կոչ մը կ’ուղղուի անոնց, որոնք կրնան իրենք զիրենք մատչելի դարձնել։ Դուք ալ յօժա՞ր էք Եսայիի նման պատրաստակամութեամբ ընդառաջելու։

3 Հետզհետէ աւելի կարիքը կայ Պէթէլի մէջ ծառայող եղբայրներու։ Ասիկա կը պահանջէ որ անոնք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու զօրաւոր փափաք մը ունենան, եւ յօժար ըլլան ամէն բան ընելու՝ համաշխարհային քարոզչութեան թիկունք կանգնելու համար։ (Մատթ. 6։33) Իրականութեան մէջ, Պէթէլի ընտանիքին որպէս մէկ անդամը ծառայելը, Եհովայի բոլորանուէր կերպով ծառայելու անզուգական պատեհութիւն կու տայ անհատին։ Ի՞նչպէս։

4 Պէթէլի Մէջ Կատարուող Աշխատանքը. Խորհեցէք այն բոլոր բաներուն մասին որոնք կանոնաւորաբար կը կատարուին Միացեալ Նահանգներու Պէթէլի երեք համալիրներուն մէջ, որոնք կը գտնուին Պրուքլինի, Փէթըրսընի, եւ Ուոլգիլի մէջ՝ Նիւ Եորք։ Այս երեք վայրերուն մէջ 5,730 եղբայրներէ ու քոյրերէ բաղկացող Պէթէլի ընտանիքը, առանձնաշնորհումը ունի հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ դասակարգին ու անոր Կառավարիչ Մարմինին հետ սերտօրէն գործակցելու, համաշխարհային դաշտին եւ անձնական ուսումնասիրութեան գործածութեան համար Աստուածաշունչեր եւ սուրբ գրային գրականութիւններ արտադրելու մէջ։ (Մատթ. 24։45) Օրինակ, ծառայութեան անցեալ տարուան ընթացքին, 24,364,670 գրքեր, 39,813,464 գրքոյկներ, 270,528,000 պարբերաթերթեր, եւ 1,271,041 ձայներիզներ արտադրուեցան եւ առաքուեցան, Միացեալ Նահանգներու Պէթէլի ընտանիքին միասնական ջանքերուն շնորհիւ։ Այս գրականութիւններուն համար «ախորժելի խօսքեր» եւ «ուղիղ ու ճշմարիտ խօսքեր» փնտռելու եւ ընտրելու համար, հսկայական ջանքեր կը թափուին։ (Ժող. 12։9, 10) Նաեւ ուղղութիւն կը հայթայթուի համայն աշխարհի մէջ աւելի քան 1,900 թարգմանիչներու, որոնք կ’օգնեն որ գրականութիւնները 300–է աւելի լեզուներով լոյս տեսնեն։ Շատ աշխատանք կը տարուի համայն աշխարհի 111 մասնաճիւղերուն, ի ներառեալ Միացեալ Նահանգներու 11,500 ժողովքներուն մէջ կատարուած գործը համակարգելու համար։ Նաեւ օգնութիւն կը տրուի այն մասնաճիւղերուն, որոնք Պէթէլի յաւելեալ տուներու ու Համաժողովի Սրահներու, ինչպէս նաեւ նիւթական սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ ներկայիս հարկը տեսնուած 15,248 Թագաւորութեան Սրահներու յատակագծեր կը պատրաստեն եւ կը կառուցանեն։ Հարիւրաւոր յօժարակամ կամաւորներ կը պահանջուին գրականութիւններ տպելու ու առաքելու, մաքրութեան, նորոգութեան, ճաշի պատրաստութեան, գնումի, առողջապահական խնամքի եւ Պէթէլի մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ այլ գործերու հոգ տանելու համար։

5 Այս բոլորը իրագործելը հսկայ՝ սակայն հոգեւորապէս գոհացուցիչ աշխատանք մը կը ներկայացնէ։ Մեր ամբողջ ոյժը եւ կորովը քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործունէութեան թիկունք կանգնելու համար գործածուելուն գիտակցիլը, շատ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Պէթէլի ծառայութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի կազմակերպութիւնը շատ աւելի մօտէն ճանչնանք։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն սաղմոսերգուն որ քաջալերեց Իսրայելացիները որ այն ատենուան աստուածպետական իշխանութեան երկրային կեդրոնը աւելի մօտէն ճանչնան։—Սաղմ. 48։12, 13

6 Պէթէլի Ծառայութեան Օրհնութիւնները. Պէթէլի մէջ ծառայողները, ծառայութեան իրենց առանձնաշնորհումներուն հանդէպ ի՞նչ կը զգան։ Նկատի առէք Պէթէլի ընտանիքին երիտասարդ եւ տարեց անդամներուն հետեւեալ արտայայտութիւնները։ Երեք տարի Պէթէլի ծառայութեան մէջ անցուցած Պէթէլի ընտանիքի մէկ անդամը կ’ըսէ. «Պէթէլի մէջ ըլլալը Եհովայի հետ յարաբերութիւնս զօրացուց։ Ո՛րքան երկար ծառայեմ հոս եւ ո՛րքան աւելի տեղեակ ըլլամ Պէթէլի գործելակերպին մասին, ա՛յնքան աւելի կը սորվիմ Եհովայի անձնաւորութեան մասին։ Պէթէլի ծառայութիւնը նաեւ իմ աչքս բացաւ տեսնելու թէ Եհովա մարդիկ կը գործածէ՝ ամէ՛ն տեսակ մարդիկ։ Իսկ իրեն ընդունելի ըլլալու համար՝ պէտք չունիս կատարեալ ըլլալու»։

7 Երիտասարդ եղբայր մը կը մտաբերէ. «Երբեմն ես ինծի կ’ըսեմ. ‘Որքա՜ն հաճելի է նոր աշխարհ մտնել եւ վաղեմի հաւատարիմներուն ըսել թէ ես տարիներս անցուցի Պէթէլի ծառայութեամբ, եւ ոչ թէ՝ աշխարհի մէջ դրամ դիզելով’»։

8 Երիտասարդ եղբայր մը իր ստացած մարզումին մասին խորհելով, կ’ըսէ. «Ինքզինքս ճանչնալը եւ մշակելիք յատկութիւններուս մասին սորվիլը, ապա այդ յատկութիւնները մշակելը մեծ օրհնութիւն մը եղած է։ Կը զգամ թէ այժմ աւելի ի վիճակի եմ Եհովայի ծառայելու։ Կը տեսնեմ թէ աւելի համբերութիւն ու աւելի ինքնազսպում ունիմ եւ աւելի մեծ տարողութեամբ սէր ցոյց տալու կարող եմ»։

9 Քոյր մը, ցարդ իր ստացած օրհնութիւններուն մասին խորհելով կ’ըսէ. «Այստեղի հոգեւոր յայտագիրները ինծի շատ բան սորվեցուցին Եհովայի մասին, նաեւ՝ թէ զինք ի՛նչպէս կրնամ մտքով, զգացումով ու գործերով ընդօրինակել։ Իսկ քանի որ մարզումը շարունակական է, անիկա շարունակական օրհնութիւն մըն է»։

10 Եղբայր մը որ ընդամէնը 59 տարի լիաժամ ծառայութեան յատկացուցած է, որոնցմէ 43–էն աւելին՝ Պէթէլի մէջ, կ’ըսէ. «Պէթէլը վանքի մը չի նմանիր, ինչպէս ոմանք կրնան խորհիլ։ Շատ բան կ’իրագործենք, մեր յայտագրուած ապրելակերպին պատճառաւ։ . . . Չէ եղած օր մը, որ գործէս հաճոյք առած չըլլամ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ սրտանց մեր անձէն Եհովայի կու տանք, գոհունակութիւն կ’ունենանք, գիտնալով թէ ‘ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։—Ղուկ. 17։10

11 Ուրիշ եղբայր մը, որ 62 տարիէ Պէթէլի մէջ կը ծառայէ, ըսաւ. «Հաստատօրէն կը հաւատամ թէ Պէթէլը աշխարհի լաւագոյն վայրն է, երկրային դրախտը հաստատուելէ առաջ։ Վայրկեան մը իսկ չեմ զղջացած լման ժամանակով ծառայութիւնը ասպարէզ մը ընելուս համար։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն եղաւ ինծի Եհովայի երկրային կազմակերպութեան հսկայ յաւելումը տեսնելը եւ անոր մէջ բաժին ունենալը։ Եհովայի օգնութեամբ, վճռած եմ շարունակել Պէթէլը տունս ընել եւ ամբողջ սրտով Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ աշխատիլ»։

12 Պէթէլի ընտանիքին վերոյիշեալ անդամները միա՛յն քանի մը հատը յիշեցին այն օրհնութիւններէն, որոնք կրնաք վայելել, եթէ դուք ձեզ Պէթէլի ծառայութեան մատչելի դարձնէք։ Սակայն, ինչպէս որ է պարագան ծառայութեան ուրիշ որեւէ առանձնաշնորհումի, նա՛խ որակումներ պէտք է ունենաք։ Պէթէլի ընտանիքին որպէս մէկ անդամը ծառայելու համար պահանջուած որակումներէն ոմանք ի՞նչ են։

13 Պէթէլի Ծառայութեան Համար Պահանջներ. Պէթէլի ծառայութեան դիմող անհատներուն համար հիմնական պահանջները ցոյց տրուած են այս յօդուածին ընկերակցող շրջագծին մէջ։ Ասկէ զատ, կարեւոր է որ անոնք ժրաջանօրէն աշխատելու յօժարակամ ըլլան, ո՛չ թէ՝ «հեշտասէր»։ (Բ. Տիմ. 3։4. Ա. Կորն. 13։11) Պէթէլի ընտանիքի անդամները պէտք է հոգեւոր տղամարդիկ ու կիներ ըլլան, որոնք անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ զարգացուցած են, եւ իրենց ըմբռնելու կարողութիւնը մարզած՝ «բարին ու չարը զանազանել»ու համար։ (Եբր. 5։14) Անոնց քրիստոնէական հասունութիւնը արդէն իսկ յստակ եղած պէտք է ըլլայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, մէջը ըլլալով՝ իրենց հագուելակերպին ու յարդարանքին, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան ու ժամանցի ընտրութեան մէջ։ Պէթէլի ընտանիքին պատրաստակամ անդամները կը ծառայեն հո՛ն ուր իրենց կարիքը կայ։ Սովորաբար երիտասարդ անդամներուն կը տրուի ֆիզիքական աշխատանք պահանջող նշանակումներ, ինչպէս՝ տպագրութիւն, գրականութիւն պատրաստել ու առաքել, նորոգութիւն, տնտեսութիւն, մաքրութիւն, լուացք եւ խոհարարութիւն։ (Առ. 20։29) Սակայն, աշխարհային գործին հակառակը, իւրաքանչիւր նշանակում մեծ գոհունակութիւն կու տայ, քանի որ անիկա Եհովայի փառք բերող սրբազան ծառայութիւն է։—Կող. 3։23

14 Պէթէլի ծառայութեան հրաւիրուած անհատները առնուազն մէկ տարի պէտք է մնան։ Ասիկա կարելիութիւն կու տայ որ արդիւնաբեր աշխատաւորներ ըլլալու համար մարզում ստանան։ Կը յուսացուի որ անոնք Պէթէլը կարենան իրենց տունը ընել։ Աստուծոյ հանդէպ սէրն է որ կը մղէ Պէթէլի ընտանիքի անդամները Թագաւորութեան գործը անձնական շահերէն առաջ դասելու, ինչ որ Եհովայի հաճելի է։—Մատթ. 16։24

15 Ընթացիկ Կարիքներ. Պէթէլի մէջ կատարուած գործին բնոյթին պատճառաւ, գլխաւորաբար ամուրի եղբայրներու կարիքը կայ ներկայիս։ Թէեւ պայման չէ, սակայն, նախապատուութիւնը կը տրուի կանոնաւոր ռահվիրաներուն, քանի որ անոնք արդէն իսկ լիաժամ ծառայութեան գործին մէջ են։ Երբեմն, պատեհութիւն կրնայ տրուիլ 19–էն 35 տարիքի մէջ եղող ամուրի քոյրերու կամ ամոլներու, որոնք թերեւս որոշ հմտութիւններ ունին, որոնց հարկը կայ Պէթէլի մէջ։ Ասկէ զատ, 35 տարեկանէն քիչ մը վեր եղող կարգ մը եղբայրներու ու քոյրերու ալ քաջալերութիւն կը տրուի որ դիմեն, որոնք մասնագիտական հմտութիւններ եւ մարզում ունին, որոնց կարիքը կրնայ ըլլալ Պէթէլի մէջ։ Օրինակ, ասոնց մէջ կրնան ըլլալ՝ ատամնաբոյժներ, բժիշկներ, վկայեալ հաշուապահներ, ճարտարապետներ, երկրաչափներ, գրանցուած հիւանդապահուհիներ, ինքնաշարժի արհեստաւորներ կամ ելեկտրագէտներ, միայն քանի մը հատը յիշելու համար։ Սակայն, չենք քաջալերեր որ անհատներ մասնագիտական ճիւղի մը կամ մարզումի մը հետեւին, այն միտումով որ ասիկա Պէթէլ կանչուելու պատեհութեան կրնայ նպաստել։ Անոնք որոնք արդէն իսկ մասնագիտական մարզում ստացած են, թերեւս ճշմարտութեան գալէն առաջ, եթէ ուզեն կրնան ամբողջական համառօտագրութիւն մը կցել Պէթէլի դիմումնագրին։

16 Եթէ դիմէք՝ բայց չհրաւիրուիք Պէթէլի մէջ ծառայելու, մի՛ յուսահատիք։ Կրնաք ձեր դիմումնագիրը տարին անգամ մը նորոգել։ Կարգ մը եղբայրներ որոնք մասնայատուկ մարզում կամ հմտութիւններ ունին, որոնց կարիքը կրնայ ըլլալ Պէթէլի մէջ, իրենք զիրենք մատչելի դարձուցած են որպէս առժամեայ կամաւորներ ծառայելու։ Անոնք կրնան դիմել որպէսզի Պէթէլի մէջ մէկ, երկու, երեք կամ չորս շաբաթէն մինչեւ երեք ամիս առժամեայ ծառայեն։ Անոնք որոնք այս կերպով օգնելով հետաքրքրուած են, կրնան ժողովքի քարտուղարէն առնել առժամեայ կամաւորի դիմումնագրի պատճենը։ Առժամեայ կամաւորի դիմումնագրի յաւելեալ պատճեններ կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով։

17 Քրիստոսի եղբայրներուն հետ սերտօրէն ընկերակցելով Եհովայի ծառայելը, Պէթէլի մէջ աշխատողներուն համար անզուգական առանձնաշնորհում մըն է։ Կառավարիչ Մարմինը կը գնահատէ այն անձնուէր հոգին զոր ցոյց կու տան բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք մատչելի կը դարձնեն մեր համաշխարհային եղբայրակցութեան կարիքներուն սպասարկելու համար։—Փիլ. 2։20-22. Բ. Տիմ. 4։11

18 Ո՛վ Պատանիներ, Հիմակուընէ Պատրաստուեցէք Պէթէլի Ծառայութեան. Պէթէլի ծառայութեան պատրաստուիլը կը սկսի, պահանջուած նուազագոյն տարիքին՝ 19–ի հասնելէն շա՜տ առաջ։ Դեռատիները ի՞նչ կրնան ընել Պէթէլի ծառայութեան պատրաստուելու համար։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը»։ (Ղուկ. 14։28) Քանի որ շինարարական որեւէ ծրագրի մը յաջողութեան համար պատրաստութիւնն ու ծրագրումը կենսական են, ո՜րքան կարեւոր է որ պատանիներ շատ ուշադրութիւն ընեն թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց ապագան ի՛նչպէս կը կերտեն։ Վաղ հասակէն հաստատ հիմեր պէտք է դրուին, որպէսզի անոնք հոգեւոր նպատակակէտերու հասնին։ Որպէս պատանի, որքա՞ն լաւ հիմ մը կը դնէք։ Եթէ կը փափաքիք Պէթէլի մէջ ծառայել, հետեւեալները նկատի առնելով պիտի օգտուիք։

19 Այս Մասնայատուկ Ծառայութեան Համար ‘Տեղ Տուէք’. Ինչպէս Մատթէոս 19։12–ի մէջ արձանագրուած է (ՆԱ), Յիսուս իր աշակերտները քաջալերեց որ ամուրիութեան համար ‘տեղ տան’։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ անձնական պատճառներով, այլ՝ «երկնքի թագաւորութեանը համար»։ Պօղոս ալ նման ընթացք մը քաջալերեց «առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար»։ (Ա. Կորն. 7։32-35) Դժբախտաբար, ոմանք կանուխ տարիքէն ամուսնանալով, Պէթէլի մէջ որպէս ամուրի երիտասարդներ ծառայելու առանձնաշնորհումը կը կորսնցնեն։ Մեր երիտասարդ եղբայրները կը քաջալերենք որ իրենց կորովը գործածեն լիաժամ ծառայութիւն հետապնդելով, մինչ տակաւին ընտանեկան պատասխանատուութիւններէ զերծ են։ Յետոյ, եթէ ժամանակ մը ետք որոշեն ամուսնանալ, աւելի լաւ ամուսիններ պիտի ըլլան, քանի որ կեանքի եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ աւելի փորձառութիւն շահած պիտի ըլլան։ Քանի մը տարի Պէթէլի մէջ ծառայելէ ետք, ոմանք ամուսնացած են եւ կրցած են իրենց ծառայութիւնը շարունակել որպէս ամուսնացած զոյգ մը։ Եթէ հետագային յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ունենան, ինչպէս՝ ուղեւորութեան գործը կամ միսիոնարական ծառայութիւնը, վստահաբար անոնք չեն զղջար որ Պէթէլի ծառայութեան տեղ տալու համար ժամանակ տրամադրած էին։

20 Նիւթական Հետապնդումներով Մտացիր Մի՛ Ըլլաք. Լաւ է որ իւրաքանչիւր պատանի ինքնիրեն հարց տայ. ‘Երկրորդականէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք նպատակակէտս աշխարհային լիաժամ ասպարէզ մը հետապնդե՞լ է, թէ ոչ՝ լիաժամօրէն Եհովայի ծառայել’։ Ճիշդ է որ երկրորդ ընթացքը առնելը զոհողութիւններ պիտի պահանջէ։ Սակայն, նոյնն է պարագան աշխարհիկ ասպարէզ մը հետապնդելուն։ Վերջաւորութեան, ո՞ր ընթացքը իրապէս մնայուն եւ օգտակար արդիւնք պիտի տայ։ Յիսուս ասոր բացայայտ պատասխանը տուաւ։ Մատթէոս 6։19-21–ի համաձայն, ան ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։ Թող որ մեր սիրտը մեզ երբե՛ք չառաջնորդէ Եհովայի բոլորանուէր ծառայութեան փոխարէն, աշխարհային ասպարէզ մը կամ նիւթական բաներ հետապնդելու։ Բոլորս ալ պէտք է գիտակցինք թէ հետապնդելիք միա՛կ արժէքաւոր նպատակակէտը՝ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւնն է, որպէսզի Իր սիրտը ուրախացնենք։ (Առ. 27։11) Երիտասարդութեան ատեն Եհովան մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով, ցոյց կու տանք թէ մեզի համար ի՛նչ բան արժէքաւոր է եւ Թագաւորութիւնը մեզի համար ո՛րքան կարեւոր է։ Մի՛ մոռնաք որ, «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ (Առ. 10։22) Դեռատիները հոյակապ պատեհութիւնը ունին ցոյց տալու թէ իրենց սիրտը ո՛ւր է, երբ Եհովայի կը վերադարձնեն արժէքաւոր բան մը, իրմէ ստացած այն բոլոր բաներուն փոխարէն։ Պէթէլի ծառայութիւնը այսպիսի հոյակապ պատեհութիւն մը կը ներկայացնէ անոնց, որոնք որակումները ունին։

21 Պէթէլին Մէջ Ծառայողները Բարոյապէս Մաքուր Պէտք Է Ըլլան. Սաղմոսերգուն հարցուց. «Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան»։ Ապա պատասխանեց. «Քու [Եհովայի] խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով»։ (Սաղմ. 119։9) Ասիկա կը պարփակէ խուսափիլ որեւէ բանէ՝ որ Սատանայի իրերու դրութեան բարոյական ապականութեան հետ կապ ունի։ Ինթըրնէթի պոռնկագրութիւնը, հակառակ սեռի հետ անպատշաճ վարմունքը, նուաստացուցիչ երաժշտութիւնը եւ զբօսանքը, արտօնուած տարիքի մը չհասած խմիչք գործածելը, քանի մը հատն են այն որոգայթներէն, զորս Սատանան կը գործածէ, որպէսզի մեր պատանիները ետ կեցնէ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնելէ։ Այս ռազմավարութիւններուն դէմ դնելու համար զօրաւոր վճռակամութեան հարկը կայ։ Ո՛վ պատանիներ, եթէ դուք այս բաներէն մէկուն միջամուխ եղած էք, ձեր ժողովքի երէցներուն հետ խօսեցէք եւ այս հարցերը լուծեցէք, Պէթէլի ծառայութեան դիմելէ առաջ։ Մաքուր խղճմտանք ունենալը կենսական է Եհովայի լիովին ծառայելու համար։—Ա. Տիմ. 1։5

22 Սորվեցէք Ուրիշներու Հետ Ապրուիլ. Պէթէլի ծառայութեան մէջ յաջողելու կարեւոր պահանջներէն մէկն է՝ ուրիշներու հետ ապրուիլ սորվիլ։ Միացեալ Նահանգներու Պէթէլի ընտանիքը կը բաղկանայ կեանքի ամէն ենթահողերէ եկող հազարաւոր եղբայրներէ ու քոյրերէ։ Թէեւ անձնաւորութիւններու այլազանութիւնը Պէթէլի հոգեւոր գեղեցկութեան կը նպաստէ, սակայն, երբեմն անիկա դժուարութիւններ ալ կը յարուցանէ։ Եթէ Պէթէլի ծառայութեան մասին կը խորհիք, լաւ կ’ըլլայ որ դուք ձեզի հարց տաք. ‘Դիւրաւ կը նեղուի՞մ երբ ուրիշներ կարծիքս չեն բաժներ։ Ուրիշներ ինծի հետ հաշտ ապրիլը դիւրին կը գտնե՞ն’։ Եթէ այսպիսի մարզերու մէջ բարելաւուելու կարիքը ունիք, հիմակուընէ իսկ սկսեցէք անոնց վրայ աշխատիլ։ Ասիկա ընելը պիտի օգնէ ձեզի, որ աւելի դիւրաւ բարեճշդումներ ընէք Պէթէլի ընտանիքի անդամներուն հետ ապրելու եւ աշխատելու համար։

23 Ծանր աշխատեցէք հոգեւոր անհատ մը ըլլալու համար, Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակելով։ Անձնական ուսումնասիրութեան լաւ յայտագիր մը մշակեցէք, որ կ’ընդգրկէ Աստուածաշունչի ամէնօրեայ ընթերցումը։ Ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնելու մէջ գործունեայ եղէք։ Այս բաները ի գործ դնելով, ձեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը յայտնի պիտի ընէք։ (Ա. Տիմ. 4։15) Ի՜նչ հոյակապ հեռանկարներ կը սպասեն անոնց՝ որոնք հիմա իսկ լիաժամ ծառայութեան ասպարէզին համար կը պատրաստուին։

24 Ո՛վ Ծնողներ, Մարզեցէք Ձեր Զաւակները. Ծնողներ ի՞նչ կրնան ընել, պատանիները քաջալերելու համար որ լիաժամ ծառայութիւնը որդեգրեն։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։ (Ղուկ. 6։40) Լաւ մարզուած աշակերտ մը, բնականաբար իր նուիրուած ուսուցիչին լաւ յատկութիւնները պիտի ցուցաբերէ։ Քրիստոնեայ ծնողներ այս սկզբունքը ի մտի պէտք է ունենան, մինչ ծանր կ’աշխատին իրենց զաւակները ‘աստուածպաշտութեամբ’ մարզելու համար։ (Ա. Տիմ. 4։7) Քանի որ զաւակներ հակումը ունին հոգեւոր բաներու նկատմամբ իրենց ծնողքին տեսակէտը ցոլացնելու, ծնողներ լաւ կ’ընեն եթէ իրենք իրենց հարց տան. ‘Անձնապէս կ’արժեւորե՞նք այն աշխատանքը որ տեղի կ’ունենայ Պէթէլի մէջ, Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին շահերը յառաջ մղելու համար։ Պէթէլի կարգադրութեան վրայ Եհովայի օրհնութիւնը կը տեսնե՞նք։ Կը հաւատա՞նք թէ Եհովայի ծառայութեան յատկացուած կեանք մը լաւագոյն ասպարէզն է, զոր մեր զաւակները կրնան ընտրել’։ Պէթէլի ծառայութեան եւ հոն տեղի ունեցող գործին հանդէպ մեր սրտանց գնահատութիւնը պիտի օգնէ մեզի, որ մեր զաւակներուն մէջ նոյնանման գնահատութիւն մը զետեղենք։

25 Եղկանան ու Աննան ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ խոր գնահատութիւն ունէին։ Անոնք ներկայ Քրիստոնեայ ծնողներուն համար աչքառու օրինակ մը հանդիսացան։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, միա՛յն Իսրայելացի տղամարդոցմէ պահանջուած էր տարին երեք անգամ տաղաւարին մէջ ‘Տէր Եհովային առջեւ երեւնալ’։ Այսուհանդերձ, Եղկանան իր ամբողջ ընտանիքով «տարուէ տարի» շուրջ 30 քիլոմեթր կը ճամբորդէր՝ շատ հաւանաբար հետիոտն՝ Եհովայի պաշտամունքի այս կեդրոնին մէջ զոհ մատուցանելու համար։ (Ել. 23։17. Ա. Թագ. 1։3, 4, 9, 19. 2։19) Ակներեւաբար, այս ընտանիքին հայրը կ’ուզէր որ իր ամբողջ ընտանիքը հոգեւոր բաներու հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութիւնը բաժնէր։

26 Աննան ճշմարիտ պաշտամունքի հանդէպ իր ամուսնոյն հետաքրքրութիւնը կը բաժնէր։ Ան սրտանց կը զգար թէ տաղաւարին մէջ կատարուող ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու պարտականութիւնը ունէր։ Աննան ուխտեց որ եթէ Եհովա իրեն որդի մը շնորհէր, զայն տաղաւարի ծառայութեան մատչելի պիտի դարձնէր։ (Ա. Թագ. 1։11) Մովսիսական Օրէնքը, ամուսնոյն իրաւունք կու տար որ իր կնոջ անտեղի ուխտը չեղեալ նկատէր։ (Թուոց 30։6-8) Սակայն, Եղկանան ըստ երեւոյթին Աննայի ուխտին սատար կանգնեցաւ, ցոյց տալով թէ ինքն ալ ճշմարիտ պաշտամունքի այս երեսակին թիկունք կը կանգնէր։—Ա. Թագ. 1։22, 23

27 Արդեօք անոնց մանչը՝ Սամուէլ իր ծնողքին ցուցաբերած գնահատութենէն եւ հոյակապ հոգիէն դրական կերպով ազդուեցա՞ւ։ Այո, արդարե՛ւ։ Որպէս մանուկ մը, Սամուէլ յօժարակամօրէն եւ հաւատարմաբար հոգ տարաւ իրեն նշանակուած գործերուն եւ մարզում ստացաւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ յաւելեալ առանձնաշնորհումներու համար։ Եղկանայի ու Աննայի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը վերջ չգտաւ երբ Սամուէլ տաղաւարի ծառայութեան մէջ իր պարտականութիւնները ստանձնեց։ Մինչ ան լիաժամ ծառայութեան մէջ էր, անոնք շարունակեցին իրեն կանոնաւորաբար այցելել, իրեն քաջալերութիւն եւ աջակցութիւն տալու համար։—Ա. Թագ. 2։18, 19

28 Եղկանան եւ Աննան ներկայ Քրիստոնեաներուն համար ի՜նչ ուշագրաւ օրինակ մը կը հանդիսանան։ Երբ մեր զաւակները Պէթէլի ծառայութեան առանձնաշնորհումին հանդէպ մեր գնահատութեան սրտանց արտայայտութիւնները լսեն եւ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու մէջ մեր ցուցաբերած անձնազոհ հոգին տեսնեն, իրենք ալ ուրիշներու ծառայելու հակում ունեցող սիրտ մը պիտի զարգացնեն։ Ծնողներէն շատեր այս լաւ հակումը յաջողութեամբ կը զետեղեն իրենց զաւակներուն մէջ։ Եօթը տարեկան երախայ մը գրեց. «Երբ մեծնամ, կ’ուզեմ Պէթէլի մէջ ըլլալ, եւ կ’ուզեմ հոն կարգ մը բաներ ընել։ (1) Դիտարան–ը ու Զարթի՛ր–ը մեքենագրել, (2) ձեր արուեստի բաժնին մէջ աշխատիլ, (3) լուացքը ծալլել։ Ի՛նչ գործ որ ըլլայ՝ կարեւոր չէ»։ Որքա՜ն սիրտ կը տոգորէ երբ տեսնենք որ մեր զաւակներուն սրտին մէջ այսպիսի յօժարակամ հոգի մը կը զարգանայ։

29 Ո՛վ պատանիներ, յիշեցէք թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհ. 2։17) Շարունակեցէք հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդել, ի ներառեալ Պէթէլի ծառայութեան մասնայատուկ առանձնաշնորհումը։ Ո՛վ ծնողներ, ընդօրինակեցէք անցեալի հաւատարիմ մարդիկը, որոնք իրենց զաւակները քաջալերեցին որ աստուածպաշտութիւն մշակեն։ (Բ. Պետ. 3։11) Իսկ թող որ բոլորս ալ մեր բաժինը բերենք մեր պատանի եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելով որ մեր Մեծ Ստեղծիչին ծառայեն կարելի եղածին չափ լիարժէք կերպով, քանի որ ասիկա «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։—Ա. Տիմ. 4։8. Ժող. 12։1

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Պէթէլի Ծառայութեան Համար Հիմնական Պահանջներ

● Առնուազն մէկ տարուան մկրտուած

● Եհովայի ու իր կազմակերպութեան հանդէպ խոր սէր ունեցող հոգեւոր անհատ մը

● Հոգեւոր, մտային, զգացական եւ ֆիզիքական լաւ առողջութիւն ունեցող

● Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի մը կամ օրինաւորապէս մնայուն կեցութիւն ունեցող մը

● Անգլերէն լեզուն լաւ կարդալու, գրելու եւ խօսելու կարող

● 19-35 տարեկան

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել