Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ02 3/1 էջ 6-10
  • Անոնք մարմնի փուշի հետ գլուխ ելան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնք մարմնի փուշի հետ գլուխ ելան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փորձութիւնները Ինչո՛ւ Փուշերու Նման Են
  • Մեմփիբոսթէն Տանջող Փուշերը
  • Նէեմիա Գլուխ Ելաւ Իր Դժուարութիւններուն Հետ
  • Բազմաթիւ Ուրիշ Հաւատարիմներ Գլուխ Ելան
  • Պօղոսին «մարմնի խայթոց»ը
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • «Մարմնի փուշ»ի մը հետ գլուխ ելլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Մարմնի Խայթոց մը» Ունի՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
դ02 3/1 էջ 6-10

Անոնք մարմնի փուշի հետ գլուխ ելան

«Մարմնի փուշ մը տրուեցաւ ինծի, Սատանայի պատգամաւոր մը՝ կռփահարելու համար զիս»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12։7, Վերանայուած

1. Ներկայիս մարդոց դիմագրաւած խնդիրներէն ոմանք ի՞նչ են։

ՅԱՐԱՏԵՒՈՂ փորձութեան մը դէմ կը պայքարի՞ք։ Եթէ այո, առանձին չէք։ Այս «չար ժամանակներուն», հաւատարիմ Քրիստոնեաներ կը տոկան բուռն հալածանքի, ընտանեկան խնդիրներու, հիւանդութեան, տնտեսական մտահոգութիւններու, զգացական նեղութիւններու, սիրելիի մը մահուան եւ այլ դժուարութիւններու։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Կարգ մը երկիրներու մէջ, ուտելիքի պակասը եւ պատերազմները շատերու կեանքին կը սպառնան։

2, 3. Մեր դիմագրաւած փշանման խնդիրները ի՞նչ բացասական կեցուածք մը կրնան յառաջացնել, եւ ասիկա ի՞նչպէս վտանգաւոր կրնայ ըլլալ։

2 Այսպիսի խնդիրներ կրնան անհատը բոլորովին շփոթութեան մատնել, յատկապէս երբ քանի մը դժուարութիւններ նոյն ատեն հարուածեն։ Նկատի առէք թէ Առակաց 24։10–ն ինչ կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս [«վհատիս», ՆԱ], ոյժդ քիչ է»։ Այո, մեր դժուարութիւններուն պատճառած վհատութիւնը կրնայ խլել այն զօրութիւնը, որուն շատ կարիքը ունինք, եւ մինչեւ վերջ համբերելու մեր վճռակամութիւնը տկարացնել։ Ի՞նչպէս։

3 Վհատութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ առարկայական չըլլանք։ Օրինակ, դիւրին է մեր դժուարութիւնները չափազանցուած ձեւով դիտել եւ սկսիլ մեր անձին վրայ խղճալ։ Ոմանք կրնան նոյնիսկ Աստուծոյ աղաղակել, ըսելով. «Ինչո՞ւ թոյլ կու տաս որ ասիկա պատահի ինծի»։ Եթէ այսպիսի բացասական կեցուածք մը անհատին սրտին մէջ արմատ կապէ, կրնայ անոր ուրախութիւնն ու վստահութիւնը մաշել։ Աստուծոյ ծառայ մը կրնայ ա՛յն աստիճան յուսահատիլ, որ նոյնիսկ «հաւատքին բարի պատերազմը» մղելէ դադրի։—Ա. Տիմոթէոս 6։12

4, 5. Կարգ մը պարագաներու, Սատանան ի՞նչպէս կապ ունի մեր խնդիրներուն հետ, սակայն ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

4 Անտարակոյս Եհովա Աստուած մեր փորձութիւններուն պատճառը չէ։ (Յակոբու 1։13) Կարգ մը փորձութիւններ մեր վրայ կու գան պարզապէս քանի որ կը ջանանք անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի բոլոր ծառայողները իրենք զիրենք անոր մեծագոյն թշնամիին՝ Բանսարկու Սատանային՝ թիրախը կը դարձնեն։ Իրեն մնացած կարճ ժամանակին մէջ, «այս աշխարհի [չար] աստուածը» կը ջանայ Եհովան սիրող ամէն անհատին արգելք հանդիսանալ որ Իր կամքը կատարէ։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սատանան կրցածին չափ տառապանք կը պատճառէ մեր ամբողջ եղբայրակցութեան, համայն աշխարհի մէջ։ (Ա. Պետրոս 5։9) Ճիշդ է որ մեր բոլոր խնդիրներուն պատճառը Սատանան չէ, բայց ան կը շահագործէ մեր դիմագրաւած խնդիրները, ջանալով մեզ աւելի տկարացնել։

5 Սակայն, Սատանան կամ իր գործածած զէնքերը ո՛րքան ալ զօրաւոր ըլլան, կրնանք իրեն յաղթել։ Ի՞նչպէս կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։ Քանի որ Եհովա Աստուած մեզի ի նպաստ կը պատերազմի։ Ան հոգ տարած է որ իր ծառաները Սատանայի ռազմավարութիւններէն տեղեակ ըլլան։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը մեզի շատ բան կ’ըսէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները վշտացնող փորձութիւններուն մասին։ Պօղոս առաքեալի պարագային, Աստուածաշունչը «մարմնի փուշ» արտայայտութիւնը կը գործածէ։ Ինչո՞ւ։ Աչքէ անցընենք թէ Աստուծոյ Խօսքը այս արտայայտութիւնը ի՛նչպէս կը բացատրէ։ Այն ատեն պիտի նկատենք թէ մեր փորձութիւնները յաղթահարելու համար Եհովայի օգնութեան կարիքը ունենալու մէջ առանձին չենք։

Փորձութիւնները Ինչո՛ւ Փուշերու Նման Են

6. Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց «մարմնի փուշ մը» արտայայտութեամբ, եւ ի՞նչ կրնար ըլլալ այդ փուշը։

6 Ծայր աստիճան փորձուած ըլլալով, Պօղոս ներշնչուեցաւ գրելու. «Ինծի մարմնի խայթոց [«փուշ», Վերանայուած] մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։7) Պօղոսի մարմնի փուշը ի՞նչ էր։ Լաւ, մորթին տակ մխրճուած փուշ մը անկասկած ցաւ կը պատճառէ։ Ուստի այս փոխաբերութիւնը կը թելադրէ որ բան մը Պօղոսի ցաւ պատճառեց, անիկա ըլլայ ֆիզիքական, զգացական կամ երկուքը միասին։ Թերեւս Պօղոս աչքի հիւանդութենէ կամ ֆիզիքական այլ տկարութենէ մը կը տառապէր։ Կամ՝ թերեւս փուշը կապ ունէր այն անհատներուն հետ, որոնք Պօղոսի առաքեալ ըլլալուն վարկը եւ իր քարոզչութիւնն ու աշակերտելու գործը հարցի տակ դրին։ (Բ. Կորնթացիս 10։10-12. 11։5, 6, 13) Ինչ որ ալ ըլլար պարագան, այդ փուշը մնաց եւ չվերցուեցաւ։

7, 8. (ա) «Նեղել» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Ինչո՞ւ կենսական է որ գլուխ ելլենք մեզ տանջող որեւէ փուշի հետ։

7 Նկատի առէք թէ այդ փուշը շարունակեց նեղել Պօղոսը։ Հետաքրքրականօրէն, հոս Պօղոսի գործածած Յունարէն բայը, «ոսկրազօդներ» բառէն ծագում առած է։ Այդ բառը բառացիօրէն գործածուած է Մատթէոս 26։67–ի մէջ, իսկ այլաբանօրէն՝ Ա. Կորնթացիս 4։11–ի մէջ։ Այս համարներուն մէջ, անիկա բռունցքով ծեծուելու գաղափարը կը հաղորդէ։ Եհովայի ու Իր ծառաներուն հանդէպ Սատանայի ունեցած դառն ատելութեան ի տես, կասկած չունինք թէ Բանսարկուն ուրախ էր որ փուշ մը շարունակեց Պօղոսը նեղացնել։ Ներկայիս, Սատանան նոյնքան ուրախ կ’ըլլայ երբ մարմնի փուշ մը մեզ ալ նեղացնէ։

8 Հետեւաբար, Պօղոսի նման պէտք է գիտնանք այսպիսի փուշերու հետ գլուխ ելլելու կերպը։ Մեր կեանքը ասիկա ընելէն կախեալ է։ Յիշեցէք, Եհովա կ’ուզէ որ իր նոր աշխարհին մէջ երկար կեանք ապրինք, ուր փշանման խնդիրները անգամ մըն ալ պիտի չհարուածեն մեզ։ Օգնելու համար որ այս սքանչելի մրցանակը շահինք, Աստուած իր սուրբ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ մեզի տուած է բազմաթիւ օրինակներ, ցոյց տալով թէ իր հաւատարիմ ծառաները յաջողած են իրենց մարմնի փուշերուն հետ գլուխ ելլել։ Անոնք սովորական, անկատար մարդիկ էին, ճիշդ մեզի նման։ ‘Վկաներու այս մեծ բազմութեան’ մէջէն քանի մը հոգիի օրինակը նկատի առնելը, մեզի կրնայ օգնել որ «համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ (Եբրայեցիս 12։1) Անոնց տոկացած բաներուն մասին խոկալը կրնայ մեր վստահութիւնը կերտել, թէ կրնանք մեզի դէմ Սատանայի գործածած որեւէ փուշի հետ գլուխ ելլել։

Մեմփիբոսթէն Տանջող Փուշերը

9, 10. (ա) Մեմփիբոսթէն ի՞նչպէս մարմնի փուշ մը ունեցաւ։ (բ) Դաւիթ Թագաւոր Մեմփիբոսթէի հանդէպ ի՞նչ ազնուութիւն ցուցաբերեց, եւ ի՛նչպէս կրնանք Դաւիթը ընդօրինակել։

9 Նկատի առէք Մեմփիբոսթէն, Դաւիթի բարեկամին՝ Յովնաթանի՝ որդին։ Երբ Մեմփիբոսթէն հինգ տարեկան էր, լուր եկաւ որ իր հայրը՝ Յովնաթան ու մեծ հայրը՝ Սաւուղ Թագաւոր, սպաննուեցան։ Տղեկին դայեակը խուճապի մատնուեցաւ։ Ան «զանիկա առաւ ու փախաւ։ Երբ փախչելու կը փութար, տղան ինկաւ կաղ եղաւ»։ (Բ. Թագաւորաց 4։4) Այս անկարողութիւնը լուրջ փուշ մը ըլլալու էր, որուն Մեմփիբոսթէ համբերութեամբ պիտի տոկար մինչ կը մեծնար։

10 Քանի մը տարի ետք, Յովնաթանի հանդէպ իր մեծ սիրոյն պատճառաւ, Դաւիթ Թագաւոր Մեմփիբոսթէին հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերեց։ Դաւիթ Սաւուղի բոլոր արտերը անոր վերադարձուց եւ Սաւուղի ծառան՝ Սիբան այս արտերուն տնտես նշանակեց։ Դաւիթ նաեւ ըսաւ Մեմփիբոսթէի. «Դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։ (Բ. Թագաւորաց 9։6-10) Անկասկած Դաւիթի ողորմութիւնը Մեմփիբոսթէն մխիթարեց եւ իր անկարողութեան վիշտը թեթեւցնելու նպաստեց։ Ի՜նչ ընտիր դաս մը։ Մենք ալ մարմնի փուշի մը դէմ մաքառողներուն հանդէպ ազնուութիւն պէտք է ցուցաբերենք։

11. Սիբան Մեմփիբոսթէին մասին ի՞նչ զրպարտութիւն ըրաւ, սակայն ի՞նչպէս գիտենք թէ այս զրպարտութիւնը ունայն էր։ (Տես՝ ստորանիշը։)

11 Հետագային, Մեմփիբոսթէն ստիպուեցաւ մարմնի ուրիշ փուշի մը դէմ մաքառիլ։ Իր ծառան՝ Սիբան իր մասին չարախօսեց Դաւիթ Թագաւորին, որ այն ժամանակ Երուսաղէմէն դուրս կը փախչէր, Դաւիթի որդւոյն՝ Աբիսողոմի ապստամբութեան պատճառաւ։ Սիբան ըսաւ թէ Մեմփիբոսթէն անհաւատարմաբար Երուսաղէմի մէջ մնացած էր, թագաւորութիւնը իրեն դարձնելու յոյսով։a Դաւիթ հաւատաց Սիբայի զրպարտութեան եւ Մեմփիբոսթէի բոլոր ստացուածքը այդ ստախօսին յանձնեց։—Բ. Թագաւորաց 16։1-4

12. Մեմփիբոսթէն ի՞նչպէս հակազդեց իր պարագաներուն, եւ ան ի՞նչ կերպով ընտիր օրինակ մըն է մեզի համար։

12 Սակայն, երբ ի վերջոյ Մեմփիբոսթէ Դաւիթի հանդիպեցաւ, ան թագաւորին պատմեց իրողութիւնը։ Ան Դաւիթին միանալու կը պատրաստուէր, երբ Սիբան զինք խաբեց եւ առաջարկեց որ իր տեղը ինք երթար։ Դաւիթ շտկե՞ց այս սխալը։ Մասամբ մը։ Ան ստացուածքը այս երկու մարդոց միջեւ բաժնեց։ Ահաւասիկ ուրիշ հաւանական փուշ մը որ մտաւ Մեմփիբոսթէի մարմինը։ Ան չափազանց յուսախաբ եղա՞ւ։ Դաւիթի որոշումին դէմ բողոքե՞ց, գանգատելով թէ եղածը անիրաւութիւն էր։ Ո՛չ, ան խոնարհաբար ենթարկուեցաւ թագաւորին փափաքներուն։ Ան հարցին դրական երեսակներուն վրայ կեդրոնացաւ, ուրախանալով որ Իսրայէլի իրաւացի թագաւորը ապահով վերադարձած էր։ Արդարեւ Մեմփիբոսթէ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ, անկարողութեան, զրպարտութեան եւ յուսախաբութեան համբերելով։—Բ. Թագաւորաց 19։24-30

Նէեմիա Գլուխ Ելաւ Իր Դժուարութիւններուն Հետ

13, 14. Երբ Նէեմիա վերադարձաւ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու համար, ան ստիպուեցաւ ի՞նչ փուշերու հետ գլուխ ելլել։

13 Խորհեցէք այն այլաբանական փուշերուն մասին, որոնց Նէեմիա համբերեց, երբ անպարիսպ Երուսաղէմ քաղաքը վերադարձաւ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն։ Ան քաղաքը գրեթէ անպաշտպան գտաւ, եւ հոն վերահաստատուած Հրեաները անկազմակերպուած, յուսահատ եւ Եհովայի աչքին անմաքուր էին։ Թէեւ Նէեմիա Արտաշէս Թագաւորին կողմէ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու հեղինակութիւն ստացած էր, ան շուտով իմացաւ թէ իր առաքելութիւնը դրացի երկիրներու կառավարիչներուն աչքին ատելի էր։ Անոնք «շատ նեղուեցան, որ Իսրայէլի որդիներուն աղէկութիւն ընելու համար մարդ մը եկաւ»։—Նէեմեայ 2։10

14 Այդ օտար հակառակորդները իրենց ձեռքէն եկածը ըրին, որպէսզի Նէեմիայի գործը կասեցնեն։ Անոնց սպառնալիքները, սուտերը, զրպարտութիւնները, վախ ձգելու արարքները՝ ի ներառեալ զինք յուսահատեցնելու միտումով ղրկուած լրտեսները, մարմնի մնայուն փուշեր եղած ըլլալու էին։ Ան այդ թշնամիներուն հնարքներուն տեղի տուա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան իր լման վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դրաւ, եւ չտկարացաւ։ Այսպէս, երբ Երուսաղէմի պարիսպները ի վերջոյ վերաշինուեցան, անոնք Նէեմիայի տուած Եհովայի սիրալիր աջակցութեան մնայուն վկայութիւն մը հայթայթեցին։—Նէեմեայ 4։1-12. 6։1-19

15. Հրեաներուն մէջ ո՞ր խնդիրները խորապէս նեղացուցին Նէեմիան։

15 Կառավարիչ ըլլալով, Նէեմիա նաեւ ստիպուեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վերաբերեալ շատ մը խնդիրներու հետ գլուխ ելլել։ Այս դժուարութիւնները փուշի նման էին, որոնք խորապէս նեղացուցին զինք, քանի որ Եհովայի հետ ժողովուրդին յարաբերութեան ազդեցին։ Հարուստները բարձր տոկոս կը դնէին, իսկ իրենց աղքատ եղբայրները, որպէսզի կարենային պարտքերը ինչպէս նաեւ պարսկական տուրքը վճարել, ստիպուած կ’ըլլային իրենց արտերէն հրաժարիլ եւ նոյնիսկ իրենց զաւակները գերութեան ծախել։ (Նէեմեայ 5։1-10) Հրեաներէն շատեր Շաբաթը կը բեկանէին եւ կը թերանային Ղեւտացիներուն ու տաճարին նիւթական օգնութիւն տալու մէջ։ Իսկ ոմանք «Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ»ու հետ ամուսնացած էին։ Ասիկա որքա՜ն ցաւ պատճառեց Նէեմիայի։ Սակայն, այս փուշերէն ո՛չ մէկը պատճառ եղաւ որ ան տեղի տայ։ Կրկին ու կրկին ան ջանաց Աստուծոյ արդար օրէնքներուն նախանձախնդիր ջատագովը ըլլալ։ Թող որ Նէեմիայի նման մերժենք թոյլ տալ որ ուրիշներու անհաւատարիմ վարմունքը Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայելուն արգելք հանդիսանայ։—Նէեմեայ 13։10-13, 23-27

Բազմաթիւ Ուրիշ Հաւատարիմներ Գլուխ Ելան

16-18. Ընտանեկան խնդիրներ ի՞նչպէս հարուածեցին Իսահակն ու Ռեբեկան, Աննան, Դաւիթը, եւ Ովսէէն։

16 Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բազմաթիւ ուրիշ օրինակներ անհատներու մասին, որոնք վհատեցուցիչ պարագաներու հետ գլուխ ելան, որ փշանման էին։ Այսպիսի փուշերու հասարակաց մէկ աղբիւրը ընտանեկան խնդիրներն էին։ Եսաւի երկու կիները «Իսահակին ու Ռեբեկային [Եսաւի ծնողքին] սրտի ցաւ» էին։ Ռեբեկան նոյնիսկ ըսաւ թէ այդ կիներուն պատճառաւ կեանքէն զզուած էր։ (Ծննդոց 26։34, 35. 27։46) Նաեւ խորհեցէք Աննայի մասին եւ թէ ի՛նչպէս իր նախանձորդը՝ Փենանան, ‘խիստ կը վշտացնէր’ զինք, Աննայի ամուլ ըլլալուն պատճառաւ։ Թերեւս Աննա իր տան առանձնութեան մէջ յաճախ կը տառապէր այս ծաղրանքէն։ Նաեւ Փենանան հանրապէս զինք կը վշտացնէր, անկասկած ազգականներու եւ բարեկամներու առջեւ, երբ ընտանիքը Սելովի մէջ տօնին ներկայ կը գտնուէր։ Ասիկա Աննայի մարմնին մէջ փուշը աւելի խորը մխրճելու պէս էր։—Ա. Թագաւորաց 1։4-7

17 Խորհեցէք թէ Դաւիթ ի՜նչ քաշեց իր խելագարօրէն նախանձ աներոջ՝ Սաւուղ Թագաւորին ձեռքէն։ Իր կեանքը փրկելու համար, Դաւիթ հարկադրուեցաւ Ենգադդիի անապատին քարայրներուն մէջ ապրիլ, ուր ստիպուած էր գահավէժ ու վտանգաւոր ժայռոտ անցքեր մագլցելու։ Այս անիրաւութիւնը զինք զայրացուցած ըլլալու էր, քանի որ Սաւուղի դէմ գէշ բան մը չէր ըրած։ Այսուհանդերձ, տարիներ շարունակ Դաւիթ ստիպուեցաւ փախստականի կեանք վարել. այս բոլորը Սաւուղի նախանձին պատճառաւ։—Ա. Թագաւորաց 24։14, 15. Առակաց 27։4

18 Երեւակայեցէք Ովսէէ մարգարէին գլխուն եկած ընտանեկան ձախորդութիւնը։ Անոր կինը շնացող մը դարձաւ։ Անոր անբարոյութիւնը Ովսէէի սրտին մէջ մխրճուած փուշերու պէս ըլլալու էր։ Իսկ իր տառապանքը որքա՜ն աւելցած ըլլալու էր, երբ իր կինը շնութեան պատճառաւ երկու ապօրինի զաւակներ ունեցաւ։—Ովսեայ 1։2-9

19. Միքիա մարգարէն ի՞նչ հալածանքի ենթարկուեցաւ։

19 Հալածանքը մարմնի այլ փուշ մըն է։ Նկատի առէք Միքիա մարգարէին փորձառութիւնը։ Աքաաբ չար թագաւորը ինքզինք սուտ մարգարէներով շրջապատելը եւ անոնց բացայայտ սուտերուն հաւատալը տեսնելով, Միքիայի արդար հոգին չարչարուած ըլլալու էր։ Ետքը, երբ Միքիան Աքաաբի ըսաւ թէ այդ բոլոր մարգարէները «սուտ ոգի»ի մը միջոցաւ կը խօսէին, այդ խաբեբաներուն առաջնորդը ի՞նչ ըրաւ։ Ան «Միքիային ծնօտին զարկաւ»։ Ռամովթ–Գաղաադը ազատագրելու արշաւին ձախողութիւնը նշող Եհովայի ազդարարութեան Աքաաբի հակազդեցութիւնը ա՛լ աւելի գէշ էր։ Աքաաբ հրամայեց որ Միքիան բանտ նետեն եւ քիչ քանակով ուտելիք տան անոր։ (Գ. Թագաւորաց 22։6, 9, 15-17, 23-28) Նաեւ յիշեցէք Երեմիան եւ իրեն հանդէպ ատելավառ հալածիչներուն վերաբերմունքը։—Երեմեայ 20։1-9

20. Նոեմի ի՞նչպիսի փուշերու տոկաց, եւ ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ։

20 Սիրելիի մը կորուստը այլ դառն պարագայ մըն է, որ կարելի է մարմնի փուշի մը նմանցնել։ Նոեմին ստիպուած էր իր ամուսնոյն եւ երկու որդիներուն ցաւալի կորուստին տոկալու։ Տակաւին այդ ջախջախիչ աղէտներուն ազդեցութեան ներքեւ էր, երբ Բեթլէհէմ վերադարձաւ։ Ան իր բարեկամներուն ըսաւ որ զինք Նոեմի չկոչեն, այլ՝ Մարա, որ իր փորձառութիւններուն դառնութիւնը արտացոլացնող անուն մըն էր։ Սակայն, վերջաւորութեան, Եհովա վարձատրեց անոր համբերութիւնը, իրեն թոռնիկ մը տալով, որ Մեսիական շառաւիղին մէկ օղակը կազմեց։—Հռութայ 1։3-5, 19-21. 4։13-17. Մատթէոս 1։1, 5

21, 22. Յոբ ի՞նչ կորուստներու ենթարկուեցաւ, եւ ան ի՞նչպէս հակազդեց։

21 Խորհեցէք թէ Յոբ որքա՜ն ցնցուած ըլլալու էր, երբ իր սիրելի տասը զաւակներուն անակնկալ ու վայրագ մահուան մասին լսեց, չյիշելու համար իր բոլոր արջառներուն եւ ծառաներուն կորուստը։ Յանկարծ, թուեցաւ թէ իր ամբողջ աշխարհը փուլ կու գար։ Ետքը, մինչ Յոբ տակաւին այս հարուածներուն ազդեցութեան ներքեւ էր, Սատանան հիւանդութեամբ զարկաւ զինք։ Հաւանաբար Յոբ խորհեցաւ թէ այս գէշ հիւանդութիւնը զինք պիտի սպաննէր։ Ցաւը ա՛յնքան անտանելի դարձաւ որ ան խորհեցաւ թէ մահը հանգստութիւն պիտի ըլլար։—Յոբայ 1։13-20. 2։7, 8

22 Կարծես թէ այս բոլորը չէր բաւեր, իր կինը, վշտացած ու նեղացած, իր քով գալով աղաղակեց. «Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ Ասիկա իր ցաւող մարմնին համար ի՜նչ փուշ մըն էր։ Անկէ ետք, Յոբի երեք բարեկամները, փոխանակ զինք մխիթարելու, կեղծ պատճառաբանութիւններ տեղացուցին վրան, ամբաստանելով թէ գաղտնի մեղքեր գործած էր, եւ ենթադրելով թէ այս էր իր դժբախտութեան պատճառը։ Անոնց սխալ առարկութիւնները, կարծես թէ փուշերը աւելի խոր կերպով իր մարմնին մէջ խրեցին։ Յիշեցէք նաեւ թէ Յոբ չէր գիտեր թէ այս ահռելի բաները ինչո՛ւ կը պատահէին իրեն. ո՛չ ալ գիտէր թէ իր կեանքը պիտի խնայուէր։ Այսուհանդերձ, «այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ»։ (Յոբայ 1։22. 2։9, 10. 3։3. 14։13. 30։17) Թէեւ բազմաթիւ փուշեր միաժամանակ զինք խոցած էին, ան ուղղամտութեան իր ընթացքը երբեք չլքեց։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերական է։

23. Մեր նկատի առած հաւատարիմ անհատները ինչո՞ւ կարող եղան մարմնի զանազան փուշերու հետ գլուխ ելլել։

23 Վստահաբար ասոնց նման շա՜տ օրինակներ կան։ Աստուածաշունչը տակաւին շատ օրինակներ կը պարունակէ։ Բոլոր այս հաւատարիմ ծառաները ստիպուեցան իրենց այլաբանական փուշերուն դէմ պայքարիլ։ Իսկ իրենց դիմագրաւած խնդիրները որքա՜ն այլազան էին։ Սակայն, անոնք հասարակաց բան մը ունէին։ Անոնցմէ ոչ մէկը Եհովայի ծառայութիւնը լքեց։ Հակառակ բոլոր նեղացուցիչ փորձութիւններուն, անոնք Սատանայի յաղթեցին Եհովայի հայթայթած զօրութեամբ։ Ի՞նչպէս։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումին եւ մեզի ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս մենք ալ կրնանք գլուխ ելլել մարմնի փուշի նմանող որեւէ բանի հետ։

[Ստորանիշ]

a Այսպիսի փառատենչ ծրագիր մը, Մեմփիբոսթէի նման գնահատող ու խոնարհ անհատի մը նկարագրին չէր յարմարեր։ Անկասկած ան լաւ գիտէր իր հօր՝ Յովնաթանի ձգած հաւատարիմ արձանագրութիւնը։ Թէեւ Յովնաթան Սաւուղ Թագաւորի որդին էր, սակայն ան խոնարհօրէն ընդունած էր Դաւիթը, որպէս Իսրայէլի վրայ Եհովայի ընտրած թագաւորը։ (Ա. Թագաւորաց 20։12-17) Մեմփիբոսթէի աստուածավախ հայրը եւ Դաւիթի հաւատարիմ բարեկամը ըլլալով, Յովնաթան իր զաւկին պիտի չսորվեցնէր որ թագաւորական իշխանութեան տենչար։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ինչո՞ւ մեր դիմագրաւած խնդիրները մարմնի փուշերու կրնան նմանցուիլ։

• Ի՞նչ են այն կարգ մը փուշերը, որոնց Մեմփիբոսթէն ու Նէեմիան տոկացին։

• Մարմնի զանազան փուշերու տոկացող տղամարդոց ու կիներու սուրբ գրային օրինակներէն որո՞նք յատկապէս ձեր սրտին դպան, եւ ինչո՛ւ։

[Նկարներ՝ էջ 7]

Մեմփիբոսթէ ստիպուեցաւ անկարողութեան, զրպարտութեան եւ յուսախաբութեան հետ գլուխ ելլել

[Նկար՝ էջ 8]

Նէեմիան յարատեւեց ի հեճուկս հակառակութեան

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել