«Մարմնի Խայթոց մը» Ունի՞ք
1 Խորապէս կը փափաքինք մեր կարելին ընել, բարի լուրը քարոզելու մեր առաքելութիւնը կատարելու համար։ Սակայն, մեր սիրելի եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր, լիարժէք մասնակցութիւն բերելու դժուարութիւն ունին, քանի որ ֆիզիքական լուրջ հիւանդութիւններ կամ անկարողութիւններ արգելք կը հանդիսանան, որ իրենց փափաքած չափով մասնակցին։ Թերեւս անոնց համար դժուար է յուսահատութեան զգացումներու հետ գլուխ ելլել, մասնաւորաբար երբ նկատեն թէ իրենց շուրջը գտնուողները շատ գործունեայ են ծառայութեան մէջ։—Ա. Կորն. 9։16
2 Ընդօրինակելու Արժանի Օրինակ մը. Պօղոս առաքեալ ստիպուած էր ‘մարմնի խայթոցի մը‘ հետ մաքառելու։ Ան երեք անգամ Եհովայի աղաչեց որ այս տառապանք պատճառող արգելքը վերցուի իրմէ, զոր ան նկարագրեց որպէս՝ յարատեւաբար զինք նեղող «Սատանայի հրեշտակ մը»։ Սակայն, հակառակ ասոր, Պօղոս տոկաց եւ իր ծառայութիւնը շարունակեց։ Ան ինքզինքին վրայ խղճացող եւ յարատեւաբար գանգատող մէկը չէր։ Ան իր լաւագոյնը տուաւ։ Տոկալու մէջ իր յաջողութեան բանալին, Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած սա հաւաստիքն էր. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Պօղոսի տկարութիւնը զօրութիւն մը դարձաւ, երբ ան տոկալու համար՝ սորվեցաւ իր վիճակը ընդունիլ եւ Եհովայի եւ իր սուրբ հոգիին ապաւինիլ։—Բ. Կորն. 12։7-10
3 Ի՛նչպէս Կրնաք Տոկալ. Արդեօք մարդկային տկարութիւնները, Աստուծոյ մատուցած ձեր ծառայութիւնը կը սահմանափակե՞ն։ Եթէ այդ է պարագան, Պօղոսի տեսակէտը ընդօրինակեցէք։ Նոյնիսկ երբ ձեր հիւանդութիւնը կամ անկարողութիւնը մնայուն ճար մը չունի իրերու այս դրութեան մէջ, կրնաք ամբողջովին Եհովայի ապաւինիլ, որ կը հասկնայ ձեր կարիքները եւ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» պիտի հայթայթէ։ (Բ. Կորն. 4։7, ՆԱ) Օգտուեցէք ժողովքին կողմէ տրուած օգնութենէն, եւ մի՛ մեկուսանաք։ (Առ. 18։1) Եթէ դռնէ–դուռ ծառայութեան մասնակցիլը դժուար կը գտնէք, անպաշտօն կերպով, կամ հեռաձայնով վկայելու գործնական կերպեր գտէք։
4 Թէեւ մարմնի խայթոց մը կրնայ սահմանափակել ձեր ծառայութիւնը, այսուհանդերձ, այդ զգացումը պէտք չէ ունենաք թէ բան մը չէք ըներ։ Պօղոսի նման, դուք ալ կրնաք «Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալ [«լիակատար վկայութիւն տալ», ՆԱ]», ձեր կարողութեան եւ պարագաներուն ներած չափով ընելով։ (Գործք 20։24) Մինչ ձեր ծառայութիւնը կատարելու ջանք կը թափէք, գիտցէք որ անիկա Եհովայի շա՛տ հաճելի է։—Եբր. 6։10