Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ06 4/1 էջ 8-12
  • «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գլխաւոր պահանջ մը
  • Որո՞նց հետ կրնանք ընկերակցիլ
  • Գործ ընտրել
  • «Զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ»
  • Աստուածային իմաստութիւն փնտռէ
  • Արդիւնքը մի՞շտ լաւ է
  • Հաւատքով իմաստուն որոշումներ առ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ի՛նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
դ06 4/1 էջ 8-12

«Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»

«Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14։12

1. Երեք երիտասարդ Եբրայեցիները ո՞ր պատասխանատուութենէն չխուսափեցան։

ԲԱԲԵԼՈՆԻ մէջ ապրող երեք Եբրայեցի պատանիներ մահու եւ կենաց որոշումի մը դիմաց կը գտնուին,– կա՛մ հսկայ արձանին երկրպագել՝ ինչպէս երկրին օրէնքը կը պահանջէ, կա՛մ մերժել զայն պաշտել եւ հետեւաբար բոցավառ հնոցը նետուիլ։ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով մէկու մը կարծիքը հարցնելու ժամանակ չունին, բայց արդարեւ ասիկա ընելու հարկ չունին։ Անոնք անվարան կը յայտարարեն. «Քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։ (Դանիէլ 3։1-18) Երեք Եբրայեցիները իրե՛նց պատասխանատուութեան բեռը կրեցին։

2. Յիսուս Քրիստոսի վերաբերեալ Պիղատոսի որոշումը՝ իրականութեան մէջ ո՞վ կայացուց, իսկ ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Հռովմէացի կառավարիչը համարատու չէ։

2 Շուրջ վեց դար ետք, կառավարիչը մարդուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները մտիկ կ’ընէ։ Հարցը քննելէ ետք, ան կը համոզուի թէ ամբաստանեալը անմեղ է։ Սակայն ամբոխը մահապատիժ կը պահանջէ։ Այդ պահանջին դէմ որոշ ընդդիմութիւն ցոյց տալէ ետք, կառավարիչը իր պատասխանատուութեան բեռը կրելու կը վարանի եւ ճնշումին տեղի կու տայ։ Ան իր ձեռքերը կը լուայ ու կ’ըսէ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ»։ Ապա զայն կը յանձնէ որ ցցահարուի։ Այո, փոխանակ Յիսուս Քրիստոսի վերաբերեալ որոշում մը կայացնելու իր պատասխանատուութիւնը շալկելու, Պոնտացի Պիղատոս թոյլ կու տայ որ ուրիշներ իր տեղը որոշում կայացնեն։ Ջուրը ոչինչ կրնայ ընել,– ան համարատու է Յիսուսի դէմ արձակուած անիրաւ դատավճիռին համար։—Մատթէոս 27։11-26. Ղուկաս 23։13-25

3. Ինչո՞ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ ուրիշներ մեր տեղը որոշումներ կայացնեն։

3 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Երբ որոշումներ կայացնելու հարկ ըլլայ, երեք Եբրայեցիներուն նմա՞ն ես, թէ ոչ՝ թոյլ կու տաս ուրիշներու որ քու տեղդ որոշեն։ Որոշում կայացնելը դիւրին չէ։ Շիտակ ընտրութիւններ ընելը հասունութիւն կը պահանջէ։ Օրինակ, ծնողներ իրենց փոքր երախաներուն համար լաւ որոշումներ պէտք է կայացնեն։ Անշուշտ որոշում մը կայացնելը շատ դժուար է, երբ կացութիւնը բարդ է եւ նկատի առնուելիք զանազան ազդակներ կան։ Սակայն որոշումներ կայացնելու պատասխանատուութիւնը ա՛յնքան ծանր չէ, որ պարփակուի այն «ծանրութիւններ»ուն մէջ, զորս «հոգեւոր» որակումներ ունեցողները կրնան կրել մեր տեղը։ (Գաղատացիս 6։1, 2, ԱՎ) Անիկա բեռ մըն է, որուն համար «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ»։ (Հռովմայեցիս 14։12) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։5) Արդ, ի՞նչպէս կրնանք իմաստուն որոշումներ կայացնել։ Նախ մեր մարդկային սահմանափակումները պէտք է զատորոշենք ու գիտնանք թէ ի՛նչպէս կրնանք զանոնք հակակշռել։

Գլխաւոր պահանջ մը

4. Առաջին մարդկային զոյգին անհնազանդութենէն ի՞նչ կենսական դաս մը կը սորվինք որոշումներ կայացնելու մասին։

4 Մարդկային պատմութեան սկիզբը, առաջին զոյգը որոշում մը կայացուց որ աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ։ Անոնք ընտրեցին ուտել բարիին ու չարին գիտութեան ծառէն։ (Ծննդոց 2։16, 17) Անոնց որոշումին հիմը ի՞նչ էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կինը՝ տեսնելով թէ ծառը լաւ էր ուտելիքի համար, փափաքելի՝ աչքերուն, եւ ցանկալի՝ ուշիմ ըլլալու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ։ Նաեւ իրեն հետ եղող իր ամուսինին տուաւ. ա՛ն ալ կերաւ»։ (Ծննդոց 3։6, ԱՎ) Եւայի ընտրութիւնը անձնասէր ցանկութեան վրայ հիմնուած էր։ Նոյն արարքին մէջ Ադամ անոր միանալով, մեղքն ու մահը ‘բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցան’։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ադամի ու Եւայի անհնազանդութենէն կենսական դաս մը կը սորվինք մարդուն սահմանափակումներուն մասին,– եթէ մարդը աստուածային ուղղութեան չյարի, սխալ որոշումներ կայացնելու հակամէտ է։

5. Եհովա մեզի ի՞նչ առաջնորդութիւն հայթայթած է, եւ անկէ օգտուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

5 Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ Եհովա Աստուած մեզ առանց ուղղութեան չէ թողած։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։21) Եհովա մեզի կը խօսի իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։ Սուրբ Գրութիւնները պէտք է սերտենք եւ անոնց մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգենք։ Շիտակ ընտրութիւններ ընելու համար, ‘չափահասներուն համար եղող կարծր կերակուրէն’ պէտք է ուտենք ու ‘վարժութեան ճամբով կրթենք չարն ու բարին զանազանելու մեր զգայարանքը’։ (Եբրայեցիս 5։14, Անթիլիաս) Մեր ըմբռնողութիւնը կրնանք մարզել, Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածը կիրարկելով։

6. Մեր խղճմտանքը պատշաճօրէն գործելու համար ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։

6 Որոշում կայացնելու մէջ էական դեր կը խաղայ մեր ժառանգած խղճմտանքի կարողութիւնը։ Խղճմտանքը դատելու կարողութիւն ունի, եւ կրնայ մեզ ‘ամբաստանել կամ ջատագովել’։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15, ԱՎ) Սակայն մեր խղճմտանքը պատշաճօրէն գործելու համար, Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեամբ պէտք է լուսաւորենք զայն ու Խօսքը կիրարկելով զինք զգայուն դարձնենք։ Չլուսաւորուած խղճմտանքը դիւրաւ կ’ազդուի տեղական սովորութիւններէն ու բարքերէն։ Մեր շրջապատը եւ ուրիշներու կարծիքները կրնան նաեւ մեզ մոլորեցնել։ Ի՞նչ կը պատահի մեր խղճմտանքին, եթէ անոր խթանումը յաճախ անտեսենք ու աստուածային չափանիշները ոտնակոխենք։ Ժամանակի ընթացքին, անիկա ‘կը խանձուի’, սպիի մը նման՝ անզգայ դառնալով։ (Ա. Տիմոթէոս 4։2) Միւս կողմէ, Աստուծոյ Խօսքով մարզուած խղճմտանքը վստահելի ուղեցոյց մըն է։

7. Իմաստուն որոշումներ կայացնելու համար ի՞նչ է գլխաւոր պահանջը։

7 Արդ, Սուրբ Գրութիւններու ճշգրիտ գիտութիւնը եւ զայն կիրարկելու կարողութիւնը, իմաստուն որոշումներ կայացնելու պատասխանատուութիւնը շալկելու գլխաւոր պահանջն է։ Փոխանակ հապճեպով ընտրութիւն մը ընելու, ժամանակ պէտք է տրամադրենք՝ աստուածային սկզբունքներ փնտռելու եւ զանոնք կիրարկելու կերպին մասին մտածելու համար։ Նոյնիսկ երբ հարկ ըլլայ որ տեղւոյն վրայ որոշում մը կայացնենք,– ինչպէս էր պարագան Սեդրաքի, Միսաքի ու Աբեդնագովի,– պատրաստ ենք՝ եթէ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը ունինք եւ մեր խղճմտանքը անով մարզուած է։ Տեսնելու համար թէ հասունութեան դիմելը ի՛նչպէս կրնայ որոշում կայացնելու մեր կարողութիւնը սրել, նկատի առնենք երկու մարզ։

Որո՞նց հետ կրնանք ընկերակցիլ

8, 9. (ա) Ո՞ր սկզբունքները ցոյց կու տան թէ չար ընկերակցութիւններէն հեռու կենալը անհրաժեշտ է։ (բ) Չար ընկերակցութիւն ունենալը միայն անսկզբունք մարդոց ուղղակի ընկերակցութեա՞ն կ’ակնարկէ. բացատրէ։

8 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս»։ (Յովհաննու 15։19, Անթիլիաս) Այս սկզբունքները ըմբռնելէ ետք, շուտով կ’անդրադառնանք թէ պոռնիկներու, շնացողներու, գողերու, գինեմոլներու եւ ասոնց նման անհատներու հետ պէտք չէ ընկերակցինք։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Սակայն Աստուածաշունչի ճշմարտութեան գիտութեան մէջ յառաջդիմելով, կը գիտակցինք թէ նո՛յնքան վնասակար է այդպիսիներու հետ ժամանակ անցընելը՝ զանոնք դիտելով շարժապատկերի, հեռատեսիլի կամ համակարգիչի միջոցով եւ անոնց մասին կարդալով գիրքերու մէջ։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ ցանցազրոյցի սենեակներուն մէջ «կեղծաւորներու» հետ ընկերակցելու մասին։—Սաղմոս 26։4

9 Ի՞նչ կրնանք ըսել՝ բարոյապէս մաքուր բայց ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք չունեցող անհատներու հետ սերտօրէն ընկերակցելու մասին։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն. «Ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է։ (Ա. Յովհաննու 5։19, Անթիլիաս) Ուստի կը զատորոշենք թէ չար ընկերակցութիւնները թոյլատու կամ բարոյապէս նուաստացած անհատներու սահմանափակուած չեն։ Հետեւաբար խոհեմութիւն է սերտ բարեկամութիւններ մշակել միայն Եհովան սիրողներուն հետ։

10. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ աշխարհի հետ շփում ունենալու վերաբերեալ հասուն որոշումներ կայացնելու։

10 Աշխարհային մարդոց հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չունենալը, ո՛չ կարելի է, ո՛չ ալ պահանջուած է։ (Յովհաննու 17։15) Աշխարհի հետ շփման մէջ կու գանք, քանի որ քրիստոնէական ծառայութեան կը մասնակցինք, դպրոց կը յաճախենք ու գործի կ’երթանք։ Անհաւատ կողակից ունեցող Քրիստոնեան, ուրիշներէ աւելի ստիպուած է աշխարհի հետ կապ ունենալ։ Սակայն մեր ըմբռնողութիւնը մարզելով, կը գիտակցինք թէ աշխարհի հետ անհրաժեշտ ու սահմանափակ շփում ունենալը բան մըն է, իսկ անոր հետ սերտ կապեր մշակելը՝ բոլորովին ուրիշ բան մըն է։ (Յակոբու 4։4) Ուստի կրնա՛նք հասուն որոշումներ կայացնել այնպիսի հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս՝ պէ՞տք է ներկայ գտնուինք գործընկերներու համար սարքուած հաւաքոյթներուն եւ ճաշկերոյթներուն, կամ մասնակցինք դպրոցին մէջ տեղի ունեցած արտակրթական գործունէութիւններուն, ինչպէս՝ պարերուն եւ մարզական խաղերուն։

Գործ ընտրել

11. Երբ գործի վերաբերեալ որոշում պիտի կայացնենք, նախ ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնենք։

11 Աստուածաշունչի սկզբունքները հասունութեամբ կիրարկելը մեզի կ’օգնէ որ ‘մեր ընտանիքին հոգ տանելու’ պարտաւորութիւնը կատարելու կերպին առնչութեամբ որոշումներ կայացնենք։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Նա՛խ նկատի պէտք է առնենք գործին բնոյթը՝ թէ մեզմէ ի՛նչ կը պահանջուի որ ընենք։ Որոշապէս սխալ է ընտրել գործ մը, որ յառաջ կը մղէ Աստուածաշունչի ուղղակի դատապարտած մէկ բանը։ Ուստի ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը մերժեն այն գործերը, որոնք կը պարփակեն կռապաշտութիւն, գողութիւն, արիւնի սխալ գործածութիւն կամ այլ անաստուածաշնչական սովորութիւններ։ Իսկ նոյնիսկ եթէ գործատէրը պահանջէ, մենք չենք ստեր ու չենք խարդախեր։—Գործք 15։29. Յայտնութիւն 21։8

12, 13. Գործի բնոյթէն զատ, ո՞ր ազդակները կարեւոր են գործի վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու համար։

12 Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ գործը ինքնին աստուածային որոշ պահանջ մը չի բեկաներ։ Ճշմարտութեան գիտութեան մէջ աճելով եւ մեր ըմբռնողութիւնը բարելաւելով, կը սկսինք նկատի առնուելիք այլ ազդակներ զատորոշել։ Արդեօք գործին պատճառով անաստուածաշնչական բան մը պիտի ընե՞նք, ինչպէս՝ բախտախաղի հաստատութեան մը մէջ հեռախօսի պատասխանել։ Ուստի վճարման աղբիւրը եւ գործին վայրը կարեւոր ազդակներ են։ Օրինակ, իր հաշւոյն աշխատող յանձնառու Քրիստոնեան կ’ընդունի՞ գործ մը, որ կը պարփակէ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէկ եկեղեցին ներկել, սուտ կրօնքը յառաջացնելով։—Բ. Կորնթացիս 6։14-16

13 Իսկ եթէ միայն մէկ առիթով մեր գործատէրը կ’ընդունի սուտ պաշտամունքի վայր մը ներկել, այս պարագային նկատի առնելու ենք թէ ի՛նչ տարողութեամբ հեղինակութիւն ունինք կատարուելիք աշխատանքին վրայ եւ ո՛ր աստիճան անոր մէջ բաժին պիտի բերենք։ Ի՞նչ կրնանք ըսել վաւերական սպասարկութիւն մը կատարելու մասին, ինչպէս՝ շրջանի մը մէջ նամակ բաշխել, ի ներառեալ սխալ սովորութիւններ քաջալերող վայրերը։ Մատթէոս 5։45–ի մէջ նշուած սկզբունքը կայացուելիք որոշումին պէտք չէ՞ ազդէ։ Միւս կողմէ, պէտք չէ անտեսենք թէ որոշ գործ մը շարունակաբար կատարելը ի՛նչպէս մեր խղճմտանքին կ’ազդէ։ (Եբրայեցիս 13։18) Արդարեւ, գործի վերաբերեալ հասուն որոշումներ կայացնելու մեր պատասխանատուութեան բեռը կրելը կը պահանջէ որ մեր ըմբռնողութիւնը սրենք ու մեր աստուածատուր խղճմտանքը մարզենք։

«Զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ»

14. Որոշումներ կայացնելու ատեն, ի՞նչ պէտք է ընենք։

14 Երբ որեւէ որոշում կայացնելու ենք, ինչպէս՝ ուսման, բժշկական դարմանման կամ այլ հարցերու վերաբերեալ, նա՛խ Աստուածաշունչի յարակից սկզբունքները պէտք է ստուգենք, ապա զանոնք կիրարկելու համար մեր մտային կարողութիւնները գործածենք։ Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը ըսաւ. «Տէրո՛ջ վստահէ ամբողջ սիրտովդ, ու քու խելքիդ մի՛ ապաւինիր. զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, եւ ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ»։—Առակաց 3։5, 6, ԱՎ

15. Որոշումներ կայացնելու նկատմամբ առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ի՞նչ կը սորվինք։

15 Նաեւ ի մտի պէտք է ունենանք թէ մեր ըրած ընտրութիւնները յաճախ կ’ազդեն ուրիշներու։ Օրինակ, առաջին դարու Քրիստոնեաները այլեւս Մովսիսական Օրէնքի շատ մը սննդառական արգելքներուն ներքեւ չէին եւ կրնային անմաքուր նկատուած որոշ ուտելիքներ ուտել։ Սակայն Պօղոս առաքեալ գրեց անասունի միսին մասին, որ թերեւս կապ ունէր կռատան հետ. «Եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։11-13) Նախկին Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ուրիշներու խղճմտանքին հանդէպ նկատառու ըլլան, որպէսզի զանոնք չգայթակղեցնեն։ Մեր որոշումները մեզ «գայթակղութեան պատճառ» պէտք չէ դարձնեն։—Ա. Կորնթացիս 10։29, 32

Աստուածային իմաստութիւն փնտռէ

16. Աղօթքը ի՞նչպէս կ’օգնէ որոշումներ կայացնելու։

16 Որոշումներ կայացնելու համար, աղօթքը անգին օգնական մըն է։ Յակոբոս աշակերտ կ’ըսէ. «Եթէ իմաստութիւն կը պակսի ձեզմէ մէկուն, թող խնդրէ Աստուծմէ՝ որ բոլորին կու տայ առատապէս՝ առանց կշտամբելու, եւ պիտի տրուի անոր»։ (Յակոբու 1։5, ԱՎ) Վստահութեամբ կրնանք Եհովայի աղօթել եւ խնդրել որ շիտակ որոշում կայացնելու համար հարկ եղած իմաստութիւնը տայ։ Մինչ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ մեր մտահոգութիւններուն մասին կը խօսինք եւ իր առաջնորդութիւնը կը խնդրենք, սուրբ հոգին կրնայ մեր միտքը բերել մեր անտեսած համարները եւ օգնել մեր նկատի առած համարները աւելի լաւ հասկնալու։

17. Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան օգնել որ որոշումներ կայացնենք։

17 Ուրիշներ կրնա՞ն որոշումներ կայացնելու մէջ մեզի օգնել։ Այո՛, Եհովա ժողովքին մէջ հասուն անհատներ հայթայթած է։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Կրնանք անոնց դիմել, մանաւանդ եթէ մեծ որոշում մը պիտի կայացնենք։ Հոգեւոր խորատեսութիւն եւ կեանքի մէջ փորձառութիւն ունեցող անհատները կրնան մեր ուշադրութեան յանձնել աստուածային այլ սկզբունքներ, որոնք կրնան մեր որոշումին ազդել եւ մեզի օգնել ‘լաւ բաները ընտրելու’։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք որ թոյլ չտանք ուրիշներու որ մեր տեղը որոշումներ կայացնեն։ Պատասխանատուութեան բեռը մե՛նք կրելու ենք։

Արդիւնքը մի՞շտ լաւ է

18. Լաւ որոշումի մը արդիւնքին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։

18 Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ հաստատօրէն հիմնուած եւ խղճմտօրէն կայացուած որոշումները մի՞շտ լաւ արդիւնք կու տան։ Ի վերջոյ, այո՛։ Սակայն երբեմն սկիզբի արդիւնքը կրնայ տհաճ ըլլալ։ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով գիտէին թէ հսկայ արձանը չպաշտելու իրենց որոշումին հետեւանքը կրնար մահ ըլլալ։ (Դանիէլ 3։16-19) Նմանապէս, առաքեալները Սենետրիոնին ըսելէ ետք թէ Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդիլ՝ փոխանակ մարդոց, անոնք ծեծուեցան, ապա ազատ արձակուեցան։ (Գործք 5։27-29, 40) Ասկէ զատ, «ժամանակ ու դիպուած» կրնան աննպաստ կերպով ազդել որեւէ որոշումի արդիւնքին։ (Ժողովողի 9։11) Եթէ շիտակ որոշում կայացնելէ ետք կերպով մը տառապինք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեզի պիտի օգնէ տոկալու եւ ի վերջոյ մեզ պիտի օրհնէ։—Բ. Կորնթացիս 4։7

19. Ի՞նչպէս կրնանք քաջաբար կրել որոշումներ կայացնելու մեր պատասխանատուութեան բեռը։

19 Արդ, որոշումներ կայացնելու ատեն, աստուածաշնչական սկզբունքներ պէտք է փնտռենք ու զանոնք կիրարկելու համար մեր մտային կարողութիւնը գործածենք։ Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ Եհովայի հայթայթած օգնութեան համար, իր սուրբ հոգիին ու ժողովքի հասուն անդամներուն միջոցով։ Այսպիսի առաջնորդութիւն եւ հայթայթումներ ունենալով, թող քաջաբար կրենք իմաստուն որոշումներ կայացնելու մեր պատասխանատուութեան բեռը։

Ի՞նչ սորվեցար

• Լաւ որոշումներ կայացնելու գլխաւոր պահանջը ի՞նչ է։

• Ընկերակիցներ ընտրելու մէջ ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ հասունութեան դիմելը։

• Գործի վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու ատեն, ի՞նչ կարեւոր ազդակներ նկատի պէտք է առնենք։

• Որոշումներ կայացնելու համար ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։

[Նկար՝ էջ 10]

Ադամի ու Եւայի անհնազանդութենէն կենսական դաս մը կը սորվինք

[Նկար՝ էջ 12]

Կարեւոր որոշում մը կայացնելէ առաջ, աստուածային սկզբունքներ փնտռէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել