Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Մարտ էջ 13-17
  • Հաւատքով իմաստուն որոշումներ առ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հաւատքով իմաստուն որոշումներ առ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԲՈԼՈՐՍ ՊԷՏՔ Է ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵՆՔ
  • ՊԷ՞ՏՔ Է ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԵՐ ՏԵՂԸ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵՆ
  • ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԴ ԻՇԽԵՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒԴ ՎՐԱՅ
  • Ե՞ՐԲ ԼԱՒ Կ’ԸԼԼԱՅ ՈՐ ՄԻՏՔԴ ՓՈԽԵՍ
  • ՈՐՈՇԱԾԴ ԸՐԷ
  • Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ի՛նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Իմաստութեամբ անձնական որոշումներ կայացուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Մարտ էջ 13-17
Եհովայէն եկած կրակը կ’այրէ Եղիային ողջակէզը

Հաւատքով իմաստուն որոշումներ առ

«Հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի» (ՅԱԿ. 1։6)։

ԵՐԳԵՐ. 81, 70

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Որոշումներ առնելը ինչո՞ւ լաւ է։

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ ուրիշներ մեր տեղը որոշումներ առնեն։

  • Ատեններ թերեւս ինչո՞ւ լաւ կ’ըլլայ որ մեր առած որոշումը փոխենք։

1. Կայէն ինչո՞ւ սխալ որոշում առաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

ԿԱՅԷՆ կարեւոր որոշումի մը առջեւ էր. իր մեղաւոր զգացումները զսպել, կամ ձգել որ իր զգացումները իշխեն իր արարքներուն վրայ։ Երկու որոշումներն ալ ունէին հետեւանքներ, որոնք իր մնացեալ կեանքին պիտի ազդէին։ Ինչպէս որ գիտես, Կայէն սխալ որոշումը առաւ, եւ այս պատճառով իր եղբայրը Աբէլ մեռաւ եւ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութիւնը աւրուեցաւ (Ծն. 4։3-16)։

2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ լաւ որոշումներ առնենք։

2 Մենք ալ մեր կեանքին ընթացքին ընտրութիւններու եւ որոշումներու առջեւ կ’ըլլանք։ Կարգ մը որոշումներ շատ լուրջ կ’ըլլան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Սակայն, մեր առած որոշումներէն շատեր կրնան մեր կեանքին շա՜տ ազդել։ Երբ լաւ որոշումներ առնենք, աւելի քիչ խնդիրներ եւ աւելի խաղաղ կեանք մը կ’ունենանք։ Բայց երբ լաւ որոշումներ չառնենք, հաւանաբար մեր կեանքը խնդիրներով եւ յուսախաբութիւններով լեցուն ըլլայ (Առ. 14։8)։

3. ա) Ի՞նչ բանի հանդէպ պէտք է հաւատք ունենանք, որպէսզի իմաստուն որոշումներ առնենք։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Վստահաբար պէտք է Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենանք եւ վստահ ըլլանք, որ ան թէ՛ կ’ուզէ մեզի օգնել իմաստուն ըլլալու եւ թէ ասոր կարողութիւնը ունի։ Նաեւ պէտք է իր Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենանք եւ իր խրատներուն վստահինք (կարդա՛ Յակոբոս 1։5-8)։ Որքան աւելի մօտենանք իրեն եւ իր Խօսքը սիրենք, այնքան աւելի վստահ պիտի ըլլանք որ գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ինչ է։ Այսպիսով, սովորութիւն պիտի ունենանք որ Աստուծոյ Խօսքին դիմենք առաջ որ որոշումներ առնենք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք զարգացնել որոշումներ առնելու մեր կարողութիւնը։ Եւ արդեօք կա՞ն պարագաներ երբ պէտք է մեր առած որոշումը փոխենք։

ԲՈԼՈՐՍ ՊԷՏՔ Է ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵՆՔ

4. Ադամ ի՞նչ որոշում պէտք էր առնէր, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

4 Մարդիկ կարեւոր որոշումներու առջեւ եղած են մարդկային պատմութեան սկիզբէն։ Օրինակ, Ադամ պէտք էր որոշէր Եհովայի՞ն մտիկ ընել թէ՞ Եւային։ Ադամ որոշեց Եւային մտիկ ընել եւ ան զինք մղեց որ շատ տկար ընտրութիւն մը ընէ։ Ադամ սուղ գին վճարեց. ան Դրախտէն դուրս դրուեցաւ եւ ի վերջոյ մեռաւ։ Այսօր տակաւին կը չարչարուինք անոր սխալ որոշումին պատճառով։

5. Ինչո՞ւ պէտք է որոշումներ առնելու մեր կարողութիւնը գործածենք։

5 Ոմանք կը կարծեն որ կեանքը աւելի հաճելի կ’ըլլար, եթէ ստիպուած չըլլայինք որոշումներ առնել։ Դուն ալ այդպէս կը կարծե՞ս։ Մի՛ մոռնար որ Աստուած մարդիկը չստեղծեց ռոպոթներու պէս, որոնք չեն կրնար մտածել կամ որոշումներ առնել։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ իմաստուն որոշումներ առնել։ Եհովան կ’ուզէ որ որոշումներ առնենք, բայց ոչ թէ որպէսզի վնասուինք։ Տեսնենք թէ ասոր ի՛նչ փաստ կայ։

6, 7. Իսրայէլացիները ի՞նչ որոշում պէտք էր առնէին, եւ ինչո՞ւ դժուար էր որ իմաստուն որոշում մը առնէին (տե՛ս բացման նկարը)։

6 Երբ իսրայէլացիները սկսան ապրիլ Աւետեաց երկրին մէջ, անոնք պէտք էր որոշէին Եհովա՞ն պաշտել թէ՞ ուրիշ աստուածներու ծառայել (կարդա՛ Յեսու 24։15)։ Թերեւս կ’երեւի թէ ասիկա պարզ որոշում մըն էր, բայց իրականութեան մէջ իրենց որոշումին արդիւնքը կրնար մահ կամ կեանք ըլլալ։ Դատաւորներուն ժամանակ՝ իսրայէլացիները շարունակեցին իմաստուն չեղող որոշումներ առնել։ Անոնք Եհովային տեղ սուտ աստուածներ պաշտեցին (Դատ. 2։3, 11-23)։ Յետագային, Եղիա մարգարէին ատեն, Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք էր որոշէր Եհովայի՞ն ծառայել թէ՞ Բահաղին (Գ. Թագ. 18։21)։ Թերեւս մտածես որ ասիկա պարզ ընտրութիւն մըն էր, քանի որ Եհովային ծառայելը միշտ լաւագոյնն է։ Խելքը գլուխը անձ մը չ’ուզեր ծառայել չապրող աստուծոյ մը։ Բայց իսրայէլացիները ‘երկու մտքի վրայ կը կաղային’, եւ չէին կրնար որոշում մը առնել։ Եղիան իմաստուն գտնուելով զիրենք քաջալերեց որ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան պաշտեն։

7 Ինչո՞ւ այդ իսրայէլացիներուն համար դժուար էր որ իմաստուն որոշում մը առնէին։ Առաջին, անոնք Եհովային հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցուցած էին եւ չէին ուզեր իրեն մտիկ ընել։ Անոնք Եհովային չէին վստահեր եւ ժամանակ չէին տրամադրեր որ իր մասին կամ իր իմաստութեան մասին սորվին։ Եթէ ժամանակ տրամադրէին, իրենց սորվածը պիտի օգնէր որ իմաստուն որոշումներ առնէին (Սաղ. 25։12)։ Երկրորդ, անոնք ձգած էին որ ուրիշ ազգերէ մարդիկ ազդեն իրենց մտածելակերպին, եւ նոյնիսկ իրենց տեղ որոշումներ առնեն։ Այսպիսով, իսրայէլացիները սկսան այդ օտարներուն հետեւիլ եւ անոնց սուտ չաստուածները պաշտել։ Տարիներ առաջ, Եհովան զիրենք ասկէ զգուշացուցած էր (Ել. 23։2)։

ՊԷ՞ՏՔ Է ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԵՐ ՏԵՂԸ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵՆ

8. Իսրայէլացիներէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը սորվինք։

8 Իսրայէլացիներուն օրինակը մեզի կը սորվեցնէ որ ամէն մէկս իր որոշումը պէտք է առնէ, եւ եթէ կ’ուզենք իմաստուն որոշումներ առնել, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը գործածենք։ Գաղատացիս 6։5–ը մեզի կը յիշեցնէ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ Ուրիշին պէտք չէ տանք մեր տեղը որոշումներ առնելու պատասխանատուութիւնը։ Ընդհակառակը, անձնապէս պէտք է սորվինք թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչը ճիշդ է, եւ որոշենք ատիկա ընել։

9. Ինչո՞ւ վտանգաւոր է որ ուրիշներուն ձգենք որ մեր տեղը որոշումներ առնեն։

9 Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ ուրիշներուն թոյլ տանք, որ մեր տեղը որոշումներ առնեն։ Օրինակի համար, ե՛րբ անոնց ճնշումին տեղի տալով սխալ որոշում մը կ’առնենք (Առ. 1։10, 15)։ Ասիկա վտանգաւոր է։ Մեր պատասխանատուութիւնն է որ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ մարզուած մեր խիղճին հետեւինք։ Եթէ ուրիշներուն ձգենք որ մեր տեղը որոշումներ առնեն, ուրեմն որոշած ենք անոնց հետեւիլ։ Ճիշդ է որ ասիկա ալ որոշում մըն է, բայց հետեւանքը շատ գէշ է։

10. Պօղոս գաղատացիներուն ի՞նչ զգուշացում տուաւ։

10 Պօղոս առաքեալ գաղատացիներուն զգուշացում տուաւ, որ թոյլ չտան որ ուրիշները իրենց տեղը որոշումներ առնեն (կարդա՛ Գաղատացիս 4։17)։ Ժողովքին մէջ ոմանք կը փորձէին ուրիշներուն տեղը որոշումներ առնել, որպէսզի անոնք առաքեալներուն տեղ՝ իրենց հետեւին։ Անոնք իրենց չափը անցընելով, չյարգեցին իրենց եղբայրներուն իրաւունքը որ անձամբ որոշումներ առնեն։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել, մինչ անձամբ որոշումներ կ’առնեն։

11 Բոլորս կրնանք Պօղոսէն սորվիլ։ Ան յարգեց իր եղբայրներուն իրաւունքը, որ անձամբ որոշումներ առնեն (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։23)։ Այսօր, երէցները Պօղոսին պէս կը վարուին, երբ մէկու մը խրատ տալով կ’օգնեն որ անձնական որոշում մը առնէ։ Անոնք ամենայն սիրով Սուրբ Գիրքէն տեղեկութիւններ կու տան եղբայրներուն եւ քոյրերուն, բայց միեւնոյն ատեն ուշադիր կ’ըլլան որ անոնց թոյլ տան, որ անձամբ որոշումներ առնեն, քանի որ անոնք են որ իրենց որոշումին հետեւանքները պիտի կրեն։ Ուրեմն կը սորվինք որ կրնանք ուրիշներուն օգնել հասկնալու որ Սուրբ Գիրքը իրենց պարագային նկատմամբ ի՛նչ խրատներ կու տայ, բայց պէտք չէ մոռնանք որ անոնք իրենց անձնական որոշումները առնելու իրաւունքը եւ պատասխանատուութիւնը ունին։ Երբ անոնք իմաստուն որոշումներ առնեն, կ’օգտուին։ Յստակօրէն, բնա՛ւ պէտք չէ մտածենք որ կրնա՛նք եղբայրներուն եւ քոյրերուն տեղը որոշումներ առնել։

Քոյր մը երէցի մը կը ցուցնէ Առողջապահական խնամքի փոխանորդագիրը, երէցը կարգ մը տեղեկութիւններ նկատի կ’առնէ իրեն հետ եւ ետքը քոյրը կը լեցնէ զայն

Սիրալիր երէցները ուրիշներուն կ’օգնեն որ անձամբ որոշումներ առնեն (տե՛ս պարբերութիւն 11)

ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԴ ԻՇԽԵՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒԴ ՎՐԱՅ

12, 13. Ինչո՞ւ վտանգաւոր է որ որոշումներ առնենք երբ ջղայնացած կամ վհատած ենք։

12 Այս օրերուն, մարդիկ սովորաբար կ’ըսեն՝ «Սիրտիդ հետեւէ»։ Բայց ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը մեզի զգուշացում կու տայ, որ մեր որոշումները չառնենք մեր անկատար սրտին կամ զգացումներուն հիման վրայ (Առ. 28։26)։ Մեր սիրտին չենք կրնար վստահիլ, քանի որ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է» (Եր. 17։9)։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը օրինակներ կան որ կը ցուցնեն, թէ մեր անկատար սրտին հետեւիլը ի՛նչ ցաւալի արդիւնքներու կրնայ հասցնել (Եր. 3։17. 13։10. Գ. Թագ. 11։9)։ Լաւ, ի՞նչ կրնայ պատահիլ մեզի եթէ պարզապէս մեր սրտին հետեւինք։

13 Սիրտը կարեւոր է, քանի որ պատուէր տրուած է որ մեր ամբողջ սրտով սիրենք Եհովան եւ սիրենք մեր ընկերը մեր անձին պէս (Մատ. 22։37-39)։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Նախորդ պարբերութեան մէջ նշուած համարները կը ցուցնեն, թէ վտանգաւոր է թոյլ տալ որ մեր զգացումները իշխեն մեր մտածելակերպին եւ արարքներուն վրայ։ Օրինակ, ի՞նչ կը պատահի երբ որոշումներ առնենք ջղային վիճակի մէջ։ Թերեւս մեր անձնական փորձառութիւնով ասոր պատասխանը գիտենք (Առ. 14։17. 29։22)։ Կամ, որքանո՞վ իմաստուն որոշումներ կ’առնենք երբ վհատած ենք (Թւ. 32։6-12. Առ. 24։10)։ Պէտք է ձգենք որ Աստուծոյ օրէնքը առաջնորդէ մեր մտածելակերպը (Հռով. 7։25)։ Յստակ է թէ մեր զգացումները կրնան մեզ խաբել, երբ թոյլ տանք որ իշխեն մեր կարեւոր որոշումներուն վրայ։

Ե՞ՐԲ ԼԱՒ Կ’ԸԼԼԱՅ ՈՐ ՄԻՏՔԴ ՓՈԽԵՍ

14. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ ատեններ լաւ կ’ըլլայ որ մեր որոշումը փոխենք։

14 Պէտք է իմաստուն որոշումներ առնենք։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ ինչ ալ ըլլայ՝ պէտք չէ փոխենք մեր որոշումը։ Ատեններ, լաւ կ’ըլլայ որ նորէն նկատի առնենք մեր որոշումը եւ թերեւս զայն փոխենք։ Տես թէ Յովնանի ժամանակ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ նինուէցիներուն հետ. «Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ» (Յովն. 3։10)։ Երբ Եհովան տեսաւ թէ նինուէցիները զղջացին ու սկսան չարիք չգործել, իր որոշումը փոխեց։ Ասիկա ցուցուց թէ ան տրամաբանական, խոնարհ եւ կարեկից է։ Նոյնիսկ երբ Եհովան բարկացած է՝ ափեղցփեղ որոշումներ չ’առներ, ինչպէս որ շատեր կ’ընեն։

15. Ի՞նչ պատճառներով կրնայ ըլլալ որ մեր որոշումը փոխենք։

15 Ատեններ, լաւ կ’ըլլայ որ դարձեալ նկատի առնենք մեր որոշումը, օրինակ երբ պարագաները փոխուին։ Յիշէ թէ Եհովան ատեններ իր որոշումը փոխեց երբ պարագան փոխուեցաւ (Գ. Թագ. 21։20, 21, 27-29. Դ. Թագ. 20։1-5)։ Կամ ալ թերեւս նոր տեղեկութիւններ ստանանք եւ յարմար ըլլայ որ մեր որոշումը փոխենք։ Օրինակ, երբ Դաւիթ թագաւոր սխալ տեղեկութիւններ լսեց Սաւուղին թոռնիկին՝ Մեմփիբոսթէին մասին, որոշում մը առաւ։ Բայց ետքը՝ երբ ճիշդ տեղեկութիւններ ստացաւ, իր որոշումը փոխեց (Բ. Թագ. 16։3, 4. 19։24-29)։ Ատեններ, իմաստութիւն է որ մենք ալ նոյնը ընենք։

16. ա) Ի՞նչ բաներ կ’օգնեն իմաստուն որոշումներ առնելու։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է նորէն նկատի առնենք մեր տուած որոշումները, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

16 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ պէտք չէ աճապարենք երբ կարեւոր որոշումներ կ’առնենք (Առ. 21։5)։ Երբ ժամանակ տրամադրենք որ հարցը բոլոր կողմերէն քննենք, շատ հաւանաբար աւելի իմաստուն որոշում մը առնենք (Ա. Թես. 5։21)։ Ընտանիքին գլուխը պէտք է պրպտում ընէ Սուրբ Գիրքին եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ, առաջ որ որոշում մը առնէ, ինչպէս նաեւ նկատի առնէ ընտանիքին միւս անդամներուն կարծիքը։ Միտքդ բեր թէ Աստուած Աբրահամէն խնդրեց որ իր կնոջ մտիկ ընէ (Ծն. 21։9-12)։ Երէցներն ալ պէտք է ժամանակ տրամադրեն որ պրպտում ընեն։ Տրամաբանական եւ համեստ երէցները չեն վախնար որ ուրիշներուն յարգանքը կորսնցնեն, երբ իրենց գտած նոր տեղեկութիւնները ցուցնեն թէ յարմար է որ իրենց մտածելակերպը եւ որոշումը փոխեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ բոլորս իրենց պէս վարուինք, քանի որ ասիկա կ’օգնէ որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլայ (Գործք 6։1-4)։

ՈՐՈՇԱԾԴ ԸՐԷ

17. Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի որ յաջող որոշումներ առնենք։

17 Կարգ մը որոշումներ ուրիշներէ աւելի լուրջ են, եւ պէտք կ’ըլլայ որ աւելի մտածենք եւ աղօթենք ատոնց մասին, ինչ որ ժամանակ կ’առնէ։ Օրինակ, ոմանք ամուսնանալու կամ որո՛ւ հետ ամուսնանալու որոշումին առջեւ կ’ըլլան։ Ուրիշ լուրջ որոշում մըն է՝ ե՞րբ սկսիլ լիաժամ ծառայութեան։ Եթէ կ’ուզենք իմաստուն որոշումներ առնել, պէտք է վստահինք Եհովային, իր ցուցմունքները մտիկ ընենք եւ իր ուղղութեան հետեւինք (Առ. 1։5)։ Եհովան լաւագոյն խրատները տուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ուրեմն, լաւ կ’ըլլայ որ պրպտում ընենք եւ աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը խնդրենք։ Միտքդ պահէ թէ ան կրնայ մեզի տալ պէտք եղած յատկութիւնները, որպէսզի իր կամքին համաձայն եղող որոշումներ առնենք։ Երբ կարեւոր որոշումներու առջեւ ըլլաս, սովորութիւն դարձուր որ դուն քեզի հարցնես. ‘Այս որոշումը պիտի փաստէ՞ որ Եհովան կը սիրեմ։ Ատիկա ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի տա՞յ ընտանիքիս։ Եւ ատիկա պիտի ցուցնէ՞ թէ համբերող եւ ազնիւ եմ’։

18. Եհովան ինչո՞ւ կ’ակնկալէ որ անձամբ որոշումներ առնենք։

18 Եհովան մեզ չի ստիպեր որ զինք սիրենք եւ իրեն ծառայենք։ Ան մեզի ազատ կամք տուած է որ այդ որոշումը առնենք։ Ան կը յարգէ մեր իրաւունքը եւ պատասխանատուութիւնը, որ որոշենք թէ իրեն պիտի ծառայե՛նք կամ ոչ (Յես. 24։15. Ժող. 5։4)։ Բայց ան կ’ակնկալէ որ ընե՛նք ինչ որ որոշած ենք Սուրբ Գիրքին հիման վրայ։ Երբ հաւատք ունենանք Եհովային ուղղութիւններուն հանդէպ եւ գործադրենք այն սկզբունքները որ մեզի տուած է, պիտի կարենանք իմաստուն որոշումներ առնել եւ հաստատ մնալ մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ (Յակ. 1։5-8. 4։8)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել