Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ07 5/1 էջ 3
  • Ներկայ անգութ աշխարհը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայ անգութ աշխարհը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարդիկ ինչո՞ւ կ’ըսեն թէ Աստուած անգութ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Անգթութիւնը օրին մէկը վերջ պիտի գտնէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ամբողջ չարութեան ետին մէկը կա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
դ07 5/1 էջ 3

Ներկայ անգութ աշխարհը

ՄԱՐԻԱ՝ որ 64 տարեկան եւ առանձին ապրող կին մըն էր, իր տան մէջ սպաննուած գտնուեցաւ՝ ծեծուած եւ մետաղաթելով խեղդուած։

Զայրացած ամբոխ մը երեք ոստիկաններ ծեծեց, զիրենք ամբաստանելով թէ երկու անչափահասներ առեւանգած էին։ Ամբոխը երկու ոստիկաններու վրայ քարիւղ թափեց ու զանոնք հրկիզեց։ Երրորդ ոստիկանը կրցաւ իր օձիքը ազատել։

Անծանօթի մը ըրած հեռաձայնը սոսկալի բան մը յայտնաբերեց։ Պարտէզի մը մէջ երեւան հանուեցան արձակուրդի գացած չորս տղամարդոց դիակները։ Անոնց աչքերն ու ձեռքերը կապուած էին։ Դիազննութիւնը յայտնեց թէ անոնք ողջ–ողջ թաղուած էին։

Այս գազանային արարքները, անգթութեամբ ու վայրագութեամբ յատկանշուած վախնալիք շարժապատկերներէ առնուած տեսարաններ չեն։ Այս բոլոր տեղեկագրութիւնները իրական պատմութիւններ են, որոնք վերջերս Լատին Ամերիկեան երկրի մը մէջ գլխաւոր լուրեր էին։ Սակայն սոյն երկիրը բացառութիւն մը չի կազմեր։

Անգութ արարքները առօրեայ երեւոյթ դարձած են։ Անոնց մէկ մասն են՝ պայթումներ, ահաբեկչական գործողութիւններ, ոճիրներ, յարձակումներ, հրացանաձգութիւններ ու բռնաբարութիւններ։ Կրկին անգամ լրատուամիջոցները ուղղակի կը ներկայացնեն գազանային արարքներ, իսկ շատեր այլեւս չեն ցնցուիր այսպիսի անգթութիւն տեսնելով կամ լսելով։

Հաւանաբար հարց տաս. ‘Ներկայ աշխարհին ի՞նչ կը պատահի։ Ուրիշներու զգացումներուն հանդէպ նկատառութիւնը եւ կեանքի հանդէպ յարգանքը անհետացա՞ն’։ Ինչո՞ւ այսպիսի աշխարհի մը մէջ պէտք է ապրինք։

Այժմ նկատի առ Հէրրի անունով 69 տարեկան մարդ մը, որ խլիրդէ բռնուած է։ Իր կինը բազմադիմի կարծրախտէ կը տառապի, բայց դրացիներն ու բարեկամները իր օգնութեան փութացած են։ «Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ընէի եթէ անոնք մեզի չօգնէին», կ’ըսէ Հէրրի։ Ան կ’ապրի Գանատայի մէջ, ուր ուսումնասիրութիւն մը երեւան հանեց թէ տարեցներուն հոգ տանող անհատներուն աւելի քան 50 տոկոսը, իրենց ազգականը չեղող մէկու մը կ’օգնեն։ Անկասկած կը ճանչնաս անհատներ, որոնք ամէն օր ազնուութիւն ու բարեսրտութիւն կը ցուցաբերեն։ Արդարեւ մարդիկ գթասիրտ եւ ազնիւ ըլլալու ընդունակութիւն ունին, փոխանակ անգութ ըլլալու։

Արդ, ինչո՞ւ գազանային արարքներ տեղի կ’ունենան։ Ի՞նչ բան պատճառ կ’ըլլայ որ մարդիկ անգթութեամբ վարուին։ Ուրիշներու հետ անգթութեամբ վարուողները կրնա՞ն փոխուիլ։ Անգթութիւնը օրին մէկը վերջ պիտի գտնէ՞։ Եթէ այո՛, ի՞նչպէս եւ ե՞րբ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Train: CORDON PRESS

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել