Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Apr.
«Շատեր կը դաւանին Քրիստոնեաներ ըլլալ։ Քու կարծիքով, Քրիստոնեայ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ հոս։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 15։14–ը։] Այս յօդուածը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեայ մը ըլլալ դաւանելէն աւելին պահանջուած է»։ Էջ 26–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Այնպէս կը թուի թէ անգութ արարքները աւելի սովորական կը դառնան։ [Տեղական կամ պարբերաթերթէն օրինակ մը տուր։] Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ մարդիկ ի՛նչպէս այսքան անգութ կրնան ըլլալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ անգթութիւնը պիտի աւելնար։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը։] Այս պարբերաթերթը կը պատասխանէ սա հարցումին. ‘Անգթութիւնը օրին մէկը վերջ պիտի գտնէ՞’»։
May
«Ոմանք բարգաւաճ կեանք մը կը վարեն, մինչ միլիոնաւորներ աղքատութեան մէջ ընկղմած են։ Կը խորհի՞ս թէ պիտի գայ օր մը, երբ անհաւասարութիւնները պիտի վերանան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Սա համարը ցոյց կու տայ թէ Աստուած աղքատները ի՛նչպէս կը նկատէ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 22։24–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ աղքատներուն համար Աստուածաշունչի մատուցած յոյսը»։