Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Mar.
«Աշխարհի առաջնորդներէն շատեր շա՛տ հպարտ կը թուին ըլլալ։ Կը խորհի՞ս թէ այս կեցուածքը երկրի խաղաղութեան ու համերաշխութեան կը նպաստէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը հպարտութեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Առակաց 16։18–ն։] Այս յօդուածը կը բացատրէ խոնարհ ըլլալուն օգուտները»։ Էջ 20–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Գրեթէ ամէն օր մեր առողջութեան, մեր ընտանիքին ու մեր գործին վերաբերեալ հարցեր կը դիմագրաւենք։ Ո՞ւր կը խորհիս կրնանք վստահելի ու գործնական պատասխաններ գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը Բ. Տիմոթէոս 3։16–ի մէջ ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ շատ մը գործնական կերպերով օգտակար դառնալ»։
Apr.
«Աշխարհի շատ մը շրջաններուն մէջ, մարդիկ կը զգան թէ բարոյական չափանիշները անկում կը կրեն։ Ասիկա նկատա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ներկայիս մեր ականատես եղած վիճակները Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը կատարումն են։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։2-4–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ բարոյական անկում ի՛նչ կը նշանակէ եւ անիկա մարդկութիւնը ո՛ւր կ’առաջնորդէ»։