Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Նկատի ունենալով մեր բոլոր խնդիրները, կը խորհի՞ս թէ իսկական մտքի խաղաղութիւն ունենալը կարելի է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ապագայի նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած յոյսը նկատի առնելը շատերուն օգնած է։ [Կարդա՛ ներկայացնելիք յօդուածիդ մէջ նշուած կամ մէջբերուած համարներէն մէկը։] Այս պարբերաթերթը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին պատասխանը սա հարցումներուն՝ ուրկէ՞ եկած ենք, ի՞նչ է կեանքի նպատակը եւ ապագան ի՞նչ վերապահած է»։
Mar.
«Քու կարծիքովդ, նախապաշարումները անվնա՞ս են թէ վտանգաւոր են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը սա հետաքրքրական կէտը կը նշէ։ [Կարդա՛ Եսայի 65։11–ը։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ թէ նախապաշարումը Քրիստոնէութեան հետ ներդաշնա՛կ է կամ ոչ»։ Ներկայացուր 10–րդ էջի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Ամէն օր կը լսենք տառապանքի, հիւանդութեան ու մահուան մասին։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ օրին մէկը այս բոլորէն պիտի կարենա՛նք ազատուիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի այս համարը միլիոնաւոր մարդոց յոյս տուած է։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 3։16–ը։] Այս պարբերաթերթին բնաբանն է՝ ‘Յիսուսի մահը ի՛նչպէս կրնայ քեզ փրկել’»։
Apr.
«Կը խորհի՞ս թէ կ’ապրինք հոս նկարագրուած ժամանակաշրջանին մէջ։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-4, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Վերջին օրերով հետաքրքրուելու վաւերական պատճառ ունինք, քանի որ անոնց առկայութիւնը ցոյց կու տայ թէ երկրագունդը շուտով լաւ բաներ պիտի վայելէ։ Այս պարբերաթերթը ասիկա կը բացատրէ»։