Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Mar.
«Շատեր կը հաւատան թէ Յիսուս Աստուած է։ Հետաքրքրական է որ Յիսուսի աշակերտը՝ Պետրոս զինք բնորոշեց որպէս Աստուծոյ Որդին։ [Կարդա՛ Մատթէոս 16։16–ը։] Կը խորհի՞ս թէ կարելի է որ Յիսուս թէ՛ Աստուած եւ թէ Աստուծոյ Որդի ըլլայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Էջ 12-13–ի վրայ գտնուող յօդուածը այս հարցումը կը քննարկէ, Աստուածաշունչի տեսակէտը տալով»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Այս հանրածանօթ խօսքը Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգելուն կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ [Կարդա՛ Մատթէոս 4։4–ը։] Սակայն շատեր Աստուծոյ Խօսքը հասկնալը դժուար կը գտնեն։ Դուն ի՞նչ նկատած ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը գործնական թելադրութիւններ կը ներկայացնէ, որոնք կրնան քեզի օգնել Աստուածաշունչը հասկնալու»։
Apr.
«Շատեր կը ջանան երջանկութիւն ձեռք ձգել, բայց կը թուի թէ քիչեր կը գտնեն զայն։ Կը խորհի՞ս թէ այս ցանկին նշած բաները կրնան մարդոց օգնել աւելի ուրախ կեանք մը վարելու։ [Էջ 9–ի շրջանակը ցոյց տուր։ Ապա կարդա՛ նշուած համարներէն մէկը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ աստուածաշնչական խրատներ՝ իսկական երջանկութեան համար»։