Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Mar. 22
«Շատեր կը սիրեն լեռները՝ անոնց գեղեցկութիւն համար, բայց գիտէի՞ր թէ անոնք երկրագունդի վրայ կեանքը պահպանելու համար անհրաժեշտ են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ ինչո՛ւ լեռներուն կարիք ունինք եւ ներկայիս ի՛նչ կը պատահի անոնց։ Անիկա նաեւ կը յիշէ թէ Ստեղծիչը ի՛նչպէս պիտի փրկէ այս կարեւոր բնական հարստութիւնը»։ Կարդա՛ Սաղմոս 95։4–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Աշխարհի չորս կողմը մարդիկ Յիսուսի ուսուցումները կը գովաբանեն։ [Կարդա՛ մէջբերումը էջ 3–ի վրայ, պարբերութիւն 1։] Բայց կը խորհի՞ս թէ այդ ուսուցումները, ինչպէս այս համարին յիշածը, ներկայիս գործնական են։ [Կարդա՛ Մատթէոս 5։21, 22ա։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ Յիսուս ի՛նչ բաներ սորվեցուց եւ անոնցմէ ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ»։
Apr. 8
«Քու կարծիքով, ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ պատանեկութեան դժուար տարիներու ընթացքին խնդիրներէ խուսափին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եսայեայ 48։17, 18–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը կրնայ ծնողներուն օգնել որ իրենց զաւակներուն հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունենան եւ անոնց համար տրամաբանական սահմաններ դնեն»։