Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Mar. 22
«Նկատա՞ծ էք թէ ներկայիս շատեր քնանալու դժուարութիւն ունին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Անձկութիւնը կամ մտատանջութիւնը կրնայ անոր մէկ պատճառը ըլլալ։ [Կարդալ՝ Ժողովողի 5։12] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ քնատութեան կարգ մը պատճառները, եւ մեր քնանալու սովորութիւնները բարելաւելու համար օգտակար թելադրութիւններ կու տայ»։
Դիտարան Ապրիլ 1
«Կը խորհի՞ք թէ Յիսուսի ուսուցումները մեր ժամանակներուն համար գործնական են։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Անկասկած պիտի համաձայնիք այս պատուէրին հետ, որ Յիսուս տուաւ իր կեանքին վերջին օրը։ [Կարդալ՝ Յովհաննու 15։12] Յիսուս արժէքաւոր այլ դասեր ալ սորվեցուց այդ օրը։ Դիտարան–ի այս թիւը ցոյց կու տայ թէ անոնցմէ ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ»։
Awake! Apr. 8
«Ցաւալի չէ՞ որ բազմաթիւ մատղաշ կեանքեր կը փճանան թմրեցուցիչի պատճառաւ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Յաճախ խնդիրները կը սկսին, երբ դեռատիներ կ’ընկերակցին վատ անհատներու հետ։ [Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 15։33] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչ բան պատճառ կ’ըլլայ որ դեռատիներ թմրեցուցիչ գործածեն եւ ծնողները ի՛նչ կրնան ընել զանոնք պաշտպանելու համար»։